Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Իրարու ներեցէք’

‘Իրարու ներեցէք’

‘Իրարու ներեցէք’

ԿԸ ՀԱՒԱՏԱ՞Ք որ Աստուած ձեր մեղքերը ներած է։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, այնպէս կը թուի թէ չափահասներուն մեծամասնութիւնը ասոր կը հաւատայ։ Միշիկընի Ընկերային Հետազօտութեան Հաստատութեան Համալսարանին մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը գլխաւոր հեղինակը՝ Տոքթ. Լորըն Թուսսէն, կը տեղեկագրէ թէ փորձագիտանքին մասնակցող 1,423 Ամերիկացիներուն, 45 տարեկանէն վեր եղողներուն շուրջ 80 տոկոսը ըսաւ թէ Աստուած իրենց մեղքերը ներած է։

Սակայն, հետաքրքրական է որ փորձագիտանքին մասնակցողներուն միայն 57 տոկոսը ըսաւ թէ իրենք ուրիշներուն կը ներեն։ Այս վիճակագրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի խօսքերը Լերան Քարոզին մէջ. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։ (Մատթէոս 6։14, 15) Այո, Աստուած մեր մեղքերը կը ներէ, պայմանաւ որ մենք ուրիշներուն ներենք։

Պօղոս առաքեալ Կողոսայի Քրիստոնեաներուն վերյիշեցուց այս սկզբունքը։ Զանոնք յորդորեց, ըսելով. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս [«Եհովա», ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք»։ (Կողոսացիս 3։13) Ճիշդ է որ ասիկա ընելը միշտ դիւրին չէ։ Օրինակ, երբ անհատ մը ձեր մասին անմիտ կամ անազնիւ խօսքեր խօսի, այդ անձին ներելը կրնայ դժուար ըլլալ։

Այսուհանդերձ, ներում շնորհելուն օգուտները շատ են։ Ընկերաբան Տոքթ. Տէյվիտ Ռ. Ուիլիըմզ, իր հետազօտութեան նկատմամբ ըսաւ. «Ուրիշներուն ներելուն եւ մտային առողջութեան միջեւ յատկապէս սերտ յարաբերութիւն մը գտանք, միջին տարիքի եւ տարեց Ամերիկացիներուն մէջ»։ Ասիկա ներդաշնակ է իմաստուն Սողոմոն Թագաւորին խօսքերուն հետ, որ շուրջ 3,000 տարի առաջ գրեց. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է»։ (Առակաց 14։30) Քանի որ ներումի հոգի մը Աստուծոյ ու մեր դրացիին հետ լաւ յարաբերութիւններու կը նպաստէ, ասիկա վաւերական պատճառ է որ հակումը ունենանք իրարու սրտանց ներելու։—Մատթէոս 18։35