Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեծ Ուսուցիչը ընդօրինակենք

Մեծ Ուսուցիչը ընդօրինակենք

Մեծ Ուսուցիչը ընդօրինակենք

«Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։19, 20

1, 2. (ա) Ի՞նչպէս բոլորս ալ առումով մը ուսուցիչներ ենք։ (բ) Ուսուցանելու նկատմամբ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ յատուկ պատասխանատուութիւն մը ունին։

ՈՒՍՈՒՑԻ՞Չ մըն էք։ Առումով մը, բոլորս ալ ուսուցիչներ ենք։ Ամէն անգամ որ մոլորած ճամբորդի մը ուղղութիւններ կու տաք, գործակիցի մը որոշ գործ մը ընելու կերպը ցոյց կու տաք, կամ երախայի մը իր կօշիկին կապերը կապելը կը բացատրէք, դուք կը սորվեցնէք։ Ուրիշներուն այս կերպերով օգնելը որոշ գոհունակութիւն կու տայ, այդպէս չէ՞։

2 Ուսուցումի նկատմամբ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները յատուկ պատասխանատուութիւն մը ունին։ Մեզի յանձնարարութիւն տրուած է որ ‘ազգերը աշակերտենք, անոնց սորվեցնելով’։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ժողովքին մէջ ալ ուսուցանելու պատեհութիւն ունինք։ Որակելի անհատներ կը նշանակուին որպէս «հովիւ եւ ուսուցանող» ծառայելու, ժողովքին շինութեանը համար։ (Եփեսացիս 4։11-13, Անթիլիաս) Իրենց քրիստոնէական առօրեայ գործունէութիւններուն մէջ, հասուն կիներ երիտասարդ կիներուն «բարի բաներ ուսուցանողներ» պէտք է ըլլան։ (Տիտոս 2։3-5, ՆԱ) Բոլորիս յորդոր տրուած է որ հաւատակիցները քաջալերենք, եւ կրնանք այդ յորդորին անսալ, Աստուածաշունչը գործածելով ուրիշները կերտելու համար։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11) Ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչը ըլլալ եւ հոգեւոր արժէքներ բաժնել, որոնք կրնան մնայուն օգուտներ բերել։

3. Ի՞նչպէս կրնանք որպէս ուսուցիչներ մեր ազդուութիւնը բարելաւել։

3 Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք որպէս ուսուցիչներ մեր ազդուութիւնը բարելաւել։ Գլխաւորաբար, Մեծ Ուսուցիչը՝ Յիսուսը ընդօրինակելով։ Ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Բայց ի՞նչպէս կրնամ Յիսուսը ընդօրինակել։ Ան կատարեալ էր’։ Ճիշդ է որ չենք կրնար կատարեալ ուսուցիչներ ըլլալ։ Այսուհանդերձ, ի՛նչ կարողութիւններ ալ ունենանք, կրնանք մեր լաւագոյնը ընել Յիսուսի ուսուցանած կերպը ընդօրինակելու համար։ Այժմ նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք իր մեթոտներէն չորս հատը գործածել. պարզութիւն, ազդու հարցումներ, տրամաբանական պատճառաբանութիւն եւ յարմար օրինակներ։

Պարզութեամբ Ուսուցանել

4, 5. (ա) Ինչո՞ւ պարզութիւնը Աստուածաշունչի ճշմարտութեան կարեւոր մէկ երեսակն է։ (բ) Պարզութեամբ սորվեցնելու համար, ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր բառամթերքին ուշադրութիւն ընենք։

4 Աստուծոյ Խօսքին հիմնական ճշմարտութիւնները խրթին չեն։ Աղօթքի մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, . . . որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր»։ (Մատթէոս 11։25) Եհովա պատճառ եղած է որ իր նպատակները յայտնուին անկեղծ ու խոնարհ սիրտ ունեցողներուն։ (Ա. Կորնթացիս 1։26-28) Ուստի, պարզութիւնը Աստուածաշունչի ճշմարտութեան կարեւոր մէկ երեսակն է։

5 Երբ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք կամ հետաքրքրուած անհատի մը կը վերայցելէք, ի՞նչպէս կրնաք պարզութեամբ սորվեցնել։ Լաւ, ի՞նչ սորվեցանք Մեծ Ուսուցիչէն։ Իր ունկնդիրներուն սրտին հասնելու համար, որոնցմէ շատեր «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» էին, Յիսուս պարզ լեզու գործածեց, զոր կրնային ըմբռնել։ (Գործք 4։13) Ուստի, պարզութեամբ սորվեցնելու համար, առաջին պահանջն է մեր բառամթերքին ուշադրութիւն ընել։ Պէտք չունինք փքուն բառեր կամ արտայայտութիւններ գործածելու, Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը ուրիշներուն աւելի համոզիչ դարձնելու համար։ Այսպիսի ‘խօսքի գերազանցութիւն’ կրնայ վախցնել, յատկապէս սահմանափակ ուսում կամ կարողութիւն ունեցողները։ (Ա. Կորնթացիս 2։1, 2) Յիսուսի օրինակը ցոյց կու տայ թէ ուշադրութեամբ ընտրուած պարզ բառեր կրնան շատ զօրութեամբ ճշմարտութիւնը հաղորդել։

6. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտ մը շատ տեղեկութիւններով չողողել։

6 Պարզութեամբ սորվեցնելու համար, ուշադիր պէտք է ըլլանք նաեւ որ Աստուածաշունչի աշակերտը շատ տեղեկութիւններով չողողենք։ Յիսուս իր աշակերտներուն սահմանափակումներուն նկատմամբ նկատառու էր։ (Յովհաննու 16։12) Մենք ալ պէտք է աշակերտին սահմանափակումները ի մտի ունենանք։ Օրինակ, երբ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքէն ուսումնասիրութիւն մը կը վարենք, պէտք չունինք իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն բացատրելու։ * Ո՛չ ալ անհրաժեշտ է արագօրէն տեղեկութիւններուն վրայէն անցնիլ, որպէս թէ ամենէն կարեւոր բանը որոշ քանակ մը ծածկելը ըլլար։ Փոխարէն, խոհեմութիւն է թոյլ տալ որ աշակերտին կարիքներն ու կարողութիւնները որոշեն ուսումնասիրութեան արագութիւնը։ Մեր նպատակակէտն է աշակերտին օգնել որ Քրիստոսի աշակերտ մը եւ Եհովայի երկրպագու մը ըլլայ։ Պէտք է անհրաժեշտ եղածին չափ ժամանակ տրամադրենք հետաքրքրուած աշակերտին օգնելու, որ իր սորված բաները յստակօրէն ըմբռնէ։ Այսպիսով, ճշմարտութիւնը կրնայ անոր սրտին դպչիլ եւ զինք մղել որ գործի լծուի։—Հռովմայեցիս 12։2

7. Ի՞նչ թելադրութիւններ կրնան մեզի օգնել պարզութեամբ սորվեցնելու, երբ ժողովքին մէջ դասախօսութիւններ կու տանք։

7 Երբ ժողովքին մէջ դասախօսութիւններ կը ներկայացնենք, մանաւանդ եթէ ներկաներուն մէջ նորեկներ կան, ի՞նչպէս կրնանք «բացայայտ խօսք»եր խօսիլ։ (Ա. Կորնթացիս 14։9) Նկատի առէք երեք օգտակար թելադրութիւններ։ Նախ՝ բացատրեցէք որեւէ անծանօթ արտայայտութիւն, որ պիտի գործածէք։ Աստուծոյ Խօսքին վերաբերեալ մեր հասկացողութիւնը, մեզի մասնայատուկ բառամթերք մը տուած է։ Եթէ պիտի գործածենք արտայայտութիւններ ինչպէս՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ», «ուրիշ ոչխարներ» եւ «Մեծն Բաբելոն», թերեւս հարկ ըլլայ զանոնք բացատրել պարզ բառերով, որպէսզի իմաստը յստակ ըլլայ։ Երկրորդ՝ շատախօսութենէ խուսափեցէք։ Բարդ կերպով արտայայտուիլը ու շատ բառեր գործածելը կրնան ներկաները մտացիր ընել։ Անհրաժեշտ չեղող բառերն ու արտայայտութիւնները վերցնելով յստակութիւնը կ’իրագործուի։ Երրորդ՝ մի՛ ջանաք շատ տեղեկութիւններ նկատի առնել։ Մեր պրպտումով կրնանք բազմաթիւ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ձեռք ձգել։ Սակայն, լաւագոյն բանն է տեղեկութիւնները դասաւորել քանի մը գլխաւոր կէտերու ներքեւ, գործածելով միայն անոնց թիկունք կանգնող տեղեկութիւնները, այնպէս որ յստակօրէն զարգացուին յատկացուած ժամանակին մէջ։

Հարցումներու Ազդու Գործածութիւնը

8, 9. Ի՞նչպէս կրնանք տանտիրոջ հետաքրքրութեան յարմարող հարցում մը ընտրել։ Օրինակներ տուէք։

8 Յիշեցէք թէ Յիսուս հմտօրէն հարցումներ գործածեց, որպէսզի իր աշակերտները մղէ իրենց մտքին մէջինը արտայայտելու, եւ անոնց միտքը գրգռէ ու մարզէ։ Իր հարցումներով, Յիսուս փափկութեամբ անոնց սրտին հասաւ։ (Մատթէոս 16։13, 15. Յովհաննու 11։26) Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի նման, ազդու կերպով հարցումներ գործածել։

9 Երբ տունէ տուն կը քարոզենք, կրնանք հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար հարցումներ գործածել, ճամբան հարթելով որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսինք։ Ի՞նչպէս կրնանք տանտիրոջ հետաքրքրութիւններուն յարմարող հարցում մը ընտրել։ Նկատող եղէք։ Երբ տան մը կը մօտենաք, ակնարկ մը նետեցէք շրջապատին վրայ։ Բակին մէջ խաղալիքներ կա՞ն, ցոյց տալով թէ տան մէջ երախաներ կան։ Եթէ այո, կրնանք հարցնել՝ ‘Բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ երբ ձեր զաւակները մեծնան, ի՛նչպիսի աշխարհի մը մէջ պիտի ապրին’։ (Սաղմոս 37։10, 11) Դրան վրայ կղպանքներ կա՞ն, կամ՝ ապահովութեան սարք մը կա՞յ։ Կրնանք հարցնել՝ ‘Կը խորհի՞ք թէ ժամանակ պիտի գայ, երբ ձեզի ու ինծի պէս մարդիկ իրենց տան մէջ եւ փողոցը ապահով պիտի զգան’։ (Միքիայ 4։3, 4) Հաշմակառքի յատուկ անցք մը կա՞յ։ Կրնանք հարցնել՝ ‘Պիտի գա՞յ ժամանակ մը, երբ ամէն ոք լաւ առողջութիւն պիտի վայելէ’։ (Եսայեայ 33։24) Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքին մէջ բազմաթիւ թելադրութիւններ կրնաք գտնել։ *

10. Ի՞նչպէս կրնանք հարցումներ գործածել Աստուածաշունչի աշակերտին սրտին մտածումներն ու զգացումները ‘դուրս հանելու’ համար, սակայն ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։

10 Ի՞նչպէս կրնանք հարցումները ազդու կերպով գործածել, երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք։ Մենք Յիսուսի նման չենք կրնար սրտերը կարդալ։ Այսուհանդերձ, փափկանկատ բայց խորաթափանց հարցումներ կրնան մեզի օգնել որ աշակերտին սրտին մտածումներն ու զգացումները ‘դուրս հանենք’։ (Առակաց 20։5) Օրինակ, ենթադրենք որ կ’ուսումնասիրենք Գիտութիւն գրքին «Բարեպաշտ Կեանք մը Վարելը Ինչո՛ւ կը Նպաստէ Ուրախութեան» գլուխը։ Անիկա պարկեշտութեան, պոռնկութեան եւ այլ հարցերու շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը կը քննարկէ։ Աշակերտը կրնայ տպուած հարցումներուն շիտակ կերպով պատասխանել, սակայն, իր սորվածին հետ համաձա՞յն է։ Կրնանք հարցնել՝ ‘Այսպիսի հարցերու շուրջ Եհովայի տեսակէտը քեզի համար տրամաբանակա՞ն է’։ ‘Ի՞նչպէս կրնաս սուրբ գրային այս սկզբունքները կեանքիդ մէջ կիրարկել’։ Սակայն, ի մտի ունեցէք թէ պէտք է յարգալից ըլլանք, աշակերտին արժանապատուութիւնը յարգելով։ Չենք ուզեր այնպիսի հարցումներ հարցնել, որոնք կրնան Աստուածաշունչի աշակերտը նեղի մատնել կամ նուաստացնել։—Առակաց 12։18

11. Հանրային դասախօսները ի՞նչ կերպերով կրնան հարցումները ազդու կերպով գործածել։

11 Հանրային դասախօսներն ալ կրնան ազդու կերպով հարցումներ գործածել։ Հռետորական հարցումները՝ հարցումներ որոնց համար մեր ունկնդիրներէն բարձրաձայն պատասխաններ չենք ակնկալեր, կրնան ներկաներուն օգնել որ մտածեն ու տրամաբանեն։ Յիսուս երբեմն այսպիսի հարցումներ գործածեց։ (Մատթէոս 11։7-9) Ասկէ զատ, բացման խօսքերէն ետք, դասախօս մը կրնայ հարցումներ հարցնել, նկատի առնուելիք գլխաւոր կէտերը ուրուագծելու համար։ Ան կրնայ ըսել՝ «Մեր դասախօսութեան մէջ, նկատի պիտի առնենք հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները . . . »։ Ապա, եզրափակութեան մէջ, ան կրնայ այդ հարցումներուն ակնարկել, գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ընելու համար։

12. Օրինակ մը տուէք, ցոյց տալու համար թէ Քրիստոնեայ երէցներ ի՛նչպէս կրնան հարցումներ գործածել, հաւատակիցի մը օգնելու որ Աստուծոյ Խօսքէն մխիթարութիւն ստանայ։

12 Իրենց հովուական գործին մէջ, Քրիստոնեայ երէցները կրնան հարցումներ գործածել, «վատասիրտներ»ուն օգնելու որ Եհովայի Խօսքէն մխիթարութիւն ստանան։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Օրինակ, վշտահար անհատի մը օգնելու համար, երէց մը կրնայ ուշադրութիւն հրաւիրել Սաղմոս 34։18–ի վրայ։ Անիկա կ’ըսէ. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ»։ Վստահ ըլլալու համար որ վհատ անհատը կը տեսնէ թէ այս համարը իր վրայ ի՛նչպէս կը կիրարկուի, երէցը կրնայ հարցնել՝ ‘Եհովան որո՞ւ մօտ է։ Երբեմն այն զգացումը կ’ունենա՞ս թէ «սիրտդ կոտրած է» եւ «հոգիով խոնարհած ես»։ Եթէ, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, Եհովա մօտ է այսպիսի անհատներու, ասիկա չի՞ նշանակեր թէ ան քեզի ալ մօտ է’։ Այսպիսի գորովալից երաշխիք մը կրնայ վհատ անհատի մը հոգին վերակենդանացնել։—Եսայեայ 57։15

Տրամաբանական Պատճառաբանութիւն

13, 14. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք պատճառաբանել անհատի մը հետ որ կ’ըսէ թէ անտեսանելի Աստուծոյ մը չի հաւատար։ (բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ ակնկալենք որ ամէն ոք համոզուի։

13 Մեր ծառայութեան մէջ, կ’ուզենք սրտերու հասնիլ, ողջամիտ ու համոզիչ պատճառաբանութեամբ։ (Գործք 19։8. 28։23, 24) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ պէտք է բարդ տրամաբանութիւն գործածենք, ուրիշները համոզելու համար Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան մասին։ Բնա՛ւ երբեք։ Ողջամիտ պատճառաբանութիւնը պէտք չունի խրթին ըլլալու։ Պարզ կերպով ներկայացուած տրամաբանական առարկութիւնները յաճախ շատ ազդու են։ Նկատի առէք օրինակ մը։

14 Ի՞նչպէս կրնանք հակազդել եթէ անհատ մը ըսէ թէ չի կրնար անտեսանելի Աստուծոյ մը հաւատալ։ Կրնանք իր հետ պատճառաբանել, բնութեան պատճառ եւ արդիւնք օրէնքը գործածելով։ Երբ արդիւնք մը կը տեսնենք, կ’ընդունինք թէ պատճառ մը կայ։ Կրնանք ըսել՝ ‘Եթէ ամայի շրջանի մը մէջ գտնուէիր եւ լաւ կառուցուած տան մը հանդիպէիր, որուն մէջ ուտելիք ամբարուած է (արդիւնք), իսկոյն պիտի ընդունէիր որ այդ տունը անձ մը (պատճառ) շինած է եւ անոր շտեմարանը ուտելիքով լեցուցած է։ Նոյնպէս, երբ կը տեսնենք բնութեան մէջ բացայայտ ծրագրումը եւ երկրի «շտեմարաններուն» մէջ ուտելիքի առատութիւնը (արդիւնք), տրամաբանական չէ՞ ընդունիլ թէ Անձ մը (պատճառ) պատասխանատու է’։ Աստուածաշունչը այս իրողութիւնը յստակօրէն կը նշէ. «Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է»։ (Եբրայեցիս 3։4) Սակայն, մեր պատճառաբանութիւնը որքան ալ զօրեղ ըլլայ, ամէն ոք պիտի չհամոզուի։ Աստուածաշունչը մեզի կը վերյիշեցնէ թէ միայն «լաւ տրամադրուած» անհատներն են որ հաւատացեալներ պիտի ըլլան։—Գործք 13։48, ՆԱ. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2

15. Պատճառաբանութեան ի՞նչ եզր կրնանք գործածել, Եհովայի յատկութիւններն ու ճամբաները ցցուն դարձնելու համար, եւ ո՞ր երկու օրինակները ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս կրնանք այսպիսի պատճառաբանութիւն գործածել։

15 Մեր ուսուցումին մէջ, ըլլայ դաշտի ծառայութեան կամ ժողովքին մէջ, կրնանք տրամաբանական պատճառաբանութիւն գործածել Եհովայի յատկութիւններն ու ճամբաները ցցուն դարձնելու համար։ Յատկապէս ազդու է «որչափ աւելի» պատճառաբանութեան եզրը, որ Յիսուս երբեմն գործածեց։ (Ղուկաս 11։13. 12։24) Հակադրութեան վրայ հիմնուած այս պատճառաբանութիւնը կրնայ խոր տպաւորութիւն ձգել։ Դժոխքի կրակին վարդապետութեան անհեթեթութիւնը քօղազերծելու համար, կրնանք ըսել՝ ‘Ոչ մէկ սիրալիր հայր իր զաւակը պիտի պատժէր անոր ձեռքը կրակի մէջ դնելով։ Որչա՜փ աւելի մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը նողկալի պիտի նկատէր դժոխքի կրակի գաղափարը’։ (Երեմեայ 7։31) Սորվեցնելու համար թէ Եհովա իր իւրաքանչիւր ծառային հոգ կը տանի, կրնանք ըսել՝ ‘Եթէ Եհովա միլիառաւոր աստղերը իրենց անունով կը ճանչնայ, որչա՜փ աւելի ան կը հոգայ մարդոց, որոնք զինք կը սիրեն եւ իր Որդւոյն թանկարժէք արիւնով գնուած են’։ (Եսայեայ 40։26. Գործք 20։28) Այսպիսի համոզիչ պատճառաբանութիւն կրնայ մեզի օգնել որ ուրիշներու սրտին հասնինք։

Յարմար Օրինակներ

16. Օրինակները ինչո՞ւ արժէքաւոր են։

16 Ազդու օրինակները համեմ մըն են, որ կրնայ մեր ուսուցումին հանդէպ ուրիշներուն ախորժակը աւելի գրգռել։ Օրինակները ինչո՞ւ արժէքաւոր են։ Դաստիարակ մը ըսաւ. «Վերացականօրէն մտածելու կարողութիւնը մարդկային ամենէն դժուար իրագործումներէն մէկն է»։ Օրինակները մեր մտքին մէջ իմաստալից պատկերներ կը դրոշմեն, մեզի օգնելով որ նոր գաղափարները աւելի լիովին ըմբռնենք։ Յիսուս օրինակներ գործածելու մէջ աչքառու էր։ (Մարկոս 4։33, 34) Այժմ նկատի առնենք թէ ուսուցանելու այս մեթոտը ի՛նչպէս կրնանք գործածել։

17. Ի՞նչ չորս ազդակներ օրինակ մը ազդու կը դարձնեն։

17 Ի՞նչ բան օրինակը ազդու կը դարձնէ։ Նախ՝ անիկա պէտք է մեր ունկնդիրներուն յարմար ըլլայ, անոնց ծանօթ եղող պարագաներ օգտագործելով։ Կը յիշենք թէ Յիսուս իր օրինակներէն շատերը իր ունկնդիրներուն առօրեայէն քաղեց։ Երկրորդ՝ օրինակը խնդրոյ առարկայ կէտին պէտք է տրամաբանօրէն զուգահեռ ըլլայ։ Եթէ բաղդատութիւնը յարմար չէ, օրինակը կրնայ միայն ունկնդիրները մտացիր ընել։ Երրորդ՝ օրինակը պէտք չէ անտեղի մանրամասնութիւններով խճողուած ըլլայ։ Մտաբերեցէք թէ Յիսուս անհրաժեշտ մանրամասնութիւնները հայթայթեց, բայց անհրաժեշտ չեղողները զանց ըրաւ։ Չորրորդ՝ երբ օրինակ մը գործածենք, վստահ պէտք է ըլլանք թէ կիրարկումը յստակ է։ Այլապէս, ոմանք բուն կէտը կրնան չըմբռնել։

18. Ի՞նչպէս կրնանք յարմար օրինակներ գտնել։

18 Ի՞նչպէս կրնանք յարմար օրինակներ գտնել։ Պէտք չունինք երկար–բարակ պատմութիւններ յօրինելու։ Հակիրճ օրինակները կրնան շատ ազդու ըլլալ։ Պարզապէս փորձեցէք քննարկուած կէտէն մասին օրինակներ մէջտեղ բերել։ Օրինակ, ենթադրենք որ Աստուծոյ ներումին նիւթը նկատի կ’առնենք, եւ կ’ուզենք Գործք Առաքելոց 3։19–ի մէջ յիշուած կէտին համար օրինակ մը տալ, ուր կ’ըսէ թէ Եհովա մեր մեղքերը ‘կը ջնջէ’։ Ի՞նչ օրինակ կրնանք գործածել այս կէտը բացատրելու համար. ռետի՞ն մը, սպո՞ւնգ մը։ Կրնանք ըսել՝ ‘Երբ Եհովա մեր մեղքերը կը ներէ, զանոնք կը ջնջէ որպէս թէ սպունգով մը (կամ ռետինով մը)’։ Դժուար է այսպիսի պարզ օրինակի մը բուն միտքը չըմբռնել։

19, 20. (ա) Ո՞ւր կրնանք լաւ օրինակներ գտնել։ (բ) Մեր գրականութիւններուն մէջ հրատարակուած ազդու օրինակ մը նշեցէք։

19 Ո՞ւր կրնաք յարմար օրինակներ գտնել, ի ներառեալ իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ։ Զանոնք կրնաք գտնել ձեր անձնական կեանքին մէջ կամ հաւատակիցներուն այլազան ենթահողերուն կամ փորձառութիւններուն մէջ։ Օրինակները կրնան ընտրուիլ շատ մը այլ աղբիւրներէ, ի ներառեալ կենդանի ու անկենդան բաներ, տնային իրեր, կամ հանրածանօթ ընթացիկ դէպք։ Լաւ օրինակներ գտնելու բանալին արթուն ըլլալն է, ամէնօրեայ անցուդարձերը «զննելով»։ (Գործք 17։22, 23) Հանրային դասախօսութեան վերաբերեալ աշխատասիրութիւն մը կը բացատրէ. «Այն դասախօսը որ մարդկային կեանքը եւ անոր զանազան զբաղումները ուշադրութեամբ կը դիտէ, ամէն տեսակ մարդոց հետ կը խօսի, իրերը սերտօրէն կը զննէ եւ անոնց մասին հարցումներ կը հարցնէ, մինչեւ որ զանոնք հասկնայ, օրինակներու մեծ հաւաքածոյ մը պիտի ունենայ, որ իրեն շատ օգտակար պիտի ըլլայ երբ կարիքը ստեղծուի»։

20 Ազդու օրինակներու ուրիշ առատ աղբիւր մը կայ. Դիտարան, Զարթի՛ր, եւ այլ գրականութիւններ, հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։ Շատ բան կրնաք սորվիլ, նկատելով թէ այս գրականութիւնները ի՛նչպէս օրինակներ կը գործածեն։ * Օրինակ, նկատի առէք Գիտութիւն գրքին 17–րդ գլուխին 11–րդ պարբերութեան մէջ գործածուած օրինակը։ Անիկա ժողովքին մէջ անձնաւորութիւններու տարբերութիւնը կը բաղդատէ այլազան ինքնաշարժներու հետ, որոնք ձեզի հետ նոյն ճամբուն մէջ կը ճամբորդեն։ Ի՞նչ բան այս օրինակը ազդու կը դարձնէ։ Նկատի առէք թէ անիկա ամէնօրեայ վիճակներու վրայ հիմնուած է, սերտօրէն խնդրոյ առարկայ կէտին հետ զուգահեռ է, եւ կիրարկումը յստակ է։ Կրնանք մեր ուսուցումին մէջ հրատարակուած օրինակներ գործածել, թերեւս զանոնք յարմարցնելով Աստուածաշունչի աշակերտի մը կարիքներուն, կամ բարեփոխելով՝ դասախօսութեան մը մէջ գործածելու համար։

21. Աստուծոյ Խօսքին ազդու ուսուցանող մը ըլլալէն յառաջ եկող վարձատրութիւնները ի՞նչ են։

21 Ազդու ուսուցիչ մը ըլլալուն վարձատրութիւնները շատ են։ Երբ կը սորվեցնենք, ուրիշներու հետ բան մը կը բաժնենք. անոնց օգնելու համար մեր անձէն կու տանք։ Այս տալը ուրախութիւն կը բերէ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանողները կ’ուրախանան գիտնալով թէ իսկական ու մնայուն արժէք ունեցող բան մը կը հաղորդեն ուրիշներու. Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը։ Նաեւ կրնանք գոհունակութիւն ունենալ, գիտնալով թէ Մեծ Ուսուցիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը կ’ընդօրինակենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 9 Տես՝ «Դաշտի Ծառայութեան Մէջ Գործածուելիք Ներկայացումներ» բաժինը, էջ 9-15։—Հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 20 Օրինակներ գտնելու համար, տես՝ Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ՝ 1986-2000, «Օրինակներ» խորագրին ներքեւ։—Հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կը յիշէ՞ք

• Ի՞նչպէս կրնանք պարզութեամբ ուսուցանել, երբ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կը վարենք, եւ՝ երբ ժողովքին մէջ դասախօսութիւն մը կը ներկայացնենք։

• Երբ տունէ տուն կը քարոզենք, ի՞նչպէս կրնանք ազդու կերպով հարցումներ գործածել։

• Ի՞նչպէս կրնանք տրամաբանական պատճառաբանութիւն գործածել, Եհովայի յատկութիւններն ու ճամբաները ցցուն դարձնելու համար։

• Ո՞ւր կրնանք յարմար օրինակներ գտնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 28]

Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանողներ են

[Նկար՝ էջ 29]

Երէցները կրնան հարցումներ գործածել հաւատակիցներուն օգնելու որ Աստուծոյ Խօսքէն մխիթարութիւն ստանան