Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Շարունակաբար իմ ետեւէս եկէք’

‘Շարունակաբար իմ ետեւէս եկէք’

‘Շարունակաբար իմ ետեւէս եկէք’

«Այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 2։21

1, 2. Ինչո՞ւ որպէս ուսուցիչ Յիսուսի կատարեալ օրինակը ա՛յնքան վեհ չէ, որ չկարենանք զայն ընդօրինակել։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ ցարդ երկրի վրայ ապրած մեծագոյն Ուսուցիչն է։ Ասկէ զատ, ան կատարեալ էր, որպէս մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին բնաւ մեղք չգործեց։ (Ա. Պետրոս 2։22) Սակայն, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ որպէս ուսուցիչ Յիսուսի օրինակը ա՛յնքան վեհ է, որ անկատար մարդիկ չեն կրնար զայն ընդօրինակել։ Բնա՛ւ երբեք։

2 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Յիսուսի ուսուցման հիմը սէրն էր։ Իսկ սէրը, բոլորս ալ կրնանք մշակել։ Աստուծոյ Խօսքը յաճախ կը յորդորէ մեզ որ ուրիշներու հանդէպ մեր սիրոյն մէջ աճինք ու զայն բարելաւենք։ (Փիլիպպեցիս 1։9. Կողոսացիս 3։14) Եհովա իր արարածներէն երբեք չ’ակնկալեր ինչ որ կարող չեն ընելու։ Իրականութեան մէջ, քանի որ «Աստուած սէր է» եւ մեզ իր պատկերով ստեղծած է, կրնայ ըսուիլ թէ ան մեզ ծրագրած է որ սէր ցոյց տանք։ (Ա. Յովհաննու 4։8. Ծննդոց 1։27) Ուստի, երբ գլխաւոր համարին մէջ Պետրոսի խօսքերը կը կարդանք, կրնանք համոզումով ընդառաջել։ Մենք կրնա՛նք Քրիստոսի շաւիղներուն սերտօրէն հետեւիլ։ Իրականութեան մէջ, կրնանք Յիսուսի տուած պատուէրին հնազանդիլ. ‘Շարունակաբար իմ ետեւէս եկէք’։ (Ղուկաս 9։23, ՆԱ) Այժմ նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք Քրիստոսի ցուցաբերած սէրը ընդօրինակել, նախ՝ իր սորվեցուցած ճշմարտութիւններուն հանդէպ, ապա՝ իր ուսուցանած անհատներուն հանդէպ։

Մեր Սորված Ճշմարտութիւններուն Հանդէպ Սէր Մշակել

3. Ոմանք ուսումնասիրելը ինչո՞ւ դժուար կը գտնեն, սակայն, Առակաց 2։1-5–ի մէջ ի՞նչ յորդոր կը գտնենք։

3 Ուրիշներուն մեր սորվեցուցած ճշմարտութիւնները սիրելու համար, պէտք է անձամբ սիրենք այդ ճշմարտութիւնները սորվիլ։ Ներկայ աշխարհին մէջ, այսպիսի սէր մը միշտ դիւրաւ չի մշակուիր։ Անբաւարար ուսումը եւ պատանեկութեան շրջանին զարգացած անփափաքելի սովորութիւնները, պատճառ կ’ըլլան որ շատեր ուսումնասիրելու ախորժակ չունենան։ Սակայն, կենսական է որ Եհովայէ սորվինք։ Առակաց 2։1-5–ը կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։

4. Ի՞նչ կը նշանակէ սիրտը ‘բանալ’, եւ ո՞ր հայեցակէտը պիտի օգնէ մեզի որ ասիկա ընենք։

4 Նկատի առէք թէ 1-4–րդ համարներուն մէջ, կրկնակիօրէն մեզի յորդոր կը տրուի որ ջանք թափենք ո՛չ միայն ‘ընդունելու’ ու ‘պահելու’, այլ նաեւ՝ ‘փնտռելու’ եւ ‘խնդրելու’։ Սակայն, ի՞նչ բան պէտք է մեզ մղէ այս բոլորը ընելու։ Նկատի առէք այս նախադասութիւնը՝ ‘սիրտդ հանճարին բաց’։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ թէ այս յորդորը «միայն ուշադրութիւն ընծայելու կոչ մը չէ, անիկա որոշ մտավիճակ մը ունենալու պահանջ մըն է. ուսուցումներուն հանդէպ անձկալից ընդունակութիւն մը»։ Իսկ ի՞նչ բան մեզ ընդունակ ու անձկալից կը դարձնէ սորվելու ի՛նչ որ Եհովա մեզի կ’ուսուցանէ։ Մեր հայեցակէտը։ «Աստուծոյ գիտութիւնը» պէտք է նկատենք «արծաթ» եւ «ծածուկ գանձեր»։

5, 6. (ա) Ժամանակի ընթացքին ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոր առաջքը առնել։ (բ) Աստուածաշունչէն մեր քաղած գիտութեան գանձերը ինչո՞ւ պէտք է միշտ աւելցնենք։

5 Այսպիսի հայեցակէտ մը ձեռք ձգելը դժուար չէ։ Օրինակ, ձեր ստացած «Աստուծոյ գիտութիւնը» հաւանաբար կը պարփակէ այն ճշմարտութիւնը, թէ Եհովա կը նպատակադրէ որ հաւատարիմ մարդկութիւնը երկրի վրայ Դրախտի մէջ յաւիտեան ապրի։ (Սաղմոս 37։28, 29) Երբ այդ ճշմարտութիւնը առաջին անգամ սորվեցաք, անկասկած զայն նկատեցիք գանձ մը, գիտութիւն մը՝ որ ձեր միտքն ու սիրտը յոյսով եւ ուրախութեամբ լեցուց։ Այժմ ի՞նչ է պարագան։ Ժամանակի ընթացքին, ձեր գանձին հանդէպ ձեր գնահատութիւնը անհետացա՞ծ է։ Արդ, փորձեցէք երկու բան ընել։ Նախ՝ ձեր գնահատութիւնը վերանորոգեցէք, այսինքն՝ կանոնաւորաբար դուք ձեզի վերյիշեցուցէք թէ ինչո՛ւ կ’արժեւորէք Եհովայի սորվեցուցած իւրաքանչիւր ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ տարիներ առաջ ձեր սորված ճշմարտութիւնները։

6 Երկրորդ, ձեր գանձը միշտ աւելցուցէք։ Եթէ պատահի որ փորելով թանկագին գոհար մը գտնէք, զայն պարզապէս ձեր գրպանը դնելով գոհունակ կը հեռանա՞ք։ Թէ ոչ կը շարունակէք փորել, տեսնելու համար թէ յաւելեալ գոհարներ կա՞ն։ Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութեան գոհարներով ու թանկարժէք երեսակներով լեցուն է։ Անոնցմէ որքան ալ շատ գտած էք, տակաւին աւելին կրնաք գտնել։ (Հռովմայեցիս 11։33) Երբ ճշմարտութեան թանկագին մէկ երեսակը երեւան հանէք, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ի՞նչ բան զայն գանձ մը կը դարձնէ։ Անիկա Եհովայի անձնաւորութեան կամ իր նպատակներուն մասին աւելի խոր ներատեսութիւն ինծի կու տա՞յ։ Անիկա կարգ մը գործնական ուղղութիւններ կը հայթայթէ՞, որոնք կրնան ինծի օգնել Յիսուսի քայլերուն հետեւելու’։ Այսպիսի հարցումներու մասին խոկալը կ’օգնէ որ Եհովայի սորվեցուցած ճշմարտութիւններուն հանդէպ ձեր սէրը կերտէք։

Մեր Սորվեցուցած Ճշմարտութիւններուն Հանդէպ Սէր Ցուցաբերել

7, 8. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք ուրիշներուն ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչէն մեր սորված ճշմարտութիւնները կը սիրենք։ Օրինակ մը տուէք։

7 Մինչ ուրիշներուն կը սորվեցնենք, ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորված ճշմարտութիւնները կը սիրենք։ Յիսուսի օրինակին հետեւելով, մեր քարոզչութեան եւ ուսուցումին մէջ լիովին կ’ապաւինինք Աստուածաշունչին։ Վերջերս, համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին քաջալերութիւն տրուեցաւ որ իրենց հանրային ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը աւելի շատ գործածեն։ Մինչ այս թելադրութիւնը կը գործադրէք, կերպեր փնտռեցէք տանտիրոջ ցոյց տալու թէ անձամբ կ’արժեւորէք ինչ որ Աստուածաշունչէն իր հետ կը բաժնէք։—Մատթէոս 13։52

8 Օրինակ, անցեալ տարի Նիւ Եորք Սիթիի մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումէն անմիջապէս ետք, Քրիստոնեայ քոյր մը ծառայութեան մէջ իրեն հանդիպող անհատներուն հետ Սաղմոս 46։1, 11–ը բաժնեց։ Ան նախ անոնց կը հարցնէր թէ այս ողբերգութեան հետ ի՛նչպէս գլուխ կ’ելլէին։ Ան ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր անոնց պատասխանին, կը կարեկցէր, ապա կ’ըսէր. «Կրնա՞մ ձեզի համար մը ցոյց տալ, որ իրապէս զիս մխիթարած է այս դժուար ժամանակին մէջ»։ Քիչեր մերժեցին, եւ բազմաթիւ հոյակապ խօսակցութիւններ տեղի ունեցան։ Երբ անչափահասներու հետ խօսակցի, այս քոյրը յաճախ կ’ըսէ. «50 տարիէ ի վեր Աստուածաշունչը կը սորվեցնեմ, եւ երբեք չեմ հանդիպած խնդրի մը, որուն լուծումը այս գրքին մէջ չկայ»։ Անկեղծ ու խանդավառ մօտեցում մը գործածելով, մարդոց ցոյց կու տանք թէ Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորված բաները կ’արժեւորենք ու կը սիրենք։—Սաղմոս 119։97, 105

9, 10. Ինչո՞ւ կարեւոր է Աստուածաշունչը գործածել, երբ մեր հաւատալիքներուն մասին հարցուած հարցումներուն կը պատասխանենք։

9 Երբ մարդիկ մեր հաւատալիքներուն մասին մեզի հարցումներ ուղղեն, սքանչելի պատեհութիւն մը կ’ունենանք ցոյց տալու թէ Աստուծոյ Խօսքը կը սիրենք։ Յիսուսի օրինակին հետեւելով, մեր պատասխանները պարզապէս մեր անձնական գաղափարներուն վրայ չենք հիմներ։ (Առակաց 3։5, 6) Ընդհակառակը, պատասխանելու ատեն Աստուածաշունչը կը գործածենք։ Կը վախնա՞ք որ չկարենաք որոշ հարցումի մը պատասխանել։ Երկու դրական քայլեր կրնաք առնել։

10 Պատրաստ ըլլալու համար ձեր լաւագոյնը ըրէք։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն»։ (Ա. Պետրոս 3։15) Ձեր հաւատալիքները պաշտպանելու պատրա՞ստ էք։ Օրինակ, եթէ մէկը ուզէ գիտնալ թէ ինչո՛ւ չէք մասնակցիր սուրբ գրային չեղող սովորութեան մը, մի՛ բաւականանաք ըսելով՝ «Ասիկա կրօնքիս հակառակ է»։ Այսպիսի պատասխան մը կրնայ թելադրել թէ թոյլ կու տաք որ ուրիշներ ձեր տեղ որոշումներ տան եւ հետեւաբար, աղանդի մը մէկ անդամը ըլլալու էք։ Աւելի լաւ կ’ըլլայ եթէ ըսէք. «Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ զայն կ’արգիլէ», կամ՝ «Ասիկա Աստուածս կը տհաճեցնէ»։ Ապա տրամաբանօրէն պատճառը բացատրեցէք։—Հռովմայեցիս 12։1

11. Պրպտում ընելու ո՞ր գործիքը կրնայ մեզի օգնել պատրաստ ըլլալու, որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւններուն մասին յարուցուած հարցումներուն պատասխանենք։

11 Եթէ պատրաստ չէք զգար, ինչո՞ւ ժամանակ չյատկացնէք ուսումնասիրելու համար Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը։ * Ընտրեցէք կարգ մը նիւթեր որոնք հաւանաբար յարուցուին, եւ կարգ մը սուրբ գրային կէտեր գոց սորվեցէք։ Ձեր Պատճառաբանել գիրքն ու Աստուածաշունչը ձեռքի տակ ունեցէք։ Երկուքն ալ գործածելու մի՛ վարանիք. ըսէք թէ պրպտում ընելու գործիք մը ունիք, որ կը փափաքիք գործածել յարուցուած հարցումներուն սուրբ գրային պատասխանները գտնելու համար։

12. Ի՞նչպէս կրնանք պատասխանել եթէ սուրբ գրային հարցումի մը պատասխանը չենք գիտեր։

12 Փորձեցէք անտեղիօրէն չմտահոգուիլ։ Չկայ անկատար մարդ մը որ բոլոր պատասխանները ունի։ Ուստի, երբ սուրբ գրային հարցում մը ուղղուի, որուն չէք կրնար պատասխանել, կրնաք միշտ այս կերպով պատասխանել. «Շնորհակալ եմ որ այս հետաքրքրական հարցումը ուղղեցիք։ Անկեղծօրէն, պատասխանը չեմ գիտեր, բայց վստահ եմ որ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ անոր։ Կը սիրեմ Աստուածաշունչը պրպտել, հետեւաբար, ձեր հարցումին մասին պրպտում պիտի ընեմ եւ պատասխանը պիտի բերեմ ձեզի»։ Այսպիսի անկեղծ ու համեստ մօտեցում մը կրնայ յաւելեալ խօսակցութիւններու համար ճամբան հարթել։—Առակաց 11։2

Սէր՝ Մեր Ուսուցանած Անհատներուն Հանդէպ

13. Մեր քարոզած անհատներուն հանդէպ ինչո՞ւ դրական տեսակէտ մը պէտք է պահպանենք։

13 Յիսուս իր ուսուցանած անհատներուն հանդէպ սէր ցոյց տուաւ։ Այս մարզին մէջ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։ Մեր շուրջը գտնուող մարդոց հանդէպ երբեք անկարեկից վերաբերմունք մը պէտք չէ զարգացնենք։ Ճիշդ է որ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը երթալով կը մօտենայ, եւ միլիառաւոր մարդոցմէ շատեր պիտի բնաջնջուին։ (Յայտնութիւն 16։14. Երեմեայ 25։33) Սակայն, չենք գիտեր թէ ո՛վ պիտի վերապրի եւ ո՛վ պիտի մեռնի։ Այդ դատաստանը ապագային պիտի կատարուի Եհովայի նշանակած անհատին՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։ Մինչ այդ, իւրաքանչիւր անհատ պիտի նկատենք Եհովայի հաւանական ծառայ մը։—Մատթէոս 19։24-26. 25։31-33. Գործք 17։31

14. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ քննել տեսնելու համար թէ մարդոց հանդէպ կարեկի՞ց ենք թէ ոչ։ (բ) Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք ուրիշներուն հանդէպ կարեկցութիւն ու անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տալ։

14 Ուստի, Յիսուսի նման, կը ջանանք մարդոց կարեկցիլ։ Կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Կը խղճա՞մ անոնց վրայ, որոնք այս աշխարհի կրօնական, քաղաքական ու առեւտրական տարրերուն խորամանկ սուտերով ու խաբէութիւններով մոլորած են։ Եթէ մեր բերած պատգամին հանդէպ անտարբեր կը թուին ըլլալ, կը ջանա՞մ հասկնալ պատճառը։ Կը գիտակցի՞մ որ ես, կամ ներկայիս հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայողներէն ոմանք, ատեն մը նոյնպէս կը զգայինք։ Մօտեցումս ըստ այնմ յարմարցուցա՞ծ եմ։ Թէ ոչ այս անհատներուն քարոզելը ապարդիւն կը նկատեմ’։ (Յայտնութիւն 12։9) Երբ մարդիկ մեր անկեղծ կարեկցութիւնը զգան, շատ հաւանական է որ մեր պատգամին ընդառաջեն։ (Ա. Պետրոս 3։8) Կարեկցութիւնը կրնայ նաեւ մեզ մղել որ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած մարդոց հանդէպ աւելի հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք։ Կրնանք անոնց հարցումներուն ու հետաքրքրութիւններուն մասին հակիրճ նոթեր առնել։ Երբ վերադառնանք, կրնանք անոնց ցոյց տալ թէ նախորդ այցելութեան իրենց ըսած բաներուն մասին կը մտածէինք։ Իսկ եթէ անմիջական օգնութեան կարիքը ունին, թերեւս ի վիճակի ըլլանք գործնական օգնութիւն մը ներկայացնել։

15. Ինչո՞ւ մարդոց մէջ լաւ բաները պէտք է փնտռենք, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։

15 Յիսուսի նման, մարդոց մէջ լաւ բաները կը փնտռենք։ Թերեւս առանձին ծնող մը իր զաւակները մեծցնելու համար հիանալի ջանք կը թափէ։ Մարդ մը իր ընտանիքին ապրուստը ճարելու համար պայքար կը մղէ։ Տարեց մը հոգեւոր բաներու հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ։ Մեր հանդիպած մարդոց մէջ այսպիսի յատկութիւններ կը տեսնե՞նք եւ ըստ այնմ զիրենք կը գովե՞նք։ Այսպէս ընելով, մեր միջեւ եղած հասարակաց գետինը կը հաստատենք եւ ասիկա կրնայ ճամբան հարթել որ Թագաւորութեան մասին վկայութիւն մը տանք։—Գործք 26։2, 3

Սէր Ցուցաբերելու Մէջ Խոնարհութիւնը Կենսական Է

16. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր քարոզած մարդոց հանդէպ հեզ ու յարգալից մնանք։

16 Մեր ուսուցանած մարդոց հանդէպ սէր ունենալը, մեզ պիտի մղէ Աստուածաշունչի իմաստուն ազդարարութեան անսալու. «Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ»։ (Ա. Կորնթացիս 8։1) Յիսուս շատ գիտութիւն ունէր, սակայն ան երբեք ամբարտաւանութեամբ չվարուեցաւ։ Ուստի, մինչ ձեր հաւատալիքները կը բաժնէք, խուսափեցէք յարձակողական ոճով խօսելէ կամ հովեր առնելէ։ Մեր նպատակն է սրտերու հասնիլ եւ մարդիկը մեր շատ սիրած ճշմարտութիւններուն հրապուրել։ (Կողոսացիս 4։6) Մտաբերեցէք, երբ Պետրոս Քրիստոնեաներուն խրատեց որ պատասխան տալու պատրաստ ըլլան, ան պարփակեց վերյիշեցում մը, որ ասիկա «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ» ընենք։ (Ա. Պետրոս 3։15) Եթէ հեզ ու յարգալից ենք, աւելի հաւանական է որ մարդիկը մեր ծառայած Աստուծոյն քաշենք։

17, 18. (ա) Որպէս քարոզիչ մեր որակումներուն մասին եղած քննադատութիւններուն ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։ (բ) Սուրբ գրային վաղեմի լեզուներուն մասին գիտութիւն ունենալը Աստուածաշունչի աշակերտներուն համար ինչո՞ւ անհրաժեշտ չէ։

17 Հարկ չկայ մարդիկը մեր գիտութեամբ կամ ուսումով տպաւորելու։ Եթէ ձեր թաղամասին մէջ ոմանք մերժեն մտիկ ընել համալսարանական վկայական կամ տիտղոսներ չունեցող անհատներուն, թոյլ մի՛ տաք որ անոնց կեցուածքը ձեզ վհատեցնէ։ Յիսուս անտեսեց այն առարկութիւնը թէ ինք իր օրուան ռաբունական անուանի դպրոցները չէր յաճախած. ոչ ալ ժողովրդական կանխադատութիւններուն տեղի տուաւ, ջանալով մարդիկը տպաւորել իր անսահման գիտութեամբ։—Յովհաննու 7։15

18 Խոնարհութիւնն ու սէրը Քրիստոնեայ քարոզիչներուն համար շատ աւելի կարեւոր են, քան աշխարհիկ որեւէ ուսում։ Մեծ Դաստիարակը՝ Եհովան՝ ծառայութեան համար մեզ որակելի կը դարձնէ։ (Բ. Կորնթացիս 3։5, 6) Իսկ Քրիստոնեայ Աշխարհի կարգ մը կղերներ ի՛նչ որ ալ ըսեն, կարիքը չունինք սուրբ գրային վաղեմի լեզուները սորվելու, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանելու որակելի ըլլանք։ Եհովա հոգ տարաւ որ Աստուածաշունչը գրուի ա՛յնքան պարզ ու մասնայատուկ արտայայտութիւններով, որ գրեթէ ամէն ոք կարենայ անոր թանկագին ճշմարտութիւնները ըմբռնել։ Այս ճշմարտութիւնները անփոփոխ կը մնան, նոյնիսկ երբ անիկա հարիւրաւոր լեզուներու կը թարգմանուի։ Ուստի, վաղեմի լեզուներու մասին գիտութիւն ունենալը, թէեւ երբեմն օգտակար է, բայց անհրաժեշտ չէ։ Ասկէ զատ, լեզուական կարողութեամբ հպարտանալը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը կորսնցնէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներու հիմնական մէկ յատկանիշը՝ հլու ըլլալը։—Ա. Տիմոթէոս 6։4

19. Մեր քրիստոնէական քարոզչութիւնը ի՞նչ առումով ծառայութիւն մըն է։

19 Կասկած չկայ թէ մեր քրիստոնէական քարոզչութիւնը խոնարհ մտավիճակ պահանջող գործունէութիւն մըն է։ Մենք մեզ կանոնաւորաբար հակառակութեան, անտարբերութեան, նոյնիսկ հալածանքի ենթակայ կը դարձնենք։ (Յովհաննու 15։20) Սակայն, մեր ծառայութիւնը հաւատարմօրէն շարունակելով, կենսական ծառայութիւն մը կատարած կ’ըլլանք։ Եթէ խոնարհաբար շարունակենք այս գործունէութեամբ ուրիշներու ծառայել, մարդոց հանդէպ Յիսուս Քրիստոսի ցուցաբերած սէրը ընդօրինակած կ’ըլլանք։ Պահ մը նկատի առէք. Եթէ հարկ ըլլար անտարբեր կամ հակառակորդ հազար անհատի քարոզել, որպէսզի մէկ ոչխարանման անհատի հասնէինք, ասիկա պիտի չընէի՞նք։ Վստա՛հաբար։ Ուստի, այս գործին մէջ յարատեւելով, բնաւ չհեղգանալով, հաւատարմօրէն կը ծառայենք ոչխարանման անհատներու, որոնց տակաւին պիտի հասնինք։ Անկասկած Եհովա եւ Յիսուս հոգ պիտի տանին որ աւելի մեծ թիւով այսպիսի թանկարժէք անհատներ գտնուին եւ անոնց օգնութիւն տրուի, վախճանը գալէն առաջ։—Անգեայ 2։7

20. Ի՞նչպէս կրնանք օրինակով սորվեցնել։

20 Օրինակով սորվեցնելը ուրիշ կերպ մըն է, որ ուրիշներու ծառայելու մեր պատրաստակամութիւնը ցոյց տանք։ Օրինակ, կ’ուզենք մարդոց սորվեցնել թէ Եհովայի՝ «ուրախ Աստուծոյն»՝ ծառայելը լաւագոյն եւ ամենէն իմաստալից ապրելակերպն է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Մինչ անոնք կը նկատեն մեր վարմունքը եւ դրացիներուն, դասընկերներուն ու գործակիցներուն հետ մեր գործառնութիւնները, կրնա՞ն տեսնել թէ մենք ուրախ ու գոհունակ ենք։ Նմանապէս, Աստուածաշունչի աշակերտներուն կը սորվեցնենք թէ քրիստոնէական ժողովքը սիրոյ ովասիս մըն է, պաղ ու վայրագ աշխարհի մը մէջ։ Մեր աշակերտները իսկոյն կը նկատե՞ն թէ ժողովքին բոլոր անդամները կը սիրենք եւ ծանր կ’աշխատինք իրարու միջեւ խաղաղութիւնը պահպանելու համար։—Ա. Պետրոս 4։8

21, 22. (ա) Մեր ծառայութեան առնչութեամբ ինքնաքննութիւն մը ընելը կրնայ մեզ առաջնորդել որ ի՞նչ պատեհութիւններ օգտագործենք։ (բ) Յաջորդ յօդուածաշարքը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

21 Մեր ծառայութեան նկատմամբ պատրաստակամ կեցուածք մը ունենալը, երբեմն կրնայ մեզ մղել որ մեր անձերը վերաքննենք։ Ասիկա պարկեշտօրէն ընողներէն շատեր կը տեսնեն թէ ի վիճակի են իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու, լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելով կամ փոխադրուելով հո՛ն ուր կարիքը աւելի մեծ է։ Ուրիշներ որոշած են օտար լեզու մը սորվիլ, իրենց թաղամասին մէջ աճող գաղթական համայնքի մը ծառայելու համար։ Եթէ այսպիսի փոխընտրութիւններ մատչելի են, ուշադրութեամբ ու աղօթքով անոնց մասին մտածեցէք։ Ծառայութեամբ յատկորոշուած կեանք մը մեծ ուրախութիւն, գոհունակութիւն եւ մտքի խաղաղութիւն կը բերէ։—Ժողովողի 5։12

22 Ամէն գնով, շարունակենք Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակել, մեր սորվեցուցած ճշմարտութիւններուն եւ ուսուցանած մարդոց հանդէպ մեր սէրը կերտելով։ Այս երկու մարզերուն մէջ սէր մշակելն ու ցուցաբերելը պիտի օգնէ մեզի որ քրիստոսանման ուսուցիչներ ըլլալու համար ընտիր հիմ մը դնենք։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք այդ հիման վրայ շինել։ Յաջորդ յօդուածաշարքը նկատի պիտի առնէ ուսուցանելու կարգ մը մասնայատուկ մեթոտներ, զորս Յիսուս գործածեց։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ի՞նչ երաշխիք ունինք թէ որպէս ուսուցիչ Յիսուսի օրինակը ա՛յնքան վեհ չէ, որ չկարենանք զայն ընդօրինակել։

• Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչէն մեր սորված ճշմարտութիւնները կը սիրենք։

• Ինչո՞ւ կարեւոր է որ խոնարհ մնանք, մինչ գիտութեան մէջ կ’աճինք։

• Ի՞նչ են կարգ մը կերպերը, որոնցմով կրնանք մեր ուսուցանած անհատներուն հանդէպ սէր ցուցաբերել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 12]

Պատրաստ ըլլալու համար ձեր լաւագոյնը ըրէք

[Նկարներ՝ էջ 12, 13]

Եթէ «Աստուծոյ գիտութիւնը» կ’արժեւորէք, կրնաք Աստուածաշունչը ազդուօրէն գործածել

[Նկար՝ էջ 14]

Մարդոց հանդէպ սէր ցոյց կու տանք, անոնց հետ բարի լուրը բաժնելով