Որո՞ւ հաւատարիմ պէտք է ըլլաք
Որո՞ւ հաւատարիմ պէտք է ըլլաք
«Մեր երկիրը՝ . . . թող միշտ շիտակ ըլլայ. բայց թող միշտ մեր երկիրը ըլլայ՝ շիտակ թէ սխալ»։—Ստիվըն Տէքաթիւր, Ամերիկացի ծովասպայ, 1779-1820։
ԻՐ ԵՐԿՐԻՆ հանդէպ անհատի մը բացարձակ հաւատարմութիւնը, շատերուն կողմէ կը նկատուի իրենց առաջնակարգ պարտաւորութիւնը։ Ուրիշներ Ստիվըն Տէքաթիւրի խօսքերը պիտի վերակազմէին՝ ըսելով. ‘Կրօնքս՝ թող միշտ շիտակ ըլլայ. բայց թող միշտ կրօնքս ըլլայ՝ շիտակ թէ սխալ’։
Իրապաշտօրէն, յաճախ մեր ծննդավայրն է որ կը վճռէ թէ ո՛ր երկիրը կամ կրօնքը մեր հաւատարմութիւնը պիտի պահանջէ, սակայն, որո՞ւ հաւատարիմ ըլլալու մեր որոշումը դիպուածի պէտք չէ ձգուի։ Այսուհանդերձ, անհատի մը շրջապատէն ժառանգած հաւատարմութիւնները հարցի տակ դնելը քաջութիւն կը պահանջէ եւ մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ։
Հաւատարմութիւններու Փորձ մը
Զամպիոյ մէջ մեծցած կին մը կ’ըսէ. «Պզտիկ տարիքէս կրօնասէր էի։ Ընտանիքին սրբավայրին մէջ ամէն օր աղօթելը, կրօնական օրերը պահելը, եւ կանոնաւորաբար տաճար յաճախելը, ստացած դաստիարակութեանս մաս կը կազմէին։ Կրօնքս ու պաշտամունքս սերտօրէն առնչուած էին մշակոյթիս, համայնքիս եւ ընտանիքիս հետ»։
Սակայն, երբ ան պատանուհի էր, սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, եւ անկէ կարճ ժամանակ ետք որոշեց իր կրօնքը փոխել։ Ասիկա անհաւատարմութեա՞ն արարք մըն էր։
Զլաթքօ Պոսնիոյ մէջ մեծցած եւ իր երկրին մէջ մղուած պատերազմին մասնակցած էր։ Ինք ալ սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Այժմ ան կը մերժէ ոեւէ մէկուն դէմ զէնք վերցնել։ Ան անհաւատարի՞մ է։
Այս հարցումներուն պատասխանները կախեալ են ձեր տեսակէտէն։ Նախապէս յիշուած կինը կ’ըսէ. «Իմ համայնքիս մէջ, կրօնք փոխելը աններելի յանցանք մըն էր. անիկա անհաւատարմութեան արարք մը կը նկատուէր, ընտանիքին ու համայնքին դաւաճանել կը նշանակէր»։ Նմանապէս, Զլաթքոյի նախկին զինուորակիցները դաւաճան կը նկատէին ոեւէ անձ, որ կը մերժէր իրենց կողքին կռուիլ։ Թէ՛ այդ կինը եւ թէ Զլաթքոն կը զգան թէ իրենց առած քայլին դրդապատճառը գերադաս հաւատարմութիւն մըն է՝ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւն։ Աւելի կարեւորը, Աստուած ի՞նչպէս կը նկատէ այն անհատները, որոնք կ’ուզեն իրեն հանդէպ հաւատարիմ ըլլալ։
Իսկական Հաւատարմութիւնը՝ Սիրոյ Արտայայտութիւն մը
Դաւիթ Թագաւոր Եհովա Աստուծոյ ըսաւ. «Հաւատարիմին հետ հաւատարիմ կ’ըլլաս»։ (Բ. Թագաւորաց 22։26, ՆԱ) Հոս «հաւատարիմ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կը հաղորդէ ազնուութեան գաղափարը, որ սիրալիր կերպով կը կապուի բանի մը մինչեւ որ անոր նկատմամբ իր նպատակը իրագործուի։ Ինչպէս մայր մը իր կաթնկեր մանուկին կը կապուի, Եհովան ալ սիրալիրօրէն կը կապուի իրեն հաւատարիմ եղողներուն։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ գտնուող իր հաւատարիմ ծառաներուն Եհովա ըսաւ. «Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չգթայ։ Թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ»։ (Եսայեայ 49։15) Անոնք որոնք պատրաստ են Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ամէն բանէ վեր դասել, իր սիրալիր հոգատարութենէն կրնան վստահ ըլլալ։
Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Անիկա անհատը կը մղէ սիրելու ի՛նչ որ Եհովա կը սիրէ եւ ատելու ի՛նչ որ Եհովա կ’ատէ։ (Սաղմոս 97։10) Քանի որ Եհովայի տիրական յատկութիւնը սէրն է, Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը արգելք կը հանդիսանայ որ անհատը ուրիշներու հետ անսիրալիր կերպով վարուի։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Ուստի, եթէ անհատ մը Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութենէ մղուած իր կրօնական հաւատալիքները փոխէ, ասիկա չի նշանակեր թէ ան այլեւս իր ընտանիքը չի սիրեր։
Աստուծոյ Հանդէպ Հաւատարմութիւնը՝ Օգտաշատ Ոյժ մը
Նախապէս յիշուած կինը իր արարքները հետեւեալ կերպով կը բացատրէ. «Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, սորվեցայ թէ Եհովա
ճշմարիտ Աստուածն է, եւ իր հետ անձնական յարաբերութիւն մը մշակեցի։ Եհովա չի նմանիր ոեւէ չաստուածի որ նախապէս կը պաշտէի. ան կատարելապէս հաւասարակշիռ է սիրոյ, արդարութեան, իմաստութեան եւ զօրութեան մէջ։ Քանի որ Եհովա բացարձակ պաշտամունք կը պահանջէ, միւս չաստուածները ետիս պէտք էր ձգէի։«Ծնողքս կրկին անգամ ինծի ըսին թէ շատ նեղացած էին եւ թէ զիրենք յուսախաբ կ’ընէի։ Ասիկա շատ դժուար հարց էր, քանի որ ծնողքիս հաճութիւնը ինծի համար շատ բան կը նշանակէր։ Սակայն, սուրբ գրային ճշմարտութեան գիտութիւնս աստիճանաբար աւելցաւ, եւ ընտրութիւնը բացայայտ դարձաւ։ Չէի կրնար Եհովայի կռնակ դարձնել։
«Կրօնական աւանդութիւններու փոխարէն Եհովայի հաւատարիմ ըլլալ ընտրելը չի նշանակեր թէ ընտանիքիս անհաւատարիմ եմ։ Կը ջանամ խօսքերովս ու արարքներովս ցոյց տալ թէ կը հասկնամ իրենց յուզումները։ Սակայն, եթէ Եհովայի հաւատարիմ չըլլամ, այն ատեն կրնամ արգելք հանդիսանալ որ ընտանիքս զինք ճանչնայ, եւ ասիկա անհաւատարմութեան իսկական արարք մը պիտի ըլլայ»։
Նմանապէս, անհատ մը դաւաճան չի նկատուիր երբ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը պահանջէ որ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք մնայ եւ մերժէ ուրիշներու դէմ զէնք վերցնել։ Զլաթքոն իր արարքները հետեւեալ կերպով կը բացատրէ. «Թէեւ մեծցայ որպէս անուանական Քրիստոնեայ մը, սակայն ամուսնացայ Քրիստոնեայ չեղող մէկու մը հետ։ Երբ պատերազմը ծագեցաւ, երկու կողմերն ալ հաւատարմութիւնս պահանջեցին։ Հարկադրուեցայ կողմ բռնել։ Երեք ու կէս տարի պատերազմեցայ։ Կինս ու ես ի վերջոյ Խրուաթիա փախանք, ուր Եհովայի Վկաներուն հանդիպեցանք։
«Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, հասկցանք թէ մեր առաջնակարգ հաւատարմութիւնը Եհովայի պէտք է երթայ, եւ թէ ան կ’ուզէ որ մեր դրացին սիրենք, ան ի՛նչ կրօնքի կամ ցեղի ալ պատկանի։ Այժմ կինս ու ես Եհովայի պաշտամունքին մէջ միացած ենք, նաեւ սորված եմ թէ չեմ կրնար Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալ ու դրացիիս դէմ կռուիլ»։
Ճշգրիտ Գիտութեամբ Կաղապարուած Հաւատարմութիւն
Քանի որ մեր Ստեղծիչը Եհովան է, իրեն հանդէպ հաւատարմութիւնը իրաւացիօրէն առաջնակարգ տեղը կու գայ։ (Յայտնութիւն 4։10) Սակայն, որպէսզի Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը մոլեռանդ ու կործանարար ոյժի մը չվերածուի, անիկա պէտք է ճշգրիտ գիտութեամբ կաղապարուի։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Ձեր միտքը դրդող ոյժով նորոգուեցէք, եւ . . . նոր անձնաւորութիւնը հագէք, որ Աստուծոյ կամքին համաձայն ստեղծուած է ճշմարիտ . . . հաւատարմութիւնով»։ (Եփեսացիս 4։23, 24, ՆԱ) Այս ներշնչեալ խօսքերը գրող անուանի մարդը քաջութիւնը ունեցաւ հարցի տակ դնելու շրջապատէն ժառանգած իր հաւատարմութիւնները։ Իր քննութիւնը օգտաշատ փոփոխութիւն մը յառաջ բերաւ։
Այո, Սօղոս հաւատարմութիւններու փորձ մը դիմագրաւեց, ինչպէս շատեր ներկայիս կը դիմագրաւեն։ Սօղոս իր ընտանիքին խիստ աւանդութիւններուն համաձայն մեծցած էր, եւ իր նախահայրերուն կրօնքին հանդէպ աչքառու հաւատարմութիւն ունէր։ Իր դատին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը նոյնիսկ մղեց զինք որ իր տեսակէտը չբաժնողներուն դէմ վայրագ արարքներ կատարէ։ Սօղոս անուանի էր որպէս Քրիստոնեաներու տուները ներխուժող եւ զանոնք պատժելու ու նոյնիսկ մեռցնելու համար ձերբակալող մը։—Գործք 22։3-5. Փիլիպպեցիս 3։4-6
Այսուհանդերձ, անգամ մը որ Սօղոս Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւնը ձեռք ձգեց, ան քայլ մը առաւ որ իր բարեկամներէն շատերուն մտքէն չէր անցներ։ Իր կրօնքը փոխեց։ Սօղոս, որ հետագային ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ, ընտրեց Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալ, քան՝ աւանդութեան։ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը, որ ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած է, մղեց Սօղոսը որ հանդուրժող, սիրալիր եւ քաջալերող մէկը ըլլայ, իր նախկին կործանարար ու մոլեռանդ վերաբերմունքին հակառակը։
Ինչո՞ւ Հաւատարիմ Ըլլալ
Մեր հաւատարմութիւնները Աստուծոյ չափանիշներով կաղապարելը բացայայտ օգուտներ կը բերէ։ Օրինակ, 1999–ին Ընտանիքներ Ուսումնասիրող Աւստրալիական Հաստատութեան հրատարակած մէկ տեղեկագրութիւնը նշեց թէ մնայուն եւ գոհացուցիչ ամուսնութիւններու նպաստող հիմնական բաները կը պարփակեն «վստահութիւն ու հաւատարմութիւն . . . [եւ] հոգեւորականութիւն»։ Միեւնոյն ուսումնասիրութիւնը նկատեց որ «կայուն եւ գոհացուցիչ ամուսնութիւնները» կը նպաստեն որ տղամարդիկ ու կիներ աւելի երջանիկ եւ աւելի առողջ ըլլան ու աւելի երկար ապրին, եւ թէ կայուն ամուսնութիւնները զաւակներուն կու տան ուրախ կեանք մը ապրելու աւելի մեծ պատեհութիւն մը։
Այսօրուան անորոշ աշխարհին մէջ, հաւատարմութիւնը ազատարար չուանի մը նման է, որ մաքառող լողորդ մը ազատարար նաւուն կը կապէ։ Եթէ «լողորդը» հաւատարմութիւններ չունի, ալիքներն ու փոթորիկը զինք պիտի տարուբերեն։ Իսկ եթէ իր հաւատարմութիւնը սխալ բանի մը հանդէպ է, պիտի նմանի մէկու մը որ իր ազատարար չուանը ընկղմող նաւու մը կապած է։ Սօղոսի նման, ան կրնայ կործանարար ընթացքի մը մէջ խորասուզուիլ։ Սակայն, Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնը, որ ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած է, ազատարար չուան մըն է որ մեզի կայունութիւն կու տայ եւ փրկութեան կ’առաջնորդէ։—Եփեսացիս 4։13-15
Եհովա իրեն հաւատարիմ եղողներուն հետեւեալ խոստումը կու տայ. «Տէրը կը սիրէ իրաւունքը եւ իր սուրբերը [«հաւատարիմները», ՆԱ ] երեսէ չի ձգեր. յաւիտեան կը պահուին անոնք»։ (Սաղմոս 37։28) Շուտով, Եհովայի հաւատարիմ եղող բոլոր անհատները դրախտային երկիր մը պիտի մտնեն, ուր վշտէ ու ցաւէ զերծ կեանք մը պիտի վայելեն, նաեւ կրօնական ու քաղաքական պառակտումներէ զերծ՝ մնայուն յարաբերութիւններով ուրախութիւն պիտի գտնեն։—Յայտնութիւն 7։9, 14. 21։3, 4
Նոյնիսկ հիմա, աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր անհատներ գտած են թէ իսկական ուրախութիւնը միայն Եհովայի հաւատարիմ ըլլալէն յառաջ կու գայ։ Ինչո՞ւ թոյլ չտաք որ Եհովայի Վկաները ձեզի օգնեն հաւատարմութեան շուրջ ձեր տեսակէտը քննելու, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լոյսին տակ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը»։—Բ. Կորնթացիս 13։5
Մեր հաւատքը եւ անոր հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը հարցի տակ դնելը քաջութիւն կը պահանջէ, սակայն թափուած ջանքը վարձահատոյց է, երբ արդիւնքը ըլլայ Եհովա Աստուծոյ աւելի մօտենալ։ Նախապէս յիշուած կինը շատերու զգացումը կը բաժնէ, ըսելով. «Կը գիտակցիմ որ Եհովայի եւ իր չափանիշներուն հաւատարիմ ըլլալը մեզի կ’օգնէ որ մեր ընտանիքին հետ մեր գործառնութեանց մէջ հաւասարակշիռ ըլլանք եւ համայնքին մէջ աւելի լաւ անդամներ ըլլանք։ Փորձերը ո՛րքան ալ դժուար ըլլան, եթէ Եհովայի հաւատարիմ ենք, ան միշտ մեզի հանդէպ հաւատարմութիւն ցոյց պիտի տայ»։
[Նկար՝ էջ 5]
Ինչո՞ւ ձեր հաւատարմութիւնները չքննէք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լոյսին տակ
[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 4]
Churchill, upper left։ U.S. National Archives photo; Joseph Göbbels, far right։ Library of Congress