Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա կ’օրհնէ եւ կը պաշտպանէ հնազանդ եղողները

Եհովա կ’օրհնէ եւ կը պաշտպանէ հնազանդ եղողները

Եհովա կ’օրհնէ եւ կը պաշտպանէ հնազանդ եղողները

«Ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։—ԱՌԱԿԱՑ 1։33

1, 2. Աստուծոյ հնազանդիլը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Բացատրեցէք։

ԴԵՂԻՆ, աղուամազոտ ճուտիկներ, կարճ խոտերու մէջ ուտելիք փնտռելով զբաղած են, իրենց վերեւ սաւառնող բազէէն բոլորովին անտեղեակ։ Յանկարծ, մայր հաւը սարսռալի, ազդարարական ճիչ մը կ’արձակէ եւ իր թեւերը կը տարածէ։ Ճուտիկները իր քով կը վազեն եւ շուտով կը պահուըտին իր թեւերուն տակ։ Բազէն իր յարձակումէն կը հրաժարի։ * Ի՞նչ է դասը։ Հնազանդութիւնը կեանք կը փրկէ։

2 Այդ դասը յատկապէս կարեւոր է Քրիստոնեաներուն համար ներկայիս, քանի որ Սատանան ամէն ջանք կը թափէ Աստուծոյ ժողովուրդը որսալու։ (Յայտնութիւն 12։9, 12, 17) Անոր նպատակակէտն է մեր հոգեւորականութիւնը փճացնել, որպէսզի Եհովայի հաճութիւնն ու յաւիտենական կեանքի հեռանկարը կորսնցնենք։ (Ա. Պետրոս 5։8) Սակայն, եթէ Աստուծոյ մօտիկ մնանք եւ իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցաւ մեր ստացած ուղղութեան արագօրէն ընդառաջենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Իր պաշտպանող հոգատարութիւնը պիտի վայելենք։ «Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս», գրեց սաղմոսերգուն։—Սաղմոս 91։4

Անհնազանդ Ազգ մը Զոհ Դարձաւ

3. Ի՞նչ էր Իսրայէլի կրկնակի անհնազանդութեան հետեւանքը։

3 Երբ Իսրայէլ ազգը Եհովայի հնազանդ էր, կանոնաւորաբար Անոր աչալուրջ հոգատարութենէն կ’օգտուէր։ Բայց եւ այնպէս, յաճախ ժողովուրդը իրենց Արարիչը ձգելով, փայտէ ու քարէ չաստուածներու ետեւէն գացին, ‘որոնք օգուտ մը չունէին եւ ազատելու կարող չէին’։ (Ա. Թագաւորաց 12։21) Այսպէս դարեր շարունակ ըմբոստանալէ ետք, ազգը որպէս ամբողջութիւն ա՛յնքան ընկղմեցաւ հաւատուրացութեան մէջ, որ ապաքինում կարելի չէր։ Ուստի Յիսուս ողբաց, ըսելով. «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։—Մատթէոս 23։37, 38

4. Եհովայի կողմէ Երուսաղէմի լքումը ի՞նչպէս բացայայտ եղաւ Հ.Դ. 70–ին։

4 Հ.Դ. 70–ին, ցաւալիօրէն բացայայտ դարձաւ թէ Եհովա լքած էր դաւաճան Իսրայէլը։ Այդ տարին հռովմէական բանակները, իրենց արծուանշան դրօշները բարձրացուցած, Երուսաղէմի վրայ խոյացան եւ ահռելի ջարդ մը կատարեցին։ Այդ ատեն քաղաքը խռնուած էր Պասեքը տօնակատարողներով։ Անոնց բազմաթիւ զոհերը Աստուծոյ հաճութիւնը չկրցան շահիլ։ Ասիկա անհնազանդ Սաւուղ Թագաւորին ուղղուած Սամուէլի խօսքերուն տխուր վերյիշեցում մըն էր. «Միթէ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներն ու զոհերը Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ընելու չափ հաճո՞յ են։ Ահա հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է»։—Ա. Թագաւորաց 15։22

5. Եհովա ի՞նչպիսի հնազանդութիւն կը պահանջէ, եւ ի՞նչպէս գիտենք թէ այսպիսի հնազանդութիւն կարելի է։

5 Հակառակ անոր որ Եհովա հնազանդութիւն կը պահանջէ, ան անկատար մարդոց սահմանափակումներուն լաւատեղեակ է։ (Սաղմոս 130։3, 4) Իր պահանջած բաներն են՝ անկեղծ սիրտ ու հաւատքի վրայ հիմնուած հնազանդութիւն, սէր, եւ զինք տհաճեցնելու առողջ վախ։ (Բ. Օրինաց 10։12, 13. Առակաց 16։6. Եսայեայ 43։10. Միքիայ 6։8. Հռովմայեցիս 6։17) Այսպիսի հնազանդութեան մը կարելիութիւնը ցոյց տրուեցաւ նախաքրիստոնէական «վկաներու բազմութեամբ» մը, որոնք իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին ահաւոր փորձութիւններու, նոյնիսկ մահուան դիմաց։ (Եբրայեցիս 11։36, 37. 12։1) Այս անհատները Եհովայի սիրտը որքա՜ն ուրախացուցին։ (Առակաց 27։11) Սակայն ուրիշներ, սկիզբը հաւատարիմ էին, բայց չշարունակեցին հնազանդ մնալ։ Անոնցմէ մէկն էր վաղեմի Յուդայի Յովաս Թագաւորը։

Թագաւոր մը Չար Ընկերակցութեամբ Ապականեցաւ

6, 7. Մինչ Յովիադա ողջ էր, Յովաս ի՞նչպիսի թագաւոր մըն էր։

6 Երբ մանուկ էր, Յովաս Թագաւոր սպանութեան փորձէ մը դժուարաւ ազատեցաւ։ Երբ Յովաս եօթը տարեկան եղաւ, Յովիադա Քահանայապետը խիզախօրէն զինք թաքստոցէն դուրս հանեց եւ թագաւոր ըրաւ։ Քանի որ աստուածավախ Յովիադա հօր մը պէս խնամեց Յովասը եւ անոր խրատատուն եղաւ, այս դեռատի կառավարիչը «Յովիադա քահանային բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ»։—Բ. Մնացորդաց 22։10–23։1, 11. 24։1, 2

7 Յովասի լաւ գործերէն մէկն էր Եհովայի տաճարին նորոգումը, արարք մը՝ որ ‘Յովաս ուզեց’ ընել։ Ան Յովիադա Քահանայապետին վերյիշեցուց թէ հարկ էր Յուդայէ եւ Երուսաղէմէ տաճարի տուրքը հաւաքել, ինչպէս ‘Մովսէս պատուիրած էր’, նորոգութեան ծախսերը հոգալու համար։ Բացայայտօրէն, Յովիադա յաջողած էր այս դեռատի թագաւորը քաջալերել, որ Աստուծոյ Օրէնքը կարդար ու անոր հնազանդէր։ Որպէս արդիւնք, տաճարին ու տաճարի սպասներուն վերաբերեալ աշխատանքները շուտով լրացան։—Բ. Մնացորդաց 24։4, 6, 13, 14. Բ. Օրինաց 17։18

8. (ա) Ի՞նչ բան գլխաւորաբար նպաստեց Յովասի հոգեւոր անկման։ (բ) Թագաւորին անհնազանդութիւնը ի վերջոյ զինք ի՞նչ ընելու առաջնորդեց։

8 Դժբախտաբար, Եհովայի հանդէպ Յովասի հնազանդութիւնը երկար չտեւեց։ Ինչո՞ւ։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Յովիադային մեռնելէն ետքը՝ Յուդայի իշխանները եկան ու թագաւորին խոնարհութիւն ըրին։ Այն ատեն թագաւորը անոնց մտիկ ըրաւ։ Անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը թողուցին եւ Աստարովթին կուռքերուն ու չաստուածներուն ծառայութիւն ըրին։ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ իրենց այս յանցանքին համար»։ Յուդայի իշխաններուն վատառողջ ազդեցութիւնը նաեւ պատճառ եղաւ որ թագաւորը Աստուծոյ մարգարէներուն խօսքին մտիկ չընէ, որոնցմէ մէկը Յովիադայի որդին Զաքարիան էր, որ Յովասը եւ ժողովուրդը քաջաբար յանդիմանեց, իրենց անհնազանդութեան համար։ Փոխանակ զղջալու, Յովաս հրամայեց որ Զաքարիան քարկոծուի մինչեւ մահ։ Յովաս ի՜նչ անզգամ, անհնազանդ մարդ մը դարձած էր, քանի որ չար ընկերակցութիւններու ազդեցութեան տեղի տուած էր։—Բ. Մնացորդաց 24։17-22. Ա. Կորնթացիս 15։33

9. Ինչ որ պատահեցաւ Յովասի ու իշխաններուն, ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ անհնազանդութեան անխոհեմութիւնը։

9 Եհովան լքելով, Յովասի ու իր չար իշխանակիցներուն ի՞նչ պատահեցաւ։ Ասորական բանակ մը՝ միայն «քիչ մարդոցմով»՝ Յուդայի վրայ յարձակեցաւ եւ «ժողովուրդին բոլոր իշխանները մեռցուց»։ Ներխուժողները նաեւ թագաւորը ստիպեցին որ իր ստացուածքը, ինչպէս նաեւ տաճարին ոսկին ու արծաթը իրենց յանձնէ։ Թէեւ Յովաս այս դէպքէն վերապրեցաւ, սակայն տկար ու հիւանդ մարդ մը եղաւ։ Անկէ քիչ ետք, իր ծառաներէն ոմանք դաւադրութեամբ զինք սպաննեցին։ (Բ. Մնացորդաց 24։23-25. Դ. Թագաւորաց 12։17, 18) Իսրայէլի ուղղուած Եհովայի խօսքերը ի՜նչ ճշմարիտ ելան. «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին չհնազանդիս ու չպահես ու չընես անոր բոլոր պատուիրանքներն ու կանոնները, . . . անէծքները քու վրադ պիտի հասնին»։—Բ. Օրինաց 28։15

Քարտուղար մը Հնազանդութեամբ Փրկուեցաւ

10, 11. (ա) Ինչո՞ւ օգտակար է Եհովայի կողմէ Բարուքի տրուած խրատին մասին խոկալը։ (բ) Եհովա Բարուքի ի՞նչ խրատ տուաւ։

10 Երբեմն կը վհատի՞ք, քանի որ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ քիչեր բարի լուրին հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ Մերթ ընդ մերթ հարուստներուն եւ անոնց թոյլատու կենցաղին կը նախանձի՞ք։ Եթէ այո, խորհեցէք Երեմիայի քարտուղարին՝ Բարուքի՝ եւ Եհովայի իրեն տուած սիրալիր խրատին մասին։

11 Բարուք մարգարէական պատգամ մը գրելու վրայ էր, երբ Եհովայի ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Բարուք սկսաւ իր վիճակին վրայ ողբալ եւ Աստուծոյ ծառայելու իր մասնայատուկ առանձնաշնորհումէն աւելի լաւ բանի մը ցանկալ։ Բարուքի վերաբերմունքին մէջ այս փոփոխութիւնը նկատելով, Եհովա անոր յստակ բայց ազնիւ խրատ տուաւ, ըսելով. «Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր, քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ, . . . բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ»։—Երեմեայ 36։4. 45։5

12. Ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք մենք մեզի «մեծ բաներ» փնտռելէ, իրերու ներկայ դրութեան մէջ։

12 Բարուքի ուղղուած Եհովայի խօսքերուն մէջ, այս մարդուն հանդէպ Իր խոր մտահոգութիւնը կը զգա՞ք, որ ա՛յսքան հաւատարմօրէն ու խիզախօրէն իրեն ծառայած էր Երեմիայի կողքին։ Նմանապէս այսօր, Եհովա խորապէս հետաքրքրուած է անոնցմով, որոնք կը փորձուին հետապնդել ինչ որ իրենց կարծիքով շահաբեր առիթներ են այս իրերու դրութեան մէջ։ Բարեբախտաբար, Բարուքի նման, անոնցմէ շատեր պատասխանատու հոգեւոր եղբայրներու կողմէ տրուած սիրալիր սրբագրութեան ընդառաջած են։ (Ղուկաս 15։4-7) Այո, թող որ բոլորս ալ ըմբռնենք թէ այս դրութեան մէջ իրենք իրենց «մեծ բաներ» փնտռողներուն համար ապագայ չկայ։ Այսպիսիներ ո՛չ միայն իսկական երջանկութիւն չեն գտներ, այլ՝ աւելի գէշ, անոնք շուտով պիտի անցնին այս աշխարհին եւ անոր անձնասէր ցանկութիւններուն հետ։—Մատթէոս 6։19, 20. Ա. Յովհաննու 2։15-17

13. Բարուքի վերաբերեալ արձանագրութենէն ի՞նչ դաս կը սորվինք խոնարհութեան մասին։

13 Բարուքի վերաբերեալ արձանագրութենէն նաեւ կը սորվինք խոնարհութեան հոյակապ դաս մը։ Նկատի առէք թէ Եհովա Բարուքը ուղղակիօրէն չխրատեց, այլ՝ Երեմիայի միջոցաւ խօսեցաւ, որուն անկատարութիւններն ու առանձնայատկութիւնները Բարուք հաւանաբար շատ լաւ գիտէր։ (Երեմեայ 45։1, 2) Այսուհանդերձ, Բարուք հպարտութեան տեղի չտուաւ. ան խոնարհութեամբ ըմբռնեց որ խրատին իսկական աղբիւրը Եհովան էր։ (Բ. Մնացորդաց 26։3, 4, 16. Առակաց 18։12. 19։20) Ուստի, եթէ ‘պատահի որ որեւէ յանցանքի վրայ բռնուինք’ եւ Աստուծոյ Խօսքէն հարկ եղած խրատը ստանանք, թող Բարուքի հասունութիւնը, հոգեւոր խոհեմութիւնը եւ խոնարհութիւնը ընդօրինակենք։—Գաղատացիս 6։1, Անթիլիաս

14. Մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն հնազանդ ըլլալը ինչո՞ւ օգտակար է մեզի։

14 Մեր կողմէ ցուցաբերուած այսպիսի խոնարհ կեցուածք մը, նաեւ կ’օգնէ խրատ տուող անհատներուն։ Եբրայեցիս 13։17–ն կ’ըսէ. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ»։ Որքա՜ն յաճախ երէցներ Եհովայի առջեւ իրենց սիրտը կը թափեն, իրենց հովուական գործին այս դժուար երեսակը կատարելու համար հարկ եղած քաջութեան, իմաստութեան եւ փափկանկատութեան համար աղօթելով։ Թող որ ‘յարգենք այդպիսիները’։—Ա. Կորնթացիս 16։18, Անթիլիաս

15. (ա) Երեմիա Բարուքի հանդէպ իր վստահութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։ (բ) Բարուք ի՞նչպէս վարձատրուեցաւ իր խոնարհ հնազանդութեան համար։

15 Բացայայտ է թէ Բարուք իր մտածելակերպը սրբագրեց, քանի որ անկէ ետք Երեմիա անոր տուաւ չափազանց դժուար նշանակում մը. տաճար երթալ եւ հոն բարձրաձայն կարդալ Երեմիայի բերնով ըսուած դատաստանական պատգամ մը, զոր ինք անձամբ գրի առած էր։ Բարուք հնազանդեցա՞ւ։ Այո, ան «Երեմիա մարգարէին հրամայածին պէս ըրաւ»։ Իրականութեան մէջ, ան նոյն պատգամը կարդաց նաեւ Երուսաղէմի իշխաններուն, ինչ որ անկասկած բաւական քաջութիւն կը պահանջէր։ (Երեմեայ 36։1-6, 8, 14, 15) Երբ շուրջ 18 տարի ետք քաղաքը Բաբելոնացիներուն ձեռքը ինկաւ, երեւակայեցէք թէ Բարուք որքա՜ն երախտապարտ ըլլալու էր որ խնայուած էր, քանի որ Եհովայի ազդարարութեան ականջ տուած եւ «մեծ բաներ» փնտռելէ դադրած էր։—Երեմեայ 39։1, 2, 11, 12. 43։6

Պաշարումի մը Ընթացքին՝ Հնազանդութիւնը Կեանքեր Փրկեց

16. Հ.Դ.Ա. 607–ին, Բաբելոնացիներուն պաշարման ընթացքին, Եհովա ի՞նչպէս կարեկցութիւն ցուցաբերեց Երուսաղէմի մէջ գտնուող Հրեաներուն հանդէպ։

16 Երբ Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումը հասաւ, հնազանդ անհատներուն հանդէպ Աստուծոյ կարեկցութիւնը դարձեալ ուշագրաւ դարձաւ։ Պաշարումի գագաթնակէտին, Եհովա Հրեաներուն ըսաւ. «Ահա ես ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքի ճամբան ու մահուան ճամբան։ Ան որ քաղաքին մէջ կը կենայ՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ ան որ դուրս կ’ելլէ եւ ձեզ պաշարող Քաղդէացիներուն կը յանձնուի, ողջ պիտի մնայ ու անոր կեանքը աւարի մը պէս պիտի ըլլայ»։ (Երեմեայ 21։8, 9) Թէեւ Երուսաղէմի բնակիչները կործանումի արժանի էին, բայց Եհովա իրեն հնազանդողներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերեց, նոյնիսկ այդ ճգնաժամային վերջին վայրկեաններուն։ *

17. (ա) Երեմիայի հնազանդութիւնը ի՞նչ երկու կերպերով փորձի ենթարկուեցաւ, երբ Եհովա պատուիրեց որ պաշարուած Հրեաները յորդորէ որ ‘Քաղդէացիներուն յանձնուին’։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ Երեմիայի խիզախ հնազանդութեան օրինակէն։

17 Անտարակոյս, Երեմիայի հնազանդութիւնը փորձի ենթարկուեցաւ, երբ Հրեաները յորդորեց որ յանձնուին։ Պատճառներէն մէկը՝ ան Աստուծոյ անուան նկատմամբ նախանձախնդիր էր։ Ան չէր ուզեր որ Աստուծոյ անունը թշնամիներուն կողմէ նախատուէր, որոնք իրենց յաղթանակը պիտի վերագրէին իրենց անկենդան կուռքերուն։ (Երեմեայ 50։2, 11. Ողբք 2։16) Ասկէ զատ, Երեմիա գիտէր թէ ժողովուրդին ըսելով որ յանձնուին, իր կեանքը մեծապէս կը վտանգէր, քանի որ շատեր զինք խռովարար պիտի նկատէին։ Այսուհանդերձ, ան վախնալով ետ չկեցաւ, այլ՝ հնազանդօրէն Եհովայի դատաստանները յայտարարեց։ (Երեմեայ 38։4, 17, 18) Երեմիայի նման, մենք ալ անժողովրդական պատգամ մը կը ծանուցանենք։ Անիկա նոյն այդ պատգամն է, որուն պատճառաւ Յիսուս անարգուեցաւ։ (Եսայեայ 53։3. Մատթէոս 24։9) Ուստի, թող ‘մարդու վախ’ չունենանք, այլ՝ Երեմիայի նման, խիզախօրէն Եհովայի հնազանդինք, լիովին իրեն վստահելով։—Առակաց 29։25

Հնազանդութիւն՝ Գոգի Յարձակման Դիմաց

18. Եհովայի ծառաները ապագային հնազանդութեան ի՞նչ փորձեր պիտի դիմագրաւեն։

18 Շուտով, Սատանայի ամբարիշտ լման դրութիւնը պիտի կործանի աննախընթաց «մեծ նեղութեան» մը ընթացքին։ (Մատթէոս 24։21) Անկասկած, անկէ առաջ եւ անոր ընթացքին, Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքն ու հնազանդութիւնը մեծ փորձերէ պիտի անցնին։ Օրինակ, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Սատանան, որպէս ‘Մագոգի երկրին Գոգը’, ամբողջական յարձակում մը պիտի կատարէ Եհովայի ծառաներուն դէմ, գործի լծելով զօրքեր, որոնք նկարագրուած են որպէս ‘ամպի պէս երկիրը ծածկող շատ զօրք’։ (Եզեկիէլ 38։2, 14-16) Փոքրաթիւ ու անզէն ըլլալով, Աստուծոյ ժողովուրդը ապաստան պիտի գտնէ Եհովայի «թեւերուն» տակ, զորս կը տարածէ հնազանդ եղողները պաշտպանելու համար։

19, 20. (ա) Ինչո՞ւ Իսրայէլի հնազանդութիւնը շատ կարեւոր էր, երբ Կարմիր Ծովուն քով էին։ (բ) Կարմիր Ծովու դէպքին մասին աղօթքով խոկալը, ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել։

19 Այս պարագան մեզի կը յիշեցնէ Իսրայէլի Ելքը Եգիպտոսէն։ Եգիպտոսը տասը աւերիչ պատուհասներով հարուածելէ ետք, Եհովա իր ժողովուրդը առաջնորդեց ո՛չ թէ Խոստացեալ Երկիր տանող ամենակարճ ճամբէն, այլ՝ Կարմիր Ծովու ճամբէն, ուր դիւրաւ կրնային պաշարուիլ ու յարձակումի ենթարկուիլ։ Զինուորական տեսանկիւնէ դիտուած, անիկա թուեցաւ աղիտալի քայլ մը ըլլալ։ Եթէ հոն ըլլայիք, Մովսէսի միջոցաւ ըսուած Եհովայի խօսքին պիտի հնազանդէի՞ք ու լման վստահութեամբ Կարմիր Ծովու ճամբան պիտի բռնէի՞ք, գիտնալով թէ Խոստացեալ Երկիրը գրեթէ տարբեր ուղղութեամբ կը գտնուէր։—Ելից 14։1-4

20 Ելից 14–րդ գլուխը կարդալով, կը տեսնենք թէ ի՛նչպէս Եհովա զօրութեան սարսափազդու ցուցադրութեամբ մը իր ժողովուրդը ազատագրեց։ Այսպիսի դէպքեր որքա՜ն կրնան մեր հաւատքը զօրացնել, երբ զանոնք ուսումնասիրելու եւ անոնց վրայ խոկալու համար ժամանակ տրամադրենք։ (Բ. Պետրոս 2։9) Իր կարգին, զօրաւոր հաւատքը մեզ կ’ամրապնդէ որ Եհովայի հնազանդինք, նոյնիսկ երբ թուի թէ իր պահանջները մարդկային տրամաբանութեան հետ չեն համաձայնիր։ (Առակաց 3։5, 6) Ուստի, դուք ձեզի հարց տուէք՝ ‘Կը ջանա՞մ հաւատքս կերտել Աստուածաշունչի ժրաջան ուսումնասիրութեամբ, աղօթքով, խորհրդածութեամբ, եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելով’։—Եբրայեցիս 10։24, 25. 12։1-3

Հնազանդութիւնը Յոյս կը Ներշնչէ

21. Եհովայի հնազանդ եղողները ի՞նչ ներկայ ու ապագայ օրհնութիւններ պիտի վայելեն։

21 Անոնք որոնք Եհովայի հնազանդիլը իրենց ապրելակերպը կը դարձնեն, նոյնիսկ հիմա կը վայելեն Առակաց 1։33–ի կատարումը, որ կ’ըսէ. «Ինծի [հնազանդութեամբ] մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։ Այս մխիթարական խօսքերը որքա՜ն սքանչելիօրէն պիտի կիրարկուին Եհովայի մօտալուտ վրէժխնդրութեան օրուան ընթացքին։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։ (Ղուկաս 21։28) Բացայայտօրէն, միայն Աստուծոյ հնազանդ եղողները վստահութիւն պիտի ունենան այս խօսքերուն անսալու։—Մատթէոս 7։21

22. (ա) Եհովայի ժողովուրդը վստահութեան ի՞նչ պատճառ ունի։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնուին։

22 Վստահութեան յաւելեալ պատճառ մըն է թէ «Տէր Եհովան բան մը չըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ»։ (Ամովսայ 3։7) Ներկայիս, Եհովա մարգարէներ չի ներշնչեր, ինչպէս անցեալին կ’ընէր. փոխարէն, ան հաւատարիմ ծառայ դասակարգի մը յանձնարարութիւն տուած է, որ ատենին հոգեւոր կերակուր հայթայթէ իր ծառաներուն։ (Մատթէոս 24։45-47) Հետեւաբար, որքա՜ն կարեւոր է որ այդ «ծառային» հանդէպ հնազանդ կեցուածք մը ունենանք։ Ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ, այսպիսի հնազանդութիւն նաեւ կ’արտացոլացնէ մեր կեցուածքը «ծառային» տիրոջ՝ Յիսուսի՝ հանդէպ։ Անոր է որ ‘ժողովուրդները պիտի հնազանդին’։—Ծննդոց 49։10

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Թէեւ յաճախ բնութագրուած է որպէս երկչոտ, սակայն «մայր հաւը մինչեւ մահ կը կռուի իր ճուտիկները վնասէ պաշտպանելու համար», կ’ըսէ անասնապաշտպան ընկերութեան մը մէկ գրականութիւնը։

^ պարբ. 16 Երեմեայ 38։19–ն կը յայտնէ թէ կարգ մը Հրեաներ Քաղդէացիներուն ‘կողմը անցնելով’ մահուընէ խուսափեցան, բայց գերութեան քշուեցան։ Չենք գիտեր թէ անոնք Երեմիայի խօսքերուն ընդառաջելո՛վ յանձնուեցան թէ ոչ։ Այսուհանդերձ, անոնց վերապրումը մարգարէին խօսքերը հաստատեց։

Կը յիշէ՞ք

• Իսրայէլի կրկնակի անհնազանդութեան հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

• Յովաս Թագաւոր ի՞նչպէս ազդուեցաւ իր ընկերակիցներէն, թէ՛ մանկութեան եւ թէ չափահասութեան ժամանակ։

• Բարուքէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

• Եհովայի հնազանդ ծառաները ինչո՞ւ պէտք չէ վախնան, մինչ ներկայ դրութիւնը իր վախճանին կը մօտենայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Յովիադայի առաջնորդութեան ներքեւ, Յովաս Եհովայի հնազանդ էր

[Նկար՝ էջ 25]

Չար ընկերակիցները պատճառ եղան, որ Յովաս Աստուծոյ մարգարէն սպաննել տայ

[Նկար՝ էջ 26]

Եհովայի պիտի հնազանդէի՞ք եւ իր սարսափազդու փրկարար զօրութեան ականատես պիտի ըլլայի՞ք