«Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ»
«Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ»
ՍՈՒՐԲ գրային շրջաններու տօթ կլիմային պատճառաւ, ոչխարները ամէն օր պէտք է խմեն։ Հետեւաբար, հովիւի մը կենսական մէկ պարտականութիւնն է, իր հօտին ջուր հայթայթել։ Երբեմն հովիւներ իրենց հօտերը խմցնելու համար հորէն ջուր կը քաշեն, աւազաններու մէջ կը լեցնեն, որ ոչխարները կարենան խմել։ (Ծննդոց 29։1-3) Սակայն, յատկապէս անձրեւոտ եղանակին, առուակներու ու գետերու շրջակայքը «հանդարտ ջուրեր» կը հայթայթէ։—Սաղմոս 23։2
Հմուտ հովիւ մը պէտք է գիտնայ թէ իր հօտին համար ո՛ւր կրնայ ջուր եւ յարմար արօտ գտնել։ Շրջանի մը իր քաջածանօթ ըլլալը, հօտին բարօրութիւնը կ’երաշխաւորէ։ Դաւիթ, որ երկար տարիներ Հրէաստանի բլուրներուն վրայ ոչխարներ արածեց, Աստուծոյ հոգեւոր առաջնորդութիւնը համեմատեց հովիւի մը առաջնորդութեան հետ, որ իր ոչխարները դէպի լաւ արօտներ եւ կենսատու ջուրեր կ’առաջնորդէ։ Դաւիթ ըսաւ. «Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ»։—Սաղմոս 23։1-3
Տարիներ ետք, իր Եզեկիէլ մարգարէին միջոցաւ, Եհովա նոյնանման օրինակ մը գործածեց։ Ան խոստացաւ իր ժողովուրդը հաւաքել այն երկիրներէն, ուր ցիրուցան եղած էին, ինչպէս հովիւ մը իր ոչխարները կը հաւաքէ։ Ան հաւաստիացուց զիրենք, ըսելով. «Զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ։ Զանոնք Իսրայէլի լեռներուն վրայ, ձորերուն մէջ . . . պիտի արածեմ»։—Եզեկիէլ 34։13
Եհովա Աստուած շատ հետաքրքրուած է նաեւ հոգեւոր ջուր հայթայթելով։ Յայտնութիւն գիրքը «կեանքի ջուրի գետ մը» կը նկարագրէ, որ Աստուծոյ աթոռէն կ’ելլէ։ (Յայտնութիւն 22։1) Այս գետէն խմելու հրաւէրը ուղղուած է բոլոր մարդոց. ‘Ան որ կ’ուզէ՝ կրնայ կենաց ջուրը ձրի առնել’։—Յայտնութիւն 22։17
Այս այլաբանական կենաց ջուրը կը ներկայացնէ յաւիտենական կեանքի համար Աստուծոյ հայթայթումները։ Ոեւէ անհատ կրնայ սկսիլ այս ջուրէն խմել, ‘գիտութիւն ստանալով միակ ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր ան ղրկեց’։—Յովհաննու 17։3, ՆԱ