Հնազանդութիւն մշակենք մինչ վախճանը կը մօտենայ
Հնազանդութիւն մշակենք մինչ վախճանը կը մօտենայ
‘Ժողովուրդները Սելովին պիտի հնազանդին’։—ԾՆՆԴՈՑ 49։10
1. (ա) Անցեալին, Եհովայի հնազանդիլը յաճախ ի՞նչ պարփակած է։ (բ) Յակոբ հնազանդութեան վերաբերեալ ի՞նչ մարգարէութիւն մը ըրաւ։
ԵՀՈՎԱՅԻ հնազանդիլը յաճախ նշանակած է իր ներկայացուցիչներուն հնազանդիլ։ Անոնց մէջ կային հրեշտակներ, նահապետներ, դատաւորներ, քահանաներ, մարգարէներ ու թագաւորներ։ Իսրայէլի թագաւորներուն գահը նոյնիսկ կոչուած էր Եհովայի աթոռը։ (Ա. Մնացորդաց 29։23) Սակայն դժբախտաբար, Իսրայէլի կառավարիչներէն շատեր Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան, իրենց անձին եւ իրենց հպատակներուն վրայ վայեր բերելով։ Բայց Եհովա իր հաւատարիմները անյոյս չձգեց. ան զանոնք մխիթարեց, խոստանալով գահակալել անեղծ Թագաւոր մը, որուն ուրախութեամբ պիտի հնազանդին արդարները։ (Եսայեայ 9։6, 7) Մահամերձ Յակոբ նահապետ այս ապագայ կառավարիչին մասին մարգարէացաւ, ըսելով. «Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի, ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը, մինչեւ որ Սելովը գայ ու ժողովուրդները անոր հնազանդին»։—Ծննդոց 49։10
2. «Սելով» ի՞նչ կը նշանակէ, եւ իր արքայական իշխանութիւնը ի՞նչ պիտի պարփակէր։
2 «Սելով» Եբրայերէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ «Ան՝ Որուն կը Վայելէ»։ Այո, Սելովը պիտի ժառանգէր իշխանութեան լման իրաւունքը եւ հրամանատարութեան հեղինակութիւնը։ Ասկէ զատ, իր արքայական իշխանութիւնը պիտի պարփակէր ո՛չ միայն Յակոբի սերունդը, այլ՝ բոլոր «ժողովուրդները»։ Ասիկա ներդաշնակ է Եհովայի կողմէ Աբրահամի տրուած խոստումին հետ. «Քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին»։ (Ծննդոց 22։17, 18) Եհովա այս «սերունդ»ին ինքնութիւնը բնորոշեց Հ.Դ. 29–ին, երբ Նազովրեցի Յիսուսը սուրբ հոգիով օծեց։—Ղուկաս 3։21-23, 34. Գաղատացիս 3։16
Յիսուսի Առաջին Թագաւորութիւնը
3. Յիսուս ի՞նչ իշխանութիւն ստացաւ երբ երկինք համբարձաւ։
3 Երբ երկինք համբարձաւ, Յիսուս անմիջապէս չսկսաւ աշխարհի ժողովուրդներուն վրայ տիրել։ (Սաղմոս 110։1) Բայց եւ այնպէս, ան ստացաւ «թագաւորութիւն» մը, իրեն հնազանդող հպատակներով։ Պօղոս առաքեալ այդ թագաւորութիւնը բնորոշեց, երբ գրեց. «[Աստուած] մեզ [հոգիով օծուած Քրիստոնեաները] ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց»։ (Կողոսացիս 1։13) Այս ազատագրումը սկսաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ սուրբ հոգին թափուեցաւ Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդներուն վրայ։—Գործք 2։1-4. Ա. Պետրոս 2։9
4. Յիսուսի նախկին աշակերտները ի՞նչ կերպերով ցուցաբերեցին իրենց հնազանդութիւնը, իսկ Յիսուս զիրենք խմբովին ի՞նչպէս բնորոշեց։
4 Որպէս ‘Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն ընողներ’, հոգիով օծուած աշակերտները հնազանդօրէն սկսան հաւաքել այլ անհատներ, որոնք այդ հոգեւոր թագաւորութեան մէջ «քաղաքակիցներ» պիտի ըլլային։ (Բ. Կորնթացիս 5։20. Եփեսացիս 2։19. Գործք 1։8) Ասկէ զատ, ասոնք «մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած» պէտք էր մնային, իրենց Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ հաճութիւնը վայելելու համար։ (Ա. Կորնթացիս 1։10) Խմբովին, անոնք կազմեցին «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը, կամ հաւատարիմ տնտես դասակարգ մը։—Մատթէոս 24։45. Ղուկաս 12։42
Օրհնուած՝ Աստուծոյ «Տնտես»ին Հնազանդելով
5. Վաղեմի ժամանակներէն ի վեր, Եհովա իր ժողովուրդին ի՞նչպէս սորվեցուցած է։
5 Եհովա իր ժողովուրդին միշտ ուսուցիչներ հայթայթած է։ Օրինակ, Հրեաները Բաբելոնէն վերադառնալէ յետոյ, Եզրաս եւ կարգ մը որակելի տղամարդիկ, ո՛չ միայն Աստուծոյ Օրէնքը կարդացին ժողովուրդին, այլ զայն ‘մեկնեցին’, Աստուծոյ Խօսքը ‘հասկցնելով’։—Նէեմեայ 8։8
6, 7. Ծառայ դասակարգը ի՞նչպէս ժամանակայարմար հոգեւոր սնունդ հայթայթած է իր Կառավարիչ Մարմինին միջոցաւ, եւ ծառայ դասակարգին հնազանդիլը ինչո՞ւ պատշաճ է։
6 Առաջին դարուն, երբ թլփատութեան հարցը ծագեցաւ Հ.Դ. 49–ին, այդ ատենուան ծառայ դասակարգին կառավարիչ մարմինը աղօթքով նկատի Գործք 15։6-15, 22-29. 16։4, 5) Նմանապէս մեր օրերուն, հաւատարիմ ծառան իր Կառավարիչ Մարմինին միջոցաւ կարեւոր հարցեր բացայայտած է, ինչպէս՝ քրիստոնէական չէզոքութիւնը, արեան սրբութիւնը, եւ թմրեցուցիչի ու ծխախոտի գործածութիւնը։ (Եսայեայ 2։4. Գործք 21։25. Բ. Կորնթացիս 7։1) Եհովա իր ժողովուրդը օրհնեց, իր Խօսքին ու հաւատարիմ ծառային հանդէպ իրենց հնազանդութեան համար։
առաւ հարցը եւ սուրբ գրային եզրակացութեան մը յանգեցաւ։ Երբ իրենց որոշումը նամակով մը ծանուցանեցին, ժողովքները տրուած ցուցմունքին հնազանդեցան եւ Աստուծոյ ճոխ օրհնութիւնը վայելեցին։ (7 Ծառայ դասակարգին հնազանդելով, Աստուծոյ ժողովուրդը նաեւ իր հպատակութիւնը ցոյց կու տայ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին։ Այս հպատակութիւնը յաւելեալ իմաստ մը ստացած է արդի ժամանակներուն, Յիսուսի ընդլայնուած հեղինակութեան պատճառաւ, ինչպէս Յակոբ մարգարէացած էր իր մահուան անկողնին մէջ։
Սելով Երկրի Իրաւացի Կառավարիչը կը Դառնայ
8. Քրիստոսի հեղինակութեան ծիրը ի՞նչպէս եւ ե՛րբ ընդլայնուեցաւ։
8 Յակոբի մարգարէութիւնը նախագուշակեց թէ ‘ժողովուրդները Սելովին պիտի հնազանդէին’։ Բացայայտօրէն, Քրիստոսի իշխանութեան ծիրը հոգեւոր Իսրայէլէն աւելին պիտի պարփակէր։ Անիկա ի՞նչ պիտի ընդգրկէր։ Յայտնութիւն 11։15–ը կը պատասխանէ. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ Յիսուս այդ հեղինակութիւնը ստացաւ մարգարէական «եօթը ժամանակ»ներուն՝ «ազգերուն սահմանուած ժամանակներ»ուն՝ վերջաւորութեան, 1914–ին։ * (Դանիէլ 4։16, 17. Ղուկաս 21։24, ՆԱ) Այդ տարին, որպէս Մեսիական Թագաւոր Քրիստոսի անտեսանելի «ներկայութիւնը» սկսաւ, ինչպէս նաեւ՝ ‘իր թշնամիներուն մէջտեղ տիրելու’ իր ժամանակը։—Մատթէոս 24։3. Սաղմոս 110։2
9. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ իր Թագաւորութիւնը ստանձնեց, իսկ ասիկա ի՞նչ անուղղակի ազդեցութիւն մը ունեցաւ մարդկութեան եւ յատկապէս իր աշակերտներուն վրայ։
9 Թագաւորական հեղինակութիւն ստանալէ ետք, Յիսուսի առաջին քայլը եղաւ՝ անհնազանդութեան մարմնացումը եղող Սատանան ու իր դեւերը «երկրի վրայ» ձգել։ Անկէ ի վեր, այս չար ոգիները մարդկութեան վրայ աննախընթաց վայեր բերած են, եւ Եհովայի հնազանդիլը դժուարացնող մթնոլորտ մը ստեղծած են։ (Յայտնութիւն 12։7-12. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Իրականութեան մէջ, Սատանայի հոգեւոր պատերազմին գլխաւոր թիրախն են՝ Եհովայի օծեալները, որոնք ‘Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահեն ու Յիսուսին վկայութիւնը ունին’, եւ անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարները»։—Յայտնութիւն 12։17. Յովհաննու 10։16
10. Աստուածաշունչի ո՞ր մարգարէութիւններուն կատարումը կ’երաշխաւորէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներու դէմ Սատանայի մղած պատերազմին ձախողութիւնը։
10 Սակայն Սատանան ձախողութեան դատապարտուած է, քանի որ «տէրունական օր»ուան մէջ ենք, եւ ո՛չ մէկ բան կրնայ Յայտնութիւն 1։10. 6։2, ՆԱ) Օրինակ, ան 144,000 հոգեւոր Իսրայելացիներուն վերջնական կնքումը պիտի ապահովէ։ Ան նաեւ պիտի պաշտպանէ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ (Յայտնութիւն 7։1-4, 9, 14-16) Սակայն, իրենց օծեալ ընկերակիցներուն հակառակը, անոնք Յիսուսի երկրային հնազանդ հպատակները պիտի ըլլան։ (Դանիէլ 7։13, 14) Աշխարհի թատերաբեմին վրայ անոնց ի յայտ գալը, արդէն իսկ շօշափելի ապացոյց մըն է թէ Սելովը «աշխարհի թագաւորութիւններ»ուն վրայ իրապէս կ’իշխէ։—Յայտնութիւն 11։15
Յիսուսի արգելք հանդիսանալ որ ‘իր յաղթանակը ամբողջացնէ’։ (Հիմա Է Ժամանակը ‘Աւետարանին Հնազանդելու’
11, 12. (ա) Իրերու ներկայ դրութեան վախճանէն միայն որո՞նք պիտի վերապրին։ (բ) «Այս աշխարհի հոգին» որդեգրողներուն մէջ նկարագրի ի՞նչ գծեր կը զարգանան։
11 Յաւիտենական կեանք փափաքող բոլոր անհատները հնազանդութիւն պէտք է սորվին, քանի որ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ թէ ‘անոնք որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր’, Աստուծոյ վրէժխնդրութեան օրուընէ պիտի չվերապրին։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8) Սակայն, ներկայ ամբարիշտ միջավայրը եւ Աստուածաշունչի օրէնքներուն ու սկզբունքներուն դէմ անոր ըմբոստութեան հոգին, բարի լուրին հնազանդիլը կը դժուարացնեն։
12 Աստուածաշունչը Աստուած անգոսնող այս հոգին կը բնութագրէ որպէս՝ «այս աշխարհի հոգին»։ (Ա. Կորնթացիս 2։12) Մարդոց վրայ անոր ազդեցութիւնը բացատրելով, Պօղոս առաքեալ առաջին դարու Եփեսացի Քրիստոնեաներուն գրեց, ըսելով. «Անոնց մէջ ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ։ Անոնց մէջ մենք ամէնքս ալ կը պտըտէինք մեր մարմնին ցանկութիւններովը եւ մարմնին ու մտքին ուզածը կը կատարէինք եւ բնութեամբ բարկութեան որդիներ էինք՝ ինչպէս ուրիշներ»։—Եփեսացիս 2։2, 3
13. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան աշխարհի հոգիին ազդուօրէն դէմ դնել, եւ ի՞նչ օգուտներ քաղելով։
13 Բարեբախտաբար, Եփեսացի Քրիստոնեաները այդ ապստամբութեան հոգիին գերի չմնացին։ Այլ՝ Աստուծոյ հնազանդ որդիները եղան, իր հոգիին հպատակելով եւ անոր առատ ու օգտակար պտուղները քաղելով։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Նմանապէս այսօր, Աստուծոյ հոգին՝ տիեզերքի ամենէն զօրաւոր ոյժը՝ միլիոնաւորներու կ’օգնէ Եհովայի հնազանդելու, որպէսզի կարենան ‘մինչեւ վախճանը պահել յոյսի լման վստահութիւնը’։—Եբրայեցիս 6։11, Վերանայուած. Զաքարեայ 4։6
14. Յիսուս ի՞նչպէս վերջին օրերուն ապրող բոլոր Քրիստոնեաներուն ուշադրութեան յանձնեց մասնայատուկ բաներ, որոնք իրենց հնազանդութիւնը փորձի պիտի ենթարկէին։
14 Նաեւ մի՛ մոռնաք թէ մեզի զօրավիգ կանգնողը Սելովն է, որ իր Հօրը հետ մէկտեղ, թոյլ պիտի չտայ որ ոեւէ թշնամի, դեւ թէ մարդ, մեր հնազանդութիւնը փորձի ենթարկէ մեր կարողութենէն աւելի։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Իրականութեան մէջ, մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ մեզի օգնելու համար, Յիսուս կարգ մը մասնայատուկ խնդիրներ բնութագրեց, զորս այս վերջին օրերուն պիտի դիմագրաւէինք։ Ան ասիկա ըրաւ եօթը նամակներով, զորս տեսիլքով մը Յովհաննէս առաքեալին տուաւ։ (Յայտնութիւն 1։10, 11) Վստահաբար, անոնք այն ատենուան Քրիստոնեաներուն համար կենսական խրատներ կը բովանդակէին, սակայն, անոնց գլխաւոր կիրարկումը «տէրունական օր»ուան ընթացքին է, 1914–էն ի վեր։ Ուստի, որքա՜ն պատշաճ է որ այս պատգամներուն ուշադրութիւն ընծայենք։ *
Խուսափեցէք Անտարբերութենէ, Անբարոյութենէ եւ Նիւթապաշտութենէ
15. Ինչո՞ւ Եփեսոսի ժողովքին ազդող խնդրէն պէտք է զգուշանանք, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ (Բ. Պետրոս 1։5-8)
15 Յիսուսի առաջին նամակը Եփեսոսի ժողովքին ուղղուած էր։ Ժողովքին համբերութիւնը գովելէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր»։ (Յայտնութիւն 2։1-4) Ներկայիս, ատեն մը նախանձախնդիր եղող Քրիստոնեաներէն ոմանք, նմանապէս Աստուծոյ հանդէպ իրենց առաջուան վառ սէրը կորսնցուցած են։ Այսպիսի կորուստ մը կրնայ Աստուծոյ հետ անհատին յարաբերութիւնը տկարացնել, եւ շուտով զայն պէտք է ձեռք առնել։ Ի՞նչպէս կարելի է այսպիսի սէր մը վերարծարծել։ Կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, ժողովներուն ներկայ գտնուելով, աղօթելով ու խոկալով։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Ճիշդ է որ ասիկա «ջանք» կը պահանջէ, բայց վստահաբար կ’արժէ։ (Բ. Պետրոս 1։5-8) Եթէ պարկեշտ ինքնաքննութիւն մը երեւան հանէ թէ ձեր սէրը պաղած է, իսկոյն պարագան սրբագրեցէք, հնազանդելով Յիսուսի յորդորին. «Միտքդ բեր հիմա ուրկէ որ ինկար ու ապաշխարէ եւ քու առաջուան գործերդ ըրէ»։—Յայտնութիւն 2։5
16. Պերգամոնի եւ Թիւատիրի ժողովքներուն մէջ հոգեւորապէս վտանգաւոր ի՞նչ ազդեցութիւններ առկայ էին, եւ անոնց ուղղուած Յիսուսի խօսքերը ինչո՞ւ ներկայիս յարմար են։
16 Պերգամոնի ու Թիւատիրի Քրիստոնեաները իրենց ուղղամտութեան, համբերութեան եւ նախանձախնդրութեան համար գովասանքի արժանացան։ (Յայտնութիւն 2։12, 13, 18, 19) Բայց անոնք կարգ մը անհատներէ ազդուած էին, որոնք Բաղաամի ու Յեզաբէլի ամբարիշտ հոգին կը ցուցաբերէին, որոնք սեռային անբարոյութեան եւ Բահաղի պաշտամունքին միջոցաւ վաղեմի Իսրայէլի մէջ ապականիչ ազդեցութիւն բանեցուցին։ (Թուոց 31։16. Գ. Թագաւորաց 16։30, 31. Յայտնութիւն 2։14, 16, 20-23) Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր ժամանակին՝ «տէրունական օր»ուան՝ մասին։ Նոյն չար ազդեցութիւնները բացայա՞յտ են։ Այո՛, քանի որ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ վտարման գլխաւոր պատճառը անբարոյութիւնն է։ Հետեւաբար, որքա՜ն կարեւոր է որ չընկերակցինք՝ ժողովքէն ներս թէ դուրս՝ այն բոլոր անհատներուն հետ, որոնք բարոյական գետնի վրայ ապականիչ ազդեցութիւն կը բանեցնեն։ (Ա. Կորնթացիս 5։9-11. 15։33) Սելովի հնազանդ հպատակները ըլլալ փափաքողները նաեւ հեռու պիտի կենան կասկածելի զբօսանքէն եւ տպուած կամ Համացանցի վրայ ցուցադրուող պոռնկագրութենէն։—Ամովսայ 5։15. Մատթէոս 5։28, 29
17. Իրենց հոգեւոր վիճակին նկատմամբ Սարդիկէի ու Լաւոդիկէի մէջ եղողներուն տեսակէտն ու կեցուածքը ի՞նչպէս Յիսուսի տեսակէտէն տարբեր էին։
17 Բացի քանի մը անհատներէ, Սարդիկէի ժողովքը բնաւ գովասանք չստացաւ։ Անիկա կենդանի ըլլալու «անուն»ը կամ երեւոյթը ունէր, սակայն, հոգեւոր անտարբերութեան մէջ ա՛յնքան մխրճուած էր, որ Յիսուսի համար անիկա ‘մեռած’ էր։ Անոնք մեքենայականօրէն բարի լուրին կը հնազանդէին։ Ի՜նչ դատապարտութիւն։ (Յայտնութիւն 3։1-3) Լաւոդիկէի ժողովքը նոյնանման վիճակի մէջ էր։ Անիկա իր նիւթական հարստութեամբ կը պարծենար, ըսելով՝ «Ես հարուստ եմ», բայց Քրիստոսի համար անիկա ‘խեղճ ու թշուառական եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ’ էր։—Յայտնութիւն 3։14-17
18. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ աչքին հոգեւորապէս գաղջ ըլլալէ խուսափիլ։
18 Ներկայիս, ատեն մը հաւատարիմ եղող Քրիստոնեաներէն ոմանք, անհնազանդութեան նոյն օրինակին հետեւած են։ Թերեւս անոնք թոյլ տուած են որ աշխարհի հոգին իրենց կեանքէն ստիպողականութեան զգացումը վանէ, հոգեւորապէս գաղջ կեցուածք մը զարգացնելով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան, աղօթքին, քրիստոնէական ժողովներուն եւ ծառայութեան հանդէպ։ (Բ. Պետրոս 3։3, 4, 11, 12) Որքա՜ն կարեւոր է որ այսպիսիներ Քրիստոսի հնազանդին, հոգեւոր հարստութիւն դիզելով. այո, Քրիստոսէն ‘կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առնեն’։ (Յայտնութիւն 3։18) Այս իսկական հարստութիւնը կը պարփակէ ‘բարի գործերով հարստանալ, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլալ’։ Իրապէս արժէքաւոր հոգեւոր գործունէութիւններով, ‘հանդերձեալին համար մեր անձին բարի հիմ կը դնենք, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգենք’։—Ա. Տիմոթէոս 6։17-19
Իրենց Հնազանդութեան Համար Գովասանքի Արժանացան
19. Յիսուս Զմիւռնիոյ եւ Ֆիլատելֆիոյ Քրիստոնեաներուն ի՞նչ գովասանք ու յորդորանք տուաւ։
19 Զմիւռնիոյ եւ Ֆիլատելֆիոյ ժողովքները հնազանդութեան կարկառուն օրինակներ են, քանի որ անոնց ուղղուած Յիսուսի պատգամները յանդիմանութիւն չպարունակեցին։ Զմիւռնիոյ ժողովքի անդամներուն, ան ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ ու նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ, բայց հարուստ ես»։ (Յայտնութիւն 2։9) Որքա՜ն տարբեր էին Լաւոդիկէի մէջ եղողներէն, որոնք աշխարհիկ հարստութեամբ կը պարծենային, բայց խորքին մէջ աղքատ էին։ Անշուշտ, Բանսարկուն ուրախ չէր տեսնելով որ անհատներ Քրիստոսի հանդէպ հաւատարմութիւն եւ հնազանդութիւն կը ցուցաբերէին։ Ուստի, Յիսուս զգուշացուց. «Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ»։ (Յայտնութիւն 2։10) Նոյն կերպով, Յիսուս Ֆիլատելֆիոյ ժողովքին անդամները գովեց, ըսելով. «Իմ խօսքս պահեցիր [կամ՝ ինծի հնազանդեցար] ու իմ անունս չուրացար։ Ահա ես շուտով պիտի գամ։ Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէս զի մէ՛կը չառնէ քու պսակդ»։—Յայտնութիւն 3։8, 11
20. Ներկայիս միլիոնաւորներ ի՞նչպէս Յիսուսի խօսքը պահած են, եւ ի հեճուկս ի՞նչ պարագաներու։
20 «Տէրունական օր»ուան մէջ, որ 1914–ին սկսաւ, հաւատարիմ մնացորդ մը եւ անոր ընկերակցող միլիոնաւոր ուրիշ ոչխարներ նաեւ Յիսուսի խօսքը պահած են, նախանձախնդրաբար ծառայութեան մասնակցելով եւ իրենց ուղղամտութիւնը ամուր բռնելով։ Իրենց առաջին դարու եղբայրներուն նման, ոմանք Քրիստոսի հանդէպ իրենց հնազանդութեան պատճառաւ տառապած են, նոյնիսկ բանտերու եւ կեդրոնացման ճամբարներու մէջ նետուելով։ Ուրիշներ Յիսուսի խօսքը պահած են, ‘պարզ աչք’ մը պահելով, հարստութեամբ եւ ընչաքաղցութեամբ շրջապատուած ըլլալով հանդերձ։ (Մատթէոս 6։22, 23) Այո, ամէն միջավայրի մէջ եւ ամէն պարագայի ներքեւ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենց հնազանդութեամբ կը շարունակեն Եհովայի սիրտը ուրախացնել։—Առակաց 27։11
21. (ա) Ծառայ դասակարգը հոգեւոր ի՞նչ պարտաւորութիւն պիտի շարունակէ կատարել։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ իրապէս կ’ուզենք Սելովի հնազանդիլ։
21 Մինչ մեծ նեղութեան կը մօտենանք, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» վճռած է Տիրոջ՝ Քրիստոսի՝ հնազանդելու մէջ զիջում չընել։ Ասիկա կը պարփակէ Աստուծոյ ծառաներուն ժամանակայարմար հոգեւոր սնունդ պատրաստել։ Ուստի, թող շարունակենք գնահատել Եհովայի հոյակապ աստուածպետական կազմակերպութիւնը եւ անոր հայթայթած բաները։ Այս կերպով, Սելովի հանդէպ մեր հպատակութիւնը ցոյց կու տանք, որ իր հնազանդ հպատակները յաւիտենական կեանքով պիտի վարձատրէ։—Մատթէոս 24։45-47. 25։40. Յովհաննու 5։22-24
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 8 «Եօթը ժամանակ»ները հասկնալու համար, տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 10–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
^ պարբ. 14 Եօթը նամակներուն մանրամասն քննարկման համար, տես՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գիրքը, էջ 33–էն սկսեալ, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Կը յիշէ՞ք
• Մահուան անկողնին մէջ Յակոբի տուած մարգարէութեան համաձայն, Յիսուս ի՞նչ դեր պիտի խաղար։
• Ի՞նչպէս Յիսուսը կ’ընդունինք որպէս Սելով, եւ ո՞ր հոգիէն պէտք է խուսափինք։
• Յայտնութեան եօթը ժողովքներուն ուղղուած նամակները, մեր օրուան համար ի՞նչ պատշաճ խրատներ կը պարունակեն։
• Ի՞նչ կերպերով կրնանք ընդօրինակել վաղեմի Զմիւռնիոյ եւ Ֆիլատելֆիոյ ժողովքներուն անդամները։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 28]
Եհովա իր ժողովուրդը կ’օրհնէ, քանի որ հաւատարիմ «տնտեսին» կը հնազանդին
[Նկար՝ էջ 29]
Սատանայի ազդեցութիւնը Աստուծոյ հնազանդիլը կը դժուարացնէ
[Նկարներ՝ էջ 31]
Եհովայի հետ զօրաւոր յարաբերութիւն մը մեզի կ’օգնէ որ իրեն հնազանդ ըլլանք