Ճշմարտութիւնը սիրող պատանիներ
Ճշմարտութիւնը սիրող պատանիներ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան», հարցուց Եբրայեցի սաղմոսերգու մը հազարաւոր տարիներ առաջ։ (Սաղմոս 119։9) Ասիկա տակաւին տեղին հարցում մըն է ներկայիս, քանի որ պատանիները բազմաթիւ խնդիրներ կը դիմագրաւեն այս աշխարհին մէջ։ Խառնակեցութեան պատճառաւ բազմաթիւ պատանիներ ԷՅՏԾ–ով վարակուած են. այս սոսկալի հիւանդութեամբ վարակուածներուն գրեթէ կէսը 15-24 տարեկանի մէջ են։ Թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւնն ալ բազմաթիւ խնդիրներ կը պատճառէ, կարգ մը երիտասարդներու կեանքը կարճեցնելով։ Նուաստացած երաժշտութիւնը, վայրագ եւ անբարոյ ֆիլմերը, հեռատեսիլի յայտագիրներն ու պատկերիզները, եւ Համացանցի պոռնկագրութիւնը, պատանիներուն վրայ աւերիչ ազդեցութիւն մը կը բանեցնեն։ Հետեւաբար, սաղմոսերգուին ուղղած հարցումը շատ մը ծնողներու եւ պատանիներու լուրջ նկատողութեան արժանի է ներկայիս։
Սաղմոսերգուն իր իսկ հարցումին պատասխանը տուաւ. «Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով»։ Վստահաբար, Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ընտիր առաջնորդութիւն կը հայթայթէ պատանիներուն, եւ անոր հետեւելով բազմաթիւ պատանիներ կեանքի մէջ յաջողութիւն կը գտնեն։ (Սաղմոս 119։105) Այժմ քննենք կարգ մը պատանիներու օրինակները, որոնք Աստուած կը սիրեն եւ կը ջանան հոգեւորապէս զօրաւոր մնալ, հաճոյք հետապնդող եւ նիւթապաշտ աշխարհի մը մէջ։
Անոնք Ծնողական Առաջնորդութիւնը կը Գնահատեն
Ճէյքըփ Էմմանուէլ, Եհովայի Վկաներու Մեքսիկայի մասնաճիւղին մէջ ծառայելէ առաջ, քանի մը տարի լիաժամ ռահվիրայութիւն ըրած էր։ Ան երախտագիտութեամբ կը մտաբերէ թէ Աստուծոյ ծառայութեան հանդէպ իր սէրը ի՛նչպէս զարգացաւ. «Գլխաւորաբար ծնողքս ազդեցութիւն ունեցան վրաս, թէեւ կարգ մը փորձառու հոգեւոր եղբայրներ ալ, որոնց հետ բարեկամութիւններ մշակած էի, շատ օգտակար եղան ինծի։ Բոլորն ալ զիս մղեցին քարոզչութեան գործը սիրելու։ Ազնուօրէն զիս շիտակ ճամբուն մէջ առաջնորդեցին. երբեք չզգացի որ վրաս ճնշում կը բանեցնէին»։
Տէյվիտ, որ արդէն քանի մը տարիէ լիաժամ ծառայութեան մէջ է, կը յիշէ թէ ի՛նչպէս իր ծնողքը լաւ տպաւորութիւն ձգեցին, երբ մասնաւոր ռահվիրայութեան սկսան, մինչ ինքն ու իր եղբայրը տակաւին փոքր էին։ Երբ իր հայրը մահացաւ, իր մայրը շարունակեց մասնաւոր ռահվիրայութիւնը։ Ան բարի լուրը քարոզելու կողքին, իրենց ալ հոգ տարաւ։ Տէյվիտ կ’ըսէ. «Անոնք բնաւ զիս չստիպեցին որ ռահվիրայ ըլլամ, այլ՝ ընտանեօք լիաժամ ծառայութենէն ա՛յնքան հաճոյք կ’առնէինք, որ ընկերակցութիւնն ու մթնոլորտը զիս մղեցին նոյն քայլը առնելու»։ Լաւ առաջնորդութեան եւ ծնողներու ուշադրութեան կարեւորութիւնը շեշտելով, Տէյվիտ կ’ըսէ. «Ամէն գիշեր, մայրս մեզի պատմութիւններ կը կարդար՝ Կորսուած Դրախտէն Մինչեւ Վերագտնուած Դրախտը գրքէն։ * Իր պատմելու կերպը մեզի օգնեց որ հոգեւոր սնունդ ստանալը սիրենք»։
Ժողովներուն Հանդէպ Գնահատութիւն
Կարգ մը պատանիներ քրիստոնէական ժողովները գնահատելը դժուար կը գտնեն։ Անոնք ներկայ կը գտնուին, քանի որ իրենց ծնողքին կ’ընկերակցին։ Սակայն, եթէ անոնք շարունակեն ժողովներու ներկայ գտնուիլ, ժամանակի ընթացքին կրնան ժողովները սիրել։ Նկատի առէք Ալֆրէտոն, որ լիաժամ ծառայութեան սկսաւ երբ 11 տարեկան էր։ Ան
կը խոստովանի որ երբ շուրջ հինգ տարեկան էր, փորձեց ժողովներուն չերթալ, քանի որ հոն իր քունը կու գար, բայց իր ծնողքը թոյլ չէին տար որ ժողովներու ընթացքին քնանար։ Ան կը մտաբերէ. «Մինչ կը մեծնայի, կամաց–կամաց աւելի հետաքրքրուեցայ ժողովներով, յատկապէս գրել–կարդալ սորվելէ ետք, քանի որ այն ատեն սկսայ բառերովս պատասխանել»։Որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայող 17 տարեկան աղջիկ մը՝ Սինթիա, կը պատմէ թէ ի՛նչպէս լաւ ընկերակցութիւնը կարեւոր դեր մը խաղցաւ որ Աստուծոյ ծառայութեան հանդէպ սէր մշակէ։ Ան կ’ըսէ. «Հաւատակիցներուս հետ լաւ յարաբերութիւնն ու ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը, արգելք հանդիսացան որ չկարօտնամ աշխարհային բարեկամներուս եւ պատանիներու յատուկ ժողովրդական զբաղումներուն, ինչպէս՝ տիսքոթէք երթալը։ Ժողովներու մէջ տրուած պատասխաններուն ու փորձառութիւններուն մտիկ ընելը, բոլոր ունեցածս Եհովայի տալու փափաք մը արթնցուց մէջս, եւ զգացի թէ ամենէն թանկագին ստացուածքս՝ պատանեկութիւնս էր։ Ուստի որոշեցի զայն գործածել իր ծառայութեան մէջ»։
Սակայն, ան կը խոստովանի. «Ժամանակ մը կար, մկրտուելէս առաջ, երբ ժողովներէն բացակայիլը սովորութիւն դարձաւ, դպրոցական պարտականութիւնները կամ այլ գործունէութիւններ որպէս չքմեղանք գործածելով։ Շատ ժողովներ փախցուցի, եւ ասիկա սկսաւ հոգեւորականութեանս ազդել։ Սկսայ ընկերակցիլ պատանիի մը հետ, որ Աստուածաշունչը չէր ուսումնասիրեր։ Եհովայի օգնութեամբ, հարցերը շտկեցի ժամանակի ընթացքին»։
Անձնական Որոշում մը
Երբ Փապլօ անունով Եհովայի լիաժամ ծառայող պատանիի մը հարցուեցաւ թէ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան հանդէպ սէր մշակելու բանալին ի՛նչ է, ան ըսաւ. «Կը խորհիմ թէ երկու բան կայ. կանոնաւոր անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ քարոզչութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը։ Երախտապարտ եմ ծնողներուս, որ ինծի Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը սորվեցուցին, եւ կը խորհիմ թէ ասիկա լաւագոյն բանն էր որ կրնային ինծի տալ։ Սակայն, պէտք է անձամբ համոզուիմ թէ ինչո՛ւ կը սիրեմ Եհովան։ Ասոր համար, անհրաժեշտ է գիտնալ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ‘լայնութիւնն ու խորութիւնը’։ Միայն այս կերպով կրնանք Եհովայի Խօսքին հանդէպ փափաք մը զարգացնել, որ մեր մէջ ‘վառ կրակ մը’ կը ստեղծէ, մեզ մղելով որ անոր մասին ուրիշներու խօսինք։ Քարոզչութեան հանդէպ այս նախանձախնդրութիւնը ունենալը, ճշմարտութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը զօրաւոր պիտի պահէ»։—Եփեսացիս 3։18. Երեմեայ 20։9
Նախապէս յիշուած Ճէյքըփ Էմմանուէլ եւս կը յիշէ Եհովայի ծառայելու անձնական ընտրութիւն մը ընելու կարեւորութիւնը։ Ան կ’ըսէ թէ իր ծնողքը երբեք զինք չստիպեցին որ մկրտուի։ «Կը խորհիմ թէ ասիկա լաւագոյն կերպն էր, քանի որ անոր լաւ արդիւնքները կը շօշափեմ։ Օրինակ, կարգ մը պատանիներ, որոնց շատ կ’ընկերակցէի, որոշեցին միասնաբար մկրտուիլ։ Թէեւ ասիկա սխալ չէր, բայց կրնայի տեսնել թէ անոնցմէ ոմանք զգացումէ տարուած ըրին ասիկա, եւ կարճ ժամանակ ետք, Թագաւորութեան գործունէութիւններուն հանդէպ անոնց նախանձախնդրութիւնը նուազեցաւ։ Իմ պարագայիս, ծնողքս վրաս ճնշում չբանեցուցին որ Եհովայի նուիրուելու որոշումը տամ։ Անիկա անձնական որոշում մըն էր»։
Ժողովքին Դերը
Պատանիներէն ոմանք Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը առանձին սորված են, առանց իրենց ծնողքին օգնութեան։ Վստահաբար, այսպիսի պարագաներու ներքեւ շիտակը ընելը սորվիլը եւ անոր մէջ յարատեւելը մարտահրաւէր մըն է։
Նոէ կը յիշէ թէ ճշմարտութիւնը որքա՜ն օգտակար եղաւ իրեն։ Վաղ հասակէն ան բարկացկոտ ու վայրագ բնաւորութեան տէր անհատ մըն էր։ Երբ 14 տարեկանին Աստուածաշունչը սկսաւ ուսումնասիրել, իր բնաւորութիւնը սկսաւ բարեփոխուիլ, որուն համար իր ծնողքը, որոնք այդ ժամանակ Աստուածաշունչով հետաքրքրուած չէին, շատ երախտապարտ եղան։ Մինչ Նոէ հոգեւորապէս յառաջդիմեց, ուզեց իր կեանքը աւելի լիովին Աստուծոյ ծառայութեան մէջ գործածել։ Այժմ ան լիաժամ ծառայութեան մէջ է։
Ալիխանտրոն նոյնպէս սկսաւ քրիստոնէական ճշմարտութիւնով հետաքրքրուիլ, երբ տակաւին շատ փոքր էր, հակառակ որ իր ծնողքը հետաքրքրուած չէին։ Ճշմարտութեան հանդէպ իր գնահատութիւնը արտայայտելով, ան կ’ըսէ. «Մեծցած եմ աւանդական Կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ։ Սակայն համայնավարական անաստուածութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնս աճեցաւ, քանի որ կանուխ տարիքէս զիս խռովեցնող հարցումներուն եկեղեցին չպատասխանեց։ Եհովայի կազմակերպութիւնը ինծի օգնեց Աստուծոյ գիտութիւնը ձեռք ձգելու։ Անիկա բառացիօրէն կեանքս փրկեց, քանի որ եթէ Աստուածաշունչը չուսումնասիրէի, շատ հաւանաբար անբարոյութեան, գինեմոլութեան կամ թմրամոլութեան միջամուխ եղած պիտի ըլլայի։ Թերեւս նոյնիսկ յեղափոխական խումբի մը անդամը եղած պիտի ըլլայի, աղիտալի հետեւանքներէ տառապելով»։
Պատանի մը ի՞նչպէս կրնայ ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ յարատեւել եւ անոր կառչիլ, առանց իր ծնողքին աջակցութեան։ Բացայայտօրէն, երէցներն ու ժողովքի այլ անդամներ շատ կարեւոր դեր մը կը խաղան։ Նոէ կը մտաբերէ. «Երբեք առանձին չեմ զգացած, քանի որ Եհովան միշտ ինծի շատ մօտ եղած է։ Նաեւ, սիրալիր եղբայրներու ու քոյրերու աջակցութիւնը վայելած եմ, որոնք իմ հոգեւոր հայրերս, մայրերս ու եղբայրներս եղած են»։ Այժմ ան կը ծառայէ Պէթէլի մէջ եւ իր ժամանակը կը գործածէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Նմանապէս, Ալիխանտրոն կը նշէ. «Միշտ երախտապարտ պիտի ըլլամ, քանի որ օրհնուեցայ գտնուելով ժողովքի մը մէջ, որուն երէցներու մարմինը ինծի հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։ Յատկապէս երախտագէտ եմ, քանի որ երբ 16 տարեկանիս սկսայ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, պատանիներուն սովորական եղող անհանդարտութիւնը ինծի ալ ազդեց։ Ժողովքին մէջի ընտանիքները բնաւ զիս չլքեցին։ Միշտ կը գտնուէր մէկը որ զիս հիւրասիրէր, եւ հետս բաժնէր ո՛չ միայն իր տունն ու ուտելիքը, այլ նաեւ՝ իր սիրտը»։ Այժմ Ալիխանտրոն աւելի քան 13 տարիէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ է։
Ոմանք կը խորհին թէ կրօնքը տարեցներուն համար է։ Սակայն, բազմաթիւ պատանիներ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորված են վաղ հասակէն եւ Եհովան սիրելով անոր հաւատարիմ մնացած են։ Այս պատանիներուն կրնայ կիրարկուիլ Սաղմոս 110։3–ի մէջ արձանագրուած Դաւիթի խօսքը. «Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն աւելի պիտի ըլլան քեզի»։
Պատանիներուն համար մարտահրաւէր է ճշմարտութիւնը սորվիլ եւ անոր կառչած մնալ։ Ի՜նչ ուրախութիւն է տեսնել որ շատեր Եհովայի կազմակերպութեան մօտիկ կը մնան, կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ կը գտնուին եւ ժրաջանօրէն Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն։ Այսպէս ընելով, անոնք կրցած են Աստուծոյ Խօսքին ու իր ծառայութեան հանդէպ հարազատ սէր մշակել։—Սաղմոս 119։15, 16
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 6 Հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ՝ 1958–ին։