Մխիթարութիւն՝ Աստուծոյ ճշգրիտ գիտութեամբ
Մխիթարութիւն՝ Աստուծոյ ճշգրիտ գիտութեամբ
ՈՄԱՆՑ համար, Աստուծոյ սիրոյն եւ ողորմութեան մասին Աստուածաշունչին ըսածները խռովեցուցիչ հարցումներ կը յարուցանեն։ Անոնք հարց կու տան. Եթէ Աստուած կ’ուզէ չարութիւնը մէջտեղէն վերցնել, եւ ասիկա իրագործելու կերպը գիտէ ու ընելու զօրութիւնը ունի, ուրեմն ինչո՞ւ չարութիւնը կը շարունակէ աւելնալ։ Անոնց համար խնդիրը երեք կարելիութիւններ իրարու հետ ներդաշնակել է. (1) Աստուած ամենազօր է, (2) Աստուած սիրալիր եւ բարի է, եւ (3) աղիտալի դէպքեր տակաւին տեղի կ’ունենան։ Անոնք կը պատճառաբանեն թէ քանի որ վերջին կարելիութիւնը անուրանալիօրէն ճշմարիտ է, ուրեմն, առնուազն միւս երկուքէն մէկը չի կրնար շիտակ ըլլալ։ Անոնք կ’ըսեն՝ կա՛մ Աստուած չարութիւնը կեցնելու անկարող է, եւ կամ հետաքրքրուած չէ։
Նիւ Եորքի Առեւտուրի Համաշխարհային Կեդրոնին կործանումէն քանի մը օր ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնական կարկառուն առաջնորդ մը ըսաւ. «Հարիւրաւոր անգամներ ինծի հարցուած է թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ ողբերգութիւնն ու տառապանքը։ Պէտք է խոստովանիմ թէ պատասխանը իրապէս չեմ գիտեր, նոյնիսկ իմ անձս համոզելու աստիճան»։
Այս խօսքերուն հակազդելով, աստուածաբանութեան փրոֆէսէօր մը գրեց, թէ այս կրօնական առաջնորդին քարոզած «շիտակ աստուածաբանութիւնը» իր սրտին դպած էր։ Ան նաեւ ուսումնականի մը տեսակէտը երկրորդեց, որ գրած էր. «Տառապանքին անըմբռնելիութիւնը, Աստուծոյ անըմբռնելիութեան մէկ մասն է»։ Սակայն, ի՞րապէս անկարելի է հասկնալ թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ չարութիւնը։
Չարութեան Ծագումը
Հակառակ կրօնական առաջնորդներուն ըսածներուն, Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ չարութեան թոյլտուութիւնը որպէս անըմբռնելի գաղափար չի ներկայացներ։ Չարութեան հարցը հասկնալու բանալի մէկ գաղափարն է՝ ընդունիլ թէ Եհովա ամբարիշտ աշխարհ մը չստեղծեց։ Ան առաջին մարդկային զոյգը կատարեալ՝ առանց մեղքի՝ ստեղծեց։ Եհովա իր ստեղծագործութեան նայեցաւ եւ տեսաւ որ «շատ բարի էր»։ (Ծննդոց 1։26, 31) Իր նպատակն էր որ Ադամն ու Եւան Եդեմի Դրախտը երկրի վրայ ընդարձակէին եւ զայն ուրախ մարդոցմով լեցնէին, իր սիրալիր գերիշխանութեան պաշտպանութեան ներքեւ։—Եսայեայ 45։18
Չարութիւնը սկսաւ հոգեղէն արարածի մը հետ, որ թէեւ սկիզբը Աստուծոյ հաւատարիմ էր, բայց պաշտուելու ցանկութիւն մը զարգացուց։ (Յակոբու 1։14, 15) Անոր ըմբոստութիւնը ի յայտ եկաւ երկրի վրայ, երբ առաջին մարդկային զոյգը համոզեց որ Աստուծոյ դէմ իր ըմբոստութեան մէջ իրեն միանան։ Փոխանակ բարիի ու չարի գիտութեան ծառի պտուղէն չուտելու կամ անոր չդպչելու Աստուծոյ բացայայտ պատուէրին հնազանդելու, Ադամն ու Եւան անոր պտուղէն առին ու կերան։ (Ծննդոց 3։1-6) Այսպէս ընելով, անոնք ո՛չ միայն Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան, այլ նաեւ՝ ցոյց տուին թէ կը ցանկային իրմէ անկախ ըլլալ։
Բարոյական Հարց մը Յարուցուեցաւ
Եդեմի մէջ տեղի ունեցած այս ըմբոստութիւնը, բարոյական հարց մը՝ տիեզերական
կարեւորութիւն ունեցող մարտահրաւէր մը՝ յարուց։ Այս մարդկային ըմբոստները, իր արարածներուն վրայ իր իշխանութիւնը բանեցնելու Եհովայի կերպին պատշաճ ըլլալը հարցականի տակ դրին։ Ստեղծիչը իրաւունք ունէ՞ր որ մարդկութենէն լման հնազանդութիւն պահանջէր։ Մարդիկ աւելի ուրախ պիտի ըլլայի՞ն եթէ Աստուծմէ անկախ ապրէին։Եհովա իր իշխանութեան այս ասպարէզ կարդացուիլը այնպիսի կերպով մը ձեռք առաւ, որ սիրոյ, արդարութեան, իմաստութեան եւ զօրութեան մէջ իր կատարեալ հաւասարակշռութիւնը ցուցաբերեց։ Ան կրնար իր զօրութիւնը գործածել ըմբոստութիւնը անմիջապէս ճզմելու համար։ Ասիկա կրնար արդարացի թուիլ, քանի որ ասիկա ընելու իրաւունքը ունէր։ Բայց այսպիսի քայլ մը պիտի չպատասխանէր յարուցուած բարոյական հարցումներուն։ Միւս կողմէ, Աստուած կրնար այդ մեղքը պարզապէս անտեսել։ Այսպիսի ընթացք մը կրնար ոմանց թուիլ այսօր թէ սիրալիր փոխընտրութիւն մըն էր։ Սակայն, ասիկա ալ պիտի չկարենար պատասխանել Սատանայի դաւանութեան, թէ մարդիկ աւելի ուրախ պիտի ըլլային եթէ իրենք զիրենք կառավարէին։ Ասկէ զատ, այսպիսի ընթացք մը պիտի չքաջալերէ՞ր որ ուրիշներ ալ Եհովայի ճամբէն շեղէին։ Հետեւանքը անվերջ տառապանք պիտի ըլլար։
Իր իմաստութեամբ, Եհովա թոյլ տուաւ որ մարդիկ իրմէ անկախ ապրին որոշ ժամանակ մը։ Թէեւ ասիկա նշանակած է չարութիւնը ժամանակաւորապէս թոյլատրել, սակայն այսպիսով մարդիկ պատեհութիւնը ունեցած են ցոյց տալու թէ կրնա՞ն Աստուծմէ անկախ իրենք զիրենք յաջողութեամբ կառավարել, բարիի ու չարի իրենց չափանիշներուն համաձայն ապրելով։ Հետեւանքը ի՞նչ եղած է։ Մարդկային պատմութիւնը յաճախ յատկորոշուած է պատերազմով, անարդարութեամբ, հարստահարութեամբ եւ տառապանքով։ Եհովայի դէմ եղած ըմբոստութեան բացարձակ ձախողութիւնը, Եդեմի մէջ յարուցուած հարցերը միանգամ ընդմիշտ պիտի լուծէ։
Մինչ այդ, Աստուած իր սէրը ցուցաբերեց, իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ հայթայթելով, որ իր մարդկային կեանքը մատուցանեց որպէս փրկանքի զոհ։ Ասիկա հնազանդ մարդիկը կարող կը դարձնէ որ Ադամի անհնազանդութենէն յառաջ եկած մեղքի ու մահուան դատապարտութենէն ազատագրուին։ Փրկանքը յաւիտենական կեանքի Յովհաննու 3։16
ճամբան բացած է Յիսուսի հաւատք ընծայող բոլոր անհատներուն առջեւ։—Եհովայի մխիթարական երաշխիքը ունինք թէ մարդկային տառապանքը ժամանակաւոր է։ «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ», գրեց սաղմոսերգուն։ «Անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։10, 11
Ապահով եւ Ուրախ Ապագայ մը
Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը ցոյց կու տայ թէ ժամանակը եկած է, որ Աստուած վերջ դնէ հիւանդութեան, վշտին եւ մահուան։ Նկատի առէք թէ Յովհաննէս առաքեալի տրուած տեսիլքը գալիք բաներու վրայ ի՜նչ հոյակապ ակնարկ մը կը նետէ։ Ան գրեց. «Ահա նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան եւ ա՛լ ծով չկար։ . . . Աստուած ինք [մարդկութեան] հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Այս խոստումներուն վստահելի ըլլալը շեշտելու համար, Յովհաննէսի ըսուեցաւ. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։—Յայտնութիւն 21։1-5
Ի՞նչ կրնանք ըսել այն միլիառաւոր անմեղներուն մասին, որոնք Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութենէն ետք մեռան։ Եհովա խոստացած է ներկայիս մահուան քունի մէջ եղողներուն յարութիւն տալ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Յոյս ունիմ առ Աստուած, . . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Ասոնք այնպիսի աշխարհի մը մէջ ապրելու հեռանկարը պիտի ունենան, ուր «արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։13
Ճիշդ ինչպէս որ սիրալիր հայր մը թոյլ պիտի տայ որ իր զաւակը ցաւագին վիրաբուժութեան մը ենթարկուի, եթէ գիտէ թէ ասիկա մնայուն օգուտներ պիտի բերէ, նոյնպէս ալ Եհովա թոյլ տուած է որ մարդիկ երկրի վրայ չարութեան ժամանակաւոր գոյութենէն տառապին։ Սակայն, Աստուծոյ կամքը կատարել ջանացողներուն համար, օրհնութիւններով լեցուն յաւիտենականութիւն մը կը սպասէ։ Պօղոս բացատրեց. «Ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց, այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։—Հռովմայեցիս 8։20, 21
Ասիկա հեռատեսիլէն մեր տեսած կամ օրաթերթէն մեր կարդացած լուրերուն նման լուր մը չէ, այլ՝ իրապէս բարի լուր մը։ Ասիկա լաւագոյն լուրն է, որ ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծմէն’ կու գայ, որ իսկապէս կը հոգայ մեզի։—Բ. Կորնթացիս 1։3
[Նկարներ՝ էջ 6]
Ժամանակը ցոյց տուած է թէ մարդկութիւնը չի կրնար Աստուծմէ անկախ ինքզինք կառավարել
[Նկարին աղբիւրները]
Somalian family։ UN PHOTO 159849/M. GRANT; atom bomb։ USAF photo; concentration camp։ U.S. National Archives photo