Մխիթարութիւն՝ տագնապալից ժամանակներու մէջ
Մխիթարութիւն՝ տագնապալից ժամանակներու մէջ
ԱՅՍ օրերուն մխիթարական լուրեր չենք լսեր։ Անհատ մը գրեց. «Ընթացիկ իրադարձութիւնները ա՛յնքան անհաճելի են, որ յաճախ դժուար կը գտնենք որոշել ժամը վեցի լուրերը դիտել»։ Աշխարհը պատերազմով, ահաբեկչութեամբ, տառապանքով, ոճիրով եւ հիւանդութեամբ ողողուած է. չարութիւններ՝ որոնք շուտով կրնան ուղղակիօրէն մեզի ալ ազդել, եթէ տակաւին չեն ազդած։
Աստուածաշունչը այս կացութիւնը ճշգրտօրէն նախագուշակեց։ Մեր ժամանակը նկարագրելով, Յիսուս ըսաւ թէ մեծ պատերազմներ, մահտարաժամներ, սովեր եւ երկրաշարժներ տեղի պիտի ունենային։ (Ղուկաս 21։10, 11) Նմանապէս, Պօղոս առաքեալ գրեց «չար ժամանակներ»ու մասին, երբ մարդիկ պիտի ըլլային դաժանաբարոյ, դրամասէր եւ բարին չսիրող։ Ան այդ ժամանակաշրջանը կոչեց «վերջին օրերը»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5
Արդ, լուրերուն նկարագրած աշխարհի վիճակները որոշ չափով նման են Աստուածաշունչի նախագուշակած բաներուն։ Սակայն, ասիկա միա՛կ նմանութիւնն է։ Աստուածաշունչը տեսակէտ մը կու տայ, զոր լուրերը չեն տար։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին միջոցաւ, կրնանք հասկնալ ո՛չ միայն թէ ինչո՛ւ այսքան չարութիւն կայ, այլ նաեւ՝ թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ։
Աստուած Ամբարշտութիւնը Ի՛նչպէս կը Նկատէ
Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ Աստուած ի՛նչ աչքով կը դիտէ մերօրեայ նեղացուցիչ Ա. Յովհաննու 4։8) Եհովա խորապէս հետաքրքրուած է մարդկութեամբ եւ ամէն տեսակ չարութիւն կ’ատէ։ Տեղին ըլլալով, կրնանք մխիթարութեան համար Աստուծոյ դիմել, քանի որ ան բարի ու կարեկից է, եւ երկրի վրայէն չարութիւնը արմատախիլ ընելու զօրութիւնն ու կամքը ունի։ Սաղմոսերգուն գրեց. «[Աստուծոյ նշանակած երկնային Թագաւորը] աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ»։—Սաղմոս 72։12-14
վիճակները։ Թէեւ ան ներկայ խնդիրները նախագուշակեց, սակայն, ո՛չ կը հաճի, ո՛չ ալ կը մտադրէ առյաւէտ հանդուրժել անոնց։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Աստուած սէր է»։ (Տառապողներուն վրայ կը խղճա՞ք։ Շատ հաւանաբար։ Եհովա մեր մէջ կարեկցութեան յատկութիւնը դրած է, քանի որ իր պատկերով ստեղծուած ենք։ (Ծննդոց 1։26, 27) Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մարդկային տառապանքին հանդէպ անզգայ չէ։ Յիսուս, որ բոլորէն լաւ կը ճանչնար Եհովան, սորվեցուց թէ Եհովա մեծապէս հետաքրքրուած է մեզմով եւ քնքուշ կարեկցութեամբ լեցուն է։—Մատթէոս 10։29, 31
Ստեղծագործութիւնը ինքնին կը վկայէ թէ Աստուած մարդկութեան կը հոգայ։ Յիսուս ըսաւ թէ Աստուած «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ»։ (Մատթէոս 5։45) Լիւստրա քաղաքի մարդոց ուղղելով իր խօսքը, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «[Աստուած] ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով»։—Գործք 14։16
Պատասխանատուութիւնը Ո՞վ կը Կրէ
Ուշադրութեան արժանի է թէ Պօղոս նաեւ Լիւստրայի ժողովուրդին ըսաւ. «Անցած դարերուն [Աստուած] թող տուաւ բոլոր ազգերուն, որ իրենց ճամբաները երթան»։ Ուստի ազգերը, կամ մարդիկը ինքնին, մեծապէս պատասխանատու են այն շատ մը դժուար կացութիւններուն, որոնց մէջ կը գտնուին։ Աստուած այպանելի չէ։—Գործք 14։15
Եհովա ինչո՞ւ կը թոյլատրէ որ չար բաներ պատահին։ Անոնց նկատմամբ բան մը պիտի ընէ՞։ Այս հարցումներուն պատասխանը կրնայ գտնուիլ միայն Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Քանի որ պատասխանը սերտօրէն առնչուած է հոգեղէն ուրիշ արարածի մը հետ եւ անտեսանելի հոգեւոր ծիրին մէջ անոր յարուցած մէկ հարցին հետ։
[Նկարներ՝ էջ 4]
Մարդիկ կարեկցութիւն ունին։ Աստուած մարդկային տառապանքին հանդէպ նուա՞զ զգայուն է
[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 2]
COVER։ Tank։ UN PHOTO 158181/J. Isaac; earthquake։ San Hong R-C Picture Company
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]
Upper left, Croatia։ UN PHOTO 159208/S. Whitehouse; starving child։ UN PHOTO 146150 BY O. MONSEN