Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակեցէք ձեր սորվածը գործադրել

Շարունակեցէք ձեր սորվածը գործադրել

Շարունակեցէք ձեր սորվածը գործադրել

«Ինչ որ սորվեցաք, ընդունեցիք, լսեցիք եւ տեսաք իմ մէջս, զա՛յն գործադրեցէք։ Եւ խաղաղութեան Աստուածը պիտի ըլլայ ձեզի հետ»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4։9, Երուսաղէմ

1, 2. Ընդհանուր առմամբ, Աստուածաշունչը ազդեցութիւն մը կը բանեցնէ՞ իրենք զիրենք կրօնասէր նկատող անհատներու կեանքին վրայ։ Բացատրեցէք։

«ԿՐՕՆՔԸ Իր Ազդեցութիւնը կ’Աւելցնէ, Բայց Բարոյականութիւնը Իր Ազդեցութիւնը կը Կորսնցնէ»։ Emerging Trends [Յայտնուող Միտումներ] շրջաբերականին մէջ այս վերնագիրը ամփոփեց Միացեալ Նահանգներու տարածքին կատարուած փորձագիտանքի մը արդիւնքը։ Բացայայտօրէն, այդ երկրին մէջ եկեղեցի յաճախող եւ իրենց կեանքին մէջ կրօնքին կարեւոր տեղ տուող անհատներու թիւին մէջ յաւելում մը տեսնուած է։ Սակայն, տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ. «Հակառակ այս տպաւորիչ թիւերուն, Ամերիկացիներէն շատեր բացայայտօրէն հարցականի տակ կը դնեն անհատներու կեանքին ու ընդհանուր ընկերութեան վրայ կրօնական հաւատքին ունեցած ազդեցութիւնը»։

2 Այս կացութիւնը միայն մէկ երկրի յատուկ չէ։ Ամբողջ աշխարհի մէջ, շատեր որոնք կ’ըսեն թէ Աստուածաշունչը կ’ընդունին եւ կրօնասէր են, թոյլ չեն տար որ Սուրբ Գրութիւնները իրենց կեանքին վրայ որեւէ իսկական ազդեցութիւն բանեցնեն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։5) Հետազօտութիւն կատարող խմբակի մը գլխաւոր պատասխանատուն ըսաւ. «Տակաւին Աստուածաշունչին հանդէպ մեծ յարգանք ունինք, բայց զայն կարդալու, ուսումնասիրելու եւ կիրարկելու համար ժամանակ տրամադրելը, անցեալին պատկանող բան մըն է»։

3. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կ’ազդէ իսկական Քրիստոնեայ եղողներուն։ (բ) Յիսուսի հետեւորդները ի՞նչպէս կը կիրարկեն Փիլիպպեցիս 4։9–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատը։

3 Իսկ ինչ կը վերաբերի իսկական Քրիստոնեաներուն, պարագան տարբեր է։ Աստուծոյ Խօսքին խրատներուն կիրարկումը, անոնց մտածելակերպին ու վարմունքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուցած է։ Եւ անոնց ցուցաբերած նոր անձնաւորութիւնը իսկոյն կը նշմարուի ուրիշներու կողմէ։ (Կողոսացիս 3։5-10) Յիսուսի հետեւորդներուն համար, Աստուածաշունչը գրադարանի մը մէջ դրուած, վրան փոշի դիզուած անգործածելի գիրք մը չէ։ Ընդհակառակը, Պօղոս առաքեալ Փիլիպպէի Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ինչ որ սորվեցաք, ընդունեցիք, լսեցիք եւ տեսաք իմ մէջս, զա՛յն գործադրեցէք։ Եւ խաղաղութեան Աստուածը պիտի ըլլայ ձեզի հետ»։ (Փիլիպպեցիս 4։9, Երուսաղէմ) Քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը ընդունելէն աւելին կ’ընեն։ Անոնք իրենց սորվածը կը գործադրեն, շարունակաբար կիրարկելով Աստուածաշունչի խրատները՝ ընտանիքին, գործին, ժողովքին եւ կեանքի բոլոր այլ մարզերուն մէջ։

4. Աստուծոյ օրէնքները գործադրելը ինչո՞ւ դժուար է։

4 Աստուծոյ օրէնքներն ու սկզբունքները գործադրելը դիւրին չէ։ Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ Բանսարկու Սատանայի իշխանութեան ներքեւ է, որ Աստուածաշունչին մէջ կը կոչուի «այս աշխարհի աստուածը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննու 5։19) Հետեւաբար, կենսական է զգուշանալ որեւէ բանէ, որ կրնայ արգելք հանդիսանալ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ ուղղամիտ ընթացք մը հետապնդելու։ Ի՞նչպէս կրնանք ուղղամտութիւն պահողներ ըլլալ։

«Ողջամիտ Խօսքերուն Օրինակ»ին Կառչեցէք

5. Յիսուսի ‘շարունակաբար իմ ետեւէս եկէք’ խօսքը ի՞նչ կը թելադրէ։

5 Մեր սորվածը գործադրելը կը պահանջէ հաւատարմօրէն թիկունք կանգնիլ ճշմարիտ պաշտամունքին, ի հեճուկս անհաւատներու հակառակութեան։ Տոկալը ջանքի կը կարօտի։ «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ», ըսաւ Յիսուս, «թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու [«շարունակաբար», ՆԱ] իմ ետեւէս գայ»։ (Մատթէոս 16։24) Յիսուս չըսաւ թէ իրեն պէտք է հետեւինք միայն մէկ շաբաթ, մէկ ամիս կամ մէկ տարի։ Այլ, ան ըսաւ. ‘Շարունակաբար իմ ետեւէս եկէք’։ Իր խօսքերը ցոյց կու տան թէ մեր աշակերտ ըլլալը չի կրնար մեր կեանքին մէկ հանգրուանը ըլլալ, կամ անցողակի նուիրում մը որ այսօր հոս է, վաղը չկայ։ Ճշմարիտ պաշտամունքին հաւատարմօրէն թիկունք կանգնիլը կը նշանակէ թէ հաւատարմօրէն կը տոկանք մեր ընտրած ընթացքին մէջ, ի՛նչ որ ալ պատահի։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։

6. Ի՞նչ է ողջամիտ խօսքերուն օրինակը, որ առաջին դարու Քրիստոնեաները Պօղոսէն սորվեցան։

6 Պօղոս իր գործակիցը՝ Տիմոթէոսը յորդորեց, ըսելով. «Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է»։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Հոս «օրինակ» թարգմանուած Յունարէն բառը, բառացիօրէն կ’ակնարկէ արուեստագէտի մը նախագծին։ Թէեւ շատ մանրամասնուած չ’ըլլար, բայց այսպիսի նախագիծ մը յստակ գծագրութիւն կ’ունենայ, այնպէս որ խելացի դիտող մը կրնայ ընդհանուր պատկերը ըմբռնել։ Նմանապէս, այն ճշմարտութեան օրինակը, որ Պօղոս Տիմոթէոսի եւ ուրիշներու սորվեցուց, ծրագրուած չէր իւրաքանչիւր հաւանական հարցումի մասնայատուկ պատասխան մը տալու։ Այսուհանդերձ, այս ամբողջ ուսուցումը բաւարար առաջնորդութիւն կը հայթայթէ, ուրուագծի մը նման, որպէսզի պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները կարենան հասկնալ թէ Եհովա ի՛նչ կը պահանջէ իրենցմէ։ Անշուշտ, Աստուած հաճեցնելու համար պէտք է շարունակեն կառչած մնալ այդ ճշմարտութեան օրինակին, իրենց սորվածը գործադրելով։

7. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան ողջամիտ խօսքերուն օրինակին կառչած մնալ։

7 Առաջին դարուն, Հիմենոսի, Աղեքսանդրոսի եւ Փիղետոսի նման անհատներ յառաջ կը տանէին այնպիսի գաղափարներ, որոնք «ողջամիտ խօսքերուն օրինակ»ին չէին յարմարեր։ (Ա. Տիմոթէոս 1։18-20. Բ. Տիմոթէոս 2։16, 17) Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնային հաւատուրացներու կողմէ չմոլորիլ։ Ուշադրութեամբ ներշնչեալ գրութիւնները ուսումնասիրելով եւ զանոնք իրենց կեանքին մէջ գործադրելով։ Պօղոսի եւ այլ հաւատարիմներու օրինակին հետեւողները կրցան ճանչնալ եւ մերժել որեւէ բան, որ իրենց սորված ճշմարտութեան օրինակին հետ համաձայն չէր։ (Փիլիպպեցիս 3։17. Եբրայեցիս 5։14) Փոխանակ «վէճերով ու հակառակութիւններով ախտացած» ըլլալու, անոնք շարունակեցին յառաջ ընթանալ իրենց աստուածպաշտութեան շիտակ ընթացքին մէջ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։3-6) Նոյն բանը կ’ընենք, երբ կը շարունակենք մեր սորված ճշմարտութիւնները գործադրել։ Ո՜րքան հաւատք կը զօրացնէ տեսնել թէ համայն աշխարհի մէջ Եհովայի ծառայող միլիոնաւորներ, իրենց սորված Աստուածաշունչի ճշմարտութեան օրինակին ամրօրէն կառչած կը մնան։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։2-5

«Առասպելներ»ը Մերժեցէ՛ք

8. (ա) Սատանան ի՞նչպէս կը փորձէ մեր հաւատքը կործանել ներկայիս։ (բ) Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4–ի մէջ Պօղոս ի՞նչ ազդարարութիւն կու տայ։

8 Սատանան կը ջանայ մեր ուղղամտութիւնը բեկանել, մեզի ուսուցուած բաներուն մասին կասկածներ ցանելով։ Ներկայիս, ինչպէս առաջին դարուն, հաւատուրացներ եւ ուրիշներ կը ջանան անմեղ անհատներու հաւատքը կործանել։ (Գաղատացիս 2։4. 5։7, 8) Երբեմն անոնք լրատուամիջոցները կը գործածեն, խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ կամ նոյնիսկ բացայայտ սուտեր տարածելու համար, Եհովայի ժողովուրդին մեթոտներուն ու շարժառիթներուն մասին։ Պօղոս ազդարարեց որ ոմանք ճշմարտութենէն պիտի հեռանային։ Ան գրեց. «Ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց եւ ճշմարտութենէն ականջնին պիտի դարձնեն ու առասպելներու ետեւէ պիտի մոլորին»։—Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4

9. Պօղոս թերեւս ի՞նչ բան ի մտի ունէր, երբ «առասպելներու» ակնարկութիւն ըրաւ։

9 Փոխանակ ողջամիտ խօսքերուն օրինակին կառչելու, ոմանք ‘առասպելներով’ հրապուրուած էին։ Ի՞նչ էին այս առասպելները։ Թերեւս Պօղոս ի մտի ունէր երեւակայական աւանդավէպեր, Տոբիթ պարականոն գրքին պարունակածին նման։ * Առասպելները թերեւս պարփակած էին նաեւ զգայացունց ու ենթադրական տարաձայնութիւններ։ Կրնայ ըլլալ որ ոմանք «իրենց ցանկութիւններուն համեմատ», մտքով խաբուած էին անոնց կողմէ, որոնք Աստուծոյ չափանիշներուն հանդէպ թոյլատու կեցուածք մը որդեգրած էին, կամ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն հանդէպ քննադատական էին։ (Գ. Յովհաննու 9, 10. Յուդա 4) Ի՛նչ որ ալ ըլլային գայթակղելու պատճառները, բացայայտօրէն ոմանք Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւններուն փոխարէն ստութիւնները նախընտրեցին։ Շուտով անոնք դադրեցան իրենց սորվածը գործադրելէ, եւ ասիկա վնաս հասցուց իրենց հոգեւորականութեան։—Բ. Պետրոս 3։15, 16

10. Ի՞նչ են կարգ մը արդի առասպելները, եւ Յովհաննէս զգոյշ ըլլալու կարիքը ի՞նչպէս աչքառու դարձուց։

10 Ներկայիս կրնանք խուսափիլ առասպելներով հրապուրուելէ, եթէ մեր լսած եւ կարդացած բաները մանրակրկիտ քննենք եւ ընտրողական ըլլանք։ Օրինակ, յաճախ լրատուամիջոցները անբարոյութիւնը յառաջ կը մղեն։ Շատեր երեւութապաշտութիւնը կամ անաստուածութիւնը կը քաջալերեն։ Բարձրագոյն քննադատներ կը ծիծաղին Աստուածաշունչի դաւանութեան վրայ թէ Աստուծմէ ներշնչուած է։ Իսկ այժմու հաւատուրացները յարատեւաբար կը ջանան կասկածի սերմեր ցանել, Քրիստոնեաներուն հաւատքը ապականելու համար։ Առաջին դարու սուտ մարգարէներուն պատճառած նման մէկ վտանգին մասին խօսելով, Յովհաննէս առաքեալ ազդարարեց. «Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են»։ (Ա. Յովհաննու 4։1) Ուստի, պէտք է զգոյշ ըլլանք։

11. Ի՞նչ կերպով մը կրնանք մեր անձերը քննել, տեսնելու համար թէ հաւատքին մէ՛ջն ենք։

11 Այս առնչութեամբ, Պօղոս գրեց. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք»։ (Բ. Կորնթացիս 13։5, Անթիլիաս) Առաքեալը մեզ յորդորեց որ մեր անձերը քննենք, տեսնելու համար թէ քրիստոնէական բոլոր հաւատալիքներուն կը կառչի՞նք թէ ոչ։ Եթէ դժգոհ անհատներու մտիկ ընելու հակումը ունինք, աղօթքով մեր կեցուածքը պէտք է վերլուծենք։ (Սաղմոս 139։23, 24) Եհովայի ժողովուրդին մէջ թերութիւն գտնելու հակումը ունի՞նք։ Եթէ այո, ինչո՞ւ։ Մէկու մը խօսքերէն կամ արարքներէն վիրաւորուա՞ծ ենք։ Եթէ այս է պարագան, հարցերը պատշաճ տեսանկիւնէն կը դիտե՞նք։ Իրերու այս դրութեան մէջ մեր դիմագրաւած որեւէ նեղութիւն ժամանակաւոր է։ (Բ. Կորնթացիս 4։17) Նոյնիսկ եթէ ժողովքին մէջ որոշ փորձութիւն մը դիմագրաւենք, ինչո՞ւ Աստուծոյ ծառայելէ դադրինք։ Եթէ բան մը մեզ կը նեղէ, աւելի լաւ չէ՞ հարցը լուծելու համար մեր կարելին ընենք, ապա զայն Եհովայի ձեռքերուն մէջ ձգենք։—Սաղմոս 4։4. Առակաց 3։5, 6. Եփեսացիս 4։26

12. Բերիացիները մեզի համար ի՞նչպէս լաւ օրինակ մը հանդիսացան։

12 Փոխանակ քննադատական ըլլալու, թող որ անձնական ուսումնասիրութեան եւ ժողովներու միջոցաւ մեր ստացած տեղեկութիւններուն հանդէպ հոգեւորապէս առողջ տեսակէտ մը պահպանենք։ (Ա. Կորնթացիս 2։14, 15) Իսկ փոխանակ Աստուծոյ Խօսքը կասկածի տակ դնելու, որքա՜ն խոհեմութիւն է առաջին դարու Բերիացիներուն կեցուածքը ունենալ, որոնք Սուրբ Գրութիւնները մօտէն քննեցին։ (Գործք 17։10, 11) Ետքը, մեր սորվածը գործադրենք, առասպելները մերժելով եւ ճշմարտութեան կառչելով։

13. Ի՞նչպէս կրնանք անգիտակցաբար առասպելներ տարածել։

13 Տարբեր տեսակ առասպել մը կայ, որմէ պէտք է զգուշանանք։ Բազմաթիւ զգայացունց պատմութիւններ կը շրջաբերին, յաճախ ելեկտրոնական թղթակցութեամբ (Ե–նամակով)։ Այսպիսի պատմութիւններու նկատմամբ զգոյշ ըլլալը խոհեմութիւն է, մանաւանդ եթէ տեղեկութիւններուն բուն աղբիւրը չենք գիտեր։ Նոյնիսկ եթէ փորձառութիւն ղրկողը բարեհամբաւ Քրիստոնեայ մըն է, ան կրնայ իրողութիւնները անձնապէս լսած չըլլալ։ Ասոր համար կարեւոր է որ զգոյշ ըլլանք անստոյգ պատմութիւններ կրկնելէ կամ ուրիշներուն ղրկելէ։ Վստահաբար պիտի չուզէինք ‘պիղծ առասպելներ’ կրկնել։ (Ա. Տիմոթէոս 4։7) Քանի որ իրարու ճշմարտութիւնը խօսելու պարտաւորութիւնը ունինք, խոհեմութեամբ վարուած կ’ըլլանք եթէ խուսափինք նոյնիսկ անգիտակցաբար ստութիւններ տարածելէ։—Եփեսացիս 4։25

Ճշմարտութիւնը Գործադրելու Դրական Արդիւնքները

14. Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորվածը գործադրելով ի՞նչ օգուտներ ձեռք կը ձգենք։

14 Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան եւ քրիստոնէական ժողովներուն միջոցաւ մեր սորվածը գործադրելը բազմաթիւ օգուտներ պիտի բերէ։ Օրինակ, կրնանք նկատել թէ մեր հաւատակիցներուն հետ մեր յարաբերութիւնները կը բարելաւուին։ (Գաղատացիս 6։10) Մեր իսկ տրամադրութիւնը պիտի բարելաւուի, երբ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկենք։ (Սաղմոս 19։8) Ասկէ զատ, մեր սորվածը գործադրելով, ‘Աստուծոյ վարդապետութիւնը կը զարդարենք’, եւ հաւանաբար ուրիշներ ճշմարիտ պաշտամունքին կը քաշենք։—Տիտոս 2։6-10

15. (ա) Աղջնակ մը ի՞նչպէս դպրոցին մէջ քաջութիւն հաւաքելով վկայեց։ (բ) Այս փորձառութենէն ի՞նչ սորվեցաք։

15 Եհովայի Վկաներուն մէջ բազմաթիւ դեռատիներ կան, որոնք կը գործադրեն ինչ որ սորված են Աստուածաշունչի եւ քրիստոնէական գրականութիւններու անձնական ուսումնասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ ժողովներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով։ Անոնց ընտիր վարքը դպրոցի ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն համար զօրաւոր վկայութիւն մըն է։ (Ա. Պետրոս 2։12) Նկատի առէք Լեսլին, Միացեալ Նահանգներէն 13 տարեկան աղջնակ մը։ Ան կը խոստովանի թէ իր հաւատքին մասին իր դասընկերներուն խօսիլը սովորաբար դժուար կը գտնէր, բայց օր մը ասիկա փոխուեցաւ։ «Դասարանին մէջ կը խօսուէր այն մարդոց մասին, որոնք կը փորձեն ձեզի բաներ ծախել։ Աշակերտուհի մը իր ձեռքը բարձրացուց եւ Եհովայի Վկաներուն օրինակը տուաւ»։ Վկայ մը ըլլալով, Լեսլի ի՞նչպէս հակազդեց։ Ան կ’ըսէ. «Հաւատքս պաշտպանեցի, եւ վստահաբար ասոր վրայ բոլորն ալ զարմացան, քանի որ սովորաբար լուռ եմ դպրոցին մէջ»։ Ի՞նչ էր Լեսլիի համարձակութեան արդիւնքը։ «Կրցայ այդ աշակերտուհիին գրքոյկ եւ թերթիկ մը տալ, քանի որ ուրիշ հարցումներ ալ ունէր», կ’ըսէ Լեսլի։ Եհովա որքա՜ն կ’ուրախանայ, երբ իրենց սորվածը գործադրող դեռատիներ, դպրոցին մէջ քաջութիւն հաւաքելով կը վկայեն։—Առակաց 27։11. Եբրայեցիս 6։10

16. Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը ի՞նչպէս դեռատի Վկայի մը օգտակար եղած է։

16 Նկատի առնենք Էլիզապէթին օրինակը։ Եօթը տարեկանէն սկսեալ եւ նախակրթարանի բոլոր տարիներու ընթացքին, այս աղջնակը իր ուսուցիչները Թագաւորութեան Սրահ կը հրաւիրէր, ամէն անգամ որ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ նշանակում մը ունենար։ Եթէ ուսուցիչ մը չկարենար ներկայ գտնուիլ, Էլիզապէթ դասապահերէն ետք դպրոց կը մնար եւ նիւթը ուսուցիչին կը ներկայացնէր։ Երկրորդական վարժարանին վերջին տարին, Էլիզապէթ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին օգուտներուն մասին տասը էջնոց տեղեկագրութիւն մը գրեց, եւ չորս ուսուցիչներու առջեւ զայն ներկայացուց։ Նաեւ իրմէ խնդրուեցաւ որ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տիպար դասախօսութիւն մը ներկայացնէ, որուն համար ան ընտրեց «Աստուած Ինչո՞ւ կը Թոյլատրէ Չարիքը» բնաբանը։ Էլիզապէթ օգտուած է Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ Եհովայի Վկաներուն մատուցած դաստիարակչական յայտագրէն։ Ան միայն մէկն է այն բազմաթիւ Քրիստոնեայ դեռատիներէն, որոնք Եհովայի փառք կը բերեն, իր Խօսքէն իրենց սորվածը գործադրելով։

17, 18. (ա) Աստուածաշունչը պարկեշտութեան մասին ի՞նչ խրատ կը ներկայացնէ։ (բ) Մարդ մը ի՞նչպէս ազդուած էր Եհովայի Վկայի մը պարկեշտ վարքէն։

17 Աստուածաշունչը Քրիստոնեաները կը յորդորէ որ ամէն բանի մէջ պարկեշտ վարմունք ունենան։ (Եբրայեցիս 13։18) Անպարկեշտութիւնը կրնայ ուրիշներու եւ, աւելի կարեւորը, Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը կործանել։ (Առակաց 12։22) Մեր վստահելի վարքը ապացոյց մըն է թէ մեր սորվածը կը գործադրենք, եւ ասիկա պատճառ եղած է որ շատեր Եհովայի Վկաներուն հանդէպ աւելի յարգանք ունենան։

18 Նկատի առէք Ֆիլիփ անունով զինուորականի մը փորձառութիւնը։ Ան կորսնցուց՝ գումարը չնշուած բայց ստորագրուած դրամատոմս մը, եւ ասոր չանդրադարձաւ մինչեւ որ անիկա իրեն վերադարձաւ թղթատարական ճամբով։ Դրամատոմսը գտնուած էր Եհովայի Վկայի մը կողմէ, եւ անոր հետ երկտող մը կար, որ կ’ըսէր թէ գտնողին կրօնական հաւատալիքները զինք մղեցին դրամատոմսը վերադարձնելու։ Ֆիլիփ ապշեցաւ։ Ան ըսաւ. «Կրնային 9,000 տոլարս իրենց գրպանը դնել»։ Անգամ մը ան յուսախաբ եղած էր, եկեղեցիին մէջ իր գլխարկը գողցուելով։ Ըստ երեւոյթին, ծանօթ մը իր գլխարկը առած էր, մինչ օտար մը հազարաւոր տոլարներ արժող դրամատոմս մը վերադարձուցած էր։ Արդարեւ, պարկեշտ Քրիստոնեաները Եհովա Աստուծոյ պատիւ կը բերեն։

Շարունակեցէք Ձեր Սորվածը Գործադրել

19, 20. Ի՞նչպէս պիտի օգտուինք մեր սորված սուրբ գրային բաներուն համաձայն գործելով։

19 Աստուծոյ Խօսքէն իրենց սորվածը գործադրողները անհամար օգուտներ կը քաղեն։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ»։ (Յակոբու 1։25) Այո, եթէ մեր սորված սուրբ գրային բաներուն համաձայն գործենք, իսկական ուրախութիւն պիտի ունենանք եւ կեանքի ճնշումներուն հետ գլուխ ելլելու համար աւելի լաւ զինուած պիտի ըլլանք։ Ամէն բանէ աւելի, Եհովայի օրհնութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը պիտի ունենանք։—Առակաց 10։22. Ա. Տիմոթէոս 6։6

20 Ուստի, ամէն գնով շարունակեցէք Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանօրէն ուսումնասիրել։ Կանոնաւորաբար հաւաքուեցէք Եհովայի երկրպագուներուն հետ, եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայացուած նիւթերուն ուշադրութիւն ընծայեցէք։ Ձեր սորվածը կիրարկեցէք, շարունակեցէք զայն գործադրել, եւ «խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։—Փիլիպպեցիս 4։9

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Տոբիթ գիրքը, որ հաւանաբար Հ.Դ.Ա. երրորդ դարուն գրուած է, կը բովանդակէ Տուբի անունով Հրեայի մը հեքիաթը։ Կ’ըսուի թէ ան բուժելու եւ դեւեր հանելու կարողութիւն ունէր, գործածելով հրէշային ձուկի մը սիրտը, մաղձն ու լեարդը։

Կը յիշէ՞ք

• Ի՞նչ է «ողջամիտ խօսքերուն օրինակը», եւ ի՞նչպէս կրնանք անոր կառչած մնալ։

• Ի՞նչ «առասպելներ» պէտք է մերժենք։

• Աստուծոյ Խօսքէն իրենց սորվածը գործադրողները ի՞նչ օգուտներ կը վայելեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնային հաւատուրացներու կողմէ չմոլորիլ

[Նկարներ՝ էջ 16]

Կասկածի սերմեր կրնան ցանուիլ լրատուամիջոցներու կողմէ, Համացանցի միջոցաւ, եւ այժմու հաւատուրացներու կողմէ

[Նկար՝ էջ 17]

Անստոյգ տեղեկագրութիւններ շրջաբերելը խոհեմութիւն չէ

[Նկարներ՝ էջ 18]

Եհովայի Վկաները Աստուծոյ Խօսքին մէջ իրենց կարդացած բաները կը գործադրեն գործատեղին, դպրոցին եւ այլ վայրերու մէջ