Եհովա ձեզի համար կը հոգայ
Եհովա ձեզի համար կը հոգայ
«Ձեր ամէն հոգը [Աստուծոյ] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 5։7
1. Ի՞նչ կարեւոր երեսակի մէջ Եհովան ու Սատանան իրարու կատարեալ հակապատկեր են։
ԵՀՈՎԱՆ ու Սատանան իրարու կատարեալ հակապատկեր են։ Ոեւէ անհատ որ Եհովայի մօտ կը զգայ, ինքնաբերաբար Բանսարկուէն պիտի մերժուի։ Այս հակադրութիւնը նշուած է հանրածանօթ աշխատասիրութեան մը մէջ։ Աստուածաշունչի Յոբայ գրքին մէջ ուրուագծուած Սատանայի գործունէութիւններուն առնչութեամբ, Encyclopædia Britannica (1970) կ’ըսէ. ‘Սատանայի գործն է երկրի վրայ պտըտիլ, փնտռել արարքներ կամ անձեր եւ անոնց մասին գէշ տեղեկագրութիւն տալ. հետեւաբար, իր գործը «Տէրոջ աչքեր»ուն ըրածին ճիշդ հակառակն է, որոնք երկրի վրայ կը պտըտին բոլոր բարի բաները զօրացնելու համար։ (Բ. Մնաց. 16։9) Սատանան մարդուն անձնուրաց բարութիւնը կը հեգնէ, եւ անոր թոյլատրուած է որ զայն փորձի ենթարկէ, Աստուծոյ հեղինակութեան եւ հակակշռին ներքեւ, եւ Աստուծոյ դրած սահմաններէն ներս’։ Այո, ի՜նչ հակադրութիւն մը։—Յոբայ 1։6-12. 2։1-7
2, 3. (ա) «Բանսարկու» բառին իմաստը ի՞նչպէս լաւ կերպով բացատրուած է Յոբի պատահած բաներով։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Սատանան կը շարունակէ երկրի վրայ գտնուող Եհովայի ծառաները ամբաստանել։
2 «Բանսարկու» թարգմանուած Յունարէն բառը կը նշանակէ՝ «սուտ ամբաստանութիւն ընող», «զրպարտիչ»։ Յոբայ գիրքը կը յայտնէ թէ Սատանան Եհովայի հաւատարիմ ծառան՝ Յոբը՝ ամբաստանեց, նշելով Յոբայ 1։9) Յոբայ գրքին արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ի հեճուկս իր փորձութիւններուն ու նեղութիւններուն, Յոբ ա՛լ աւելի Եհովայի մօտեցաւ։ (Յոբայ 10։9, 12. 12։9, 10. 19։25. 27։5. 28։28) Իր խիստ փորձառութենէն ետք, ան Աստուծոյ ըսաւ. «Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ»։—Յոբայ 42։5
թէ ան անձնական շահերէ մղուած Աստուծոյ կը ծառայէր. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ»։ (3 Յոբի ժամանակէն ի վեր, Սատանան դադրա՞ծ է Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ամբաստանելէ։ Ո՛չ։ Յայտնութիւն գիրքը ցոյց կու տայ թէ այս վերջին ժամանակին մէջ, Սատանան կը շարունակէ Քրիստոսի օծեալ եղբայրները, ինչպէս նաեւ անոնց հաւատարիմ ընկերակիցները, ամբաստանել։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12. Յայտնութիւն 12։10, 17) Ուստի, որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ, բոլորս ալ պէտք է մեր հոգածու Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ հնազանդինք, խոր սէրէ մղուած իրեն ծառայելով, որպէսզի Սատանայի ամբաստանութիւններուն սուտ ըլլալը ապացուցանենք։ Այսպէս ընելով, Եհովայի սիրտը պիտի ուրախացնենք։—Առակաց 27։11
Եհովա Մեզի Օգնելու Կերպեր կը Փնտռէ
4, 5. (ա) Սատանայի հակառակը, Եհովա երկրի վրայ ի՞նչ կը փնտռէ։ (բ) Որպէսզի Եհովայի հաճութիւնը վայելենք, ի՞նչ բան անհրաժեշտ է որ ընենք։
4 Բանսարկուն երկրի վրայ կը պտըտի, ջանալով մէկը ամբաստանել եւ կլլել։ (Յոբայ 1։7, 9. Ա. Պետրոս 5։8) Միւս կողմէ, Եհովա կը ջանայ իր զօրութեան կարիքը ունեցողներուն օգնել։ Անանի մարգարէն Ասա Թագաւորին ըսաւ. «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Ի՜նչ հակադրութիւն կայ Սատանայի ատելավառ քննութեան եւ Եհովայի սիրալիր հոգատարութեան միջեւ։
5 Եհովա մեզ չի լրտեսեր, մեր իւրաքանչիւր թերացումն ու սխալը երեւան հանելու համար։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ»։ (Սաղմոս 130։3) Պատասխանն է՝ ո՛չ մէկը։ (Ժողովողի 7։20) Եթէ Եհովայի մօտենանք կատարեալ սրտով, իր աչքերը մեր վրայ պիտի ըլլան, ո՛չ թէ մեզ դատապարտելու, այլ՝ մեր ջանքերը տեսնելու եւ օգնութեան ու թողութեան համար մատուցած մեր աղօթքներուն պատասխանելու համար։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է»։—Ա. Պետրոս 3։12
6. Դաւիթի պարագան ի՞նչպէս մեզի համար թէ՛ մխիթարութիւն եւ թէ ազդարարութիւն մըն է։
6 Դաւիթ անկատար էր եւ շատ լուրջ մեղքեր գործեց։ (Բ. Թագաւորաց 12։7-9) Սակայն, ան իր սիրտը Եհովայի առջեւ թափեց եւ ջերմեռանդ աղօթքով անոր մօտեցաւ։ (Սաղմոս 51։1-12, մակագրութիւն) Եհովա լսեց անոր աղօթքը եւ ներեց, թէեւ Դաւիթ իր մեղքին անախորժ հետեւանքները կրեց։ (Բ. Թագաւորաց 12։10-14) Ասիկա մեզ պէտք է թէ՛ մխիթարէ եւ թէ ազդարարէ։ Մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա մեր մեղքերը սիրայօժար կերպով կը ներէ եթէ իրապէս զղջանք, բայց զգաստացուցիչ է գիտակցիլ թէ մեղքերը յաճախ լուրջ հետեւանքներ կ’ունենան։ (Գաղատացիս 6։7-9) Եթէ կ’ուզենք Եհովայի մօտենալ, կարելի եղածին չափ հեռու պէտք է կենանք որեւէ բանէ որ զինք կը տհաճեցնէ։—Սաղմոս 97։10
Եհովա Իր Ժողովուրդը Իրեն կը Քաշէ
7. Եհովա ի՞նչպիսի անհատներ կը փնտռէ, եւ զանոնք ի՞նչպէս իրեն կը քաշէ։
7 Դաւիթ իր սաղմոսներէն մէկուն մէջ գրեց. «Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ»։ (Սաղմոս 138։6) Նոյն կերպով, ուրիշ սաղմոս մը կ’ըսէ. «Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, որ բարձրութեան մէջ կը բնակի. որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները տեսնելու համար կը խոնարհի, որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ»։ (Սաղմոս 113։5-7) Այո, տիեզերքի ամենակալ Ստեղծիչը կը խոնարհի երկրի վրայ եղած բաները տեսնելու համար, եւ իր աչքերը կը տեսնեն «խոնարհը», «աղքատը», «բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող» մարդիկը։ (Եզեկիէլ 9։4) Ան այսպիսիները իր Որդւոյն միջոցաւ իրեն կը քաշէ։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ։ . . . Մէ՛կը չի կրնար ինծի գալ, եթէ իմ Հօրմէս տրուած չըլլայ անոր»։—Յովհաննու 6։44, 66
8, 9. (ա) Ինչո՞ւ բոլորս ալ Յիսուսի պէտք է գանք։ (բ) Փրկանքի կարգադրութեան նկատմամբ ի՞նչ բան շատ յատկանշական է։
Յովհաննու 3։36) Անոնք Աստուծոյ հետ պէտք է հաշտուին։ (Բ. Կորնթացիս 5։20) Աստուած չսպասեց որ մեղաւորներ խնդրեն իրմէ որ կարգադրութիւն մը ընէ, իրեն հետ խաղաղ յարաբերութիւն ունենալու համար։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ . . . եթէ մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի ապրինք անոր կեանքովը»։—Հռովմայեցիս 5։8-10
8 Բոլոր մարդիկ Յիսուսի պէտք է գան եւ փրկանքի զոհին հաւատք ընծայեն, քանի որ մեղաւոր ծնած են, եւ՝ Աստուծմէ օտարացած։ (9 Յովհաննէս առաքեալ հաստատեց այն վեհ ճշմարտութիւնը թէ Աստուած մարդիկը իրեն հետ կը հաշտեցնէ, գրելով. «Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու»։ (Ա. Յովհաննու 4։9, 10) Աստուած է որ նախաքայլը առաւ, եւ ո՛չ թէ մարդը։ Չէ՞ք հրապուրուիր Աստուծմով մը, որ մեզի հանդէպ ա՛յսքան սէր ցոյց տուաւ, հակառակ որ ո՛չ միայն «մեղաւոր»ներ էինք, այլ նաեւ՝ «թշնամի»ներ։—Յովհաննու 3։16
Եհովան Փնտռելու Կարիքը
10, 11. (ա) Եհովան փնտռելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ (բ) Սատանայի իրերու դրութիւնը ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք։
10 Ինչպէս գիտենք, Եհովա մեզ չի ստիպեր որ իրենք մօտենանք։ Պէտք է զինք փնտռենք, ‘խարխափելով զինք գտնենք. թէպէտեւ մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ’։ (Գործք 17։27) Պէտք է ընդունինք որ Եհովա իրաւունք ունի մեզմէ հնազանդութիւն պահանջելու։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի։ Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ։ Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ, մե՛ղաւորներ եւ մաքրեցէք սրտերնիդ, ե՛րկմիտներ»։ (Յակոբու 4։7, 8) Պէտք չէ վարանինք հաստատ կեցուածք մը բռնելու Բանսարկուին դէմ, եւ՝ Եհովայի կողքին։
11 Ասիկա կը նշանակէ մեր անձերը Սատանայի իրերու ամբարիշտ դրութենէն հեռու պահել։ Յակոբոս նաեւ գրեց. «Չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհին սէրը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուստի ով որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կ’ընէ»։ (Յակոբու 4։4) Միւս կողմէ, եթէ կ’ուզենք Եհովայի բարեկամը ըլլալ, պէտք է ակնկալենք որ Սատանայի աշխարհը մեզ ատէ։—Յովհաննու 15։19. Ա. Յովհաննու 3։13
12. (ա) Դաւիթ ի՞նչ մխիթարական խօսքեր գրեց։ (բ) Ազարիա մարգարէին միջոցաւ Եհովա ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։
12 Երբ Սատանայի աշխարհը որոշ ձեւով մը մեզի հակառակ կենայ, յատկապէս պէտք է Եհովայի մօտենանք աղօթքով եւ իր օգնութիւնը խնդրենք։ Դաւիթ, որ Եհովայի կողմէ բազմաթիւ անգամներ ազատագրուած էր, մեզ մխիթարելու համար գրեց. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։ Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։ Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ»։ (Սաղմոս 145։18-20) Այս սաղմոսը ցոյց կու տայ թէ Եհովա կրնայ մեզ փրկել, երբ անհատապէս կը փորձուինք, եւ թէ իր ժողովուրդը խմբովին պիտի փրկէ «մեծ նեղութեան» ժամանակ։ (Յայտնութիւն 7։14) Եհովա մեզի մօտիկ պիտի մնայ, եթէ մենք իրեն մօտիկ մնանք։ ‘Աստուծոյ հոգիով’ առաջնորդուած, Ազարիա մարգարէն ընդհանրական ճշմարտութիւն մը ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք ու եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու»։—Բ. Մնացորդաց 15։1, 2
Եհովա Մեզի Համար Իրական Պէտք Է Ըլլայ
13. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովա մեզի համար իրական է։
13 Պօղոս առաքեալ Մովսէսի մասին գրեց, թէ ան «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։27) Անշուշտ, Մովսէս բնաւ բառացիօրէն Եհովան չտեսաւ։ (Ելից 33։20) Սակայն Եհովա իրեն համար ա՛յնքան իրական էր, որ կարծես թէ զինք կը տեսնէր։ Նմանապէս, իր փորձութիւններէն ետք, Յոբ հաւատքի աչքերով աւելի բացայայտ կերպով տեսաւ Եհովան որպէս Աստուած մը, որ թոյլ կու տայ որ իր հաւատարիմ ծառաները փորձութիւններէ անցնին, բայց զանոնք երբեք երեսի վրայ չի ձգեր։ (Յոբայ 42։5) Ենովքի ու Նոյի մասին ըսուած է թէ ‘Աստուծոյ հետ քալեցին’։ Ասիկա ըրին, ջանալով զինք հաճեցնել եւ իրեն հնազանդիլ։ (Ծննդոց 5։22-24. 6։9, 22. Եբրայեցիս 11։5, 7) Եթէ Եհովա մեզի համար իրական է, ինչպէս էր Ենովքի, Նոյի, Յոբի եւ Մովսէսի, մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ ‘զանիկա պիտի ճանչնանք’, եւ ան ‘մեր շաւիղները պիտի ուղղէ’։—Առակաց 3։5, 6
14. Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի ‘յարիլ’։
14 Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիր մտնելէն քիչ առաջ, Մովսէս զանոնք խրատեց. «Ձեր Տէր Աստուծոյն հետեւեցէք ու անկէ վախցէք, անոր պատուիրանքները պահեցէք ու անոր խօսքին հնազանդեցէք, զանիկա պաշտեցէք ու Բ. Օրինաց 13։4) Անոնք Եհովայի պէտք էր հետեւէին, անկէ վախնային, իրեն հնազանդէին եւ յարէին։ Հոս ‘յարիլ’ թարգմանուած բառին առնչութեամբ, Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ թէ Եբրայերէն «լեզուն կը նշէ շատ սերտ ու մտերիմ յարաբերութիւն մը»։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է»։ (Սաղմոս 25։14) Եհովայի հետ այս թանկագին ու սերտ յարաբերութիւնը պիտի վայելենք, եթէ ան մեզի համար իրական ըլլայ եւ զինք ա՛յնքան սիրենք, որ վախնանք զինք որեւէ կերպով տհաճեցնելէ։—Սաղմոս 19։9-14
անոր յարեցէք»։ (Եհովայի Հոգատարութեան Գիտակի՞ց Էք
15, 16. (ա) Սաղմոս 34–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա մեզի համար կը հոգայ։ (բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ դիւրաւ չենք յիշեր մեզի ի նպաստ Եհովայի ըրած բարութեան արարքները։
15 Սատանայի նենգամիտ արարքներէն մէկն է, ջանալ մեզի մոռցնել տալ այն իրողութիւնը, թէ մեր Աստուածը՝ Եհովան՝ յարատեւ հոգ կը տանի իր հաւատարիմ ծառաներուն։ Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը Եհովայի պաշտպանութեան քաջածանօթ էր, նոյնիսկ երբ չափազանց վտանգաւոր պահ մը դիմագրաւեց։ Երբ Գէթի Անքուս Թագաւորին առջեւ ստիպուեցաւ ինքզինք խենթ ձեւացնել, ան երգ մը յօրինեց, շատ գեղեցիկ սաղմոս մը, որուն մէջ հաւատքի հետեւեալ արտայայտութիւնները կը գտնենք. «Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը։ Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։ Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ ու զանոնք կ’ազատէ։ Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։ Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։ Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա»։—Սաղմոս 34։3, 4, 7, 8, 18, 19. Ա. Թագաւորաց 21։10-15
16 Համոզուա՞ծ էք որ Եհովա փրկարար զօրութիւն ունի։ Անոր հրեշտակային պաշտպանութեան կը գիտակցի՞ք։ Անձնապէս ճաշակած ու տեսա՞ծ էք թէ Եհովան բարի է։ Վերջին անգամ Բ. Կորնթացիս 4։7) Միւս կողմէ, թերեւս դժուարութիւն ունիք յիշելու ձեզի ի նպաստ Եհովայի կատարած բարութեան մասնայատուկ մէկ արարքը։ Թերեւս մէկ շաբաթ, մէկ ամիս, մէկ տարի, կամ աւելի ետ պէտք է նայիք։ Եթէ այս է պարագան, ինչո՞ւ գիտակից ջանք չթափէք Եհովայի աւելի մօտենալու եւ տեսնելու թէ ան ի՛նչպէս կ’առաջնորդէ ձեզ։ Պետրոս առաքեալ Քրիստոնեաները յորդորեց. «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, . . . ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Արդարեւ, պիտի զարմանաք թէ ան որքա՜ն կը հոգայ ձեզի համար։—Սաղմոս 73։28
ե՞րբ էր որ յատկապէս գիտակցեցաք թէ Եհովա ձեզի հանդէպ բարութիւն ցուցաբերեց։ Փորձեցէք յիշել։ Արդեօք անիկա ծառայութեան մէջ վերջին տունը այցելելու ժամանա՞կ էր, ճիշդ այն պահուն, երբ կը զգայիք թէ այլեւս կարող չէք շարունակել։ Թերեւս այդ ատեն տանտիրոջ հետ ոգեւորիչ խօսակցութիւն մը ունեցաք։ Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցի՞ք, ձեզի հարկ եղած յաւելեալ զօրութիւնը տալուն եւ ձեզ օրհնելուն համար։ (Շարունակեցէք Եհովան Փնտռել
17. Եթէ կ’ուզենք շարունակել Եհովան փնտռել, ի՞նչ բան անհրաժեշտ է որ ընենք։
17 Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը պահպանելը շարունակական հարց մը պէտք է ըլլայ։ Յիսուս աղօթքի մը մէջ իր Հօրը ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Եհովայի ու իր Որդւոյն մասին գիտութիւն ստանալը յարատեւ ջանք կը պահանջէ մեր կողմէ։ «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ը ըմբռնելու համար, աղօթքի ու սուրբ հոգիին օգնութեան կարիքը ունինք։ (Ա. Կորնթացիս 2։10. Ղուկաս 11։13) Նաեւ պէտք ունինք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին առաջնորդութեան, որպէսզի մեր մտքերը սնուցանենք «ատենին» տրուած հոգեւոր սնունդով։ (Մատթէոս 24։45) Այդ խողովակին միջոցաւ, Եհովա մեզ խրատած է որ ամէն օր իր Խօսքը կարդանք, կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուինք, եւ «թագաւորութեան բարի լուրը» քարոզելու մէջ իմաստալից մասնակցութիւն բերենք։ (Մատթէոս 24։14, ՆԱ) Այսպէս ընելով, պիտի շարունակենք մեր հոգածու Աստուածը՝ Եհովան՝ փնտռել։
18, 19. (ա) Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։ (բ) Եթէ Բանսարկուին դէմ հաստատ կենանք եւ շարունակենք Եհովան փնտռել, ի՞նչպէս պիտի օրհնուինք։
18 Սատանան իր ձեռքէն եկածը կ’ընէ որ ամէն կողմէ հալածանք, հակառակութիւն եւ ճնշում բերէ Եհովայի ժողովուրդին վրայ։ Ան կը ջանայ մեր խաղաղութիւնը խանգարել եւ Աստուծոյ առջեւ մեր լաւ կեցուածքը խորտակել։ Ան չ’ուզեր որ պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները փնտռելու եւ տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մէջ Եհովայի կողմը դիրք բռնելու համար անոնց օգնելու մեր գործը շարունակենք։ Սակայն, պէտք է վճռենք Եհովայի հաւատարիմ մնալ, իրեն վստահելով որ չարէն մեզ ազատէ։ Թոյլ տալով որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ առաջնորդէ եւ իր տեսանելի կազմակերպութեան հետ գործունեայ մնալով, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան միշտ մեզի թիկունք պիտի կանգնի։—Եսայեայ 41։8-13
19 Հետեւաբար, թող որ բոլորս ալ Բանսարկուին ու իր նենգամիտ արարքներուն դէմ հաստատ կենանք, միշտ փնտռելով մեր սիրելի Աստուածը՝ Եհովան, որ մեզ պիտի ‘հաստատէ ու զօրացնէ’։ (Ա. Պետրոս 5։8-11) Այսպիսով, ‘անձերնիս Աստուծոյ սիրոյն մէջ պիտի պահենք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար’։—Յուդա 21
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• «Բանսարկու» բառը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ Բանսարկուն ի՞նչպէս այդ անուանումին համաձայն կ’ապրի։
• Եհովան ի՞նչպէս կը տարբերի Բանսարկուէն, երկրի բնակիչները դիտելու Իր կերպին մէջ։
• Անհատ մը Եհովայի մօտենալու համար, ինչո՞ւ փրկանքը պէտք է ընդունի։
• Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի ‘յարիլ’, եւ ի՞նչպէս կրնանք շարունակել զինք փնտռել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Հակառակ իր փորձութիւններուն, Յոբ գիտակցեցաւ թէ Եհովան իրեն համար կը հոգար
[Նկարներ՝ էջ 16, 17]
Ամէն օր Աստուածաշունչ կարդալը, կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուիլը եւ քարոզչութեան գործին նախանձախնդրաբար մասնակցիլը, մեզի կը յիշեցնեն թէ Եհովա մեզի համար կը հոգայ