Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորութեան սրահները բոլորին համար բաց են

Թագաւորութեան սրահները բոլորին համար բաց են

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Թագաւորութեան սրահները բոլորին համար բաց են

ՄԻՆՉ իր աշակերտները հանրային ծառայութեան համար կը մարզէր, Յիսուս Քրիստոս զիրենք քաջալերեց որ ‘տանիքներուն վրայ քարոզեն’։ (Մատթէոս 10։27) Այո, անոնք իրենց քրիստոնէական ծառայութիւնը հրապարակայնօրէն ու ի տես բոլորին պէտք էր ընէին։ Այս խրատին համաձայն, Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնն ալ հրապարակաւ կը կատարուի։ Ասիկա պատճառ եղած է որ Վկաները հակառակութիւնը յաղթահարեն եւ գովասանքի արժանանան։

Թէեւ Եհովայի Վկաներու ժողովքային հանդիպումները հանրութեան բաց են, սակայն կանխադատութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ ոմանք Թագաւորութեան Սրահ մը մտնելու վարանին, ինչպէս է պարագան Ֆինլանտայի մէջ։ Ուրիշներ պարզապէս կը վախնան նոր վայր մը երթալու։ Երբ նոր Թագաւորութեան Սրահ մը կառուցուի կամ սրահ մը նորոգուի, սովորաբար բաց հրաւէր մը կը տրուի։ Մասնայատուկ ջանք կը թափուի դրացիները հրաւիրելու, որ Թագաւորութեան Սրահը այցելեն եւ Եհովայի Վկաներու գործունէութեան ծանօթանան։

Շրջանի մը մէջ, Վկաները պարբերաթերթ բաշխելու արշաւ մը կարգադրեցին այն օրը որ իրենց նոր Թագաւորութեան Սրահին մէջ բաց ընդունելութիւն մը սարքած էին։ Երկու Վկաներ հանդիպեցան տարեց մարդու մը, որ ըսաւ թէ ինք կը սիրէր Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կարդալ։ Եղբայրները իրեն իմացուցին բաց հրաւէրին մասին եւ առաջարկեցին զինք Թագաւորութեան Սրահ տանիլ։ Մարդը ըսաւ թէ ուրախ պիտի ըլլար իրենց ընկերակցելով։ Անոր կինը, որ խօսակցութեան ականջ կու տար, բացագանչեց. «Առանց ինծի մի՛ երթաք»։

Թագաւորութեան Սրահը մտնելէ ետք, մարդը չորս կողմ նայելով, ըսաւ. «Ասիկա երբեք մութ տեղ մը չէ։ Ընդհակառակը, ասիկա գեղեցիկ ու լուսաւոր վայր մըն է։ Ինծի ըսուած էր թէ Թագաւորութեան Սրահը սեւ է»։ Այս ամոլը որոշ ժամանակ մը կեցան հոն եւ ցուցադրուած կարգ մը գրականութիւններ առին։

Իրենց Թագաւորութեան Սրահին բացման առթիւ, ժողովք մը ուզեց բաց հրաւէր մը ծանուցանել տեղական լրագրին մէջ։ Առիթին մասին իմանալով, խմբագրապետը թելադրեց որ այս նիւթին շուրջ յօդուած մը գրուի։ Եղբայրները համաձայնեցան, եւ շատ չանցած, լրագրին մէջ կէս էջնոց նպաստաւոր յօդուած մը լոյս տեսաւ, խօսելով այդ առիթին մասին եւ նկարագրելով Եհովայի Վկաներու տեղական ժողովքին գործունէութիւնները։

Յօդուածը հրատարակուելէն ետք, տարեց Վկայ մը հանդիպեցաւ իր դրացուհիին, որ ըսաւ. «Այսօր լրագրին մէջ Եհովայի Վկաներուն մասին հոյակապ յօդուած մը կար»։ Քոյրը կրցաւ վկայութիւն մը տալ, եւ հետագային անոր տուաւ Քսաներորդ Դարու Եհովայի Վկաները գրքոյկը։

Նոր Թագաւորութեան Սրահներու մէջ բաց հրաւէրներու եւ բացման յայտագիրներու հետ առնչուած այսպիսի կարգադրութիւններ, Եհովայի Վկաներու մասին կարգ մը սխալ գաղափարներ սրբագրելէ զատ, հրատարակիչները ոգեւորած են, զիրենք մղելով որ աւելի անհատներ հրաւիրեն ժողովներուն ներկայ գտնուելու համար։ Այո, շատ մը երկիրներու մէջ, ի ներառեալ Ֆինլանտան, մարդիկ տեղեակ են որ Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահները բոլորին համար բաց են։