Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Ձեր վարքը բարի պահեցէք’

‘Ձեր վարքը բարի պահեցէք’

‘Ձեր վարքը բարի պահեցէք’

«Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 2։17

1, 2. (ա) Լրագրի մը թղթակիցը Եհովայի Վկաներուն մասին ի՞նչ ըսաւ։ (բ) Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ կը ջանան վարքի բարձր չափանիշներ պահել։

ՔԱՆԻ մը տարիներ առաջ, լրագրի մը թղթակիցը Էմըրիլլոյի մէջ, Թէքսաս (Ա.Մ.Ն.), շրջանի զանազան եկեղեցիները այցելեց եւ իր նկատած բաները տեղեկագրեց։ Խումբ մը զինք շատ տպաւորեց։ Ան ըսաւ. «Երեք տարի Եհովայի Վկաներու տարեկան նահանգային համաժողովներուն ներկայ եղայ, Էմըրիլլօ Սիվիք Սէնթըր–ին մէջ։ Անոնց մէջ շրջագայելով, մէկ անգամ իսկ չտեսայ անհատ մը որ ծխախոտ կը գործածէր, գարեջուր կը խմէր կամ կը հայհոյէր։ Անոնք իմ հանդիպած ամենամաքուր, ամենալաւ վարք ունեցող, պատշաճօրէն հագուած, հաճելի տրամադրութիւն ունեցող խումբն էին»։ Եհովայի Վկաներուն մասին նման մեկնաբանութիւններ յաճախ հրատարակուած են։ Վկաները ինչո՞ւ շատ յաճախ գովաբանուած են իրենց հաւատքը չբաժնող մարդոց կողմանէ։

2 Սովորաբար, Աստուծոյ ժողովուրդը իրենց բարի վարքին համար գովասանքի կ’արժանանան։ Մինչ ընդհանուր առմամբ չափանիշները անկում կը կրեն, Եհովայի Վկաները վարքի բարձր չափանիշները կը նկատեն պարտաւորութիւն մը, իրենց պաշտամունքին մէկ մասը։ Անոնք գիտեն թէ իրենց արարքները Եհովայի ու իրենց Քրիստոնեայ եղբայրներուն վրայ անդրադարձ կ’ունենան, եւ թէ իրենց բարի վարքը իրենց քարոզած ճշմարտութիւնը կը յանձնարարէ։ (Յովհաննու 15։8. Տիտոս 2։7, 8) Ուստի, նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր բարի վարքը պահել եւ շարունակել Եհովայի ու իր Վկաներուն բարի համբաւը վեր պահել, եւ թէ ասիկա ընելով ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ։

Քրիստոնեայ Ընտանիքը

3. Քրիստոնեայ ընտանիքները ի՞նչ բանէ պէտք է պաշտպանուին։

3 Նկատի առէք մեր վարքը ընտանիքին մէջ։ Կերհարդ Պէզիրի եւ Ըրվին Ք. Շոյքի կողմէ գրուած Die Neuen Inquisitoren։ Religionsfreiheit und Glaubensneid (Նոր Հաւատաքննիչները՝ Կրօնքի Ազատութիւն եւ Կրօնական Նախանձ) գիրքը կ’ըսէ. «[Եհովայի Վկաներուն] համար ընտանիքը յատուկ պաշտպանութեան կարիքը ունեցող բան մըն է»։ Այս խօսքը շիտակ է, իսկ ներկայիս բազմաթիւ վտանգներ կան, որոնցմէ ընտանիքը պէտք է պաշտպանուի։ Կան «ծնողներու անհնազանդ» զաւակներ եւ «անգութ» կամ «անժուժկալ» չափահասներ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։2, 3) Ընտանիքը կողակիցներու վայրագ վերաբերմունքին թատերաբեմ դարձած է, ծնողներ գէշ կերպով կը վարուին իրենց զաւակներուն հետ կամ կ’անտեսեն զանոնք, իսկ զաւակներ կ’ըմբոստանան, թմրամոլութեան ու անբարոյութեան միջամուխ կ’ըլլան, կամ տունէն կը փախչին։ Այս բոլորը ‘աշխարհի հոգիին’ կործանիչ ազդեցութեան արդիւնքն են։ (Եփեսացիս 2։1, 2) Մեր ընտանիքները այդ հոգիէն պէտք է պաշտպանենք։ Ի՞նչպէս։ Ընտանիքի անդամներուն վերաբերեալ Եհովայի տուած խրատներուն եւ ցուցմունքներուն անսալով։

4. Քրիստոնեայ ընտանիքի անդամները իրարու հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունին։

4 Քրիստոնեայ ամոլները կը գիտակցին թէ իրարու հանդէպ զգացական, հոգեւոր ու ֆիզիքական պարտաւորութիւններ ունին։ (Ա. Կորնթացիս 7։3-5. Եփեսացիս 5։21-23. Ա. Պետրոս 3։7) Քրիստոնեայ ծնողները իրենց զաւակներուն հանդէպ ծանր պատասխանատուութիւններ ունին։ (Առակաց 22։6. Բ. Կորնթացիս 12։14. Եփեսացիս 6։4) Իսկ մինչ զաւակները քրիստոնէական տան մէջ կը մեծնան, կը սորվին թէ իրենք ալ պարտաւորութիւններ ունին։ (Առակաց 1։8, 9. 23։22. Եփեսացիս 6։1. Ա. Տիմոթէոս 5։3, 4, 8) Ընտանեկան պարտաւորութիւնները կատարելը ջանք, յանձնառութիւն, եւ սիրոյ ու անձնազոհութեան հոգի մը կը պահանջէ։ Սակայն, ընտանիքի բոլոր անդամները ո՛րքան իրենց աստուածատուր պարտաւորութիւններուն գոհացում տան, ա՛յնքան իրարու ու ժողովքին օրհնութիւն մը կ’ըլլան։ Աւելի կարեւորը, անոնք ընտանեկան կարգադրութեան Հեղինակը՝ Եհովա Աստուածը՝ կը պատուեն։—Ծննդոց 1։27, 28. Եփեսացիս 3։15

Քրիստոնէական Եղբայրութիւնը

5. Քրիստոնեայ հաւատակիցներու ընկերակցելով, ի՞նչ օրհնութիւններ կը քաղենք։

5 Որպէս Քրիստոնեաներ, ժողովքին մէջի հաւատակիցներուն եւ ‘աշխարհի մէջ եղող եղբայրական համայնքին’ հանդէպ պատասխանատուութիւններ ունինք։ (Ա. Պետրոս 5։9, Երուսաղէմ) Ժողովքին հետ մեր յարաբերութիւնը մեր հոգեւոր առողջութեան համար կենսական է։ Երբ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու կ’ընկերակցինք, անոնց քաջալերական ընկերակցութիւնը կը վայելենք, ինչպէս նաեւ՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթած սննդարար հոգեւոր կերակուրը։ (Մատթէոս 24։45-47) Եթէ խնդիրներ ունինք, կրնանք մեր եղբայրներուն դիմել, սուրբ գրային սկզբունքներու վրայ հիմնուած ողջամիտ խրատներ ստանալու համար։ (Առակաց 17։17. Ժողովողի 4։9. Յակոբու 5։13-18) Երբ կարիք մը ունենանք, մեր եղբայրները մեզ չեն լքեր։ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլալը ի՜նչ օրհնութիւն մըն է։

6. Պօղոս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ուրիշ Քրիստոնեաներու հանդէպ պատասխանատուութիւններ ունինք։

6 Սակայն, ժողովքին մէջ ոչ թէ միայն կը ստանանք, այլ նաեւ՝ կու տանք։ Արդարեւ, Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի [«երջանկաբեր», Անթիլիաս] է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Պօղոս առաքեալ տալու հոգի մը ընդգծեց, երբ գրեց. «Անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, վասն զի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ։ Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։—Եբրայեցիս 10։23-25

7, 8. Ի՞նչպէս կրնանք տալու հոգի մը ցուցաբերել, թէ՛ ժողովքէն ներս եւ թէ այլ երկիրներու մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն հանդէպ։

7 Ժողովքին մէջ, մեր ‘յոյսը կը դաւանինք’ երբ ժողովի ընթացքին պատասխաններ կու տանք կամ այլ կերպերով յայտագրին կը մասնակցինք։ Այս մասնակցութիւնները վստահաբար մեր եղբայրները կը քաջալերեն։ Նաեւ զիրենք կը քաջալերենք, ժողովէն առաջ եւ վերջ անոնց հետ խօսակցելով։ Այդ ժամանակ կրնանք տկարները զօրացնել, յուսալքուածները սրտապնդել եւ հիւանդները մխիթարել։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Անկեղծ Քրիստոնեաները այս տեսակ տալու մէջ առատաձեռն են. այդ պատճառաւ, առաջին անգամ մեր ժողովներուն ներկայ գտնուող բազմաթիւ անհատներ, մեր մէջ եղած սիրով կը տպաւորուին։—Սաղմոս 37։21. Յովհաննու 15։12. Ա. Կորնթացիս 14։25

8 Այսուհանդերձ, մեր սէրը միայն մեր ժողովքին սահմանափակուած չէ։ Անիկա կ’ընդգրկէ մեր եղբայրութիւնը համայն աշխարհի մէջ։ Անոր համար է որ, զոր օրինակ, իւրաքանչիւր Թագաւորութեան Սրահի մէջ, Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին յատկացուած նուիրատուութեան տուփ մը կայ։ Մեր Թագաւորութեան Սրահը թերեւս լաւ վիճակի մէջ է, բայց գիտենք որ ուրիշ երկիրներու մէջ հազարաւոր Քրիստոնեայ հաւատակիցներ ժողովներու համար պատշաճ վայր մը չունին։ Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին նուիրատուութիւն ընելով, անոնց հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, թէեւ անձնապէս զիրենք չենք ճանչնար։

9. Եհովայի Վկաները հիմնական ի՞նչ պատճառով զիրար կը սիրեն։

9 Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ զիրար կը սիրեն։ Քանի որ Յիսուս իրենց պատուիրեց որ այդպէս ընեն։ (Յովհաննու 15։17) Եւ իրարու հանդէպ իրենց ունեցած սէրը ապացոյց է թէ Աստուծոյ հոգին իրենց մէջ կը ներգործէ, անհատապէս ե՛ւ խմբովին։ Սէրը «հոգիին պտուղ»ին մաս կը կազմէ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Մինչ Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ կը գտնուին, եւ անդադար Աստուծոյ կ’աղօթեն, սէրը իրենց համար բնական կը դառնայ, հակառակ որ կ’ապրին աշխարհի մը մէջ, ուր ‘շատերուն սէրը պաղած է’։—Մատթէոս 24։12

Այս Աշխարհին Հետ Ի՛նչպէս Վարուիլ

10. Ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք այն ընկերութեան հանդէպ, որուն մէջ կ’ապրինք։

10 Պօղոսի ակնարկութիւնը մեր ‘յոյսին դաւանութեան’, մեզի կը յիշեցնէ ուրիշ պատասխանատուութիւն մը։ Այս դաւանութիւնը կը պարփակէ բարի լուրը քարոզել անոնց, որոնք տակաւին մեր Քրիստոնեայ եղբայրները չեն։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Հռովմայեցիս 10։9, 10, 13-15) Այս քարոզչութիւնը տալու յաւելեալ կերպ մըն է։ Անոր մէջ բաժին բերելը ժամանակ, կորով, նախապատրաստութիւն, մարզում եւ անձնական նիւթական միջոցներու գործածութիւն կը պահանջէ։ Սակայն, Պօղոս նաեւ գրեց. «Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ։ Ուստի որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ ձեզի ալ, որ Հռովմի մէջ էք, աւետարանը քարոզել»։ (Հռովմայեցիս 1։14, 15) Պօղոսի նման, այս ‘պարտքը’ վճարելու նկատմամբ կծծի չըլլանք։

11. Սուրբ գրային ո՞ր երկու սկզբունքները աշխարհի հետ մեր յարաբերութիւնը կը ղեկավարեն, սակայն ի՞նչ բանի կը գիտակցինք։

11 Հաւատակից չեղողներուն հանդէպ ուրիշ պատասխանատուութիւններ ունի՞նք։ Վստա՛հաբար։ Անշուշտ կը գիտակցինք թէ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Գիտենք թէ Յիսուս իր աշակերտներուն մասին ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն [«աշխարհի մէկ մասը չեն», ՆԱ], ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ Այսուհանդերձ, այս աշխարհին մէջ կ’ապրինք, անոր մէջ մեր ապրուստը կը ճարենք, եւ անկէ սպասարկութիւններ կը ստանանք։ (Յովհաննու 17։11, 15, 16) Ուստի, այս աշխարհին մէջ պարտաւորութիւններ ունինք։ Ի՞նչ են անոնք։ Պետրոս առաքեալ այս հարցումին պատասխանեց։ Երուսաղէմի կործանումէն քիչ առաջ, ան Փոքր Ասիոյ Քրիստոնեաներուն նամակ մը գրեց, եւ անոր մէկ հատուածը մեզի կ’օգնէ որ աշխարհի հետ հաւասարակշիռ յարաբերութիւն մը ունենանք։

12. Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով ‘պանդուխտներ եւ օտարականներ’ են, իսկ այս հանգամանքով, ի՞նչ բաներէ հեռու պէտք է կենան։

12 Նախ եւ առաջ, Պետրոս ըսաւ. «Սիրե՛լիներ, կ’աղաչեմ, պանդուխտներու եւ օտարականներու պէս մէկդի՛ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին»։ (Ա. Պետրոս 2։11) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները հոգեւոր առումով ‘պանդուխտներ եւ օտարականներ’ են, քանի որ իրենց կեանքին բուն առանցքը յաւիտենական կեանքի յոյսն է. հոգիէն օծուածները՝ երկնքի մէջ, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ը՝ ապագայ երկրային դրախտի մը մէջ։ (Յովհաննու 10։16. Փիլիպպեցիս 3։20, 21. Եբրայեցիս 11։13. Յայտնութիւն 7։9, 14-17) Սակայն, ի՞նչ են մարմնաւոր ցանկութիւնները։ Անոնք կը պարփակեն՝ հարստանալու ցանկութիւնը, կարկառուն ըլլալու ցանկութիւնը, անբարոյ սեռային ցանկութիւնները, եւ որպէս «նախանձ» ու «ագահութիւն» նկարագրուած ցանկութիւնները։—Կողոսացիս 3։5. Ա. Տիմոթէոս 6։4, 9. Ա. Յովհաննու 2։15, 16

13. Մարմնաւոր ցանկութիւնները ի՞նչպէս մեր «հոգիին դէմ կը պատերազմին»։

13 Այսպիսի ցանկութիւններ իրապէս մեր «հոգիին դէմ կը պատերազմին»։ Անոնք Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կը մաշեցնեն, եւ այս կերպով մեր քրիստոնէական յոյսը (մեր ‘հոգին’, կամ՝ կեանքը) կը վտանգեն։ Օրինակ, եթէ անբարոյ բաներու հանդէպ հետաքրքրութիւն զարգացնենք, ի՞նչպէս կրնանք մեր անձը ներկայացնել որպէս «կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի»։ Եթէ նիւթապաշտութեան որոգայթին մէջ իյնանք, ի՞նչպէս ‘առաջ կը խնդրենք թագաւորութիւնը’։ (Հռովմայեցիս 12։1, 2. Մատթէոս 6։33. Ա. Տիմոթէոս 6։17-19) Աւելի լաւ ընթացքն է՝ Մովսէսի օրինակին հետեւիլ, աշխարհի հրապոյրներուն կռնակ դարձնել, եւ Եհովայի ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել։ (Մատթէոս 6։19, 20. Եբրայեցիս 11։24-26) Ասիկա կարեւոր ազդակ մըն է աշխարհին հետ հաւասարակշիռ յարաբերութիւն մը ունենալու համար։

‘Ձեր Վարքը Բարի Պահեցէք’

14. Որպէս Քրիստոնեաներ, ինչո՞ւ կը ջանանք բարի վարք մը պահել։

14 Պետրոսի յաջորդ խօսքերուն մէջ կը գտնենք կենսական այլ ուղեգիծ մը. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահեցէք, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը»։ (Ա. Պետրոս 2։12) Որպէս Քրիստոնեաներ, կը ջանանք օրինակելի ըլլալ։ Դպրոցին մէջ ծանր կ’աշխատինք։ Մեր գործատեղիին մէջ աշխատասէր ու պարկեշտ ենք, նոյնիսկ եթէ մեր գործատէրը կը թուի անբանաւոր ըլլալ։ Բաժնուած ընտանիքի մը մէջ, Վկայ ամուսինը կամ կինը մասնայատուկ ջանք կը թափէ քրիստոնէական սկզբունքներուն հետեւելու համար։ Ասիկա միշտ դիւրին չէ, բայց գիտենք որ մեր օրինակելի վարքը Եհովան կը հաճեցնէ եւ ոչ–Վկաներուն վրայ յաճախ լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ։—Ա. Պետրոս 2։18-20. 3։1

15. Ի՞նչպէս գիտենք որ Եհովայի Վկաներու վարքի բարձր մակարդակը լայնօրէն ճանչցուած է։

15 Օրինակելի չափանիշներ պահելու մէջ Եհովայի Վկաներու մեծամասնութեան ձեռք ձգած յաջողութիւնը կը տեսնուի տարիներու ընթացքին իրենց մասին հրատարակուած մեկնաբանութիւններուն մէջ։ Օրինակ, իտալական Il Tempo լրագիրը տեղեկագրեց. «Եհովայի Վկայ գործակիցներ ունեցողները, զանոնք կը նկարագրեն որպէս պարկեշտ աշխատաւորներ, իրենց հաւատքին նկատմամբ ա՛յնքան համոզուած, որ կարծես անով կլանուած են. այսուհանդերձ, անոնք իրենց բարոյական ուղղամտութեան համար յարգանքի արժանի են»։ Արժանթինի մէջ, Պուէնոս Այրէս–ի Herald լրագիրը ըսաւ. «Եհովայի Վկաները տարիներու ընթացքին փաստած են որ աշխատասէր, զգաստ, խնայասէր ու աստուածավախ քաղաքացիներ են»։ Ռուս ուսումնական Սերկէյ Իւանենքօ ըսաւ. «Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ ճանչցուած են որպէս շատ օրինապահ մարդիկ, մանաւանդ տուրք վճարելու նկատմամբ իրենց բծախնդիր կեցուածքին համար»։ Զիմպապուէի մէջ, Եհովայի Վկաներու կողմէ համաժողովի համար գործածուած համալիրի մը տնօրինուհին նշեց. «Կարգ մը Վկաներ տեսայ որոնք գետնէն թուղթեր կը վերցնէին եւ լուացարանները կը մաքրէին։ Ցուցասրահը աւելի մաքուր վիճակի մէջ ձգուեցաւ։ Ձեր պատանիները սկզբունքի տէր անհատներ են։ Երանի՜ ամբողջ աշխարհը Եհովայի Վկաներով լեցուէր»։

Քրիստոնէական Հպատակութիւն

16. Աշխարհային հեղինակութիւններուն հետ մեր յարաբերութիւնը ի՞նչ է, եւ ինչո՛ւ։

16 Պետրոս նաեւ կը խօսի աշխարհային հեղինակութիւններուն հետ մեր յարաբերութեան մասին։ Ան կ’ըսէ. «Հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար [«սիրոյն», Անթիլիաս], թէ՛ թագաւորին՝ որ բարձրագոյն հեղինակութիւնն է, թէ՛ կուսակալներուն՝ անոր կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար։ Վասն զի Աստուծոյ կամքը այսպէս է, որ բարեգործութեամբ անխելք մարդոց տգիտութիւնը [«տգէտ լեզուները», Անթիլիաս] պապանձեցնէք»։ (Ա. Պետրոս 2։13-15) Կարգապահ կառավարութենէն մեր ստացած օգուտները կը գնահատենք, եւ Պետրոսի խօսքերուն անսալով, անոր օրէնքներուն կը հնազանդինք եւ մեր տուրքերը կը վճարենք։ Թէեւ օրինազանցներ պատժելու կառավարութիւններու աստուածատուր իրաւունքը կ’ընդունինք, բայց աշխարհային հեղինակութեան հնազանդելու մեր գլխաւոր պատճառը՝ «Տիրոջ սիրոյն» է։ Ասիկա Աստուծոյ կամքն է։ Ասկէ զատ, չենք ուզեր Եհովայի անուան անարգանք բերել, յանցագործութեան համար պատժուելով։—Հռովմայեցիս 13։1, 4-7. Տիտոս 3։1. Ա. Պետրոս 3։17

17. Երբ ‘անխելք մարդիկ’ մեզի հակառակին, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

17 Դժբախտաբար, կարգ մը հեղինակաւոր ‘անխելք մարդիկ’ մեզ կը հալածեն կամ այլ կերպերով մեզի կը հակառակին. ինչպէս՝ մեզ անուանարկելու արշաւներ խրախուսելով։ Այսուհանդերձ, Եհովայի որոշած ժամանակին, անոնց սուտերը միշտ կը քօղազերծուին, եւ անոնց «տգէտ լեզուները» ազդուօրէն կը պապանձուին։ Մեր քրիստոնէական վարքի արձանագրութիւնը բացայայտ կը դարձնէ թէ ո՛վ ճշմարտութիւնը կը խօսի։ Անոր համար է որ պարկեշտ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ յաճախ մեզ կը գովեն որպէս բարիք գործողներ։—Հռովմայեցիս 13։3. Տիտոս 2։7, 8

Աստուծոյ Ծառաներ

18. Որպէս Քրիստոնեաներ, ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր ազատութիւնը չարաչար գործածելէ խուսափիլ։

18 Այժմ Պետրոս կ’ազդարարէ. «Ազատներու պէս [եղէք] եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս»։ (Ա. Պետրոս 2։16. Գաղատացիս 5։13) Ներկայիս, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին մեր գիտութիւնը կրօնական սուտ վարդապետութիւններէ մեզ կ’ազատէ։ (Յովհաննու 8։32) Ասկէ զատ, ազատ կամք ունինք եւ կրնանք ընտրութիւններ ընել։ Այսուհանդերձ, մեր ազատութիւնը չարաչար չենք գործածեր։ Երբ ընկերակցութեան, հագուելակերպի, յարդարանքի, զբօսանքի, նոյնիսկ ուտելու ու խմելու շուրջ ընտրութիւններ կ’ընենք, կը յիշենք թէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ ծառաներ են, եւ իրենք զիրենք չեն հաճեցներ։ Կ’ընտրենք Եհովայի ծառայել քան՝ մեր մարմնաւոր ցանկութիւններուն կամ աշխարհի նորաձեւութիւններուն ու հոսանքներուն գերի դառնալ։—Գաղատացիս 5։24. Բ. Տիմոթէոս 2։22. Տիտոս 2։11, 12

19-21. (ա) Ի՞նչպէս կը նկատենք աշխարհային հեղինակաւոր դիրքերու վրայ եղողները։ (բ) Ոմանք ի՞նչպէս ամբողջ ‘եղբայրութեան հանդէպ սէր’ ցոյց տուած են։ (գ) Ի՞նչ է մեր ամենակարեւոր պատասխանատուութիւնը։

19 Պետրոս կը շարունակէ ըսել. «Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէ՛ք. թագաւորը յարգեցէ՛ք»։ (Ա. Պետրոս 2։17) Քանի որ Եհովա Աստուած կը թոյլատրէ որ մարդիկ զանազան հեղինակաւոր դիրքեր գրաւեն, այդ մարդոց հանդէպ պատշաճ յարգանք կը ցուցաբերենք։ Նոյնիսկ անոնց համար կ’աղօթենք, որպէսզի մեզի թոյլատրուի մեր ծառայութիւնը խաղաղութեամբ ու աստուածպաշտութեամբ յառաջ տանիլ։ (Ա. Տիմոթէոս 2։1-4) Սակայն, միեւնոյն ատեն, ամբողջ ‘եղբայրութիւնը կը սիրենք’։ Միշտ կ’աշխատինք մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն բարիքին եւ ո՛չ թէ վնասին համար։

20 Օրինակ, երբ Ափրիկեան երկիր մը ազգատոհմային բռնութեամբ պառակտուեցաւ, Եհովայի Վկաներու քրիստոնէական վարքը ցցուն դարձաւ։ Զուիցերիական Reformierte Presse լրագիրը տեղեկագրեց. «1995–ին, Ափրիկեան Իրաւանց [կազմակերպութիւնը] . . . կարողացաւ ապացուցանել թէ բոլոր եկեղեցիները [կռիւին] մասնակցած էին, ի բացառեալ՝ Եհովայի Վկաները»։ Երբ այս ողբերգական իրադարձութիւններուն լուրերը արտաքին աշխարհ հասան, Եւրոպայի մէջ գտնուող Եհովայի Վկաները անմիջապէս ուտելիք եւ բժշկական օժանդակութիւն ղրկեցին այդ տառապող երկրին մէջի իրենց եղբայրներուն եւ ուրիշներու։ (Գաղատացիս 6։10) Անոնք Առակաց 3։27–ի խօսքերուն անսացին. «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա»։

21 Սակայն, աւելի կարեւոր պատասխանատուութիւն մը կայ քան՝ այն յարգանքը որ կը պարտինք աշխարհային որեւէ հեղինակութեան եւ նոյնիսկ այն սէրը որ կը պարտինք մեր եղբայրներուն։ Ի՞նչ է անիկա։ Պետրոս ըսաւ. «Աստուծմէ վախցէ՛ք»։ Եհովայի շատ աւելի պարտական ենք քան՝ ոեւէ մարդու։ Ի՞նչպէս։ Իսկ ի՞նչպէս կրնանք հաւասարակշռութիւն պահպանել Աստուծոյ եւ աշխարհային հեղինակութիւններուն հանդէպ մեր պարտաւորութիւններուն միջեւ։ Այս հարցումները պիտի պատասխանուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

Կը յիշէ՞ք

• Քրիստոնեաները ընտանիքին մէջ ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունին։

• Ի՞նչպէս կրնանք ժողովքին մէջ տալու հոգի մը ցուցաբերել։

• Այս աշխարհին հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունինք։

• Վարքի բարձր չափանիշ պահելով, ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Քրիստոնեայ ընտանիքը ի՞նչպէս կրնայ մեծ ուրախութեան աղբիւր մը ըլլալ

[Նկարներ՝ էջ 20]

Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ զիրար կը սիրեն

[Նկարներ՝ էջ 20]

Կրնա՞նք մեր եղբայրներուն հանդէպ սէր ցոյց տալ, նոյնիսկ եթէ զանոնք անձնապէս չենք ճանչնար