Ներողութիւն խնդրելը ինչո՞ւ դժուար է
Ներողութիւն խնդրելը ինչո՞ւ դժուար է
ՅՈՒԼԻՍ 2000–ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ Քալիֆորնիա Նահանգի Օրէնսդիր Մարմինը օրինագիծ մը վաւերացուց, որուն նպատակն էր՝ մարդիկը պատասխանատուութենէ զերծ կացուցանել, եթէ զիրենք պարփակող արկածի մը ընթացքին վիրաւորուած անհատի մը կարեկցութիւն յայտնէին։ Ի՞նչ պատճառով այս օրէնքը դրուեցաւ։ Նկատուած էր որ երբ արկած մը վնաս կամ աւեր պատճառէր, յաճախ մարդիկ կը վարանէին ներողութիւն խնդրելու, վախնալով որ դատարանին մէջ ասիկա սեպուէր յանցանքը ընդունիլ։ Միւս կողմէ, անհատներ որոնք ուրիշներէն անմիջապէս ներողութիւն խնդրել կ’ակնկալեն, կրնան նեղանալ ու փոքր արկած մը մեծ վիճաբանութեան մը կրնայ վերածել։
Անշուշտ, հարկ չկայ ներողութիւն խնդրելու արկածի մը համար, որուն պատճառը դուք չէիք։ Իսկ կան ժամանակներ, երբ իմաստութիւն է ձեր ըսածները կշռել։ Վաղեմի առակ մը կ’ըսէ. «Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ, բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է»։ (Առակաց 10։19. 27։12) Բայց եւ այնպէս, կրնաք քաղաքավար ու օգտակար ըլլալ։
Ճիշդ չէ՞ թէ շատեր ներողութիւն խնդրելէ դադրած են, նոյնիսկ երբ դատի պարագայ
չկայ։ Տան մէջ, կինը կրնայ գանգատիլ, ըսելով. ‘Ամուսինս ո՛չ մէկ բանի համար ներողութիւն կը խնդրէ’։ Գործատեղիին մէջ գործապետը կրնայ դժգոհութիւն յայտնել, ըսելով. ‘Պաշտօնեաներս իրենց սխալները չեն ընդունիր, եւ հազուադէպօրէն ներողութիւն կ’ըսեն’։ Դպրոցին մէջ ուսուցիչ մը կրնայ տեղեկագրել, ըսելով. ‘Երախաները ներողութիւն բառը ըսելու մարզում չեն ստացած’։Մերժուելու վախը թերեւս պատճառներէն մէկն է, որուն համար անհատ մը կը վարանի ներողութիւն խնդրելու։ Մտահոգուելով որ իրեն հանդէպ պաղ վերաբերմունք մը կրնայ ցուցաբերուիլ, ան իր իսկական զգացումները չ’արտայայտեր։ Կրնայ պատահիլ որ վիրաւորուած անհատը բոլորովին խուսափի զինք վիրաւորող անհատէն, հաշտութիւնը խիստ դժուարացնելով։
Ուրիշներու զգացումներով հետաքրքրուած չըլլալը կրնայ ուրիշ պատճառ մը ըլլալ թէ ոմանք ինչո՛ւ կը վարանին ներողութիւն խնդրելու։ Թերեւս անոնք խորհին՝ ‘Ներողութիւն խնդրելը գործած սխալս պիտի չշտկէ’։ Իսկ ոմանք կը վարանին ներողութիւն ըսելու, հաւանական հետեւանքներուն պատճառաւ։ Անոնք հարց կու տան՝ ‘Պատասխանատու պիտի սեպուի՞մ, եւ վնասուց հատուցում ինծմէ պիտի պահանջուի՞’։ Սակայն, յանցանք մը խոստովանելու մեծագոյն արգելքը՝ հպարտութիւնն է։ Անհատ մը որ հպարտութեան պատճառաւ «ներողամիտ կը գտնուիս» չ’ըսեր, հաւանաբար կը խորհի՝ ‘Սխալս ընդունելով չեմ ուզեր ամօթով մնալ։ Ասիկա կրնայ դիրքս տկարացնել’։
Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատճառը, շատեր ներողութիւն ըսելը դժուար կը գտնեն։ Սակայն, ներողութիւն խնդրելը ի՞րապէս անհրաժեշտ է։ Ներողութիւն խնդրելուն օգուտները ի՞նչ են։
[Նկար՝ էջ 3]
«Երախաները ներողութիւն բառը ըսելու մարզում չեն ստացած»
[Նկար՝ էջ 3]
«Ամուսինս ո՛չ մէկ բանի համար ներողութիւն կը խնդրէ»
[Նկար՝ էջ 3]
«Պաշտօնեաներս իրենց սխալները չեն ընդունիր»