Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Չէզոք քրիստոնեաներ՝ վերջին օրերուն

Չէզոք քրիստոնեաներ՝ վերջին օրերուն

Չէզոք քրիստոնեաներ՝ վերջին օրերուն

«Անոնք աշխարհի մէկ մասը չեն, ինչպէս ես աշխարհի մէկ մասը չեմ»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 17։16, ՆԱ

1, 2. Աշխարհի հետ իր հետեւորդներուն ունեցած յարաբերութեան մասին Յիսուս ի՞նչ ըսաւ, եւ իր խօսքերը ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանեն։

ՈՐՊԷՍ կատարեալ մարդ իր կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներուն ներկայութեան երկար աղօթք մը մատուցանեց։ Այդ աղօթքին մէջ, բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն կեանքը բնութագրող բան մը ըսաւ։ Իր հետեւորդներուն մասին խօսելով, ան ըսաւ. «Ես քու պատգամդ անոնց փոխանցեցի, եւ աշխարհը ատեց զանոնք, որովհետեւ անոնք այս աշխարհին չեն պատկանիր, ինչպէս ես աշխարհին չեմ պատկանիր։ Չեմ խնդրեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, այլ՝ զանոնք Չարէն պահես։ Ինչպէս որ ես այս աշխարհին չեմ պատկանիր, այնպէս ալ իրենք այս աշխարհին չեն պատկանիր»։—Յովհաննու 17։14-16, Անթիլիաս

2 Երկու անգամ, Յիսուս իր հետեւորդներուն մասին ըսաւ թէ անոնք այս աշխարհին պիտի չպատկանէին կամ անոր մէկ մասը պիտի չըլլային։ Ասկէ զատ, անջատ ըլլալը լարուածութիւն պիտի ստեղծէր. աշխարհը զիրենք պիտի ատէր։ Այսուհանդերձ, Քրիստոնեաները պէտք չէր վհատէին. Եհովա իրենց վրայ պիտի հսկէր։ (Առակաց 18։10. Մատթէոս 24։9, 13) Յիսուսի խօսքերուն ի տես, կրնանք հարց տալ. ‘Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ աշխարհի մէկ մասը չեն։ Ի՞նչ կը նշանակէ աշխարհի մէկ մասը չըլլալ։ Եթէ աշխարհը Քրիստոնեաները կ’ատէ, անոնք ի՞նչպէս կը նկատեն աշխարհը։ Մանաւանդ, անոնք ի՞նչպէս կը նկատեն այս աշխարհի կառավարութիւնները’։ Այս հարցումներուն սուրբ գրային պատասխանները կարեւոր են, քանի որ բոլորիս կ’ազդեն։

«Մենք Աստուծմէ Ենք»

3. (ա) Ի՞նչ բան մեզ աշխարհէն կ’անջատէ։ (բ) Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ աշխարհը «չարին զօրութեան ներքեւ է»։

3 Եհովայի հետ մեր սերտ յարաբերութիւնը պատճառներէն մէկն է՝ թէ ինչո՛ւ այս աշխարհի մէկ մասը չենք։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Աշխարհի մասին Յովհաննէսի խօսքերը բացայայտօրէն ճշմարիտ են։ Ներկայիս, լայնատարած պատերազմները, ոճիրը, անգթութիւնը, կեղեքումը, անպարկեշտութիւնն ու անբարոյութիւնը կ’ապացուցանեն Սատանայի ազդեցութիւնը եւ ո՛չ թէ՝ Աստուծոյ։ (Յովհաննու 12։31. Բ. Կորնթացիս 4։4. Եփեսացիս 6։12) Երբ անհատ մը Եհովայի Վկայ կ’ըլլայ, ան այսպիսի սխալ արարքներ չի գործեր, ո՛չ ալ հաւանութիւն կու տայ անոնց, եւ ասիկա զինք աշխարհէն կ’անջատէ։—Հռովմայեցիս 12։2. 13։12-14. Ա. Կորնթացիս 6։9-11. Ա. Յովհաննու 3։10-12

4. Ի՞նչ կերպերով ցոյց կու տանք թէ Եհովայի կը պատկանինք։

4 Յովհաննէս ըսաւ թէ աշխարհին հակառակը, Քրիստոնեաները ‘Աստուծմէ են’։ Եհովայի նուիրուած բոլոր անհատները իրեն կը պատկանին։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Եթէ ապրինք, Տէրոջը համար կ’ապրինք եւ եթէ մեռնինք, Տէրոջը համար կը մեռնինք. ուրեմն թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք»։ (Հռովմայեցիս 14։8. Սաղմոս 116։15) Քանի որ Եհովայի կը պատկանինք, իրեն բացարձակ պաշտամունք կը մատուցանենք։ (Ելից 20։4-6) Ուստի, ճշմարիտ Քրիստոնեան իր կեանքը աշխարհային դատի մը չի նուիրեր։ Իսկ մինչ ազգային խորհրդանիշերը կը յարգէ, ան զանոնք չի պաշտեր, ո՛չ արարքներով, ո՛չ ալ իր սրտին մէջ։ Վստահաբար ան մարմնամարզանքի աստղեր կամ այլ արդի կուռքեր չի պաշտեր։ Անշուշտ, ան կը յարգէ իրենց ուզածը ընելու ուրիշներու իրաւունքը, բայց ինք՝ միայն Ստեղծիչը կը պաշտէ։ (Մատթէոս 4։10. Յայտնութիւն 19։10) Այս ալ զինք աշխարհէն կ’անջատէ։

«Իմ Թագաւորութիւնս Այս Աշխարհէն Չէ»

5, 6. Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակիլը մեզ ի՞նչպէս աշխարհէն կ’անջատէ։

5 Քրիստոնեաները Քրիստոս Յիսուսի հետեւորդներն ու Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներն են, ինչ որ դարձեալ զիրենք աշխարհէն կ’անջատէ։ Երբ Յիսուս Պոնտացի Պիղատոսին առջեւ կը դատուէր, ան ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։ (Յովհաննու 18։36) Թագաւորութիւնը այն միջոցն է, որով Եհովայի անունը պիտի սրբացուի, իր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովուի, եւ իր կամքը պիտի կատարուի ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։ (Մատթէոս 6։9, 10) Իր ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան, Յիսուս Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեց, եւ ըսաւ թէ իր հետեւորդները զայն պիտի ծանուցանէին մինչեւ իրերու դրութեան վախճանը։ (Մատթէոս 4։23. 24։14) 1914–ին, Յայտնութիւն 11։15–ի մարգարէական խօսքերը կատարուեցան. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Շուտով, այդ երկնային Թագաւորութիւնը մարդկութեան վրայ իշխող միակ հեղինակութիւնը պիտի ըլլայ։ (Դանիէլ 2։44) Ժամանակ մը պիտի գայ, երբ նոյնիսկ աշխարհիկ կառավարիչներ պիտի պարտադրուին անոր հեղինակութիւնը ընդունիլ։—Սաղմոս 2։6-12

6 Այս բոլորը ի մտի ունենալով, ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներն են, եւ ‘առաջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը խնդրելու’ Յիսուսի խրատին կը հետեւին։ (Մատթէոս 6։33) Ասիկա զիրենք իրենց ապրած երկրին հանդէպ անհաւատարիմ չի դարձներ, բայց աշխարհէն հոգեւորապէս կ’անջատէ զիրենք։ Ինչպէս առաջին դարուն, ներկայիս ալ Քրիստոնեաներուն գլխաւոր պարտականութիւնն է՝ ‘Աստուծոյ թագաւորութեան մասին ամբողջական վկայութիւն մը տալ’։ (Գործք 28։23, ՆԱ) Մարդկային ո՛չ մէկ կառավարութիւն այդ աստուածատուր գործին արգելք հանդիսանալու իրաւունքը ունի։

7. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ չէզոք են, եւ ասիկա ի՞նչպէս ցոյց տուած են։

7 Քանի որ Եհովայի կը պատկանին եւ Յիսուսի հետեւորդներն ու Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներն են, Եհովայի Վկաները Ի. եւ ԻԱ. դարերու ազգային եւ միջազգային պայքարներուն մէջ չէզոք մնացած են։ Անոնք կողմ չեն բռնած, ոեւէ մէկու դէմ զէնք չեն վերցուցած, եւ աշխարհիկ որեւէ դատի ի նպաստ պրոպականդ չեն տարածած։ Անտանելի թուող հակառակութեան դիմաց արտակարգ հաւատք ցուցաբերելով, անոնք 1934–ին Գերմանիոյ Նացի կառավարիչներուն ուշադրութեան յանձնուած սկզբունքներուն հետեւած են. «Մենք քաղաքական հարցերով հետաքրքրուած չենք, այլ՝ լիովին նուիրուած ենք Աստուծոյ թագաւորութեան, որուն Թագաւորը Քրիստոս է։ Ոեւէ մէկու վիրաւորանք կամ վնաս պիտի չհասցնենք։ Մեր փափաքն է խաղաղութեամբ ապրիլ եւ բոլոր մարդոց բարիք ընել, երբ պատեհութիւնը ունենանք»։

Քրիստոսի Դեսպաններ ու Պատուիրակներ

8, 9. Ներկայիս Եհովայի Վկաները ի՞նչ կերպով դեսպաններ եւ պատուիրակներ են, եւ ասիկա ազգերուն հետ իրենց յարաբերութեան ի՞նչպէս կ’ազդէ։

8 Պօղոս ինքզինք եւ օծեալ Քրիստոնեայ հաւատակիցները նկարագրեց որպէս ‘դեսպաններ Քրիստոսի համար, որպէս թէ Աստուած կ’աղաչէր ձեզի մեր միջոցով’։ (Բ. Կորնթացիս 5։20, Վերանայուած. Եփեսացիս 6։20) 1914–էն ի վեր, տեղին ըլլալով հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներու մասին կրնայ խօսուիլ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան դեսպաններ, որուն «որդիներ»ն են։ (Մատթէոս 13։38. Փիլիպպեցիս 3։20. Յայտնութիւն 5։9, 10) Ասկէ զատ, Եհովա ազգերէն դուրս բերած է «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն մը»՝ երկրային յոյս ունեցող Քրիստոնեաներ, դեսպանական գործին մէջ օծեալ որդիներուն թիկունք կանգնելու համար։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16) Այս «ուրիշ ոչխարներ»ը կրնան կոչուիլ Աստուծոյ Թագաւորութեան «պատուիրակները»։

9 Դեսպան մը եւ իր անձնակազմը իրենց ապրած երկրին քաղաքական հարցերուն միջամուխ չեն ըլլար։ Նմանապէս, Քրիստոնեաները այս աշխարհի ազգերուն քաղաքական հարցերուն նկատմամբ չէզոք կը մնան։ Անոնք ազգային, ցեղային, ընկերային կամ տնտեսական որեւէ խումբի թեր կամ դէմ կողմ չեն բռներ։ (Գործք 10։34, 35) Ընդհակառակը, անոնք ‘բարիք կ’ընեն ամենուն’։ (Գաղատացիս 6։10) Եհովայի Վկաներու չէզոքութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ ո՛չ մէկը արդարացիօրէն մերժէ անոնց պատգամը, ըսելով թէ անոնք առնչուած են ցեղային, ազգային կամ տոհմային հակառակորդ խումբի մը հետ։

Սիրով Բնորոշուած

10. Քրիստոնեայի մը համար սէրը ո՞րքան կարեւոր է։

10 Վերոյիշեալ կէտերէն զատ, Քրիստոնեաները աշխարհի հարցերուն նկատմամբ չէզոք են՝ ուրիշ Քրիստոնեաներու հետ իրենց յարաբերութեան պատճառաւ։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Եղբայրասիրութիւնը Քրիստոնեայ մը ըլլալուն կարեւոր մէկ երեսակն է։ (Ա. Յովհաննու 3։14) Եհովայի եւ Յիսուսի հետ իր յարաբերութեան հետ կապ ունենալով, Քրիստոնեան մօտիկ յարաբերութիւն ունի ուրիշ Քրիստոնեաներու հետ։ Անոր սէրը տեղական ժողովքի անդամներուն սահմանափակուած չէ։ Անիկա կը պարփակէ իր բոլոր «եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ»։—Ա. Պետրոս 5։9

11. Իրարու հանդէպ Եհովայի Վկաներուն ունեցած սէրը ի՞նչպէս ազդած է իրենց վարքին։

11 Ներկայիս, Եհովայի Վկաները իրենց եղբայրասիրութիւնը կը ցուցաբերեն, Եսայեայ 2։4–ի խօսքերը կատարելով. «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։ Եհովայէ սորված ըլլալով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ եւ իրարու հետ խաղաղութեան մէջ են։ (Եսայեայ 54։13) Քանի որ Աստուած եւ իրենց եղբայրները կը սիրեն, իրենց մտքէն իսկ չ’անցնիր ուրիշ երկրի մէջ բնակող Քրիստոնեայ հաւատակիցներու, կամ ոեւէ անձի, դէմ զէնք վերցնել։ Անոնց խաղաղութիւնն ու միութիւնը իրենց պաշտամունքին կենսական մէկ մասն է, ապացոյց մը՝ թէ իրենք իրապէս Աստուծոյ հոգին ունին։ (Սաղմոս 133։1. Միքիայ 2։12. Մատթէոս 22։37-39. Կողոսացիս 3։14) Անոնք ‘խաղաղութիւն կը փնտռեն ու անոր ետեւէն կ’երթան’, գիտնալով թէ «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են»։—Սաղմոս 34։14, 15

Քրիստոնեաները Ի՛նչպէս կը Նկատեն Աշխարհը

12. Աշխարհի մարդոց հանդէպ Եհովայի ո՞ր տեսակէտը Եհովայի Վկաները կ’ընդօրինակեն, եւ ի՛նչպէս։

12 Եհովա այս աշխարհի վրայ աննպաստ դատավճիռ արձակած է, բայց ան տակաւին աշխարհի մէջ գտնուող բոլոր անհատները չէ դատած։ Ասիկա պիտի ընէ Յիսուսի միջոցաւ, Իր որոշած ժամանակին։ (Սաղմոս 67։3, 4. Մատթէոս 25։31-46. Բ. Պետրոս 3։10) Մինչ այդ, ան մարդկութեան հանդէպ մեծ սէր ցոյց կու տայ։ Ան նոյնիսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ոք յաւիտենական կեանք ստանալու պատեհութիւնը ունենայ։ (Յովհաննու 3։16) Որպէս Քրիստոնեաներ, Աստուծոյ սէրը կ’ընդօրինակենք, ուրիշներու խօսելով Աստուծոյ փրկարար կարգադրութիւններուն մասին, նոյնիսկ եթէ մեր ջանքերը յաճախ մերժուին։

13. Աշխարհիկ կառավարիչները ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք։

13 Աշխարհի կառավարիչները ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք։ Պօղոս այս հարցումին պատասխանեց, երբ գրեց. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են [«իրենց յարաբերական դիրքերուն վրայ», ՆԱ]»։ (Հռովմայեցիս 13։1, 2) Մարդիկ հեղինակութեան «յարաբերական» դիրքեր կը գրաւեն (մեծ կամ պզտիկ, բայց միշտ Եհովայէ ստորադաս), քանի որ Ամենակալը անոնց կը թոյլատրէ։ Քրիստոնեան աշխարհիկ հեղինակութեան կը հպատակի, քանի որ ասիկա Եհովայի հանդէպ իր հնազանդութեան մէկ երեսակն է։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ Աստուծոյ պահանջները մարդկային կառավարութեան մը պահանջներուն հետ բախումի մէջ ըլլան։

Աստուծոյ Օրէնքը եւ Կայսրին Օրէնքը

14, 15. (ա) Հնազանդութեան հարցով Դանիէլ ի՞նչպէս կրցաւ բախումէ մը խուսափիլ։ (բ) Երեք Եբրայեցիները ի՞նչ կեցուածք բռնեցին, երբ կարելի չէր հնազանդութեան հարցով բախումէ մը խուսափիլ։

14 Դանիէլ ու իր երեք ընկերները մարդկային կառավարութեանց հպատակելուն եւ աստուածային հեղինակութեան հպատակելուն միջեւ ի՛նչպէս հաւասարակշռութիւն պահելու նկատմամբ ընտիր օրինակ մը կը հանդիսանան։ Երբ այս չորս Եբրայեցի պատանիները Բաբելոնի մէջ գերի էին, անոնք այդ երկրին օրէնքներուն հնազանդեցան եւ շուտով ընտրուեցան մասնայատուկ մարզում մը ստանալու համար։ Գիտակցելով որ այդ մարզումը կրնար Եհովայի Օրէնքին հետ բախում ունենալ, Դանիէլ հարցը քննարկեց պատասխանատու պաշտօնեային հետ։ Որպէս արդիւնք, չորս Եբրայեցիներուն խղճմտանքը յարգելու համար մասնայատուկ կարգադրութիւններ եղան։ (Դանիէլ 1։8-17) Եհովայի Վկաները Դանիէլի օրինակին կը հետեւին, երբ փափկանկատութեամբ իրենց կեցուածքը կը բացատրեն բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, անհարկի խնդիրներու առաջքը առնելու համար։

15 Սակայն հետագային, հպատակութեան հարցով բախումէ մը կարելի չեղաւ խուսափիլ։ Բաբելոնի թագաւորը Դուրա դաշտին մէջ հսկայ կուռք մը կանգնեցուց եւ հրամայեց որ բարձրաստիճան պաշտօնատարները, ի ներառեալ՝ գաւառներուն իշխանները, անոր նաւակատիքին ներկայ գտնուին։ Այդ ատեն, Դանիէլի երեք ընկերները Բաբելոնի գաւառին իշխաններ նշանակուած էին, հետեւաբար, հրամանը իրենց ալ կը կիրարկուէր։ Արարողութեան որոշ մէկ պահուն, համախմբուած բոլոր անհատները արձանին առջեւ երկրպագութիւն պէտք էր ընէին։ Սակայն, այս Եբրայեցիները գիտէին թէ ասիկա Աստուծոյ օրէնքին դէմ էր։ (Բ. Օրինաց 5։8-10) Ուստի, երբ ամէն ոք երկրպագութիւն ըրաւ, անոնք ոտքի մնացին։ Թագաւորին հրամանին չհնազանդելով, սարսափելի կերպով մեռնելու վտանգը դիմագրաւեցին, եւ միայն հրաշքով մը իրենց կեանքը փրկուեցաւ։ Այո, անոնք ընտրեցին իրենց կեանքը վտանգել քան՝ Եհովայի չհնազանդիլ։—Դանիէլ 2։49–3։29

16, 17. Երբ իրենց պատուէր տրուեցաւ որ քարոզչութիւնը դադրեցնեն, առաքեալները ի՞նչպէս հակազդեցին, եւ ինչո՛ւ։

16 Առաջին դարուն, Յիսուս Քրիստոսի առաքեալները Երուսաղէմի մէջ Հրեայ առաջնորդներուն առջեւ բերուեցան եւ իրենց պատուէր տրուեցաւ որ Յիսուսի անունով քարոզելէ դադրին։ Անոնք ի՞նչպէս հակազդեցին։ Յիսուս անոնց պատուիրած էր որ բոլոր ազգերուն մէջ աշակերտեն, ի ներառեալ Հրէաստանը։ Ան նաեւ անոնց ըսած էր որ իր վկաները ըլլային Երուսաղէմի մէջ, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի մէջ։ (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 1։8) Առաքեալները գիտէին որ Յիսուսի պատուէրները, իրենց համար Աստուծոյ կամքը կը ներկայացնէին։ (Յովհաննու 5։30. 8։28) Ուստի, անոնք ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 4։19, 20. 5։29

17 Ասիկա առաքեալներուն կողմէ ըմբոստութիւն չէր։ (Առակաց 24։21) Սակայն, երբ մարդկային կառավարիչներ արգելք հանդիսացան որ անոնք Աստուծոյ կամքը ընեն, անոնք ըսին. ‘Աստուծոյ պէտք է հնազանդինք, ո՛չ թէ մարդոց’։ Յիսուս ըսաւ թէ ‘ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տանք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տանք’։ (Մարկոս 12։17) Եթէ աստուածային պատուէրի մը չհնազանդինք, քանի որ մա՛րդ մը մեզմէ այդպէս կը պահանջէ, մարդու տուած կ’ըլլանք ի՛նչ որ Աստուծոյ կը պատկանի։ Փոխարէն, ա՛յն որ Կայսրին կը պարտինք՝ կու տանք Կայսրին, սակայն կ’ընդունինք որ Եհովա գերագոյն հեղինակութիւնն է։ Ան է Տիեզերքի Գերիշխանը, Ստեղծիչը, հեղինակութիւն բուն Աղբիւրը։—Յայտնութիւն 4։10

Հաստատ Պիտի Մնանք

18, 19. Մեր եղբայրներէն շատեր ի՞նչ օրինակելի կեցուածք բռնած են, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոնց օրինակին հետեւիլ։

18 Ներկայիս, աշխարհիկ կառավարութիւններուն մեծամասնութիւնը Եհովայի Վկաներու չէզոք կեցուածքը կը ճանչնայ, եւ ասոր համար երախտապարտ ենք։ Սակայն, կարգ մը երկիրներու մէջ, Վկաները խիստ հակառակութեան հանդիպած են։ Ի. դարու ընթացքին եւ մինչեւ օրս, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք խիզախօրէն պայքարած են, հոգեւոր առումով՝ ‘հաւատքին բարի պատերազմը’ մղելով։—Ա. Տիմոթէոս 6։12

19 Ի՞նչպէս կրնանք անոնց նման հաստատ կենալ։ Նախ՝ չենք մոռնար որ հակառակութիւն պէտք է ակնկալենք։ Պէտք չէ տակնուվրայ ըլլանք կամ նոյնիսկ անակնկալի գանք, եթէ հակառակութեան հանդիպինք։ Պօղոս Տիմոթէոսը ազդարարեց. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12. Ա. Պետրոս 4։12) Աշխարհի մը մէջ, ուր Սատանայի ազդեցութիւնը տիրական է, ինչո՞ւ հակառակութեան պիտի չհանդիպինք։ (Յայտնութիւն 12։17) Այնքան ատեն որ հաւատարիմ ենք, միշտ պիտի ըլլան ոմանք, որոնք ‘պիտի զարմանան ու հայհոյութիւն ընեն’։—Ա. Պետրոս 4։4

20. Ի՞նչ զօրացուցիչ ճշմարտութիւններ մեր ուշադրութեան կը յանձնուին։

20 Երկրորդ, մենք համոզուած ենք որ Եհովան ու իր հրեշտակները մեզի թիկունք պիտի կանգնին։ Ինչպէս վաղեմի Եղիսէն ըսաւ՝ «մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։ (Դ. Թագաւորաց 6։16. Սաղմոս 34։7) Կրնայ ըլլալ որ Եհովան, լաւ նպատակի մը համար, թոյլ տայ որ հակառակորդներու կողմէ եկած ճնշումը որոշ ժամանակ մը շարունակուի։ Այսուհանդերձ, ան միշտ մեզի պիտի տայ տոկալու համար հարկ եղած զօրութիւնը։ (Եսայեայ 41։9, 10) Ոմանք սպաննուած են, սակայն ասիկա մեզ չի սարսափեցներ։ Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել»։ (Մատթէոս 10։16-23, 28) Մենք իրերու այս դրութեան մէջ միայն «օտարականներ» ենք։ Մեր ժամանակը կը գործածենք ‘ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու համար’՝ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանք։ (Ա. Պետրոս 2։11. Ա. Տիմոթէոս 6։19) Ո՛չ ոք կրնայ մեզ զրկել այդ վարձատրութենէն, այնքան ատեն որ Աստուծոյ հաւատարիմ կը մնանք։

21. Ի՞նչ բաներ միշտ ի մտի պէտք է ունենանք։

21 Արդ, միշտ յիշենք Եհովա Աստուծոյ հետ մեր ունեցած առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնը։ Միշտ գնահատենք Քրիստոսի հետեւորդները ու Թագաւորութեան հպատակները ըլլալու օրհնութիւնը։ Ամբողջ սրտով մեր եղբայրները սիրենք, եւ միշտ ուրախանանք մեզի հանդէպ անոնց ցուցաբերած սիրով։ Մանաւանդ, անսանք սաղմոսերգուին խօսքերուն. «Տէրոջը սպասէ՛։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։ Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ»։ (Սաղմոս 27։14. Եսայեայ 54։17) Այն ատեն մենք ալ, մեզմէ առաջ ապրած անհամար Քրիստոնեաներուն նման, մեր ստոյգ յոյսով հաստատ պիտի կենանք՝ որպէս հաւատարիմ ու չէզոք Քրիստոնեաներ, որոնք այս աշխարհի մէկ մասը չեն։

Կրնա՞ք բացատրել

• Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը ի՞նչպէս մեզ այս աշխարհէն կ’անջատէ։

• Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ, ի՞նչպէս այս աշխարհին մէջ չէզոք դիրք մը կը պահենք։

• Մեր եղբայրասիրութիւնը ի՞նչ կերպերով մեզ չէզոք, աշխարհէ անջատ կը պահէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակիլը ի՞նչպէս կ’ազդէ աշխարհի հետ մեր յարաբերութեան

[Նկար՝ էջ 26]

Հութու մը ու Թութցի մը, ուրախութեամբ միասնաբար կ’աշխատին

[Նկար՝ էջ 27]

Հրեայ եւ Արաբ Քրիստոնեայ եղբայրներ

[Նկար՝ էջ 27]

Սերպիացի, Պոսնիացի եւ Խրուաթցի Քրիստոնեաներ իրարու ընկերակցութիւնը կը վայելեն

[Նկար՝ էջ 28]

Շիտակ ընթացքը ի՞նչ է, երբ կառավարիչներ մեզի կը հրամայեն որ Աստուծոյ օրէնքը բեկանենք