Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Սատանային հակառա՛կ կեցէք»

«Սատանային հակառա՛կ կեցէք»

«Սատանային հակառա՛կ կեցէք»

«Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 4։7

1. Ներկայ աշխարհին մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ, եւ օծեալներն ու անոնց ընկերակիցները ինչո՞ւ արթուն պէտք է ըլլան։

«ԱՍՏՈՒԱԾ անհետացած է, սակայն Բանսարկուն կը մնայ»։ Ֆրանսացի հեղինակ Անտրէ Մոլրոյի այս խօսքը կրնայ կիրարկուիլ մեր ապրած աշխարհին։ Այնպէս կը թուի թէ մարդոց արարքները Բանսարկուին հնարքները աւելի կ’արտացոլացնեն քան՝ Աստուծոյ կամքը։ Սատանան մարդիկը կը մոլորեցնէ «բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով եւ կորսուածներուն վրայ անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնովը»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9, 10) Սակայն այս «վերջին օրեր»ուն, Սատանան իր ջանքերը կը կեդրոնացնէ Աստուծոյ նուիրուած ծառաներուն վրայ, պատերազմ մղելով օծեալ Քրիստոնեաներուն դէմ, ‘որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահեն ու Յիսուսին վկայութիւնը ունին’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Յայտնութիւն 12։9, 17) Այս Վկաները եւ երկրային յոյս ունեցող անոնց ընկերակիցները պէտք է արթուն ըլլան։

2. Եւան ի՞նչպէս խաբուեցաւ Սատանայի կողմէ, եւ Պօղոս առաքեալ ի՞նչ մտահոգութիւն յայտնեց։

2 Սատանան բոլորովին խաբեբայ մըն է։ Օձ մը գործածելով, ան Եւան խաբեց, անոր մտածել տալով թէ աւելի ուրախ պիտի ըլլար եթէ Աստուծմէ անկախ գործէր։ (Ծննդոց 3։1-6) Շուրջ չորս հազար տարի ետք, Պօղոս առաքեալ մտահոգ էր որ Կորնթոսի օծեալ Քրիստոնեաները Սատանայի նենգամտութեան զոհը դառնային։ Պօղոս գրեց. «Կը վախնամ որ ձեր միտքը ապականի եւ հեռանաք Քրիստոսի հանդէպ ամբողջական եւ մաքուր նուիրումէն, ճիշդ ինչպէս Եւան խաբուեցաւ օձին խորամանկ սուտերէն»։ (Բ. Կորնթացիս 11։3, Անթիլիաս) Սատանան մարդոց մտքերը կ’ապականէ եւ անոնց մտածելակերպը կը խեղաթիւրէ։ Ճիշդ ինչպէս Եւան խաբեց, ան կրնայ պատճառ ըլլալ որ Քրիստոնեաներ սխալ կերպով տրամաբանեն եւ խորհին թէ իրենց երջանկութիւնը կախեալ է բանէ մը, զոր Եհովան ու իր Որդին կը դատապարտեն։

3. Բանսարկուէն պաշտպանուելու համար, Եհովա ի՞նչ հայթայթած է։

3 Սատանան կրնայ նմանցուիլ թռչնորսի մը, որ անզգոյշ թռչուններ բռնելու համար թակարդներ կը լարէ։ Սատանայի թակարդներէն խուսափելու համար, պէտք է ‘բնակինք Բարձրելոյն ծածկոցին տակ’, պաշտպանութեան այլաբանական տեղ մը՝ որ Եհովա կը հայթայթէ անոնց, որոնք իր տիեզերական գերիշխանութիւնը կ’ընդունին իրենց կեանքին մէջ։ (Սաղմոս 91։1-3) Պէտք ունինք այն ամբողջ պաշտպանութեան, որ Աստուած իր Խօսքին, իր հոգիին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ կը հայթայթէ, որպէսզի ‘կարող ըլլանք Սատանայի հնարքներուն դէմ դնել’։ (Եփեսացիս 6։11) «Հնարքներ» թարգմանուած Յունարէն բառը նաեւ կրնայ թարգմանուիլ «նենգամիտ արարքներ» կամ «ճարպիկ խաբեբայութիւններ»։ Անտարակոյս, Բանսարկուն բազմաթիւ ճարպիկ խաբեբայութիւններ եւ նենգամիտ արարքներ կը գործածէ, ջանալով Եհովայի ծառաները որոգայթի մէջ ձգել։

Սատանայի Լարած Որոգայթները՝ Նախկին Քրիստոնեաներուն Համար

4. Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպիսի աշխարհի մը մէջ ապրեցան։

4 Հ.Դ. առաջին ու երկրորդ դարուն, Քրիստոնեաները կ’ապրէին այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ Հռովմէական Կայսրութիւնը իր զօրութեան զենիթին հասած էր։ Փաքս Ռոմանա–ն (Հռովմէական Խաղաղութիւն) կարելի դարձուց որ առեւտուրը ծաղկի։ Այս բարգաւաճութիւնը իշխող դասակարգին զուարճանալու շատ ժամանակ հայթայթեց, եւ կառավարիչները կարգադրեցին որ հասարակ ժողովուրդը բազմաթիւ զբօսանքներ ունենայ, որպէսզի չապստամբի։ Կարգ մը ժամանակամիջոցներուն, արձակուրդի օրերը աշխատանքի օրերուն չափ էին։ Առաջնորդները պետական հիմնադրամները կը գործածէին մարդոց ուտելիք ու հանրային ներկայացումներ ապահովելու համար, անոնց փորը կուշտ՝ իսկ միտքը զբաղած պահելով։

5, 6. (ա) Ինչո՞ւ անպատշաճ էր որ Քրիստոնեաներ հռովմէական թատրոններն ու ամփիթատրոնները յաճախէին։ (բ) Սատանան ի՞նչ հնարք գործածեց, եւ Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս կրնային անկէ խուսափիլ։

5 Այս կացութիւնը նախկին Քրիստոնեաներուն վտանգ մը ներկայացո՞ւց։ Յետ–առաքելական գրողներու, ինչպէս՝ Տերտուղիանոսի, ազդարարութիւններէն դատելով, այդ ժամանակ զբօսանքներուն մեծամասնութիւնը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար հոգեւոր ու բարոյական վտանգներով լեցուն էր։ Նախ եւ առաջ, փառատօներուն ու խաղերուն մեծամասնութիւնը հեթանոս չաստուածներուն ի պատիւ տեղի կ’ունենար։ (Բ. Կորնթացիս 6։14-18) Թատրոններու մէջ, նոյնիսկ դասական թատերախաղերէն շատեր չափազանց անբարոյ կամ վայրագ էին։ Ժամանակի ընթացքին, դասական թատերախաղերու հանդէպ հանրութեան ախորժակը տկարացաւ, եւ անոնք փոխարինուեցան ցոփ մնջկատակութիւններով։ Պատմաբան Ճերոմ Քարքոփինօ, Daily Life in Ancient Rome (Առօրեայ Կեանքը Վաղեմի Հռովմի Մէջ) իր գրքին մէջ կ’ըսէ. «Այս թատերախաղերուն մէջ, դերասանուհիներուն թոյլատրուած էր բոլորովին մերկանալ . . . առատօրէն արիւն կը թափուէր։ . . . [Մնջկատակութիւնը] մայրաքաղաքի ամբոխները իր ճիրաններուն մէջ առած խեղաթիւրութեան գագաթնակէտին հասած էր։ Անոնք այսպիսի ցնցիչ ներկայացումներէ չէին նողկար, քանի որ ամփիթատրոնի սարսափելի արիւնահեղութիւնները վաղուց անոնց զգացումները նուաստացուցած եւ անոնց բնազդները եղծանած էին»։—Մատթէոս 5։27, 28

6 Ամփիթատրոններուն մէջ, սուսերամարտիկներ մինչեւ մահ իրարու հետ կը մարտնչէին, կամ՝ գազաններու հետ կը կռուէին, սպաննելով կամ սպաննուելով։ Դատապարտուած ոճրագործներ, իսկ հետագային՝ բազմաթիւ Քրիստոնեաներ, կատաղի գազաններու առջեւ նետուեցան։ Նոյնիսկ այդ ժամանակներուն, Սատանայի հնարքն էր անբարոյութեան ու վայրագութեան հանդէպ մարդոց խորշանքը բթացնել, մինչեւ որ այս բաները սովորական դառնան ու ժողովուրդին կողմէ պահանջուին։ Այդ որոգայթէն խուսափելու միակ կերպն էր՝ թատրոններէն ու ամփիթատրոններէն հեռու կենալ։—Ա. Կորնթացիս 15։32, 33

7, 8. (ա) Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէր որ Քրիստոնեայ մը կառամարտի ներկայ գտնուէր։ (բ) Սատանան ի՞նչպէս կրնար հռովմէական բաղնիքները գործածել Քրիստոնեաները որոգայթի մէջ ձգելու համար։

7 Կրկէս կոչուած հսկայ, երկայնաձեւ մրցավայրի մէջ տեղի ունեցող կառամարտը, անկասկած շատ հետաքրքրական էր, բայց Քրիստոնեաներու համար անընդունելի էր, քանի որ ամբոխը յաճախ վայրագ կը դառնար։ Երրորդ դարու գրող մը տեղեկագրեց թէ կարգ մը հանդիսատեսներ կռիւի կը բռնուէին, իսկ Քարքոփինոն կ’ըսէ թէ «աստղաբաշխներ ու պոռնիկներ իրենց յատուկ աշխատավայրերը ունէին», կրկէսի կամարներուն ներքեւ։ Բացայայտօրէն, հռովմէական կրկէսը Քրիստոնեաներու վայել վայր մը չէր։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10

8 Ի՞նչ կրնանք ըսել հռչակաւոր հռովմէական բաղնիքներուն մասին։ Վստահաբար, մաքրուելու միտումով լոգանք առնելուն մէջ սխալ բան մը չկար։ Սակայն, հռովմէական բաղնիքներէն շատեր հսկայ հաստատութիւններ էին, որոնք մարձման սենեակներ, մարզարաններ, բախտախաղի սենեակներ եւ ճաշասրահներ ունէին։ Թէեւ որոշուած էր թէ բաղնիքները ո՛ր ժամերուն տղամարդոց կամ կիներուն տրամադրուած էին, սակայն երկսեռ լոգանքը յաճախ հանդուրժելի էր։ Աղեքսանդրացի Կղեմէս գրեց. «Բաղնիքները անխտրաբար բաց են տղամարդոց ու կիներու. եւ հոն անոնք կը մերկանան անառակութիւն գործելու համար»։ Ուստի, օրինաւոր հաստատութիւն մը դիւրաւ կրնար Սատանայի կողմէ գործածուիլ որպէս թակարդ մը Քրիստոնեաներու համար։ Իմաստուն անհատներ այսպիսի վայրեր յաճախելէ ետ կեցան։

9. Նախկին Քրիստոնեաները ո՞ր որոգայթներէն պէտք էր խուսափէին։

9 Երբ Հռովմէական Կայսրութիւնը իր զօրութեան զենիթին կը գտնուէր, բախտախաղը ժողովուրդին նախասիրած մէկ ժամանցն էր։ Պարզապէս կրկէս չերթալով, նախկին Քրիստոնեաները կրնային կառամարտերուն գրաւի գալէ խուսափիլ։ Փոքր տարողութեամբ բախտախաղեր խաղալը տեղի կ’ունենար ապօրինի կերպով, խաներու եւ գինետուներու ներքին սենեակներուն մէջ։ Խաղցողները խաղակիցին ափին մէջ գտնուող խիճերուն կամ վէգերուն զոյգ թէ անզոյգ ըլլալուն վրայ իրենց գրաւը կը դնէին։ Բախտախաղը մարդոց կեանքը հետաքրքրական կը դարձնէր, քանի որ դիւրաւ դրամ ձեռք ձգելու յոյսը կը ներկայացնէր։ (Եփեսացիս 5։5) Ասկէ զատ, գինետուներու սպասեակները յաճախ պոռնիկներ էին, սեռային անբարոյութեան վտանգը աւելցնելով։ Ասոնք Սատանային լարած կարգ մը որոգայթներն էին, Հռովմէական Կայսրութեան քաղաքներուն մէջ ապրող Քրիստոնեաներուն համար։ Արդեօք ներկայիս իրերը շա՞տ տարբեր են։

Սատանայի Որոգայթները Ներկայիս

10. Ներկայիս կացութիւնը ի՞նչպէս Հռովմէական Կայսրութեան մէջ տիրական եղող կացութեան նման է։

10 Ընդհանուր առմամբ, Սատանայի հնարքները դարերու ընթացքին փոփոխութիւն չեն կրած։ Ապականած Կորնթոս քաղաքին մէջ ապրող Քրիստոնեաները ‘Սատանայէն չխաբուելու’ համար, Պօղոս առաքեալ անոնց զօրաւոր խրատ տուաւ, ըսելով. «Անտեղեակ չենք անոր խորհուրդներուն»։ (Բ. Կորնթացիս 2։11, Երուսաղէմ) Իր փառքի զենիթին հասած Հռովմէական Կայսրութեան մէջ տիրական եղող կացութեան նման կացութիւն մը կը տիրէ ներկայիս բազմաթիւ զարգացած երկիրներու մէջ։ Շատ մը մարդիկ ժամանցի համար աւելի ժամանակ ունին։ Պետական վիճակահանութիւնը նոյնիսկ աղքատներուն յոյսի նշոյլ մը կու տայ։ Մարդոց մտքերը զբաղած պահելու համար, մեծ թիւով աժան ժամանցներ գոյութիւն ունին։ Մարզադաշտերը լեցուն կ’ըլլան, մարդիկ բախտախաղ կը խաղան, եւ երբեմն ամբոխներ՝ ու յաճախ մարզիկներ՝ վայրագութեան կը դիմեն։ Նուաստացուցիչ երաժշտութիւնը մարդոց ականջները կը լեցնէ, ցոփ ներկայացումներ կը բեմադրուին թատրոններու մէջ, ինչպէս նաեւ շարժապատկերի ու հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ կը ցուցադրուին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ջերմասենեակներու եւ ջերմուկներու մէջ երկսեռ լոգանքը ժողովրդական է, չյիշելու համար կարգ մը ծովեզերքները բոլորովին մերկ պտըտիլը։ Ճիշդ ինչպէս Քրիստոնէութեան առաջին դարերուն ըրաւ, Սատանան կը ջանայ աշխարհային ժամանցներու միջոցաւ Աստուծոյ ծառաները հրապուրել։

11. Զբօսնիլը ի՞նչ որոգայթներու կրնայ առաջնորդել։

11 Աշխարհի մը մէջ, ուր ճնշուածութիւնը սովորական դարձած է, բնական է փափաքիլ հանգստանալ կամ զբօսնիլ։ Սակայն, ճիշդ ինչպէս հռովմէական բաղնիքները նախկին Քրիստոնեաներուն համար վտանգներ պարփակող երեսակներ ունէին, արձակուրդի յատուկ կարգ մը համալիրներ ու հանգստավայրեր Սատանայի կողմէ գործածուած են որպէս որոգայթ, արդի Քրիստոնեաները անբարոյութեան կամ խմիչքի չափազանց գործածութեան առաջնորդելու համար։ Պօղոս Կորնթացի Քրիստոնեաներուն գրեց, ըսելով. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։ Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք, վասն զի ձեզմէ ոմանք Աստուծոյ գիտութիւնը չունին»։—Ա. Կորնթացիս 15։33, 34

12. Եհովայի ծառաները որոգայթի մէջ ձգելու համար, ներկայիս Սատանայի գործածած կարգ մը հնարքները ի՞նչ են։

12 Եւայի պարագային տեսանք թէ Սատանան ի՛նչպէս խորամանկութիւն գործածեց, անոր մտածելակերպը ապականելու համար։ (Բ. Կորնթացիս 11։3) Ներկայիս, Բանսարկուի որոգայթներէն մէկն է, Քրիստոնեաներուն մտածել տալ թէ՝ եթէ աշխարհային կարգ մը կերպեր որդեգրեն, ցոյց տալու համար թէ Եհովայի Վկաները ուրիշ մարդոց նման են, պիտի յաջողին ոմանց քաշել քրիստոնէական ճշմարտութեան։ Երբեմն անոնք չափը կ’անցընեն, եւ հակառակը կը պատահի։ (Անգեայ 2։12-14) Սատանայի ուրիշ մէկ հնարքն է, նուիրուած Քրիստոնեաները՝ թէ՛ անչափահասները եւ թէ չափահասները՝ դրդել որ կրկնակի կեանք մը վարեն եւ ‘Աստուծոյ Սուրբ Հոգին տրտմեցնեն’։ (Եփեսացիս 4։30) Ոմանք Համացանցի սխալ գործածութեամբ այս թակարդին մէջ ինկած են։

13. Քօղարկուած ո՞ր թակարդը Բանսարկուին նենգամիտ արարքներէն մէկն է, եւ այս պարագային Առակաց գրքին ո՞ր խրատը տեղին է։

13 Սատանայի ուրիշ մէկ որոգայթն է՝ քօղարկուած կախարդագիտութիւնը։ Ոչ մէկ ճշմարիտ Քրիստոնեայ կանխամտածութեամբ սատանայապաշտութեան կամ ոգեհարցութեան միջամուխ պիտի ըլլար։ Բայց եւ այնպէս, ոմանք անգիտակցաբար անհոգ կը գտնուին, երբ հարցը կը վերաբերի վայրագութիւն կամ այլանդակ արարքներ ցցուն ընող ֆիլմերու, հեռատեսիլի ֆիլմաշարներու, պատկերիզի խաղերու, եւ նոյնիսկ երախաներու յատուկ գրքերու եւ նկարազարդ զաւեշտական թերթերու։ Խորհրդապաշտութեան հետ կապ ունեցող որեւէ բանէ հեռու պէտք է կենանք։ Իմաստուն առակը կ’ըսէ. «Ծուռ մարդուն ճամբուն մէջ փուշեր ու որոգայթներ կան, ուստի իր հոգին պահողը՝ անոնցմէ հեռու պիտի կենայ»։ (Առակաց 22։5) Քանի որ Սատանան «այս աշխարհի աստուած»ն է, ժողովրդականութիւն վայելող որեւէ բան հաւանաբար կը քօղարկէ իր որոգայթներէն մէկը։—Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննու 2։15, 16

Յիսուս Բանսարկուին Հակառակ Կեցաւ

14. Յիսուս ի՞նչպէս Բանսարկուի առաջին փորձութեան դէմ դրաւ։

14 Յիսուս ընտիր օրինակ հանդիսացաւ՝ Բանսարկուին հակառակ կենալով եւ պատճառ ըլլալով որ ան փախչի։ Մկրտուելէ եւ 40 օր ծոմ պահելէ ետք, Յիսուս Սատանայէ փորձուեցաւ։ (Մատթէոս 4։1-11) Առաջին փորձութիւնը շահագործեց ծոմապահութենէն ետք Յիսուսի զգացած անօթութիւնը։ Սատանան Յիսուսը հրաւիրեց որ իր առաջին հրաշքը ընէ, ֆիզիքական կարիք մը գոհացնելու համար։ Բ. Օրինաց 8։3–ը մէջբերելով, Յիսուս մերժեց իր զօրութիւնը անձնական շահերու համար գործածել, եւ հոգեւոր սնունդը ֆիզիքական սնունդէն վեր դասեց։

15. (ա) Սատանան Յիսուսը փորձելու համար ի՞նչ բնական ցանկութիւն մը շահագործեց։ (բ) Ներկայիս Աստուծոյ ծառաներուն դէմ Բանսարկուին գործածած գլխաւոր նենգամիտ մէկ արարքը ի՞նչ է, բայց ի՞նչպէս կրնանք իրեն հակառակ կենալ։

15 Այս փորձութեան հետ առնչուած հետաքրքրական կէտ մըն է, թէ Բանսարկուն չփորձեց Յիսուսը մղել որ սեռային մեղք մը գործէ։ Անօթութիւնը, որ բնականաբար ուտելիքի հանդէպ տենչ մը կ’արթնցնէ, թուեցաւ ամենազօրաւոր ֆիզիքական ցանկութիւնը ըլլալ, որ կրնար գործածուիլ Յիսուսը փորձելու համար այս պարագային։ Ներկայիս Բանսարկուն ի՞նչ փորձութիւններ կը գործածէ Աստուծոյ ժողովուրդը հրապուրելու համար։ Անոնք բազմաթիւ եւ բազմատեսակ են, սակայն, ան սեռային փորձութիւնները կը գործածէ որպէս գլխաւոր նենգամիտ մէկ արարքը, ջանալով Եհովայի ծառաներուն ուղղամտութիւնը բեկանել։ Յիսուսը ընդօրինակելով, կրնանք Բանսարկուին հակառակ կենալ եւ փորձութիւններու դէմ դնել։ Ճիշդ ինչպէս Յիսուս Սատանայի ջանքերը ի դերեւ հանեց յարմար համարներ յիշելով, երբ փորձուինք, կրնանք հետեւեալին նման համարներ մտաբերել՝ Ծննդոց 39։9 եւ Ա. Կորնթացիս 6։18։

16. (ա) Սատանան երկրորդ անգամ ի՞նչպէս Յիսուսը փորձեց։ (բ) Սատանան ի՞նչ կերպերով կրնայ ջանալ մեզ դրդել որ Եհովան փորձենք։

16 Անկէ ետք, Բանսարկուն Յիսուսի ասպարէզ կարդաց որ տաճարին աշտարակէն վար նետուի եւ Իր հրեշտակներուն միջոցաւ զինք պաշտպանելու Աստուծոյ կարողութիւնը փորձի ենթարկէ։ Բ. Օրինաց 6։16–ը մէջբերելով, Յիսուս մերժեց իր Հայրը փորձել։ Թերեւս Սատանան մեզ չփորձէ, որ տաճարի որմածակէ մը վար նետուինք, սակայն կրնայ մեզ դրդել որ Եհովան փորձենք։ Արդեօք կը փորձուի՞նք մեր հագուելակերպին ու յարդարանքին մէջ աշխարհային նորաձեւութիւնները սերտօրէն ընդօրինակելու, միայն չխրատուելու աստիճան։ Արդեօք կը փորձուի՞նք կասկածելի զբօսանքներու մարզին մէջ։ Ուրեմն Եհովա՛ն կը փորձենք։ Եթէ այսպիսի հակումներ ունինք, փոխանակ մեզմէ փախչելու, Սատանան մեր քով պիտի տնտնայ, անդադար ջանալով մեզ հրապուրել, որ իր կողմը դիրք բռնենք։

17. (ա) Բանսարկուն երրորդ անգամ ի՞նչպէս Յիսուսը փորձեց։ (բ) Յակոբու 4։7–ն ի՞նչպէս կրնայ մեր պարագային ճշմարիտ ըլլալ։

17 Երբ Սատանան Յիսուսի առաջարկեց պաշտամունքի մէկ արարքի փոխարէն աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները տալ, Յիսուս դարձեալ անոր հակառակ կեցաւ սուրբ գրային համար մը մէջբերելով, իր Հօր բացարձակ պաշտամունքին կողքին հաստատ դիրք բռնելով։ (Բ. Օրինաց 5։9. 6։13. 10։20) Սատանան թերեւս աշխարհի թագաւորութիւնները մեզի չառաջարկէ, սակայն ան շարունակ մեզ կը փորձէ նիւթապաշտական պերճանքներով, նոյնիսկ՝ անձնական փոքր թագաւորութեան մը հեռանկարով։ Յիսուսի նման կը հակազդե՞նք, Եհովայի բացարձակ պաշտամունք տալով։ Եթէ այո, ինչ որ Յիսուսի պատահեցաւ, մեզի ալ պիտի պատահի։ Մատթէոսի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Այն ատեն Սատանան զանիկա թողուց»։ (Մատթէոս 4։11) Սատանան մեզ պիտի թողու, եթէ իրեն դէմ հաստատ կեցուածք առնենք՝ սուրբ գրային յարմար սկզբունքներ յիշելով ու կիրարկելով։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։ (Յակոբու 4։7) Քրիստոնեայ մը, Եհովայի Վկաներու Ֆրանսայի մասնաճիւղի գրասենեակին գրեց. «Սատանան իրապէս խորամանկ է։ Հակառակ լաւագոյն դիտաւորութիւններուս, զգացումներս ու ցանկութիւններս հակակշռի տակ առնելը շատ դժուար կը գտնեմ։ Այսուհանդերձ, քաջութեամբ, համբերութեամբ, եւ ամէն բանէ վեր, Եհովայի օգնութեամբ, կրցած եմ ուղղամտութիւնս պահպանել եւ ճշմարտութեան ամրօրէն կառչիլ»։

Լիովին Զինուած՝ Բանսարկուին Հակառակ Կենալու

18. Ո՞ր հոգեւոր սպառազինութիւնը մեզ կը զինէ Բանսարկուին հակառակ կենալու։

18 Եհովա մեզի հայթայթած է հոգեւոր լման սպառազինութիւն մը, որպէսզի կարող ըլլանք «Սատանային հնարքներուն դէմ դնել»։ (Եփեսացիս 6։11-18) Ճշմարտութեան հանդէպ մեր սէրը մեր մէջքը պիտի ամրացնէ, կամ՝ մեզ պիտի պատրաստէ, քրիստոնէական գործունէութեան համար։ Եհովայի արդարութեան չափանիշներուն կառչելու մեր վճռակամութիւնը պիտի նմանի մեր սիրտը պաշտպանող զրահի մը։ Եթէ մեր ոտքերը բարի լուրով ամրացուած են, անոնք մեզ կանոնաւորաբար քարոզչութեան պիտի առաջնորդեն, եւ ասիկա մեզ հոգեւորապէս պիտի զօրացնէ ու պաշտպանէ։ Մեր զօրաւոր հաւատքը մեծ վահանի մը նման պիտի ըլլայ, մեզ պաշտպանելով «չարին բոլոր կրակոտ նետեր»էն, անոր նենգամիտ յարձակումներէն ու փորձութիւններէն։ Եհովայի խոստումներուն կատարման հանդէպ մեր վստահ յոյսը սաղաւարտի մը պիտի նմանի, մեր մտային կարողութիւնները պահպանելով ու մեզի մտքի խաղաղութիւն տալով։ (Փիլիպպեցիս 4։7) Եթէ Աստուծոյ Խօսքը գործածելու մէջ հմուտ դառնանք, անիկա պիտի նմանի սուրի մը, որ կրնանք գործածել մարդիկը Սատանայի հոգեւոր կապանքէն ազատագրելու համար։ Նաեւ կրնանք զանիկա գործածել մեր անձերը պաշտպանելու համար, ինչպէս Յիսուս ըրաւ երբ փորձութեան ենթարկուեցաւ։

19. ‘Սատանային հակառակ կենալէ’ զատ, ի՞նչ բան անհրաժեշտ է։

19 «Աստուծոյ սպառազինութիւնը» միշտ մեր վրայ առնելով եւ անդադար աղօթելով, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա մեզ պիտի պաշտպանէ, երբ Սատանան մեր վրայ յարձակի։ (Յովհաննու 17։15. Ա. Կորնթացիս 10։13) Սակայն, Յակոբոս ցոյց տուաւ թէ ‘Սատանայի հակառակ կենալը’ բաւարար չէ։ Ամէն բանէ վեր, պէտք է ‘Աստուծոյ հնազանդինք’, որ մեզի համար կը հոգայ։ (Յակոբու 4։7, 8) Ասիկա ընելու կերպը նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Նախկին Քրիստոնեաները Սատանայի ո՞ր որոգայթներէն պէտք էր խուսափէին։

• Սատանան ներկայիս ի՞նչ նենգամիտ արարքներ կը գործածէ, Եհովայի ծառաները որոգայթի մէջ ձգելու համար։

• Յիսուս ի՞նչպէս Բանսարկուին փորձութիւններուն հակառակ կեցաւ։

• Ո՞ր հոգեւոր սպառազինութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ Բանսարկուին հակառակ կենալու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 8, 9]

Յիսուս հաստատօրէն Բանսարկուին հակառակ կեցաւ

[Նկարներ՝ էջ 10]

Առաջին դարու Քրիստոնեաները մերժեցին վայրագ ու անբարոյ զբօսանքները

[Նկարին աղբիւրը]

The Complete Encyclopedia of Illustration/J. G. Heck