Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութենէն հաճոյք առէք

Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութենէն հաճոյք առէք

Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութենէն հաճոյք առէք

«Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ»։—ՍԱՂՄՈՍ 77։12

1, 2. (ա) Ինչո՞ւ խոկալու համար ժամանակ պէտք է տրամադրենք։ (բ) Ի՞նչ կը նշանակեն խոկալ եւ խորհիլ բառերը։

ՈՐՊԷՍ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները, պէտք է խորապէս հետաքրքրուինք Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեամբ եւ Իրեն ծառայելու մեր դրդապատճառներով։ Սակայն ներկայիս, մարդոց մեծամասնութիւնը ա՛յնքան զբաղած կեանք մը կը վարէ, որ խոկալու ժամանակ չի մնար։ Անոնք լիովին կլանուած են՝ նիւթապաշտական եւ անսանձ հաճոյքի հետապնդումներով։ Ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի ունայն հետապնդումներէ խուսափիլ։ Ճիշդ ինչպէս որ կենսական գործունէութիւններու համար մասնաւոր ժամանակ կը տրամադրենք, ինչպէս՝ ուտելու եւ խմելու, նոյնպէս ալ ամէն օր ժամանակ պէտք է յատկացնենք Եհովայի գործունէութիւններուն եւ գործառնութիւններուն վրայ խոկալու համար։—Բ. Օրինաց 8։3. Մատթէոս 4։4

2 Երբեք խոկալու ժամանակ կը յատկացնէ՞ք։ Ի՞նչ կը նշանակէ խոկալ։ Խոկալ բառը կը սահմանուի որպէս՝ միտքը բանի մը վրայ կեդրոնացնել, խորհիլ, խորունկ մտածումներու մէջ ընկղմիլ։ Իսկ խորհիլ բառը կը նշանակէ՝ բանի մը մասին մտածել, խորհրդածել կամ նկատի առնել յատկապէս հանդարտօրէն, լրջօրէն, եւ խորապէս։ Ասիկա մեզի համար ի՞նչ իմաստ ունի։

3. Հոգեւորապէս յառաջդիմելը ուղղակիօրէն ի՞նչ բանի հետ առնչուած է։

3 Ասիկա մեզի պէտք է յիշեցնէ ինչ որ Պօղոս առաքեալ իր ծառայակիցին՝ Տիմոթէոսի գրեց. «Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։ . . . Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ»։ Այո, յառաջդիմութիւն կ’ակնկալուէր, եւ Պօղոսի խօսքերը ցոյց տուին թէ հոգեւոր բաներու մասին խորհիլն ու յառաջդիմելը իրարու հետ ուղղակիօրէն առնչուած էին։ Նոյնն է պարագան ներկայիս։ Հոգեւորապէս յառաջդիմելուն գոհունակութիւնը վայելելու համար, Աստուծոյ Խօսքին հետ առնչութիւն ունեցող բաներու մասին տակաւին պէտք է ‘խորհինք’ եւ ատոնցմով ‘պարապինք’։—Ա. Տիմոթէոս 4։13-15

4. Ի՞նչ հայթայթումներ կրնաք գործածել, որ Եհովայի Խօսքին վրայ կանոնաւորաբար խոկաք։

4 Խոկալու լաւագոյն ժամանակը ձեզմէ եւ ձեր ընտանիքին սովորամոլութենէն կախեալ է։ Շատեր սուրբ գրային համարի մը վրայ կը խոկան առտու կանուխ, Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկէն կարդալով։ Իրականութեան մէջ, աշխարհի չորս կողմը Պէթէլի տուներու մէջ գտնուող շուրջ 20,000 կամաւորներ իրենց օրը կը սկսին՝ 15 վայրկեան օրուան համարը նկատի առնելով։ Մինչ իւրաքանչիւր առաւօտ, Պէթէլի ընտանիքէն միայն քանի մը հոգի մեկնաբանութիւններ կու տան, մնացեալը ըսուածին ու կարդացուածին վրայ կը խոկան։ Ուրիշ Վկաներ, Եհովայի Խօսքին վրայ կը խոկան մինչ գործի կ’ուղղուին։ Անոնք Աստուածաշունչի, Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերու ձայներիզները կ’ունկնդրեն, որոնք կարգ մը լեզուներով մատչելի են։ Տանտիկիններէն շատեր ասիկա կ’ընեն, մինչ տան գործերը կը կատարեն։ Իրականութեան մէջ, անոնք սաղմոսերգու Ասափը կ’ընդօրինակեն, որ գրեց. «Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ. յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ։ Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ»։—Սաղմոս 77։11, 12

Շիտակ Մտավիճակը Դրական Արդիւնքներ կը Բերէ

5. Անձնական ուսումնասիրութիւնը մեզի համար ինչո՞ւ կարեւոր պէտք է ըլլայ։

5 Հեռատեսիլի, պատկերիզի ու համակարգիչի այս դարաշրջանին, մարդոց մեծամասնութիւնը այլեւս առաջուան չափ չ’ընթերցեր։ Սակայն պարագան այսպէս պէտք չէ ըլլայ Եհովայի Վկաներուն մէջ։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կարդալը մեզ Եհովայի կապող ազատարար չուանի մը նման է։ Հազարաւոր տարիներ առաջ, Յեսու Մովսէսի յաջորդեց որպէս Իսրայէլի առաջնորդը։ Եհովայի օրհնութիւնը ձեռք ձգելու համար, Յեսու Աստուծոյ Խօսքը անձամբ պէտք էր կարդար։ (Յեսուայ 1։8. Սաղմոս 1։1, 2) Ասիկա մինչեւ օրս տակաւին պահանջ մըն է։ Սակայն, սահմանափակ կրթութեան պատճառաւ, ոմանք կարդալու դժուարութիւն ունին կամ զայն ձանձրացուցիչ կը գտնեն։ Ուստի, ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ փափաքինք Աստուծոյ Խօսքը կարդալ եւ ուսումնասիրել։ Պատասխանը կրնայ գտնուիլ Առակաց 2։1-6–ի մէջ արձանագրուած Սողոմոն Թագաւորի խօսքերուն մէջ։ Հաճեցէք ձեր Աստուածաշունչը բանալ եւ այդ համարները կարդալ։ Ապա զանոնք միասնաբար պիտի քննարկենք։

6. Աստուծոյ գիտութեան նկատմամբ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ցուցաբերենք։

6 Նախ կը հանդիպինք հետեւեալ յորդորին. «Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, . . . »։ (Առակաց 2։1, 2) Այս խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք։ Թէ պատասխանատուութիւնը իւրաքանչիւրիս վրայ կ’իյնայ։ Նկատի առէք հետեւեալ պայմանը՝ «եթէ իմ խօսքերս ընդունիս»։ Ասիկա մեծ «եթէ» մըն է, քանի որ մարդկութեան մեծամասնութիւնը Աստուծոյ Խօսքին ուշադրութիւն չ’ընծայեր։ Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութենէն ուրախութիւն քաղելու համար, պէտք է յօժար ըլլանք Եհովայի խօսքերը ընդունելու եւ զանոնք գանձի պէս նկատելու, որ չենք ուզեր կորսնցնել։ Երբեք թոյլ պէտք չէ տանք որ մեր առօրեայ սովորամոլութիւնը պատճառ ըլլայ որ ա՛յնքան զբաղած կամ մտացիր ըլլանք, որ սկսինք Աստուծոյ Խօսքին հետ անտարբերութեամբ վարուիլ, նոյնիսկ՝ կասկածով։—Հռովմայեցիս 3։3, 4

7. Երբ կարելի է, քրիստոնէական ժողովներուն ինչո՞ւ ներկայ պէտք է գտնուինք եւ ուշադրութիւն ընծայենք։

7 Իրապէս ‘ականջ կու տանք’ եւ ուշի ուշով մտիկ կ’ընե՞նք, երբ Աստուծոյ Խօսքը կը բացատրուի քրիստոնէական ժողովներուն։ (Եփեսացիս 4։20, 21) Մեր ‘սիրտը կը բանա՞նք’, խոհեմութիւն ձեռք ձգելու համար։ Թերեւս դասախօսը շատ փորձառու չէ, սակայն, մինչ Աստուծոյ Խօսքը կը բացատրէ, կ’արժէ իրեն ուշի ուշով մտիկ ընել։ Անշուշտ, Եհովայի իմաստութեան ուշադրութիւն ընծայելու համար, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ պէտք է գտնուինք, երբ կարելի է։ (Առակաց 18։1) Երեւակայեցէք որքա՜ն յուսախաբ պիտի ըլլար այն անհատը, որ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին Երուսաղէմի վերնատան մէջ տեղի ունեցող ժողովին ներկայ չեղաւ։ Թէեւ մեր ժողովները ատոր նման տպաւորիչ չեն, սակայն հոն Աստուածաշունչը՝ մեր հիմնական դասագիրքը՝ կ’ուսումնասիրուի։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր ժողով կրնայ մեզի համար օրհնութիւն մը ըլլալ, եթէ ուշադրութիւն ընծայենք եւ մեր Աստուածաշունչերը գործածենք։—Գործք 2։1-4. Եբրայեցիս 10։24, 25

8, 9. (ա) Անձնական ուսումնասիրութիւնը մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ (բ) Ի՞նչպէս պիտի համեմատէիք ոսկիին արժէքը Աստուծոյ գիտութեան հասկացողութեան հետ։

8 Իմաստուն թագաւորին յաջորդ խօսքերն են. «Եթէ դուն իմաստութիւնը [«հասկացողութիւնը», ՆԱ] քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, . . . »։ (Առակաց 2։3) Այս խօսքերը ի՞նչ կեցուածք կամ հոգի մը կը հաղորդեն մեզի։ Եհովայի Խօսքը հասկնալու անկեղծ փափաք մը, այնպէս չէ՞։ Անոնք կը թելադրեն ուսումնասիրելու պատրաստակամութիւն մը, հանճար ձեռք ձգելու եւ Եհովայի կամքը իմանալու միտումով։ Անշուշտ, ասիկա ջանք կը պահանջէ, եւ ասիկա մեզ կ’առաջնորդէ Սողոմոնի յաջորդ խօսքերուն եւ տուած օրինակին։—Եփեսացիս 5։15-17

9 Ան կը շարունակէ. «Եթէ զանիկա [հասկացողութիւնը] արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, . . . »։ (Առակաց 2։4) Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ հանքագործութեան մարզին մէջ մարդուն կատարած քաջագործութիւնները, որ դարերու ընթացքին փնտռած է այդպէս կոչուած թանկարժէք մետաղները՝ արծաթն ու ոսկին։ Մարդիկ ոսկիի համար զիրար սպաննած են։ Ուրիշներ իրենց լման կեանքը վատնած են, փորձելով զայն գտնել։ Սակայն, ոսկիին իսկական արժէքը ի՞նչ է։ Եթէ անապատին մէջ կորսուած ըլլաք եւ ձեր ծարաւէն պիտի մեռնիք, ի՞նչ կը նախընտրէք. կտոր մը ոսկի՞, թէ գաւաթ մը ջուր։ Այսուհանդերձ, մարդիկ ի՜նչ եռանդով ոսկի փնտռած են, ի հեճուկս անոր երեւութական եւ անկայուն արժէքին։ * Որքա՜ն աւելի եռանդով իմաստութիւն, հանճար եւ Աստուծոյ ու իր կամքին հասկացողութիւնը պէտք է փնտռենք։ Սակայն, այսպիսի փնտռտուք մը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։—Սաղմոս 19։7-10. Առակաց 3։13-18

10. Եթէ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրենք ի՞նչ կրնանք գտնել։

10 Սողոմոն կը շարունակէ խրատել. «Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։ (Առակաց 2։5) Ի՜նչ զգայացունց գաղափար մը. մեղաւոր մարդկայիններս կրնանք «Աստուծոյ [Եհովայի, տիեզերքի Գերիշխան Տիրոջ] գիտութիւնը» գտնել։ (Սաղմոս 73։28. Գործք 4։24) Աշխարհի իմաստասէրները եւ այդպէս կոչուած իմաստունները դարերէ ի վեր փորձած են կեանքի ու տիեզերքի գաղտնիքները հասկնալ։ Սակայն, անոնք չեն կրցած «Աստուծոյ գիտութիւնը» գտնել։ Ինչո՞ւ։ Թէեւ անիկա հազարաւոր տարիներէ ի վեր մատչելի է Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ, բայց անոնք զանց կ’ընեն զայն որպէս չափազանց պարզ, ու հետեւաբար զայն չեն ընդունիր եւ չեն հասկնար։—Ա. Կորնթացիս 1։18-21

11. Անձնական ուսումնասիրութեան կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։

11 Ահաւասիկ ուրիշ դրդապատճառ մը, որ Սողոմոն աչքառու կը դարձնէ. «Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են»։ (Առակաց 2։6) Եհովա սիրայօժար կերպով ու առատաձեռնօրէն իմաստութիւն, գիտութիւն ու հանճար կու տայ ոեւէ անհատի որ կը փափաքի զինք փնտռել։ Վստահաբար, Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութիւնը գնահատելու ամէն պատճառ ունինք, նոյնիսկ եթէ անիկա ջանք, կրթութիւն ու անձնազոհութիւն կը պահանջէ։ Առնուազն, տպուած Աստուածաշունչեր ունինք եւ ձեռքով ընդօրինակելու կարիքը չունինք, ինչպէս անցեալին ոմանք կ’ընէին։—Բ. Օրինաց 17։18, 19

Եհովայի Արժանի Կերպով Քալել

12. Աստուծոյ գիտութիւնը ձեռք ձգելու մեր շարժառիթը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

12 Աստուածաշունչի մեր անձնական ուսումնասիրութեան շարժառիթը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ Ուրիշներէն աւելի լա՞ւ երեւիլ։ Ցոյց տալ թէ աւելի գիտութի՞ւն ունինք։ Ուրիշ խօսքով, Աստուածաշունչի քալող համայնագիտարա՞ն ըլլալ։ Ո՛չ։ Մեր նպատակն է՝ քալող, խօսող, գործադրող Քրիստոնեաներ ըլլալ, միշտ պատրաստ ուրիշներուն օգնելու Քրիստոսի թարմացուցիչ հոգիով։ (Մատթէոս 11։28-30) Պօղոս առաքեալ ազդարարեց. «Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ»։ (Ա. Կորնթացիս 8։1) Հետեւաբար, Մովսէսի խոնարհ կեցուածքը պէտք է ունենանք, երբ ան Եհովայի ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ»։ (Ելից 33։13) Այո, պէտք է փափաքինք գիտութիւն ունենալ, ոչ թէ մարդիկ տպաւորելու, այլ՝ Եհովան հաճեցնելու համար։ Կ’ուզենք Աստուծոյ արժանի ու խոնարհ ծառաները ըլլալ։ Ի՞նչպէս կրնանք այս նպատակակէտին հասնիլ։

13. Աստուծոյ արժանի ծառայ մը ըլլալու համար ի՞նչ կը պահանջուի։

13 Պօղոս Տիմոթէոսի խրատ տուաւ Աստուած ի՛նչպէս հաճեցնելու մասին, ըսելով. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) «Շիտակ բացատրելով» արտայայտութիւնը թարգմանուած է Յունարէն բարդ բայէ մը, որ սկիզբը կը նշանակէր «ուղիղ կերպով կտրել»։ (Թագաւորութեան Տողընդմիջեայ Թարգմանութիւն) Ըստ ոմանց, ասիկա կը թելադրէ այն գաղափարը թէ դերձակ մը նմուշի մը համաձայն կերպաս կը կտրէ կամ՝ հողագործ մը դաշտին մէջ ակօսներ կը բանայ, եւայլն։ Ամէն պարագայի, վերջնական արդիւնքը՝ շիտակ կամ ուղիղ պէտք է ըլլայ։ Կէտը այն է, որ Աստուծոյ արժանի ու ընդունելի ծառան ըլլալու համար, Տիմոթէոս պէտք էր ‘ջանք թափէր’, վստահ ըլլալու համար որ իր ուսուցումն ու վարմունքը ճշմարտութեան խօսքին հետ ներդաշնակ են։—Ա. Տիմոթէոս 4։16

14. Մեր անձնական ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր ըրած ու ըսած բաներուն։

14 Պօղոս նոյն կէտը յիշեց, երբ Կողոսայի իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց որ ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալեն եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնեն, բարի գործերով պտղաբերելով ու Աստուծոյ գիտութիւնովը աճելով’։ (Կողոսացիս 1։10) Հոս, Պօղոս Եհովայի արժանի ըլլալը կ’առնչէ ‘բարի գործերով պտղաբերելուն’ եւ ‘Աստուծոյ գիտութիւնովը աճելուն’ հետ։ Ուրիշ խօսքով, Եհովայի աչքին կարեւորը միայն գիտութիւնը արժեւորելը չէ, այլ նաեւ՝ ո՛րքան սերտօրէն կը կառչինք Աստուծոյ Խօսքին, մեր արարքներով ու խօսքերով։ (Հռովմայեցիս 2։21, 22) Ասիկա կը նշանակէ թէ մեր անձնական ուսումնասիրութիւնը մեր մտածելակերպին ու վարքին պէտք է ազդէ, եթէ կ’ուզենք Աստուած հաճեցնել։

15. Ի՞նչպէս կրնանք մեր միտքն ու խորհուրդները պաշտպանել եւ հակակշռի տակ առնել։

15 Ներկայիս, Սատանան վճռած է մեր հոգեւորականութիւնը կործանել, մտային պայքար մը խրախուսելով։ (Հռովմայեցիս 7։14-25) Հետեւաբար, մեր միտքն ու խորհուրդները պէտք է պաշտպանենք եւ հակակշռի տակ առնենք, որպէսզի մեր Եհովա Աստուծոյն արժանի ըլլանք։ Մեր ունեցած զէնքը «Աստուծոյ գիտութիւն»ն է, որ կարող է ‘բոլոր մտքերը Քրիստոսին հնազանդեցնելու եւ գերի ընելու’։ Ասիկա յաւելեալ պատճառ մըն է որ Աստուածաշունչի առօրեայ ուսումնասիրութեան ուշադրութիւն ընծայենք, քանի որ կ’ուզենք անձնասէր, մարմնաւոր խորհուրդները մեր մտքէն վանել։—Բ. Կորնթացիս 10։5

Հասկացողութեան Նպաստող Օժանդակներ

16. Ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզի օգտակար ըլլալ, մինչ Եհովա մեզի կը սորվեցնէ։

16 Եհովայի ուսուցումը հոգեւոր ու ֆիզիքական օգուտներ կը բերէ։ Անիկա անհետաքրքրական, ակադեմական աստուածաբանութիւն չէ։ Հետեւաբար, կը կարդանք. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։ (Եսայեայ 48։17) Եհովա ի՞նչպէս մեր քայլերը կ’առաջնորդէ իր օգտակար ճամբուն մէջ։ Նախ՝ իր ներշնչեալ Խօսքը, Սուրբ Գիրքը ունինք։ Ասիկա մեր հիմնական դասագիրքն է, որուն յարատեւաբար կը դիմենք։ Ասոր համար լաւ է որ քրիստոնէական ժողովներու ընթացքին մեր Աստուածաշունչը բանանք ու համարներու ընթերցանութեան հետեւինք։ Ասոր օգուտները կրնան տեսնուիլ Եթովպիացի ներքինիին դրուագէն, որ արձանագրուած է Գործք Առաքելոց 8–րդ գլուխին մէջ։

17. Եթովպիացի ներքինիին ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։

17 Եթովպիացի ներքինին Հրեայ նորադարձ մըն էր։ Ան սրտանց Աստուծոյ հաւատացող մըն էր, եւ Սուրբ Գրութիւնները կ’ուսումնասիրէր։ Մինչ իր կառքով կը ճամբորդէր, ան Եսայեայ գիրքը կը կարդար, երբ Փիլիպպոս վազելով անոր մօտեցաւ ու հարցուց. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Ներքինին ի՞նչ պատասխանեց. «‘Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ’։ Ու աղաչեց Փիլիպպոսին, որ ելլէ իր քով նստի»։ Ապա Փիլիպպոս, սուրբ հոգիով առաջնորդուած, ներքինիին օգնեց որ Եսայիի մարգարէութիւնը հասկնայ։ (Գործք 8։27-35) Ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Թէ Աստուածաշունչը անձնապէս կարդալը բաւարար չէ։ Եհովա, իր հոգիին միջոցաւ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը կը գործածէ, մեզի օգնելու համար որ իր Խօսքը հասկնանք յարմար ժամանակին։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’իրագործուի։—Մատթէոս 24։45-47. Ղուկաս 12։42

18. Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի։

18 Թէեւ ծառայ դասակարգը սահմանուած է որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն», սակայն Յիսուս չըսաւ թէ անիկա անսխալական պիտի ըլլար։ Այս հաւատարիմ օծեալ եղբայրներու խումբը տակաւին անկատար Քրիստոնեաներէ կը բաղկանայ։ Նոյնիսկ եթէ լաւագոյն դիտաւորութիւնները ունին, անոնք կրնան սխալիլ, ինչպէս որ առաջին դարուն այսպիսի տղամարդիկ երբեմն սխալեցան։ (Գործք 10։9-15. Գաղատացիս 2։8, 11-14) Այսուհանդերձ, անոնց շարժառիթը մաքուր է, եւ Եհովա զիրենք կը գործածէ որպէսզի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրականութիւններ հայթայթէ, Աստուծոյ Խօսքին ու խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը կերտելու համար։ Անձնական ուսումնասիրութեան համար ծառային մեզի տուած հիմնական հայթայթումն է՝ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը։ Այժմ անիկա մատչելի է, ամբողջութեամբ կամ մասնակի, 42 լեզուներով, եւ 114 միլիոն օրինակ տպուած է։ Ի՞նչպէս կրնանք զայն ազդուօրէն գործածել մեր անձնական ուսումնասիրութեան մէջ։—Բ. Տիմոթէոս 3։14-17

19. Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն՝ Վերագրումներով Աստուածաշունչին կարգ մը առանձնայատկութիւնները ի՞նչ են, որոնք կրնան մեր անձնական ուսումնասիրութեան մէջ օգտակար ըլլալ։

19 Օրինակ, նկատի առէք Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն՝ Վերագրումներով։ Անիկա ունի վկայակոչումներու սիւնակներ, ստորանշումներ, «Աստուածաշունչի Բառերու Ցանկ» եւ «Ստորանիշի Բառերու Ցանկ» խորագրով փոքր համաբարբառ մը, նաեւ՝ Յաւելուածական մը, որ 43 նիւթերու մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ, ի ներառեալ քարտէսներ ու ցուցակներ։ Նաեւ կայ «Նախաբան»ը, որ Աստուածաշունչի այս եզակի թարգմանութեան համար գործածուած բազմաթիւ աղբիւրներուն մասին բացատրութիւններ կու տայ։ Եթէ անիկա ձեզի հասկնալի լեզուով մը մատչելի է, անպայման քաջածանօթ եղէք այս առանձնայատկութիւններուն եւ զանոնք օգտագործեցէք։ Ամէն պարագայի, Աստուածաշունչը մեր ուսումնասիրութեան յայտագրին մեկնակէտն է, եւ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մըն է, որ տեղին ըլլալով կ’ընդգծէ Աստուծոյ անունը, մինչ աչքառու կը դարձնէ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութիւնը։—Սաղմոս 149։1-9. Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10

20. Անձնական ուսումնասիրութեան մասին ո՞ր հարցումները պատասխանի կը կարօտին։

20 Այժմ, կրնանք հարց տալ. ‘Աստուածաշունչը հասկնալու համար յաւելեալ ի՞նչ օգնութեան պէտք ունինք։ Անձնական ուսումնասիրութեան համար ի՞նչպէս կրնանք ժամանակ յատկացնել։ Մեր ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս կրնանք աւելի ազդու դարձնել։ Մեր ուսումնասիրութիւնը ուրիշներու վրայ ի՞նչպէս պէտք է ազդէ’։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ մեր քրիստոնէական յառաջդիմութեան այս կենսական երեսակները։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 1979–էն ի վեր, ոսկիին արժէքը վերիվայրումներ կրած է, ունկիի մը բարձրագոյն արժէքը $850 ըլլալով 1980–ին, իսկ նուազագոյնը՝ $252.80, 1999–ին։

Կը յիշէ՞ք

• Խոկալ ու խորհիլ բառերը ի՞նչ կը նշանակեն։

• Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութեան հանդէպ ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենանք։

• Մեր անձնական ուսումնասիրութեան շարժառիթը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

• Աստուածաշունչը հասկնալու համար ի՞նչ օժանդակներ ունինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Պէթէլի ընտանիքին անդամները ամէն օր Աստուածաշունչէն համար մը նկատի առնելը հոգեւորապէս զօրացուցիչ կը նկատեն

[Նկարներ՝ էջ 21]

Արժէքաւոր ժամանակ կարելի է օգտագործել, ինքնաշարժով ճամբորդելու ատեն Աստուածաշունչի ձայներիզներ ունկնդրելով

[Նկար՝ էջ 22]

Մարդիկ ծանր ու երկար ժամեր աշխատեցան ոսկի ձեռք ձգելու համար։ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու համար ո՞րքան ջանք կը թափէք

[Նկարին աղբիւրը]

Courtesy of California State Parks, 2002

[Նկարներ՝ էջ 23]

Աստուածաշունչը յաւիտենական կեանքի առաջնորդող գանձ մըն է