Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրարու հետ ժողվուիլը մի՛ թողուք

Իրարու հետ ժողվուիլը մի՛ թողուք

Իրարու հետ ժողվուիլը մի՛ թողուք

«Մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին», կ’ըսէ Սուրբ Գիրքը, «հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ (Եբրայեցիս 10։25) Բացայայտ է թէ ճշմարիտ երկրպագուները պաշտամունքի վայրի մը մէջ իրարու քով պէտք է հաւաքուին, ‘իրարու հոգ տանելու համար՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով’։—Եբրայեցիս 10։24

ԵՐԲ Պօղոս առաքեալ վերոյիշեալ խօսքերը գրեց մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, Երուսաղէմի մէջ տպաւորիչ տաճար մը գոյութիւն ունէր, որ Հրեաներուն համար որպէս պաշտամունքի վայր կը ծառայէր։ Նաեւ կային ժողովարաններ։ Յիսուս ‘ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ սորվեցուց, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին’։—Յովհաննու 18։20

Երբ Պօղոս Քրիստոնեաները կը յորդորէր որ զիրար քաջալերելու համար մէկտեղ հաւաքուէին, ան իր մտքին մէջ ժողովի ի՞նչ տեսակ վայրեր ունէր։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական կառոյցները նախատիպ մը ունի՞ն Երուսաղէմի տաճարի կարգադրութեան մէջ։ Դաւանեալ Քրիստոնեաները ե՞րբ սկսան կրօնական հսկայ կառոյցներ շինել։

‘Տուն մը՝ Աստուծոյ Անուանը Համար’

Աստուած պաշտելու յատկացուած վայրի մը նկատմամբ առաջին ցուցմունքները կը գտնենք Աստուածաշունչի Ելից գրքին մէջ։ Եհովա Աստուած իր ընտրեալ ազգին՝ Իսրայելացիներուն՝ հրահանգ տուաւ որ «խորանը» կամ «վկայութեան խորանը» շինեն։ Հոն ուխտին տապանակը եւ սրբազան սպասներ պիտի դրուէին։ Հ.Դ.Ա. 1512–ին, երբ անիկա ամբողջացաւ, «Տէրոջը փառքը լեցուց խորանը»։ Այդ դիւրատար տաղաւարը չորս դարէ աւելի ծառայեց որպէս Աստուծոյ մօտենալու կարգադրութեան գլխաւոր մէկ երեսակը։ (Ելից, գլուխ 25-27. 40։33-38) Աստուածաշունչը նաեւ այս տաղաւարին կ’ակնարկէ որպէս «Տէրոջը տաճար»ը եւ «Տէրոջը տունը»։—Ա. Թագաւորաց 1։9, 24

Հետագային, երբ Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ թագաւոր էր, ան Եհովայի փառքին համար մնայուն տուն մը շինելու զօրաւոր փափաք արտայայտեց։ Սակայն, քանի որ Դաւիթ պատերազմի մարդ էր, Եհովա իրեն ըսաւ. «Դուն ինծի տուն պիտի չշինես»։ Փոխարէն, ան Դաւիթի որդին՝ Սողոմոնը ընտրեց, որ տաճարը շինէ։ (Ա. Մնացորդաց 22։6-10) Հ.Դ.Ա. 1026–ին, եօթուկէս տարի շինարարական աշխատանքներէ ետք, Սողոմոն տաճարին նաւակատիքը ըրաւ։ Եհովա այս կառոյցին նկատմամբ իր հաճութիւնը յայտնեց, ըսելով. «Այս շինած տունդ սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն դնեմ ու իմ աչքերս ու սիրտս միշտ հոն պիտի ըլլան»։ (Գ. Թագաւորաց 9։3) Այնքան ատեն որ Իսրայելացիները հաւատարիմ էին, Եհովայի հաճութիւնը այդ տան վրայ պիտի ըլլար։ Սակայն, եթէ ուղիղ ճամբէն շեղէին, Եհովա իր հաճութիւնը պիտի վերցնէր, եւ այդ ‘տունը քարուքանդ պիտի ըլլար’։—Գ. Թագաւորաց 9։4-9, ՆԱ. Բ. Մնացորդաց 7։16, 19, 20

Ժամանակի ընթացքին, Իսրայելացիները ճշմարիտ պաշտամունքէն խոտորեցան։ (Դ. Թագաւորաց 21։1-5) Ուստի Եհովա ‘անոնց վրայ Քաղդէացիներուն թագաւորը հանեց, անիկա ալ Աստուծոյ տունը այրեց ու Երուսաղէմի պարիսպը փլցուց ու անոր բոլոր պալատները կրակով այրեց ու բոլոր գեղեցիկ բաները աւերեց։ Սուրէն փախած մնացորդները Բաբելոն գերի տարաւ ու իրեն եւ իր որդիներուն ծառաները եղան’։ Ըստ Աստուածաշունչին, ասիկա պատահեցաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին։—Բ. Մնացորդաց 36։15-21. Երեմեայ 52։12-14

Ինչպէս Եսայի մարգարէին միջոցաւ նախագուշակուած էր, Աստուած Պարսից Կիւրոս Թագաւորը հանեց, Հրեաները Բաբելոնի լուծէն ազատելու համար։ (Եսայեայ 45։1) 70 տարի գերութենէ ետք, անոնք Երուսաղէմ վերադարձան Հ.Դ.Ա. 537–ին, տաճարը վերաշինելու նպատակով։ (Եզրասայ 1։1-6. 2։1, 2. Երեմեայ 29։10) Շինարարութեան ընթացքին ուշացումներ ըլլալէ ետք, տաճարը վերջապէս ամբողջացաւ Հ.Դ.Ա. 515–ին, եւ Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատուեցաւ։ Թէեւ Սողոմոնի տաճարին փառքը չունէր, բայց այդ կառոյցը շուրջ 600 տարի գոյատեւեց։ Սակայն, այս տաճարն ալ լքուեցաւ, քանի որ Իսրայելացիները Եհովայի պաշտամունքը զանց ըրին։ Երբ Յիսուս Քրիստոս երկիր եկաւ, Հերովդէս Թագաւոր տաճարը աստիճանաբար կը վերաշինէր։ Այս տաճարին ի՞նչ պիտի պատահէր։

«Քար Քարի Վրայ Պիտի Չմնայ»

Երուսաղէմի տաճարին ակնարկելով, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Քար քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի»։ (Մատթէոս 24։1, 2) Այդ խօսքերուն առ ի կատարում, այն վայրը որ դարեր շարունակ ճանչցուած էր որպէս Աստուծոյ պաշտամունքին կեդրոնը, Հ.Դ. 70–ին կործանեցաւ հռովմէական բանակներուն կողմէ, որոնք Հրեաներուն ըմբոստութիւնը խափանելու եկան։ * Տաճարը անգամ մը եւս չվերաշինուեցաւ։ Եօթներորդ դարուն, որպէս Ժայռի Գմբէթ ճանչցուած իսլամական սրբավայրը կառուցուեցաւ, եւ անիկա մինչեւ օրս առկայ է հրէական նախկին պաշտամունքի վայրին մէջ։

Յիսուսի հետեւորդներուն համար պաշտամունքի ի՞նչ կարգադրութիւն պիտի ըլլար։ Հրէական ենթահողէ եկած նախկին Քրիստոնեաները պիտի շարունակէի՞ն Աստուած պաշտել այն տաճարին մէջ, որ շուտով պիտի կործանէր։ Ոչ–Հրեայ Քրիստոնեաները ո՞ւր պիտի պաշտէին Աստուած։ Տաճարը պիտի փոխարինուէ՞ր Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական կառոյցներով։ Սամարացի կնոջ մը հետ Յիսուսի խօսակցութիւնը այս հարցին մասին մեզի ներատեսութիւն կու տայ։

Դարեր շարունակ, Սամարացիները Աստուած կը պաշտէին Սամարիոյ Գարիզին Լերան վրայ գտնուող հսկայ տաճարի մը մէջ։ «Մեր հայրերը այս լերան վրայ երկրպագութիւն ըրին», ըսաւ Սամարացի կինը Յիսուսին, «բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘Միայն Երուսաղէմ է տեղը, ուր պէտք է երկրպագութիւն ընել’»։ Յիսուս պատասխանեց, ըսելով. «Ո՛վ կին, հաւատա ինծի, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը»։ Եհովան պաշտելու համար այլեւս նիւթական տաճարի մը կարիքը պիտի չըլլար, քանի որ Յիսուս բացատրեց. «Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։ (Յովհաննու 4։20, 21, 24) Պօղոս առաքեալ հետագային Աթենացիներուն ըսաւ. ‘Աստուած, որ աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները, անիկա երկնքի ու երկրի Տէրն ըլլալով՝ ձեռագործ տաճարներու մէջ չի բնակիր’։—Գործք 17։24

Բացայայտօրէն, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական կառոյցները նախա–քրիստոնէական դարաշրջանի տաճարի կարգադրութեան հետ ո՛չ մէկ կապ ունին։ Իսկ առաջին դարու Քրիստոնեաները այսպիսի վայրեր կառուցանելու պատճառ մը չունէին։ Սակայն, առաքեալներուն մահէն ետք, ճշմարիտ ուսուցումներէն նախագուշակուած շեղումը՝ հաւատուրացութիւնը՝ սկսաւ։ (Գործք 20։29, 30) Հռովմէացի Կոստանդին Կայսրը ենթադրաբար Հ.Դ. 313–ին Քրիստոնէութիւնը ընդունելէն տարիներ առաջ, դաւանեալ Քրիստոնեաներ սկսան Յիսուսի սորվեցուցած բաներէն շեղիլ։

Կոստանդին «Քրիստոնէութիւնը» հռովմէական հեթանոս կրօնքին հետ միաձուլելու սատարեց։ The Encyclopædia Britannica կ’ըսէ. «Կոստանդին անձամբ յանձնարարեց որ քրիստոնէական երեք հսկայ մայր եկեղեցիներ կառուցուին Հռովմի մէջ. Սբ. Պետրոսի, Սբ. Փաոլօ Ֆուօրի լէ Մուրայի, եւ Սբ. Ճիովաննիի՝ Լաթերանոյի մէջ։ Ան խաչաձեւ նախագիծը հնարեց, որ Միջին Դարերու ընթացքին արեւմտեան Եւրոպայի մէջ եկեղեցիներուն չափանիշը եղաւ»։ Հռովմի մէջ վերակառուցուած Սբ. Պետրոսի Մայր Եկեղեցին տակաւին կը նկատուի Կաթողիկէ Եկեղեցիին կեդրոնը։

Պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ կ’ըսէ. «Եկեղեցին կրօնական կարգ մը սովորութիւններ եւ պաշտամունքի ձեւեր որդեգրեց նախա–քրիստոնէական [հեթանոս] Հռովմէն»։ Ասոնց մէջ կայ՝ «մայր եկեղեցիներու ճարտարապետական ոճը»։ Ժ. դարէն մինչեւ ԺԵ. դար, եկեղեցիներու եւ մայր եկեղեցիներու շինարարութեան զարկ տրուեցաւ, իսկ ճարտարապետական ոճին վրայ շատ շեշտ դրուեցաւ։ Այդ ատեն էր որ գոյացան Քրիստոնեայ Աշխարհի կառոյցներէն շատերը, որոնք ներկայիս արուեստական կոթողներ կը համարուին։

Մարդիկ եկեղեցիի մը մէջ պաշտամունք մատուցանելով միշտ հոգեւոր թարմացում եւ քաջալերութիւն կը ստանա՞ն։ Պրազիլիայէն Ֆրանսիսգօ անունով անհատ մը կ’ըսէ. «Ինծի համար, եկեղեցին դարձաւ կրօնքի վերաբերեալ ձանձրացուցիչ եւ յոգնեցուցիչ բան մը։ Պատարագը անիմաստ, կրկնուող արարողութիւն մըն էր, որ իմ իսկական կարիքներս գոհացնելու համար ոչինչ ըրաւ։ Մեծ շունչ մը կը քաշէի երբ վերջանար»։ Այսուհանդերձ, ճշմարիտ հաւատացեալներուն պատուէր տրուած է որ իրարու քով ժողվուին։ Անոնք ժողովներու վերաբերեալ ո՞ր կարգադրութեան պէտք է հետեւին։

‘Անոնց Տանը Մէջի Ժողովքը’

Մէկտեղ ժողվուելու քրիստոնէական կերպին մէկ նմոյշը կրնանք գտնել, քննելով թէ առաջին դարու հաւատացեալները ի՛նչպէս կը ժողվուէին։ Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան թէ անոնք սովորաբար անձնական տուներու մէջ կը հաւաքուէին։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բարեւ ըրէք Պրիսկէին ու Ակիւղասին Քրիստոս Յիսուսով իմ գործակիցներուս. եւ անոնց տանը մէջի եկեղեցիին [«ժողովքին», ՆԱ] ալ»։ (Հռովմայեցիս 16։3, 5. Կողոսացիս 4։15. Փիլիմոն 2) «Ժողովք» բառին Յունարէնը (էք·քլէ·սիա), Հայերէն թարգմանութիւններուն մէջ «եկեղեցի» թարգմանուած է, ինչպէս՝ Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւն։ Սակայն, այս բառը կ’ակնարկէ խումբ մը մարդոց, որոնք հաւաքուած են հասարակաց նպատակի մը համար, եւ ոչ թէ՝ կառոյցի մը։ (Գործք 8։1. 13։1) Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն ի գործ դրած պաշտամունքը կրօնական շքեղ կառոյցներ չի պահանջեր։

Քրիստոնէական նախկին ժողովքներուն մէջ ժողովները ի՞նչպէս կը վարուէին։ Յակոբոս աշակերտ Յունարէն սի·նա·կո·կին բառին մէկ ձեւը կը գործածէ քրիստոնէական ժողովներուն ակնարկելու համար։ (Յակոբու 2։2) Այս Յունարէն բառը կը նշանակէ «իրարու քով գալ» եւ փոխնիփոխ կը գործածուի էք·քլէ·սիա բառին հետ։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, «ժողովարան» բառը սկսաւ նշանակել այն վայրը կամ կառոյցը, ուր ժողովը տեղի կ’ունենայ։ Առաջին դարու հրէական ենթահող ունեցող Քրիստոնեաները գիտէին թէ ժողովարանի մը մէջ ինչ բաներ տեղի կ’ունենային։ *

Մինչ Հրեաները Երուսաղէմի տաճարին մէջ կը հաւաքուէին իրենց տարեկան տօնակատարութիւններուն համար, ժողովարանները կը ծառայէին որպէս Եհովայի մասին սորվելու եւ Օրէնքէն կրթութիւն ստանալու տեղական վայրեր։ Այնպէս կ’երեւի թէ ժողովարաններուն մէջ աղօթք, Սուրբ Գրութիւններու ընթերցանութիւն, մեկնաբանութիւններ եւ յորդորներ կը ներկայացուէին։ Երբ Պօղոս ու իր ընկերակիցները Անտիոքի ժողովարաններէն մէկը այցելեցին, «ժողովրդապետները մարդ ղրկեցին իրենց ու ըսին. ‘Մարդի՛կ եղբայրներ, եթէ դուք ժողովուրդին խօսելու յորդորական խօսք մը ունիք՝ խօսեցէք’»։ (Գործք 13։15) Երբ առաջին դարու հրէական ենթահող ունեցող Քրիստոնեաները անձնական տուներու մէջ կը հաւաքուէին, անկասկած անոնք նոյն օրինակին կը հետեւէին, իրենց ժողովները սուրբ գրայինօրէն դաստիարակիչ եւ հոգեւորապէս շինիչ դարձնելով։

Ժողովքներ՝ Կերտելու Համար

Նախկին Քրիստոնեաներուն նման, ներկայիս Եհովայի Վկաները իրարու քով կը հաւաքուին պաշտամունքի պարզ վայրերու մէջ, Աստուածաշունչէն դաստիարակութիւն ստանալու եւ օգտակար ընկերակցութիւն վայելելու համար։ Տարիներ շարունակ, անոնք միայն անձնական տուներու մէջ կը ժողվուէին, եւ տակաւին ասիկա կ’ընեն կարգ մը շրջաններու մէջ։ Սակայն, ներկայիս ժողովքներուն թիւը 90,000–ը անցած է, եւ անոնց գլխաւոր ժողովատեղիները կը կոչուին Թագաւորութեան Սրահներ։ Այս կառոյցները ո՛չ ցուցամոլ են, ո՛չ ալ եկեղեցիի երեւոյթ ունին։ Անոնք գործնական ու համեստ կառոյցներ են, որոնք թոյլ կու տան որ 100-200 հոգիէ բաղկացած ժողովքներ ժողվուին շաբաթական հանդիպումներու համար, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին մտիկ ընեն ու անկէ սորվին։

Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մեծ մասը շաբաթը երեք անգամ կը ժողվուին։ Ժողովներէն մէկը հանրային դասախօսութիւն մըն է ընթացիկ նիւթի մը շուրջ։ Անոր կը յաջորդէ Դիտարան պարբերաթերթէն առնուած սուրբ գրային նիւթի մը կամ մարգարէութեան մը ուսումնասիրութիւնը։ Ուրիշ ժողով մը՝ դպրոց մըն է, որ Աստուածաշունչի պատգամը ներկայացնելու համար մարզում կը հայթայթէ։ Անոր կը յաջորդէ ժողով մը, որ յատկացուած է քրիստոնէական ծառայութեան վերաբերեալ գործնական թելադրութիւններ տալու։ Շաբաթը անգամը մը, Վկաները պզտիկ խումբերով անձնական տուներու մէջ կը հաւաքուին սուրբ գրային ուսումնասիրութեան համար։ Այս բոլոր ժողովները բաց են հանրութեան դիմաց։ Որեւէ հանգանակութիւն չի կատարուիր։

Նախապէս յիշուած Ֆրանսիսգոն, Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող ժողովները մեծապէս օգտակար գտաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ժողովի առաջին վայրը, ուր ներկայ գտնուեցայ, հանգստաւէտ կառոյց մըն էր, քաղաքին կեդրոնը. սրահը ձգեցի դրական տպաւորութեամբ մը։ Ներկաները բարեկամական էին, եւ զգացի իրենց մէջ գոյութիւն ունեցող սէրը։ Անհամբեր էի վերադառնալու։ Իրականութեան մէջ, անկէ ի վեր ժողով մը իսկ չեմ փախցուցած։ Այս քրիստոնէական ժողովները կենսունակ են, եւ հոգեւոր կարիքներս կը գոհացնեն։ Նոյնիսկ երբ որոշ պատճառով մը վհատած ըլլամ, Թագաւորութեան Սրահ կ’երթամ, վստահ ըլլալով որ քաջալերուած տուն պիտի վերադառնամ»։

Եհովայի Վկաներու քրիստոնէական ժողովներուն ձեզի կը սպասեն նաեւ սուրբ գրային դաստիարակութիւն, շինիչ ընկերակցութիւն եւ Աստուած փառաբանելու պատեհութիւն։ Ջերմօրէն հրաւիրուած էք ձեր տան ամենամօտ Թագաւորութեան Սրահը երթալու։ Ուրախ պիտի ըլլաք որ ասիկա ըրիք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 11 Հռովմէացիները ամբողջովին քանդեցին տաճարը։ Ողբի Պատը, ուր բազմաթիւ Հրեաներ աղօթելու համար կու գան երկար ճամբայ կտրելով, այդ տաճարին մաս չի կազմեր։ Անիկա միայն տաճարի գաւիթի պատին մէկ մասն է։

^ պարբ. 20 Այնպէս կը թուի թէ ժողովարանները հաստատուած էին Բաբելոնական գերութեան 70 տարուան ընթացքին, երբ տաճարը գոյութիւն չունէր, կամ՝ գերութենէ վերադառնալէն քիչ ետք, մինչ տաճարը կը վերաշինուէր։ Առաջին դարուն, Պաղեստինի մէջ իւրաքանչիւր գիւղաքաղաք իր ժողովարանը ունէր, իսկ մեծ քաղաքները մէկէ աւելի ժողովարաններ ունէին։

[Նկարներ՝ էջ 4, 5]

Խորանը եւ հետագային տաճարները ծառայեցին որպէս Եհովայի պաշտամունքի հոյակապ կեդրոններ

[Նկար՝ էջ 6]

Սբ. Պետրոսի Մայր Եկեղեցին Հռովմի մէջ

[Նկար՝ էջ 7]

Նախկին Քրիստոնեաները անձնական տուներու մէջ իրարու քով կը հաւաքուէին

[Նկարներ՝ էջ 8, 9]

Եհովայի Վկաները քրիստոնէական ժողովներ կը գումարեն անձնական տուներու եւ Թագաւորութեան Սրահներու մէջ