Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Աստուծոյ եղած ուխտերը միշտ անդրժելի՞ են։

Աստուածաշունչին մէջ, ուխտը Աստուծոյ եղած լուրջ խոստում մըն է՝ բան մը ընելու, ընծայ մը ներկայացնելու, ծառայութեան մը ձեռնարկելու կամ վիճակի մը մէջ մտնելու, կամ ինքնին ապօրինի չեղող կարգ մը բաներէ ետ կենալու։ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ արձանագրութիւններ ուխտերու մասին, որոնք պայմանաւոր էին, այսինքն՝ որոշ ընթացքի մը հետեւելու խոստում կը տրուէր, եթէ նա՛խ Աստուած բան մը ընէր։ Օրինակ, Սամուէլ մարգարէին մայրը՝ Աննա, «ուխտ ընելով՝ ըսաւ. ‘Ո՛վ Տէր զօրութեան, եթէ . . . քու աղախինդ չմոռնալով՝ քու աղախինիդ արու զաւակ մը տաս, զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրեմ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ու անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չզարնուի’»։ (Ա. Թագաւորաց 1։11) Աստուածաշունչը նաեւ կը բնութագրէ թէ ուխտերը յօժարակամ կ’ըլլային։ Սուրբ գրային ուխտերը որքա՞ն անդրժելի են։

«Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես», կ’ըսէ վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը, «զանիկա կատարելը մի՛ ուշացներ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ըրած ուխտդ կատարէ՛։ Աղէկ է որ ուխտ չընես, քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես»։ (Ժողովողի 5։4, 5) Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլի տրուած Օրէնքը կ’ըսէ. «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ ուխտ մը ընես, առանց ուշացնելու կատարէ, քանզի քու Տէր Աստուածդ անպատճառ զանիկա քեզմէ պիտի պահանջէ ու մեղքի տէր պիտի ըլլաս»։ (Բ. Օրինաց 23։21) Բացորոշ է թէ Աստուծոյ ուխտ ընելը լուրջ հարց մըն է։ Պատշաճ շարժառիթով պէտք է ուխտել, եւ ուխտ ընողը պէտք չէ տարակուսի իր խոստացած բանը կատարելու իր կարողութեանը վրայ։ Այլապէս, աւելի լաւ է որ ուխտը չընէ։ Սակայն, անգամ մը որ ուխտերը ըլլան, բոլորն ալ անդրժելի՞ են։

Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ ուխտ մը պահանջէ որ անհատը ընէ բան մը, որ հետագային կ’իմանայ թէ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ չէ։ Ենթադրենք որ անիկա ուխտ մըն էր, որ ձեւով մը անբարոյութիւնը կ’առնչէր ճշմարիտ պաշտամունքին հետ։ (Բ. Օրինաց 23։18) Բացայայտօրէն, այսպիսի ուխտ մը անվաւեր է։ Ասկէ զատ, Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, կնոջ մը ըրած ուխտը կրնար չեղեալ նկատուիլ իր հօր կամ ամուսնոյն կողմէ։—Թուոց 30։3-15

Նաեւ նկատի առէք անհատի մը պարագան, որ Աստուծոյ ուխտ ըրած է ամուրի մնալու, բայց այժմ անել կացութեան մը մատնուած է։ Իր ուխտը զինք այնպիսի պարագայի մը մէջ բերած է, որ կը զգայ թէ զայն կատարելը պատճառ պիտի ըլլայ որ բարոյականութեան վերաբերեալ աստուածային չափանիշները բեկանէ։ Պէ՞տք է տակաւին ջանայ իր ուխտը կատարել։ Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞յ որ իր անձը պաշտպանէ անբարոյութեան դէմ, իր ուխտը դրժելով, Եհովայի ողորմութիւնը հայցելով եւ իրմէ ներում խնդրելով։ Միայն ինք կրնայ որոշում կայացնել այս հարցին շուրջ։ Ուրիշ ոչ մէկ անհատ իր տեղ կրնայ որոշում տալ։

Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ անհատ մը ուխտ ընէ, եւ հետագային անդրադառնայ թէ անիկա արտորնօք եղած էր։ Պէ՞տք է տակաւին ջանայ այդ ուխտը կատարել։ Յեփթայէի համար դիւրին չէր Աստուծոյ ըրած իր ուխտը կատարել, սակայն ան խղճմտօրէն կատարեց զայն։ (Դատաւորաց 11։30-40) Եթէ մէկը իր ուխտը չկատարէ, Աստուած կրնայ ‘բարկանալ’ եւ անոր իրագործած բաները աւրել։ (Ժողովողի 5։6) Ուխտ մը կատարելու հարցը թեթեւի առնելը կրնայ պատճառ ըլլալ որ Աստուած իր հաճութիւնը վերցնէ։

Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ»։ (Մատթէոս 5։37) Քրիստոնեան պէտք է ուշադիր ըլլայ որ ո՛չ միայն Աստուծոյ ըրած իր ուխտերը կատարէ, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ ու մարդոց խօսած իր բոլոր խօսքերուն մէջ վստահելի ըլլայ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ անհատ մը սկիզբը լաւ թուող համաձայնութիւն մը կնքելէ ետք, մօտէն քննելով տեսնէ թէ անիկա անխոհեմ քայլ մըն է, եւ անել կացութեան մը մատնուի։ Ան այսպիսի հարցեր թեթեւի պէտք չէ առնէ։ Պարագան անկեղծօրէն քննարկելէ ետք, թերեւս խնդրոյ առարկայ անհատը որոշէ զինք այդ պարտաւորութենէն զերծ կացուցանել։—Սաղմոս 15։4. Առակաց 6։2, 3

Ուխտերու եւ այլ հարցերու նկատմամբ, մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ Թող որ միշտ ջանանք Եհովա Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը պահպանել։

[Նկարներ՝ էջ 24, 25]

Աննա չվարանեցաւ իր ուխտը կատարելու

[Նկարներ՝ էջ 24, 25]

Թէեւ դժուարութիւն դիմագրաւեց, բայց Յեփթայէ իր ուխտը կատարեց