Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակեցէք ուս ուսի ծառայել

Շարունակեցէք ուս ուսի ծառայել

Շարունակեցէք ուս ուսի ծառայել

«Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [«լեզուի մը», ՆԱ] պիտի դարձնեմ, որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն ու մէկ սրտով [«ուս ուսի», ՆԱ] անոր ծառայութիւն ընեն»։—ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3։9

1. Սոփոնեայ 3։9–ի առ ի կատարում ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ համայն աշխարհի մէջ շուրջ 6,000 լեզուներ կը խօսուին։ Ասոնցմէ զատ, կան այլազան բարբառներ կամ գաւառաբարբառներ։ Թէեւ մարդիկ իրարմէ շատ տարբեր լեզուներ կը խօսին, ինչպէս՝ Արաբերէնը եւ Ֆրանսերէնը, սակայն Աստուած բոլորովին արտակարգ բան մը ըրած է։ Ան կարելի դարձուցած է որ ամէնուրեք մարդիկ միակ մաքուր լեզուն սորվին ու խօսին։ Ասիկա տեղի կ’ունենայ առ ի կատարում Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ տրուած խոստումի մը. «Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [«լեզուի մը», ՆԱ] պիտի դարձնեմ, որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն ու մէկ սրտով [«ուս ուսի», ՆԱ] անոր ծառայութիւն ընեն»։—Սոփոնեայ 3։9

2. Ի՞նչ է «մաքուր լեզուն», եւ անիկա ի՞նչ բան կարելի դարձուցած է։

2 «Մաքուր լեզուն» Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ գտնուած ճշմարտութիւնն է։ Մասնաւորաբար, անիկա Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնն է, որ Եհովայի անունը պիտի սրբացնէ, իր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ, եւ մարդկութեան յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի բերէ։ (Մատթէոս 6։9, 10) Երկրի վրայ գտնուող միակ հոգեւորապէս մաքուր լեզուն ըլլալով, անիկա կը խօսուի ամէն ազգի եւ ցեղի պատկանող անհատներու կողմէ։ Անիկա զիրենք կարող կը դարձնէ որ Եհովայի ծառայեն «ուս ուսի», կամ ըստ ստորանիշին՝ «մէկ ուսով»։ Ուստի անոնք միութեամբ կամ «համամտաբար» (Արարատ) իրեն կը ծառայեն։

Աչառութեան Տեղ Չկայ

3. Ի՞նչ բան մեզ կարող կը դարձնէ միութեամբ Եհովայի ծառայելու։

3 Որպէս Քրիստոնեաներ, երախտապարտ ենք որ բազմաթիւ լեզուներով կը համագործակցինք։ Թէեւ Թագաւորութեան բարի լուրը շատ մը լեզուներով կը քարոզենք, սակայն միութեամբ Աստուծոյ կը ծառայենք։ (Սաղմոս 133։1) Ասիկա կարելի է, քանի որ երկրի վրայ ո՛ւր որ ալ ապրինք, միակ մաքուր լեզուն կը խօսինք, ի փառս Եհովայի։

4. Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ինչո՞ւ աչառութիւն պէտք չէ ըլլայ։

4 Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ աչառութիւն պէտք չէ ըլլայ։ Պետրոս առաքեալ ասիկա բացորոշ դարձուց, երբ Հ.Դ. 36–ին հեթանոս հարիւրապետ Կոռնելիոսի տան մէջ կը քարոզէր, եւ մղուեցաւ ըսելու. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35) Պարագան այս ըլլալով, աչառութիւնը, խմբակներ կազմելը, կամ կողմնակալութիւնը տեղ չունին քրիստոնէական ժողովքին մէջ։

5. Ժողովքին մէջ խմբակներ կազմելու նպաստելը ինչո՞ւ սխալ է։

5 Թագաւորութեան Սրահը այցելելէ ետք, համալսարանական աշակերտուհի մը ըսաւ. «Սովորաբար, եկեղեցիներ որոշ ցեղի կամ ազգատոհմի պատկանող անդամներ կ’ընդունին։ . . . Բայց, Եհովայի Վկաները բոլորն ալ միասնաբար նստած էին եւ առանց խմբակներ կազմելու»։ Սակայն, վաղեմի Կորնթոսի ժողովքին անդամներէն ոմանք բաժանումներ կը ստեղծէին։ Այսպիսով երկպառակութիւններ պատճառելով, անոնք Աստուծոյ սուրբ հոգիին գործունէութեան հակառակ կը կենային, քանի որ անիկա միութիւն ու խաղաղութիւն կը քաջալերէ։ (Գաղատացիս 5։22) Եթէ փորձենք ժողովքին մէջ խմբակներ կազմել, հոգիին առաջնորդութեան հակառակ աշխատած կ’ըլլանք։ Հետեւաբար, ի մտի ունենանք Կորնթացիներուն ուղղած Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ միեւնոյն խօսքը ունենաք ամէնքդ ու երկպառակութիւններ չըլլան ձեր մէջ. հապա դուք մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլաք»։ (Ա. Կորնթացիս 1։10) Պօղոս նաեւ միութիւնը շեշտեց Եփեսացիներուն յղած իր նամակին մէջ։—Եփեսացիս 4։1-6, 16

6, 7. Աչառութեան նկատմամբ Յակոբոս ի՞նչ խրատ տուաւ, եւ իր խօսքերը ի՞նչպէս կը կիրարկուին։

6 Անաչառութիւնը միշտ Քրիստոնեաներէն պահանջուած բան մը եղած է։ (Հռովմայեցիս 2։11) Քանի որ առաջին դարու ժողովքի անդամներէն ոմանք հարուստներուն աչառութիւն կ’ընէին, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Եղբայրնե՛րս, երբեք մարդոց միջեւ խտրութիւն մի՛ դնէք, դուք՝ որպէս հաւատացողներ Յիսուս Քրիստոսի, մեր Տիրոջ, որ ի՛նք միայն գիտէ մարդիկը փառաւորել։ Եթէ պատահի, օրինակ, որ ձեր մէկ հաւաքոյթին ոսկի մատանի դրած եւ փառաւոր զգեստներ հագած մարդ մը գայ, եւ միւս կողմէ գայ նաեւ մաշած զգեստներով մարդ մը, եւ դուք փառաւոր հագուստներ ունեցողին մեծ յարգանքով ըսէք՝ ‘Վերը նստէ, խնդրեմ’, մինչ աղքատին ըսէք՝ ‘Դուն այստեղ ոտքի կեցիր’, կամ՝ ‘Եկուր հոս՝ ոտքերուս քով գետինը նստէ’, արդեօք դուք ձեր միջեւ խտրութիւն դրած չէ՞ք ըլլար եւ սխալ սկզբունքով դատած չէ՞ք ըլլար»։—Յակոբու 2։1-4, Անթիլիաս

7 Եթէ ոսկի մատանիով ու փառաւոր հանդերձներով հարուստ անհաւատներ եւ աղտոտ հանդերձներով աղքատ անհաւատներ քրիստոնէական ժողովի մը գային, հարուստները մասնաւոր ընդունելութիւն կը ստանային։ Անոնց ‘պատուաւոր’ տեղ մը կը տրուէր, մինչ աղքատին կ’ըսուէր որ ոտքի կայնի կամ մէկու մը ոտքերուն քով գետինը նստի։ Սակայն Աստուած Յիսուսի փրկանքի զոհը անաչառօրէն հայթայթեց թէ՛ հարուստներուն եւ թէ աղքատներուն համար։ (Յոբայ 34։19. Բ. Կորնթացիս 5։14) Ուստի, եթէ կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել եւ ուս ուսի իրեն ծառայել, աչառութիւն պէտք չէ ընենք, ո՛չ ալ ‘շահու համար երեսպաշտութիւն ընենք’։—Յուդա 4, 16

Տրտնջալէ Ետ Կեցէք

8. Իսրայելացիներուն տրտնջալուն պատճառաւ ի՞նչ պատահեցաւ։

8 Մեր միութիւնը պահպանելու եւ աստուածային հաճութեան մէջ մնալու համար, Պօղոսի խրատին պէտք է անսանք. ‘Ամէն բան առանց տրտունջներու ըրէք’։ (Փիլիպպեցիս 2։14, 15) Եգիպտական լուծէն ազատուած անհաւատ Իսրայելացիները Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ տրտնջացին, եւ հետեւաբար՝ նոյնիսկ Եհովա Աստուծոյ դէմ։ Այս պատճառաւ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր եղողները, ի բացառեալ հաւատարիմ Յեսուէն ու Քաղէբէն եւ Ղեւտացիներէն, Խոստացեալ Երկիրը չմտան, այլ՝ անապատին մէջ Իսրայէլի 40 տարուան շրջագայութեան ընթացքին մեռան։ (Թուոց 14։2, 3, 26-30. Ա. Կորնթացիս 10։10) Անոնք իրենց տրտնջալուն համար ի՜նչ սուղ գին մը վճարեցին։

9. Իր տրտնջալուն համար Մարիամի ի՞նչ պատահեցաւ։

9 Ասիկա ցոյց կու տայ թէ ինչ կրնայ պատահիլ տրտնջացող լման ազգի մը։ Ի՞նչ կրնանք ըսել տրտնջացող անհատի մը մասին։ Մովսէսի քոյրը Մարիամ, իր եղբօր՝ Ահարոնին հետ միասին, տրտնջաց. «Միթէ Տէրը միայն Մովսէսի՞ն միջոցով խօսեցաւ։ Չէ՞ որ մեր միջոցով ալ խօսեցաւ»։ Արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Տէրը լսեց»։ (Թուոց 12։1, 2) Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Մարիամ, որ ըստ երեւոյթին այս գանգատը ներկայացնելու մէջ առաջնորդութիւնը առած էր, Աստուծոյ կողմէ նուաստացուեցաւ։ Ի՞նչպէս։ Բորոտութեամբ զարնուելով եւ ստիպուելով եօթը օր բանակէն դուրս մնալ, մինչեւ որ մաքրուէր։—Թուոց 12։9-15

10, 11. Անզուսպ տրտունջը կրնայ ի՞նչ հետեւանքներ ունենալ։ Բացատրեցէք։

10 Տրտնջալը պարզապէս յանցագործութեան մը նկատմամբ գանգատիլ չէ։ Յարատեւաբար տրտնջացողները չափէն աւելի կարեւորութիւն կու տան իրենց զգացումներուն կամ դիրքին, ուշադրութիւնը իրենց վրայ հրաւիրելով քան՝ Աստուծոյ։ Եթէ չզսպուի, ասիկա հոգեւոր եղբայրներու մէջ երկպառակութիւններ կը պատճառէ եւ ուս ուսի Եհովայի ծառայելու իրենց ջանքերուն արգելք կը հանդիսանայ, քանի որ տրտնջացողները շարունակ գանգատներ կը ներկայացնեն, անկասկած յուսալով որ ուրիշներ իրենց պիտի կարեկցին։

11 Օրինակ, անհատ մը կրնայ քննադատել ժողովքին մէջ իր բաժինները կամ իր պարտականութիւնները ձեռք առնելու երէցի մը կերպը։ Եթէ գանգատող անհատի մը մտիկ ընենք, կը սկսինք իրեն պէս մտածել։ Դժգոհութեան սերմը մեր մտքին մէջ ցանուելէ առաջ, այդ երէցին գործունէութիւնները մեզ չէին նեղացներ, բայց այժմ կը նեղացնեն։ Ի վերջոյ, այդ երէցին ըրած բոլոր բաները մեր աչքին շիտակ պիտի չերեւնան, եւ մենք ալ պիտի սկսինք իր մասին գանգատիլ։ Այսպիսի վարմունք մը անպատշաճ է Եհովայի ժողովուրդին ժողովքին մէջ։

12. Տրտնջալը Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան ի՞նչպէս կ’ազդէ։

12 Աստուծոյ հօտը հովուելու պարտականութիւնը ունեցող տղամարդոց մասին տրտնջալը կրնայ նախատելու առաջնորդել։ Անոնց մասին տրտնջալը կամ զրպարտութեամբ հայհոյելը, կրնայ Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան վրայ վնասակար ազդեցութիւն ունենալ։ (Ելից 22։28) Անզեղջ նախատողներ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն։ (Ա. Կորնթացիս 5։11. 6։10) Յուդա աշակերտ գրեց տրտնջացողներու մասին, որոնք ‘տէրութիւնը կ’անարգէին, մեծափառներուն [ժողովքին մէջ պատասխանատու տղամարդոց] դէմ կը հայհոյէին’։ (Յուդա 8) Այդ տրտնջացողները աստուածային հաճութիւնը չունէին, եւ խոհեմութեամբ անոնց չար ընթացքէն կը խուսափինք։

13. Ինչո՞ւ ամէն տեսակ գանգատ սխալ չէ։

13 Ճիշդ է որ ամէն տեսակ գանգատ Աստուծոյ տհաճելի չէ։ Ան չանտեսեց Սոդոմի ու Գոմորի դէմ եղած «[«գանգատի», ՆԱ] աղաղակը», այլ՝ այդ ամբարիշտ քաղաքները կործանեց։ (Ծննդոց 18։20, 21. 19։24, 25) Երուսաղէմի մէջ, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն քիչ ետք, «Հելլենացիներու կողմէ տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ, վասն զի իրենց որբեւարիները ամէն օրուան ողորմութեան մատակարարուելուն ատեն անտես կ’ըլլային»։ Հետեւաբար, «տասներկուքը» կացութիւնը սրբագրեցին, ուտելիք բաշխելու «գործին» համար ‘բարի վկայուած եօթը հոգի’ նշանակելով։ (Գործք 6։1-6) Այժմու երէցները ‘իրենց ականջը պէտք չէ գոցեն’ վաւերական գանգատներու դիմաց։ (Առակաց 21։13) Իսկ փոխանակ հաւատակիցները քննադատելու, երէցները քաջալերական ու շինիչ պէտք է ըլլան։—Ա. Կորնթացիս 8։1

14. Տրտնջալէ ետ կենալու համար, յատկապէս ո՞ր յատկութեան կարիքը կայ։

14 Բոլորս ալ պէտք է տրտնջալէ ետ կենանք, քանի որ գանգատելու հոգին հոգեւորապէս վնասակար է։ Այսպիսի վերաբերմունք մը մեր միութիւնը կը քայքայէ։ Փոխարէն, միշտ թոյլ տանք որ սուրբ հոգին մեր մէջ սէր զարգացնէ։ (Գաղատացիս 5։22) ‘Սիրոյ արքայական օրէնքին’ հնազանդիլը, մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք ուս ուսի Եհովայի ծառայել։—Յակոբու 2։8. Ա. Կորնթացիս 13։4-8. Ա. Պետրոս 4։8

Զրպարտելէ Զգուշացէք

15. Բամբասանքը եւ զրպարտութիւնը ի՞նչպէս կը զատորոշէք։

15 Քանի որ տրտնջալը կրնայ վնասակար բամբասանքի առաջնորդել, պէտք է զգոյշ ըլլանք թէ ի՛նչ կ’ըսենք։ Բամբասանքը ուրիշներու եւ անոնց գործերուն առնչութեամբ ունայն խօսակցութիւն մըն է։ Սակայն, զրպարտութիւնը սուտ տեղեկութիւն մըն է, որուն նպատակը ուրիշի մը բարի համբաւին վնաս հասցնել է։ Այսպիսի խօսակցութիւն մը չարամիտ եւ անբարեպաշտ է։ Հետեւաբար, Աստուած Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Ձեր ժողովուրդին մէջ չարախօսութիւն [«զրպարտութիւն», ՆԱ] ընելու մի՛ պտըտիք»։—Ղեւտացւոց 19։16

16. Պօղոս կարգ մը բամբասողներու մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ իր խրատը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։

16 Քանի որ ունայն զրոյցը կրնայ զրպարտութեան առաջնորդել, Պօղոս կարգ մը բամբասողներու դէմ խօսեցաւ։ Ժողովքի օժանդակութեան որակելի եղող որբեւայրիները յիշելէ ետք, ան ակնարկեց որբեւայրիներու, որոնք «կը ծուլանան։ Տունէ տուն կը պտըտին եւ ո՛չ միայն ծոյլ, հապա շատախօս ու հետաքրքիր կ’ըլլան եւ անպատեհ բաներ կը խօսին»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։11-15) Եթէ Քրիստոնեայ կին մը գիտակցի թէ ինք զրպարտութեան առաջնորդող զրոյցներու մասնակցելու տկարութիւն մը ունի, լաւ կ’ընէ եթէ Պօղոսի խրատին անսայ որ ‘ծանրաբարոյ ըլլայ եւ ո՛չ թէ՝ չարախօս’։ (Ա. Տիմոթէոս 3։11) Անշուշտ, Քրիստոնեայ տղամարդիկ ալ վնասակար բամբասանքէ պէտք է զգուշանան։—Առակաց 10։19

Մի՛ Դատէք

17, 18. (ա) Յիսուս մեր եղբայրը դատելու մասին ի՞նչ ըսաւ։ (բ) Դատելու վերաբերեալ Յիսուսի խօսքերը ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել։

17 Նոյնիսկ եթէ մէկու մը դէմ զրպարտութիւն չենք ըներ, թերեւս պէտք է անկեղծօրէն ջանանք ուրիշները չդատել։ Յիսուս այսպիսի հոգի մը դատապարտեց, երբ ըսաւ. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։ Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու»։—Մատթէոս 7։1-5

18 Պէտք չէ յանդգնինք մեր եղբօր առաջարկել որ իր աչքէն «շիւղ» մը հանենք, իրեն օգնելու մտքով, երբ այլաբանական «գերան» մը՝ պատշաճ դատողութիւն ընելու մեր կարողութեան արգելք կը հանդիսանայ։ Իրականութեան մէջ, եթէ Աստուծոյ ողորմած ըլլալը իրապէս գնահատենք, մեր հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը դատելու հակումը պիտի չունենանք։ Մենք կրնա՞նք զանոնք հասկնալ ինչպէս մեր երկնաւոր Հայրը կը հասկնայ։ Զարմանալի չէ որ Յիսուս զգուշացուց մեզ որ ‘չդատենք, որպէս զի չդատուինք’։ Մեր անձնական անկատարութիւնները պարկեշտօրէն նկատի առնելը, մեզ ետ պէտք է պահէ ուրիշները դատելէ, զոր Աստուած կրնայ անարդար նկատել։

Տկար Բայց՝ Պատուական

19. Մեր հաւատակիցները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

19 Եթէ վճռած ենք մեր հաւատակիցներուն հետ ուս ուսի Աստուծոյ ծառայել, ո՛չ թէ միայն դատելէ պիտի խուսափինք, այլ՝ անոնց պատուելու մէջ առաջնորդութիւնը պիտի առնենք։ (Հռովմայեցիս 12։10) Իրականութեան մէջ, անո՛նց շահերը պիտի փնտռենք եւ ուրախութեամբ անոնց ի նպաստ խոնարհ պարտականութիւններ պիտի կատարենք։ (Յովհաննու 13։12-17. Ա. Կորնթացիս 10։24) Ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի ընտիր կեցուածք մը պահպանել։ Ի մտի ունենալով թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ Եհովայի աչքին արժէքաւոր է, եւ թէ իրարու պէտք ունինք, ճիշդ ինչպէս մարդկային մարմնին իւրաքանչիւր անդամը միւս անդամներէն կախեալ է։—Ա. Կորնթացիս 12։14-27

20, 21. Բ. Տիմոթէոս 2։20, 21–ի խօսքեր մեզի համար ի՞նչ իմաստ ունին։

20 Անուրանալիօրէն, Քրիստոնեաները դիւրաբեկ՝ հողէ ամաններ են, որոնց վստահուած է ծառայութեան փառաւոր գանձը։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Եթէ կ’ուզենք այս օրհնեալ գործունէութիւնը կատարել ի փառս Եհովայի, իր ու իր Որդւոյն առջեւ պատուական կեցուածք մը պէտք է պահպանենք։ Միայն բարոյական ու հոգեւոր գետնի վրայ մաքուր մնալով է որ կրնանք Աստուծոյ գործածութեան համար պատուական անօթ մը մնալ։ Այս ուղղութեամբ Պօղոս գրեց. «Մեծ տան մը մէջ ոչ միայն ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ կան, հապա փայտէ ու հողէ ամաններ ալ կան։ Ոմանք պատիւի համար են ու ոմանք՝ անարգանքի համար։ Ուստի եթէ մէկը իր անձը անարգ բաներէ մաքրէ, անիկա պատուական անօթ մը պիտի ըլլայ, սրբուած ու իր Տէրոջը պիտանի, ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած»։—Բ. Տիմոթէոս 2։20, 21

21 Աստուածային պահանջներուն համաձայն չապրող անհատները ‘անարգ անօթներ’ են։ Սակայն, բարեպաշտ ընթացք մը հետապնդելով, ‘պատուական անօթ մը պիտի ըլլանք, Եհովայի գործածութեան համար սրբուած, կամ՝ զատուած, եւ ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած’։ Ուստի, մենք մեզի հարց տանք. ‘Ես «պատուակա՞ն անօթ» մըն եմ։ Հաւատակիցներուս վրայ դրական ազդեցութիւն մը ունի՞մ։ Հաւատակից երկրպագուներու հետ ուս ուսի աշխատող ժողովքի անդա՞մ մըն եմ’։

Շարունակեցէք Ուս Ուսի Ծառայել

22. Քրիստոնէական ժողովքը ի՞նչ բանի կրնայ նմանցուիլ։

22 Քրիստոնէական ժողովքը ընտանեկան կարգադրութեան նման է։ Ընտանիքի մը մէջ սիրալիր, օգտակար ու հաճելի մթնոլորտ մը կ’ըլլայ, երբ անոր բոլոր անդամները Եհովան կը պաշտեն։ Ընտանիք մը կրնայ այլազան անձնաւորութիւններ ունեցող անդամներէ բաղկանալ, սակայն իւրաքանչիւրը պատուական տեղ մը ունի։ Նոյնն է պարագան ժողովքին մէջ։ Թէեւ բոլորս իրարմէ տարբեր եւ անկատար ենք, սակայն Աստուած մեզ իրեն մօտեցուցած է Քրիստոսի միջոցաւ։ (Յովհաննու 6։44. 14։6) Եհովա եւ Յիսուս մեզ կը սիրեն, եւ միացած ընտանիքի մը նման, անպայման իրարու հանդէպ սէր պէտք է ցուցաբերենք։—Ա. Յովհաննու 4։7-11

23. Ի՞նչ պէտք է յիշենք, եւ՝ վճռենք ընել։

23 Ընտանիքի նմանող քրիստոնէական ժողովքը նաեւ վայր մըն է, ուր իրաւացիօրէն կ’ակնկալենք հաւատարմութիւն գտնել։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով [«հաւատարմութեամբ բարձրացնելով իրենց ձեռքերը», ՆԱ]՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։8) Պօղոս հաւատարմութիւնը առնչեց հանրային աղօթքին հետ, որ կը մատուցուի «ամէն տեղ», ուր Քրիստոնեաները կը ժողվուին։ Միայն հաւատարիմ տղամարդիկ հանրային աղօթքով պէտք է ներկայացնեն ժողովքը։ Անշուշտ, Աստուած կ’ակնկալէ որ բոլորս իրեն եւ իրարու հանդէպ հաւատարիմ ըլլանք։ (Ժողովողի 12։13, 14) Հետեւաբար, վճռենք իրարու հետ ներդաշնակօրէն գործել, մարդկային մարմնի անդամներուն նման։ Նաեւ միութեամբ ծառայենք որպէս Եհովայի երկրպագուներու ընտանիքին մէկ մասը։ Մանաւանդ, յիշենք թէ իրարու պէտք ունինք եւ թէ Աստուծոյ հաճութիւնն ու օրհնութիւնները պիտի վայելենք, եթէ շարունակենք ուս ուսի Եհովայի ծառայել։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ի՞նչ բան Եհովայի ծառաները կարող կը դարձնէ որ ուս ուսի իրեն ծառայեն։

• Քրիստոնեաները ինչո՞ւ աչառութիւն ընելէ կը խուսափին։

• Տրտնջալը ինչո՞ւ սխալ է։

• Ինչո՞ւ մեր հաւատակիցները պէտք է պատուենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Պետրոս հասկցաւ թէ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ»

[Նկար՝ էջ 16]

Գիտէ՞ք թէ ինչո՛ւ Աստուած Մարիամը նուաստացուց

[Նկար՝ էջ 18]

Հաւատարիմ Քրիստոնեաները ուս ուսի Եհովայի ուրախութեամբ կը ծառայեն