Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ողջ ըլլալու լաւագոյն ժամանակը

Ողջ ըլլալու լաւագոյն ժամանակը

Ողջ ըլլալու լաւագոյն ժամանակը

ԵՐԲ փորձիչ պարագաներու հանդիպիք, հին օրերուն կը տենչա՞ք։ Ուրեմն նկատի առէք իմաստուն Սողոմոն Թագաւորին խօսքերը. «Մի՛ ըսեր՝ ‘Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին’, վասն զի այս բանին համար ըրած հարցումդ իմաստութեամբ չէ»։—Ժողովողի 7։10

Սողոմոն ինչո՞ւ այս խրատը տուաւ։ Քանի որ ան գիտէր թէ անցեալին նկատմամբ իրապաշտ տեսակէտ մը ունենալը, ներկայ անախորժ պարագաներուն հետ գլուխ ելլելու համար շատ օգտակար է։ Հին օրերուն կարօտը քաշողները թերեւս կը մոռնան թէ այդ օրերն ալ խնդիրներով ու դժուարութիւններով լեցուն էին եւ թէ կեանքը երբեք իտէալ չէր։ Թերեւս անցեալին կարգ մը բաներ աւելի լաւ էին, բայց շատ հաւանաբար կարգ մը բաներ ալ՝ ոչ։ Ինչպէս Սողոմոն նշեց, անտեղիօրէն անցեալով ապրիլը իմաստութիւն չէ, քանի որ բացորոշ է թէ չենք կրնար անցեալը վերադարձնել։

Կարօտով անցեալին նայիլը վնասակար կրնա՞յ ըլլալ։ Այո՛, եթէ անիկա մեզ ետ պահէ դիւրաթեք ըլլալէ եւ ներկային յարմարելէ, կամ եթէ թոյլ չտայ որ գնահատենք մեր ապրած ժամանակներն ու մեզի սպասող յոյսը։

Իրականութեան մէջ, հիմա՛ է լաւագոյն ժամանակը ողջ ըլլալու, ի հեճուկս համաշխարհային խնդիրներու յաւելման։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր երկրին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին կատարումը եւ իր Թագաւորութեան խաղաղ իշխանութեան օրհնութիւնները մօտ են։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։4) Այն ատեն, շատ աւելի լաւ պայմաններու ներքեւ, ոեւէ անհատ պատճառ պիտի չունենայ հին օրերուն տենչալու։