Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուսուցանելու մեզ որակելի դարձնող անձնական ուսումնասիրութիւն

Ուսուցանելու մեզ որակելի դարձնող անձնական ուսումնասիրութիւն

Ուսուցանելու մեզ որակելի դարձնող անձնական ուսումնասիրութիւն

«Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ։ Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ»։—Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4։15, 16

1. Ժամանակին ու անձնական ուսումնասիրութեան մասին ի՞նչ բան ճշմարիտ է։

«ԱՄԷՆ բանի ատենը կայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը Ժողովողի 3։1–ի մէջ։ Վստահաբար նոյնն է պարագան անձնական ուսումնասիրութեան։ Շատեր դժուար կը գտնեն հոգեւոր բաներու մասին խոկալը, եթէ ժամանակը կամ վայրը յարմար չըլլայ։ Օրինակ, ամբողջ օրը ծանր աշխատելէ եւ փառաւոր ընթրիք մը ընելէ ետք, ուսումնասիրելու ախորժակ կ’ունենա՞ք, մանաւանդ եթէ ձեր նախասիրած բազկաթոռին մէջ բազմած՝ հեռատեսիլ կը դիտէք։ Շատ հաւանական է որ պատասխանը ո՛չ ըլլայ։ Ուստի, ի՞նչ է լուծումը։ Բացայայտօրէն, պէտք է ընտրենք ուսումնասիրելու ժամանակն ու վայրը, մեր ջանքերէն լաւագոյն օգուտը քաղելու համար։

2. Անձնական ուսումնասիրութեան լաւագոյն ժամանակը յաճախ ե՞րբ է։

2 Շատեր նկատած են թէ ուսումնասիրելու լաւագոյն ժամանակը առտու կանուխ է, երբ սովորաբար աւելի արթուն վիճակի մէջ կ’ըլլան։ Ուրիշներ կէսօրուան դադարը կ’օգտագործեն, ուսումնասիրութեան կարճ պահերու համար։ Հետեւեալ օրինակներուն մէջ, նկատեցէք կարեւոր հոգեւոր գործունէութիւններու վերաբերեալ ժամանակի ակնարկութիւնները։ Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը գրեց. «Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր, վասն զի քեզի յուսացի։ Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր, վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի»։ (Սաղմոս 143։8) Եսայի մարգարէն նոյնանման գնահատութիւն մը ցուցաբերեց, երբ ըսաւ. «Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, անիկա իմ ականջս կը բանայ, որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ»։ Կէտը այն է թէ պէտք է ուսումնասիրենք եւ Եհովայի հետ հաղորդակցինք, ե՛րբ մեր միտքը արթուն է, անիկա օրուան ո՛ր ժամն ալ ըլլայ։—Եսայեայ 50։4, 5. Սաղմոս 5։3. 88։13

3. Ազդու ուսումնասիրութեան մը համար ի՞նչ մթնոլորտ կը պահանջուի։

3 Ազդու ուսումնասիրութեան մը ուրիշ մէկ ազդակն է՝ հանգստաւէտ աթոռի մը կամ բազմոցի մը վրայ չնստիլ։ Ասիկա արթուն մնալու կերպ մը չէ։ Երբ կ’ուսումնասիրենք, մեր միտքը պէտք է աշխատի, եւ կը թուի թէ չափազանց հանգիստ նստուածքը հակառակ արդիւնքը կու տայ։ Ուսումնասիրելու եւ խոկալու համար, յարաբերաբար հանդարտ եւ խանգարումներէ զերծ մթնոլորտի մը կարիքը կայ։ Եթէ ուսումնասիրութեան ընթացքին ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը կամ երախաներուն աղմուկը ձեզ կը խանգարէ, լաւագոյն օգուտը պիտի չքաղէք։ Երբ Յիսուս խոկալ ուզեց, ան հանդարտ վայր մը գնաց։ Ան նաեւ խօսեցաւ աղօթելու համար առանձնանալու արժէքին մասին։—Մատթէոս 6։6. 14։13. Մարկոս 6։30-32

Պատասխան Տալու Մեզ Զինող Անձնական Ուսումնասիրութիւն

4, 5. Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ի՞նչ կերպերով գործնական օգնութիւն կը հայթայթէ։

4 Անձնական ուսումնասիրութիւնը գոհացուցիչ է, երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող զանազան գրականութիւններ կը գործածենք նիւթին մասին խորունկ պրպտումներ ընելու, մանաւանդ երբ ասիկա կ’ընենք անհատի մը անկեղծ հարցումներուն պատասխանելու համար։ (Ա. Տիմոթէոս 1։4. Բ. Տիմոթէոս 2։23) Նորեկներէն շատեր ուսումնասիրելու կը սկսին՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկով, որ այժմ մատչելի է 261 լեզուներով։ * Անիկա շատ պարզ բայց մասնայատուկ գրականութիւն մըն է, ամբողջովին Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած։ Անիկա կ’օգնէ ընթերցողներուն շուտով ըմբռնելու թէ ճշմարիտ պաշտամունքի համար Աստուծոյ պահանջները ի՛նչ են։ Սակայն, անոր ծրագրուած ձեւը թոյլ չի տար որ իւրաքանչիւր նիւթ մանրամասնօրէն քննարկուի։ Եթէ ձեր Աստուածաշունչի աշակերտը տուեալ սուրբ գրային նիւթի մը շուրջ լուրջ հարցումներ հարցնէ, ի՞նչպէս կրնաք սուրբ գրային տեղեկութիւններ գտնել, որոնք պիտի օգնեն իրեն այդ հարցումներուն պատասխանելու։

5 Սի.Տի. ՌՈՄ–ի վրայ Դիտարանի Գրադարան–ը իրենց լեզուով ունեցողներուն համար, համակարգիչի միջոցաւ դիւրին է տեղեկութիւններու ընդարձակ աղբիւրներ ձեռք ձգել։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել այս միջոցը չունեցողներուն մասին։ Նկատի առնենք երկու բնաբաններ, որոնք քննարկուած են Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին մէջ, տեսնելու համար թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր հասկացողութիւնը աւելցնել եւ աւելի մանրամասնօրէն պատասխանել, մանաւանդ երբ մէկը հարց տայ թէ ո՛վ է Աստուած եւ Յիսուս ի՛նչպիսի անհատ մըն էր։—Ելից 5։2. Ղուկաս 9։18-20. Ա. Պետրոս 3։15

Ո՞վ Է Աստուած

6, 7. (ա) Աստուծոյ առնչութեամբ ի՞նչ հարցում կը յարուցուի։ (բ) Կղերական մը իր քարոզին մէջ ի՞նչ լուրջ զանցառում մը ըրաւ։

6 Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին Դաս 2–ը հետեւեալ կենսական հարցումին կը պատասխանէ. Ո՞վ է Աստուած։ Ասիկա հիմնական կէտ մըն է, քանի որ անհատը չի կրնար ճշմարիտ Աստուածը պաշտել, եթէ զինք չի ճանչնար կամ թերեւս անոր գոյութեան կը կասկածի։ (Հռովմայեցիս 1։19, 20. Եբրայեցիս 11։6) Այսուհանդերձ, աշխարհի տարածքին մարդիկ Աստուծոյ ո՛վ ըլլալուն նկատմամբ հարիւրաւոր տեսակէտներ ունին։ (Ա. Կորնթացիս 8։4-6) Իւրաքանչիւր կրօնական փիլիսոփայութիւն Աստուծոյ ինքնութեան շուրջ տարբեր պատասխան մը ունի։ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ, կրօնքներուն մեծամասնութիւնը Աստուած Երրորդութիւն մը կը նկատէ։ Ամերիկացի կարկառուն կղերական մը՝ «Աստուած կը Ճանչնա՞ք» խորագրով քարոզ մը տուաւ, սակայն իր քարոզին մէջ մէկ անգամ իսկ Աստուծոյ անունը չյիշեց, թէեւ քանի մը անգամ Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերեց։ Անշուշտ, ան Աստուածաշունչի թարգմանութենէ մը կարդաց, որ Եհովա կամ Եահվէ անունին փոխարէն, անորոշ եւ անանուն «Տէր» արտայայտութիւնը կը գործածէր։

7 Այս կղերականը ի՜նչ կարեւոր բան մը զանց ըրաւ, երբ Երեմեայ 31։33, 34–ը մէջբերեց. «Անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին ու ուրիշ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ՝ ըսելով. ‘Տէրը ճանչցիր’ [Եբրայերէն, ‘Եհովան ճանչցիր’]. հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը ամէնքը զիս պիտի ճանչնան, վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։ Անոր գործածած թարգմանութիւնը Աստուծոյ Եհովա անունը ջնջած էր։—Սաղմոս 103։1, 2

8. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ Աստուծոյ անունը գործածելու կարեւորութիւնը։

8 Սաղմոս 8։9–ն (ՆԱ) ցոյց կու տայ թէ Եհովայի անունը գործածելը ինչո՛ւ շատ յատկանշական է. «Ով Եհովա, մեր Տէրը, ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ»։ Ասիկա հետեւեալին հետ համեմատեցէք. «Ով Տէր, մեր Տէրը, ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ»։ (Նաեւ տես՝ Արեւմտահայերէն, Արարատ) Այսուհանդերձ, ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ յիշուեցաւ, կրնանք «Աստուծոյ գիտութիւնը» ձեռք ձգել, եթէ թոյլ տանք որ իր Խօսքը մեզ հոգեւորապէս լուսաւորէ։ Սակայն, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող ո՞ր գրականութիւնը, աստուածային անուան կարեւորութեան մասին մեր յարուցած հարցումներուն շուտով պիտի պատասխանէ։—Առակաց 2։1-6

9. (ա) Ո՞ր գրականութիւնը կրնայ մեզի օգնել բացատրելու աստուածային անուան գործածութեան կարեւորութիւնը։ (բ) Թարգմանիչներէն շատեր Աստուծոյ անուան հանդէպ ի՞նչպէս յարգանք չեն ցուցաբերած։

9 Կրնանք դիմել Աստուածային Անունը որ Յաւիտեան Պիտի Գոյատեւէ գրքոյկին, որ 69 լեզուներու թարգմանուած է։ * «Աստուծոյ Անունը. Անոր Իմաստն ու Հնչումը» խորագրով բաժինը (էջ 6-11) յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Եբրայերէն Քառագիրը գրեթէ 7,000 անգամ կ’երեւի Եբրայերէն հին ձեռագիրներուն մէջ։ Սակայն, կղերները եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի ու Հրէականութիւն դաւանող թարգմանիչները դիտումնաւոր կերպով վերցուցած են զայն իրենց Աստուածաշունչի թարգմանութիւններուն մեծամասնութեան մէջէն։ * Անոնք ի՞նչպէս կրնան դաւանիլ թէ Աստուած կը ճանչնան եւ իր հետ ընդունելի յարաբերութիւն մը ունին, եթէ կը մերժեն զինք ճանչնալ իր անունով։ Իր իսկական անունը ճամբան կը հարթէ հասկնալու թէ ի՛նչ են իր նպատակներն ու իր ինքնութիւնը։ Ասկէ զատ, ի՞նչ արժէք ունի Յիսուսի տիպար աղօթքին այն մասը որ կ’ըսէ՝ «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ», եթէ Աստուծոյ անունը նոյնիսկ չի գործածուիր։—Մատթէոս 6։9. Յովհաննու 5։43. 17։6

Ո՞վ Է Յիսուս Քրիստոս

10. Ի՞նչ կերպով կրնանք Յիսուսի կեանքին եւ ծառայութեան մասին լման պատկեր մը ստանալ։

10 Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին Դաս 3–ին խորագիրն է՝ «Ո՛վ Է Յիսուս Քրիստոս»։ Միայն վեց պարբերութիւններու մէջ, անիկա շատ հակիրճ ուրուագիծ մը կու տայ Յիսուսի, իր ծագումին, եւ երկիր գալու իր նպատակին մասին։ Սակայն, եթէ կը փափաքիք իր լման կենսագրութիւնը գիտնալ, չորս Աւետարաններէն զատ, լաւագոյն աղբիւրն է՝ Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը գիրքը, որ մատչելի է 111 լեզուներով։ * Այս գիրքը Յիսուսի կեանքին եւ ուսուցումներուն ժամանակագրական արձանագրութիւնը կը ներկայացնէ, հիմնուած չորս Աւետարաններուն վրայ։ Անոր 133 գլուխները կը ծածկեն Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան իրադարձութիւնները։ Տարբեր, վերլուծական մօտեցումի մը համար, կրնաք դիմել՝ Խորաթափանց Ակնարկ աշխատասիրութեան, Հատոր Բ., «Յիսուս Քրիստոս» խորագրին ներքեւ։

11. (ա) Եհովայի Վկաները ի՞նչ կերպով տարբեր հաւատք ունին Յիսուսի նկատմամբ։ (բ) Ի՞նչ համարներ բացայայտօրէն կը հերքեն Երրորդութեան վարդապետութիւնը, եւ այս ուղղութեամբ ո՞ր գրականութիւնը օգտակար է։

11 Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ, Յիսուսի նկատմամբ եղած տարակարծութիւնը կը կեդրոնանայ իր «Աստուծոյ Որդի» եւ «Որդին Աստուած» ըլլալուն շուրջ։ Ուրիշ խօսքով, վիճաբանութեան նիւթը կը կազմէ ինչ որ Catechism of the Catholic Church (Կաթողիկէ Եկեղեցիին Կրօնագիտութիւնը) կը կոչէ՝ «քրիստոնէական հաւատալիքներուն գլխաւոր խորհուրդը», Երրորդութիւնը։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներէն տարբեր ըլլալով, Եհովայի Վկաները կը հաւատան թէ Յիսուս աստուածային ծագում ունի, սակայն ան Աստուած չէ։ Այս նիւթը հոյակապ կերպով կը քննարկուի Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան գրքոյկին մէջ, թարգմանուած՝ 95 լեզուներու։ * Երրորդութեան վարդապետութիւնը հերքելու համար անոր գործածած բազմաթիւ համարներուն մէջ կան՝ Մարկոս 13։32 եւ Ա. Կորնթացիս 15։24, 28։

12. Այժմ ո՞ր հարցումը մեր ուշադրութեան արժանի է։

12 Աստուծոյ ու Յիսուսի նկատմամբ եղած վերոյիշեալ քննարկումները ցոյց կու տան կերպեր, որոնցմով կրնանք անձնական ուսումնասիրութիւն ընել, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ծանօթ չեղողներուն օգնելու համար որ ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգեն։ (Յովհաննու 17։3) Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել քրիստոնէական ժողովքին հետ տարիներէ ի վեր ընկերակցող անհատներուն մասին։ Նկատի ունենալով իրենց ամբարած սուրբ գրային գիտութիւնը, անոնք տակաւին պէտք ունի՞ն Եհովայի Խօսքին անձնական ուսումնասիրութեան ուշադրութիւն ընծայելու։

Ինչո՞ւ ‘Զգուշութիւն Ընել’

13. Ոմանք անձնական ուսումնասիրութեան նկատմամբ ի՞նչ սխալ տեսակէտ կրնան ունենալ։

13 Տարիներէ ի վեր ժողովքի անդամներ եղողներէն ոմանք կրնան թակարդի մը մէջ իյնալ, որ է՝ Եհովայի Վկայ ըլլալէ ետք, առաջին քանի մը տարիներու ընթացքին իրենց ձեռք ձգած Աստուածաշունչի գիտութեան ապաւինիլ։ Դիւրին է որ մէկը պատճառաբանէ. «Ես նորեկներուն չափ լրջօրէն ուսումնասիրելու կարիքը չունիմ։ Տե՛ս, տարիներու ընթացքին քանի՜ անգամ Աստուածաշունչը եւ սուրբ գրային գրականութիւններ կարդացած եմ»։ Կարծես թէ անհատը կ’ըսէ. «Ասկէ ետք իրապէս պէտք չունիմ սննդականոնիս շատ ուշադրութիւն ընծայելու, քանի որ տե՛ս անցեալին ի՜նչ ճաշեր կերած եմ»։ Գիտենք թէ մարմինը պէտք է յարատեւ սնուցանուի պատշաճօրէն պատրաստուած օգտաշատ ուտելիքներով, որպէսզի առողջ ու գործունեայ մնայ։ Ասիկա որքա՜ն ճիշդ է մեր հոգեւոր առողջութիւնը եւ զօրութիւնը պահպանելու պարագային։—Եբրայեցիս 5։12-14

14. Ինչո՞ւ պէտք է զգուշութիւն ընենք մեր անձին։

14 Հետեւաբար, ըլլանք երկար ժամանակէ ի վեր Աստուածաշունչի աշակերտներ կամ ոչ, բոլորս պէտք է անսանք Պօղոսի կողմէ Տիմոթէոսի ուղղուած խրատին, որ այն ատեն հասուն ու պատասխանատու տեսուչ մըն էր. «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։15, 16) Ինչո՞ւ Պօղոսի խրատին ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։ Մի՛ մոռնաք որ Պօղոս նաեւ նշեց թէ «Սատանային հնարքներուն [«նենգամիտ արարքներուն», ՆԱ, ստորանիշ]» դէմ եւ «երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» պատերազմ ունինք։ Իսկ Պետրոս առաքեալ ազդարարեց թէ Բանսարկուն «կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ», եւ այդ «ո՛վ»ը կրնայ մեզմէ ոեւէ մէկը ըլլալ։ Մեր ինքնագոհ ըլլալը կրնայ ճիշդ անոր փնտռած առիթը ըլլալ։—Եփեսացիս 6։11, 12. Ա. Պետրոս 5։8

15. Հոգեւոր ի՞նչ պաշտպանութիւն ունինք, եւ ի՞նչպէս կրնանք զայն պահպանել։

15 Արդ, ի՞նչպէս կրնանք պաշտպանուիլ։ Պօղոս առաքեալ մեզի կը յիշեցնէ. «Ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ»։ (Եփեսացիս 6։13, 14ա) Այդ հոգեւոր սպառազինութեան ազդու ըլլալը կախեալ է ո՛չ միայն անոր սկզբնական որակէն, այլ նաեւ՝ կանոնաւորաբար անոր հոգ տանելէն։ Հետեւաբար, Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած այդ լման սպառազինութիւնը պէտք է պարփակէ այժմէական գիտութիւն Աստուծոյ Խօսքէն։ Ասիկա կ’ընդգծէ՝ Իր Խօսքին եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին միջոցաւ Եհովայի յայտնած ճշմարտութեան հասկացողութեան հետ քայլ պահելուն կարեւորութիւնը։ Աստուածաշունչը եւ սուրբ գրային գրականութիւնները կանոնաւորաբար ուսումնասիրելը կենսական է, եթէ կ’ուզենք մեր հոգեւոր սպառազինութիւնը լաւ վիճակի մէջ պահել։—Մատթէոս 24։45-47. Եփեսացիս 6։14, 15

16. Ի՞նչ կրնանք ընել, վստահ ըլլալու համար թէ մեր «հաւատքին վահանը» լաւ վիճակի մէջ է։

16 Պօղոս ցցուն կ’ընէ մեզ պաշտպանող սպառազինութեան կենսական մէկ մասը, որ է՝ «հաւատքին վահանը», որով կրնանք շեղել եւ մարել Սատանայի կրակոտ նետերը, այսինքն՝ սուտ ամբաստանութիւններն ու հաւատուրաց ուսուցումները։ (Եփեսացիս 6։16) Ուստի էական է ստուգել թէ մեր հաւատքին վահանը ո՛րքան զօրաւոր է եւ ի՛նչ քայլեր պէտք է առնուին զայն պահպանելու ու ամրացնելու համար։ Օրինակ, կրնաս հարց տալ. ‘Դիտարան–ը գործածելով, շաբաթական Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս կը պատրաստեմ։ Բաւարար չափով կ’ուսումնասիրե՞մ, որ կարենամ «սիրոյ եւ բարի գործերու մղել», ժողովի ընթացքին լաւ պատրաստուած պատասխաններ տալով։ Աստուածաշունչը բանալով նշուած համարները կը կարդա՞մ։ Ժողովներու ընթացքին խանդավառ մասնակցութիւն բերելով, ուրիշները կը քաջալերե՞մ’։ Մեր հոգեւոր սնունդը հաստատուն է, եւ անկէ լիովին օգտուելու համար պէտք է լաւ մարսենք զայն։—Եբրայեցիս 5։14. 10։24

17. (ա) Մեր հոգեւորականութիւնը տկարացնելու համար Սատանան ո՞ր թոյնը կը գործածէ։ (բ) Սատանայի թոյնին հակադեղը ի՞նչ է։

17 Սատանան գիտէ ինկած մարմնին տկարութիւնները, իսկ իր հնարքները նենգ են։ Իր չար ազդեցութիւնը տարածելու կերպերէն մէկն է, պոռնկագրութիւնը չափէ աւելի դիւրամատչելի դարձնել՝ հեռատեսիլի, Համացանցի, պատկերիզներու եւ տպուած գրականութիւններու միջոցաւ։ Կարգ մը Քրիստոնեաներ թոյլ տուած են որ այս թոյնը թափանցէ իրենց տկար պաշտպանողական գիծերէն ներս, եւ ասիկա առաջնորդած է ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ կորսնցնելու կամ աւելի լուրջ հետեւանքներու։ (Եփեսացիս 4։17-19) Ի՞նչ է Սատանայի հոգեւոր թոյնին հակադեղը։ Աստուածաշունչի մեր կանոնաւոր անձնական ուսումնասիրութիւնը, մեր քրիստոնէական ժողովները եւ Աստուծոյ սպառազինութիւնը պէտք չէ զանց ընենք։ Միասնաբար, ասոնք մեզի կարողութիւնը կու տան շիտակը ու սխալը զանազանելու եւ Աստուծոյ ատած բաները ատելու։—Սաղմոս 97։10. Հռովմայեցիս 12։9

18. «Հոգիին սուրը» ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ։

18 Եթէ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան մեր սովորութիւնները պահպանենք, ոչ միայն Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութեամբ հայթայթուած ամուր պաշտպանութիւնը պիտի ունենանք, այլ նաեւ՝ ազդուօրէն յարձակելու միջոցը, «Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է»։ Աստուծոյ խօսքը «կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եփեսացիս 6։17. Եբրայեցիս 4։12) Եթէ այս «սուր»ը գործածելու մէջ հմուտ դառնանք, պիտի չխաբուինք երեւութապէս անվնասակար կամ նոյնիսկ հրապուրիչ բաներէ, եւ պիտի կարենանք զանոնք քօղազերծել որպէս չարին մահացու մէկ թակարդը։ Մեր ամբարած սուրբ գրային գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը մեզի պիտի օգնեն որ մերժենք ինչ որ չար է եւ բարին ընենք։ Ուստի բոլորս մենք մեզի հարց տանք. ‘Սուրս կտրո՞ւկ է թէ՝ ժանգալից։ Դժուարութիւն կ’ունենա՞մ սուրբ գրային համարներ յիշելու, որոնք կրնան յարձակելու կարողութիւնս զօրացնել’։ Թող որ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան մեր լաւ սովորութիւնները պահպանենք եւ այս կերպով Բանսարկուին դէմ դնենք։—Եփեսացիս 4։22-24

19. Եթէ անձնական ուսումնասիրութեան մէջ ջանադիր ըլլանք, ի՞նչ օգուտներ կրնանք քաղել։

19 Պօղոս գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ Եթէ Տիմոթէոսի ուղղուած Պօղոսի խօսքերուն ուշադրութիւն ընենք, անոնք կրնան մեր հոգեւորականութիւնը զօրացնել եւ մեր ծառայութիւնը աւելի ազդու դարձնել։ Հոգեւոր երէցներն ու օգնական ծառաները կրնան ա՛լ աւելի օգտակար ըլլալ ժողովքին, եւ բոլորս կրնանք հաւատքի մէջ հաստատ մնալ։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. Մատթէոս 7։24-27

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Սովորաբար, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ուսումնասիրող նոր հետաքրքրուած անհատ մը՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին կ’անցնի. երկուքն ալ հրատարակուած են Եհովայի Վկաներուն կողմէ։ Հոս հայթայթուած թելադրութիւնները պիտի օգնեն հոգեւոր յառաջդիմութեան արգելք հանդիսացող խոչընդոտները վերցնելու։

^ պարբ. 9 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։ Անոնք որոնք իրենց լեզուով Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ աշխատասիրութիւնը ունին, կրնան բանալ Հատոր Բ., «Եհովա» խորագրին ներքեւ։

^ պարբ. 9 Սպաներէն ու Կատալոներէն կարգ մը թարգմանութիւններ աչքառու բացառութիւններ են. անոնք Եբրայերէն Քառագիրը կը թարգմանեն՝ «Եավէ», «Եահվէ», «Ճահվէ» եւ «Ճեհովա»։

^ պարբ. 10 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 11 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կը յիշէ՞ք

• Ո՞ր պարագաները ազդու անձնական ուսումնասիրութեան կը նպաստեն։

• Աստուածաշունչի բազմաթիւ թարգմանութիւններ Աստուծոյ անուան նկատմամբ ի՞նչ սխալ կը գործեն։

• Երրորդութեան վարդապետութիւնը հերքելու համար սուրբ գրային ո՞ր համարները կը գործածէք։

• Ի՞նչ պէտք է ընենք մեր անձերը պաշտպանելու համար Սատանայի հնարքներուն դէմ, նոյնիսկ եթէ տարիներէ ի վեր ճշմարիտ Քրիստոնեաներ ենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 27]

Ազդու անձնական ուսումնասիրութեան համար, յարմար միջավայրի ու հանդարտ մթնոլորտի կարիքը կայ