Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնեաները իրարու պէտք ունին

Քրիստոնեաները իրարու պէտք ունին

Քրիստոնեաները իրարու պէտք ունին

«Մենք իրարու անդամներ ենք»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։25

1. Համայնագիտարան մը ի՞նչ կ’ըսէ մարդկային մարմնին մասին։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ մարմինը ստեղծագործութեան հրաշալիք մըն է։ The World Book Encyclopedia կ’ըսէ. «Երբեմն անհատներ մարդկային մարմինը մեքենայ կը կոչեն. ցարդ շինուած ամենահոյակապ մեքենան։ Անշուշտ, մարդկային մարմինը մեքենայ մը չէ։ Սակայն, անիկա կրնայ մեքենայի մը նմանցուիլ բազմաթիւ կերպերով։ Մեքենայի մը նման, մարմինը բազմաթիւ մասերէ կազմուած է։ Մարմնին իւրաքանչիւր մասը, մեքենայի մը իւրաքանչիւր մասին նման, յատուկ պարտականութիւն մը կը կատարէ։ Սակայն, բոլոր մասերն ալ միասնաբար կ’աշխատին եւ այսպէս մարմինը կամ մեքենան սահուն կերպով կը գործէ»։

2. Մարդկային մարմինը եւ քրիստոնէական ժողովքը ի՞նչ կերպով իրարու նման են։

2 Այո, մարդկային մարմինը բազմաթիւ մասեր կամ անդամներ ունի, եւ իւրաքանչիւրը հարկ եղած բան մը կը հայթայթէ։ Ո՛չ մէկ երակ, մկան կամ մարմնի անդամ աննպատակ է։ Նմանապէս, քրիստոնէական ժողովքի իւրաքանչիւր անդամ կրնայ անոր հոգեւոր առողջութեան կամ գեղեցկութեան նպաստել։ (Ա. Կորնթացիս 12։14-26) Թէեւ ժողովքի անդամ մը ինքզինք միւսներէն գերադաս պէտք չէ նկատէ, սակայն, ո՛չ ոք ինքզինք աննշան պէտք է սեպէ։—Հռովմայեցիս 12։3

3. Եփեսացիս 4։25–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Քրիստոնեաները իրարու պէտք ունին։

3 Ինչպէս մարդկային մարմնի անդամները իրարմէ կախեալ են, Քրիստոնեաներն ալ իրարու պէտք ունին։ Պօղոս առաքեալ հոգիէն օծուած հաւատակիցներուն ըսաւ. «Ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին, վասն զի մենք իրարու անդամներ ենք»։ (Եփեսացիս 4։25) Քանի որ ‘իրարու անդամներ են’, հոգեւոր Իսրայէլի՝ «Քրիստոսի մարմնին»՝ անդամներուն միջեւ անկեղծ հաղորդակցութիւն եւ լման համագործակցութիւն կան։ Այո, անոնցմէ ամէն մէկը ամբողջ խումբին կը պատկանի։ (Եփեսացիս 4։11-13) Անոնց հետ ուրախութեամբ միացած են երկրային յոյս ունեցող անկեղծ ու համագործակցող Քրիստոնեաներ։

4. Ի՞նչ կերպերով կարելի է նորեկներուն օգնել։

4 Ամէն տարի, երկրային դրախտի մը մէջ ապրելու յոյս ունեցող հազարաւորներ կը մկրտուին։ Ժողովքին միւս անդամները ուրախութեամբ անոնց կ’օգնեն որ «հասունութեան դիմեն»։ (Եբրայեցիս 6։1-3, ՆԱ) Այս օգնութիւնը կրնայ պարփակել՝ սուրբ գրային հարցումներու պատասխանել կամ ծառայութեան մէջ գործնական աջակցութիւն հայթայթել։ Կրնանք նորեկներուն օգնել նաեւ քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար մասնակցելու մէջ լաւ օրինակ հանդիսանալով։ Նեղութեան ժամանակներուն, կրնանք նաեւ քաջալերութիւն կամ թերեւս մխիթարութիւն ներկայացնել։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14, 15) Կերպեր պէտք է փնտռենք ուրիշներուն օգնելու համար, որ շարունակեն ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’։ (Գ. Յովհաննու 4) Ըլլանք երիտասարդ թէ տարեց, ճշմարտութեան մէջ նոր քալողներ թէ տարիներէ ի վեր, բոլորս ալ կրնանք հաւատակիցներու հոգեւոր բարօրութեան նպաստել. եւ անոնք իրապէս մեզի պէտք ունին։

Անոնք Հարկ Եղած Օգնութիւնը Մատուցանեցին

5. Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա ի՞նչպէս Պօղոսի օգտակար եղան։

5 Քրիստոնեայ ամոլներ ալ հաւատակիցներու օգնելով գոհունակութիւն կը գտնեն։ Օրինակ, Ակիւղաս եւ իր կինը՝ Պրիսկիղա, Պօղոսի օգնեցին։ Անոնք զինք իրենց տունը ընդունեցին, անոր հետ աշխատեցան որպէս վրանագործներ, եւ անոր օգնեցին որ Կորնթոսի մէջ հաստատուած նոր ժողովքը կերտէ։ (Գործք 18։1-4) Մեզի անծանօթ կերպով մը, անոնք Պօղոսի համար նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգեցին։ Անոնք Հռովմի մէջ կ’ապրէին, երբ Պօղոս հոն գտնուող Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Բարեւ ըրէք Պրիսկէին ու Ակիւղասին Քրիստոս Յիսուսով իմ գործակիցներուս, որոնք իմ կեանքիս համար իրենց պարանոցները տուին. որոնցմէ ոչ միայն ես շնորհակալ կ’ըլլամ, հապա հեթանոսներուն բոլոր եկեղեցիներն ալ»։ (Հռովմայեցիս 16։3, 4) Ակիւղասի եւ Պրիսկիղայի նման, կարգ մը արդի Քրիստոնեաներ ժողովքներ կը կերտեն ու զանազան կերպերով հաւատակիցներու կ’օգնեն, երբեմն նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգելով, որպէսզի Աստուծոյ միւս ծառաները հալածիչներու ձեռքով չարչարանք չկրեն կամ չսպաննուին։

6. Ապօղոս ի՞նչ օգնութիւն ստացաւ։

6 Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա նաեւ օգնեցին ճարտասան Ապօղոսին, որ Եփեսոսի բնակիչներուն Յիսուս Քրիստոսի մասին կը սորվեցնէր։ Այն ատեն, Ապօղոս միայն Յովհաննէսի մկրտութիւնը գիտէր, որպէս Օրէնքի ուխտին դէմ կատարուած մեղքերուն համար զղջումի խորհրդանիշ։ Գիտակցելով թէ Ապօղոս քիչ մը օգնութեան կը կարօտէր, Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա «աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին»։ Շատ հաւանաբար, անոնք բացատրեցին թէ քրիստոնէական մկրտութիւնը կը պարփակէր ջուրին մէջ մկրտուիլ եւ սուրբ հոգին ստանալ։ Ապօղոս իր սորվածը կիրարկեց։ Հետագային երբ Աքայիայի մէջ էր, «շատ օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն՝ Աստուծոյ շնորհքով։ Քանզի հրապարակաւ սաստիկ կը յանդիմանէր Հրեաները, սուրբ գրքերէն ցուցնելով թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է»։ (Գործք 18։24-28) Հաւատակիցներու խօսքերը յաճախ կրնան օգնել Աստուծոյ Խօսքին մասին մեր հասկացողութիւնը աւելցնելու։ Այս ուղղութեամբ ալ իրարու պէտք ունինք։

Նիւթական Օգնութիւն Հայթայթել

7. Փիլիպպեցիները ի՞նչպէս ընդառաջեցին, երբ Քրիստոնեայ հաւատակիցներ նիւթական կարիք դիմագրաւեցին։

7 Փիլիպպէի քրիստոնէական ժողովքին անդամները Պօղոսը շատ կը սիրէին, եւ երբ Թեսաղոնիկէ կը մնար, անոր նիւթական օգնութիւն ղրկեցին։ (Փիլիպպեցիս 4։15, 16) Երբ Երուսաղէմի եղբայրները նիւթական օգնութեան կարիքը ունեցան, Փիլիպպեցիները նուիրատուութիւններ ընելու յօժարակամութիւն ցոյց տուին, նոյնիսկ իրենց կարողութենէն աւելի։ Պօղոս առաքեալ Փիլիպպէի եղբայրներուն ու քոյրերուն ընտիր հոգին ա՛յնքան գնահատեց, որ զիրենք ուրիշ հաւատացեալներու որպէս օրինակ բերաւ։—Բ. Կորնթացիս 8։1-6

8. Եպափրոդիտոս ի՞նչպիսի հոգի մը ցուցաբերեց։

8 Երբ Պօղոս բանտարկուած էր, Փիլիպպեցիները ո՛չ միայն նիւթական պարգեւներ ղրկեցին իրեն, այլ նաեւ իրենց անձնական պատուիրակը՝ Եպափրոդիտոսը։ Պօղոս ըսաւ. «Քանզի Քրիստոսին գործին համար [Եպափրոդիտոս] մինչեւ մահուան մօտեցաւ՝ իր կեանքը վտանգի մէջ ձգելով, որպէս զի ինծի ծառայէ ձեր փոխարէն»։ (Փիլիպպեցիս 2։25-30. 4։18) Տեղեկութիւն չունինք թէ Եպափրոդիտոս երէց կամ օգնական ծառայ մըն էր։ Այսուհանդերձ, ան անձնազոհ ու օգտակար Քրիստոնեայ մըն էր, եւ Պօղոս իրապէս իրեն պէտք ունէր։ Ձեր ժողովքին մէջ Եպափրոդիտոսի նման անհատ մը ունի՞ք։

Անոնք «Տոգորող Ոյժ» մըն Էին

9. Արիստարքոս ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանայ մեզի։

9 Ակիւղասի, Պրիսկիղայի եւ Եպափրոդիտոսի նման սիրալիր եղբայրներ ու քոյրեր մեծապէս կը գնահատուին որեւէ ժողովքի մէջ։ Մեր հաւատակիցներէն ոմանք կրնան առաջին դարու Քրիստոնեայ Արիստարքոսի նման ըլլալ։ Ան եւ ուրիշներ «տոգորող ոյժ մը»ն էին, թերեւս սփոփանքի կամ օգնութեան աղբիւր մը՝ հիմնական ու գործնական կերպերով։ (Կողոսացիս 4։10, 11, ՆԱ) Պօղոսի աջակցելով, Արիստարքոս փաստեց իսկական բարեկամ մը ըլլալ նեղութեան ժամանակ։ Ան Առակաց 17։17–ի մէջ յիշուած նկարագրութեան կը յարմարէր. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է [«նեղութեան ատենուան համար ծնած եղբայր է», ՆԱ]»։ Բոլորս ալ պէտք չէ՞ ջանանք մեր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն համար «տոգորող ոյժ» մը ըլլալ։ Մանաւանդ պէտք է ձեռք տանք աննպաստ պայմաններէ տառապողներուն։

10. Պետրոս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ Քրիստոնեայ երէցներուն։

10 Յատկապէս Քրիստոնեայ երէցները իրենց հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար տոգորող ոյժ մը պէտք է ըլլան։ Քրիստոս Պետրոս առաքեալին ըսաւ. ‘Եղբայրներդ ամրացուր’։ (Ղուկաս 22։32, Վերանայուած) Պետրոս կրցաւ ասիկա ընել, քանի որ զօրաւոր, ժայռանման յատկութիւններ ցուցաբերեց, յատկապէս Յիսուսի յարութենէն ետք։ Ո՛վ երէցներ, ամէն գնով ջանացէք սիրայօժար կերպով ու քնքշօրէն նոյնը ընել, քանի որ ձեր հաւատակիցները ձեզի պէտք ունին։—Գործք 20։28-30. Ա. Պետրոս 5։2, 3

11. Տիմոթէոսի կեցուածքը նկատի առնելով ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։

11 Պօղոսի ուղեկիցը՝ Տիմոթէոս, ուրիշ Քրիստոնեաներով խորապէս հետաքրքրուած երէց մըն էր։ Թէեւ ան կարգ մը առողջապահական խնդիրներ ունէր, սակայն անսասան հաւատք ցուցաբերեց եւ Պօղոսի «հետ աւետարանին ծառայեց»։ Հետեւաբար, առաքեալը կրնար Փիլիպպեցիներուն ըսել. «Անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի»։ (Փիլիպպեցիս 2։20, 22. Ա. Տիմոթէոս 5։23. Բ. Տիմոթէոս 1։5) Տիմոթէոսի կեցուածքը ցուցաբերելով, կրնանք Եհովայի երկրպագուներուն օրհնութիւն մը ըլլալ։ Թէեւ մեր մարդկային տկարութիւններուն ու զանազան փորձութիւններու դէմ պէտք է պայքարինք, սակայն, կրնանք ու պէտք է զօրաւոր հաւատք ու սիրալիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ։ Միշտ պէտք է յիշենք թէ անոնք մեզի պէտք ունին։

Ուրիշներու Հանդէպ Հետաքրքրութիւն Ցոյց Տուող Կիներ

12. Այծեմնիկին օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

12 Ուրիշներու հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տուող բարեպաշտ կիներէն մէկը Այծեմնիկն է։ Երբ մահացաւ, աշակերտները Պետրոսը կանչեցին եւ զինք վերնատուն մը հանեցին։ Հոն, «բոլոր որբեւարիները անոր բոլորտիքը կայնեցան, կու լային ու կը ցուցնէին այն բաճկոնները եւ հանդերձները, որոնք Այծեմնիկ կը շինէր, երբ իրենց հետ էր»։ Այծեմնիկ յարուցանուեցաւ եւ անկասկած շարունակեց ‘բարի գործերով ու ողորմութիւններով լեցուիլ’։ Ներկայ քրիստոնէական ժողովքին մէջ, Այծեմնիկի նման կիներ կան, որոնք թերեւս հանդերձներ կը շինեն կամ այլ սիրալիր արարքներ կ’ընեն կարիքաւորներուն համար։ Անշուշտ, անոնց բարի գործերը գլխաւորաբար առնչուած են Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու եւ աշակերտելու գործին մասնակցելու հետ։—Գործք 9։36-42. Մատթէոս 6։33. 28։19, 20

13. Լիդիա Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հանդէպ ի՞նչպէս հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ։

13 Լիդիա անունով աստուածավախ կին մը ուրիշներու հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ։ Ան բնիկ Թիւատիրցի մըն էր եւ կ’ապրէր Փիլիպպէի մէջ, երբ Պօղոս հոն կը քարոզէր շուրջ Հ.Դ. 50–ին։ Հաւանաբար Լիդիա Հրեայ նորահաւատ մըն էր, սակայն, կրնայ ըլլալ որ Փիլիպպէի մէջ քիչ թիւով Հրեաներ կային եւ ժողովարան չկար։ Ան եւ այլ բարեպաշտ կիներ պաշտամունքի համար հաւաքուած էին գետեզերքը, ուր առաքեալը անոնց բարի լուրը ծանուցանեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «[Լիդիայի] սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ։ Հոն մկրտուեցան ինք եւ իր տունը, եւ աղաչեց ու ըսաւ. ‘Եթէ զիս Տէրոջը հաւատացեալ կը սեպէք, իմ տունս մտէք բնակեցէք’։ Եւ ստիպելով տարաւ մեզ»։ (Գործք 16։12-15) Քանի որ Լիդիա կ’ուզէր ուրիշներու բարիք գործել, ան ստիպեց որ Պօղոսն ու իր ընկերակիցները իր քով մնան։ Որքա՜ն կը գնահատենք, երբ ազնիւ ու սիրալիր Քրիստոնեաներ նման հիւրասիրութիւն կը ցուցաբերեն ներկայիս։—Հռովմայեցիս 12։13. Ա. Պետրոս 4։9

Ո՛վ Պատանիներ, Ձեզի Ալ Պէտք Ունինք

14. Յիսուս Քրիստոս ի՞նչպէս վարուեցաւ երախաներուն հետ։

14 Քրիստոնեայ ժողովքին սկիզբ տուողը Աստուծոյ ազնիւ ու ջերմ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսն էր։ Մարդիկ իր ներկայութեան հանգիստ կը զգային, քանի որ սիրազեղ ու կարեկից էր։ Առիթով մը, երբ ոմանք սկսան իրենց երախաները Յիսուսի բերել, իր աշակերտները փորձեցին զանոնք հեռացնել։ Սակայն, Յիսուս ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։ (Մարկոս 10։13-15) Թագաւորութեան օրհնութիւնները ստանալու համար, երախաներու նման խոնարհ ու ուսուցանուելու ընդունակ պէտք է ըլլանք։ Յիսուս երախաներու հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ, զանոնք իր գիրկը առնելով ու օրհնելով։ (Մարկոս 10։16) Ո՛վ դեռատիներ, ի՞նչ կրնանք ըսել ձեր մասին։ Վստահ եղէք որ դուք ժողովքին մէջ սիրուած էք եւ ձեր կարիքը կայ։

15. Ղուկաս 2։40-52–ի մէջ, Յիսուսի կեանքին մասին ի՞նչ իրողութիւններ արձանագրուած են, եւ ան դեռատիներուն համար ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

15 Երբ Յիսուս տակաւին երախայ մըն էր, ան Աստուծոյ ու Սուրբ Գրութիւններուն հանդէպ սէր ցուցաբերեց։ Երբ 12 տարեկան էր, ան իր ծնողքին՝ Յովսէփի ու Մարիամի հետ, իրենց բնագաւառէն՝ Նազարէթէն՝ դէպի Երուսաղէմ ճամբորդեց Պասեքը տօնակատարելու համար։ Վերադարձի ատեն, Յիսուսի ծնողքը նկատեցին թէ ան իրենց հետ ճամբորդող խումբին մէջ չէր։ Ի վերջոյ զինք գտան տաճարի սրահներէն մէկուն մէջ, ուր նստած մտիկ կ’ընէր Հրեայ վարդապետներուն եւ անոնց հարցումներ կը հարցնէր։ Զարմացած՝ թէ Յովսէփ ու Մարիամ ի՛նչպէս չէին գիտցած իր գտնուած տեղը, Յիսուս հարցուց. «Չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։ Ան իր ծնողքին հետ տուն վերադարձաւ, անոնց հնազանդ մնաց, եւ շարունակեց իմաստութիւնով ու հասակով մեծնալ։ (Ղուկաս 2։40-52) Յիսուս մեր դեռատիներուն համար ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը հանդիսացաւ։ Վստահաբար, անոնք իրենց ծնողքին պէտք է հնազանդին եւ հոգեւոր բաներ սորվելու մասին հետաքրքրուած ըլլան։—Բ. Օրինաց 5։16. Եփեսացիս 6։1-3

16. (ա) Երբ Յիսուս տաճարին մէջ կը վկայէր, կարգ մը տղեկներ ի՞նչ բացագանչեցին։ (բ) Ներկայիս դեռատի Քրիստոնեաներ ի՞նչ առանձնաշնորհում ունին։

16 Որպէս դեռատի մը, թերեւս Եհովայի մասին կը վկայես դպրոցին մէջ եւ տունէ տուն, ծնողքիդ ընկերակցութեամբ։ (Եսայեայ 43։10-12. Գործք 20։20, 21) Երբ Յիսուս իր մահէն քիչ ժամանակ առաջ տաճարին մէջ մարդոց կը վկայէր ու կը բժշկէր, կարգ մը տղեկներ բացագանչեցին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի»։ Զայրացած քահանայապետներն ու դպիրները բողոքեցին, ըսելով. «Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք»։ Յիսուս պատասխանեց. «Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’»։ (Մատթէոս 21։15-17) Այդ երախաներուն նման, դուք ալ, ո՛վ ժողովքի դեռատիներ, Աստուած եւ իր Որդին փառաբանելու մեծ առանձնաշնորհումը ունիք։ Կ’ուզենք եւ ձեզի պէտք ունինք որ մեր կողքին գործէք որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ։

Երբ Ձախորդութիւնը Հարուածէ

17, 18. (ա) Պօղոս Հրէաստանի Քրիստոնեաներուն համար ինչո՞ւ հանգանակութիւն կազմակերպեց։ (բ) Հրէաստանի հաւատացեալներուն ի նպաստ եղած յօժարակամ նուիրատուութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան Հրեայ եւ հեթանոսութենէ դարձած Քրիստոնեաներուն վրայ։

17 Մեր պարագաները ինչ որ ալ ըլլան, սէրը մեզ կը մղէ որ կարիքաւոր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն օգնութեան փութանք։ (Յովհաննու 13։34, 35. Յակոբու 2։14-17) Հրէաստանի մէջ գտնուող իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէրը մղեց Պօղոսը որ Աքայիայի, Գաղատիոյ, Մակեդոնիոյ եւ Ասիոյ նահանգի ժողովքներուն մէջ անոնց ի նպաստ հանգանակութիւն կազմակերպէ։ Հալածանքը, քաղաքացիական խռովութիւնն ու սովը, հաւանաբար պատճառ եղան որ Երուսաղէմի աշակերտները կրեն ինչ որ Պօղոս նշեց՝ «սաստիկ չարչարանքներ», ‘խայտառակութիւններ’ եւ ‘իրենց ստացուածքին կողոպտուիլը’։ (Եբրայեցիս 10։32-34. Գործք 11։27–12։1) Հետեւաբար, ան Հրէաստանի աղքատ Քրիստոնեաներուն համար նիւթական օգնութիւն ապահովեց։—Ա. Կորնթացիս 16։1-3. Բ. Կորնթացիս 8։1-4, 13-15. 9։1, 2, 7

18 Հրէաստանի սուրբերուն ի նպաստ եղած յօժարակամ նուիրատուութիւնները ցոյց տուին թէ Եհովայի Հրեայ ու հեթանոսութենէ դարձած երկրպագուներուն միջեւ եղբայրութեան կապ մը գոյութիւն ունէր։ Հեթանոսութենէ դարձած Քրիստոնեաները իրենց ղրկած նուիրատուութիւններով նաեւ ցոյց տուին իրենց երախտագիտութիւնը Հրէաստանի իրենց հաւատակիցներուն հանդէպ, անոնցմէ ստացած հոգեւոր ճոխ լուսաւորութեան համար։ Այս կերպով, թէ՛ նիւթական եւ թէ հոգեւոր բնոյթ ունեցող բաներու փոխանակում եղաւ։ (Հռովմայեցիս 15։26, 27) Ներկայիս, կարիքաւոր հաւատակիցներուն համար եղած նուիրատուութիւններն ալ յօժարակամ ու սէրէ մղուած են։ (Մարկոս 12։28-31) Այս առնչութեամբ ալ իրարու պէտք ունինք, որպէսզի հաւասարութիւն ըլլայ եւ ‘քիչ ունեցողը չափազանց քիչ չունենայ’։—Բ. Կորնթացիս 8։15

19, 20. Օրինակ մը տուէք, ցոյց տալու համար թէ Եհովայի ծառաները ի՛նչպէս օգնութիւն կը հայթայթեն երբ աղէտներ պատահին։

19 Գիտակցելով թէ Քրիստոնեաները իրարու պէտք ունին, շուտով մեր հաւատակից եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութեան կը փութանք։ Օրինակ, նկատի առէք թէ ինչ պատահեցաւ երբ աւերիչ երկրաշարժներ ու հողավէժեր հարուածեցին Էլ Սալվատոր, 2001–ի սկիզբը։ Տեղեկագրութիւն մը ըսաւ. «Էլ Սալվատորի ամբողջ տարածքին եղբայրներ շտապ օգնութիւն կազմակերպեցին։ Կուաթեմալայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Քանատայէն խումբ–խումբ եղբայրներ եկան մեզի ձեռք տալու համար։ . . . Աւելի քան 500 տուն եւ 3 գրաւիչ Թագաւորութեան Սրահներ կառուցուեցան կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Այս անձնուէր եղբայրներուն ծանր աշխատանքն ու համագործակցութիւնը մեծ վկայութիւն մը տուաւ»։

20 Հարաւային Ափրիկէէն տեղեկագրութիւն մը ըսաւ. «Մոզամպիկի շատ մը շրջանները աւերող սոսկալի ջրհեղեղները նաեւ վնաս հասցուցին մեր Քրիստոնեայ եղբայրներէն շատերուն։ Մոզամպիկի մասնաճիւղը անոնց կարիքներուն մեծամասնութեան հոգ տարաւ։ Սակայն, անոնք խնդրեցին որ կարիքաւոր եղբայրներուն համար՝ գործածուած, բայց լաւ վիճակի մէջ եղող, հագուելիք ղրկենք։ 12 մեթրնոց մեծ սնտուկ մը հագուստներով լեցուցինք ու Մոզամպիկի մէջ բնակող մեր եղբայրներուն ղրկեցինք»։ Այո, այս կերպերով ալ մենք իրարու պէտք ունինք։

21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

21 Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, մարդկային մարմնին բոլոր մասերը կարեւոր են։ Վստահաբար նոյնը կրնայ ըսուիլ քրիստոնէական ժողովքին համար։ Անոր բոլոր անդամները իրարու պէտք ունին։ Անոնք նաեւ կարիքը ունին որ շարունակեն միակամօրէն ծառայել։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ կարգ մը ազդակներ, որոնք ասիկա կարելի կը դարձնեն։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Մարդկային մարմնին ու քրիստոնէական ժողովքին միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։

• Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ընդառաջեցին, երբ իրենց հաւատակիցները օգնութեան կարիքը ունեցան։

• Սուրբ գրային ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ Քրիստոնեաները իրարու պէտք ունին եւ իրարու կ’օգնեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա ուրիշներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին

[Նկարներ՝ էջ 12]

Եհովայի ծառաները իրարու եւ ուրիշներու կ’օգնեն, երբ ձախորդութիւնը հարուածէ