Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Արթո՛ւն կեցէք»

«Արթո՛ւն կեցէք»

«Արթո՛ւն կեցէք»

«Ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։—ՄԱՐԿՈՍ 13։37

1, 2. (ա) Մարդ մը իր ստացուածքը պահպանելու մասին ի՞նչ դաս սորվեցաւ։ (բ) Յիսուսի նշած գողի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք արթուն կենալու մասին։

ԽՈՒԱՆ իր բոլոր արժէքաւոր բաները տունը կը պահէր։ Ան զանոնք իր անկողնին տակ կը դնէր, խորհելով որ ասիկա տան ամենէն ապահով տեղն էր։ Սակայն, գիշեր մը, մինչ ինք ու իր կինը քնացած էին, ննջասենեակը գող մը մտաւ։ Բացայայտօրէն, գողը գիտէր ճիշդ ո՛ւր պիտի փնտռէր։ Ան սուսիկ–փուսիկ անկողնին տակէն առաւ բոլոր արժէքաւոր բաները, ինչպէս նաեւ անկողնին քովի սեղանին դարակէն՝ Խուանի դրած դրամը։ Առաւօտուն, Խուան անդրադարձաւ որ գողութեան զոհ գացած էր։ Ան երկար ատեն պիտի չմոռնայ իր սորված դասը. Քնացած մարդը չի կրնար իր ստացուածքները պահակել։

2 Ասիկա շիտակ է նաեւ հոգեւոր առումով։ Չենք կրնար մեր յոյսն ու հաւատքը պահպանել եթէ քնանանք։ Ուստի, Պօղոս կը յորդորէ. «Չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6) Ցոյց տալու համար թէ արթուն կենալը ո՛րքան կարեւոր է, Յիսուս գողի մը օրինակը գործածեց։ Ան նկարագրեց այն դէպքերը, որոնք պիտի կանխէին որպէս Դատաւոր իր գալը, ապա ազդարարեց. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ Բայց այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ (Մատթէոս 24։42-44) Գողը նախապէս չի յայտարարեր թէ ե՛րբ պիտի գայ։ Ան կը յուսայ գալ, երբ ոեւէ մէկը իր գալը չ’ակնկալեր։ Նմանապէս, ինչպէս Յիսուս ըսաւ, այս դրութեան վախճանը պիտի գայ ‘այնպիսի ժամու մը որ մենք չենք կարծեր’։

«Արթո՛ւն Կեցէք, Հաւատքի Մէջ Հաստա՛տ Կեցէք»

3. Յիսուս ի՞նչպէս արթուն կենալու կարեւորութիւնը շեշտեց, գործածելով՝ ծառաներու օրինակը, որոնք կը սպասէին որ իրենց տէրը հարսանիքէ մը վերադառնար։

3 Ղուկասի Աւետարանին մէջ արձանագրուած խօսքերուն մէջ, Յիսուս Քրիստոնեաները նմանցուց ծառաներու, որոնք կը սպասեն որ իրենց տէրը հարսանիքէ մը վերադառնայ։ Անոնք պէտք չէ քնանան, որպէսզի երբ գայ՝ արթուն ըլլան, զինք դիմաւորելու պատրաստ։ Նոյնպէս, Յիսուս ըսաւ. «Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»։ (Ղուկաս 12։40) Երկար տարիներ Եհովայի ծառայողներէն ոմանք, մեր ապրած ժամանակներուն նկատմամբ իրենց ստիպողականութեան հոգին կրնան կորսնցնել։ Անոնք նոյնիսկ կրնան այն եզրակացութեան յանգիլ թէ վախճանը տակաւին շա՜տ հեռու է։ Սակայն այսպիսի մտածելակերպ մը կրնայ մեզ առաջնորդել որ մեր ուշադրութիւնը հոգեւոր բաներէն շեղելով նիւթական նպատակակէտերու ուղղենք, զբաղումներ որոնք կրնան մեզ հոգեւոր գետնի վրայ քնատ դարձնել։—Ղուկաս 8։14. 21։34, 35

4. Ո՞ր համոզումը մեզ պիտի մղէ որ արթուն կենանք, եւ Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ ասիկա։

4 Յիսուսի օրինակէն ուրիշ դաս մըն ալ կրնանք սորվիլ։ Թէեւ ծառաները իրենց տիրոջ վերադարձի ժամը չէին գիտեր, բայց ըստ երեւոյթին գիտէին թէ ո՛ր գիշերը պիտի գար։ Շատ դժուար պիտի ըլլար այդ ամբողջ գիշերը արթուն կենալ, եթէ խորհէին թէ իրենց տէրը կրնար ուրիշ գիշեր մը գալ։ Բայց ոչ, անոնք գիտէին թէ ան ո՛ր գիշերը պիտի գար, եւ ասիկա իրենց զօրաւոր դրդապատճառ մը տուաւ որ արթուն կենան։ Նոյնպէս, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները բացայայտօրէն կը յայտնեն թէ կ’ապրինք վերջին ժամանակին մէջ. սակայն անոնք մեզի չեն ըսեր թէ վերջը ո՛ր օրը կամ ո՛ր ժամուն պիտի գայ։ (Մատթէոս 24։36) Հաւատալը թէ վերջը գալու վրայ է, մեզի կ’օգնէ արթուն կենալու, բայց եթէ համոզուած ենք թէ Եհովայի օրը իրապէս մօտ է, ա՛լ աւելի զօրաւոր դրդապատճառ պիտի ունենանք արթուն կենալու։—Սոփոնեայ 1։14

5. ‘Արթուն կենալու’ նկատմամբ Պօղոսի յորդորին ի՞նչպէս կրնանք ընդառաջել։

5 Կորնթացիներուն գրելով, Պօղոս յորդորեց. «Արթո՛ւն կեցէք, հաւատքի մէջ հաստա՛տ կեցէք»։ (Ա. Կորնթացիս 16։13) Այո, արթուն կենալը առնչուած է քրիստոնէական հաւատքին մէջ հաստատ կենալուն հետ։ Ի՞նչպէս կրնանք արթուն կենալ։ Աստուծոյ Խօսքին մասին աւելի խոր գիտութիւն ձեռք ձգելով։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Անձնական ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւնները եւ ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելը կրնան օգնել մեր հաւատքը զօրացնելու, իսկ Եհովայի օրը մեր մտքին մէջ պահելը մեր հաւատքին կարեւոր մէկ երեսակն է։ Հետեւաբար, այս դրութեան վախճանին մօտ ըլլալուն նկատմամբ սուրբ գրային ապացոյցը ատեն–ատեն վերաքաղ ընելը, մեզի պիտի օգնէ որ այս գալիք վախճանին առնչութեամբ կարեւոր ճշմարտութիւնները չմոռնանք։ * Նաեւ օգտակար է որ ուշադրութիւն ընծայենք Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կատարող աշխարհի իրադարձութիւններուն։ Գերմանիոյ մէջ եղբայր մը գրեց. «Ամէն անգամ որ լուրերը կը դիտեմ՝ պատերազմները, երկրաշարժները, բռնութիւնը եւ մեր երկրագունդին ապականումը, ինծի համար հաստատ կ’ըլլայ թէ վախճանը մօտ է»։

6. Յիսուս ի՞նչ կերպով բացատրեց հոգեւոր արթնութիւնը կորսնցնելու հակումը, մինչ ժամանակը կը յառաջանայ։

6 Մարկոս 13–րդ գլուխին մէջ կը գտնենք արթուն կենալու այլ յորդոր մը, որ Յիսուս տուաւ իր հետեւորդներուն։ Ըստ այս գլուխին, Յիսուս անոնց պարագան կը նմանցնէ դռնապանի մը պարագային, որ կը սպասէ որ իր ճամբորդած տէրը վերադառնայ։ Դռնապանը իր տիրոջ վերադարձին ժամը չէր գիտեր։ Ան պարզապէս արթուն պէտք էր կենար։ Յիսուս ակնարկեց չորս հսկումի պահերու, որոնց ընթացքին տէրը կրնայ ժամանել։ Չորրորդ հսկումի պահը առտուան դէմ շուրջ ժամը երեքէն մինչեւ արեւածագ կը տեւէր։ Այդ վերջին պահուն, դռնապանը դիւրաւ կրնար քունի անցնիլ։ Կ’ըսուի թէ զինուորները թշնամին յանկարծակիի բերելու համար կը նկատեն լաւագոյն ժամանակը՝ արշալոյսէն մէկ ժամ առաջ։ Նմանապէս, այս յառաջացած ժամուն, երբ հոգեւոր առումով աշխարհը խոր քունի մէջ է, կրնանք արթուն կենալու մեր մեծագոյն պայքարը դիմագրաւել։ (Հռովմայեցիս 13։11, 12) Ուստի, իր առակին մէջ, Յիսուս կրկին անգամ կը յորդորէ. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք։ . . . Ուրեմն արթուն կեցէք։ . . . Ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։—Մարկոս 13։32-37

7. Ի՞նչպիսի իսկական վտանգ մը գոյութիւն ունի, եւ ի տես ասոր, Աստուածաշունչին մէջ յաճախ ո՞ր քաջալերութիւնը կը կարդանք։

7 Իր ծառայութեան ընթացքին եւ յարութենէն ետք, Յիսուս բազմաթիւ անգամներ արթուն կենալու յորդոր տուաւ։ Իրականութեան մէջ, գրեթէ ամէն անգամ որ Սուրբ Գրութիւնները իրերու այս դրութեան վախճանին կ’ակնարկեն, հոն կը գտնենք արթուն կենալու կամ հսկելու ազդարարութիւնը։ * (Ղուկաս 12։38, 40. Յայտնութիւն 3։2. 16։14-16) Բացայայտօրէն, հոգեւոր քնէութիւնը իսկական վտանգ մըն է։ Բոլորս ալ այդ ազդարարութիւններուն կարիքը ունինք։—Ա. Կորնթացիս 10։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 6

Երեք Առաքեալներ՝ Որոնք Չկրցան Արթուն Կենալ

8. Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, Յիսուսի երեք առաքեալները ի՞նչպէս ընդառաջեցին արթուն կենալու իր խնդրանքին։

8 Արթուն կենալը լաւ դիտաւորութիւններ ունենալէն աւելին կը պահանջէ, ինչպէս կը տեսնենք Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի օրինակէն։ Անոնք երեք հոգեւոր տղամարդիկ էին, որոնք հաւատարմօրէն Յիսուսի հետեւեցան եւ անոր հանդէպ խոր խանդաղատանք ունէին։ Այսուհանդերձ, Հ.Դ. 33 Նիսան 14–ի գիշերը անոնք չկրցան արթուն կենալ։ Ձգելով այն վերնատունը, ուր Պասեքը տօնակատարած էին, երեք առաքեալները Յիսուսի ընկերակցելով Գեթսեմանիի պարտէզը գացին։ Հոն Յիսուս անոնց ըսաւ. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է։ Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք»։ (Մատթէոս 26։38) Յիսուս երեք անգամ ջերմեռանդօրէն աղօթեց իր երկնաւոր Հօր, եւ ամէն անգամ վերադարձաւ իր բարեկամներուն եւ զանոնք քնացած գտաւ։—Մատթէոս 26։40, 43, 45

9. Հաւանաբար ի՞նչ բան առաքեալներուն քնէութեան նպաստեց։

9 Այդ գիշեր այս հաւատարիմ տղամարդիկը ինչո՞ւ Յիսուսը յուսախաբ ըրին։ Ֆիզիքական յոգնութիւնը ազդակներէն մէկն էր։ Ժամանակը ուշ էր, հաւանաբար կէս գիշերը անց, եւ «աչքերնին ծանրացած էր»։ (Մատթէոս 26։43) Այսուհանդերձ, Յիսուս ըսաւ. «Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք։ Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։—Մատթէոս 26։41

10, 11. (ա) Հակառակ յոգնած ըլլալուն, ի՞նչ բան Յիսուսի օգնեց որ շարունակէ արթուն կենալ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ։ (բ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ երեք առաքեալներուն պատահած դէպքէն, երբ Յիսուս խնդրեց որ արթուն կենան։

10 Անկասկած, Յիսուս ալ այդ շատ նշանակալից գիշերը յոգնած էր։ Սակայն, փոխանակ քնանալու, ան ազատութեան այդ վերջին վայրկեանները ջերմեռանդօրէն աղօթելով անցուց։ Քանի մը օր առաջ, ան իր հետեւորդները յորդորած էր որ աղօթեն, ըսելով. «Արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։ (Ղուկաս 21։36. Եփեսացիս 6։18) Եթէ Յիսուսի խրատին անսանք եւ աղօթելու հարցին մէջ իր լաւ օրինակին հետեւինք, Եհովայի մատուցած մեր սրտանց աղաչանքները մեզի պիտի օգնեն հոգեւորապէս արթուն մնալու։

11 Անշուշտ, Յիսուս հասկցաւ, ինչ որ իր աշակերտները այն ատեն չհասկցան, թէ ինք շուտով պիտի ձերբակալուէր ու մահուան դատապարտուէր։ Իր փորձութիւնները տանջալից գագաթնակէտի մը պիտի հասնէին չարչարանքի ցիցին վրայ։ Յիսուս այս բաներուն մասին իր առաքեալներուն ազդարարած էր, բայց անոնք իր ըսածները չէին ըմբռնած։ Ուստի, անոնք քնացան մինչ ինք արթուն մնաց ու աղօթեց։ (Մարկոս 14։27-31. Ղուկաս 22։15-18) Առաքեալներուն նման, մեր մարմինն ալ տկար է եւ բաներ կան որ տակաւին չենք գիտեր։ Սակայն, եթէ մեր ապրած ժամանակներուն նկատմամբ մեր ստիպողականութեան հոգին կորսնցնենք, կրնանք հոգեւոր առումով քնանալ։ Միայն ուշադիր ըլլալով է որ արթուն պիտի կենանք։

Երեք Կենսական Յատկութիւններ

12. Պօղոս ո՞ր երեք յատկութիւնները արթուն կենալուն հետ կ’առնչէ։

12 Ի՞նչպէս կրնանք մեր ստիպողականութեան հոգին պահպանել։ Արդէն իսկ տեսանք աղօթքին կարեւորութիւնը եւ Եհովայի օրը մեր մտքին մէջ պահելուն կարիքը։ Ասկէ զատ, Պօղոս երեք կենսական յատկութիւններ կը յիշէ, զորս պէտք է մշակենք։ Ան կ’ըսէ. «Մենք, որովհետեւ ցորեկուանն ենք, զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8) Այժմ հակիրճօրէն նկատի առնենք հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ դերը մեր հոգեւորապէս արթուն կենալուն մէջ։

13. Հաւատքը ի՞նչ դեր կը խաղայ մեր արթուն կենալուն մէջ։

13 Պէտք է անխախտ հաւատք ունենանք թէ Եհովա գոյութիւն ունի եւ թէ ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Վախճանին նկատմամբ Յիսուսի մարգարէութեան առաջին դարու սկզբնական կատարումը, մեր ժամանակին տեղի ունենալիք անոր գլխաւոր կատարման հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ Իսկ մեր հաւատքը մեզի կ’օգնէ որ Եհովայի օրուան ակնկալութեամբ սպասենք, վստահ ըլլալով թէ «[մարգարէական տեսիլքը] անշուշտ պիտի գայ [պիտի կատարուի], ետ պիտի չմնայ»։—Ամբակումայ 2։3

14. Յոյսը ի՞նչպէս կարեւոր է եթէ կ’ուզենք արթուն կենալ։

14 Մեր ստոյգ յոյսը նման է «խարիսխ»ի մը, որ մեզ կարող կը դարձնէ որ դժուարութիւններու տոկանք, նոյնիսկ եթէ հարկ է սպասենք Աստուծոյ խոստումներուն հաստատ կատարման։ (Եբրայեցիս 6։18, 19) Մարկարէթը՝ 90–ական տարիքի մէջ եղող հոգիէն օծուած քոյր մը, որ աւելի քան 70 տարի առաջ մկրտուած է, կ’ըսէ. «Երբ ամուսինս քաղցկեղի պատճառով պիտի մեռնէր 1963–ին, խորհեցայ թէ ինչ լաւ կ’ըլլար եթէ վախճանը շուտով գար։ Սակայն այժմ կ’անդրադառնամ թէ գլխաւորաբար իմ շահերուս մասին կը մտածէի։ Այն ատեն գաղափար չունէինք թէ այս գործը որքան պիտի ընդարձակուէր ամբողջ աշխարհի մէջ։ Նոյնիսկ այսօր, տակաւին վայրեր կան, ուր գործունէութեան դաշտը նոր կը բացուի։ Ուստի, ուրախ եմ որ Եհովա համբերութիւն ցուցաբերած է»։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը վստահեցնէ. «Համբերութիւնը՝ փորձառութիւն [կը գործէ] ու փորձառութիւնը՝ յոյս. եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր»։—Հռովմայեցիս 5։3-5

15. Սէրը ի՞նչպէս պիտի մղէ մեզ, նոյնիսկ եթէ թուի թէ երկար ատենէ կը սպասենք։

15 Քրիստոնէական սէրը յատկանշական յատկութիւն մըն է, քանի որ մեր բոլոր արարքներուն ետին գտնուող հիմնական շարժառիթն է։ Եհովայի կը ծառայենք քանի որ զինք կը սիրենք, առանց նկատի առնելու իր ժամանակացոյցը։ Դրացիի հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու, ո՛րքան ալ երկար ըլլայ այն ժամանակը, որ Աստուած կը փափաքի որ անիկա շարունակուի, եւ ո՛րքան ալ յաճախ վերադառնանք նոյն տուները։ Ինչպէս Պօղոս գրեց՝ «Կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է»։ (Ա. Կորնթացիս 13։13) Սէրը կ’օգնէ որ տոկանք եւ արթուն մնանք։ «[Սէրը] ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չիյնար»։—Ա. Կորնթացիս 13։7, 8

«Ունեցածդ Ամուր Բռնէ»

16. Փոխանակ մեր ձեռքերը թուլցնելու, ի՞նչպիսի կեցուածք մը պէտք է մշակենք։

16 Կ’ապրինք նշանակալից ժամանակներու մէջ, երբ համաշխարհային դէպքերը շարունակ մեզի կը յիշեցնեն թէ վերջին օրերուն վերջին մասին մէջ կը գտնուինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Հիմա ժամանակը չէ մեր ձեռքերը թուլցնելու, այլ՝ ‘մեր ունեցածը ամուր բռնելու’։ (Յայտնութիւն 3։11) ‘Աղօթքի մէջ արթուն կենալով’ եւ հաւատք, յոյս եւ սէր մշակելով, փորձութեան ժամուն պատրաստ պիտի ըլլանք։ (Ա. Պետրոս 4։7) Տիրոջը գործին մէջ ընելիք շատ բան ունինք։ Բարեպաշտ գործերով զբաղած ըլլալը պիտի օգնէ որ լիովին արթուն ըլլանք։—Բ. Պետրոս 3։11

17. (ա) Երբեմնակի յուսախաբութիւնները ինչո՞ւ պէտք չէ մեզ վհատեցնեն։ (Տես էջ 29–ի վրայ գտնուող շրջագիծը։) (բ) Ի՞նչպէս կրնանք Եհովան ընդօրինակել, եւ ասիկա ընողներուն ի՞նչ օրհնութիւն կը սպասէ։

17 Երեմիա գրեց. «Տէրը իմ բաժինս է, այս պատճառով անոր պիտի յուսամ, Տէրը բարի է իրեն ապաւինողներուն ու զինք փնտռող հոգիին։ Տէրոջը փրկութեան սպասելն ու լռութեամբ յուսալը աղէկ է»։ (Ողբք 3։24-26) Մեզմէ ոմանք կարճ ժամանակէ ի վեր կը սպասեն։ Ուրիշներ երկար տարիներ սպասած են Եհովայի փրկութիւնը տեսնելու համար։ Սակայն, այս սպասման ժամանակը որքա՜ն կարճ է, յաւիտենականութեան հետ բաղդատած։ (Բ. Կորնթացիս 4։16-18) Իսկ մինչ Եհովայի որոշած ժամանակին կը սպասենք, կրնանք քրիստոնէական հիմնական յատկութիւններ մշակել եւ ուրիշներու օգնել որ Եհովայի համբերութենէն օգտուին եւ ճշմարտութիւնը ընդունին։ Ուստի, բոլորս ալ շարունակենք արթուն կենալ։ Թող որ Եհովան ընդօրինակենք եւ համբերող ըլլանք, երախտապարտ ըլլալով մեզի տուած յոյսին համար։ Իսկ մինչ հաւատարմօրէն արթուն կը կենանք, յաւիտենական կեանքի յոյսը ամուր բռնենք։ Այն ատեն, մարգարէական այս խոստումները վստահաբար մեզի ալ պիտի կիրարկուին. «[Եհովա] քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես»։—Սաղմոս 37։34

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Օգտակար կրնայ ըլլալ վերաքաղ ընել այն վեց համոզիչ ապացոյցները, որոնք ցոյց կու տան թէ «վերջին օրերուն» մէջ կ’ապրինք, ուրուագծուած՝ Դիտարան 15 Յունուար 2000 թիւին մէջ, էջ 12-13։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

^ պարբ. 7 «Արթուն կեցէք» թարգմանուած Յունարէն բային մասին խօսելով, բառարանագիր Ու. Է. Վայն կը բացատրէ թէ անիկա բառացիօրէն կը նշանակէ՝ ‘քունը վռնտել’, եւ «կ’արտայայտէ ո՛չ պարզ արթնութիւն, այլ՝ բանի մը վրայ կեդրոնացած եղող անհատներուն արթնութիւնը»։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ի՞նչպէս կրնանք մեր համոզումը զօրացնել թէ իրերու այս դրութեան վախճանը մօտ է։

• Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

• Ո՞ր երեք յատկութիւնները մեզի պիտի օգնեն հոգեւորապէս արթուն մնալու։

• Ինչո՞ւ այս ժամանակը ‘մեր ունեցածը ամուր բռնելու’ ժամանակ է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 29]

«Երանի՜ անոր որ պիտի սպասէ»։—Դանիէլ 12։12

Երեւակայեցէք որ գիշերապահ մը տեղեակ է որ գող մը կը ծրագրէ իր պահպանած վայրը կողոպտել։ Երբ գիշերուան մութը կոխէ, գիշերապահը ուշի ուշով ականջ կու տայ գողին ներկայութիւնը մատնող որեւէ աղմուկի։ Ժամերով կը սրէ իր ականջներն ու աչքերը։ Հասկնալի է որ սխալ ահազանգ մը կրնայ զինք խաբել. երբ հով մը սկսի ծառերը շարժել, կամ կատու մը բան մը վար ձգէ։—Ղուկաս 12։39, 40

Նման բան մը կրնայ պատահիլ անոնց, որոնք ‘Տէր Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելուն կը սպասեն’։ (Ա. Կորնթացիս 1։7) Առաքեալները կը կարծէին թէ Յիսուս իր յարութենէն անմիջապէս ետք ‘Իսրայէլի թագաւորութիւնը պիտի հաստատէր’։ (Գործք 1։6) Տարիներ ետք, Թեսաղոնիկեցի Քրիստոնեաներուն վերյիշեցում տրուեցաւ թէ Յիսուսի ներկայութիւնը ապագային պիտի ըլլար։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 8) Այսուհանդերձ, Եհովայի օրուան նկատմամբ չիրականացած ակնկալութիւնները պատճառ չեղան որ Յիսուսի այդ նախկին հետեւորդները կեանքի առաջնորդող ճամբան լքեն։—Մատթէոս 7։13

Մեր օրերուն, այս դրութեան վախճանին երեւութական ուշացումին նկատմամբ յուսախաբ ըլլալը, պատճառ պէտք չէ ըլլայ որ դադրինք արթուն կենալէ։ Արթուն գիշերապահ մը կրնայ խաբուիլ սխալ ահազանգի մը պատճառաւ, բայց ան պէտք է շարունակէ արթուն մնալ։ Ասիկա իր պարտականութիւնն է։ Նոյնն է պարագան Քրիստոնեաներուն։

[Նկարներ՝ էջ 27]

Ժողովները, աղօթքը եւ ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւնները մեզի կ’օգնեն որ շարունակենք արթուն կենալ

[Նկար՝ էջ 28]

Համոզուա՞ծ էք թէ Եհովայի օրը մօտ է

[Նկար՝ էջ 31]

Մարկարէթի նման, թող որ համբերութեամբ եւ աշխուժօրէն արթուն կենանք