Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Երեք մոգերը» ո՞վքեր էին

«Երեք մոգերը» ո՞վքեր էին

«Երեք մոգերը» ո՞վքեր էին

Ծննդեան տեսարանները սովորաբար կը ցուցադրեն վերարկու հագած երեք մարդ, որոնք իրենց ուղտերով կը հասնին ախոռ մը, ուր Յիսուս մանուկը մսուրի մը մէջ պառկած է։ Շքեղօրէն հագուած այցելուները սովորաբար կը կոչուին երեք իմաստունները։ Աստուածաշունչը անոնց մասին ի՞նչ ըսելիք ունի։

Ըստ Աստուածաշունչին, այդպէս կոչուած իմաստունները «արեւելքէն» էին, ու լսած էին Յիսուսի ծննդեան մասին։ (Մատթէոս 2։1, 2, 9) Դէպի Հրէաստան այս մարդոց ճամբորդութիւնը երկար ժամանակ առած ըլլալու էր։ Երբ ի վերջոյ անոնք գտան Յիսուսը, ան այլեւս ախոռի մը մէջ նորածին մը չէր. անոնք Մարիամն ու «մանուկը» տան մը մէջ գտան։—Մատթէոս 2։11

Աստուածաշունչը այս երեք մարդիկը մոգեր՝ կամ «աստղաբաշխներ»՝ կը կոչէ, եւ չ’ըսեր թէ քանի հոգի էին։ The Oxford Companion to the Bible գիրքը կը բացատրէ. «Կախարդութեան ու աստղաբաշխութեան միջեւ կապակցութիւնը յայտնի է զիրենք Բեթլէհէմ առաջնորդող աստղին հանդէպ այցելուներուն ունեցած հիացմունքէն»։ Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կը դատապարտէ կախարդութեան ամէն տեսակը եւ աստղերէն տեղեկութիւններ քաղելու բաբելոնական սովորութիւնը։—Բ. Օրինաց 18։10-12. Եսայեայ 47։13

Այս մարդոց հաղորդուած տեղեկութիւնը լաւ արդիւնք չտուաւ։ Անիկա Հերովդէս չար թագաւորին նախանձոտ բարկութիւնը գրգռեց։ Ասիկա իր կարգին պատճառ եղաւ որ Յովսէփ, Մարիամ ու Յիսուս Եգիպտոս փախչին եւ Բեթլէհէմի մէջ «երկու տարեկան եւ անկէ վար» եղող բոլոր տղաքը սպաննուին։ Հերովդէս մոգերէն տեղեկանալով ճշգրտօրէն ստուգեց Յիսուսի ծննդեան ժամանակը։ (Մատթէոս 2։16) Ի տես անոնց այցելութեան պատճառած բոլոր խնդիրներուն, տրամաբանական է եզրակացնել թէ անոնց տեսած աստղը եւ ‘Հրեաներու թագաւոր ծնած ըլլալուն’ մասին պատգամը, Աստուծոյ թշնամիէն՝ Բանսարկու Սատանայէն ծագում առած ըլլալու է, որ ուզեց Յիսուսը սպաննել։—Մատթէոս 2։1, 2