Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մխիթարութիւն՝ տառապողներուն

Մխիթարութիւն՝ տառապողներուն

Մխիթարութիւն՝ տառապողներուն

ԴԱՐԵՐՈՒ ընթացքին, այն հարցումը թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը թոյլատրած է, շփոթեցուցած է բազմաթիւ իմաստասէրներ ու աստուածաբաններ։ Ոմանք պնդած են թէ Աստուած ամենազօր ըլլալով, ինք պէտք է ըլլայ տառապանքին բացարձակ պատասխանատուն։ Երկրորդ դարուն գրուած The Clementine Homilies պարականոն գրքին հեղինակը ըսաւ թէ Աստուած աշխարհը կը կառավարէր երկու ձեռքերով։ Իր «ձախ ձեռք»ով՝ Բանսարկուին միջոցաւ, ան տառապանք ու վիշտ կը պատճառէ, իսկ «աջ ձեռք»ով՝ Յիսուսին միջոցաւ, ան կը փրկէ ու կ’օրհնէ։

Ուրիշներ, չկարենալով ընդունիլ թէ Աստուած տառապանք կրնայ թոյլատրել, նոյնիսկ եթէ ինք չի պատճառեր զայն, ընտրած են ուրանալ թէ տառապանք գոյութիւն ունի։ «Չարութիւնը միայն պատրանք մըն է, անիկա իսկական հիմք չունի», գրեց Մէրի Պէյգըր Էտտին։ «Եթէ մեղքը, հիւանդութիւնը եւ մահը հասկցուէին որպէս ոչնչութեան վիճակ մը, անոնք պիտի անհետանային»։—Science and Health With Key to the Scriptures

Պատմութեան ողբերգական իրադարձութիւններուն որպէս հետեւանք, մանաւանդ Առաջին Աշխարհամարտէն մինչեւ օրս, շատեր այն եզրակացութեան յանգած են թէ Աստուած պարզապէս անկարող է տառապանքին արգելք հանդիսանալու։ Հրեայ ուսումնական Տէյվիտ Ուոլֆ Սիլվըրմէն գրեց. «Իմ կարծիքովս, ողջակիզութիւնը ջնջեց ամենազօր արտայայտութեան որեւէ գործածութիւն որպէս Աստուծոյ յարմար մէկ ստորոգելին»։ Ան աւելցուց. «Եթէ ձեւով մը կ’ուզենք Աստուած ըմբռնել, ուրեմն իր բարութիւնը ներդաշնակ պէտք է ըլլայ չարութեան գոյութեան հետ, եւ ասիկա կ’ըլլայ միայն եթէ ան ամենազօր չըլլայ»։

Սակայն, այն գաղափարները թէ Աստուած ձեւով մը կը պատճառէ տառապանքը, թէ ան կարող չէ զայն արգիլելու, կամ թէ տառապանքը մեր երեւակայութեան պտուղն է, բաւարար մխիթարութիւն չեն մատուցաներ տառապողներուն։ Աւելի կարեւորը, այսպիսի համոզումներ երբեք համաձայն չեն Աստուածաշունչի էջերուն մէջ յայտնուած արդար, ուժեղ եւ հոգածու Աստուծոյ մը նկարագրութեան հետ։ (Յոբայ 34։10, 12. Երեմեայ 32։17. Ա. Յովհաննու 4։8) Ուստի, Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տառապանքի թոյլտուութեան պատճառին մասին։

Տառապանքը Ի՞նչպէս Սկսաւ

Աստուած մարդիկը չստեղծեց որ տառապին։ Ընդհակառակը, ան առաջին մարդկային զոյգին՝ Ադամին ու Եւային՝ կատարեալ ուղեղ եւ մարմին մը շնորհեց, իրենց որպէս տուն հաճելի պարտէզ մը պատրաստեց, եւ անոնց իմաստալից ու գոհացուցիչ աշխատանք նշանակեց։ (Ծննդոց 1։27, 28, 31. 2։8) Սակայն, անոնց ուրախութեան յարատեւութիւնը կախեալ էր Աստուծոյ իշխանութիւնը ինչպէս նաեւ շիտակն ու սխալը որոշելու իր իրաւասութիւնը ընդունելէն։ Աստուծոյ այս իրաւունքը ներկայացուած էր «բարիի ու չարի գիտութեան ծառ» կոչուած ծառով։ (Ծննդոց 2։17) Ադամն ու Եւան Աստուծոյ հանդէպ իրենց հնազանդութիւնը ցոյց պիտի տային, եթէ ծառէն չուտելու իր պատուէրին հնազանդէին։ *

Դժբախտաբար, Ադամն ու Եւան Աստուծոյ հնազանդելու մէջ թերացան։ Ըմբոստ հոգեղէն արարած մը, որ հետագային բնորոշուեցաւ որպէս Բանսարկու Սատանայ, Եւան համոզեց որ Աստուծոյ հնազանդիլը իր լաւագոյն շահերուն չէր ծառայեր։ Ենթադրաբար Աստուած զինք կը զրկէր շատ ցանկալի բանէ մը՝ անկախութենէ, բարին ու չարը ընտրելու իր իրաւունքէն։ Սատանան դաւանեցաւ թէ եթէ Եւան ծառէն ուտէր, ‘անոր աչքերը պիտի բացուէին եւ Աստուծոյ պէս պիտի ըլլար՝ բարին ու չարը գիտնալով’։ (Ծննդոց 3։1-6. Յայտնութիւն 12։9) Անկախութեան հեռանկարով հրապուրուած, Եւա արգիլուած պտուղէն կերաւ, եւ Ադամ շուտով նոյնը ըրաւ։

Նոյն օրն իսկ, Ադամն ու Եւան իրենց ըմբոստութեան հետեւանքներէն սկսան տառապիլ։ Աստուծոյ իշխանութիւնը մերժելով, անոնք կորսնցուցին Աստուծոյ հնազանդութենէն առթած պաշտպանութիւնն ու օրհնութիւնները։ Աստուած զիրենք Դրախտէն դուրս վռնտեց եւ Ադամին ըսաւ. «Երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ։ Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար»։ (Ծննդոց 3։17, 19) Ադամն ու Եւան հիւանդութեան, ցաւի, ծերութեան եւ մահուան ենթակայ դարձան։ Տառապանքը մարդկային փորձառութեան մէկ մասը դարձաւ։—Ծննդոց 5։29

Հարցը Լուծել

Անհատ մը կրնայ հարց տալ՝ ‘Աստուած պարզապէս չէ՞ր կրնար Ադամի ու Եւայի մեղքը անտեսել’։ Ո՛չ, քանի որ ասիկա իր հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը աւելի պիտի նսեմացնէր, թերեւս հետագայ ըմբոստութիւններ հրահրելով եւ աւելի մեծ տառապանք պատճառելով։ (Ժողովողի 8։11) Ասկէ զատ, այսպիսի անհնազանդութեան հանդուրժելը, Աստուած յանցագործութեան մեղսակից պիտի դարձնէր։ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը՝ Մովսէս՝ մեզի կը յիշեցնէ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Իր սկզբունքներուն համաձայն գործելով, Աստուած թոյլ տուաւ որ Ադամն ու Եւան իրենց անհնազանդութեան հետեւանքներէն տառապին։

Աստուած ինչո՞ւ մարդկային առաջին զոյգը եւ զիրենք ըմբոստութեան դրդող Սատանան անմիջապէս չբնաջնջեց։ Ան ասիկա ընելու զօրութիւնը ունէր։ Ադամն ու Եւան տառապանքի ու մահուան ենթարկուած սերունդ մը յառաջ պիտի չբերէին։ Սակայն, աստուածային այսպիսի զօրութեան մը ցուցադրութիւնը պիտի չփաստէր իր մտացի արարածներուն վրայ Աստուծոյ հեղինակութեան իրաւասութիւնը։ Ասկէ զատ, եթէ Ադամն ու Եւան անզաւակ մեռնէին, ասիկա պիտի նշանակէր թէ երկիրը իրենց կատարեալ զաւակներով լեցնելու Աստուծոյ նպատակը ձախողած էր։ (Ծննդոց 1։28) «Աստուած մարդու նման չէ . . . Ինչ որ խոստանայ կը կատարէ. կը խօսի եւ անիկա կը կատարուի»։—Թուոց 23։19, Today’s English Version

Իր կատարեալ իմաստութեամբ, Եհովա Աստուած որոշեց թոյլ տալ որ ըմբոստութիւնը շարունակուի կարճ ժամանակուան մը համար։ Ըմբոստները բաւարար պատեհութիւն պիտի ունենային Աստուծմէ անկախ ըլլալուն հետեւանքները փորձառաբար գիտնալու։ Պատմութիւնը բացայայտօրէն ցոյց պիտի տար թէ մարդկութիւնը Աստուծոյ առաջնորդութեան կարիքը ունի եւ թէ Աստուծոյ իշխանութիւնը մարդու կամ Սատանայի իշխանութենէն գերակայ է։ Նոյն ատեն, Աստուած քայլեր առաւ, երկրի նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը կատարելու համար։ Ան խոստացաւ թէ «սերունդ» մը պիտի գար, որ ‘Սատանայի գլուխը պիտի ջախջախէր’, միանգամ ընդմիշտ ջնջելով անոր ըմբոստութիւնն ու անոր վնասակար հետեւանքները։—Ծննդոց 3։15

Այդ խոստացուած Սերունդը Յիսուս Քրիստոսն էր։ Ա. Յովհաննու 3։8–ի մէջ կը կարդանք թէ «Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ»։ Ասիկա ըրաւ իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհելով եւ փրկագինը վճարելով Ադամի զաւակները ժառանգուած մեղքէն ու մահէն փրկելու համար։ (Յովհաննու 1։29. Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6) Յիսուսի զոհագործութեան իսկական հաւատք ընծայողներուն, տառապանքէն մնայուն հանգստութիւն գտնելու խոստում տրուած է։ (Յովհաննու 3։16. Յայտնութիւն 7։17) Ասիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։

Տառապանքին Վախճանը

Աստուծոյ հեղինակութիւնը մերժելը անպատմելի տառապանք պատճառած է։ Ուստի, տեղին է որ Աստուած իր հեղինակութիւնը գործածէ մասնայատուկ կերպով մը, մարդկային տառապանքին վերջ դնելու եւ երկրի նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը իրագործելու համար։ Յիսուս այս աստուածային կարգադրութիւնը յիշեց, երբ իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, . . . քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։9, 10

Մարդիկ իրենք զիրենք կառավարելու համար Աստուծոյ թոյլատրած ժամանակը վերջանալու վրայ է։ Աստուածաշունչի մարգարէութեան առ ի կատարում, իր Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ երկնքի մէջ 1914–ին, որպէս Թագաւոր ունենալով Յիսուս Քրիստոսը։ * Շուտով, անիկա պիտի փշրէ ու հատցնէ մարդկային բոլոր կառավարութիւնները։—Դանիէլ 2։44

Իր երկրային հակիրճ ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս նախաշող մը տուաւ այն օրհնութիւններուն մասին, զորս Աստուծոյ իշխանութեան վերահաստատումը պիտի բերէր մարդկութեան։ Աւետարանները կ’ապացուցանեն թէ Յիսուս կարեկցութիւն ցուցաբերեց մարդկային ընկերութեան աղքատ ու խտրականութեան զոհ դարձած անդամներուն հանդէպ։ Ան հիւանդները բժշկեց, անօթիները կերակրեց եւ մեռելներուն յարութիւն տուաւ։ Նոյնիսկ բնութեան ուժերը իր ձայնին հնազանդեցան։ (Մատթէոս 11։5. Մարկոս 4։37-39. Ղուկաս 9։11-16) Երեւակայեցէք թէ Յիսուս ի՜նչ բաներ պիտի իրագործէ, երբ իր փրկանքի զոհին մաքրագործիչ ազդեցութիւնը գործածէ յօգուտ հնազանդ մարդկութեան։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ թէ Քրիստոսի իշխանութեան միջոցաւ, Աստուած մարդոց «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։—Յայտնութիւն 21։4

Մխիթարութիւն՝ Տառապողներուն

Որքա՜ն սրտապնդիչ է գիտնալ թէ մեր սիրալիր ու ամենազօր Աստուածը՝ Եհովան, մեզի համար կը հոգայ եւ թէ շուտով մարդկութեան հանգստութիւն պիտի բերէ։ Սովորաբար, լուրջ հիւանդութիւն ունեցող անհատ մը պատրաստակամօրէն կ’ընդունի դարմանում մը որ զինք պիտի բուժէ, նոյնիսկ եթէ անիկա շատ ցաւ կը պատճառէ։ Նմանապէս, եթէ գիտնանք թէ հարցերը ձեռք առնելու Աստուծոյ կերպը յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի բերէ, ասիկա կրնայ մեզ կազդուրել, ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր դիմագրաւած ժամանակաւոր դժուարութիւնները։

Ռիքարտոն անհատ մըն է որ սորվեցաւ Աստուածաշունչի խոստումներով մխիթարուիլ։ Ան կը մտաբերէ. «Կնոջս մահէն ետք, մեկուսանալու զօրաւոր փափաք մը զգացի, սակայն, շուտով անդրադարձայ թէ ասիկա կինս ետ պիտի չվերադարձնէր, այլ միայն իմ զգացական վիճակս պիտի վատթարացնէր»։ Փոխարէն, Ռիքարտոն քրիստոնէական ժողովները յաճախելու եւ ուրիշներու հետ Աստուածաշունչի պատգամը բաժնելու իր սովորութեան կառչեցաւ։ «Երբ Եհովայի աջակցութիւնը զգացի եւ նկատեցի թէ ան ի՛նչպէս երեւութապէս պզտիկ հարցերու շուրջ աղօթքներուս պատասխանեց, իրեն աւելի մօտեցայ», կ’ըսէ Ռիքարտոն։ «Աստուծոյ սիրոյն գիտակցիլս էր որ զիս կարող դարձուց տոկալու ցարդ դիմագրաւած ամենագէշ փորձութեանս»։ Ան կ’ընդունի. «Տակաւին կնոջս կարօտը կը քաշեմ, սակայն այժմ հաստատօրէն համոզուած եմ թէ Եհովայի թոյլատրած ո՛չ մէկ բանը կրնայ մնայուն վնաս հասցնել մեզի»։

Ռիքարտոյի եւ միլիոնաւոր ուրիշներու նման դուք ալ կը տենչա՞ք այն ժամանակին, երբ մարդկութեան ներկայ տառապանքները «պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան»։ (Եսայեայ 65։17) Վստահ եղէք թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւնները ձեզի մատչելի են, եթէ Աստուածաշունչի հետեւեալ խրատին հետեւիք. «Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է»։—Եսայեայ 55։6

Ասիկա ընելու մէջ ձեզի օգնելու համար, Աստուծոյ Խօսքին ընթերցանութիւնը եւ լուրջ ուսումնասիրութիւնը ձեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը դրէք։ Ճանչցէք Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոսը, զոր ինք ղրկեց։ Ջանացէք Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլ եւ այսպէս ցոյց տալ թէ յօժար էք իր գերիշխանութեան ենթարկուելու։ Այսպիսի ընթացք մը հիմա իսկ աւելի ուրախութիւն պիտի բերէ, հակառակ ձեր դիմագրաւելիք փորձութիւններուն։ Իսկ ապագային, կեանքը պիտի վայելէք տառապանքէ զերծ աշխարհի մը մէջ։—Յովհաննու 17։3

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 The Jerusalem Bible Ծննդոց 2։17–ի ստորանիշին մէջ, «բարիի ու չարի գիտութիւնը» կը բացատրէ որպէս «բարին ու չարը որոշելու եւ անոր համաձայն գործելու իրաւունքը, բարոյական լման անկախութիւն, որուն միջոցաւ մարդը կը մերժէ իր դիրքը որպէս ստեղծուած արարած մը»։ Անիկա կ’աւելցնէ. «Առաջին մեղքը Աստուծոյ գերիշխանութեան դէմ յարձակում մըն էր»։

^ պարբ. 17 1914–ի վերաբերեալ Աստուածաշունչի մարգարէութեան մանրամասն քննարկման համար, տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 10 եւ 11–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Շրջանակ՝ էջ 4, 5]

ՏԱՌԱՊԱՆՔԻՆ ՀԵՏ Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՆՔ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

«Ձեր ամէն հոգը [Աստուծոյ] վրայ ձգեցէ՛ք»։ (Ա. Պետրոս 5։7) Շփոթութեան, բարկութիւն եւ լքուած զգալու զգացումները բնական են, երբ կը տառապինք կամ մեր սիրած անձին տառապիլը կը տեսնենք։ Այսուհանդերձ, վստահ եղէք թէ Եհովա կը հասկնայ մեր զգացումները։ (Ելից 3։7. Եսայեայ 63։9) Վաղեմի հաւատարիմներուն նման, կրնանք մեր սիրտը իրեն բանալ եւ մեր կասկածներն ու մտահոգութիւնները արտայայտել։ (Ելից 5։22. Յոբայ 10։1-3. Երեմեայ 14։19. Ամբակումայ 1։13) Թերեւս ան մեր փորձութիւնները հրաշքով մը չվերցնէ, սակայն մեր սրտանց աղօթքներուն ընդառաջելով, կրնայ մեզի իմաստութիւն ու զօրութիւն տալ անոնց հետ գլուխ ելլելու համար։—Յակոբու 1։5, 6

«Տարօրինակ մի՛ համարէք ոեւէ փորձութիւն, որ կրակի պէս կ’այրէ ձեզ։ Անբնական բան մի՛ համարէք զայն»։ (Ա. Պետրոս 4։12, Անթիլիաս) Հոս Պետրոս կը խօսի հալածանքի մասին, բայց իր խօսքերը նաեւ կը կիրարկուին հաւատացեալի մը քաշած որեւէ տառապանքին։ Մարդիկ կը տառապին զրկանքներու, հիւանդութիւններու եւ սիրելիի մը կորուստին պատճառաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «ժամանակ ու դիպուած» կը պատահին ամենուն։ (Ժողովողի 9։11) Այսպիսի բաներ մարդկային ներկայ վիճակին մէկ մասն են։ Ասոր գիտակցիլը մեզի պիտի օգնէ որ երբ տառապանք ու դժբախտութիւն պատահին, անոնց հետ գլուխ ելլենք։ (Ա. Պետրոս 5։9) Գլխաւորաբար, այն երաշխիքը յիշելը թէ «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին», յատկապէս մխիթարութեան աղբիւր մը պիտի ըլլայ։—Սաղմոս 34։15. Առակաց 15։3. Ա. Պետրոս 3։12

«Յոյսով ուրախ եղէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։12) Փոխանակ անցեալի երջանիկ պահերուն մասին մտածելու, կրնանք ամէն տեսակի տառապանքները վերցնելու նկատմամբ Աստուծոյ խոստումին վրայ խոկալ։ (Ժողովողի 7։10) Այս հաստատ հիմ ունեցող յոյսը մեզ պիտի պաշտպանէ, ինչպէս որ սաղաւարտ մը գլուխը կը պաշտպանէ։ Յոյսը կեանքի մէջ հարուածները կը թեթեւցնէ եւ կ’օգնէ որ անոնք մեր մտային, զգացական կամ հոգեւոր առողջութեան համար աղիտալի չըլլան։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8

[Նկար՝ էջ 5]

Աստուած տառապանքէ զերծ աշխարհ մը կը խոստանայ

[Նկար՝ էջ 6]

Ադամն ու Եւան Աստուծոյ իշխանութիւնը մերժեցին