Որեւէ ժամանակէ աւելի արթուն կեցէ՛ք
Որեւէ ժամանակէ աւելի արթուն կեցէ՛ք
«Չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք»։—Ա. ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 5։6
1, 2. (ա) Փոմփէյ եւ Հերքուլէնիում ի՞նչպիսի քաղաքներ էին։ (բ) Փոմփէյի եւ Հերքուլէնիումի բնակիչներէն շատեր ո՞ր ազդարարութեան ականջ չկախեցին, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
ՄԵՐ Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, Փոմփէյը եւ Հերքուլէնիումը, Վեզուվ Լերան մօտ գտնուող հռովմէական երկու բարգաւաճ քաղաքներ էին։ Հարուստ Հռովմէացիներուն համար ասոնք շատ ժողովրդական հանգստավայրեր էին։ Անոնց թատրոնները աւելի քան հազար հանդիսատես կրնային ընկալել, իսկ Փոմփէյի մէջ կար հսկայ ամփիթատրոն մը, որ գրեթէ քաղաքին բոլոր բնակիչները կրնար ընկալել։ Փոմփէյի աւերակները պեղողները 118 գինետուներ գտած են, որոնցմէ շատերը կը ծառայէին որպէս բախտախաղի տուներ կամ պոռնկատուներ։ Անբարոյութիւնն ու նիւթապաշտութիւնը լայնատարած էին, ինչպէս որմանկարներ եւ աճիւններ կը վկայեն։
2 Հ.Դ. 79 Օգոստոս 24–ին, Վեզուվ Լեռը սկսաւ ժայթքիլ։ Հրաբխագէտներ կը խորհին թէ առաջին պայթումը, որ երկու քաղաքներուն վրայ չեչաքար ու մոխիր տեղացուց երկնքէն, հաւանաբար բնակիչներու փախուստին արգելք չէր հանդիսանար։ Արդարեւ, կը թուի թէ շատեր կրցան փախչիլ։ Սակայն ուրիշներ, որոնք վտանգը թեթեւի առին կամ պարզապէս անտեսեցին ազդարարական նշանները, ընտրեցին մնալ։ Ապա, շուրջ կէս գիշերին, շատ տաք կազեր, չեչաքար ու ժայռեր Հերքուլէնիումի վրայ տեղացին, քաղաքին մէջ մնացողները խեղդամահ ընելով։ Յաջորդ առտուան դէմ, նման փլուզում մը Փոմփէյի բոլոր բնակիչները սպաննեց։ Ազդարարական նշանները անտեսելը ի՜նչ ողբերգական հետեւանք մը ունեցաւ։
Հրէական Իրերու Դրութեան Վախճանը
3. Երուսաղէմի կործանումին եւ Փոմփէյի ու Հերքուլէնիումի կործանումին միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։
3 Ինը տարի առաջ պատահած Երուսաղէմի աղիտալի կործանումը կը գերազանցէր Փոմփէյի ու Հերքուլէնիումի սարսափելի վախճանը, թէեւ այդ աղէտը մարդակերտ էր։ Նկարագրուած որպէս «ամբողջ պատմութեան մէջ ամենէն ահռելի պաշարումներէն մին», տեղեկագրուած է թէ անիկա աւելի քան մէկ միլիոն անհատներու մահուան պատճառ եղաւ։ Սակայն, Փոմփէյի ու Հերքուլէնիումի աղէտին նման, Երուսաղէմի կործանումն ալ առանց ազդարարութեան չեղաւ։
4. Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ մարգարէական նշան մը տուաւ, զանոնք ազդարարելու համար թէ իրերու դրութեան մը վախճանը մօտ էր, եւ անոր առաջին կատարումը ի՞նչպէս տեղի ունեցաւ առաջին դարուն։
4 Յիսուս Քրիստոս այս քաղաքին կործանումը նախագուշակած էր, եւ նախատեսած էր զայն կանխող խռովեցուցիչ իրադարձութիւնները. ինչպէս՝ պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ եւ անօրէնութիւն։ Սուտ մարգարէներ գործունեայ պիտի ըլլային, սակայն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ պիտի քարոզուէր։ (Մատթէոս 24։4-7, 11-14) Թէեւ Յիսուսի խօսքերը գլխաւոր կատարում մը ունին ներկայիս, սակայն, անոնք փոքր կատարում մը ունեցան այդ ժամանակ։ Պատմութիւնը կը տեղեկագրէ թէ Հրէաստանի մէջ սաստիկ սով մը եղաւ։ (Գործք 11։28) Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս կը տեղեկագրէ թէ քաղաքին կործանումէն քիչ առաջ, Երուսաղէմի շրջանին մէջ երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ։ Մինչ Երուսաղէմի կործանումը կը մօտենար, յարատեւաբար յեղափոխութիւններ, Հրեայ քաղաքական հատուածներու միջեւ ներքին պայքարներ, եւ Հրեայ ու հեթանոս բնակչութիւն ունեցող շատ մը քաղաքներու մէջ ջարդեր տեղի կ’ունենային։ Այսուհանդերձ, Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզուէր «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն»։—Կողոսացիս 1։23
5, 6. Հ.Դ. 66–ին Յիսուսի մարգարէական ո՞ր խօսքերը կատարուեցան։ (բ) Երբ Երուսաղէմ վերջապէս կործանեցաւ Հ.Դ. 70–ին, զոհերուն թիւը ինչո՞ւ շատ մեծ էր։
5 Ի վերջոյ, Հ.Դ. 66–ին, Հրեաները Հռովմի դէմ Ղուկաս 21։20, 21) Ժամանակը եկած էր Երուսաղէմէն դուրս ելլելու, սակայն ի՞նչպէս։ Անակնկալօրէն, Գաղիոս իր զօրքերը քաշեց, ճամբան հարթելով որ Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ բնակող Քրիստոնեաները Յիսուսի խօսքերուն հնազանդին եւ լեռները փախչին։—Մատթէոս 24։15, 16
ապստամբեցան։ Երբ Սեսդիոս Գաղիոսի բանակը Երուսաղէմը պաշարեց, Յիսուսի հետեւորդները իր խօսքերը յիշեցին. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ»։ (6 Չորս տարի ետք, գրեթէ Պասեքի ժամանակ, հռովմէական զօրքերը վերադարձան՝ Զօրավար Տիտոսի հրամանատարութեան ներքեւ, որ վճռած էր հրէական ըմբոստութեան վերջ դնել։ Անոր բանակը Երուսաղէմը պաշարեց եւ ‘բոլորտիքը պատնէշ’ մը շինեց, փախչիլը անկարելի դարձնելով։ (Ղուկաս 19։43, 44) Հակառակ պատերազմի սպառնալիքին, Հռովմէական Կայսրութեան չորս կողմերէն Հրեաներ Պասեքի համար Երուսաղէմ եկած էին։ Այժմ անոնք արգելափակուեցան։ Յովսեպոսի համաձայն, այս դժբախտ այցելուները հռովմէական պաշարման զոհ գացողներուն մեծամասնութիւնը կազմեցին։ * Երբ Երուսաղէմ վերջապէս ինկաւ, Հռովմէական Կայսրութեան մէջ գտնուող բոլոր Հրեաներուն մէկ եօթներորդը բնաջինջ եղաւ։ Երուսաղէմի ու անոր տաճարին կործանումը, հրէական պետութեան եւ Մովսիսական Օրէնքին վրայ հիմնուած անոր կրօնական դրութեան վախճանը նշանակեց։ *—Մարկոս 13։1, 2
7. Հաւատարիմ Քրիստոնեաներ ինչո՞ւ կրցան Երուսաղէմի կործանումէն վերապրիլ։
7 Հ.Դ. 70–ին, կարելի էր որ Հրեայ Քրիստոնեաները սպաննուէին կամ գերեվարուէին Երուսաղէմի մէջ գտնուողներուն հետ մէկտեղ։ Սակայն,
պատմական ապացոյցներուն համաձայն, անոնք 37 տարի առաջ Յիսուսի տուած ազդարարութեան հնազանդած էին։ Անոնք քաղաքը լքած էին ու չէին վերադարձած։Առաքեալներու Կողմէ Ժամանակայարմար Ազդարարութիւններ
8. Պետրոս ի՞նչ բանի կարիքը տեսաւ, եւ հաւանաբար Յիսուսի ո՞ր խօսքերը ի մտի ունէր։
8 Ներկայիս, աւելի հեռահաս կործանում մը կը սպառնայ. կործանում մը, որ իրերու այս ամբողջ դրութեան վերջ պիտի դնէ։ Երուսաղէմի կործանումէն վեց տարիներ առաջ, Պետրոս առաքեալ խիստ կարեւոր ու ժամանակայարմար խրատ մը տուաւ, որ յատկապէս կը կիրարկուի մերօրեայ Քրիստոնեաներուն. Արթուն կեցէ՛ք։ Պետրոս կարիքը տեսաւ որ Քրիստոնեաներ իրենց ‘անկեղծ միտքը արթնցնէին’, «Տէրոջը»՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ‘պատուէրը’ չանտեսելու համար։ (Բ. Պետրոս 3։1, 2) Երբ Քրիստոնեաները կը յորդորէր որ արթուն մնային, հաւանաբար Պետրոս ի մտի ունէր ինչ որ Յիսուս ըսաւ իր առաքեալներուն իր մահէն քանի մը օր առաջ. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է»։—Մարկոս 13։33
9. (ա) Ոմանք ի՞նչպիսի վտանգաւոր կեցուածք մը կրնան զարգացնել։ (բ) Ինչո՞ւ սկեպտիկ կեցուածք մը մասնաւորաբար վտանգաւոր է։
9 Ներկայիս, ոմանք ծաղրանքով կը հարցնեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը»։ (Բ. Պետրոս 3։3, 4) Բացայայտօրէն, այս անհատները կը խորհին թէ իրերը բնա՛ւ չեն փոխուիր, այլ կը շարունակուին այնպէս ինչպէս որ էին աշխարհի ստեղծագործութենէն ի վեր։ Այսպիսի սկեպտիկութիւն վտանգաւոր է։ Կասկածները կրնան մեր ստիպողականութեան հոգին տկարացնել, մեզ ինքնահաճ դարձնելով։ (Ղուկաս 21։34) Ասկէ զատ, ինչպէս Պետրոս կը նշէ, այսպիսի ծաղրողներ կը մոռնան Նոյի օրուան Ջրհեղեղը, որ իրերու համաշխարհային դրութիւն մը կործանեց։ Աշխարհը իրապէս փոփոխութիւն կրեց այդ ժամանակ։—Ծննդոց 6։13, 17. Բ. Պետրոս 3։5, 6
10. Պետրոս ո՞ր խօսքերով կը քաջալերէ անհամբեր ըլլալու հակում ունեցողները։
10 Պետրոս իր ընթերցողներուն կ’օգնէ որ համբերութիւն մշակեն, անոնց յիշեցնելով թէ Աստուած յաճախ ինչո՛ւ անմիջապէս գործի չ’անցնիր։ Նախ, Պետրոս կ’ըսէ. «Տէրոջը քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս»։ (Բ. Պետրոս 3։8) Քանի որ Եհովա կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից, ան կրնայ բոլոր ազդակները նկատի առնել եւ գործի լծուելու լաւագոյն ժամանակը ընտրել։ Ապա, Պետրոս կը նշէ թէ Եհովա կը փափաքի որ ամէնուրեք մարդիկ զղջան։ Աստուծոյ համբերութիւնը փրկութիւն կը նշանակէ շատերուն, որոնք պիտի բնաջնջուէին, եթէ ան արագօրէն գործի անցնէր։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4. Բ. Պետրոս 3։9) Սակայն, Եհովայի համբերութիւնը չի նշանակեր թէ ան երբեք գործի պիտի չանցնի։ Պետրոս կ’ըսէ. «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ»։—Բ. Պետրոս 3։10
11. Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի հոգեւորապէս արթուն կենալու, եւ ասիկա ի՞նչպէս առումով մը Եհովայի օրը պիտի ‘փութացնէ’։
11 Պետրոսի ըրած բաղդատութիւնը ուշադրութեան արժանի է։ Գողը բռնելը դիւրին բան չէ, բայց ամբողջ գիշերը արթուն մնացող գիշերապահ մը աւելի հաւանական է որ գողը տեսնէ, քան՝ ան որ ատենը մէյ մը քունի կ’անցնի։ Գիշերապահ մը ի՞նչպէս կրնայ արթուն մնալ։ Քալելը Բ. Պետրոս 3։11) Այսպիսի գործունէութիւն մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք ‘Եհովայի օրուան գալը մեր մտքին մէջ պահել’։ «Մտքին մէջ պահել» թարգմանուած Յունարէն բառը կրնայ բառացիօրէն թարգմանուիլ «փութացնել»։ (Բ. Պետրոս 3։12, ՆԱ) Ճիշդ է որ Եհովայի ժամանակացոյցը չենք կրնար փոխել։ Իր օրը պիտի գայ ի՛ր որոշած ժամուն։ Սակայն, մինչեւ այն ատեն, ժամանակը պիտի թուի թէ աւելի արագ կ’անցնի՝ եթէ իր ծառայութեան մէջ զբաղած ըլլանք։—Ա. Կորնթացիս 15։58
աւելի կը նպաստէ արթնութեան քան՝ ամբողջ գիշերը նստիլը։ Նոյն կերպով, հոգեւորապէս գործունեայ մնալը մեզի պիտի օգնէ որպէս Քրիստոնեաներ արթուն կենալու։ Ուստի, Պետրոս մեզ կը յորդորէ որ զբաղած ըլլանք «սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ»։ (12. Անհատապէս ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի համբերութենէն օգտուիլ։
12 Ուստի, քաջալերութիւն կը տրուի ոեւէ անհատի որ կը խորհի թէ Եհովայի օրը կ’ուշանայ, որ Եհովայի որոշած ժամանակին համբերութեամբ սպասելու Պետրոսի խրատին հնազանդի։ Արդարեւ, կրնանք իմաստութեամբ գործածել Աստուծոյ համբերութեան թոյլատրած յաւելեալ ժամանակը։ Օրինակ, կրնանք շարունակել քրիստոնէական կենսական յատկութիւններ մշակել, ինչպէս նաեւ բարի լուրը բաժնել շատ աւելի անհատներու հետ, որ այլապէս կարելի պիտի չըլլար։ Եթէ արթուն մնանք, Եհովա մեզ «անբիծ ու անարատ [պիտի] գտնէ խաղաղութիւնով», իրերու այս դրութեան վախճանին։ (Բ. Պետրոս 3։14, 15) Ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։
13. Թեսաղոնիկեցի Քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոսի ո՞ր խօսքերը մասնաւորաբար տեղին են ներկայիս։
13 Թեսաղոնիկեցիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս ալ կը խօսի արթուն կենալու կարիքին մասին։ Ան կը խրատէ. «Չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 6) Ներկայիս, իրերու համաշխարհային ամբողջ դրութեան մը կործանումը մօտենալուն ի տես, ասիկա որքա՜ն անհրաժեշտ է։ Եհովայի երկրպագուները կ’ապրին հոգեւոր բաներու հանդէպ անտարբեր եղող աշխարհի մը մէջ, եւ ասիկա կրնայ իրենց ազդել։ Ուստի, Պօղոս կը խրատէ. «Զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8) Աստուծոյ Խօսքին կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը եւ ժողովներուն մէջ մեր եղբայրներուն հետ ընկերակցութիւնը մեզի պիտի օգնեն Պօղոսի խրատին հետեւելու եւ մեր ստիպողականութեան հոգին պահելու։—Մատթէոս 16։1-3
Միլիոնաւորներ Արթուն կը Կենան
14. Ո՞ր վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան թէ ներկայիս շատեր արթուն կենալու Պետրոսի խրատին կը հետեւին։
14 Ներկայիս կա՞ն շատեր որոնք արթուն կենալու ներշնչեալ քաջալերութեան կ’անսան։ Այո՛։ 2002–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, հրատարակիչներու բարձրագոյն թիւն էր՝ 6,304,645, 3.1 տոկոս յաւելում մը 2001–ին վրայ. անոնք ապացուցանեցին թէ հոգեւորապէս արթուն են, ուրիշներու Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսելու համար 1,202,381,302 ժամ յատկացնելով։ Անոնց համար այս գործունէութիւնը աննշան հարց մը չէր։ Անիկա իրենց կեանքին առանցքն էր։ Անոնցմէ շատերուն կեցուածքը նման է Էլ Սալվատորի մէջ բնակող Էտուարտոյի եւ Նոեմիի կեցուածքին։
15. Էլ Սալվատորէն ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ շատեր կը շարունակեն հոգեւորապէս արթուն կենալ։
15 Քանի մը տարի առաջ, Էտուարտօ եւ Նոեմի Պօղոսի հետեւեալ խօսքերը լուրջի առին. «Այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի»։ (Ա. Կորնթացիս 7։31) Անոնք իրենց կեանքը պարզացուցին եւ լիաժամ ռահվիրայական ծառայութեան ձեռնարկեցին։ Մինչ տարիները սահեցան, անոնք բազմաթիւ կերպերով օրհնուեցան եւ նոյնիսկ շրջանային ու նահանգային գործին մէջ բաժին բերին։ Լուրջ խնդիրներ դիմագրաւելով հանդերձ, Էտուարտօ եւ Նոեմի համոզուած են թէ շիտակ որոշումը առին, երբ լիաժամ ծառայութեան սիրոյն նիւթական հանգստաւէտութիւնը զոհեցին։ Էլ Սալվատորի 29,269 հրատարակիչներէն շատեր, ի ներառեալ 2,454 ռահվիրաներ, նման անձնուէր հոգի մը ցուցաբերած են, որ պատճառներէն մէկն է թէ ինչո՛ւ այս երկրին մէջ հրատարակիչներու թիւը անցեալ տարի 2 տոկոս յաւելում ունեցաւ։
16. Փղոսկրեայ Ափի մէջ երիտասարդ եղբայր մը ի՞նչպիսի կեցուածք մը ցոյց տուաւ։
16 Փղոսկրեայ Ափի մէջ, նոյն կեցուածքը ցուցաբերեց
երիտասարդ Քրիստոնեայ մը, որ մասնաճիւղի գրասենեակին գրելով, ըսաւ. «Կը ծառայեմ որպէս օգնական ծառայ։ Սակայն չեմ կրնար եղբայրներուն ըսել որ ռահվիրայութիւն ընեն, եթէ ես անձամբ օրինակ չեմ հանդիսանար։ Ուստի, լաւ վճարուած գործ մը ձգեցի եւ այժմ իմ հաշւոյս կ’աշխատիմ, ինչ որ ինծի աւելի ժամանակ կու տայ ծառայութեան համար»։ Այս երիտասարդը Փղոսկրեայ Ափին մէջ ծառայող 983 ռահվիրաներէն մէկն է, ուր անցեալ տարի 6,701 հրատարակիչներ տեղեկագրեցին, 5 տոկոս յաւելում մը արձանագրելով։17. Պելճիքայի մէջ Վկայ երիտասարդուհի մը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ կանխադատութենէն չէր վախնար։
17 Պելճիքայի մէջ, անհանդուրժողութիւնը, կանխադատութիւնը եւ խտրականութիւնը կը շարունակեն խնդիրներ յարուցանել 24,961 Թագաւորութեան հրատարակիչներուն։ Բայց եւ այնպէս, անոնք նախանձախնդիր են եւ չեն վախնար։ Երբ 16 տարեկան Վկայ մը, դպրոցին մէջ բարոյագիտութեան դասաւանդութեան պահուն լսեց թէ Եհովայի Վկաները որպէս աղանդ կը ներկայացուին, ան արտօնութիւն խնդրեց որ Վկաներուն տեսակէտը ներկայացնէ։ Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը պատկերիզը եւ Որո՞նք Են Եհովայի Վկաները գրքոյկը գործածելով, ան կրցաւ բացատրել Վկաներուն բուն ինքնութիւնը։ Տեղեկութիւնը շատ գնահատուեցաւ, եւ յաջորդ շաբաթ աշակերտներուն գրաւոր մը տրուեցաւ, որուն բոլոր հարցումները Եհովայի Վկաներու քրիստոնէական կրօնքին հետ առնչուած էին։
18. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ տնտեսական խնդիրները Արժանթինի եւ Մոզամպիկի մէջ հրատարակիչներուն արգելք չհանդիսացան որ Եհովայի ծառայեն։
18 Այս վերջին օրերուն, Քրիստոնեաները մեծաւ մասամբ լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Այսուհանդերձ, անոնք կը ջանան ուշացրիւ չըլլալ։ Տնտեսական խնդիրներով ծանրաբեռնուած ըլլալով հանդերձ, անցեալ տարի Արժանթին տեղեկագրեց Վկաներու բարձրագոյն թիւ մը՝ 126,709։ Մոզամպիկի մէջ աղքատութիւնը տակաւին համատարած է։ Այսուհանդերձ, 37,563 հրատարակիչներ տեղեկագրեցին թէ վկայութեան գործին կը մասնակցին. 4 տոկոս յաւելում մը։ Ալպանիայի մէջ շատերուն համար կեանքը շատ դժուար է, սակայն այդ երկիրը 12 տոկոս յաւելում մը տեղեկագրեց, հրատարակիչներու բարձրագոյն թիւը 2,708–ի հասնելով։ Բացայայտօրէն, դժուար պայմանները Եհովայի հոգիին արգելք չեն հանդիսանար, երբ Իր ծառաները Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը դնեն։—Մատթէոս 6։33
19. (ա) Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ թէ տակաւին բազմաթիւ ոչխարանման անհատներ կան, որոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ծարաւի են։ (բ) Տարեկան տեղեկագրութեան ո՞ր մանրամասնութիւնները ցոյց կու տան թէ Եհովայի ծառաները հոգեւորապէս արթուն կը կենան։ (Տես ցուցակը, էջ 20-23։)
19 Անցեալ տարի համայն աշխարհի մէջ՝ ամէն ամիս որպէս միջին՝ տեղեկագրուած 5,309,289 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան թէ տակաւին բազմաթիւ ոչխարանման անհատներ կան, որոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ծարաւի են։ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն բարձրագոյն թիւն էր՝ 15,597,746։ Անոնց մեծամասնութիւնը տակաւին գործօն կերպով Եհովայի չի ծառայեր։ Կը մաղթենք որ անոնք շարունակեն աճիլ գիտութեան եւ սիրոյ մէջ, թէ՛ Եհովայի եւ թէ եղբայրութեան հանդէպ։ Ոգեւորիչ է տեսնել թէ «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը կը շարունակէ արդիւնաբեր ըլլալ, մինչ իրենց Ստեղծիչին կը ծառայեն «ցորեկ ու գիշեր», հոգիէն օծուած իրենց եղբայրներուն հետ։—Յայտնութիւն 7։9, 15. Յովհաննու 10։16
Ղովտէն Առնուելիք Դաս մը
20. Ղովտի ու իր կնոջ օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
20 Անշուշտ, նոյնիսկ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները կրնան ժամանակաւորապէս իրենց ստիպողականութեան հոգին կորսնցնել։ Պահ մը խորհեցէք Աբրահամի զարմիկին՝ Ղովտի մասին։ Ան երկու այցելու հրեշտակներէ իմացաւ Բ. Պետրոս 2։7, Վերանայուած) Այսուհանդերձ, երբ երկու հրեշտակները եկան որ զինք Սոդոմէն դուրս հանեն, ան «կը տնտնար»։ Հրեշտակները գրեթէ քաշքշելով զինք ու իր ընտանիքը քաղաքէն դուրս հանեցին։ Անկէ ետք, Ղովտին կինը ետեւ չնայելու հրեշտակներուն ազդարարութիւնը անտեսեց։ Անոր թոյլ կեցուածքը պատճառ եղաւ որ իր կեանքը կորսնցնէ։ (Ծննդոց 19։14-17, 26) «Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը», զգուշացուց Յիսուս։—Ղուկաս 17։32
թէ Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանելու վրայ էր։ Այս լուրը Ղովտի համար զարմանալի չէր, քանի որ ան «ընկճուած էր անօրէններուն շուայտ վարքէն»։ (21. Ինչո՞ւ որեւէ ժամանակէ աւելի ներկայիս արթուն պէտք է կենանք։
21 Փոմփէյի ու Հերքուլէնիումի աղէտը, Երուսաղէմի կործանումին հետ առնչուած դէպքերը, ինչպէս նաեւ Նոյի օրուան Ջրհեղեղին եւ Ղովտին օրինակները, բոլորն ալ ցոյց կու տան ազդարարութիւնները լուրջի առնելուն կարեւորութիւնը։ Որպէս Եհովայի ծառաներ, վերջին ժամանակին նշանը կը զատորոշենք։ (Մատթէոս 24։3) Մեր անձերը սուտ կրօնքէն անջատած ենք։ (Յայտնութիւն 18։4) Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, ‘Եհովայի օրուան գալը մեր մտքին մէջ պէտք է պահենք’։ (Բ. Պետրոս 3։12, ՆԱ) Այո, որեւէ ժամանակէ աւելի ներկայիս արթուն պէտք է կենանք։ Արթուն կենալու համար ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել եւ ո՞ր յատկութիւնները կրնանք զարգացնել։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցերը պիտի շօշափէ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 6 Անհաւանական է որ առաջին դարուն Երուսաղէմ 120,000–է աւելի բնակիչներ ունենար։ Եւսեբիոս կը տեղեկագրէ թէ Հ.Դ. 70–ին Հրէաստանի բնակիչներէն 300,000 հոգի Երուսաղէմ ճամբորդեցին Պասեքը տօնակատարելու համար։ Մնացեալ զոհերը կայսրութեան միւս մասերէն եկած ըլլալու էին։
^ պարբ. 6 Անշուշտ, Եհովայի տեսանկիւնէն դիտուած, Հ.Դ. 33–ին Մովսիսական Օրէնքը փոխարինուեցաւ նոր ուխտով։—Եփեսացիս 2։15
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Ո՞ր իրադարձութիւնը Հրեայ Քրիստոնեաները կարող դարձուց որ Երուսաղէմի կործանումէն ազատին։
• Պետրոս առաքեալի ու Պօղոս առաքեալի գրութիւններուն մէջի խրատը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ արթուն կենանք։
• Ներկայիս որո՞նք կ’ապացուցանեն թէ բոլորովին արթուն են։
• Ղովտի ու իր կնկան դրուագէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Ցուցակ՝ էջ 20-23]
2002–ի ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
(Տե՛ս կազմուած հատորը)
[Նկար՝ էջ 19]
Հ.Դ. 66–ին, Երուսաղէմի Քրիստոնեայ համայնքը Յիսուսի ազդարարութեան անսաց
[Նկարներ՝ էջ 18]
Գործունեայ մնալը Քրիստոնեաներուն կ’օգնէ արթուն կենալու