Անկեղծութիւնը փափաքելի է, բայց բաւարա՞ր է
Անկեղծութիւնը փափաքելի է, բայց բաւարա՞ր է
ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ իրապէս փափաքելի՞ է մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Բառարան մը «անկեղծութիւն»ը կը սահմանէ որպէս «ձեւակերպութենէ կամ կեղծաւորութենէ զերծ. պարկեշտութիւն. ուղղամտութիւն. հարազատութիւն»։ Բացայայտօրէն, այս յատկութիւնը օգտակար է ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ զարգացնելու համար։ Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Ամէն բանի մէջ հնազա՛նդ եղէք ձեր տէրերուն, ո՛չ թէ մարդահաճոյ կերպով, ցուցադրական ծառայութեամբ, այլ սրտի անկեղծութեամբ՝ երկիւղ կրելով Տիրոջմէ»։ (Կողոսացիս 3։22, Երուսաղէմ) Ո՞վ չի գնահատեր այսպիսի անկեղծ անհատ մը աշխատցնել իր քով։ Ներկայիս, անկեղծ անհատներ աւելի շատ պատեհութիւն կ’ունենան գործ մը գտնելու եւ զայն պահելու, քան՝ ուրիշներ։
Անկեղծութիւնը շատ փափաքելի դարձնողը այն է թէ անիկա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան կ’ազդէ։ Վաղեմի Իսրայելացիները Աստուծոյ օրհնութիւնը կը վայելէին, երբ զգուշութեամբ օրէնքներն ու տօները կը պահէին։ Մինչ ժողովքի մաքրութեան մասին կը խօսէր, Պօղոս Քրիստոնեաները յորդորեց. «Տօն կատարենք ո՛չ թէ հին խմորով եւ ո՛չ թէ չարութեան ու անզգամութեան խմորով, այլ անկեղծութեան, ճշմարտութեան անխմոր հացովը»։ (Ա. Կորնթացիս 5։8) Մեր պաշտամունքը Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար, անկեղծութիւնը ոչ միայն փափաքելի է, այլեւ՝ կենսական։ Այսուհանդերձ, նկատեցէք թէ անկեղծութիւնը ինքնին բաւարար չէ։ Անոր պէտք է ընկերակցի ճշմարտութիւնը։
Թայթէնիք–ը շինողներն ու անոր ճամբորդները թերեւս անկեղծօրէն հաւատացին թէ այս ճամբորդատար նաւը անընկղմելի էր։ 1912–ին, իր առաջին ճամբորդութեան ընթացքին սակայն, անիկա սառնալերան մը զարնուեցաւ եւ 1,517 հոգիներ իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Առաջին դարու կարգ մը Հրեաներ թերեւս անկեղծօրէն կը հաւատային թէ Աստուած պաշտելու իրենց կերպը շիտակ էր, սակայն, անոնց նախանձախնդրութիւնը «ճշգրիտ գիտութեան համաձայն չէր»։ (Հռովմայեցիս 10։2, ՆԱ) Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար, մեր անկեղծ հաւատալիքները ճշգրիտ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած պէտք է ըլլան։ Ձեր շրջանի Եհովայի Վկաները ուրախ պիտի ըլլան ձեզի օգնելու, որ քննէք թէ անկեղծութեամբ ու ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ծառայելու մէջ ի՛նչ պարփակուած է։