Ի՛նչպէս կրնանք զարգացնել գործի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը
Ի՛նչպէս կրնանք զարգացնել գործի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը
ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ աշխարհածաւալ շուկաներու, դաժան մրցակցութեան եւ մեծաքանակ արտադրութիւններու շատ ճնշիչ աշխարհին մէջ, շատեր ամէն օր խանդավառութեամբ աշխատանքի չեն երթար։ Սակայն, պէտք է ուրախ ըլլանք մեր աշխատանքով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք եւ Աստուած իր գործէն հաճոյք կ’առնէ։ Օրինակ, երբ ստեղծագործական վեց «օրերուն», կամ՝ երկար ժամանակաշրջաններուն վերջաւորութեան իր կատարած գործը աչքէ կ’անցընէր, «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր», կ’ըսէ Ծննդոց 1։31–ը։
Անկասկած, աշխատանքի հանդէպ Եհովայի սէրն է իր ‘երանելի Աստուած’ կոչուելուն պատճառներէն մէկը։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Ուստի, տրամաբանական չէ՞ թէ ո՛րքան աւելի զինք ընդօրինակենք, ա՛յնքան աւելի ուրախ կ’ըլլանք։ Այս ուղղութեամբ, վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը, աչքառու շինարար եւ կազմակերպիչ մը, գրեց. «Ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է»։—Ժողովողի 3։13
Արագօրէն փոխուող ներկայ աշխատավայրին մէջ, գործի հանդէպ հաւասարակշռուած ու առողջ տեսակէտ մը զարգացնելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Սակայն, Եհովա Աստուած կ’օրհնէ իր սիրալիր ուղղութեան հետեւողները։ (Սաղմոս 119։99, 100) Այսպիսիներ արժէքաւոր ու վստահելի գործաւորներ կը դառնան եւ հետեւաբար նուազ հաւանական է որ իրենց աշխատանքէն արձակուին։ Անոնք կը սորվին նաեւ իրենց կեանքն ու գործը միայն նիւթական տեսանկիւնէն չդիտել, այլ նաեւ՝ հոգեւոր։ Այս կերպով անոնք կրնան կեանքի մէջ լուրջ որոշումներ կայացնել եւ գիտակցիլ թէ իրենց երջանկութիւնն ու ապահովութեան զգացումը կախեալ չեն իրենց գործէն, կամ յաճախ անկայուն եղող գործի շուկայէն։ (Մատթէոս 6։31-33. Ա. Կորնթացիս 2։14, 15) Անիկա իրենց կ’օգնէ որ իրապէս հաւասարակշռուած գործի բարոյագիտութիւն մը մշակեն։
Աստուած Հաճեցնող Գործի Բարոյագիտութիւն մը Մշակեցէք
Շատեր գործի մոլի են, իրենց գործը ամէն բանէ առաջ դնելով։ Ուրիշներ, անհամբեր կը սպասեն աշխատանքի օրուան վերջաւորութեան, գործը ձգելով տուն երթալու համար։ Ո՞րն է հաւասարակշռուած տեսակէտը։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է»։ (Ժողովողի 4։6) Ծանր կամ երկար ժամեր աշխատիլը, իրականութեան մէջ հակառակ արդիւնքը կու տայ. անիկա անօգուտ եւ «հոգիի տանջանք» է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա կրնայ վնաս հասցնել մեր մեծագոյն երջանկութեան նպաստող բաներուն. ընտանիքի անդամներուն ու բարեկամներուն հետ մեր յարաբերութեան, մեր հոգեւորականութեան, մեր առողջութեան, կամ նոյնիսկ մեր երկարակեցութեան։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Հաւասարակշռուած տեսակէտն է նուազ եկամուտով գոհանալ. բայց միւս կողմէ տրամաբանական չափով խաղաղութիւն վայելել, փոխանակ կրկին աշխատանքի բեռին տակ կքելու, որուն կ’ընկերակցին վէճ ու թշուառութիւն։
Այսպիսի հաւասարակշռուած տեսակէտ մը քաջալերելով հանդերձ, Աստուածաշունչը ծուլութեան դէմ է։ (Առակաց 20։4) Ծուլութիւնը աստիճանաբար կը կործանէ մեր արժանապատուութիւնը եւ մեզի հանդէպ ուրիշներուն ունեցած յարգանքը։ Իսկ աւելի գէշ, անիկա վնաս կը հասցնէ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան։ Աստուածաշունչը անկեղծօրէն կ’ըսէ թէ ան որ չ’ուզեր աշխատիլ, իրաւունք չունի ուրիշներուն հաշւոյն ուտելու։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10) Փոխարէն, ան պէտք է իր ընթացքը փոխէ եւ ծանր աշխատի, թէ՛ իր եւ թէ իրմէ կախեալ եղողներուն կարիքները պատուաբեր կերպով հայթայթելով։ Ծանր աշխատելով, ան նոյնիսկ կրնայ իսկական կարօտեալներուն օգնել, ինչպէս Աստուծոյ Խօսքը կը քաջալերէ։—Առակաց 21։25, 26. Եփեսացիս 4։28
Մանկութենէն Մարզուած՝ Աշխատանքը Արժեւորելու
Աշխատանքի լաւ սովորութիւնները պատահականօրէն չեն գար, այլ՝ մանկութենէն սորվելով։ Ուստի, Աստուածաշունչը հետեւեալ յորդորը կու տայ ծնողներուն. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։ (Առակաց 22։6) Որպէս աշխատասէր անհատներ լաւ օրինակ հանդիսանալէ զատ, իմաստուն ծնողներ կը սկսին իրենց երախաները մարզել, տան մէջ անոնց տարիքին յարմար պարտականութիւններ տալով։ Թէեւ երախաները կարգ մը պարտականութիւններ չեն սիրեր ընել, բայց անոնք իրենք զիրենք ընտանիքին պիտանի մէկ անդամը պիտի նկատեն. մանաւանդ երբ մայրը եւ հայրը լաւ կատարուած գործի մը համար զիրենք գովեն։ Դժբախտաբար կարգ մը ծնողներ գրեթէ ամէն բան իրենք կ’ընեն իրենց զաւակներուն համար, թերեւս ազնուութենէ մղուած, որ անտեղի է։ Այսպիսի ծնողներ լաւ կ’ընեն եթէ մտածեն Առակաց 29։21–ի մասին, որ կ’ըսէ. «Եթէ մէկը իր ծառան [կամ՝ զաւակը] տղայութենէն փափկութեամբ մեծցնէ, վերջապէս անիկա իր տղան [«ապերախտ մէկը», ՆԱ] կ’ըլլայ»։
Գիտակից ծնողներ խորապէս կը հետաքրքրուին նաեւ իրենց զաւակներուն դպրոցական հարցերով, զիրենք քաջալերելով որ սորվին եւ ծանր աշխատին դպրոցին մէջ։ Ասիկա երախաներուն օգտակար պիտի ըլլայ հետագային, երբ գործի ասպարէզ նետուին։
Ձեր Գործը Իմաստութեամբ Ընտրեցէք
Թէեւ Աստուածաշունչը մեզի չ’ըսեր թէ ի՛նչ գործ աշխատինք, սակայն անիկա մեզի կու տայ լաւ ուղեգծեր, որպէսզի մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը, Աստուծոյ ծառայութիւնը եւ այլ կարեւոր պատասխանատուութիւններ չվնասուին։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ժամանակը կարճ է։ Ա՛լ անոնք որ . . . այս աշխարհը կ’օգտագործեն՝ որպէս թէ չեն չարաշահեր. որովհետեւ այս աշխարհի կերպարը կ’անցնի»։ (Ա. Կորնթացիս 7։29-31, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) Իրերու այս դրութեան մէջ ոչ մէկ բան մնայուն կամ բոլորովին կայուն է։ Մեր ամբողջ ժամանակն ու կորովը անոր տալը, հեղեղի գօտիին մէջ տուն մը շինելու համար մեր ամբողջ կեանքի խնայողութիւնը դնելու կը նմանի։ Ի՜նչ անխոհեմ ներդրում մը։
Աստուածաշունչի այլ թարգմանութիւններ «չեն չարաշահեր» արտայայտութիւնը կը թարգմանեն՝ «անով չեն տարուիր» եւ «անով լիովին զբաղած չեն ըլլար»։ (The Jerusalem Bible, Today’s English Version) Իմաստուն անհատներ երբեք չեն անտեսեր այն իրողութիւնը, թէ ներկայ դրութեան ժամանակը «կարճցած է» եւ թէ անով «տարուիլը» կամ՝ «լիովին զբաղած» ըլլալը, անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ յուսախաբութեան եւ վշտի։—Ա. Յովհաննու 2։15-17
‘Աստուած Բնաւ Ձեզ Երեսէ Պիտի Չձգէ’
Եհովա մեր կարիքները նոյնիսկ մեզմէ լաւ գիտէ։ Ան նաեւ գիտէ թէ իր նպատակին իրագործման ժամանակին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք։ Ուստի, մեզի կը յիշեցնէ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի [Աստուած] ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’»։ (Եբրայեցիս 13։5) Այս խօսքերը որքա՜ն մխիթարական են։ Իր ժողովուրդին հանդէպ Աստուծոյ սիրալիր հետաքրքրութիւնը ընդօրինակելով, Յիսուս իր հանրածանօթ Լերան Քարոզին մեծ մասը յատկացուց աշխատանքի եւ նիւթական բաներու հանդէպ շիտակ տեսակէտը սորվեցնելու համար իր աշակերտներուն։—Մատթէոս 6։19-33
Եհովայի Վկաները կը ջանան այդ ուսուցումներուն ուշադրութիւն ընծայել։ Օրինակ, երբ գործատէր մը ելեկտրագէտ Վկայէ մը խնդրեց որ կանոնաւորաբար յաւելեալ ժամեր աշխատի, պաշտօնեան անոր խնդրանքը մերժեց։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան չուզեց որ իր աշխարհիկ գործը խլէ Առակաց 3։5, 6
այն ժամանակը, որ ան կը տրամադրէ իր ընտանիքին ու իր հոգեւոր զբաղումներուն։ Քանի որ ան շատ լաւ ու վստահելի գործաւոր մըն էր, գործատէրը յարգեց անոր փափաքը։ Անշուշտ, պարագան միշտ նոյնը չ’ըլլար եւ անհատ մը թերեւս ստիպուի ուրիշ գործ մը գտնել, հաւասարակշռուած կենցաղ մը պահպանելու համար։ Այսուհանդերձ, Եհովայի լիովին ապաւինողները, սովորաբար նկատած են թէ իրենց լաւ վարքով ու գործի բարոյագիտութեամբ, իրենց գործատիրոջ հաւանութիւնը շահած են։—Երբ Ամէն Գործ Վարձահատոյց Պիտի Ըլլայ
Ներկայ իրերու անկատար դրութեան մէջ, աշխատանքն ու աշխատանքի հեռանկարները խնդիրներէ ու անորոշութենէ երբեք զերծ պիտի չըլլան։ Իրականութեան մէջ, մինչ աշխարհը աւելի անկայուն կը դառնայ եւ տնտեսութիւնը կը տատանի կամ՝ նոյնիսկ փուլ կու գայ, վիճակները կրնան աւելի վատթարանալ։ Սակայն այս կացութիւնը ժամանակաւոր է։ Շուտով, ո՛չ ոք անգործ պիտի ըլլայ։ Ասկէ աւելի, ամէ՛ն գործ իրապէս հաճելի ու վարձահատոյց պիտի ըլլայ։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Ի՞նչ բան այսպիսի փոփոխութիւն մը յառաջ պիտի բերէ։
Իր Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա այսպիսի ժամանակ մը մատնանշեց։ «Ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ», կ’ըսէ Եհովա, «եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան»։ (Եսայեայ 65։17) Ան կը խօսէր իր նոր կառավարութեան մասին, որուն ներքեւ բոլորովին նոր ու տարբեր մարդկային ընկերութիւն մը յառաջ պիտի գայ։—Դանիէլ 2։44
Այդ ատենուան մարդոց ապրելակերպին ու աշխատանքին մասին խօսելով, մարգարէութիւնը կը շարունակէ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին. քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են ու իրենց հետ իրենց զաւակներն ալ»։—Եսայեայ 65։21-23
Աստուծոյ նպատակադրած նոր աշխարհը ի՜նչ յատկանշական փոփոխութիւն մը պիտի բերէ։ Չէ՞ք ուզեր այսպիսի աշխարհի մը մէջ ապրիլ, ուր ‘պարապ տեղ պիտի չաշխատիք’, այլ՝ լիովին պիտի վայելէք ձեր աշխատանքին «պտուղը»։ Կրնաք այս ‘օրհնուածներէն’ մէկը ըլլալ, Եհովայի մասին սորվելով ու իր պահանջներուն գոհացում տալով։ Յիսուս ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ ձեզի պիտի օգնեն որ այս կենսատու գիտութիւնը ձեռք ձգէք, Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ կանոնաւոր ուսումնասիրութեամբ։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
«ՅԱՐԱՏԵՒ ՊԱՀԱՆՋՔԸ ԿԱՅ»
«Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Կողոսացիս 3։23) Բացայայտօրէն, իր գործին մէջ այս ընտիր սկզբունքով ղեկավարուող անհատը, գործատէրերու կողմէ փնտռուած կ’ըլլայ։ Այդ պատճառաւ, Ժ. Ժ. Լունա, իր՝ How to Be Invisible [Ի՛նչպէս Ձեր Ինքնութիւնը Պաշտպանել] գրքին մէջ, գործաւոր փնտռող գործատէրերու խրատ կու տայ որ կարգ մը կրօնական խումբերու աշխոյժ անդամները ընտրեն, սակայն կ’աւելցնէ. «Իրականութեան մէջ, վերջաւորութեան կ’որոշենք [Եհովայի] Վկաներ աշխատցնել»։ Իր տուած պատճառներէն մէկը այն է թէ անոնք ճանչցուած են իրենց պարկեշտութեամբ, եւ այս պատճառաւ գործի զանազան մարզերու մէջ անոնց «յարատեւ պահանջքը կայ»։
[Նկարներ՝ էջ 5]
Գործը՝ հոգեւոր գործունէութիւններու եւ ժամանցի հետ հաւասարակշռելը, գոհունակութիւն կու տայ