Իրապէս կը հաւատա՞ք աւետարանին
Իրապէս կը հաւատա՞ք աւետարանին
«Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէք ու աւետարանին հաւատացէք»։—ՄԱՐԿՈՍ 1։15
1, 2. Ի՞նչպէս կրնանք բացատրել Մարկոս 1։14, 15–ը։
ՀԱՍԱՐԱԿ Դարաշրջան 30–ն էր։ Յիսուս Քրիստոս Գալիլիոյ մէջ իր նշանակալից ծառայութեան ձեռնարկած էր։ Ան ‘Աստուծոյ աւետարանը’ կը քարոզէր, եւ իր հետեւեալ խօսքերը ոգեւորած էին բազմաթիւ Գալիլիացիներ. «[«Որոշուած», ՆԱ] ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէք ու աւետարանին հաւատացէք»։—Մարկոս 1։14, 15
2 «Որոշուած ժամանակը» եկած էր որ Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսէր, իսկ մարդիկ որոշում մը կայացնէին, որ զիրենք Աստուծոյ հաճութեան պիտի արժանացնէր։ (Ղուկաս 12։54-56) ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած էր’, քանի որ Յիսուս ներկայ էր որպէս Նշանակուած Թագաւոր։ Իր քարոզչութիւնը ուղիղ սիրտ ունեցողները զղջումի մղեց։ Սակայն անոնք ի՞նչպէս ‘աւետարանին հաւատացին’, իսկ մենք ի՞նչպէս ասիկա կ’ընենք։
3. Ի՞նչ ընելով մարդիկ ցոյց տուած են թէ աւետարանին կը հաւատան։
3 Յիսուսի նման, Պետրոս առաքեալ մարդիկը յորդորեց որ զղջան։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Երուսաղէմի մէջ գտնուող Հրեաներուն ուղղելով իր խօսքը, Պետրոս ըսաւ. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք»։ Հազարաւորներ զղջացին, մկրտուեցան, եւ Յիսուսի հետեւորդները եղան։ (Գործք 2։38, 41. 4։4) Հ.Դ. 36–ին, զղջացած հեթանոսներ նման քայլեր առին։ (Գործք 10։1-48) Մեր օրերուն, աւետարանին հանդէպ հաւատքը հազարաւորներ կը մղէ որ իրենց մեղքերէն զղջան, Աստուծոյ նուիրուին, եւ մկրտուին։ Անոնք փրկութեան բարի լուրը ընդունած են եւ Յիսուսի փրկանքի զոհագործութեան հաւատք կ’ընծայեն։ Ասկէ զատ, անոնք արդարութիւն կը գործադրեն եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան կողքին դիրք կը բռնեն։
4. Ի՞նչ է հաւատքը։
4 Ի՞նչ է հաւատքը։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հաւատքը յուսացուած բաներուն երաշխաւորուած ակնկալութիւնը ու չերեւցած իրողութիւններուն բացայայտ ապացոյցն է»։ (Եբրայեցիս 11։1, ՆԱ) Մեր հաւատքը մեզի վստահութիւն կու տայ թէ իր Խօսքին մէջ Աստուծոյ խոստացած բոլոր բաները որպէս թէ արդէն կատարուած են։ Որպէս թէ կալուածագիր մը ունինք, որ կ’ապացուցանէ թէ որոշ ստացուածքի մը սեփականատէրն ենք։ Հաւատքը նաեւ չերեւցած բաներուն «բացայայտ ապացոյցն է», կամ համոզիչ փաստն է։ Մեր ըմբռնումը եւ երախտագիտութեամբ լեցուն սիրտը մեզ կը համոզեն թէ այսպիսի բաներ իսկական են, հոգ չէ թէ զանոնք չենք տեսած։—Բ. Կորնթացիս 5։7. Եփեսացիս 1։18
Հաւատքի Պէտք Ունինք
5. Հաւատքը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է։
5 Մենք ծնած ենք հոգեւոր կարիքով մը, բայց ոչ՝ հաւատքով։ Արդարեւ, «ամէնքը հաւատք չունին»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2) Սակայն, Քրիստոնեաները պէ՛տք է հաւատք ունենան, որպէսզի Աստուծոյ խոստումները ժառանգեն։ (Եբրայեցիս 6։12) Հաւատքի բազմաթիւ օրինակներ մէջբերելէ ետք, Պօղոս գրեց. «Մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին»։ (Եբրայեցիս 12։1, 2) Ի՞նչ է «մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը»։ Անիկա անհաւատութիւնն է, ինչպէս նաեւ ատեն մը անհատին ունեցած հաւատքին կորուստն է։ Զօրաւոր հաւատք մը պահպանելու համար, պէտք է յարատեւաբար «Յիսուսին նայինք» եւ իր օրինակին հետեւինք։ Նաեւ պէտք է մերժենք անբարոյութիւնը, պայքարինք մարմնի գործերուն դէմ, եւ խուսափինք նիւթապաշտութենէ, աշխարհային փիլիսոփայութիւններէ, եւ սուրբ գրային չեղող աւանդութիւններէ։ (Գաղատացիս 5։19-21. Կողոսացիս 2։8. Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10. Յուդա 3, 4) Ասկէ զատ, պէտք է հաւատանք թէ Աստուած մեզի հետ է եւ թէ իր Խօսքին մէջի խրատները իրապէս գործնական են։
6, 7. Հաւատքի համար աղօթելը ինչո՞ւ պատշաճ է։
6 Չենք կրնար մեր ներսիդին հաւատք ստեղծել մեր անձնական վճռակամութեամբ։ Հաւատքը Աստուծոյ սուրբ հոգիին՝ կամ գործօն ոյժին՝ պտուղին մաս կը կազմէ։ (Գաղատացիս 5։22, 23, Երուսաղէմ) Ուստի, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մեր հաւատքը զօրացուելու կարիքը ունի։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք . . . ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։13) Այո, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրենք, քանի որ անիկա մեր մէջ կրնայ յառաջացնել Աստուծոյ կամքը կատարելու համար հարկ եղած հաւատքը, նոյնիսկ ամենէն փորձիչ պարագաներուն ներքեւ։—Եփեսացիս 3։20
7 Աւելի հաւատք ունենալու համար աղօթելը պատշաճ է։ Երբ Յիսուս տղեկէ մը դեւ մը հանելու վրայ էր, տղեկին հայրը աղաչեց. «Կը հաւատա՛մ, օգնէ՛ որ հաւատքս զօրանայ»։ (Մարկոս 9։24, Անթիլիաս) «Մեր հաւատքը աւելցուր», ըսին Յիսուսի աշակերտները։ (Ղուկաս 17։5) Ուստի, հաւատքի համար աղօթենք, վստահ ըլլալով թէ Աստուած այսպիսի աղօթքներու կը պատասխանէ։—Ա. Յովհաննու 5։14
Աստուծոյ Խօսքին Հանդէպ Հաւատքը Կենսական Է
8. Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատքը ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի։
8 Իր զոհագործական մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք»։ (Յովհաննու 14։1) Որպէս Քրիստոնեաներ, կը հաւատանք Աստուծոյ ու իր Որդւոյն։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուծոյ Խօսքին մասին։ Անիկա կրնայ մեր կեանքին մէջ օգտակար ազդեցութիւն ունենալ, եթէ զայն ուսումնասիրենք եւ կիրարկենք, լիովին հաւատալով թէ անիկա մեզի մատչելի եղող լաւագոյն խրատը եւ առաջնորդութիւնը կը հայթայթէ։—Եբրայեցիս 4։12
9, 10. Յակոբու 1։5-8–ի մէջ հաւատքի մասին ըսուած խօսքերը ի՞նչպէս կը բացատրէք։
9 Որպէս անկատար մարդիկ մեր կեանքը խնդիրներով լեցուն է։ Սակայն, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատք ունենալը իրապէս կրնայ օգնել մեզի։ (Յոբայ 14։1) Ենթադրենք, զոր օրինակ, թէ չենք գիտեր որոշ փորձութեան մը հետ ի՛նչպէս գլուխ ելլել։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կու տայ հետեւեալ խրատը. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։ Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասն զի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է։ Այն մարդը թող չկարծէ թէ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնէ. երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ»։—Յակոբու 1։5-8
10 Եթէ իմաստութիւն չունինք եւ անոր համար կ’աղօթենք, Եհովա Աստուած մեզ պիտի չնախատէ։ Ընդհակառակը, ան մեզի պիտի օգնէ որ փորձութիւնը դիտենք ինչպէս որ է։ Օգտակար համարներ կրնան մեր ուշադրութեան յանձնուիլ հաւատակիցներու կողմէ, կամ երբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք։ Կամ Եհովայի սուրբ հոգին կրնայ ուրիշ կերպով մը մեզ ուղղել։ Մեր երկնաւոր Հայրը մեզի իմաստութիւն պիտի տայ որ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլենք, եթէ ‘հաւատքով խնդրենք ու չերկմտինք’։ Եթէ ծովուն հողմակոծեալ ալիքներուն նման ըլլանք, չենք կրնար ակնկալել որ Աստուծմէ բան մը պիտի ստանանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ասիկա պիտի նշանակէ թէ մենք երկմիտ ու անհաստատ ենք մեր աղօթքին մէջ, կամ այլ կերպերով. այո, նոյնիսկ հաւատքի մէջ։ Ուստի, պէտք է Աստուծոյ Խօսքին ու անոր հայթայթած առաջնորդութեան հանդէպ հաստատ հաւատք ունենանք։ Այժմ կարգ մը օրինակներ նկատի առնենք թէ անիկա ի՛նչպէս օգնութիւն եւ առաջնորդութիւն կու տայ։
Հաւատք եւ Ապրուստ
11. Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատքը առօրեայ կարիքներուն նկատմամբ մեզի ի՞նչ երաշխիք կու տայ։
11 Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ հիմա անհրաժեշտ բաներէ զրկուած ենք կամ աղքատութենէ կը տառապինք։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատք ունենալը մեզի կու տայ այն երաշխաւորուած ակնկալութիւնը, թէ Եհովա մեր առօրեայ կարիքները պիտի հոգայ եւ ի վերջոյ առատ հայթայթումներ պիտի ընէ բոլոր զինք սիրողներուն համար։ (Սաղմոս 72։16. Ղուկաս 11։2, 3) Թերեւս քաջալերուինք մտածելով թէ Եհովա իր Եղիա մարգարէին ի՛նչպէս ուտելիք հայթայթեց սովի ժամանակ։ Հետագային, Աստուած հրաշքով մը ալիւրի եւ իւղի պաշարը պահպանեց, որու շնորհիւ ողջ պահուեցան կին մը, անոր որդին ու Եղիան։ (Գ. Թագաւորաց 17։2-16) Եհովա Երեմիա մարգարէին ալ ուտելիք հայթայթեց, Բաբելոնացիներու կողմէ Երուսաղէմի պաշարման ընթացքին։ (Երեմեայ 37։21) Թէեւ Երեմիա ու Եղիա փոքր քանակով ուտելիք ունէին, սակայն Եհովա անոնց հոգ տարաւ։ Ան ներկայիս նոյն բանը կ’ընէ իրեն հաւատացողներուն։—Մատթէոս 6։11, 25-34
12. Հաւատքը ի՞նչպէս պիտի օգնէ որ մեր սեղանին վրայ հաց ունենանք։
12 Հաւատքն ու Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը մեզ նիւթապէս պիտի չհարստացնեն, այլ՝ պիտի օգնեն որ մեր սեղանին վրայ հաց ունենանք։ Բացատրենք. Աստուածաշունչը մեզ կը խրատէ որ պարկեշտ, ատակ, ծանր աշխատող անհատներ ըլլանք։ (Առակաց 22։29. Ժողովողի 5։18, 19. Բ. Կորնթացիս 8։21) Երբեք պէտք չէ թերագնահատենք լաւ աշխատաւոր մը ըլլալու համբաւ մը ունենալուն արժէքը։ Նոյնիսկ հոն ուր լաւ աշխատանք մը գտնելը դժուար է, պարկեշտ, հմուտ ու աշխատասէր գործաւորներ ուրիշներէն լաւ առիթներ կ’ունենան։ Թէեւ այսպիսիներ թերեւս նիւթապէս քիչ ունենան, բայց սովորաբար անոնք ունին հիմնական անհրաժեշտութիւնները եւ իրենց ճակտի քրտինքով իրենց շահածը ուտելու գոհունակութիւնը։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։11, 12
Հաւատքը կ’Օգնէ Մեզի որ Վշտին Դիմանանք
13, 14. Հաւատքը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ վշտի դիմանանք։
13 Աստուծոյ Խօսքը իրապաշտօրէն ցոյց կու տայ թէ բնական է վիշտ զգալ, երբ սիրելի մը մահանայ։ Հաւատարիմ Աբրահամ նահապետը իր սիրելի կնոջ՝ Սառայի մահուան համար սուգ ըրաւ։ (Ծննդոց 23։2) Դաւիթ վշտահար վիճակ մը ունեցաւ, երբ իր որդւոյն՝ Աբիսողոմի մահը լսեց։ (Բ. Թագաւորաց 18։33) Նոյնիսկ կատարեալ մարդ Յիսուսը իր բարեկամին՝ Ղազարոսի՝ մահուան համար լացաւ։ (Յովհաննու 11։35, 36) Երբ սիրելի մը մահանայ, ջախջախիչ վիշտ մը կրնանք ունենալ, սակայն Աստուծոյ Խօսքին մէջ եղած խոստումներուն հաւատալը կրնայ օգնել մեզի որ այս վշտին դիմանանք։
14 Պօղոս ըսաւ. «Յոյս ունիմ առ Աստուած, . . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Բազմաթիւ անհատներ կեանքի յարուցանելու Աստուծոյ կարգադրութեան հանդէպ հաւատք պէտք է ունենանք։ (Յովհաննու 5։28, 29) Անոնց մէջ պիտի ըլլան Աբրահամ ու Սառա, Իսահակ ու Ռեբեկա, Յակոբ ու Լիա. բոլորն ալ ներկայիս մահուան մէջ քնացած են, Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յարութեան սպասելով։ (Ծննդոց 49։29-32) Ի՜նչ ուրախութիւն պիտի ըլլայ, երբ սիրելիներ մահուան քունէն արթննան, հո՛ս երկրի վրայ ապրելու համար։ (Յայտնութիւն 20։11-15) Մինչ այդ, հաւատքը պիտի չանհետացնէ վիշտը, այլ մեզ պիտի մօտեցնէ Աստուծոյ, որ մեզի կ’օգնէ սիրելիի մը կորուստին տոկալու։—Սաղմոս 121։1-3. Բ. Կորնթացիս 1։3
Հաւատքը կը Զօրացնէ Յուսալքուածները
15, 16. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ հաւատք ունեցողներուն ունեցած յուսալքումը արտակարգ բան մը չէ։ (բ) Յուսալքման հետ գլուխ ելլելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։
15 Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ թէ նոյնիսկ հաւատք ունեցողները կրնան յուսալքման զոհ դառնալ։ Իր խիստ փորձութեան ընթացքին, Յոբ այն զգացումը ունեցաւ թէ Աստուած զինք լքած էր։ (Յոբայ 29։2-5) Երուսաղէմի ու անոր պարիսպներուն աւերակ վիճակը Նէեմիան մելամաղձոտ դարձուց։ (Նէեմեայ 2։1-3) Յիսուսը ուրանալէն ետք Պետրոս ա՛յնքան զգետնուած զգաց, որ «դառնապէս լացաւ»։ (Ղուկաս 22։62) Իսկ Պօղոս Թեսաղոնիկէի ժողովքին մէջ գտնուող իր հաւատակիցները յորդորեց որ ‘վատասիրտները մխիթարեն’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Հետեւաբար, ներկայիս հաւատք ունեցողներուն յուսալքումը արտակարգ բան մը չէ։ Ուստի, յուսալքման հետ գլուխ ելլելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
16 Թերեւս յուսալքուած ենք կարգ մը լուրջ խնդիրներու պատճառաւ։ Փոխանակ զանոնք մէկ մեծ խնդիր նկատելու, թերեւս կարենանք զանոնք մէկ առ մէկ լուծել Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով։ Ասիկա կրնայ մեր յուսալքումը նուազեցնելու նպաստել։ Հաւասարակշռուած գործունէութիւնը եւ բաւարար հանգիստն ալ կրնան օգտակար ըլլալ։ Մէկ բան ստոյգ է. Աստուծոյ ու իր Խօսքին հանդէպ հաւատք ունենալը հոգեւոր բարօրութեան կը նպաստէ, քանի որ անիկա կը զօրացնէ մեր համոզումը թէ ան իրապէս կը հոգայ մեզի։
17. Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ Եհովա կը հոգայ մեզի։
17 Պետրոս մեզի կու տայ հետեւեալ մխիթարական երաշխիքը. «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ»։ (Սաղմոս 145։14) Պէտք է հաւատանք այս երաշխիքներուն, քանի որ անոնք Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը գտնուին։ Թէեւ յուսալքումը կրնայ յարատեւել, սակայն որքա՜ն հաւատք կը զօրացնէ գիտնալ թէ կրնանք մեր բոլոր հոգերը մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրը վրայ ձգել։
Հաւատք եւ Այլ Փորձութիւններ
18, 19. Հաւատքը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի հիւանդութեան հետ գլուխ ելլելու եւ անկէ տառապող հաւատակիցները մխիթարելու։
18 Հաւատքի մեծ փորձութիւն մը կրնանք ունենալ, երբ մենք կամ մեր սիրելիներէն մէկը լուրջ հիւանդութենէ մը տառապի։ Թէեւ Աստուածաշունչը Փիլիպպեցիս 2։25-30. Ա. Տիմոթէոս 5։23. Բ. Տիմոթէոս 4։20) Ասկէ զատ, ‘աղքատին հոգ տանողին’ մասին խօսելով, սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ. անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը»։ (Սաղմոս 41։1-3) Սաղմոսերգուին խօսքերը ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել որ հիւանդութենէ տառապող հաւատակիցները մխիթարենք։
չի տեղեկագրեր թէ Եպափրոդիտոսի, Տիմոթէոսի եւ Տրոփիմոսի նման Քրիստոնեաներ հրաշքով բուժուեցան, սակայն, անկասկած Եհովա անոնց օգնեց որ տոկան։ (19 Հոգեւոր օգնութիւն մատակարարելու կերպերէն մէկն է՝ հիւանդներուն հետ, եւ անոնց համար աղօթել։ Թէեւ ներկայիս չենք կրնար հրաշալի բուժումներ խնդրել, սակայն կրնանք Աստուծմէ խնդրել որ անոնց տայ ոյժ՝ իրենց հիւանդութեան տոկալու, եւ հարկ եղած հոգեւոր զօրութիւնը՝ տկարութեան այսպիսի պահերու համբերելու։ Եհովա անոնց նեցուկ պիտի կանգնի, եւ անոնց հաւատքը պիտի ամրապնդուի, ակնկալութեամբ սպասելով այն ժամանակին երբ երկրի վրայ բնակող ոեւէ անհատ «պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Ի՜նչ մխիթարական է գիտնալ թէ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ, հնազանդ մարդկութիւնը վերջնականապէս պիտի հանգստանայ մեղքէն, հիւանդութենէն ու մահէն։ Այս բոլոր հոյակապ հեռանկարներուն համար, շնորհակալ ենք Եհովայի՝ որ ‘պիտի բժշկէ մեր բոլոր հիւանդութիւնները’։—Սաղմոս 103։1-3. Յայտնութիւն 21։1-5
20. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ հաւատքը կրնայ մեզի օգնել ծերութեան ‘թշուառ օրերուն’ դիմանալու։
20 Հաւատքը կրնայ մեզի օգնել նաեւ ծերութեան ‘թշուառ օրերուն’ դիմանալու, երբ մեր առողջութիւնն ու զօրութիւնը կորսնցնենք։ (Ժողովողի 12։1-7) Ուստի, մեր մէջ եղող տարեցները կրնան աղօթել այն ծերունի սաղմոսերգուին նման, որ տաղերգեց. «Իմ վստահութիւնս դուն ես, ո՛վ Տէր Եհովա. . . . Ծերութեան ատեն զիս մի՛ ձգեր. ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր»։ (Սաղմոս 71։5, 9) Սաղմոսերգուն Եհովայի օգնութեան կարիքը զգաց, ինչպէս որ մեր Քրիստոնեայ հաւատակիցներէն շատեր կը զգան, որոնք Աստուծոյ ծառայութեան մէջ տարիներ անցընելէ ետք, այժմ ծերացած են։ Իրենց հաւատքին շնորհիւ, անոնք վստահ կրնան ըլլալ թէ Եհովայի յաւիտենական բազուկները միշտ պատրաստ պիտի ըլլան իրենց նեցուկ կանգնելու։—Բ. Օրինաց 33։27
Աստուծոյ Խօսքին Հանդէպ Մեր Հաւատքը Պահպանենք
21, 22. Եթէ հաւատք ունենանք, անիկա ի՞նչպէս կ’ազդէ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան։
21 Աւետարանին եւ ամբողջ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատք ունենալը մեզի կ’օգնէ որ Եհովայի աւելի մօտենանք։ (Յակոբու 4։8) Ճիշդ է թէ ան մեր Գերիշխան Տէրն է, սակայն ան նաեւ մեր Ստեղծիչը ու Հայրն է։ (Եսայեայ 64։8. Մատթէոս 6։9. Գործք 4։24) «Դուն ես իմ Հայրս, իմ Աստուածս ու իմ փրկութեանս Վէմը», տաղերգեց սաղմոսերգուն։ (Սաղմոս 89։26) Եթէ Եհովայի ու իր ներշնչեալ Խօսքին հաւատանք, մենք ալ կրնանք զինք ‘մեր փրկութեան Վէմը’ նկատել։ Ի՜նչ սրտապնդիչ առանձնաշնորհում մը։
22 Եհովա, հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներուն եւ երկրային յոյս ունեցող անոնց ընկերակիցներուն Հայրն է։ (Հռովմայեցիս 8։15) Իսկ մեր երկնաւոր Հօրը հաւատք ընծայելը երբեք յուսախաբ չ’ըներ մեզ։ Դաւիթ ըսաւ. «Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն, բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի»։ (Սաղմոս 27։10) Ասկէ զատ, ունինք հետեւեալ երաշխիքը. «Տէրը իր մեծ անուանը համար իր ժողովուրդը չի թողուր»։—Ա. Թագաւորաց 12։22
23. Եհովայի հետ մնայուն յարաբերութիւն վայելելու համար մեզմէ ի՞նչ կը պահանջուի։
23 Անշուշտ, Եհովայի հետ մնայուն յարաբերութիւն մը վայելելու համար, պէտք է աւետարանին հաւատանք եւ Սուրբ Գրութիւնները ընդունինք որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13) Պէտք է Եհովայի հանդէպ անվերապահ հաւատք ունենանք եւ թոյլ տանք որ իր Խօսքը մեր շաւիղները լուսաւորէ։ (Սաղմոս 119։105. Առակաց 3։5, 6) Մեր հաւատքը պիտի աճի երբ իրեն կ’աղօթենք, վստահելով իր կարեկցութեան, ողորմութեան եւ օգնութեան։
24. Հռովմայեցիս 14։8–ի մէջ մխիթարական ի՞նչ գաղափար ներկայացուած է։
24 Հաւատքն էր որ մեզ մղեց յաւիտեան Աստուծոյ նուիրուելու։ Քանի որ զօրաւոր հաւատք ունինք, եթէ մեռնինք իսկ, մենք իր նուիրուած ծառաներն ենք եւ յարութեան յոյսը ունինք։ Այո, «թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք»։ (Հռովմայեցիս 14։8) Այս մխիթարական գաղափարը մեր միտքը պահենք, մինչ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր վստահութիւնը կը պահպանենք եւ կը շարունակենք աւետարանին հաւատք ընծայել։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Ի՞նչ է հաւատքը, եւ ինչո՞ւ այս յատկութեան կարիքը ունիք։
• Ինչո՞ւ կենսական է որ աւետարանին եւ ամբողջ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատք ունենանք։
• Հաւատքը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ զանազան փորձութիւններու տոկանք։
• Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի մեր հաւատքը պահպանելու։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 8]
Երեմիայի ու Եղիայի կարիքները հայթայթեց Եհովա, քանի որ անոնք հաւատք ունէին
[Նկարներ՝ էջ 9]
Յոբ, Պետրոս եւ Նէեմիա զօրաւոր հաւատք ունէին
[Նկարներ՝ էջ 11]
Եհովայի հետ մնայուն յարաբերութիւն մը վայելելու համար, պէտք է աւետարանին հաւատանք