‘Իրարու վրայ սէր ունեցէք’
‘Իրարու վրայ սէր ունեցէք’
«Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 13։35
1. Իր մահէն քիչ առաջ Յիսուս ո՞ր յատկութիւնը շեշտեց։
«Ո՛ՐԴԵԱԿՆԵՐ»։ (Յովհաննու 13։33) Այս խանդաղատալից արտայայտութիւնը գործածեց Յիսուս, երբ իր առաքեալներուն հետ կը խօսէր իր մահուան նախորդող գիշերը։ Աւետարանի պատմութիւններուն մէջ չէ յիշուած թէ Յիսուս այս խանդաղատալից արտայայտութիւնը երբեք գործածած է անոնց հետ խօսելու ատեն։ Սակայն, այդ մասնայատուկ գիշերը, ան հարկ զգաց այդ գորովալից արտայայտութիւնը գործածելու, իր հետեւորդներուն հանդէպ իր զգացած խոր սէրը հաղորդելու համար։ Արդարեւ, այդ գիշեր Յիսուս շուրջ 30 անգամ խօսեցաւ սիրոյ մասին։ Ան ինչո՞ւ այսքան շեշտեց այս յատկութիւնը։
2. Սէր ցուցաբերելը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է Քրիստոնեաներուն համար։
2 Յիսուս բացատրեց թէ սէրը ինչո՛ւ այդքան կարեւոր է։ Ան ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35. 15։12, 17) Քրիստոսի հետեւորդ մը ըլլալը սերտօրէն առնչուած է եղբայրասիրութիւն ցուցաբերելուն հետ։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը բնորոշուին ո՛չ մասնայատուկ տարազով, ո՛չ ալ արտակարգ սովորութիւններով, այլ՝ իրարու հանդէպ իրենց ցուցաբերած ջերմ ու գորովալից սիրով։ Այսպիսի ուշագրաւ սէր ունենալը, նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Քրիստոսի աշակերտներէն պահանջուած երեք գլխաւոր պահանջներէն երկրորդն է։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի որ շարունակենք այս պահանջին գոհացում տալ։
‘Ա՛լ Աւելի Առատանանք’
3. Սիրոյ նկատմամբ Պօղոս առաքեալ ի՞նչ յորդոր տուաւ։
3 Քրիստոսի առաջին դարու հետեւորդներուն նման, այս յատկանշական սէրը ներկայիս աչքառու է Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտներուն մէջ։ Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն Պօղոս առաքեալ գրեց. «Եղբայրսիրութեան մասին պէտք չէ ձեզի բան գրել, վասն զի դուք Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել եւ արդէն կը սիրէք դուք Մակեդոնիայի մէջ եղող բոլոր եղբայրները»։ Այսուհանդերձ, Պօղոս աւելցուց. ‘Ա՛լ աւելի առատացէք’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։12. 4։9, 10) Մենք ալ պէտք է Պօղոսի յորդորին անսանք եւ ջանանք իրարու հանդէպ սէր ցուցաբերելու մէջ ‘ա՛լ աւելի առատանալ’։
4. Պօղոսի ու Յիսուսի համաձայն, որո՞ւ հանդէպ մասնայատուկ նկատառութիւն պէտք է ցոյց տանք։
Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Ուրիշ առիթով մը, ան Քրիստոնեաներուն յիշեցուց թէ անոնք ‘որ զօրաւոր են, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնեն’։ (Հռովմայեցիս 15։1) Յիսուս ալ տկարներուն օգնելու մասին պատուէրներ տուաւ։ Նախատեսելէ ետք թէ իր ձերբակալութեան գիշերը Պետրոս զինք պիտի լքէր, Յիսուս ըսաւ Պետրոսին. «Դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք ալ Յիսուսը լքած պիտի ըլլային ու հետեւաբար օգնութեան կարիքը պիտի ունենային։ (Ղուկաս 22։32. Յովհաննու 21։15-17) Ուստի, Աստուծոյ Խօսքը մեզի ուղղութիւն կու տայ որ սիրալիր ձեռք երկարենք հոգեւորապէս տկար անհատներուն, որոնք թերեւս քրիստոնէական ժողովքին հետ այլեւս չեն ընկերակցիր։ (Եբրայեցիս 12։12) Ինչո՞ւ պէտք է ընենք ասիկա։ Յիսուսի տուած վառ նկարագրութեամբ երկու առակներ պատասխանը կը հայթայթեն։
4 Նոյն ներշնչեալ նամակին մէջ, Պօղոս իր հաւատակիցները քաջալերեց որ ‘վատասիրտները մխիթարեն’ եւ ‘տկարներուն ձեռնտու ըլլան’։ (Կորսուած Ոչխար մը եւ Կորսուած Դրամ մը
5, 6. (ա) Յիսուս ի՞նչ երկու հակիրճ առակներ պատմեց։ (բ) Այս առակները Եհովայի մասին ի՞նչ կը յայտնեն։
5 Մոլորեալներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը սորվեցնելու համար իր ունկնդիրներուն, Յիսուս երկու կարճ առակներ տուաւ։ Մէկը՝ հովիւի մը մասին էր։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, իննսունըինը չի ձգեր անապատին մէջ ու այն կորսուածին ետեւէն երթար, մինչեւ զանիկա գտնէ։ Ու երբ գտնէ, ուրախանալով իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա եւ տունը գալով, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու անոնց կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսուած ոչխարս գտայ’։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունըինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»։—Ղուկաս 15։4-7
6 Երկրորդ առակը կնոջ մը մասին էր։ Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ է այն կինը որ տասը դրամ ունենայ ու դրամ մը կորսնցնէ, ճրագ չի վառեր ու տանը մէջ աւել զարներ եւ զգուշութեամբ փնտռեր, մինչեւ գտնէ։ Ու երբ գտնէ, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսնցուցած դրամս գտայ’։ Այնպէս ալ, ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։—Ղուկաս 15։8-10
7. Կորսուած ոչխարին ու կորսուած դրամին առակները ի՞նչ երկու դասեր կը պարունակեն։
7 Այս հակիրճ առակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Անոնք ցոյց կու տան թէ (1) ի՛նչպէս պէտք է զգանք տկարացած անհատներու հանդէպ, եւ (2) ի՛նչ պէտք է ընենք անոնց օգնելու համար։ Այժմ նկատի առնենք այս կէտերը։
Կորսուած՝ Սակայն Արժէքաւոր
8. (ա) Հովիւը եւ կինը իրենց կորուստը ի՞նչպէս նկատեցին։ (բ) Անոնց հակազդեցութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ կորսուած բանին հանդէպ իրենց տեսակէտին մասին։
8 Երկու առակներուն մէջ ալ բան մը կորսուած էր, սակայն, նկատի առէք անոնց տէրերուն հակազդեցութիւնը։ Հովիւը չըսաւ. ‘Մէկ ոչխարին արժէքը ի՛նչ է, երբ տակաւին 99 ոչխար ունիմ։ Առանց անոր ալ գործս կը տեսնեմ’։ Կինը չըսաւ. ‘Ինչո՞ւ այդ մէկ դրամին համար մտահոգուիմ։ Մնացած իննով գոհ եմ’։ Ընդհակառակը, հովիւը իր կորսուած ոչխարը փնտռեց, որպէս թէ իր միակ ոչխարը ըլլար։ Իսկ կինը իր կորսնցուցած դրամը նկատեց որպէս թէ ուրիշը չունէր։ Երկու պարագաներուն ալ, կորսուածը տակաւին թանկագին էր տիրոջ մտքին մէջ։ Ասիկա ի՞նչ կը սորվեցնէ։
9. Հովիւին ու կնոջ ցուցաբերած հոգածութիւնը ի՞նչ կ’արտացոլացնէ։
9 Երկու պարագային ալ նկատի առէք Յիսուսի եզրակացութիւնը. «Աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ Երեմեայ 31։3) Այսպիսիներ կրնան հոգեւորապէս տկար ըլլալ, բայց անպայմանօրէն ըմբոստ չըլլալ։ Տկարացած ըլլալով հանդերձ, թերեւս անոնք որոշ տարողութեամբ տակաւին Եհովայի պահանջները կը պահեն։ (Սաղմոս 119։176. Գործք 15։29) Ուստի, ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ Եհովա շուտով ‘զանոնք իր երեսէն չի ձգեր’։—Դ. Թագաւորաց 13։23
երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ», եւ «այնպէս ալ, ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։ Հետեւաբար, հովիւին ու կնոջ հոգածութիւնը, փոքր չափով կ’արտացոլացնէ Եհովայի ու իր երկնային արարածներուն զգացումները։ Ճիշդ ինչպէս որ կորսուածը հովիւին ու կնոջ աչքին տակաւին թանկագին էր, նոյնպէս անոնք որոնք հեռացած են եւ Եհովայի ժողովուրդին հետ չեն ընկերակցիր, Եհովայի աչքին տակաւին թանկագին են։ (10, 11. (ա) Ժողովքէն հեռացած անհատները ի՞նչպէս կ’ուզենք նկատել։ (բ) Յիսուսի երկու առակներուն համաձայն, անոնց հանդէպ մեր հոգածութիւնը ի՞նչպէս կրնանք արտայայտել։
10 Եհովայի ու Յիսուսի նման, մենք ալ խորապէս հետաքրքրուած ենք տկարներով եւ քրիստոնէական ժողովքին հետ չընկերակցողներով։ (Եզեկիէլ 34։16. Ղուկաս 19։10) Հոգեւորապէս տկար անհատ մը կը նկատենք որպէս կորսուած ոչխար մը, ու ո՛չ թէ անյոյս պարագայ մը։ Չենք մտածեր. ‘Ինչո՞ւ տկար մէկու մը մասին մտահոգուինք։ Ժողովքը առանց անոր ալ լաւ կ’ընթանայ’։ Ընդհակառակը, Եհովայի նման, հեռացած՝ սակայն վերադառնալու փափաք ունեցող անհատները կը նկատենք որպէս թանկագին անհատներ։
11 Սակայն, մեր հոգածութիւնը ի՞նչպէս կրնանք արտայայտել։ Յիսուսի երկու առակները ցոյց կու տան թէ ասիկա կրնանք ընել (1) նախաքայլը առնելով, (2) ազնուօրէն վարուելով, եւ (3) անկեղծ ըլլալով։ Այժմ ասոնք մէկ առ մէկ վերլուծենք։
Նախաքայլը Առէք
12. ‘Կորսուածին ետեւէն երթալ’ արտայայտութիւնը, հովիւին կեցուածքին նկատմամբ ի՞նչ կը յայտնէ։
12 Երկու առակներէն առաջինին մէջ, Յիսուս կ’ըսէ թէ հովիւը ‘կորսուածին ետեւէն կ’երթայ’։ Հովիւը նախաքայլը կ’առնէ եւ կորսուած ոչխարը գտնելու համար դիտումնաւոր ջանք կը թափէ։ Դժուարութիւնները, վտանգը եւ հեռաւորութիւնը զինք ետ չեն պահեր։ Ընդհակառակը, հովիւը կը յարատեւէ «մինչեւ զանիկա գտնէ»։—Ղուկաս 15։4
13. Վաղեմի հաւատարիմ մարդիկը տկարներու կարիքներուն ի՞նչպէս ընդառաջեցին, եւ ի՞նչպէս կրնանք սուրբ գրային այսպիսի տիպարներ ընդօրինակել։
13 Նմանապէս, քաջալերութեան կարիքը ունեցող անհատի մը օգնելու համար, յաճախ կը պահանջուի որ զօրաւոր անհատը նախաքայլը առնէ։ Վաղեմի հաւատարիմ մարդիկը ասիկա լաւ ըմբռնած էին։ Օրինակ, երբ Սաւուղ Թագաւորին որդին՝ Յովնաթան նկատեց թէ իր սերտ բարեկամը՝ Դաւիթ, քաջալերութեան կարիքը ունէր, Յովնաթան «ելաւ անտառը գնաց Դաւիթին ու անոր ձեռքը Աստուծմով զօրացուց»։ (Ա. Թագաւորաց 23։15, 16) Դարեր ետք, երբ Նէեմիա Կառավարիչը տեսաւ թէ իր Հրեայ եղբայրներէն ոմանք վհատած էին, ան ալ անմիջապէս ‘ելաւ’ եւ զիրենք քաջալերեց որ ‘Տէրը յիշեն’։ (Նէեմեայ 4։14) Ներկայիս մենք ալ պէտք է ուզենք ‘ելլել’՝ նախաքայլը առնել՝ տկարները զօրացնելու համար։ Սակայն, ժողովքին մէջ որո՞նք պէտք է ընեն ասիկա։
14. Քրիստոնէական ժողովքին մէջ որո՞նք պէտք է տկարներուն գործնականօրէն օգնեն։
14 Մասնաւորաբար Քրիստոնեայ երէցներու պատասխանատուութիւնն է ‘թուլցած ձեռքերը ուժովցնել ու դողդոջուն ծունկերը զօրացնել’ եւ ‘թուլասիրտներուն ըսել. «Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք»’։ (Եսայեայ 35։3, 4. Ա. Պետրոս 5։1, 2) Սակայն, նկատի առէք թէ ‘վատասիրտները մխիթարելու’ եւ ‘տկարներուն ձեռնտու ըլլալու’ Պօղոսի յորդորը, միայն երէցներուն տրուած չէր։ Այլ, Պօղոսի խօսքերը ուղղուած էին «Թեսաղոնիկեցիներու [ամբողջ] ժողովքին»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։1, ՆԱ. 5։14) Ուստի, տկարներուն գործնականօրէն օգնելը բոլոր Քրիստոնեաներուն պարտականութիւնն է։ Առակին մէջի հովիւին նման, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ պէտք է մղուի ‘կորսուածին ետեւէն երթալու’։ Անշուշտ, ասիկա աւելի ազդու կերպով կը կատարուի երէցներուն հետ համագործակցելով։ Ձեր ժողովքին մէջ տկար անհատի մը օգնելու համար կրնա՞ք կարգ մը քայլեր առնել։
Ազնուօրէն Վարուեցէք
15. Հովիւը ինչո՞ւ այս կերպով վարուեցաւ։
15 Երբ հովիւը ի վերջոյ կորսուած ոչխարը գտնէ, ի՞նչ կ’ընէ։ «Իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա»։ (Ղուկաս 15։5) Ի՜նչ սրտաշարժ ու իմաստալից մանրամասնութիւն մը։ Կրնայ ըլլալ որ ոչխարը գիշեր ցորեկ թափառած է անծանօթ շրջաններու մէջ, թերեւս նոյնիսկ առիւծներու կողմէ հետապնդուած։ (Յոբայ 38։39, 40) Անկասկած, ոչխարը սոված ըլլալով ուժաթափ եղած է։ Շատ տկար ըլլալով, անիկա չի կրնար իր անձնական ոյժով յաղթահարել այն խոչընդոտները, որոնց կրնայ հանդիպիլ հօտին վերադառնալու ճամբուն վրայ։ Հետեւաբար, հովիւը կը ծռի, ազնուօրէն կը վերցնէ ոչխարը, եւ զայն իր ուսերուն վրայ շալկելով կ’անցընէ այն բոլոր խոչընդոտներուն վրայէն եւ կը վերադարձնէ հօտին։ Ի՞նչպէս կրնանք այս հովիւին ցուցաբերած հոգատարութիւնը արտացոլացնել։
16. Ինչո՞ւ մոլորած ոչխարին հանդէպ հովիւին ցուցաբերած ազնուութիւնը պէտք է արտացոլացնենք։
16 Ժողովքին հետ կապը խզած անհատ մը կրնայ հոգեւոր առումով ուժասպառ ըլլալ։ Հովիւէն զատուած ոչխարի մը նման, այսպիսի անհատ մը աննպատակ թափառած ըլլալու է այս թշնամալից աշխարհին մէջ։ Առանց հօտին՝ քրիստոնէական ժողովքին՝ հայթայթած պաշտպանութեան, ան որեւէ ժամանակէ աւելի ենթակայ է Բանսարկուին յարձակումներուն, որ «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։ (Ա. Պետրոս 5։8) Ասկէ զատ, ան հոգեւոր սնունդէ զուրկ եղած ըլլալով տկարացած է։ Ուստի, շատ տկար ըլլալով, առանձին չի կրնար յաղթահարել դէպի հօտ վերադարձի ճամբուն վրայ գտնուող խոչընդոտները։ Հետեւաբար, պէտք է ծռինք, տկար անհատը քնքշօրէն շալկենք եւ զինք վերադարձնենք։ (Գաղատացիս 6։2) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք իրագործել։
17. Երբ տկար անհատի մը կ’այցելենք, ի՞նչպէս կրնանք Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել։
17 Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մէկը ցա՞ւ մը ունի, ես ալ հետը կը տառապիմ»։ (Բ. Կորնթացիս 11։29, Անթիլիաս. Ա. Կորնթացիս 9։22) Պօղոս կարեկցութիւն ունէր մարդոց՝ ի ներառեալ տկարներուն՝ հանդէպ։ Կ’ուզենք տկարներուն հանդէպ նման կարեկցութիւն ցուցաբերել։ Երբ հոգեւորապէս տկար Քրիստոնեայի մը այցելէք, զինք հաւաստիացուցէք թէ ինք Եհովայի աչքին թանկագին է եւ Վկայ հաւատակիցները իր պակասը կը զգան։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։17) Անոր գիտցուցէք թէ անոնք պատրաստ են իրեն օգնելու եւ կ’ուզեն ‘նեղութեան ատենուան համար ծնած եղբայր մը’ ըլլալ։ (Առակաց 17։17. Սաղմոս 34։18) Մեր անկեղծ արտայայտութիւնները կրնան զինք ազնուօրէն ու կամաց–կամաց քաջալերել, այն աստիճան որ ան հօտին վերադառնալու կարող ըլլայ։ Յաջորդ քայլը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ Կնոջ ու կորսուած դրամին առակը մեզի ուղղութիւն կու տայ։
Անկեղծ Եղէք
18. (ա) Առակին մէջի կինը ինչո՞ւ իր յոյսը չկորսնցուց։ (բ) Կինը ի՞նչ անկեղծ ջանքեր թափեց եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
18 Դրամը կորսնցնող կինը գիտէ թէ պարագան դժուար է, բայց ոչ՝ անյոյս։ Եթէ դրամը մեծ մացառուտի կամ խորունկ ճահիճի մը մէջ ինկած ըլլար, հաւանաբար ան խորհէր թէ զայն փնտռելը ապարդիւն է։ Սակայն, գիտնալով թէ դրամը տան մէջ տեղ մը ըլլալու է եւ զայն գտնելը կարելի է, ան մանրակրկիտ ու լուրջ փնտռտուքի մը կը ձեռնարկէ։ (Ղուկաս 15։8) Նախ, ճրագ մը կը վառէ իր մութ տունը լուսաւորելու համար։ Ապա, աւելով գետինը կ’աւլէ, յուսալով դրամին հնչիւնը լսել։ Ի վերջոյ, ան զգուշօրէն կը փնտռէ բոլոր անկիւնները, մինչեւ որ ճրագին լոյսը իյնայ արծաթադրամին վրայ։ Կնոջ անկեղծ ջանքերը կը վարձատրուին։
19. Կորսուած դրամի առակին մէջի կնոջ ըրածներէն ի՞նչ դասեր կը սորվինք տկարներուն օգնելու մասին։
19 Առակին այս մանրամասնութիւնը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ թէ՝ տկար Քրիստոնեայի մը օգնելու սուրբ գրային պարտականութիւնը մեր կարողութենէն վեր եղող բան մը չէ։ Նոյն ատեն, կը գիտակցինք թէ ասիկա ջանք կը պահանջէ։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի երէցներուն ըսաւ. «Պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել»։ (Գործք 20։35ա) Մի՛ մոռնաք թէ կինը դիպուածով չէ որ կը գտնէ դրամը, մերթ ընդ մերթ տան մէջ հոս հոն նայելով։ Ո՛չ, ան կը յաջողի քանի որ հետեւողական կերպով կը փնտռէ «մինչեւ գտնէ»։ Նմանապէս, երբ կը ջանանք հոգեւորապէս տկար անհատ մը սիրաշահիլ, մեր մօտեցումը պէտք է անկեղծ ու նպատակալից ըլլայ։ Ի՞նչ կրնանք ընել։
20. Տկարներուն օգնելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։
20 Ի՞նչպէս կրնանք տկար անհատի մը օգնել որ հաւատք ու գնահատութիւն զարգացնէ։ Յարմար քրիստոնէական գրականութիւն մը գործածելով անոր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելը շատ տեղին կրնայ ըլլալ։ Արդարեւ, տկար անհատի մը հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելը, մեզի թոյլ կու տայ որ անոր օգնենք հետեւողական ու ամբողջական կերպով։ Հաւանաբար ծառայութեան տեսուչը լաւագոյնս կրնայ որոշել թէ ո՛վ կրնայ հարկ եղած օգնութիւնը մատուցանել։ Թերեւս ան թելադրէ թէ ո՛ր նիւթերը կարելի է ուսումնասիրել եւ ո՛ր գրականութիւնը ամենէն օգտակարը կրնայ ըլլալ։ Ճիշդ ինչպէս որ առակին մէջի կինը իր փնտռտուքը կը կատարէ պիտանի գործիքներ գործածելով, ներկայիս մենք ալ ունինք գործիքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն տկարներուն օգնելու, մեր աստուածատուր պատասխանատուութիւնը կատարելու համար։ Մեր նոր գործիքներէն կամ գրականութիւններէն երկուքը, յատկապէս օգտակար պիտի ըլլան այս ուղղութեամբ։ Անոնք՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուածը Պաշտեցէք եւ Եհովայի Մօտեցէք գրքերն են։ *
21. Ի՞նչպէս տկարներուն օգնելը բոլորին օրհնութիւններ կը բերէ։
21 Տկարներուն աջակցիլը բոլորին օրհնութիւններ կը բերէ։ Օգնութիւն ստացողը իսկական բարեկամներու հետ վերամիացած ըլլալու ուրախութիւնը կ’ունենայ։ Իսկ մենք կ’ունենանք այն խոր ուրախութիւնը, որ միայն տալէն յառաջ կու գայ։ (Ղուկաս 15։6, 9. Գործք 20։35բ) Ամբողջ ժողովքը ջերմ կ’ըլլայ, երբ իւրաքանչիւր անդամ միւսներուն հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ։ Իսկ ամէն բանէ աւելի, պատիւը կ’երթայ մեր սիրալիր Հովիւներուն՝ Եհովայի ու Յիսուսի, մինչ տկարներուն օգնելու անոնց փափաքը կ’արտացոլացուի իրենց երկրային ծառաներուն կողմէ։ (Սաղմոս 72։12-14. Մատթէոս 11։28-30. Ա. Կորնթացիս 11։1. Եփեսացիս 5։1) Հետեւաբար, ի՜նչ լաւ պատճառներ ունինք որ շարունակենք ‘իրարու վրայ սէր ունենալ’։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 20 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Կրնա՞ք բացատրել
• Սէր ցոյց տալը ինչո՞ւ իւրաքանչիւրիս համար կենսական է։
• Ինչո՞ւ տկարներուն հանդէպ ալ պէտք է սէր ցոյց տանք։
• Ի՞նչ դաս կը սորվինք կորսուած ոչխարին ու կորսուած դրամին առակներէն։
• Տկար անհատի մը օգնելու համար ի՞նչ գործնական քայլեր կրնանք առնել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 24]
Տկարներուն օգնելու մէջ նախաքայլը կ’առնենք, եւ ազնուութիւն ու անկեղծութիւն ցոյց կու տանք
[Նկար՝ էջ 25]
Տկարներուն օգնելը բոլորին օրհնութիւններ կը բերէ