‘Խօսքիս մէջ կեցէք’
‘Խօսքիս մէջ կեցէք’
«Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8։31
1. (ա) Երբ Յիսուս երկինք վերադարձաւ, երկրի վրայ ի՞նչ ձգեց։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
ԵՐԲ Յիսուս Քրիստոս՝ Քրիստոնէութեան Հիմնադիրը՝ երկինք վերադարձաւ, երկրի վրայ իր կողմէ գրուած գրքեր, իր կողմէ կառուցուած կոթողներ, կամ իր կողմէ դիզուած գանձեր չձգեց։ Ան իր ետին ձգեց աշակերտներ, ինչպէս նաեւ աշակերտ ըլլալու մասնայատուկ պահանջներ։ Իրականութեան մէջ, Յովհաննու Աւետարանին մէջ կը գտնենք Յիսուսի կողմէ յիշուած երեք կարեւոր պահանջներ, որոնց գոհացում պէտք է տայ ոեւէ անհատ որ կը փափաքի իր հետեւորդը ըլլալ։ Ի՞նչ են այս երեք պահանջները։ Ի՞նչ կրնանք ընել անոնց գոհացում տալու համար։ Իսկ ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ ներկայիս անձնապէս որակելի ենք Քրիստոսի աշակերտներ ըլլալու։ *
2. Աշակերտ ըլլալու կարեւոր մէկ պահանջը ի՞նչ է, ինչպէս Յովհաննու Աւետարանին մէջ արձանագրուած է։
2 Իր մահէն շուրջ վեց ամիս առաջ, Յիսուս Երուսաղէմ ելաւ եւ շաբաթ մը տեւող Տաղաւարահարաց Տօնը կատարելու համար հոն հաւաքուած բազմութեան քարոզեց։ Որպէս արդիւնք, տօնին կիսուն «ժողովուրդէն շատեր հաւատացին իրեն»։ Յիսուս շարունակեց քարոզել, այնպէս որ տօնին վերջին օրը, անգամ մը եւս «շատ մարդիկ իրեն հաւատացին»։ (Յովհաննու 7։10, 14, 31, 37. 8։30) Այդ ժամանակ, Յիսուս իր ուշադրութիւնը նորահաւատներուն ուղղեց եւ աշակերտ ըլլալու կարեւոր պահանջներէն մէկը նշեց, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ կ’արձանագրէ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք»։—Յովհաննու 8։31
3. ‘Յիսուսի խօսքին մէջ կենալու’ համար, ո՞ր յատկութեան կարիքը կայ։
3 Այս խօսքերով, Յիսուս ըսել չէր ուզեր թէ նորահաւատները բաւարար հաւատք չունէին։ Այլ, ան կը մատնանշէր թէ անոնք իր ճշմարիտ աշակերտները ըլլալու պատեհութիւնը ունէին, պայմանաւ որ իր խօսքին մէջ կենային, եւ համբերութիւն ցուցաբերէին։ Անոնք իր խօսքը ընդունած էին, բայց այժմ պէտք էր շարունակէին անոր մէջ կենալ։ (Յովհաննու 4։34. Եբրայեցիս 3։14) Արդարեւ, Յիսուս իր հետեւորդներուն համար համբերութեան յատկութիւնը ա՛յնքան կարեւոր նկատեց, որ Յովհաննու Աւետարանին մէջ արձանագրուած իր աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին զրոյցին մէջ, ան երկու անգամ յորդորեց. «Շարունակէ ինծի հետեւիլ»։ (Յովհաննու 21։19, 22, ՆԱ) Նախկին Քրիստոնեաներէն շատեր ճիշդ այս է որ ըրին։ (Բ. Յովհաննու 4) Ի՞նչ բան օգնեց իրենց որ համբերեն։
4. Ի՞նչ բան նախկին Քրիստոնեաներուն օգնեց որ համբերեն։
4 Յովհաննէս առաքեալ, շուրջ եօթը տասնամեակ Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտ մը, կարեւոր ազդակ մը մատնանշեց։ Ան հաւատարիմ Քրիստոնեաները գովեց, ըսելով. «Դուք ուժով էք եւ Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը բնակի [«կը մնայ», Անթիլիաս] ու չարին յաղթեցիք»։ Քրիստոսի այս աշակերտները համբերեցին, կամ՝ Աստուծոյ խօսքին մէջ մնացին, քանի որ Աստուծոյ խօսքը իրենց մէջ կը մնար։ Ա. Յովհաննու 2։14, 24) Ներկայիս ալ, մինչեւ վերջը համբերելու համար պէտք է վստահ ըլլանք թէ Աստուծոյ խօսքը մեր մէջ կը մնայ։ (Մատթէոս 24։13) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Յիսուսի պատմած մէկ առակը ասոր պատասխանը կու տայ։
Անոր հանդէպ խոր գնահատութիւն ունէին։ (‘Խօսքը Լսել’
5. (ա) Իր առակներէն մէկուն մէջ, Յիսուս հողի ի՞նչ տարբեր տեսակներ յիշեց։ (բ) Յիսուսի առակին մէջի սերմը եւ հողը ի՞նչ կը պատկերացնեն։
5 Յիսուս սերմնացանին առակը տուաւ, որ արձանագրուած է Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս Աւետարաններուն մէջ։ (Մատթէոս 13։1-9, 18-23. Մարկոս 4։1-9, 14-20. Ղուկաս 8։4-8, 11-15) Մինչ այս արձանագրութիւնները կ’ընթերցէք, պիտի նկատէք թէ առակին գլխաւոր երեսակը այն է թէ՝ նոյն սերմը կ’իյնայ զանազան տեսակի հողերու մէջ եւ տարբեր արդիւնքներ կու տայ։ Առաջին տեսակ հողը կարծր է, երկրորդը՝ ծանծաղ, իսկ երրորդը՝ փուշերով ծածկուած։ Չորրորդ տեսակը, միւս երեքին հակառակը, լաւ կամ «աղէկ հող» է։ Յիսուսի բացատրութեան համաձայն, սերմը Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած Թագաւորութեան պատգամն է, եւ հողը կը ներկայացնէ սրտի տարբեր վիճակներ ունեցող անհատներ։ Թէեւ հողի տարբեր տեսակներով պատկերացուած անհատները հասարակաց կարգ մը բաներ ունին, սակայն, աղէկ հողով պատկերացուած անհատները յատկանիշ մը ունին, որ զիրենք կը զատորոշէ միւսներէն։
6. (ա) Յիսուսի առակին մէջի չորրորդ տեսակի հողը ի՞նչպէս տարբեր է միւս երեք տեսակներէն, եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Որպէս Քրիստոսի աշակերտներ համբերութիւն ցուցաբերելու համար ի՞նչ բան կենսական է։
6 Ղուկաս 8։12-15–ի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ չորս պարագաներուն ալ մարդիկ ‘խօսքը կը լսեն’։ Սակայն, ‘բարի եւ յօժար սիրտ’ ունեցողները ‘խօսքը լսելէն’ աւելի կ’ընեն։ Անոնք զայն «կ’ընդունին ու համբերութիւնով պտուղ կու տան»։ Բարի եւ յօժար հողը, կակուղ ու խորունկ ըլլալով, թոյլ կու տայ որ սերմին արմատները խորը իջնեն, եւ որպէս արդիւնք՝ սերմը կը ծլի եւ պտուղ կու տայ։ (Ղուկաս 8։8) Նոյնպէս, բարի սիրտ ունեցողները Աստուծոյ խօսքը կը հասկնան, կը գնահատեն եւ զայն կ’իւրացնեն։ (Հռովմայեցիս 10։10. Բ. Տիմոթէոս 2։7) Աստուծոյ խօսքը իրենց մէջ կը մնայ։ Հետեւաբար, անոնք համբերութիւնով պտուղ կու տան։ Ուստի, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ խոր ու սրտանց գնահատութիւնը կենսական է, որպէս Քրիստոսի աշակերտներ համբերութիւն ցուցաբերելու համար։ (Ա. Տիմոթէոս 4։15) Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ այսպիսի սրտանց գնահատութիւն մշակել։
Սրտի Վիճակ եւ Իմաստալից Խորհրդածութիւն
7. Բարի սրտին հետ ի՞նչ գործունէութիւն սերտօրէն առնչուած է։
7 Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը յաճախ բարի ու յօժար սիրտը ո՛ր գործունէութեան հետ կ’առնչէ։ «Արդարին սիրտը կը խորհրդածէ՝ պատասխանը տալու համար»։ (Առակաց 15։28, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով, ստորանիշ) «Բերանիս խօսքերն ու սիրտիս խորհրդածութիւնը հաճելի ըլլան քեզի, ո՛վ Տէր»։ (Սաղմոս 19։14, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) ‘Սիրտիս խորհրդածութիւնը՝ հանճար պիտի արտայայտէ’։—Սաղմոս 49։3, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով
8. (ա) Երբ Աստուածաշունչը կը կարդանք, ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափինք, բայց ի՞նչ պէտք է ընենք։ (բ) Աստուծոյ Խօսքին մասին աղօթքով խոկալուն օգուտը ի՞նչ է։ (Պարփակեցէք՝ «Ճշմարտութեան Վրայ Հաստատուած» շրջագիծը։)
8 Աստուածաշունչի այս գրողներուն նման, մենք ալ պէտք է գնահատութեամբ ու աղօթքով խորհրդածենք Աստուծոյ Խօսքին ու Իր գործունէութիւններուն մասին։ Երբ Աստուածաշունչ կամ անոր վրայ հիմնուած գրականութիւններ կը կարդանք, պէտք չէ նմանինք փութկոտ զբօսաշրջիկներու, որոնք մէկ տեսարժան վայրէն միւսին կը վազեն, ամէն բան լուսանկարելով, բայց տեսարանը չվայելելով։ Ընդհակառակը, երբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, կ’ուզենք պահ մը կանգ առնել եւ ‘տեսարանը’ վայելել։ * Մինչ հանդարտօրէն մեր կարդացածին վրայ կը խոկանք, Աստուծոյ խօսքը մեր սրտին կ’ազդէ։ Անիկա մեր զգացումներուն կը դպչի եւ մեր մտածելակերպը կը կաղապարէ։ Անիկա նաեւ մեզ կը մղէ որ աղօթքով մեր անձնական խորհուրդները Աստուծոյ յայտնենք։ Հետեւաբար, Եհովայի հետ մեր կապը կը զօրանայ եւ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կը մղէ մեզ որ շարունակենք Յիսուսի հետեւիլ, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։ (Մատթէոս 10։22) Բացայայտօրէն, Աստուծոյ ըսածներուն մասին խորհրդածելը կենսական է, եթէ կ’ուզենք մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնալ։—Ղուկաս 21։19
9. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր սիրտը Աստուծոյ խօսքին ընդունակ կը մնայ։
9 Յիսուսի առակը ցոյց կու տայ նաեւ թէ սերմին՝ Աստուծոյ խօսքին՝ աճման առջեւ խոչընդոտներ կան։ Ուստի, հաւատարիմ աշակերտներ մնալու համար, պէտք է (1) առակին մէջ հողի աննպաստ պայմաններով ներկայացուած խոչընդոտները բնորոշենք, եւ (2) զանոնք շտկելու կամ անոնցմէ խուսափելու համար քայլեր առնենք։ Այս կերպով, վստահ պիտի ըլլանք որ մեր սիրտը Թագաւորութեան սերմին ընդունակ կը մնայ եւ կը շարունակէ պտուղ բերել։
«Ճամբուն Քով»՝ Մտազբաղ Ըլլալ
10. Յիսուսի առակին մէջ հողի առաջին տեսակը նկարագրեցէք, եւ բացատրեցէք անոր իմաստը։
10 Հողի առաջին տեսակը, որուն վրայ սերմը կ’իյնայ՝ «ճամբուն քով»ն է, ուր սերմը ‘ոտքի տակ կը կոխկռտուի’։ (Ղուկաս 8։5) Ցորենի դաշտ տանող ճամբու մը ծայրը գտնուող հողը կը կոխկռտուի հետիոտն անցորդներու երթալ–գալով։ (Մարկոս 2։23) Նմանապէս, անոնք որոնք թոյլ կու տան որ աշխարհային գործունէութիւնները անտեղիօրէն սպառեն իրենց ժամանակն ու կորովը, կրնան անդրադառնալ թէ Աստուծոյ խօսքին հանդէպ սրտանց գնահատութիւն մշակելու համար չափազանց մտազբաղ են։ Անոնք կը լսեն զայն, բայց անոր մասին չեն մտածեր։ Ուստի, իրենց սիրտը անընդունակ վիճակի մէջ կը մնայ։ Անոր հանդէպ սէր մշակելէ առաջ, «Սատանան կու գայ, անոնց սրտէն կը հանէ խօսքը, որպէս զի չըլլայ թէ հաւատան ու փրկուին»։ (Ղուկաս 8։12) Կարելի՞ է ասոր առաջքը առնել։
11. Ի՞նչպէս կրնանք մեր սրտի վիճակը կարծրացած հողի նման ըլլալուն արգելք հանդիսանալ։
11 Շատ բան կարելի է ընել, որպէսզի սիրտը ճամբու մը ծայրը գտնուող անբեր հողին նման չըլլայ։ Կոխկռտուած ու կարծրացած հողը կրնայ կակուղ ու բարեբեր դառնալ, եթէ հերկուի եւ անոր վրայէն երթեւեկը կասեցուի։ Նոյնպէս, Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու եւ անոր վրայ խոկալու համար ժամանակ յատկացնելը կրնայ պատճառ ըլլալ որ սիրտը աղէկ ու բարեբեր հողի վերածուի։ (Ղուկաս 12։13-15) Գաղտնիքը՝ կեանքի առօրեայ զբաղումներով չափազանց մտազբաղ չըլլալն է։ (Ղուկաս 12։13-15) Փոխարէն, կեանքի մէջ «աւելի կարեւոր բաներ»ուն վրայ խոկալու ժամանակ յատկացուցէք։—Փիլիպպեցիս 1։9-11, ՆԱ
«Ապառաժին Վրայ»՝ Վախկոտ Ըլլալ
12. Յիսուսի առակին մէջ, հողի երկրորդ տեսակին մէջ, ծիլին չորնալուն իսկական պատճառը ի՞նչ է։
12 Երբ սերմը կ’իյնայ հողի երկրորդ տեսակին վրայ, առաջինին նման անիկա ինկած տեղը չի մնար։ Անիկա արմատ կը կապէ եւ կը ծլի։ Բայց արեւուն ծագած ատենը, ծիլը արեւուն տաքութենէն կ’այրի ու կը չորնայ։ Սակայն, նկատի առէք այս յատկանշական մանրամասնութիւնը։ Ծիլին չորնալուն իսկական պատճառը տաքութիւնը չէ։ Չէ՞ որ աղէկ հողի մէջ ծլած սերմն ալ արեւուն տաքութեան կ’ենթարկուի, բայց անիկա փոխանակ չորնալու՝ կը ծաղկի։ Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը։ Յիսուս կը բացատրէ թէ այս ծիլը կը չորնայ, «հողը խորունկ» եւ «խոնաւ» չըլլալուն պատճառաւ։ (Մատթէոս 13։5, 6, Անթիլիաս. Ղուկաս 8։6, Անթիլիաս) Հողի վերնախաւին ներքեւ գտնուող «ապառաժ» մը, սերմին արգելք կը հանդիսանայ որ իր արմատները բաւական խորասուզելով խոնաւութիւն գտնեն ու հաստատուին։ Ծիլը կը չորնայ քանի որ հողը խորունկ չէ։
13. Ի՞նչպիսի անհատներ խորունկ չեղող հողի նման են, եւ անոնց հակազդած կերպին գլխաւոր մէկ պատճառը ի՞նչ է։
Ղուկաս 8։13) Երբ ‘նեղութեան կամ հալածանքի’ կիզիչ արեւուն ենթարկուին, անոնք ա՛յնքան կը վախնան որ իրենց ուրախութիւնն ու զօրութիւնը կը կորսնցնեն եւ Քրիստոսի հետեւելէ կը դադրին։ (Մատթէոս 13։21) Սակայն, անոնց վախին բուն պատճառը հակառակութիւնը չէ։ Քանի որ Քրիստոսի աշակերտներէն միլիոնաւորներ փորձութեան զանազան տեսակներու կ’ենթարկուին եւ սակայն հաւատարիմ կը մնան։ (Բ. Կորնթացիս 2։4. 7։5) Ոմանց վախնալուն եւ ճշմարտութենէն հեռանալուն իսկական պատճառը այն է, թէ անոնց ժայռանման սրտի վիճակը արգելք կ’ըլլայ որ անոնք լրջօրէն մտածեն շինիչ ու հոգեւոր բաներու վրայ։ Հետեւաբար, Եհովայի ու իր խօսքին հանդէպ անոնց մշակած գնահատութիւնը, հակառակութեան ընդդիմանալու համար չափազանց մակերեսային ու տկար է։ Ի՞նչպէս կարելի է այսպիսի հետեւանքի մը առաջքը առնել։
13 Առակին այս մասը կ’ակնարկէ այն անհատներուն, որոնք «ուրախութեամբ կ’ընդունին խօսքը» եւ «ատեն մը» նախանձախնդրաբար կը հետեւին Յիսուսի։ (14. Ի՞նչ քայլեր անհատ մը պէտք է առնէ որ իր սրտի վիճակը ծանծաղ հողի նման չըլլայ։
14 Անհատ մը պէտք է վստահ ըլլայ թէ իր սրտին մէջ ժայռանման խոչընդոտներ տեղ գրաւած չըլլան, ինչպէս արմատ կապած դառնութիւն, պահուած անձնասիրութիւն, կամ՝ ասոնց նման դառն բայց թաքուն զգացումներ։ Եթէ արդէն իսկ այսպիսի խոչընդոտներ գոյութիւն ունին, Աստուծոյ խօսքին բանեցուցած զօրութիւնը կրնայ զանոնք վերցնել։ (Երեմեայ 23։29. Եփեսացիս 4։22. Եբրայեցիս 4։12) Անկէ ետք, աղօթքով խոկալը «սերմանուած խօսքը» անհատին սրտին խորքը պիտի իջեցնէ։ (Յակոբու 1։21) Ասիկա վհատութեան ժամանակներու հետ գլուխ ելլելու համար զօրութիւն պիտի հայթայթէ, եւ փորձութիւններու դիմաց հաւատարիմ մնալու քաջութիւն պիտի տայ։
«Փուշերուն Մէջ»՝ Բաժնուած Սիրտ Ունենալ
15. (ա) Յիսուսի յիշած հողի երրորդ տեսակը ինչո՞ւ յատկապէս մեր ուշադրութեան արժանի է։ (բ) Հողի երրորդ տեսակին ի վերջոյ ի՞նչ կը պատահի, եւ ինչո՛ւ։
15 Հողի երրորդ տեսակը, որ փուշերով ծածկուած է, յատկապէս մեր ուշադրութեան կը կարօտի, քանի որ կարգ մը կերպերով անիկա նման է աղէկ հողին։ Աղէկ հողին նման, փշոտ հողը թոյլ կու տայ որ սերմը արմատ նետէ եւ ծլի։ Սկիզբը, հողի այս երկու տեսակներուն մէջ նոր տունկին աճումը նոյնն է։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, վիճակ մը կը զարգանայ, որ ի վերջոյ բոյսը կը խեղդէ։ Աղէկ հողին հակառակը, այս հողը փուշերով կը խճողուի։ Մինչ մատղաշ տունկը այս հողէն դուրս կու գայ, ‘իր հետ բուսած փուշերը’ կը սկսին մրցիլ իր հետ։ Ատեն մը անոնք սնունդի, լոյսի եւ տեղի համար կը մաքառին, բայց ի վերջոյ, փուշերը կը ծածկեն տունկը եւ ‘կը խեղդեն զայն’։—Ղուկաս 8։7
16. (ա) Ո՞ր անհատները փշոտ հողին կը նմանին։ (բ) Երեք Աւետարաններուն համաձայն, փուշերը ի՞նչ կը ներկայացնեն։—Տես՝ ստորանիշը։
16 Ի՞նչպիսի անհատներ փշոտ հողին կը նմանին։ Յիսուս կը բացատրէ. «Անոնք են՝ որ կը լսեն, բայց հոգերով ու հարստութիւնով եւ այս կեանքին ցանկութիւններով զբաղած ըլլալով՝ կը խեղդուին եւ անպտուղ կ’ըլլան»։ (Ղուկաս 8։14) Ճիշդ ինչպէս որ սերմնացանին սերմը եւ փուշերը նոյն ատեն կը մեծնան հողին մէջ, նոյնպէս կարգ մը անհատներ կը ջանան տեղ տալ ե՛ւ Աստուծոյ խօսքին ե՛ւ «կեանքին ցանկութիւններուն»։ Աստուծոյ խօսքին ճշմարտութիւնը անոնց սրտին մէջ կը ցանուի, բայց անոր հետ կը մրցին այլ հետապնդումներ, որոնք իրենց ուշադրութիւնը կը խլեն։ Անոնց այլաբանական սիրտը կը բաժնուի։ (Ղուկաս 9։57-62) Ասիկա արգելք կը հանդիսանայ անոնց որ բաւարար ժամանակ յատկացնեն աղօթքով ու իմաստալից կերպով խորհրդածելու Աստուծոյ խօսքին վրայ։ Անոնք Աստուծոյ խօսքը լիովին չեն իւրացներ, հետեւաբար, համբերելու համար հարկ եղած սրտանց գնահատութիւնը չեն ունենար։ Աստիճանաբար, ոչ–հոգեւոր հետապնդումներ շուքի մէջ կը ձգեն անոնց հոգեւոր հետաքրքրութիւնները, այն աստիճան որ անոնք «կը խեղդուին»։ * Ի՜նչ ցաւալի վախճան մը անոնց համար, որոնք բոլոր սրտով չեն սիրեր Եհովան։—Մատթէոս 6։24. 22։37
17. Կեանքի մէջ ի՞նչ ընտրութիւններ պէտք է ընենք, որպէսզի Յիսուսի առակին մէջ յիշուած այլաբանական փուշերը մեզ չխեղդեն։
17 Հոգեւոր բաները նիւթական բաներէն առաջ դասելով, կը խուսափինք այս աշխարհի հոգերով ու հաճոյքներով խեղդուելէ։ (Մատթէոս 6։31-33. Ղուկաս 21։34-36) Աստուածաշունչ ընթերցելը եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալը, երբեք պէտք չէ անտեսենք։ Կեդրոնացած ու աղօթքով խոկալու համար աւելի ժամանակ պիտի գտնենք, եթէ մեր կեանքը կարելի եղածին չափ պարզացնենք։ (Ա. Տիմոթէոս 6։6-8) Աստուծոյ այն ծառաները որոնք ասիկա ըրած են՝ պտղաբեր տունկին աւելի սնունդ, լոյս եւ տեղ տալու համար այլաբանական հողին մէջէն փուշերը արմատախիլ ընելով, Եհովայի օրհնութիւնը կը վայելեն։ 26 տարեկան Սանտրան կ’ըսէ. «Երբ ճշմարտութեան մէջ ունեցած օրհնութիւններուս մասին խոկամ, կ’անդրադառնամ թէ աշխարհի մատուցած ո՛չ մէկ բան կարելի է համեմատել անոր հետ»։—Սաղմոս 84։11
18. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ խօսքին մէջ մնալ եւ որպէս Քրիստոնեաներ համբերել։
18 Բացայայտօրէն ուրեմն, բոլորս ալ, երիտասարդ ըլլանք թէ՝ տարեց, Աստուծոյ խօսքին մէջ պիտի կենանք եւ որպէս Քրիստոսի աշակերտներ պիտի համբերենք, ա՛յնքան ատեն որ Աստուծոյ խօսքը մեր մէջ կը կենայ։ Ուստի, վստահ ըլլանք որ մեր սրտին այլաբանական հողը երբեք կարծր ու ծանծաղ չդառնայ կամ անփափաքելի խոտերով չծածկուի, այլ՝ կակուղ ու խորունկ մնայ։ Այս կերպով պիտի կարենանք Աստուծոյ խօսքը լիովին ներծծել եւ ‘համբերութիւնով պտուղ տալ’։—Ղուկաս 8։15
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 1 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք այս պահանջներէն առաջինը։ Միւս երկուքը նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածներուն մէջ։
^ պարբ. 8 Աստուածաշունչէն ձեր կարդացած մէկ հատուածին մասին աղօթքով խոկալու համար, կրնաք, զոր օրինակ, դուք ձեզի հարց տալ. ‘Ասիկա Եհովայի յատկութիւններէն մէկը կամ քանի մը հատը կը յայտնէ՞։ Անիկա ի՞նչ կապ ունի Աստուածաշունչի բնաբանին հետ։ Ի՞նչպէս կրնամ զայն կեանքիս մէջ կիրարկել, կամ զայն գործածել՝ ուրիշներուն օգնելու համար’։
^ պարբ. 16 Յիսուսի առակին մասին երեք Աւետարաններուն արձանագրութեանց համաձայն, սերմը կը խեղդուի այս աշխարհի հոգերուն ու հաճոյքներուն պատճառաւ. «Աշխարհիս զբաղմունքներ»ը, «հարստութեան խաբէութիւնները», «ուրիշ բաներու ցանկութիւններ»ը, «հոգեր»ը եւ «կեանքին ցանկութիւններ»ը։—Մարկոս 4։19. Մատթէոս 13։22. Ղուկաս 8։14. Երեմեայ 4։3, 4
Ի՞նչ են ձեր պատասխանները
• Ինչո՞ւ պէտք է ‘Յիսուսի խօսքին մէջ կենանք’։
• Ի՞նչպէս կրնանք թոյլ տալ որ Աստուծոյ խօսքը մեր սրտին մէջ մնայ։
• Յիսուսի յիշած հողի չորս տեսակները ի՞նչպիսի անհատներ կը ներկայացնեն։
• Ի՞նչպէս կրնաք Աստուծոյ խօսքին վրայ խոկալու ժամանակ գտնել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 20]
«ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ»
ԵՐԿԱՐ ատենէ ի վեր Քրիստոսի աշակերտ եղողներէն շատեր, տարուէ տարի կ’ապացուցանեն թէ իրենք ‘ճշմարտութեան վրայ հաստատուած են’։ (Բ. Պետրոս 1։12) Ի՞նչ բան իրենց կ’օգնէ որ համբերեն։ Նկատի առէք անոնց կարգ մը մեկնաբանութիւնները։
«Իւրաքանչիւր օրը կ’աւարտեմ Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդալով եւ աղօթք մը մատուցանելով։ Ապա կը խորհրդածեմ կարդացածիս վրայ»։—Ճին, մկրտուած՝ 1939–ին։
«Երբ խոկամ թէ Եհովա՝ այսքան վեհ անձնաւորութիւն մը՝ մեզի հանդէպ որքա՜ն խոր սէր ունի, ասիկա ապահովութեան զգացում մը եւ հաւատարիմ մնալու զօրութիւնը կու տայ ինծի»։—Փաթրիշա, մկրտուած՝ 1946–ին։
«Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններու կառչելով, եւ ‘Աստուծոյ խորունկ բաներուն’ մէջ մխրճուելով, կրցած եմ ծառայութիւնս շարունակել»։—Ա. Կորնթացիս 2։10. Աննա, մկրտուած՝ 1939–ին։
«Աստուածաշունչը ու անոր վրայ հիմնուած մեր գրականութիւնները կը կարդամ, սիրտս ու շարժառիթներս քննելու միտումով»։—Զելտա, մկրտուած՝ 1943–ին։
«Լաւագոյն պահերս են, երբ քալելու կ’երթամ եւ աղօթքով Եհովայի կը խօսիմ եւ իրեն կը յայտնեմ թէ իրապէս ի՛նչ կը զգամ»։—Ռալֆ, մկրտուած՝ 1947–ին։
«Օրս կը սկսիմ օրուան համարը նկատի առնելով եւ Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդալով։ Ասիկա օրուան ընթացքին խոկալու համար թարմ նիւթ կը հայթայթէ ինծի»։—Մարի, մկրտուած՝ 1935–ին։
«Ինծի համար, Աստուածաշունչի գրքերէն մէկուն համար առ համար քննարկումը իրապէս կազդուրիչ է»։—Տանիէլ, մկրտուած՝ 1946–ին։
Աստուծոյ խօսքին վրայ աղօթքով խոկալու համար դուք ե՞րբ ժամանակ կը յատկացնէք։—Դանիէլ 6։10բ. Մարկոս 1։35. Գործք 10։9
[Նկար՝ էջ 22]
Հոգեւոր բաները առաջնակարգ տեղը դնելով, կրնանք ‘համբերութիւնով պտուղ տալ’