Ձեր հաւատքը ո՞րքան զօրաւոր է
Ձեր հաւատքը ո՞րքան զօրաւոր է
«Դուք հաւատքով կը կենաք»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1։23
1, 2. Ինչո՞ւ հաւատք պէտք է ունենանք, եւ անիկա ի՞նչպէս կրնայ աւելի զօրանալ։
ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաները գիտեն թէ հաւատք պէտք է ունենան։ Արդարեւ, «առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ»։ (Եբրայեցիս 11։6) Հետեւաբար, ասկէ իրազեկ ըլլալով մենք կ’աղօթենք որ սուրբ հոգին ունենանք, ինչպէս նաեւ՝ հաւատք, որ անոր փափաքելի պտուղին մաս կը կազմէ։ (Ղուկաս 11։13. Գաղատացիս 5։22, 23, Երուսաղէմ) Հաւատակիցներու հաւատքը ընդօրինակելն ալ կրնայ մեր մէջ այս յատկութիւնը զօրացնել։—Բ. Տիմոթէոս 1։5. Եբրայեցիս 13։7
2 Մեր հաւատքը աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ եթէ յարատեւենք այն ընթացքին մէջ, որ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուրուագծէ բոլոր Քրիստոնեաներուն համար։ Հաւատքը կրնայ զօրանալ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութեամբ եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ հայթայթուած գրականութիւններուն օգնութեամբ Սուրբ Գրութիւններու ժրաջան ուսումնասիրութեամբ։ (Ղուկաս 12։42-44. Յեսուայ 1։7, 8) Քրիստոնէական ժողովներուն եւ համաժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով, իրարու հաւատքով կը քաջալերուինք։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12. Եբրայեցիս 10։24, 25) Մեր հաւատքը նաեւ կը զօրանայ, երբ ծառայութեան մէջ ուրիշներու կը խօսինք։—Սաղմոս 145։10-13. Հռովմայեցիս 10։11-15
3. Հաւատքի նկատմամբ ի՞նչ օգնութիւն կը ստանանք մեր սիրալիր Քրիստոնեայ երէցներէն։
Բ. Կորնթացիս 1։23) Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Ձեզի հետ կը գործենք ձեզ ուրախացնելու համար, քանի որ ձեր հաւատքը զօրաւոր է»։ (Contemporary English Version) Արդարը հաւատքի շնորհիւ կ’ապրի։ Անշուշտ, ո՛չ ոք կրնայ մեր տեղը հաւատալ, կամ մեզ հաւատարմաբար ուղղամտութիւն պահող մը դարձնել։ Այս ուղղութեամբ, ‘պէտք է մենք մեր բեռը կրենք’։—Գաղատացիս 3։11. 6։5
3 Աստուածաշունչէն խրատ եւ քաջալերութիւն տալով, սիրալիր Քրիստոնեայ երէցներ մեզի կ’օգնեն որ մեր հաւատքը կերտենք։ Անոնք Պօղոս առաքեալի մտավիճակը ունին, որ Կորնթացիներուն ըսաւ. «[Մենք] գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք»։ (4. Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն վերաբերեալ սուրբ գրային արձանագրութիւնները ի՞նչպէս կրնան մեր հաւատքը զօրացնել։
4 Սուրբ Գրութիւնները լեցուն են հաւատքի տէր անհատներու արձանագրութիւններով։ Կրնայ ըլլալ որ ծանօթ ենք անոնց ուշագրաւ արարքներէն շատերուն, սակայն ո՞րքանով տեղեակ ենք ամէն օր անոնց ցուցաբերած հաւատքէն, թերեւս երկար տարիներու ընթացքին։ Երբ խորհինք թէ անոնք այս յատկութիւնը ի՛նչպէս ցուցաբերեցին նոյնանման պարագաներու ներքեւ, ասիկա կրնայ մեր հաւատքը զօրացնելու նպաստել։
Հաւատքը Մեզի Քաջութիւն կու Տայ
5. Սուրբ գրային ի՞նչ ապացոյց կայ թէ հաւատքը մեզ կը զօրացնէ Աստուծոյ խօսքը խիզախօրէն ծանուցանելու համար։
5 Հաւատքը մեզ կը զօրացնէ որպէսզի Աստուծոյ խօսքը խիզախօրէն ծանուցանենք։ Ենովք խիզախօրէն նախագուշակեց աստուածային դատաստանին գործադրութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։ (Յուդա 14, 15) Այս խօսքերը լսելով, Ենովքի անաստուած թշնամիները անկասկած ուզեցին զինք սպաննել։ Այսուհանդերձ, ան հաւատքով շարունակեց խիզախօրէն խօսիլ եւ Աստուած «առաւ զանիկա», մահուան քունի մէջ մտցնելով, ըստ երեւոյթին թոյլ չտալով որ ան մահուան ցաւերը զգայ։ (Ծննդոց 5։24. Եբրայեցիս 11։5) Մեզի այսպիսի հրաշքներ չեն պատահիր, բայց Եհովա մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ, որպէսզի կարենանք իր խօսքը հաւատքով ու քաջութեամբ ծանուցանել։—Գործք 4։24-31
6. Աստուածատուր հաւատքն ու քաջութիւնը ի՞նչպէս օգնեցին Նոյի։
6 Հաւատքով Նոյ «տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար»։ (Եբրայեցիս 11։7. Ծննդոց 6։13-22) Նոյ նաեւ «արդարութեան քարոզիչ» մըն էր, որ քաջաբար Աստուծոյ ազդարարութիւնը ծանուցանեց իր ժամանակակիցներուն։ (Բ. Պետրոս 2։5) Վստահաբար, անոնք մօտալուտ Ջրհեղեղի մը մասին իր պատգամը ծաղրեցին, ինչպէս ոմանք կը ծաղրեն երբ Սուրբ Գրքով կ’ապացուցանենք թէ իրերու այս դրութիւնը շուտով պիտի կործանի։ (Բ. Պետրոս 3։3-12) Ենովքի ու Նոյի նման, մենք ալ կրնանք այսպիսի պատգամ մը հաղորդել, մեր աստուածատուր հաւատքին ու քաջութեան շնորհիւ։
Հաւատքը Մեզ Համբերատար կը Դարձնէ
7. Աբրահամ եւ ուրիշներ ի՞նչպէս հաւատք ու համբերութիւն ցուցաբերեցին։
7 Մենք հաւատքի ու համբերութեան կարիքը ունինք, յատկապէս մինչ կը սպասենք իրերու այս դրութեան վախճանին։ ‘Հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգողներուն’ մէջ կը գտնուի աստուածավախ Աբրահամ նահապետը։ (Եբրայեցիս 6։11, 12) Ան հաւատքով Ուր քաղաքը ձգեց, անոր բոլոր առաւելութիւններով, եւ Աստուծոյ կողմէ իրեն խոստացուած օտար երկրի մը մէջ պանդխտացաւ։ Իսահակ ու Յակոբ նոյն խոստումին ժառանգորդներն էին։ Սակայն, «ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած»։ Հաւատքով, անոնք ‘լաւագոյն գաւառի մը փափաքեցան, այսինքն երկնաւորին’։ Հետեւաբար, Աստուած «անոնց քաղաք մը պատրաստեց»։ (Եբրայեցիս 11։8-16) Այո, Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ, նաեւ անոնց բարեպաշտ կիները, համբերութեամբ սպասեցին Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան, որուն ներքեւ անոնք պիտի յարուցանուին երկրի վրայ ապրելու համար։
8. Հակառակ ի՞նչ բանի Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ համբերութիւն ու հաւատք ցուցաբերեցին։
8 Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ իրենց հաւատքը չկորսնցուցին։ Անոնք Խոստացեալ Երկրին չտիրացան, եւ Աբրահամի սերունդով բոլոր ազգերուն իրենք զիրենք օրհնելը չտեսան։ (Ծննդոց 15։5-7. 22։15-18) Թէեւ այն քաղաքը՝ ‘որուն արարիչը Աստուած է’՝ իրականութիւն մը պիտի դառնար դարեր ետք, սակայն այս տղամարդիկը շարունակեցին հաւատք ու համբերութիւն ցուցաբերել իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ Վստահաբար մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք, հիմա որ Մեսիական Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ իրականութիւն մըն է։—Սաղմոս 42։5, 11. 43։5
Հաւատքը Մեզի Ամենավեհ Նպատակակէտերը կու Տայ
9. Հաւատքը ի՞նչպէս կ’ազդէ մեր նպատակակէտերուն։
9 Հաւատարիմ նահապետները երբեք Քանանացիներու նուաստացած կենցաղը չորդեգրեցին, քանի որ անոնք շատ աւելի վեհ նպատակակէտեր ունէին։ Հաւատքը մեզի ալ կու տայ հոգեւոր նպատակակէտեր, որոնք մեզ կարող կը դարձնեն որ չարին՝ Բանսարկու Սատանային՝ զօրութեան ներքեւ եղող աշխարհին մէջ ձուլուելու դէմ դնենք։—Ա. Յովհաննու 2։15-17. 5։19
10. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Յովսէփ աշխարհայինդիրքէ մը աւելի վեհ նպատակակէտ մը հետապնդեց։
10 Աստուածային նախախնամութեամբ, Յակոբի որդին Յովսէփ ծառայեց որպէս Եգիպտոսի ուտելիքի խնամակալը, բայց իր նպատակակէտը չէր աշխարհի մէջ անուանի մէկը ըլլալ։ Եհովայի խոստումներուն կատարման հաւատալով, 110 տարեկան Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ահա ես կը մեռնիմ ու Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու ձեզ այս երկրէն պիտի հանէ դէպի այն երկիրը, որուն համար ինք երդում ըրաւ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին»։ Յովսէփ խնդրեց որ զինք Խոստացեալ Երկրին մէջ թաղեն։ Երբ մահացաւ, զինք զմռսեցին եւ տապանի մը մէջ դրին Եգիպտոսի մէջ։ Սակայն երբ Իսրայելացիները եգիպտական գերութենէն ազատուեցան, Մովսէս մարգարէն Յովսէփի ոսկորները իրեն հետ առաւ, Խոստացեալ Երկրին մէջ թաղելու համար։ (Ծննդոց 50։22-26. Ելից 13։19) Յովսէփի հաւատքին նման հաւատք մը, մեզ պէտք է մղէ որ հետապնդենք այնպիսի նպատակակէտեր, որոնք աշխարհային կարկառուն դիրքէ մը շա՛տ աւելի վեհ են։—Ա. Կորնթացիս 7։29-31
11. Մովսէս ի՞նչ կերպով ցոյց տուաւ թէ հոգեւոր նպատակակէտեր ունէր։
11 Մովսէս նախընտրեց «Աստուծոյ ժողովուրդին Եբրայեցիս 11։23-26. Գործք 7։20-22) Անոր համար ան հրաժարեցաւ աշխարհային հռչակէ եւ թերեւս՝ եգիպտական հանրածանօթ վայրի մը մէջ գեղազարդ դամբանի մը մէջ փառաւոր թաղում մը ունենալէ։ Սակայն ասիկա ի՞նչ արժէք պիտի ունենար բաղդատած՝ «Աստուծոյ մարդ»ը, Օրէնքի ուխտին միջնորդը, Եհովայի մարգարէն եւ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը ըլլալու առանձնաշնորհումին հետ։ (Եզրասայ 3։2) Արդեօք ձեր ցանկութիւնը աշխարհային դիրքի բարձրացո՞ւմ է, թէ ոչ հաւատքը աւելի վեհ հոգեւոր նպատակակէտեր տուած է ձեզի։
հետ չարչարուիլ», քան թէ Եգիպտոսի արքայական ընտանիքին ուսեալ մէկ անդամը ըլլալով «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել»։ (Հաւատքը Վարձահատոյց Կեանք մը կու Տայ
12. Հաւատքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Ռախաբի կեանքին վրայ։
12 Հաւատքը մարդոց ո՛չ միայն ամենավեհ նպատակակէտերը կու տայ, այլ նաեւ՝ վարձահատոյց կեանք մը։ Վստահաբար, Երիքովի Ռախաբը որպէս պոռնիկ իր կեանքը անիմաստ կը գտնէր։ Սակայն, իր կեանքը որքա՜ն փոխուեցաւ, երբ ան հաւատք ընծայեց։ Ան «[հաւատքի] գործերով արդարացաւ, երբ [Իսրայելացի] լրտեսները ներս առաւ եւ ուրիշ ճամբայով արձակեց անոնք», այսպիսով անոնք իրենց Քանանացի թշնամիներէն խոյս տուին։ (Յակոբու 2։24-26) Եհովան ընդունելով որպէս ճշմարիտ Աստուած, Ռախաբ հաւատք ցուցաբերեց իր պոռնկութենէն ալ հրաժարելով։ (Յեսուայ 2։9-11. Եբրայեցիս 11։30, 31) Ան Եհովայի ծառայող անհատի մը հետ ամուսնացաւ, եւ ո՛չ թէ անհաւատ Քանանացիի մը հետ։ (Բ. Օրինաց 7։3, 4. Ա. Կորնթացիս 7։39) Ռախաբ Մեսիայի նախամայրերէն մէկը ըլլալու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունեցաւ։ (Ա. Մնացորդաց 2։3-15. Հռութայ 4։20-22. Մատթէոս 1։5, 6) Ուրիշներու նման, որոնցմէ ոմանք անբարոյ կեանք մը լքած են, ան տակաւին պիտի ստանայ ուրիշ վարձատրութիւն մը. յարութիւն՝ դրախտ երկրի մը վրայ ապրելու համար։
13. Դաւիթ Բերսաբէի հարցով ի՞նչ մեղք գործեց, բայց ան ի՞նչ կեցուածք ցուցաբերեց։
13 Իր մեղաւոր ընթացքը լքելէն ետք, ակներեւաբար Ռախաբ պատուաբեր կեանք մը վարեց։ Սակայն, երկար ատենէ Աստուծոյ նուիրուած անհատներէն ոմանք լուրջ մեղքեր գործեցին։ Դաւիթ Թագաւոր Բերսաբէի հետ շնութիւն ըրաւ, անոր ամուսինը սպաննել տուաւ պատերազմի մէջ, ապա անոր հետ ամուսնացաւ։ (Բ. Թագաւորաց 11։1-27) Խորապէս զղջալով, Դաւիթ Եհովայի պաղատեցաւ. «Քու սուրբ հոգիդ ինծմէ մի՛ առներ»։ Դաւիթ Աստուծոյ հոգին չկորսնցուց։ Ան հաւատաց որ Եհովա իր ողորմութեամբ, մեղքի պատճառաւ «կոտրած ու խոնարհ սիրտ» մը չէր անարգեր։ (Սաղմոս 51։11, 17. 103։10-14) Իրենց հաւատքին շնորհիւ, Դաւիթ ու Բերսաբէ Մեսիայի շառաւիղին մէջ վարձահատոյց դեր մը ունեցան։—Ա. Մնացորդաց 3։5. Մատթէոս 1։6, 16. Ղուկաս 3։23, 31
Երաշխիքով Ամրապնդուած Հաւատք
14. Գեդէօն ի՞նչ երաշխիք ստացաւ, եւ այս դրուագը ի՞նչպէս կրնայ մեր հաւատքին ազդել։
14 Թէեւ հաւատքով կը քալենք, սակայն երբեմն Աստուծոյ օգնութեան երաշխիքին կարիքը ունինք։ ‘Հաւատքով թագաւորութիւններու յաղթողներէն’ մէկը՝ Գեդէօն Դատաւոր՝ այդպէս զգաց։ (Եբրայեցիս 11։32, 33) Երբ Մադիանացիներն ու անոնց դաշնակիցները Իսրայէլ ներխուժեցին, Աստուծոյ հոգին Գեդէօնի վրայ եկաւ։ Փափաքելով վստահ ըլլալ որ Եհովա իրեն հետ էր, ան առաջարկեց բուրդի գզաթով մը փորձ մը ընել, զայն գիշերը կալին մէջ ձգելով։ Առաջին փորձին, միայն գզաթին վրայ ցօղ կար, մինչ գետինը չոր էր։ Երկրորդ փորձին՝ ասոր հակառակն էր։ Այս երաշխիքներով խրախուսուած, շրջահայեաց Գեդէօն հաւատքով գործի անցաւ եւ Իսրայէլի թշնամիները նուաճեց։ (Դատաւորաց 6։33-40. 7։19-25) Եթէ որոշումի մը առջեւ գտնուելով երաշխիք մը ուզենք, ասիկա չի նշանակեր թէ հաւատք չունինք։ Իրականութեան մէջ, հաւատք ցոյց կու տանք երբ Աստուածաշունչին կամ քրիստոնէական գրականութիւններուն կը դիմենք եւ որոշումներ կայացնելու ատեն սուրբ հոգիին առաջնորդութեան համար կ’աղօթենք։—Հռովմայեցիս 8։26, 27
15. Բարակի հաւատքին մասին խորհելով ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։
15 Բարակ Դատաւորին հաւատքն ալ ամրապնդուեցաւ, քաջալերութեան ձեւով երաշխիք ստանալով։ Դեբօրա մարգարէուհին զինք մղեց որ Իսրայելացիները Քանանացի Յաբին Թագաւորին հարստահարիչ տիրապետութենէն ազատագրելու համար քայլ առնէ։ Հաւատքով եւ Աստուծոյ օգնութեան երաշխիքը ունենալով, Բարակ խեղճօրէն զինուած 10,000 տղամարդիկ պատերազմի առաջնորդեց եւ Սիսարայի հրամանատարութեան ներքեւ եղող Յաբինի շատ մեծ զօրքերուն յաղթեց։ Այդ յաղթանակը յիշատակուեցաւ Դեբօրայի եւ Բարակի ոգեցունց երգին մէջ։ (Դատաւորաց 4։1–5։31) Դեբօրա խրախուսեց Բարակը որ գործի լծուի որպէս Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Իսրայէլի առաջնորդ, եւ ան Եհովայի ծառաներէն մէկն էր, որոնք հաւատքով «օտարներու բանակներ ցրուեցին»։ (Եբրայեցիս 11։34) Երբ խորհինք թէ Աստուած ի՛նչպէս օրհնեց Բարակը հաւատքով գործելուն համար, ասիկա կրնայ մեզ գործի մղել, եթէ կերպով մը կը վարանինք Եհովայի ծառայութեան մէջ դժուար նշանակում մը կատարելու։
Հաւատքը Խաղաղութիւն կը Յառաջացնէ
16. Ղովտի հետ խաղաղութիւն փնտռելու մէջ Աբրահամ ի՞նչպիսի լաւ օրինակ հանդիսացաւ։
16 Ճիշդ ինչպէս որ հաւատքը մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ դժուար նշանակումներ կատարելու, նոյնպէս ան խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն կը յառաջացնէ։ Տարեց Աբրահամ թոյլ տուաւ որ իրմէ փոքր եղող զարմիկը՝ Ղովտ՝ լաւագոյն արօտները ընտրէ, երբ իրենց հովիւներուն միջեւ վէճ եղաւ եւ իրարմէ զատուիլը անհրաժեշտ դարձաւ։ (Ծննդոց 13։7-12) Այս խնդիրը լուծելու համար Աբրահամ հաւատքով Աստուծոյ աղօթած ըլլալու էր։ Փոխանակ իր շահերը առաջնակարգ տեղը դնելու, ան հարցը խաղաղութեամբ լուծեց։ Եթէ Քրիստոնեայ եղբօր մը հետ վիճաբանութիւն մը ունենանք, հաւատքով աղօթենք եւ ‘խաղաղութիւն փնտռենք’, ի մտի ունենալով սիրալիր նկատառութիւն ցուցաբերելու մէջ Աբրահամի օրինակը։—Ա. Պետրոս 3։10-12
17. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Պօղոսի, Բառնաբասի եւ Մարկոսի հետ կապ ունեցող բացայայտ խռովութիւն մը խաղաղութեամբ վերջ գտաւ։
17 Նկատի առէք թէ քրիստոնէական սկզբունքները հաւատքով կիրարկելը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել խաղաղութիւն յառաջացնելու։ Երբ Պօղոս իր երկրորդ միսիոնարական ճամբորդութիւնը սկսելու վրայ էր, Բառնաբաս Կիպրոսի ու Փոքր Ասիոյ ժողովքները վերայցելելու առաջարկին համաձայն եղաւ։ Բայց, Բառնաբաս ուզեց իր զարմիկը՝ Մարկոսը՝ իրենց հետ տանիլ։ Պօղոս չհամաձայնեցաւ, քանի որ Մարկոս Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ զատուած էր։ «Գժտութիւն մը եղաւ», եւ այս վէճը բաժանում յառաջացուց։ Բառնաբաս Մարկոսը առնելով Կիպրոս գնաց, իսկ Պօղոս որպէս ընկերակից Շիղան ընտրեց եւ ‘Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ մէջ պտըտեցաւ, եկեղեցիները հաստատելով’։ (Գործք 15։36-41) Ժամանակ մը ետք, այս խռովութեան վերջ դրուեցաւ, քանի որ Մարկոս Հռովմի մէջ Պօղոսին հետ էր եւ առաքեալը անոր մասին նպաստաւոր կերպով խօսեցաւ։ (Կողոսացիս 4։10. Փիլիմոն 23, 24) Երբ Պօղոս Հռովմի մէջ բանտարկուած էր շուրջ Հ.Դ. 65–ին, ան Տիմոթէոսի ըսաւ. «Մարկոսը ա՛ռ եւ քեզի հետ բե՛ր, վասն զի ինծի օգտակար է սպասաւորութեան համար»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։11) Ակներեւաբար, Բառնաբասի ու Մարկոսի հետ իր յարաբերութիւնը հաւատքով մատուցուած աղօթքներու նիւթ դարձուցած էր Պօղոս , եւ ասիկա անդորրութիւն մը յառաջացուց որ ‘Աստուծոյ խաղաղութեան’ արդիւնքն է։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7
18. Եւոդիայի ու Սիւնտիքի պարագային հաւանաբար ի՞նչ պատահեցաւ։
18 Անշուշտ, անկատար ըլլալով, «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք»։ (Յակոբու 3։2) Դժուարութիւններ ծագեցան երկու Քրիստոնեայ կիներու միջեւ, որոնց մասին Պօղոս գրեց. «Եւոդիային կ’աղաչեմ ու Սիւնտիքին կ’աղաչեմ, որ միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով։ . . . Օգնական եղիր անոնց, որոնք ինծի հետ աշխատեցան աւետարանին մէջ»։ (Փիլիպպեցիս 4։1-3) Շատ հաւանական է որ այս բարեպաշտ կիները իրենց խնդիրները լուծեցին խաղաղութեամբ, կիրարկելով Մատթէոս 5։23, 24–ի մէջ արձանագրուածներուն նման խրատներ։ Սուրբ գրային սկզբունքները հաւատքով կիրարկելը, մեծապէս պիտի նպաստէ խաղաղութիւն յառաջացնելու ներկայիս։
Հաւատքը Մեզի կ’Օգնէ որ Տոկանք
19. Ո՞ր փորձիչ պարագան Իսահակի ու Ռեբեկայի հաւատքը երբեք չբեկանեց։
19 Հաւատքով կրնանք նաեւ նեղութիւններու տոկալ։ Թերեւս վշտացած ենք, քանի որ մեր ընտանիքի մկրտուած մէկ անդամը Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելով անհաւատի մը հետ ամուսնացած է։ (Ա. Կորնթացիս 7։39) Իսահակ ու Ռեբեկա նեղացան, քանի որ իրենց որդին՝ Եսաւ՝ անբարեպաշտ կիներու հետ ամուսնացաւ։ Անոր Քետացի կիները անոնց «սրտի ցաւ եղան», ա՛յն աստիճան որ Ռեբեկա ըսաւ. «Քետի աղջիկներուն պատճառաւ հոգիէս զզուեր եմ. եթէ Յակոբ այս երկրին աղջիկներէն, ասոնց պէս Քետի աղջիկներէն, կին առնէ, ալ այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի»։ (Ծննդոց 26։34, 35. 27։46) Այսուհանդերձ, այս փորձիչ պարագան երբեք Իսահակի ու Ռեբեկայի հաւատքը չբեկանեց։ Թող որ մեր հաւատքը հաստատ պահենք, երբ շատ դժուար պարագաներու մէջ գտնուինք։
20. Նոեմի ու Հռութ հաւատքի ի՞նչ օրինակներ հանդիսացան։
20 Տարեց Նոեմի Յուդայի ցեղէն էր եւ գիտէր թէ այդ ցեղէն կարգ մը կիներ կրնային որդիներ ծնանիլ, որոնք Մեսիայի նախահայրերը պիտի ըլլային։ Նկատի ունենալով որ իր որդիները անզաւակ մեռած էին եւ ինք զաւակ ունենալու տարիքը անցուցած էր, իրապէս անհնար էր որ իր ընտանիքը Մեսիական շառաւիղին մաս կազմէր։ Այսուհանդերձ, անոր որբեւայրի հարսը՝ Հռութ, տարեց Բոոսի կինը եղաւ եւ անոր որդի մը ծնաւ, այսպիսով ան Յիսուսի՝ Մեսիային՝ նախամայրերէն մէկը եղաւ։ (Ծննդոց 49։10, 33. Հռութայ 1։3-5. 4։13-22. Մատթէոս 1։1, 5) Նոեմիի ու Հռութի հաւատքը նեղութիւններէն անխախտ դուրս եկաւ եւ անոնց ուրախութիւն բերաւ։ Մեր ալ ուրախութիւնը մեծ պիտի ըլլայ, եթէ նեղութիւններու դիմաց մեր հաւատքը հաստատ պահենք։
21. Հաւատքը մեզի համար ի՞նչ կ’ընէ, եւ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
21 Թէեւ չենք կրնար գիտնալ թէ օրը ի՛նչ պիտի բերէ մեզի անհատապէս, բայց հաւատքով կրնանք որեւէ դժուարութեան հետ գլուխ ելլել։ Հաւատքը մեզ խիզախ ու համբերատար կը դարձնէ։ Անիկա մեզի ամենավեհ նպատակակէտերը եւ վարձահատոյց կեանք մը կու տայ։ Հաւատքը ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեանց վրայ դրական ազդեցութիւն ունի եւ նեղութիւններէն անխախտ դուրս կու գայ։ Հետեւաբար, թող որ ըլլանք անոնցմէ՝ որոնք ‘հաւատքը կը պահեն՝ իրենց հոգին փրկուելու համար’։ (Եբրայեցիս 10։39, Անթիլիաս) Մեր սիրալիր Աստուծոյն՝ Եհովայի զօրութեամբ, եւ իր փառքին համար, թող որ շարունակենք զօրաւոր հաւատք ունենալ։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Սուրբ գրային ի՞նչ ապացոյց կայ թէ հաւատքը կրնայ մեզ խիզախ դարձնել։
• Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ հաւատքը վարձահատոյց կեանք մը կու տայ մեզի։
• Հաւատքը ի՞նչպէս խաղաղութիւն կը յառաջացնէ։
• Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ հաւատքը մեզ կարող կը դարձնէ որ նեղութիւններու տոկանք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 12]
Հաւատքը Նոյի ու Ենովքի քաջութիւն տուաւ որ Եհովայի պատգամները ծանուցանեն
[Նկարներ՝ էջ 13]
Մովսէսի հաւատքին նման հաւատք մը մեզ կը մղէ որ հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդենք
[Նկարներ՝ էջ 14]
Աստուծոյ օգնութեան երաշխիքը Բարակի, Դեբօրայի եւ Գեդէօնի հաւատքը զօրացուց