‘Շատ պտուղ բերէք’
‘Շատ պտուղ բերէք’
‘Շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս եղէք’։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 15։8
1. (ա) Աշակերտ ըլլալու ո՞ր պահանջը յիշեց Յիսուս իր առաքեալներուն։ (բ) Մենք մեզի ո՞ր հարցը պէտք է տանք։
ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ նախորդող գիշերն էր։ Յիսուս իր աշակերտները քաջալերելու համար բաւական ժամանակ տրամադրած էր, անոնց հետ սրտբաց խօսակցութիւն մը ունենալով։ Այժմ, կէս գիշերը անց էր, բայց Յիսուս, իր մտերիմ բարեկամներուն հանդէպ սիրով լեցուած, շարունակեց խօսիլ։ Ապա, իր խօսակցութեան կիսուն, անոնց պահանջ մը եւս յիշեցուց, որ պէտք էր գոհացնէին իր աշակերտները մնալու համար։ Ան ըսաւ. «Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք»։ (Յովհաննու 15։8) Ներկայիս, մենք ալ աշակերտ ըլլալու այս պահանջին գոհացում կու տա՞նք։ Ի՞նչ կը նշանակէ ‘շատ պտուղ բերել’։ Պատասխանները ստանալու համար, այդ գիշեր տեղի ունեցած խօսակցութեան վերադառնանք։
2. Իր մահուան նախորդող գիշերը Յիսուս պտուղի մասին ի՞նչ առակ կը պատմէ։
2 Պտուղ բերելու յորդորը մաս կը կազմէ առակի մը, որ Յիսուս պատմեց իր առաքեալներուն։ Ան ըսաւ. «Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակն է։ Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։ Դուք հիմա մաքուր էք այն խօսքով որ ձեզի խօսեր եմ։ Իմ մէջս կեցէք ու ես ձեր մէջ։ Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած [«ինծի հետ միութեան մէջ», ՆԱ] չըլլաք։ Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք։ . . . Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք։ Ինչպէս Հայրս զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի։ Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք։ Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք»։—Յովհաննու 15։1-10
3. Պտուղ բերելու համար Յիսուսի հետեւորդները ի՞նչ պէտք է ընեն։
3 Այս առակին մէջ Եհովա Մշակն է, Յիսուս որթն է, իսկ առաքեալները՝ որոնց Յիսուս կը խօսէր՝ ճիւղերն են։ Այնքան ատեն որ առաքեալները կը ջանային Յիսուսի հետ ‘միութեան մէջ մնալ’, պտուղ պիտի բերէին։ Ապա Յիսուս բացատրեց թէ առաքեալները ի՛նչպէս կրնային այս կենսական միութիւնը պահպանել. «Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք»։ Հետագային, Յովհաննէս առաքեալ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն նոյնանման խօսքեր գրեց. «Ան որ [Քրիստոսի] պատուիրանքները կը պահէ՝ անոր մէջ կը կենայ»։ * (Ա. Յովհաննու 2։24. 3։24) Ուստի, Քրիստոսի պատուիրանները պահելով, իր հետեւորդները անոր հետ միութեան մէջ կը մնան եւ այդ միութիւնը իր կարգին զիրենք պտղաբեր կը դարձնէ։ Ի՞նչպիսի պտուղ պէտք է բերենք։
Աճելու Հնարաւորութիւն
4. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն իրողութենէն թէ Եհովա «կը կտրէ» որեւէ ճիւղ որ պտուղ չի բերեր։
4 Որթատունկի առակին մէջ, Եհովա «կը կտրէ» որեւէ ճիւղ որ պտուղ չի բերեր։ Ասիկա մեզի ի՞նչ կը հասկցնէ։ Անիկա մեզի ո՛չ միայն կը հասկցնէ թէ բոլոր աշակերտներէն պահանջուած է պտուղ բերել, այլ նաեւ՝ թէ բոլորն ալ ասիկա ընելու կարող են, ի՛նչ որ ալ ըլլան իրենց պարագաները կամ սահմանափակումները։ Արդարեւ, Եհովայի սիրալիր ճամբաներուն պիտի չհամապատասխանէր Քրիստոսի աշակերտ մը ‘կտրել’՝ կամ անորակելի դարձնել, իր կարողութենէն վեր եղող բան մը չկատարելուն համար։—Սաղմոս 103։14. Կողոսացիս 3։23. Ա. Յովհաննու 5։3
5. (ա) Յիսուսի առակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ պտուղ բերելու մէջ կրնանք յառաջդիմել։ (բ) Ի՞նչ երկու տեսակ պտուղներ նկատի պիտի առնենք։
5 Յիսուսի տուած որթատունկի առակը նաեւ ցոյց կու տայ թէ մեր պարագաներուն ներած չափով որպէս աշակերտ մեր գործունէութիւնները պէտք է աւելցնենք։ Նկատի առէք թէ Յիսուս ասիկա ի՛նչ կերպով կը բացատրէ. «Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս Յովհաննու 15։2) Առակին վերջաւորութեան, Յիսուս իր հետեւորդները կը յորդորէ որ «շատ պտուղ» բերեն։ (Համար 8) Ասիկա ի՞նչ կը թելադրէ։ Որպէս աշակերտներ, երբեք ինքնագոհ պէտք չէ դառնանք։ (Յայտնութիւն 3։14, 15, 19) Այլ, պտղաբեր ըլլալու մէջ յառաջդիմելու համար կերպեր պէտք է փնտռենք։ Ի՞նչ են այս պտուղները, զորս պէտք է ջանանք առատօրէն բերել։ Կան (1) «հոգիին պտուղ»ը եւ (2) Թագաւորութեան պտուղը։—Գաղատացիս 5։22, 23. Մատթէոս 24։14
է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ»։ (Քրիստոնէական Յատկութիւններու Պտուղը
6. Յիսուս Քրիստոս ի՞նչպէս ընդգծեց հոգիին պտուղներէն առաջինին արժէքը։
6 «Հոգիին պտուղ»ներու ցանկին մէջ առաջինը սէրն է։ Աստուծոյ սուրբ հոգին սէր կ’արտադրէ Քրիստոնեաներուն մէջ, քանի որ անոնք կը հնազանդին պտղաբեր որթատունկի առակէն քիչ առաջ Յիսուսի տուած պատուէրին։ Ան իր առաքեալներուն ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք»։ (Յովհաննու 13։34) Իրականութեան մէջ, իր երկրային կեանքի վերջին գիշերուան ամբողջ տեւողութեան, Յիսուս կրկին անգամ առաքեալներուն յիշեցուց սիրոյ յատկութիւնը ցուցաբերելուն կարիքը։—Յովհաննու 14։15, 21, 23, 24. 15։12, 13, 17
7. Պետրոս առաքեալ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ պտուղ բերելը քրիստոսանման յատկութիւններ ցուցաբերելու հետ առնչուած է։
7 Պետրոս, որ այդ գիշեր հոն ներկայ էր, հասկցաւ թէ քրիստոսանման սէրն ու առնչուած յատկութիւնները Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտներուն մէջ բացայայտ պէտք է ըլլան։ Տարիներ ետք, Պետրոս քաջալերեց Քրիստոնեաները որ ժուժկալութեան, եղբայրասիրութեան ու սիրոյ նման յատկութիւններ մշակեն։ Ան աւելցուց թէ ասիկա ընելը մեզ ետ կը պահէ ‘պարապ ու անպտուղ ըլլալէ’։ (Բ. Պետրոս 1։5-8) Մեր պարագաները ի՛նչ ալ ըլլան, հոգիին պտուղը ցուցաբերելը մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ է։ Հետեւաբար, թող որ ջանանք աւելի լայն տարողութեամբ սէր, ազնուութիւն, հեզութիւն ու քրիստոսանման այլ յատկութիւններ ցուցաբերել, քանի որ «այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ», այսինքն սահման չկայ։ (Գաղատացիս 5։23) Ուստի, թող որ «ա՛լ աւելի պտուղ» բերենք։
Թագաւորութեան Պտուղ Բերել
8. (ա) Հոգիին պտուղին ու Թագաւորութեան պտուղին միջեւ կապը ի՞նչ է։ (բ) Ո՞ր հարցումը մեր ուշադրութեան արժանի է։
8 Գոյնզգոյն ու համեղ պտուղները բոյսի մը զարդարանքն են։ Սակայն, այս պտուղներուն արժէքը միայն զարդարանք ըլլալէ շա՛տ աւելի է։ Պտուղները անհրաժեշտ են նաեւ սերմերուն միջոցով բոյսը բազմացնելու համար։ Հոգիին պտուղն ալ մեր քրիստոնէական անձնաւորութիւնը զարդարելէն աւելին կ’ընէ։ Սիրոյ ու հաւատքի նման յատկութիւններ մեզ կը մղեն որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող հունտանման Թագաւորութեան պատգամը տարածենք։ Նկատի առէք թէ Պօղոս առաքեալ այս կենսական կապը ի՛նչպէս կը շեշտէ։ Ան կ’ըսէ. «Մենք ալ կը հաւատանք [հոգիին մէկ պտուղը] ու անոր համար կը խօսինք»։ (Բ. Կորնթացիս 4։13) Պօղոս կը շարունակէ բացատրել թէ այս կերպով «Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ [կը] մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը». երկրորդ տեսակի պտուղը, որ պէտք է ցուցաբերենք։ (Եբրայեցիս 13։15) Հնարաւորութիւն ունի՞նք աւելի պտղաբեր ըլլալու, արդարեւ, «ա՛լ աւելի պտուղ» բերելու, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ։
9. Պտուղ բերելը աշակերտե՞լ կը նշանակէ։ Բացատրեցէք։
9 Շիտակ կերպով պատասխանելու համար, նախ պէտք է հասկնանք թէ Թագաւորութեան պտուղը ի՛նչ է։ Ճիշդ պիտի ըլլա՞ր եզրակացնել թէ պտուղ բերելը աշակերտել կը նշանակէ։ (Մատթէոս 28։19) Մեր բերելիք պտուղը գլխաւորաբար այն անհատներո՞ւն կ’ակնարկէ, որոնց կ’օգնենք որ Եհովայի մկրտուած երկրպագուները դառնան։ Ո՛չ։ Եթէ ասիկա ըլլար, պարագան մեծապէս վհատեցուցիչ պիտի ըլլար բոլոր այն սիրելի Վկաներուն համար, որոնք Թագաւորութեան պատգամը տարիներէ ի վեր կը ծանուցանեն թաղամասերու մէջ, ուր շատ ընդառաջում չկայ։ Այո, եթէ մեր բերելիք Թագաւորութեան պտուղը միայն նոր աշակերտները ըլլային, ուրեմն այս ծանր աշխատող Վկաները պիտի նմանէին Յիսուսի առակին անպտուղ ճիւղերուն։ Անշուշտ, այս չէ պարագան։ Արդ, մեր ծառայութեան մէջ Թագաւորութեան գլխաւոր պտուղը ի՞նչ է։
Պտղաբեր՝ Թագաւորութեան Սերմեր Տարածելով
10. Սերմնացանի ու հողի տարբեր տեսակներու մասին Յիսուսի առակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ Թագաւորութեան պտուղը ի՛նչ ըլլալը եւ ի՛նչ չըլլալը։
10 Սերմնացանի ու հողի տարբեր տեսակներու մասին Յիսուսի առակը կը պատասխանէ ասոր. պատասխան մը՝ որ նուազ արդիւնաբեր թաղամասերու մէջ վկայող բոլոր անհատներուն համար քաջալերական է։ Յիսուս ըսաւ որ սերմը Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած Թագաւորութեան պատգամն է, իսկ հողը՝ մարդուն այլաբանական սիրտը կը ներկայացնէ։ Կարգ մը սերմեր ‘աղէ՛կ հողի մէջ ինկան ու բուսնելով՝ պտուղ տուին’։ (Ղուկաս 8։8) Ի՞նչ պտուղ։ Ցորենի հասկ մը ծիլ տալէն ու հասուննալէն ետք, անոր պտուղը ո՛չ թէ ցորենի փոքրիկ հասկեր կ’ըլլան, այլ՝ նոր սերմեր։ Նոյնպէս, Քրիստոնեայի մը պտուղը անպայմանօրէն նոր աշակերտներ չէ, այլ՝ Թագաւորութեան նոր սերմեր։
11. Թագաւորութեան պտուղը ի՞նչպէս կրնայ սահմանուիլ։
11 Հետեւաբար, այս պարագային պտուղը ո՛չ նոր աշակերտներն են, ո՛չ ալ քրիստոնէական ընտիր յատկութիւնները։ Քանի որ ցանուած սերմը Թագաւորութեան խօսքն է, պտուղը պէտք է նշանակէ այդ սերմին բազմապատկուիլը։ Այս պարագային պտուղ բերելը կ’ակնարկէ Թագաւորութեան մասին եղած արտայայտութիւններուն։ (Մատթէոս 24։14) Թագաւորութեան այս պտուղը բերելը՝ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելը՝ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէ՞ջ է, ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր պարագաները։ Անշո՛ւշտ։ Նոյն առակին մէջ Յիսուս կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ։
Մեր Լաւագոյնը Տալ՝ Աստուծոյ Փառքին Համար
12. Թագաւորութեան պտուղ բերելը բոլոր Քրիստոնեաներուն կարելիութեան սահմաններուն մէ՞ջ է։ Բացատրեցէք։
12 «Աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է», ըսաւ Յիսուս, որ «պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն»։ (Մատթէոս 13։23) Դաշտին մէջ ցանուած սերմերը կրնան տարբեր բերքեր տալ, պարագաներուն համաձայն։ Նոյնպէս, բարի լուրը ծանուցանելու մէջ ինչ որ կ’ընենք, կրնայ տարբերիլ մեր պարագաներուն համաձայն, եւ Յիսուս գիտակցեցաւ ասոր։ Ոմանք կրնան աւելի պատեհութիւններ ունենալ. ուրիշներ աւելի առողջ եւ աշխոյժ կրնան ըլլալ։ Ուստի, մեր ըրածը կրնայ ուրիշներու ըրածէն աւելի կամ նուազ ըլլալ, բայց այնքան ատեն որ անիկա մեր լաւագոյնը կը ներկայացնէ, Եհովա կը հաճի անոր։ (Գաղատացիս 6։4) Նոյնիսկ եթէ յառաջացած տարիքը կամ ֆիզիքական թերութիւնը քարոզչութեան մէջ մեր մասնակցութիւնը սահմանափակէ, կասկած չկայ որ մեր կարեկից Հայրը՝ Եհովա՝ մեզ կը դասէ «շատ պտուղ բերող»ներուն շարքին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր ‘բոլոր ունեցածը’՝ մեր բոլորանուէր ծառայութիւնը՝ կու տանք իրեն։ *—Մարկոս 12։43, 44. Ղուկաս 10։27
13. (ա) Ի՞նչ մեծագոյն պատճառով կը «շարունակենք» Թագաւորութեան պտուղ բերել։ (բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք պտուղ բերել նուազ ընդառաջում ցուցաբերող թաղամասերու մէջ։ (Տես՝ էջ 29–ի վրայ գտնուող շրջագիծը։)
13 Թագաւորութեան պտուղ բերելու մեր կարողութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, պիտի «շարունակենք պտուղ բերել», երբ ի մտի ունենանք թէ ինչո՛ւ կ’ընենք ասիկա։ (Յովհաննու 15։16, ՆԱ) Յիսուս յիշեց մեծագոյն պատճառը. «Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք առատ պտուղ տաք»։ (Յովհաննու 15։8, Անթիլիաս) Այո, մեր քարոզչութիւնը ամբողջ մարդկութեան առջեւ Եհովայի անունը կը սրբացնէ։ (Սաղմոս 109։30) Անըր՝ շուրջ եօթանասունըհինգ տարեկան հաւատարիմ Վկայ մը՝ կ’ըսէ. «Նոյնիսկ նուազ ընդառաջում ցուցաբերուած թաղամասերուն մէջ, Բարձրեալը ներկայացնելը առանձնաշնորհում մըն է»։ Երբ Գլոտիոյի՝ 1974–էն ի վեր նախանձախնդիր Վկայ մը՝ հարցուեցաւ թէ ինչո՛ւ կը շարունակէ քարոզել հակառակ անոր որ իր թաղամասին մէջ քիչեր կ’ընդառաջեն, ան Յովհաննու 4։34–ը մէջբերեց, ուր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը կը կարդանք. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։ Ապա Գլոտիօ աւելցուց. «Յիսուսի նման, կ’ուզեմ ոչ միայն սկսիլ, այլեւ գործս ամբողջացնել, որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանող մը»։ (Յովհաննու 17։4) Համայն աշխարհի Եհովայի Վկաները կ’երկրորդեն ասիկա։—Տես՝ «Ի՛նչպէս ‘Համբերութիւնով Պտուղ Տալ’» շրջագիծը, էջ 29։
Քարոզել ու Սորվեցնել
14. (ա) Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Յիսուսի գործունէութիւնը ի՞նչ երկու նպատակներ ունէր։ (բ) Այժմու քրիստոնէական գործունէութիւնը ի՞նչ կերպով կը նկարագրէք։
14 Աւետարաններուն մէջ յիշուած Թագաւորութեան առաջին ծանուցանողը Յովհաննէս Մկրտիչն է։ (Մատթէոս 3։1, 2. Ղուկաս 3։18) Անոր գլխաւոր նպատակն էր ‘վկայել’, եւ ասիկա ըրաւ խոր հաւատքով եւ այն յոյսով որ ‘ամէնքը հաւատան’։ (Յովհաննու 1։6, 7) Արդարեւ, Յովհաննէսի քարոզած անհատներէն ոմանք Յիսուսի աշակերտները եղան։ (Յովհաննու 1։35-37) Ուստի, Յովհաննէս թէ՛ քարոզիչ եւ թէ աշակերտող մըն էր։ Յիսուս ալ քարոզիչ եւ ուսուցիչ մըն էր։ (Մատթէոս 4։23. 11։1) Ուստի զարմանալի չէ որ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց ո՛չ միայն Թագաւորութեան պատգամը քարոզել, այլ նաեւ՝ զայն ընդունողներուն օգնել որ իր աշակերտները ըլլան։ (Մատթէոս 28։19, 20) Հետեւաբար, ներկայիս մեր գործունէութիւնը կը պարփակէ թէ՛ քարոզել եւ թէ ուսուցանել։
15. Հ.Դ. առաջին դարուն եւ մեր օրերուն կատարուած քարոզչութեան ընդառաջողներուն միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։
15 Հ.Դ. առաջին դարուն, Պօղոսի քարոզը եւ ուսուցումը լսողներէն «ոմանք հաւատացին ըսածներուն, ոմանք չհաւատացին»։ (Գործք 28։24) Ներկայիս, ընդառաջումը գրեթէ նոյնն է։ Դժբախտաբար, Թագաւորութեան սերմերուն մեծ մասը անընդունակ հողի մէջ կ’իյնայ։ Այսուհանդերձ, կարգ մը սերմեր տակաւին կ’իյնան աղէկ հողի մէջ, արմատ կը նետեն եւ ծիլ կու տան, ինչպէս Յիսուս նախատեսեց։ Իրականութեան մէջ, համայն աշխարհի մէջ, ամէն շաբաթ միջին հաշուով 5,000 անհատներ Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտները կը դառնան։ Այս նոր աշակերտները ‘ըսուածներուն կը հաւատան’, հոգ չէ թէ շատեր չեն հաւատար։ Ի՞նչ բան նպաստեց որ անոնց սիրտը Թագաւորութեան պատգամին ընդունակ ըլլայ։ Յաճախ, Վկաներուն ցուցաբերած անձնական հետաքրքրութիւնը, այլաբանական առումով՝ նոր ցանուած սերմը ջրելը, մեծ ազդեցութիւն ունեցած է։ (Ա. Կորնթացիս 3։6) Նկատի առէք բազմաթիւ օրինակներէն միայն երկուքը։
Անձնական Հետաքրքրութիւնը Մեծ Ազդեցութիւն Ունի
16, 17. Ինչո՞ւ կարեւոր է ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած անհատներուն հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։
16 Պելճիքայի մէջ, Քարոլին անունով Վկայ երիտասարդուհի մը տարեց կնոջ մը այցելեց, որ Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեց։ Քանի որ կնոջ ձեռքը վիրակապի մէջ էր, Քարոլինը եւ իր ընկերուհին առաջարկեցին օգնել, սակայն կինը մերժեց։ Երկու օր ետք նոյն Վկաները կնոջ տունը վերադարձան եւ իր որպիսութիւնը հարցուցին։ «Ասիկա մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ», կ’ըսէ Քարոլին։ «Ան զարմացաւ որ մենք իրապէս իրմով հետաքրքրուած էինք։ Ան մեզ ներս հրաւիրեց եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ»։
17 Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէնտի անունով Վկայ մըն ալ անձնական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ իր քարոզած անհատներուն հանդէպ։ Ան տեղական օրաթերթին մէջ ծնունդի ծանուցումները աչքէ կ’անցընէ, ապա նոր ծնողներուն այցելութիւն կու տայ, իր հետ տանելով Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը։ * Քանի որ մայրը սովորաբար տունը կ’ըլլայ եւ հպարտութեամբ իր մանկիկը այցելուներուն ցոյց կու տայ, ասիկա յաճախ խօսակցութեան դուռ կը բանայ։ Սէնտի կը բացատրէ. «Ծնողքին կը խօսիմ ընթերցանութեան միջոցաւ նորածինին հետ կապ մը ստեղծելու կարեւորութեան մասին։ Ետքը կը խօսիմ ներկայ ընկերութեան մէջ զաւակ մը մեծցնելու մարտահրաւէրներուն մասին»։ Վերջերս, այսպիսի այցելութեան մը շնորհիւ, մայր մը ու իր վեց զաւակները սկսան Եհովայի ծառայել։ Նախաքայլը առնելը եւ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելը կրնան մեր ծառայութեան մէջ այսպիսի ուրախ արդիւնքներ տալ։
18. (ա) ‘Շատ պտուղ բերելու’ պահանջը ինչո՞ւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ է։ (բ) Յովհաննու Աւետարանին մէջ նշուած, աշակերտներէն սպասուած ո՞ր երեք պահանջներուն վճռած էք գոհացում տալ։
18 Որքա՜ն սրտապնդիչ է գիտնալ թէ ‘շատ պտուղ բերելու’ պահանջը մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ է։ Երիտասարդ ըլլանք թէ տարեց, առողջ ըլլանք թէ վատառողջ, ընդառաջող թէ նուազ ընդառաջող թաղամասերու մէջ քարոզենք, բոլորս ալ կարող ենք շատ պտուղ բերել։ Ի՞նչպէս։ Հոգիին պտուղը լման չափով ցուցաբերելով եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամը մեր կարողութեան ներած չափով տարածելով։ Նոյն ատեն, կը ջանանք ‘Յիսուսի խօսքին մէջ կենալ’ եւ ‘իրարու վրայ սէր ունենալ’։ Այո, Յովհաննու Աւետարանին մէջ նշուած, աշակերտներէն սպասուած այս երեք կարեւոր պահանջներուն գոհացում տալով, կ’ապացուցանենք թէ ‘ճշմարտապէս [Քրիստոսի] աշակերտներն ենք’։—Յովհաննու 8։31. 13։35
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 3 Թէեւ առակին մէջ յիշուած որթին ճիւղերը կ’ակնարկեն Յիսուսի առաքեալներուն եւ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ժառանգորդներուն, սակայն առակը ճշմարտութիւններ կը պարունակէ, որոնցմէ Քրիստոսի բոլոր հետեւորդները ներկայիս կրնան օգտուիլ։—Յովհաննու 3։16. 10։16
^ պարբ. 12 Անոնք որոնք յառաջացած տարիքի կամ հիւանդութեան պատճառաւ տունը մնալու դատապարտուած են, թերեւս կրնան վկայել նամակով, իսկ հոն ուր արտօնուած է՝ հեռաձայնով։ Կամ բարի լուրը կրնան բաժնել իրենց այցելուներուն հետ։
^ պարբ. 17 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Վերաքաղի հարցումներ
• Ի՞նչ տեսակ պտուղ առատապէս պէտք է բերենք։
• ‘Շատ պտուղ բերելու’ նպատակակէտը ինչո՞ւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ է։
• Յովհաննու Աւետարանին մէջ նշուած, աշակերտներէն սպասուած ո՞ր երեք պահանջները նկատի առինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 29]
Ի՛ՆՉՊԷՍ ‘ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՊՏՈՒՂ ՏԱԼ’
Ի՞ՆՉ բան ձեզի կ’օգնէ հաւատարմօրէն շարունակելու Թագաւորութեան պատգամը քարոզել, նուազ ընդառաջում ցուցաբերող թաղամասերու մէջ։ Ահաւասիկ կարգ մը օգտակար պատասխաններ այս հարցումին։
«Երբ գիտակցինք որ Յիսուս լիովին թիկունք կը կանգնի մեզի, ասիկա կը մղէ որ լաւատես ըլլանք եւ յարատեւենք, թաղամասին մէջ ցուցաբերուած ընդառաջումը ի՛նչ որ ալ ըլլայ»։—Հէրի, 72 տարեկան. մկրտուած՝ 1946–ին։
«Բ. Կորնթացիս 2։17–ն (ՆԱ) միշտ կը քաջալերէ զիս։ Անիկա կ’ըսէ թէ ծառայութեան կը մասնակցինք ‘Աստուծոյ առջեւ եւ Քրիստոսի ընկերակցութեամբ’։ Երբ ծառայութեան մէջ եմ, լաւագոյն բարեկամներուս ընկերակցութիւնը կը վայելեմ»։—Քլոտիօ, 43 տարեկան. մկրտուած՝ 1974–ին։
«Անկեղծ ըլլալու համար, քարոզչութիւնը ինծի համար պայքար մըն է։ Այսուհանդերձ, Սաղմոս 18։29–ի խօսքերուն ճշմարտութիւնը կ’ապրիմ, ուր կ’ըսէ. ‘Իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ’անցնիմ’»։—Ճէրարտ, 79 տարեկան. մկրտուած՝ 1955–ին։
«Եթէ ծառայութեան մէջ Սուրբ Գրքէն միայն համար մը կարդամ, գոհունակութիւն կը զգամ որ անհատ մը իր սիրտը քննեց Աստուածաշունչով»։—Էլէնըր, 26 տարեկան. մկրտուած՝ 1989–ին։
«Միշտ կը ջանամ զանազան մօտեցումներ փորձել։ Անոնք ա՛յնքան շատ են, որ կեանքիս մնացեալ տարիներու ընթացքին բոլորն ալ պիտի չկարենամ գործածել»։—Փօլ, 79 տարեկան. մկրտուած՝ 1940–ին։
«Մարդոց ժխտական ընդառաջումէն չեմ վիրաւորուիր։ Կը փորձեմ ընկերային ըլլալ, մարդոց հետ զրուցելով եւ անոնց տեսակէտները լսելով»։—Տանիէլ, 75 տարեկան. մկրտուած՝ 1946–ին։
«Հանդիպեցայ նոր մկրտուած անհատներու, որոնք ըսին թէ իմ քարոզչութիւնս դեր մը խաղցած է իրենց Վկայ ըլլալուն մէջ։ Առանց տեղեակ ըլլալու, հետագային ուրիշ անհատ մը իրենց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրած եւ անոնց օգնած է որ յառաջդիմեն։ Ինծի ուրախութիւն կը պատճառէ գիտնալ թէ մեր քարոզչութիւնը խմբային աշխատանք մըն է»։—Ճոան, 66 տարեկան. մկրտուած՝ 1954–ին։
Ձեզի ի՞նչ բան կ’օգնէ որ ‘համբերութիւնով պտուղ տաք’։—Ղուկաս 8։15
[Նկարներ՝ էջ 30]
Հոգիին պտուղը ցուցաբերելով եւ Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանելով շատ պտուղ կը բերենք