Անոնք հալածանքի վրայ յաղթանակ տարին
Անոնք հալածանքի վրայ յաղթանակ տարին
ՖՐԻՏԱ ՅԵՍ ծնած է 1911–ին՝ Տանըմարքայի մէջ, ապա իր ծնողքին հետ փոխադրուած է Հուզում, Գերմանիոյ հիւսիսը։ Տարիներ ետք աշխատած է Մակտըպըրկի մէջ, եւ 1930–ին մկրտուած է որպէս Աստուածաշունչի Աշակերտ մը, ինչպէս Եհովայի Վկաները կը ճանչցուէին այն ատեն։ 1933–ին Հիթլէր իշխանութեան գլուխը անցաւ, եւ Ֆրիտայի համար ասիկա դուռ բացաւ 23 տարի տեւող գէշ վերաբերմունքի մը, ոչ միայն մէ՛կ ամբողջատիրական կառավարութեան լուծին տակ, այլ՝ երկու։
Մարտ 1933–ին, գերմանական կառավարութիւնը կոչ ուղղեց որ ընդհանուր քուէարկութիւն տեղի ունենայ։ Համպուրկի մօտ գտնուող Նոյընկամի Կեդրոնացման Ճամբարի Թանգարանին տնօրէնը՝ Տոքթ. Տէթլէֆ Կարպը, կը բացատրէ. «Ազգային Ընկերվարականները ստիպեցին որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը իրենց վարչապետին ու առաջնորդին՝ Ատոլֆ Հիթլէրի՝ ի նպաստ քուէարկէ»։ Եհովայի Վկաները քաղաքական գետնի վրայ չէզոք մնալու եւ ‘աշխարհի մէկ մասը չըլլալու’ Յիսուսի խրատին հետեւելով չքուէարկեցին։ Հետեւա՞նքը։ Վկաները արգիլուեցան։—Յովհաննու 17։16, ՆԱ
Ֆրիտա իր քրիստոնէական գործունէութիւնները գաղտնօրէն շարունակեց, նոյնիսկ Դիտարան պարբերաթերթի տպագրութեան մէջ բաժին բերելով։ Ան կ’ըսէ. «Պարբերաթերթերէն մաս մը գաղտնօրէն կեդրոնացման ճամբարներէն ներս կը մտցուէր մեր հաւատակիցներուն համար»։ 1940–ին ան ձերբակալուեցաւ եւ Կեսթափոյին կողմէ հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ, ապա առանձնացած բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, ուր ամիսներ անցուց։ Ան ի՞նչպէս տոկաց։ Ինք կ’ըսէ. «Աղօթքը իմ ապաստանս էր։ Առտու կանուխ կը սկսէի աղօթել եւ օրուան ընթացքին բազմիցս կ’աղօթէի։ Աղօթքը ինծի զօրութիւն տուաւ եւ օգնեց որ չափազանց չմտահոգուիմ»։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7
Ֆրիտա ազատ արձակուեցաւ, բայց 1944–ին Կեսթափոն զինք դարձեալ ձերբակալեց։ Այս անգամ ան եօթը տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, Վալտհայմ բանտին մէջ։ Ֆրիտա կը շարունակէ պատմել. «Բանտապահները զիս նշանակեցին որ ուրիշ կիներու հետ միասին լուացքատուներուն մէջ աշխատիմ։ Յաճախ Չեխոսլաւաքիացի բանտակիցի մը հետ կ’ըլլայի, ուստի միշտ իրեն կը խօսէի Եհովայի եւ իմ հաւատքիս մասին։ Այս զրոյցները զիս հաւատքի մէջ հաստատ պահեցին»։
Ազատ Արձակուած՝ Բայց Կարճ Ժամանակուան մը Համար
Մայիս 1945–ին, Վալտհայմ բանտը ազատագրուեցաւ սովետական բանակներու կողմէ, եւ Ֆրիտա ազատ եղաւ Մակտըպըրկ վերադառնալու ու իր հանրային ծառայութիւնը վերսկսելու, բայց ասիկա երկար չտեւեց։ Վկաները դարձեալ խտրականութեան թիրախ դարձան, այս անգամ Սովետական Գրաւուած Գօտիի իշխանութիւններուն կողմէ։ Ամբողջատիրականութիւնը Հետազօտող Հաննա–Արէնթ Հաստատութենէն՝ Կերալտ Հաքը կը գրէ. «Եհովայի Վկաները
այն հազուագիւտ հաւաքականութիւններէն մէկն էին, որ գրեթէ շարունակ հալածուեցան գերմանական հողին վրայ իշխող երկու բռնակալութիւններուն կողմէ»։Ինչո՞ւ այս վերանորոգուած խտրականութիւնը։ Անգամ մը եւս, գլխաւոր հարցը քրիստոնէական չէզոքութիւնն էր։ 1948–ին, Արեւելեան Գերմանիան հանրաքուէ մը կազմակերպեց, եւ ինչպէս Հաքը կը բացատրէ, «[Եհովայի Վկաներու հալածանքին հիմնական պատճառը] այս հանրաքուէին չմասնակցիլն էր»։ Օգոստոս 1950–ին, Եհովայի Վկաները Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ արգիլուեցան։ Հարիւրաւորներ ձերբակալուեցան, Ֆրիտան ալ ներառեալ։
Ֆրիտա դարձեալ դատարան տարուեցաւ եւ վեց տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ «Այս անգամ հաւատակիցներուս հետ էի եւ անոնց ընկերակցութիւնը մեծապէս օգնեց ինծի»։ 1956–ին ազատ արձակուելէ ետք, ան Արեւմտեան Գերմանիա փոխադրուեցաւ։ Այժմ Ֆրիտա 90 տարեկան է եւ կ’ապրի Հուզումի մէջ, ու տակաւին կը ծառայէ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի։
Ֆրիտա երկու բռնիշխանութիւններու ներքեւ 23 տարի հալածուեցաւ։ «Նացիները ջանացին զիս ֆիզիքապէս կործանել, իսկ Համայնավարները՝ հոգեպէս։ Ուրկէ՞ զօրութիւն ձեռք ձգեցի։ Ազատութիւն վայելած օրերուս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւն մը պահպանելով, մեկուսացուած պահերուս յարատեւ աղօթելով, հաւատակիցներուս հետ ընկերակցելով՝ երբ կարելի ըլլար, եւ ամէն առիթով ուրիշներու հետ հաւատալիքներս բաժնելով»։
Ֆաշիստութիւնը Հունգարիոյ Մէջ
Հունգարիան այլ երկիր մըն է, ուր Եհովայի Վկաները տասնեակ տարիներ խտրականութեան զոհ գացին։ Ոմանք ո՛չ թէ երկու ամբողջատիրական վարչաձեւերու ներքեւ հալածանքի ենթարկուեցան, այլ՝ երեք։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Ատամ Սինկըր։ Ատամ 1922–ին ծնած էր Փաքս, Հունգարիա, եւ Բողոքական կրթութիւն ստացած էր։ 1937–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները Ատամի տունը այցելեցին, եւ ան իսկոյն հետաքրքրուեցաւ անոնց պատգամով։ Աստուածաշունչէն իր սորված բաները զինք համոզեցին թէ իր եկեղեցիին ուսուցումները սուրբ գրային չէին։ Ուստի, Բողոքական Եկեղեցին ձգելով Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հետ հանրային քարոզչութեան մասնակցեցաւ։
Ֆաշիստական ազդեցութիւնը կ’աւելնար Հունգարիոյ մէջ։ Մի քանի անգամ, ոստիկանութիւնը նկատեց որ Ատամ տունէ տուն կը քարոզէր եւ զինք հարցաքննութեան ենթարկեց։ Վկաներուն վրայ ճնշումը սաստկացաւ եւ 1939–ին անոնց գործունէութիւնը արգիլուեցաւ։ 1942–ին, Ատամ ձերբակալուեցաւ, բանտ տարուեցաւ եւ բրտօրէն ծեծուեցաւ։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ 19 տարեկանին, չարչարանքի ու ամիսներ տեւող բանտարկութեան տոկայ։ «Երբ տակաւին տանս մէջ կ’ապրէի, բծախնդրութեամբ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցի եւ Եհովայի նպատակներուն մասին յստակ հասկացողութիւն մը ձեռք ձգեցի»։ Միայն բանտէն ազատ արձակուելէն ետքն էր որ Ատամ ի վերջոյ մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի Վկայ մը։ Ասիկա տեղի ունեցաւ գիշերուան մութին մէջ՝ Օգոստոս 1942–ին, իր տան մօտ գտնուող գետի մը մէջ։
Հունգարիոյ Մէջ՝ Բանտարկութիւն, Սերպիոյ Մէջ՝ Տաժանակիր Աշխատանք
Մինչ այդ, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Հունգարիա Գերմանիոյ միացաւ Սովետական Միութեան դէմ, եւ 1942–ին՝ Ատամ զինուորական ծառայութեան կանչուեցաւ։ Ան կը պատմէ. «Ըսի թէ չէի կրնար բանակին մէջ ծառայել՝ Աստուածաշունչէն սորված բաներուս պատճառաւ։ Չէզոք կեցուածքս բացատրեցի»։ Ան 11 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Սակայն Ատամ Հունգարիոյ մէջ երկար ժամանակ չմնաց։
1943–ին, զանազան վայրերէ շուրջ 160 Եհովայի Վկաներ հաւաքեցին, նաւերու մէջ դրին, եւ Դանուբ գետի ճամբով Սերպիա փոխադրեցին։ Ատամ անոնց մէջն էր։ Սերպիոյ մէջ, այս բանտարկեալները Հիթլէրի Երրորդ Ռայխին իշխանութեան ներքեւ եկան։ Անոնք Պորի տաժանակրութեան ճամբարի մէջ արգելափակուեցան, եւ պղնձի հանքի մը մէջ աշխատեցան։ Շուրջ մէկ տարի ետք, զանոնք դարձեալ Հունգարիա փոխադրեցին, ուր Ատամ սովետական բանակներուն կողմէ ազատագրուեցաւ՝ 1945–ին։
Հունգարիա՝ Համայնավար Տիրապետութեան Ներքեւ
Սակայն ազատութիւնը երկար չտեւեց։ 1940–ական թուականներու վերջաւորութեան, Հունգարիոյ Համայնավար իշխանութիւնները Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնները արգիլեցին, ճիշդ ինչպէս որ ըրած էին Ֆաշիստները՝ պատերազմէն առաջ։ 1952–ին, երբ Ատամ 29 տարեկան, ամուսնացած եւ երկու զաւկի տէր էր, ձերբակալուեցաւ եւ անգամ մը եւս ամբաստանուեցաւ զինուորական ծառայութիւնը մերժելու
յանցանքով։ Ատամ դատարանին բացատրեց, ըսելով. «Ասիկա առաջին անգամը չէ որ զինուորական ծառայութիւնը կը մերժեմ։ Պատերազմի ժամանակ, այս պատճառով բանտարկուեցայ ու Սերպիա աքսորուեցայ։ Զինուորական ծառայութիւնը կը մերժեմ խղճմտանքիս պատճառաւ։ Ես Եհովայի Վկայ մըն եմ եւ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք դիրք մը կը պահեմ»։ Ատամ ութը տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, բայց հետագային չորս տարիի վերածուեցաւ։Ատամ շարունակեց խտրականութեան զոհ դառնալ մինչեւ 1970–ական թուականներու կիսուն, Աստուածաշունչի Աշակերտները իր ծնողքին դուռը առաջին անգամ զարնելէն աւելի քան 35 տարի ետք։ Ամբողջ այս ժամանակամիջոցին, ան վեց դատարաններու կողմէ 23 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, առնուազն տասը բանտերու եւ ճամբարներու մէջ արգելափակուելով։ Ան շարունակաբար հալածուեցաւ երեք վարչաձեւերու կողմէ. Ֆաշիստներուն կողմէ՝ նախա–պատերազմեան շրջանի Հունգարիոյ մէջ, Գերմանիոյ Ազգային Ընկերվարականներու կողմէ՝ Սերպիոյ մէջ, եւ Համայնավարներու կողմէ՝ պաղ–պատերազմեան շրջանի Հունգարիոյ մէջ։
Ատամ տակաւին կ’ապրի իր ծննդավայրին՝ Փաքսի մէջ, ուր հաւատարմաբար Աստուծոյ կը ծառայէ։ Արդեօք ան արտակարգ կարողութիւններու տէր անհա՞տ մըն է, որ կրցաւ դժուարութիւններու վրայ մեծ յաղթանակ տանիլ։ Ո՛չ։ Ան կը բացատրէ.
«Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, աղօթքը եւ հաւատակիցներու հետ ընկերակցութիւնը կենսական էին։ Սակայն, կ’ուզեմ երկու այլ բաներ ալ աչքառու դարձնել։ Նախ՝ Եհովա զօրութեան Աղբիւրն է։ Իր հետ սերտ յարաբերութիւնը իմ ազատարար չուանս էր։ Երկրորդ՝ մտքիս մէջ պահեցի Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխը, որ կ’ըսէ. ‘Ձեր անձերուն համար վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք’։ Ուստի, երբեք ոխ չպահեցի։ Բազմիցս առիթ ունեցայ իմ հալածիչներէս վրէժ առնելու, բայց երբեք ասիկա չըրի։ Եհովայի մեզի տուած ոյժը պէտք չէ գործածենք չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանելու»։
Բոլոր Հալածանքներուն Վախճանը
Ֆրիտա եւ Ատամ այժմ կրնան Եհովան պաշտել առանց արգելքի։ Սակայն, անոնց փորձառութեան նման փորձառութիւններ կրօնական հալածանքի մասին ի՞նչ կը յայտնեն։ Թէ՝ այսպիսի հալածանք անյաջող է, առնուազն երբ անիկա ճշմարիտ Քրիստոնեաներու դէմ ի գործ կը դրուի։ Թէեւ Եհովայի Վկաներու դէմ եղած հալածանքը բաւական նիւթական միջոցներ սպառեց եւ սաստիկ տառապանք պատճառեց, սակայն անիկա իր նպատակին չհասաւ։ Ներկայիս, Եհովայի Վկաները կ’ուռճանան Եւրոպայի մէջ, ուր ատեն մը երկու մեծ բռնակալութիւնները կ’իշխէին։
Վկաները ի՞նչպէս հակազդեցին հալածանքին։ Ինչպէս Ֆրիտայի ու Ատամի պատմութիւնները ցոյց կու տան, անոնք Աստուածաշունչի հետեւեալ խրատը կիրարկեցին. «Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։ (Հռովմայեցիս 12։21) Բարին իրապէս կրնա՞յ յաղթել չարին։ Այո՛, երբ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք մը անոր կ’ընկերակցի։ Եւրոպայի մէջ Եհովայի Վկաներու տարած յաղթանակը հալածանքի վրայ, Աստուծոյ հոգիին յաղթանակն էր. անիկա ցոյց կու տայ խոնարհ Քրիստոնեաներու մէջ սուրբ հոգիին արտադրած հաւատքին յառաջ բերած զօրութիւնը բարին ընելու։ (Գաղատացիս 5։22, 23, Երուսաղէմ) Ներկայ վայրագ աշխարհին մէջ, ասիկա լուրջի առնուելիք դաս մըն է։
[Նկարներ՝ էջ 5]
Ֆրիտա Յես (այժմ՝ Թհիել) իր ձերբակալութեան ատեն եւ ներկայիս
[Նկարներ՝ էջ 7]
Ատամ Սինկըր իր բանտարկութեան ատեն եւ ներկայիս