Բոլոր սրտով Եհովայի վստահեցէք
Բոլոր սրտով Եհովայի վստահեցէք
«Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի վստահին»։—ՍԱՂՄՈՍ 9։10, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով
1, 2. Մարդիկ ապահովութիւն գտնելու համար, ի՞նչ բաներու ի զուր կը վստահին։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ, երբ շատ բաներ մեր բարօրութեան կը սպառնան, բնական է անհատի մը կամ բանի մը դիմել, որ ապահովութիւն կրնայ հայթայթել։ Ոմանք կը խորհին թէ շատ դրամ ունենալը իրենց ապագան ապահով պիտի դարձնէ, սակայն, իրականութեան մէջ, դրամը շատ անստոյգ ապաստան մըն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իր հարստութեան վստահողը պիտի իյնայ»։ (Առակաց 11։28, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) Ուրիշներ մարդկային առաջնորդներու կը յուսան, սակայն նոյնիսկ անոնց լաւագոյնները սխալներ կը գործեն եւ ի վերջոյ բոլորն ալ կը մահանան։ Իմաստուն խրատ մը տալով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մի՛ վստահիք ազնուականներուն, մարդու որդիին՝ որուն քով օգնութիւն չկայ»։ (Սաղմոս 146։3, ԱՎ) Այս ներշնչեալ խօսքերը նաեւ մեզ կ’ազդարարեն որ մեր անձնական ջանքերուն չվստահինք։ Մենք ալ պարզ «մարդու որդի» ենք։
2 Եսայի մարգարէն իր օրուան Իսրայէլի ազգային առաջնորդները քննադատեց, քանի որ անոնք ‘ստութիւնը իրենց պատսպարանը’ դարձուցած էին։ (Եսայեայ 28։15-17) Ապահովութիւն փնտռելով, անոնք դրացի ազգերու հետ քաղաքական դաշնակցութիւններ կնքած էին։ Այսպիսի դաշնակցութիւններ անվստահելի էին. ստութիւն մըն էին։ Նոյն կերպով, ներկայիս շատ մը կրօնական առաջնորդներ քաղաքական առաջնորդներու հետ յարաբերութիւններ կը մշակեն։ Այս դաշնակցութիւններն ալ «ստութիւն» մը պիտի ըլլան։ (Յայտնութիւն 17։16, 17) Անոնք մնայուն ապահովութիւն պիտի չբերեն։
Յեսուի եւ Քաղէբի Ընտիր Օրինակները
3, 4. Յեսուի ու Քաղէբի տեղեկագրութիւնը ի՞նչպէս տարբեր էր միւս տասը լրտեսներուն տեղեկագրութենէն։
3 Ուստի ապահովութեան համար ո՞ւր պէտք է դիմենք։ Այն նոյն աղբիւրին, որուն Յեսու ու Քաղէբ դիմեցին Մովսէսի օրերուն։ Եգիպտոսի կապանքներէն ազատագրուելէ քիչ ետք, Իսրայէլ ազգը Քանանի երկիրը՝ Խոստացեալ Երկիրը՝ մտնելու պատրաստ էր։ Երկիրը լրտեսելու համար տասնըերկու տղամարդիկ ղրկուեցան, եւ 40 օր ետք անոնք վերադարձան իրենց տեղեկագրութիւնը տալու համար։ Անոնցմէ միայն երկուքը՝ Յեսու եւ Քաղէբ, տեղեկագրեցին թէ Իսրայէլ Քանանի երկրին մէջ յաջողութիւն պիտի գտնէր։ Միւսները հաստատեցին թէ երկիրը փափաքելի էր, բայց ըսին. «Այն երկրին մէջ բնակող ժողովուրդը զօրաւոր է եւ քաղաքները պարսպապատ ու խիստ մեծ են . . . Մենք այն ժողովուրդին վրայ ելլելու կարող չենք, վասն զի անոնք մեզմէ զօրաւոր են»։—Թուոց 13։28, 29, 32
4 Իսրայելացիները տասը լրտեսներուն մտիկ ըրին եւ վախցան, նոյնիսկ Մովսէսի դէմ սկսան տրտնջալ։ Ի վերջոյ, Յեսու ու Քաղէբ, մեծ յուզումով մը ըսին. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք զանիկա լրտեսելու համար, խիստ լաւ երկիր մըն է։ Եթէ Տէրը մեզի հաճի, մեզ այն երկիրը տանի եւ զանիկա մեզի տայ, որ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մըն է։ Միայն թէ Տէրոջը դէմ ապստամբ մի՛ ըլլաք եւ այն երկրին ժողովուրդէն մի՛ վախնաք»։ (Թուոց 14։6-9) Այսուհանդերձ, Իսրայելացիները մերժեցին մտիկ ընել, եւ որպէս արդիւնք, անոնց չթոյլատրուեցաւ Խոստացեալ Երկիրը մտնել այդ ատեն։
5. Յեսու եւ Քաղէբ ինչո՞ւ նպաստաւոր տեղեկագրութիւն մը տուին։
5 Յեսու եւ Քաղէբ ինչո՞ւ լաւ տեղեկագրութիւն մը տուին, մինչ տասը լրտեսները՝ գէշ տեղեկագրութիւն մը։ 12–ն ալ նոյն զօրաւոր քաղաքներն ու ազգերը տեսան։ Իսկ տասն ճշգրտօրէն ըսին թէ Իսրայէլ երկիրը նուաճելու չափ զօրաւոր չէր։ Յեսու եւ Քաղէբ ասիկա ալ գիտէին։ Սակայն տասն հարցերը դիտեցին մարմնաւոր տեսանկիւնէ մը, մինչ Յեսու եւ Քաղէբ Եհովայի վստահեցան։ Անոնք տեսած էին Իր զօրաւոր արարքները Եգիպտոսի ու Կարմիր Ծովուն մէջ եւ Սինա Լերան ստորոտը։ Ասոր հետ ներդաշնակ, նոյնիսկ տասնամեակներ ետք, այդ արարքներուն վերաբերեալ տեղեկագրութիւնը բաւարար էր Երիքովի Ռախաբը մղելու, որ Եհովայի ժողովուրդին համար իր կեանքը վտանգէր։ (Յեսուայ 2։1-24. 6։22-25) Յեսու եւ Քաղէբ, Եհովայի արարքներուն ականատեսները, կատարեալ վստահութիւն ունէին որ Աստուած պիտի շարունակէր իր ժողովուրդին համար պատերազմիլ։ Քառասուն տարի ետք, անոնց վստահութեան արդարացի ըլլալը փաստուեցաւ, երբ Յեսուի առաջնորդութեան ներքեւ Իսրայելացիներու նոր սերունդ մը Քանանի երկիրը մտաւ եւ զայն նուաճեց։
Ինչո՛ւ Անվերապահօրէն Եհովայի Պէտք Է Վստահինք
6. Ներկայիս Քրիստոնեաները ինչո՞ւ ճնշումներու կ’ենթարկուին, եւ իրենց վստահութիւնը որո՞ւ վրայ պէտք է դնեն։
6 Այս «դաժան ժամանակներ»ուն մէջ, մենք ալ Իսրայելացիներուն նման մեզմէ զօրաւոր թշնամիներ կը դիմագրաւենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, ԱՎ) Բարոյական, հոգեւոր եւ երբեմն ֆիզիքական գետնի վրայ ճնշումներու կ’ենթարկուինք։ Մեր ջանքերով չենք կրնար այդ ճնշումներուն տոկալ, քանի որ անոնք գերմարդկային աղբիւրէ մը՝ Բանսարկու Սատանայէն՝ ծագում կ’առնեն։ (Եփեսացիս 6։12. Ա. Յովհաննու 5։19) Արդ, ուրկէ՞ օգնութիւն կրնանք ստանալ։ Վաղեմի հաւատարիմ մարդոցմէ մէկը Եհովայի աղօթելով՝ ըսաւ. «Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի վստահին»։ (Սաղմոս 9։10, ԱՎ) Եթէ իրապէս Եհովան կը ճանչնանք ու իր անուան նշանակութիւնը կ’ըմբռնենք, Յեսուի եւ Քաղէբի նման լիովին իրեն պիտի վստահինք։—Յովհաննու 17։3
7, 8. (ա) Ստեղծագործութիւնը ի՞նչպէս մեզի պատճառներ կու տայ որ Եհովայի վստահինք։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչ պատճառներ կու տայ Եհովայի վստահելու համար։
7 Ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է վստահինք։ Յեսու եւ Քաղէբ ասիկա ըրին, մասամբ՝ քանի որ իր զօրութեան ցուցադրութիւնները տեսած էին։ Մեր պարագան ալ նոյնն է։ Օրինակ, նկատի առէք Եհովայի ստեղծագործութիւնները, ի ներառեալ տիեզերքը՝ իր միլիառաւոր հոյախումբերով։ Եհովայի հակակշռին տակ գտնուող ֆիզիքական անհուն ուժերը ցոյց կու տան թէ ան արդարեւ Ամենակալ է։ Մինչ ստեղծագործութեան հրաշալիքներուն մասին կը խորհրդածենք, պէտք է համաձայնինք Յոբի հետ, որ Եհովայի մասին ըսաւ. «Ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել։ Ո՞վ կարող է ըսել անոր՝ ‘Ի՞նչ կ’ընես’»։ (Յոբայ 9։12) Իրականութեան մէջ, եթէ Եհովա մեր կողմն է, ամբողջ տիեզերքին մէջ ո՛չ մէկը կրնայ մեզ վախցնել։—Հռովմայեցիս 8։31
8 Նաեւ նկատի առէք Եհովայի Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ Աստուածային իմաստութեան այս անսպառ աղբիւրը, մեզի զօրութիւն կու տայ որ սխալ սովորութիւններ յաղթահարենք եւ մեր կեանքը Եհովայի կամքին հետ ներդաշնակենք։ (Եբրայեցիս 4։12) Աստուածաշունչին միջոցաւ է որ Եհովան իր անունով կը ճանչնանք եւ իր անուան նշանակութիւնը կ’ըմբռնենք։ (Ելից 3։14) Կը գիտակցինք թէ Եհովա կրնայ ըլլալ ի՛նչ որ ինք կ’ուզէ, իր նպատակները իրագործելու համար. սիրալիր Հայր մը, արդար Դատաւոր մը, յաղթական Ռազմիկ մը։ Նաեւ կը տեսնենք թէ իր խօսքը ի՛նչպէս միշտ ճշմարիտ կ’ելլէ։ Մինչ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրենք, մենք ալ սաղմոսերգուին նման կ’ըսենք. «Քու խօսքիդ կը վստահիմ»։—Սաղմոս 119։42, ԱՎ. Եսայեայ 40։8
9. Փրկանքն ու Յիսուսի յարութիւնը, Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ի՞նչպէս կ’ամրապնդեն։
9 Փրկանքը Եհովայի վստահելու այլ պատճառ մըն է։ (Մատթէոս 20։28) Ի՜նչ սքանչելի է որ Աստուած իր Որդին ղրկեց որ մեռնի որպէս փրկանք մեզի համար։ Իսկ փրկանքը իրապէս ազդու բան մըն է։ Անիկա զղջացող եւ պարկեշտ սրտով Եհովայի դարձող բոլոր մարդկութեան մեղքերը կը ծածկէ։ (Յովհաննու 3։16. Եբրայեցիս 6։10. Ա. Յովհաննու 4։16, 19) Փրկանքը վճարելու գործընթացին մաս կը կազմէր Յիսուսի յարութիւնը։ Հարիւրաւոր ականատեսներու կողմէ հաստատուած այդ յարութիւնը, յաւելեալ պատճառ մըն է որ Եհովայի վստահինք։ Անիկա երաշխիք մըն է թէ մեր յոյսերը ի դերեւ պիտի չելլեն։—Գործք 17։31. Հռովմայեցիս 5։5. Ա. Կորնթացիս 15։3-8
10. Եհովայի վստահելու ի՞նչ անձնական պատճառներ ունինք։
10 Ասոնք միայն քանի մը պատճառներ են թէ ինչո՛ւ Եհովայի հանդէպ բացարձակ վստահութիւն կրնանք ունենալ եւ պէտք է ունենանք։ Տակաւին այլ
պատճառներ կան, որոնցմէ ոմանք անձնական են։ Օրինակ, բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ ատեն–ատեն դժուար պարագաներ կը դիմագրաւենք։ Մինչ զանոնք ձեռք առնելու համար Եհովայի ուղղութիւնը կը խնդրենք, այդ ուղղութեան որքա՛ն գործնական ըլլալը կը տեսնենք։ (Յակոբու 1։5-8) Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ո՛րքան աւելի Եհովայի վստահինք եւ ասոր լաւ արդիւնքները տեսնենք, իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը ա՛յնքան աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ։Դաւիթ Եհովայի Վստահեցաւ
11. Դաւիթ ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Եհովայի վստահեցաւ։
11 Վաղեմի Իսրայէլէն Դաւիթը, Եհովայի վստահող անհատներէն մէկն էր։ Դաւիթ դիմագրաւեց զինք սպաննել ուզող Սաւուղ Թագաւորին սպառնալիքները եւ Իսրայէլը նուաճել ջանացող Փղշտացիներու զօրաւոր բանակը։ Այսուհանդերձ, ան վերապրեցաւ եւ նոյնիսկ յաղթական եղաւ։ Ինչո՞ւ։ Դաւիթ անձամբ կը բացատրէ. «Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, ես որմէ՞ պիտի դողամ»։ (Սաղմոս 27։1) Մենք ալ յաղթական պիտի ըլլանք եթէ նոյն կերպով Եհովայի վստահինք։
12, 13. Դաւիթ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ Եհովայի պէտք է վստահինք, նոյնիսկ երբ հակառակորդներ իրենց լեզուները որպէս զէնք մեզի դէմ գործածեն։
12 Առիթով մը Դաւիթ աղօթեց. «Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ ձայնս իմ գանգատելու ատենս. թշնամիին վախէն իմ կեանքս պահպանէ։ Ծածկէ զիս չարերուն ժողովէն, անօրէնութիւն գործողներուն բազմութենէն, որոնք իրենց լեզուները թուրի պէս կը սրեն, որոնք նետերու պէս լեղի խօսքեր կը գործածեն, գաղտուկ տեղէն անմեղին նետելու համար»։ (Սաղմոս 64։1-4) Վստահ չենք թէ ի՛նչ բան Դաւիթը մղեց այս խօսքերը գրելու։ Բայց գիտենք թէ ներկայիս, հակառակորդները նոյնպէս «իրենց լեզուները թուրի պէս կը սրեն», խօսքը գործածելով որպէս պատերազմական զէնք։ Անոնք բերանացի կամ գրաւոր խօսքեր գործածելով, անմեղ Քրիստոնեաներու վրայ ապատեղեկատուութեան ‘նետեր կը նետեն’։ Եթէ անխախտօրէն Եհովայի վստահինք, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
13 Դաւիթ կը շարունակէ ըսել. «Աստուած զանոնք պիտի զարնէ նետով։ Անոնք յանկարծ պիտի վիրաւորուին։ Իրենց լեզուներուն պատճառով պիտի աւերուին։ . . . Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ»։ (Սաղմոս 64։7-10) Այո, թէեւ թշնամիները իրենց լեզուները մեզի դէմ կը սրեն, բայց վերջաւորութեան «իրենց լեզուներուն պատճառով պիտի աւերուին»։ Ի վերջոյ, Եհովա հարցերը այնպիսի կերպով մը կ’ուղղէ որ դրական արդիւնք ձեռք ձգուի, որպէսզի իրեն վստահողները կարենան իրմով ուրախանալ։
Եզեկիայի Վստահութիւնը Արդարացի Էր
14. (ա) Ի՞նչ լուրջ կացութեան մը առջեւ Եզեկիա Եհովայի վստահեցաւ։ (բ) Եզեկիա ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ Ասորիներու սուտերուն չհաւատաց։
14 Եզեկիա Թագաւորը ուրիշ անհատ մըն էր, որուն վստահութիւնը Եհովայի հանդէպ արդարացի էր։ Եզեկիայի իշխանութեան ընթացքին, Ասորիներու հզօր բանակը Երուսաղէմի սպառնաց։ Այդ բանակը բազմաթիւ ազգեր նուաճած էր։ Անիկա նոյնիսկ Յուդայի քաղաքները գրաւելով հասած էր Երուսաղէմի դռները, իսկ Սենեքերիմ կը յոխորտար՝ ըսելով թէ այդ քաղաքն ալ պիտի գրաւէր։ Ռափսակի միջոցաւ ան ճշգրտօրէն նշեց թէ օգնութեան համար Եգիպտոսի վստահիլը ապարդիւն էր։ Բայց անկէ ետք, ան ըսաւ. «Քու Աստուածդ՝ որուն կը վստահիս, քեզ թող չհրապուրէ՝ ըսելով. ‘Երուսաղէմ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չմատնուի’»։ (Եսայեայ 37։10, ԱՎ) Սակայն Եզեկիա գիտէր թէ Եհովա զինք պիտի չխաբէր։ Ուստի աղօթեց՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ՛ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրին բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դուն ես Տէրը»։ (Եսայեայ 37։20) Եհովա Եզեկիայի աղօթքը լսեց։ Մէկ գիշերուան մէջ, հրեշտակ մը 185,000 Ասորի զինուոր սպաննեց։ Երուսաղէմ խնայուեցաւ, իսկ Սենեքերիմ հեռացաւ Յուդայի հողէն։ Այս դէպքին մասին լսող բոլոր անհատները Եհովայի վսեմութեան գիտակցեցան։
15. Միայն ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ այս անկայուն աշխարհին մէջ պատրաստ ըլլանք որեւէ դժուար պարագայ դիմագրաւելու։
15 Ներկայիս, Եզեկիայի նման մենք ալ պատերազմի մը մէջ կը գտնուինք։ Մեր պարագային, պատերազմը հոգեւոր է։ Այսուհանդերձ, որպէս հոգեւոր զինուորներ, վերապրելու հմտութիւններ պէտք է մշակենք։ Յարձակումներ պէտք է ակնկալենք եւ մենք մեզ պատրաստենք անոնց դէմ դնելու համար։ (Եփեսացիս 6։11, 12, 17) Այս անկայուն աշխարհին մէջ, պարագաները յանկարծ կրնան փոխուիլ։ Անակնկալօրէն քաղաքացիական խռովութիւններ կրնան ծագիլ։ Կրօնական հանդուրժողութեան արձանագրութիւն ունեցող երկիրներ կրնան անհանդուրժող դառնալ։ Միայն եթէ Եզեկիայի նման Եհովայի վրայ անխախտ վստահութիւն մշակենք, պատրաստ պիտի ըլլանք որեւէ բան դիմագրաւելու։
Ի՞նչ կը Նշանակէ Եհովայի Վստահիլ
16, 17. Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք թէ Եհովայի կը վստահինք։
16 Եհովայի վստահիլը պարզապէս խօսքով չ’ըլլար։ Անիկա մեր սիրտը կը պարփակէ եւ մեր արարքներով ցոյց կը տրուի։ Եթէ Եհովայի վստահինք, լիովին պիտի վստահինք իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին։ Զայն ամէն օր պիտի կարդանք, անոր վրայ պիտի խոկանք եւ թոյլ պիտի տանք որ անիկա մեր կեանքը ուղղէ։ (Սաղմոս 119։105) Եհովայի վստահիլը նաեւ կը պարփակէ իր սուրբ հոգիին զօրութեան վստահիլ։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, կրնանք Եհովան հաճեցնող պտուղը մշակել եւ կրնանք արմատացած գէշ սովորութիւններ յաղթահարել։ (Ա. Կորնթացիս 6։11. Գաղատացիս 5։22-24) Արդ, սուրբ հոգիին օգնութեամբ շատեր կրցած են ծխախոտի կամ թմրեցուցիչի գործածութիւնը դադրեցնել։ Ուրիշներ անբարոյ կենցաղէ մը ձերբազատուած են։ Այո, եթէ Եհովայի վստահինք, բաներ կ’իրագործենք ի՛ր ոյժով, եւ ոչ թէ՝ մեր։—Եփեսացիս 3։14-18
17 Ասկէ զատ, Եհովայի վստահիլը կը նշանակէ իր վստահած անհատներուն վստահիլ։ Օրինակ, Եհովա կարգադրած է որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» Թագաւորութեան երկրային շահերուն հոգ տանի։ (Մատթէոս 24։45-47) Չենք փորձեր անկէ անկախ գործել եւ չենք անտեսեր անոր նշանակումը, քանի որ Եհովայի կարգադրութեան կը վստահինք։ Ասկէ զատ, երէցները քրիստոնէական տեղական ժողովքին մէջ կը ծառայեն եւ, ըստ Պօղոս առաքեալին, անոնք սուրբ հոգիին միջոցաւ կը նշանակուին։ (Գործք 20։28) Ժողովքին մէջ երէցներու կարգադրութեան հետ համագործակցելով, նաեւ ցոյց կու տանք թէ Եհովայի կը վստահինք։—Եբրայեցիս 13։17
Պօղոսի Օրինակին Հետեւեցէք
18. Ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչպէս Պօղոսի օրինակին կը հետեւին, բայց իրենց վստահութիւնը ի՞նչ բանի վրայ չեն դներ։
18 Պօղոս առաքեալ իր ծառայութեան մէջ բազմաթիւ ճնշումներ դիմագրաւեց, ինչպէս մենք կը դիմագրաւենք։ Իր օրերուն, Քրիստոնէութիւնը սխալ ներկայացուած էր հեղինակութիւններուն, եւ երբեմն ան ջանաց սխալ տպաւորութիւնները սրբագրել կամ քարոզչութեան գործը օրինականացնել։ (Գործք 28։19-22. Փիլիպպեցիս 1։7) Ներկայիս, Քրիստոնեաները իր օրինակին կը հետեւին։ Հոն ուր կարելի է, ուրիշներուն կ’օգնենք որ մեր գործին մասին լուսաբանուին, մեզի մատչելի եղող ամէն միջոց գործածելով։ Կը ջանանք բարի լուրը պաշտպանել եւ օրինապէս հաստատել։ Սակայն, մեր ամբողջ վստահութիւնը այս ջանքերուն վրայ չենք դներ, այսինքն՝ չենք սեպեր թէ յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը կախեալ է դատեր շահելէն կամ նպաստաւոր ծանուցում ստանալէն։ Ընդհակառակը, մենք Եհովայի կը վստահինք։ Կը յիշենք իր տուած քաջալերութիւնը վաղեմի Իսրայէլի. «Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեան ու վստահութեան մէջ պիտի կայանայ»։—Եսայեայ 30։15, ԱՎ
19. Երբ հալածանքի ենթարկուած են, Եհովայի հանդէպ մեր եղբայրներուն ունեցած վստահութեան արդարացի ըլլալը ի՞նչպէս փաստուած է։
19 Արդի պատմութեան ընթացքին, երբեմն մեր գործը արգիլուեցաւ կամ սահմանափակուեցաւ Արեւելեան ու Արեւմտեան Եւրոպայի, Ասիոյ ու Ափրիկէի կարգ մը մասերուն, եւ Հարաւային Ամերիկայի ու Հիւսիսային Ամերիկայի կարգ մը երկիրներուն մէջ։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ի դերեւ ելած է։ Ո՛չ։ Թէեւ ան երբեմն բիրտ հալածանք թոյլատրած է, իր աչքին լաւ երեւցող
նպատակի մը համար, սակայն Եհովա այդ դառն հալածանքին ենթարկուողները սիրալիրօրէն զօրացուցած է։ Այդ հալածանքին ներքեւ, բազմաթիւ Քրիստոնեաներ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքի ու վստահութեան սքանչելի արձանագրութիւն մը ձգած են։20. Թէեւ օրինական ազատութենէն կրնանք օգտուիլ, սակայն ո՞ր մարզերուն մէջ երբեք զիջումներ պիտի չընենք։
20 Միւս կողմէ, շատ մը երկիրներու մէջ օրինաւոր ճանաչում ունինք, եւ երբեմն լրատուամիջոցները մեր մասին նպաստաւոր ծանուցումներ կ’ընեն։ Ասոր համար երախտապարտ ենք եւ կը գիտակցինք թէ ա՛յս ալ Եհովայի նպատակին կը ծառայէ։ Իր արտօնութեամբ մեզի տրուած յաւելեալ ազատութիւնը կը գործածենք ո՛չ թէ մեր անձնական կեանքը բարելաւելու, այլ՝ աւելի ազատօրէն ու լիովին Եհովայի ծառայելու համար։ Սակայն, հեղինակութիւններուն կողմէ յարգուելու համար, մեր չէզոք կեցուածքին մէջ երբեք զիջումներ պիտի չընենք, մեր քարոզչութիւնը պիտի չդանդաղեցնենք, ո՛չ ալ Եհովայի մատուցած մեր ծառայութիւնը պիտի նուազեցնենք։ Մենք Մեսիական Թագաւորութեան հպատակներն ենք եւ լիովին դիրք բռնած ենք Եհովայի գերիշխանութեան կողմը։ Մեր յոյսը իրերու այս դրութեան վրայ չենք դրած, այլ՝ նոր աշխարհին վրայ, ուր երկնային Մեսիական Թագաւորութիւնը այս երկրին վրայ իշխող միակ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ։ Ո՛չ ռումբերը, ո՛չ հրթիռները, ո՛չ ալ կորիզային յարձակումները կրնան այս կառավարութիւնը ցնցել կամ զայն երկինքէն վար նետել։ Անիկա անպարտելի է եւ Եհովայի նպատակը պիտի իրագործէ։—Դանիէլ 2։44. Եբրայեցիս 12։28. Յայտնութիւն 6։2
21. Ի՞նչ ընթացքի վճռած ենք հետեւիլ։
21 Պօղոս կ’ըսէ. «Մենք անոնցմէ չենք՝ որ կ’ընկրկին կորուստի համար, հապա անոնցմէ՝ որ կը հաւատան, իրենց անձին փրկութեան համար»։ (Եբրայեցիս 10։39, ԱՎ) Ուստի, բոլորս ալ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայենք մինչեւ վերջ։ Ամէն պատճառ ունինք մեր ամբողջ վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնելու, հիմա եւ յաւիտեան։—Սաղմոս 37։3. 125։1
Ի՞նչ սորվեցաք
• Յեսու եւ Քաղէբ ինչո՞ւ նպաստաւոր տեղեկագրութիւն մը ներկայացուցին։
• Ի՞նչ կարգ մը պատճառներու համար անվերապահօրէն Եհովայի պէտք է վստահինք։
• Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի վստահիլ։
• Եհովայի վստահելով ի՞նչ կեցուածք վճռած ենք առնել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 25]
Յեսու եւ Քաղէբ ինչո՞ւ նպաստաւոր տեղեկագրութիւն մը տուին
[Նկարներ՝ էջ 26]
Ստեղծագործութիւնը մեզի զօրաւոր պատճառ կու տայ Եհովայի վստահելու
[Նկարին աղբիւրը]
All three images։ Courtesy of Anglo-Australian Observatory, photograph by David Malin
[Նկար՝ էջ 28]
Եհովայի վստահիլը կը նշանակէ իր վստահած անհատներուն վստահիլ