Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Զօրացէ՛ք ու քաջասի՛րտ եղէք’

‘Զօրացէ՛ք ու քաջասի՛րտ եղէք’

Զօրացէ՛ք ու քաջասի՛րտ եղէք’

«Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 16։33

1. Քանանի մէջ իրենց սպասող բաներուն ի տես, Իսրայելացիները ի՞նչ քաջալերութիւն ստացան։

ԵՐԲ Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիրը մտնելու համար Յորդանան Գետը կտրելու վրայ էին, Մովսէս անոնց ըսաւ. «Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, մի՛ վախնաք ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի հետ պիտի երթայ»։ Անկէ ետք, Մովսէս կանչեց Յեսուն, որ Իսրայելացիները Քանանի երկիրը պիտի մտցնէր, եւ անձնապէս իրեն կրկնեց քաջասիրտ ըլլալու յորդորը։ (Բ. Օրինաց 31։6, 7) Հետագային, Եհովա ինք Յեսուն քաջալերեց, ըսելով. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր . . . միայն թէ զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր»։ (Յեսուայ 1։6, 7, 9) Այս խօսքերը ժամանակայարմար էին։ Իսրայելացիները, Յորդանանի միւս կողմը իրենց սպասող զօրաւոր թշնամիներուն դէմ ելլելու համար քաջութեան կարիքը ունէին։

2. Ներկայիս, ի՞նչ պարագայի մէջ կը գտնուինք, եւ ի՞նչ բանի կարիքը ունինք։

2 Ներկայիս, ճշմարիտ Քրիստոնեաները մօտ ատենէն խոստացեալ նոր աշխարհը պիտի մտնեն, եւ Յեսուի նման քաջասիրտ ըլլալու կարիքը ունին։ (Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 7։14) Սակայն, մեր պարագան Յեսուի պարագայէն տարբեր է։ Յեսու սուրերով ու նիզակներով պատերազմեցաւ։ Մենք հոգեւոր պատերազմ մը կը մղենք եւ երբեք բառացի զէնքեր չենք գործածեր։ (Եսայեայ 2։2-4. Եփեսացիս 6։11-17) Ասկէ զատ, նոյնիսկ Խոստացեալ Երկիրը մտնելէ ետք, Յեսու ստիպուած էր բազմաթիւ բուռն կռիւներ մղել։ Բայց մենք մեր ամենէն ուժգին կռիւները՝ հիմա կը մղենք, նոր աշխարհը մտնելէն առաջ։ Միասնաբար նկատի առնենք քաջութիւն պահանջող կարգ մը պարագաներ։

Ինչո՞ւ Պէտք Է Պայքարինք

3. Աստուածաշունչը մեր գլխաւոր հակառակորդին մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

3 Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Այս խօսքերը հիմնական պատճառ մը կու տան թէ Քրիստոնեաները ինչո՛ւ պէտք է պայքարին իրենց հաւատքը պահպանելու համար։ Երբ Քրիստոնեայ մը իր ուղղամտութիւնը պահէ, ասիկա ձեւով մը Բանսարկու Սատանան պարտութեան կը մատնէ։ Ուստի Սատանան «մռնչող առիւծի պէս» կը պտըտի, ջանալով հաւատարիմ Քրիստոնեաները վախցնել ու կլլել։ (Ա. Պետրոս 5։8) Արդարեւ, ան օծեալ Քրիստոնեաներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն դէմ պատերազմ կը մղէ։ (Յայտնութիւն 12։17) Այս պատերազմին մէջ, ան կը գործածէ մարդիկ, որոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար իր նպատակներուն կը ծառայեն։ Սատանայի եւ իր բոլոր գործակալներուն դէմ հաստատ կենալը քաջութիւն կը պահանջէ։

4. Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ, սակայն ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ յատկութիւն ցուցաբերած են։

4 Քանի որ Յիսուս գիտէր թէ Սատանան ու իր գործակալները բարի լուրին անխոնջօրէն պիտի հակառակէին, Ան իր աշակերտները ազդարարեց՝ ըսելով. «Ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք»։ (Մատթէոս 24։9) Այս խօսքերը կատարուեցան առաջին դարուն, եւ կը կատարուին ներկայիս։ Արդարեւ, Եհովայի կարգ մը այժմու Վկաներուն ունեցած հալածանքը, պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած որեւէ հալածանքի նման բիրտ եղած է։ Այսուհանդերձ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները այսպիսի ճնշումի մը դիմաց քաջասիրտ են։ Անոնք գիտեն թէ «մարդոց վախը որոգայթի մէջ կը ձգէ», եւ չեն ուզեր որոգայթի մը մէջ իյնալ։—Առակաց 29։25, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով

5, 6. (ա) Ի՞նչ պարագաներ մեզմէ քաջութիւն կը պահանջեն։ (բ) Հաւատարիմ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը հակազդեն, երբ իրենց քաջութիւնը փորձի ենթարկուի։

5 Հալածանքէն զատ այլ մարտահրաւէրներ ալ կան, որոնք մեր կողմէ քաջութիւն կը պահանջեն։ Ոմանց համար, օտարներու հետ բարի լուրին մասին խօսիլը մարտահրաւէր մըն է։ Կարգ մը դպրոցականներու քաջութիւնը փորձի կ’ենթարկուի, երբ անոնցմէ կը պահանջուի որ երկրին կամ դրօշակին հաւատարմութիւն ուխտեն։ Քանի որ այսպիսի ուխտ մը կրօնական բնոյթ ունի, Քրիստոնեայ երախաներ խիզախօրէն վճռած են Աստուծոյ հաճելի եղած կերպով մը վարուիլ, իսկ անոնց հոյակապ ընթացքը սրտապնդիչ եղած է։

6 Քաջութեան կարիքը ունինք նաեւ, երբ հակառակորդներ լրատուամիջոցները կը շահագործեն Աստուծոյ ծառաներուն մասին սխալ տեղեկագրութիւններ տարածելու համար, կամ երբ կը ջանան ճշմարիտ պաշտամունքը արգիլել՝ ‘օրէնքով չարիք’ ծրագրելով։ (Սաղմոս 94։20, ՆԱ) Օրինակ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր զգացումը, երբ լրագիր մը, կամ ձայնասփիւռի կամ հեռատեսիլի հաղորդում մը Եհովայի Վկաներու մասին խեղաթիւրուած կամ անհիմն սուտեր տեղեկագրէ։ Անակնկալի պէ՞տք է գանք։ Ո՛չ։ Այսպիսի բաներ կ’ակնկալենք։ (Սաղմոս 109։2) Եւ չենք զարմանար երբ ոմանք հաւատան հրատարակուած սուտերուն ու խեղաթիւրումներուն, քանի որ «միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ»։ (Առակաց 14։15) Ասկէ զատ, հաւատարիմ Քրիստոնեաները կը մերժեն հաւատալ իրենց եղբայրներուն մասին խօսուած իւրաքանչիւր խօսքին, եւ վստահաբար թոյլ չեն տար որ սուտ տեղեկագրութիւններ պատճառ ըլլան որ քրիստոնէական ժողովներէն բացակային, դաշտի ծառայութեան մէջ դանդաղին, կամ իրենց հաւատքին մէջ տկարանան։ Ընդհակառակը, անոնք ‘իրենց անձը կ’ընծայեն՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս . . . փառքով ու անարգութիւնով, գովութիւնով ու պարսաւանքով, [ըստ հակառակորդներու] մոլորեցնողներու պէս՝ ու [իրականութեան մէջ] ճշմարիտներ’։—Բ. Կորնթացիս 6։4, 8

7. Մենք մեզի ի՞նչ խորաթափանց հարցումներ կրնանք հարցնել։

7 Տիմոթէոսին գրելով, Պօղոս ըսաւ. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան։ . . . Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը»։ (Բ. Տիմոթէոս 1։7, 8. Մարկոս 8։38) Այս խօսքերը կարդալէ ետք, մենք մեզի հարց կրնանք տալ. ‘Հաւատքիս պատճառաւ կ’ամչնա՞մ, թէ ոչ քաջասիրտ եմ։ Աշխատավայրիս (կամ դպրոցիս) մէջ, շուրջիններուս կը գիտցնե՞մ թէ Եհովայի Վկայ մըն եմ, թէ ոչ կը փորձեմ իրողութիւնը ծածկել։ Ուրիշներէն տարբեր ըլլալուս համար կ’ամչնա՞մ, թէ ոչ հպարտ եմ որ Եհովայի հետ ունեցած յարաբերութիւնս զիս տարբեր կը դարձնէ’։ Եթէ անհատ մը բարի լուրը քարոզելու կամ անժողովրդական եղող կեցուածք մը առնելու կը վախնայ, թող յիշէ Յեսուի տուած Եհովայի յորդորը. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր»։ Երբեք մի՛ մոռնաք թէ մեր գործակիցներուն կամ դասընկերներուն կարծիքը չէ որ արժէք մը կը ներկայացնէ, այլ՝ Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի կարծիքը։—Գաղատացիս 1։10

Ի՛նչպէս Քաջութիւն Մշակել

8, 9. (ա) Առիթով մը, նախկին Քրիստոնեաներուն քաջութիւնը ի՞նչպէս փորձի տակ դրուեցաւ։ (բ) Պետրոս ու Յովհաննէս ի՞նչպէս հակազդեցին սպառնալիքներուն, եւ իրենք ու իրենց եղբայրները ի՞նչ բանի փորձառութիւնը ունեցան։

8 Ի՞նչպէս կրնանք այնպիսի քաջութիւն մը մշակել, որ մեզ կարող պիտի դարձնէ մեր ուղղամտութիւնը պահելու այս դժուար ժամանակներուն մէջ։ Լաւ, նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպէս քաջութիւն մշակեցին։ Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ Երուսաղէմի քահանաներն ու ծերերը պատուիրեցին Պետրոսի ու Յովհաննէսի որ Յիսուսի անունով քարոզելէ դադրին։ Աշակերտները մերժեցին, ուստի անոնց սպառնացին, ապա ազատ արձակեցին։ Անկէ ետք, երբ անոնք եղբայրներուն միացան, բոլորը միասին աղօթեցին՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք»։ (Գործք 4։13-29) Ասոր ընդառաջելով, Եհովա զիրենք սուրբ հոգիով զօրացուց, եւ ինչպէս Հրեայ առաջնորդները հետագային վկայեցին, աշակերտները ‘Երուսաղէմը լեցուցին’ իրենց ուսմունքովը։—Գործք 5։28

9 Վերլուծենք թէ այդ օրը ի՛նչ պատահեցաւ։ Երբ Հրեայ առաջնորդները աշակերտներուն սպառնացին, անոնք ճնշումի ներքեւ տեղի չտուին։ Փոխարէն, աշակերտները աղօթքով քաջութիւն խնդրեցին որ շարունակեն քարոզել։ Ապա իրենց աղօթքին համաձայն գործեցին, եւ Եհովա զիրենք իր հոգիով զօրացուց։ Անոնց փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ ինչ որ Պօղոս տարիներ ետք գրեց տարբեր բովանդակութեան մը մէջ, կը կիրարկուի հալածանքի ներքեւ գտնուող Քրիստոնեաներուն։ Պօղոս ըսաւ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։—Փիլիպպեցիս 4։13

10. Երեմիայի փորձառութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ բնաւորութեամբ երկչոտ եղողներուն։

10 Սակայն, ենթադրենք թէ անհատ մը բնաւորութեամբ երկչոտ է։ Ան կրնա՞յ հակառակութեան դիմաց խիզախօրէն Եհովայի ծառայել։ Վստա՛հաբար։ Յիշեցէք Երեմիայի հակազդեցութիւնը, երբ Եհովա զինք մարգարէ նշանակեց։ Այս երիտասարդը ըսաւ. «Ես մանուկ եմ»։ Բացորոշ է որ ան ինքզինք անատակ կը զգար։ Այսուհանդերձ, Եհովա զինք քաջալերեց հետեւեալ խօսքերով. «Մի՛ ըսեր թէ ‘Ես մանուկ եմ’, վասն զի ուր որ քեզ ղրկեմ՝ պիտի երթաս ու ինչ որ քեզի պատուիրեմ՝ պիտի խօսիս։ Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։ (Երեմեայ 1։6-10) Երեմիա Եհովայի վստահեցաւ, եւ որպէս արդիւնք, Եհովայի ուժով կրցաւ իր վարանոտութիւնը յաղթահարել եւ արտակարգօրէն քաջասիրտ վկայ մը եղաւ Իսրայէլի մէջ։

11. Ներկայիս ի՞նչ բան Քրիստոնեաներուն կ’օգնէ Երեմիայի նման ըլլալու։

11 Ներկայիս, օծեալ Քրիստոնեաները Երեմիայի յանձնարարութեան նման յանձնարարութիւն մը ունին, եւ «ուրիշ ոչխարներ»ու մեծ բազմութեան աջակցութեամբ կը շարունակեն Եհովայի նպատակները ծանուցանել, ի հեճուկս մարդոց անտարբերութեան, ծաղրանքին ու հալածանքին։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16) Անոնք Երեմիայի ըսած Եհովայի խօսքերէն քաջալերութիւն կը ստանան. «Մի՛ վախնար»։ Անոնք երբեք չեն մոռնար թէ Աստուծմէ յանձնարարութիւն ունին եւ ի՛ր պատգամը կը քարոզեն։—Բ. Կորնթացիս 2։17

Ընդօրինակութեան Արժանի՝ Քաջութեան Տիպարներ

12. Յիսուս քաջութեան ի՞նչ ընտիր օրինակ մը հայթայթեց, եւ ան իր հետեւորդներուն ի՞նչ քաջալերութիւն տուաւ։

12 Քաջութիւն մշակելու մեր ջանքերուն մէջ կրնանք օգնութիւն ստանալ, եթէ խորհրդածենք ուրիշներու օրինակին մասին, որոնք Երեմիայի նման քաջութեամբ վարուեցան։ (Սաղմոս 77։12) Օրինակ, մինչ Յիսուսի ծառայութիւնը աչքէ կ’անցընենք, Սատանայէն փորձուած ատեն եւ Հրեայ առաջնորդներուն թունդ հակառակութեան դիմաց իր ցուցաբերած խիզախութիւնը մեզ կը տպաւորէ։ (Ղուկաս 4։1-13. 20։19-47) Եհովայի զօրութեամբ, Յիսուս անխախտ մնաց, եւ իր մահէն քիչ առաջ, իր աշակերտներուն ըսաւ. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։ (Յովհաննու 16։33. 17։16) Եթէ Յիսուսի աշակերտները իր օրինակին հետեւէին, իրենք ալ պիտի յաղթէին։ (Ա. Յովհաննու 2։6. Յայտնութիւն 2։7, 11, 17, 26) Սակայն անոնք ‘քաջասիրտ պէտք էր ըլլային’։

13. Պօղոս Փիլիպպեցիներուն ի՞նչ քաջալերութիւն հայթայթեց։

13 Յիսուսի մահէն քանի մը տարի ետք, Պօղոս եւ Շիղա Փիլիպպէի մէջ բանտ նետուեցան։ Հետագային, Պօղոս Փիլիպպէի ժողովքը քաջալերեց որ ‘հաստատուն կենան մէկ հոգիով ու մէկ շունչով պատերազմակից ըլլան աւետարանին հաւատքին համար, եւ բանով մըն ալ չզարհուրին հակառակորդներէն’։ Այս ուղղութեամբ զիրենք ամրապնդելու համար, Պօղոս ըսաւ. «[Քրիստոնեաներուն հալածուիլը հալածիչներուն] կորուստին ապացոյցն է ու ձեզի՝ փրկութեան. այն ալ Աստուծմէ է. վասն զի ձեզի շնորհուեցաւ Քրիստոսին համար՝ ո՛չ թէ միայն անոր հաւատալ, հապա անոր համար չարչարուիլ ալ»։—Փիլիպպեցիս 1։27-29

14. Հռովմի մէջ Պօղոսի քաջութիւնը ի՞նչ արդիւնք տուաւ։

14 Երբ Պօղոս Փիլիպպէի ժողովքին գրեց, ան դարձեալ բանտարկուած էր, բայց այս անգամ Հռովմի մէջ։ Այսուհանդերձ, ան շարունակեց խիզախօրէն քարոզել ուրիշներուն։ Ի՞նչ արդիւնքով։ Ան գրեց. «Իմ կապերս, որոնք Քրիստոսին համար են, բոլոր պալատին մէջ եւ ամենուն ալ յայտնի եղան։ Եւ Տէրոջմով եղբայրներէն շատերը սիրտ առին իմ կապերէս եւ ա՛լ աւելի համարձակեցան Աստուծոյ խօսքը խօսելու առանց վախի»։—Փիլիպպեցիս 1։13, 14

15. Ո՞ւր կրնանք հաւատքի հոյակապ օրինակներ գտնել, որոնք քաջասիրտ ըլլալու մեր վճռակամութիւնը պիտի ամրապնդեն։

15 Պօղոսի օրինակը մեզ կը քաջալերէ։ Այժմու Քրիստոնեաներու հոյակապ օրինակներն ալ մեզ կը քաջալերեն, որոնք հալածանքի տոկացած են բռնակալներու կամ կղերներու իշխանութեան ներքեւ եղող երկիրներու մէջ։ Ասոնցմէ շատերուն կենսագրութիւնները տեղեկագրուած են Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն եւ Եհովայի Վկաներու Տարեգիրք–երուն մէջ։ Մինչ այս փորձառութիւնները կը կարդաք, յիշեցէք թէ խնդրոյ առարկայ անհատները մեզի նման սովորական մարդիկ էին. սակայն, երբ շատ դժուար պարագաներու ներքեւ գտնուեցան, Եհովա անոնց բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը տուաւ եւ անոնք տոկացին։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան մեզի համար նոյնը պիտի ընէ ի պահանջել հարկին։

Մեր Քաջասիրտ Կեցուածքը Եհովան կը Հաճեցնէ ու կը Պատուէ

16, 17. Ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք քաջասիրտ կեցուածք մը մշակել։

16 Եթէ անհատ մը ճշմարտութեան ու արդարութեան կողքին հաստատ դիրք բռնէ, ան քաջ է։ Եթէ վախնալով հանդերձ ասիկա ընէ, ան ա՛լ աւելի քաջ է։ Արդարեւ, ոեւէ Քրիստոնեայ կրնայ քաջասիրտ ըլլալ եթէ իրապէս փափաքի Եհովայի կամքը կատարել, եթէ վճռէ հաւատարիմ մնալ, եթէ յարատեւաբար Եհովայի ապաւինի, եւ եթէ միշտ յիշէ թէ Եհովա իրեն նման անհամար անհատներ զօրացուցած է։ Ասկէ զատ, երբ գիտակցինք թէ մեր քաջասիրտ կեցուածքը Եհովան կը հաճեցնէ ու կը պատուէ, ա՛լ աւելի վճռակամ կ’ըլլանք չտկարանալու։ Պատրաստ կ’ըլլանք ծաղրանքի կամ աւելի գէշ վերաբերմունքի տոկալու, քանի որ զինք խորապէս կը սիրենք։—Ա. Յովհաննու 2։5. 4։18

17 Բնաւ մի՛ մոռնաք թէ մեր հաւատքին համար չարչարուիլը չի նշանակեր թէ յանցանք մը գործած ենք։ (Ա. Պետրոս 3։17) Մենք կը չարչարուինք, քանի որ Եհովայի գերիշխանութիւնը կը ջատագովենք, բարիք կը գործենք եւ աշխարհի մէկ մասը չենք։ Այս առնչութեամբ, Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Եթէ բարիք գործելով չարչարուիք ու համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է»։ Պետրոս նաեւ ըսաւ. «Անոնք որ Աստուծոյ կամքին համեմատ կը չարչարուին, բարիք գործելով իրենց հոգիները թող անոր յանձնեն, իբրեւ հաւատարիմ՝ Ստեղծողին»։ (Ա. Պետրոս 2։20. 4։19) Այո, մեր հաւատքը մեր սիրալիր Աստուածը՝ Եհովան՝ կը հաճեցնէ եւ կը պատուէ։ Քաջասիրտ ըլլալու ի՜նչ վաւերական պատճառ մը։

Հեղինակութիւններու Խօսիլ

18, 19. Երբ դատաւորի մը առջեւ քաջասիրտ կեցուածք մը ունենանք, իրականութեան մէջ ի՞նչ պատգամ հաղորդած կ’ըլլանք։

18 Երբ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ թէ պիտի հալածուէին, ան նաեւ ըսաւ. «[Մարդիկ] ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։ Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար»։ (Մատթէոս 10։17, 18) Սուտ ամբաստանութիւններու պատճառաւ դատաւորի մը կամ կառավարիչի մը առջեւ ներկայանալը քաջութիւն կը պահանջէ։ Սակայն, երբ այսպիսի առիթներ խիզախօրէն օգտագործենք այս անհատներուն վկայելու համար, դժուար պարագայ մը վերածած կ’ըլլանք կարեւոր բան մը իրագործելու պատեհութեան մը։ Իրականութեան մէջ, 2–րդ Սաղմոսին մէջ արձանագրուած Եհովայի խօսքերը դատավարներուն հաղորդած կ’ըլլանք, ուր կ’ըսէ. «Հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։ Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը»։ (Սաղմոս 2։10, 11) Յաճախ, երբ Եհովայի Վկաները դատարաններու մէջ սխալ կերպով ամբաստանուած են, դատաւորներ պաշտամունքի ազատութիւնը ջատագոված են, եւ մենք երախտապարտ ենք ասոր համար։ Սակայն, կարգ մը դատաւորներ, հակառակորդներուն կողմէ ազդուած են։ Սուրբ Գրութիւնները այսպիսիներուն կ’ըսեն. «Խրատուեցէ՛ք»։

19 Դատաւորները պէտք է գիտակցին թէ Եհովա Աստուծոյ օրէնքը գերագոյն օրէնքն է։ Անոնք պէտք է յիշեն թէ բոլոր մարդկային արարածները, ի ներառեալ դատաւորները, Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի համարատու են։ (Հռովմայեցիս 14։10, ՆԱ) Իսկ ինչ կը վերաբերի մեզի, մարդկային դատաւոր մը մեր դատը արդարութեամբ տեսնէ կամ ոչ, քաջասիրտ ըլլալու ամէն պատճառ ունինք, քանի որ Եհովա մեզի թիկունք կը կանգնի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան»։—Սաղմոս 2։12

20. Ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ, երբ հալածանքի կամ զրպարտութեան կը տոկանք։

20 Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։ (Մատթէոս 5։11, 12) Անշուշտ, հալածանքը ինքնին ախորժելի չէ, սակայն հալածանքին՝ ի ներառեալ լրատուամիջոցներու զրպարտիչ տեղեկագրութիւններու՝ դիմաց մեր հաստատ կեցուածքը, ուրախութեան պատճառ մըն է։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Եհովան կը հաճեցնենք եւ վարձատրութիւն պիտի ստանանք։ Մեր քաջասիրտ կեցուածքը մեր իսկական հաւատք ունենալը ցոյց կու տայ եւ Աստուծոյ հաճութիւնը կ’երաշխաւորէ։ Արդարեւ, անիկա ցոյց կու տայ թէ Եհովայի վրայ կատարեալ վստահութիւն ունինք։ Այսպիսի վստահութիւն Քրիստոնեաներուն համար կենսական է, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ։

Ի՞նչ սորվեցաք

• Ներկայիս ի՞նչ պարագաներ քաջութիւն կը պահանջեն։

• Ի՞նչպէս կրնանք քաջութեան յատկութիւնը մշակել։

• Քաջութեան ի՞նչ օրինակներ ունինք։

• Ինչո՞ւ կը փափաքինք քաջասիրտ ըլլալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 21]

Սիմոն Արնոլտ (այժմ՝ Լիպսթըր) Գերմանիոյ մէջ, Ուիտաս Մատոնա՝ Մալաուիի մէջ, իսկ Լիտիա եւ Օլէքսի Քուրտաս՝ Ուքրանիոյ մէջ, քաջութիւն ցուցաբերեցին ու չարին դէմ դրին

[Նկարներ՝ էջ 22]

Բարի լուրը ամօթ չենք սեպեր

[Նկար՝ էջ 19]

Բանտին մէջ Պօղոսի ցուցաբերած քաջութիւնը, բարի լուրին ի նպաստ շատ բան իրագործեց

[Նկար՝ էջ 23]

Եթէ մեր սուրբ գրային կեցուածքը քաջաբար դատաւորի մը բացատրենք, կարեւոր պատգամ մը հաղորդած կ’ըլլանք