Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ յիշատակել Տէրունական ընթրիքը

Ինչո՞ւ յիշատակել Տէրունական ընթրիքը

Ինչո՞ւ յիշատակել Տէրունական ընթրիքը

«Ես Տէրոջմէն ընդունեցի զայն, որ ձեզի ալ աւանդեցի»։—Ա. Կորնթացիս 11։23

1, 2. Հ.Դ. 33–ի Պասեքի գիշերը Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։

ԵՀՈՎԱՅԻ միածին Որդին հոն ներկայ էր։ Հոն էին նաեւ այն 11 տղամարդիկը, որոնք ‘իրեն հետ կեցան իր փորձութիւններուն մէջ’։ (Ղուկաս 22։28) Հինգշաբթի իրիկուն էր՝ 31 Մարտ Հ.Դ. 33, եւ շատ հաւանական է որ լիալուսին մը Երուսաղէմի երկինքը կը զարդարէր։ Յիսուս Քրիստոս եւ իր առաքեալները տակաւին նոր աւարտած էին Պասեքի տօնակատարութիւնը։ Դաւաճան Յուդա Իսկարիովտացին դուրս ղրկուած էր, բայց ժամանակը չէր որ միւսներն ալ մեկնէին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս շատ կարեւոր բան մը պիտի ընէր։ Ի՞նչ էր այդ։

2 Քանի որ Աւետարանիչ Մատթէոս հոն ներկայ էր, թոյլ տանք որ ինք պատմէ։ Ան գրեց. «Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս’։ Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար’»։ (Մատթէոս 26։26-28) Ասիկա մէ՞կ անգամ տեղի ունենալիք դէպք մըն էր։ Ի՞նչ էր անոր իմաստը։ Անիկա մեզի համար որեւէ նշանակութիւն ունի՞։

Շարունակեցէք Ասիկա Ընել’

3. Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ի գիշերը Յիսուսի ըրածը ինչո՞ւ նշանակալից էր։

3 Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ի գիշերը, Յիսուս Քրիստոսի կատարածը պատահական դէպք մը չէր իր կեանքին մէջ։ Պօղոս առաքեալ այդ մասին խօսեցաւ, երբ Կորնթոսի օծեալ Քրիստոնեաներուն կը գրէր, որոնք աւելի քան 20 տարիներ ետք տակաւին այդ օրինակին կը հետեւէին։ Թէեւ Պօղոս Հ.Դ. 33–ին Յիսուսի եւ 11 առաքեալներուն հետ չէր, բայց վստահօրէն ան կարգ մը առաքեալներէն իմացաւ թէ այդ օրը ի՛նչ տեղի ունեցաւ։ Ասկէ զատ, բացայայտ է որ Պօղոս այդ դէպքին կարգ մը երեսակներուն մասին տեղեկացաւ ներշնչեալ յայտնութեամբ։ Պօղոս ըսաւ. «Ես Տէրոջմէն ընդունեցի զայն, որ ձեզի ալ աւանդեցի՝ թէ՝ Տէր Յիսուս իր մատնուած գիշերը հաց առաւ եւ գոհանալով՝ կտրեց ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք ու կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի կտրուի. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար’։ Նոյնպէս ալ գաւաթը ընթրիքէն յետոյ առաւ ու ըսաւ. ‘Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս. ասիկա ըրէք քանի անգամ որ խմելու ըլլաք՝ զիս յիշելու համար’»։—Ա. Կորնթացիս 11։23-25

4. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Տէրունական Ընթրիքը պէտք է տօնեն։

4 Ըստ Ղուկաս Աւետարանիչի, Յիսուս պատուիրեց՝ «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ղուկաս 22։19) Այս խօսքերը հետեւեալ կերպով ալ թարգմանուած են. «Ասիկա կատարեցէք իմ յիշատակիս համար»։ (Անթիլիաս) Փաստօրէն, յաճախ այս տօնակատարութեան ակնարկուած է որպէս՝ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը։ Պօղոս նաեւ զայն կը կոչէ Տէրունական Ընթրիք. պատշաճ անուանում մը, քանի որ անիկա գիշերը հաստատուեցաւ։ (Ա. Կորնթացիս 11։20) Քրիստոնեաներուն պատուէր տրուած է որ Տէրունական Ընթրիքը տօնակատարեն։ Սակայն, այս տօնակատարութիւնը ինչո՞ւ հաստատուեցաւ։

Անիկա Ինչո՛ւ Հաստատուեցաւ

5, 6. (ա) Պատճառներէն մէկը ի՞նչ է, որուն համար Յիսուս Յիշատակատօնը հաստատեց։ (բ) Տէրունական Ընթրիքի հաստատման ուրիշ մէկ պատճառը թուեցէք։

5 Յիշատակատօնը հաստատուելուն պատճառներէն մէկը կապ ունի Յիսուսի մահուամբ իրագործուած նպատակի մը հետ։ Ան մեռաւ որպէս իր երկնաւոր Հօր գերիշխանութիւնը ջատագովող մը։ Այսպիսով Յիսուս փաստեց Բանսարկու Սատանային ստախօս մը ըլլալը, քանի որ ան չարախօսած էր թէ մարդիկ Աստուծոյ կը ծառայեն միայն անձնասէր շարժառիթներով։ (Յոբայ 2։1-5) Մինչեւ մահ իր հաւատարմութեամբ, Յիսուս այս դաւանութեան սուտ ըլլալը փաստեց եւ Եհովայի սիրտը ուրախացուց։—Առակաց 27։11

6 Տէրունական Ընթրիքը հաստատուելուն ուրիշ մէկ պատճառն է, մեզի յիշեցնել՝ թէ որպէս կատարեալ ու անմեղ մարդ իր մահով, Յիսուս ‘իր կեանքը շատերու համար փրկանք տուաւ’։ (Մատթէոս 20։28) Աստուծոյ դէմ մեղանչելով, առաջին մարդը մարդկային կատարեալ կեանքն ու անոր բոլոր ակնկալութիւնները կորսնցուց։ Սակայն Յիսուս ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Արդարեւ, «մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Տէրունական Ընթրիքին տօնակատարութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի զոհագործական մահուան հետ առնչուած Եհովայի ու իր Որդւոյն ցուցաբերած մեծ սէրը։ Որքա՜ն պէտք է գնահատենք այդ սէրը։

Ե՞րբ Տօնակատարել

7. Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս է որ Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն շատ «անգամ» կը մասնակցէին։

7 Տէրունական Ընթրիքին մասին Պօղոս ըսաւ. «Քանի անգամ որ այս հացը ուտէք ու այս գաւաթը խմէք, Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ»։ (Ա. Կորնթացիս 11։26) Օծեալ Քրիստոնեաները անհատապէս Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն պէտք էր մասնակցէին՝ մինչեւ իրենց մահը։ Հետեւաբար, Եհովա Աստուծոյ եւ աշխարհի առջեւ, անոնք կրկին անգամ Աստուծոյ հայթայթած Յիսուսի փրկանքի զոհին հանդէպ իրենց հաւատքը պիտի ծանուցանէին։

8. Օծեալ Քրիստոնեաներու մարմինը որքա՞ն ժամանակ պիտի տօնէր Տէրունական Ընթրիքը։

8 Օծեալ Քրիստոնեաներու մարմինը որքա՞ն ժամանակ պիտի տօնէր Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը։ «Մինչեւ ինք գայ», ըսաւ Պօղոս, ակներեւաբար ըսել ուզելով որ այս տօնակատարութիւնը պիտի շարունակուէր մինչեւ Յիսուս գար իր օծեալ հետեւորդները յարութեամբ երկինք առնելու համար՝ իր ‘ներկայութեան’ ընթացքին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։13-16) Ասիկա 11 հաւատարիմ առաքեալներուն ըսած Յիսուսի խօսքերուն կը համապատասխանէ. «Եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք»։—Յովհաննու 14։3

9. Մարկոս 14։25–ի մէջ Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։

9 Երբ Յիսուս Յիշատակատօնը հաստատեց, ան գինիի գաւաթին ակնարկութիւն ընելով իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ նոր գինին խմեմ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»։ (Մարկոս 14։25) Քանի որ Յիսուս երկնքի մէջ բառացի գինի պիտի չխմէր, բացայայտ է թէ ան իր մտքին մէջ ունէր ուրախութիւնը, որ երբեմն գինիով պատկերացուած է։ (Սաղմոս 104։15. Ժողովողի 10։19) Թագաւորութեան մէջ միասին ըլլալը, ուրախ առիթ մը պիտի ըլլար, որու ինք ու իր հետեւորդները կաթոգին կը սպասէին։—Հռովմայեցիս 8։23. Բ. Կորնթացիս 5։2

10. Յիշատակատօնը ո՞րքան յաճախ պէտք է տօնակատարուի։

10 Յիսուսի մահը ամէ՞ն ամիս, ամէ՞ն շաբաթ, թէ ամէն օր պէտք է յիշուի։ Ո՛չ։ Յիսուս Տէրունական Ընթրիքը հաստատեց եւ սպաննուեցաւ Պասեքի օրը, որ Հ.Դ.Ա. 1513–ին՝ եգիպտական կապանքէն Իսրայէլի ազատագրման ‘յիշատակութիւնն’ էր։ (Ելից 12։14) Պասեքը տարին անգամ մը՝ հրէական Նիսան ամսուն 14–ին կը տօնուէր։ (Ելից 12։1-6. Ղեւտացւոց 23։5) Ասիկա ցոյց կու տայ թէ Յիսուսի մահը ճիշդ Պասեքին նման պէտք է տօնուի՝ տարին անգամ մը, եւ ոչ թէ ամէն ամիս, ամէն շաբաթ, կամ ամէն օր։

11, 12. Յիշատակատօնի նախկին տօնակատարութիւններուն մասին պատմութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ։

11 Ուստի, պատշաճ է որ Յիշատակատօնը տօնուի տարին անգամ մը՝ Նիսան 14–ին։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Փոքր Ասիոյ Քրիստոնեաները Տասնըչորսականներ կը կոչուէին, քանի որ պասքա–ն [Տէրունական Ընթրիքը]՝ միշտ Նիսան 14–ին տօնակատարելու սովորութիւնը ունէին . . . Այդ թուականը կրնար Ուրբաթ, կամ շաբթուան որեւէ օրը ըլլալ»։—The New Schaff-Herzog Encyclopedia of Religious Knowledge, Հատոր Դ., էջ 44։

12 Հ.Դ. երկրորդ դարու սովորութեան մասին մեկնաբանութիւն տալով, պատմաբան Ժ. Լ. ֆոն Մոշայմ կ’ըսէ թէ Տասընչորսականները Յիշատակատօնը Նիսան 14–ին կը տօնէին, քանի որ «անոնք Քրիստոսի ձգած օրինակը կը նկատէին որպէս օրէնք»։ Ուրիշ պատմաբան մը կ’ըսէ. «Ասիոյ տասնըչորսական եկեղեցիները կը հետեւէին Երուսաղէմի եկեղեցիին սովորութեան։ Երկրորդ դարուն, այս եկեղեցիները Նիսան 14–ի իրենց Պասքայի օրը կը յիշատակէին Քրիստոսի մահով իրագործուած փրկութիւնը»։—Studia Patristica, Հատոր Ե., 1962, էջ 8։

Հացին Իմաստը

13. Յիսուս ի՞նչ տեսակ հաց գործածեց, Տէրունական Ընթրիքը հաստատելու ատեն։

13 Յիսուս Յիշատակատօնը հաստատելու ատեն, «հաց առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ [առաքեալներուն]»։ (Մարկոս 14։22) Այդ առթիւ ձեռքի տակ գտնուող հացը Պասեքի համար գործածուած հացն էր։ (Ելից 13։6-10) Քանի որ եփուած էր առանց թթխմորի, անիկա տափակ ու փխրուն էր եւ բաշխելու համար պէտք էր կտրուէր։ Հազարաւորներ կերակրելու համար Յիսուսի հրաշալիօրէն բազմապատկած հացն ալ փխրուն էր, քանի որ բաշխելու համար զայն կտրեց։ (Մատթէոս 14։19. 15։36) Ուստի, ակներեւաբար, Յիշատակատօնի հացը կտրելը հոգեւոր իմաստ մը չունի։

14. (ա) Ինչո՞ւ պատշաճ է որ Յիշատակատօնի հացը անխմոր ըլլայ։ (բ) Տէրունական Ընթրիքին գործածելու համար ի՞նչպիսի հաց կարելի է ձեռք ձգել կամ եփել։

14 Յիշատակատօնը հաստատելու ատեն գործածուած հացին մասին Յիսուս ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի կտրուի»։ (Ա. Կորնթացիս 11։24. Մարկոս 14։22) Հացին անխմոր ըլլալը պատշաճ էր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ թթխմորը չարութիւն, ամբարշտութիւն կամ մեղք կրնայ խորհրդանշել։ (Ա. Կորնթացիս 5։6-8) Հացը Յիսուսի կատարեալ ու անմեղ մարդկային մարմինը կը ներկայացնէր, որ տեղին ըլլալով մատուցուեցաւ որպէս փրկանքի զոհ։ (Եբրայեցիս 7։26. 10։5-10) Եհովայի Վկաները ասիկա ի մտի ունենալով կը հետեւին Յիսուսի ձգած օրինակին, Յիշատակատօնին անխմոր հաց գործածելով։ Կարգ մը պարագաներուն, անոնք կը գործածեն չհամեմուած՝ սոխի կամ հաւկիթի նման յաւելեալ բաղադրութիւններ չունեցող հրէական մէցօ–ն։ Այլապէս, անխմոր հաց կարելի է պատրաստել փոքր քանակով հացահատիկի ալիւրին (հոն ուր կարելի է՝ ցորեն) քիչ մը ջուր խառնելով։ Խմորը պէտք է գլանով բարակ բացուի եւ շատ թեթեւ իւղով պատուած տապակի մը մէջ եփուի, մինչեւ որ հացը չոր ու փխրուն ըլլայ։

Գինիին Իմաստը

15. Երբ Քրիստոս իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց, այս առիթով գործածուած գաւաթին մէջ ի՞նչ կար։

15 Անխմոր հացը միւսներուն տալէ ետք, Յիսուս գաւաթ մը առաւ, «գոհացաւ ու տուաւ [առաքեալներուն]։ Ամէնքն ալ խմեցին անկէ»։ Յիսուս բացատրեց. «Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ շատերու համար պիտի թափուի»։ (Մարկոս 14։23, 24) Գաւաթին մէջ ի՞նչ կար։ Մակարդուած գինի, ո՛չ թէ չմակարդուած խաղողի հիւթ։ Երբ Սուրբ Գրութիւնները գինիի ակնարկութիւն կ’ընեն, խաղողի չմակարդուած հիւթին մասին չէ որ կը խօսին։ Օրինակ, Յիսուս ըսաւ թէ մակարդուած գինին՝ եւ ո՛չ թէ խաղողի հիւթն էր որ «հին տիկեր»ը կը պատռէր։ Իսկ Քրիստոսի թշնամիները զինք ամբաստանեցին որպէս «գինեսէր մարդ մը»։ Ասիկա անիմաստ ամբաստանութիւն մը պիտի ըլլար, եթէ գինին պարզապէս խաղողի հիւթ ըլլար։ (Մատթէոս 9։17. 11։19, Վերանայուած) Պասեքի տօնակատարութեան ընթացքին գինի կը խմուէր եւ Քրիստոս զայն գործածեց իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատելու ատեն։

16, 17. Յիշատակատօնի տօնակատարութեան համար ի՞նչ տեսակ գինի պատշաճ է եւ ինչո՛ւ։

16 Գաւաթի պարունակութեան ներկայացուցած բանը՝ թափուած արիւնը՝ միայն կարմիր գինիով պատշաճ էր խորհրդանշել։ Ան ըսաւ. «Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ շատերու համար պիտի թափուի»։ Իսկ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Գիտնալով որ դուք [օծեալ Քրիստոնեաներդ] ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք, որ ձեր հայրերէն ստացաք անուղիղ ճամբաներով, հապա Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը»։—Ա. Պետրոս 1։18, 19

17 Անտարակոյս, Յիշատակատօնը հաստատելու ատեն Յիսուսի գործածած գինին՝ կարմիր խաղողի գինի ըլլալու էր։ Սակայն, ներկայիս գործածուած կարմիր գինիներէն ոմանք ընդունելի չեն, քանի որ աւելի թունդ դարձուած են ոգելից ըմպելիներով կամ պրէնտի–ով, կամ խոտեր եւ համեմներ աւելցուած են անոնց մէջ։ Յիսուսի արիւնը ամբողջովին բաւարար էր, յաւելեալ նիւթերու կարիքը չունէր։ Ուստի, յաւելեալ տարրեր պարունակող գինիներ, ինչպէս՝ port, sherry եւ vermouth, յարմար չեն։ Յիշատակատօնի գաւաթին մէջ պէտք է ըլլայ չքաղցրացուած եւ թունդ չդարձուած կարմիր գինի։ Տունը շինուած չքաղցրացուած կարմիր խաղողի գինի կարելի է գործածել, նոյնպէս կարելի է կարմիր burgundy եւ claret–ի նման գինիներ գործածել։

18. Յիշատակատօնի հացին ու գինիին առնչութեամբ Յիսուս ինչո՞ւ հրաշք մը չգործեց։

18 Այս ընթրիքը հաստատելու ատեն Յիսուս հրաշք մը չգործեց՝ խորհրդանիշերը իր բառացի մարմնին ու արեան վերածելով։ Մարդկային մարմինը ուտելն ու արիւնը խմելը մարդակերութիւն կը համարուի, ինչ որ Աստուծոյ օրէնքը կը բեկանէ։ (Ծննդոց 9։3, 4. Ղեւտացւոց 17։10) Յիսուս տակաւին իր ամբողջ մարմինը ու արիւնը ունէր. իր մարմինը որպէս կատարեալ զոհ մատուցուեցաւ, իսկ արիւնը՝ թափուեցաւ, նոյն օրը՝ հրէական Նիսան 14–ի յետմիջօրէին։ Հետեւաբար, Յիշատակատօնի հացն ու գինին ինքնին խորհրդանիշեր են եւ կը ներկայացնեն Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը։ *

Յիշատակատօնը՝ Հաղորդութեան Ընթրիք մը

19. Տէրունական Ընթրիքի տօնակատարութեան ատեն, ինչո՞ւ կարելի է մէկէ աւելի պնակներ ու գաւաթներ գործածել։

19 Երբ Յիսուս Յիշատակատօնը հաստատեց, ան իր հաւատարիմ առաքեալներէն խնդրեց որ նոյն գաւաթէն խմեն։ Մատթէոսի Աւետարանը կ’ըսէ. «[Յիսուս] գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ’»։ (Մատթէոս 26։27, 28) Այդ առթիւ մէկ «գաւաթ» գործածելը՝ փոխան քանի մը հատի՝ խնդիր մը չէր, քանի որ ըստ երեւոյթին, 11 մասնակցողները մէկ սեղանի շուրջ նստած ըլլալով դիւրաւ կրնային գաւաթը իրարու փոխանցել։ Այս տարի, Տէրունական Ընթրիքը տօնակատարելու համար միլիոնաւոր անհատներ պիտի հաւաքուին, համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաներու աւելի քան 94,000 ժողովքներուն մէջ։ Քանի որ նոյն գիշերը այսքան շատ անհատներ պիտի հաւաքուին այս տօնակատարութեան համար, հաւանաբար կարելի չէ բոլորին համար մէ՛կ գաւաթ գործածել։ Սակայն սկզբունքը կը պահուի մեծ ժողովքներուն մէջ մի քանի գաւաթ գործածելով, որպէսզի անոնք ներկաներուն հրամցուին տրամաբանական ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Նոյնպէս, հացին համար մէկէ աւելի պնակներ կարելի է գործածել։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ չկայ բան մը որ ցոյց կու տայ թէ գաւաթը որոշ ձեւ մը պէտք է ունենայ։ Սակայն, թէ՛ գաւաթը եւ թէ պնակը պէտք է այս առիթին լրջութիւնը արտացոլացնեն։ Խոհեմութիւն է գաւաթը մինչեւ բերանը չլեցնել, որպէսզի իրարու փոխանցելու ժամանակ չթափուի։

20, 21. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Յիշատակատօնը հաղորդութեան ընթրիք մըն է։

20 Թէեւ մէկէ աւելի հացի պնակներ եւ գինիի գաւաթներ կրնան գործածուիլ, սակայն Յիշատակատօնը հաղորդութեան ընթրիք մըն է։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, անհատ մը կրնար հաղորդութեան ճաշ մը տալ, Աստուծոյ սրբարանին մէջ մորթուելու համար անասուն մը բերելով։ Անասունէն մաս մը զոհասեղանին վրայ կ’այրուէր, մաս մը պաշտօն կատարող քահանային կը տրուէր, իսկ մաս մըն ալ Ահարոնի որդիներուն՝ քահանաներուն կ’երթար, զոհ մատուցանողն ու իր ընտանիքն ալ կը մասնակցէին այդ ճաշին։ (Ղեւտացւոց 3։1-16. 7։28-36) Յիշատակատօնն ալ հաղորդութեան ընթրիք մըն է, քանի որ անոր մէջ մասնակցողներ կան։

21 Եհովա այս հաղորդութեան ընթրիքին կը մասնակցի որպէս այս կարգադրութեան Հեղինակը։ Յիսուս զոհն է, իսկ օծեալ Քրիստոնեաները խորհրդանիշերէն կ’առնեն որպէս մասնակիցներ։ Եհովայի սեղանէն ուտելը կը նշանակէ թէ մասնակցողները իր հետ խաղաղութեան մէջ են։ Հետեւաբար, Պօղոս գրեց. «Օրհնութեան գաւաթը՝ որ մենք կ’օրհնենք չէ՞ որ Քրիստոսին արեան հաղորդութիւնն է. հացը որ մենք կը կտրենք, չէ՞ որ Քրիստոսին մարմնին հաղորդութիւնն է։ Քանզի մենք շատերս մէկ հաց մէկ մարմին ենք, վասն զի ամէնքս ալ այդ մէկ հացէն կը վայելենք»։—Ա. Կորնթացիս 10։16, 17

22. Յիշատակատօնի մասին ի՞նչ հարցումներ մեր նկատառութեան արժանի են։

22 Տէրունական Ընթրիքը Եհովայի Վկաներուն տարեկան միակ կրօնական տօնակատարութիւնն է։ Ասիկա տեղին է, քանի որ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ Յիշատակատօնին կը յիշատակենք Յիսուսի մահը, մահ մը՝ որ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովեց։ Ինչպէս նշեցինք, այս հաղորդութեան ընթրիքին, հացը Յիսուսի զոհագործուած մարդկային մարմինը կը խորհրդանշէ, իսկ գինին՝ իր թափուած արիւնը։ Սակայն, շատ քիչեր կը մասնակցին հացի ու գինիի խորհրդանիշերուն։ Ինչո՞ւ։ Յիշատակատօնը իսկական իմաստ մը ունի՞ այն միլիոնաւորներուն համար, որոնք չեն մասնակցիր։ Արդարեւ, Տէրունական Ընթրիքը ի՞նչ իմաստ պէտք է ունենայ ձեզի համար։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 18 Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 271, հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞նչ են ձեր պատասխանները

• Յիսուս ինչո՞ւ հաստատեց Տէրունական Ընթրիքը։

• Յիշատակատօնը որքա՞ն յաճախ պէտք է տօնակատարուի։

• Յիշատակատօնի անխմոր հացին նշանակութիւնը ի՞նչ է։

• Յիշատակատօնի գինին ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 11]

Յիսուս Տէրունական Ընթրիքը հաստատեց