Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խորանը. ի՞նչ է անոր տեղը պաշտամունքին մէջ

Խորանը. ի՞նչ է անոր տեղը պաշտամունքին մէջ

Խորանը. ի՞նչ է անոր տեղը պաշտամունքին մէջ

ԽՈՐԱՆԸ ձեր պաշտամունքին հիմնական մէկ մասը կը նկատէ՞ք։ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները յաճախողներէն շատերուն համար, անիկա իրենց ուշադրութեան առանցքը կրնայ կազմել։ Երբեք հարց տուա՞ծ էք թէ պաշտամունքի մէջ խորաններու (կամ՝ զոհասեղաններու) գործածութեան մասին Աստուածաշունչը ի՛նչ կը յայտնէ։

Աստուածաշունչին մէջ յիշուած առաջին զոհասեղանը Նոյը շինեց՝ երբ Ջրհեղեղէն ետք կեանք պահպանող տապանէն դուրս ելաւ, որպէսզի անասնական զոհեր մատուցանէ։ *Ծննդոց 8։20

Բաբելոնի մէջ լեզուներու խառնակութենէն ետք, մարդկութիւնը ամբողջ երկրի երեսը ցրուեցաւ։ (Ծննդոց 11։1-9) Պաշտելու բնածին հակումով օժտուած ըլլալով, մարդիկ ջանացին Աստուծոյ մօտենալ, որմէ շա՜տ օտարացած էին եւ կուրաբար ‘խարխափելով’ զինք կը փնտռէին։ (Գործք 17։27. Հռովմայեցիս 2։14, 15) Նոյի օրերէն ի վեր, բազմաթիւ ժողովուրդներ իրենց չաստուածներուն համար զոհասեղաններ շինած են։ Կրօնքներ ու ազգեր սուտ պաշտամունքի մէջ զոհասեղաններ գործածած են։ Ճշմարիտ Աստուծմէ օտարացած ըլլալով, ոմանք զոհասեղաններ գործածած են սարսափելի ծէսերու համար, ի միջի այլոց մարդկային զոհեր՝ նոյնիսկ մանուկներ մատուցանելու համար։ Երբ Եհովայէ հեռացան, Իսրայէլի թագաւորներէն ոմանք հեթանոս չաստուածներու, ինչպէս՝ Բահաղի, զոհասեղաններ կանգնեցին։ (Գ. Թագաւորաց 16։29-32) Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ զոհասեղաններու գործածութեան մասին։

Զոհասեղանները եւ Ճշմարիտ Պաշտամունքը Իսրայէլի Մէջ

Նոյէն ետք, հաւատարիմ ուրիշ տղամարդիկ զոհասեղաններ կանգնեցին, ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ պաշտամունքին մէջ գործածելու համար։ Աբրահամ զոհասեղաններ կանգնեց Սիւքէմի մէջ, Բեթէլի մօտակայքը, Քեբրոնի մէջ եւ Մօրիա Լերան վրայ, ուր Իսահակի փոխարէն Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած խոյը զոհեց։ Հետագային, Իսահակ, Յակոբ ու Մովսէս անհատական նախաձեռնութեամբ զոհասեղաններ շինեցին, Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ գործածելու համար։—Ծննդոց 12։6-8. 13։3, 18. 22։9-13. 26։23-25. 33։18-20. 35։1, 3, 7. Ելից 17։15, 16. 24։4-8

Երբ Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին իր Օրէնքը տուաւ, ան պատուիրեց անոնց որ տաղաւարը կանգնեն, դիւրատար վրան մը, որ կոչուած է նաեւ «վկայութեան վրան», որպէս իրեն մօտենալու կարգադրութեան գլխաւոր միջոցը։ (Ելից 39։32, 40) Տաղաւարը երկու զոհասեղան ունէր։ Մէկը՝ ողջակէզի ընծաներու համար, Սատիմի փայտէ շինուած եւ պղնձով պատուած, որ մուտքին առջեւ դրուած էր եւ անասնական զոհեր մատուցանելու համար կը գործածուէր։ (Ելից 27։1-8. 39։39. 40։6, 29) Միւսը՝ խունկի սեղանը, դարձեալ Սատիմի փայտէ շինուած, բայց ոսկիով պատուած, որ տաղաւարին մէջ Սրբութիւն Սրբութեանցի վարագոյրին առջեւ կը դրուէր։ (Ելից 30։1-6. 39։38. 40։5, 26, 27) Անոր վրայ մասնայատուկ խունկ կը ծխուէր օրը երկու անգամ, առաւօտուն եւ իրիկունը։ (Ելից 30։7-9) Սողոմոն Թագաւորին շինած հաստատուն տաճարը տաղաւարին օրինակին հետեւեցաւ, երկու զոհասեղան ունենալով։

‘Ճշմարիտ Տաղաւարը’ եւ Այլաբանական Զոհասեղանը

Երբ Եհովա իր Օրէնքը տուաւ Իսրայէլ ազգին, ան իր ժողովուրդին առօրեայ կեանքը եւ զոհերով ու աղօթքով իրեն մօտենալը կանոնաւորող օրէնքներ հայթայթելէն աւելին ըրաւ։ Անոր կարգադրութիւններէն շատերը «երկնային բաներուն նմանութիւն»ը, «օրինակ մը», կամ «գալու բաներուն շուք»ը կազմեցին, ինչպէս Պօղոս կոչեց։ (Եբրայեցիս 8։3-5. 9։9. 10։1. Կողոսացիս 2։17) Ուրիշ խօսքով, Օրէնքին շատ մը երեսակները ո՛չ միայն Իսրայելացիները առաջնորդեցին մինչեւ Քրիստոսի գալուստը, այլ նաեւ՝ նախաշուքն էին Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կատարուելիք Աստուծոյ նպատակներուն։ (Գաղատացիս 3։24) Այո, Օրէնքին կարգ մը երեսակները մարգարէական արժէք ունէին։ Օրինակ, Պասեքի գառը, որուն արիւնը Իսրայելացիներուն փրկութեան որպէս նշան ծառայեց, Յիսուս Քրիստոսը նախապատկերացուց։ Ան ‘Աստուծոյ Գառն է, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ’, որուն արիւնը թափուեցաւ մեզ մեղքէն ազատագրելու համար։—Յովհաննու 1։29. Եփեսացիս 1։7

Տաղաւարի եւ տաճարի սպասարկութեան վերաբերեալ շատ բաներ հոգեւոր իրականութիւններ կը պատկերացնէին։ (Եբրայեցիս 8։5. 9։23) Փաստօրէն, Պօղոս կը գրէ ‘ճշմարիտ տաղաւարին’ մասին, «որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը»։ Ան կը շարունակէ ըսելով. «Քրիստոս եկաւ, գալու բարիքներուն Քահանայապետը, աւելի մեծ ու կատարեալ եւ անձեռագործ խորանով, այսինքն անով որ այս ստեղծուածներէն չէ»։ (Եբրայեցիս 8։2. 9։11) ‘Աւելի մեծ ու կատարեալ տաղաւարը’ Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարի կարգադրութիւնն էր։ Սուրբ Գրութիւններու լեզուն ցոյց կու տայ թէ հոգեւոր մեծ տաճարը այն կարգադրութիւնն է, որուն միջոցաւ մարդիկ կրնան Եհովայի մօտենալ Յիսուս Քրիստոսի քաւիչ զոհին հիման վրայ։—Եբրայեցիս 9։2-10, 23-28

Վստահաբար Աստուածաշունչի ներշնչուած ըլլալուն վրայ մեր հաւատքը կը զօրանայ, երբ Աստուծոյ Խօսքէն կը սորվինք թէ Օրէնքին կարգ մը կարգադրութիւններն ու երեսակները աւելի մեծ ու իմաստալից հոգեւոր իրականութիւններ կը պատկերացնեն։ Ասիկա նաեւ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ անզուգականօրէն յայտնաբերուած աստուածային իմաստութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’աւելցնէ։—Հռովմայեցիս 11։33. Բ. Տիմոթէոս 3։16

Ողջակէզի զոհասեղանն ալ մարգարէական արժէք ունի։ Այնպէս կը թուի թէ անիկա Աստուծոյ «կամքը», կամ՝ Յիսուսի կատարեալ մարդկային զոհը ընդունելու իր յօժարակամութիւնը, կը ներկայացնէ։—Եբրայեցիս 10։1-10

Եբրայեցիս նամակին հետագայ գլուխներուն մէջ, Պօղոս այս հետաքրքրական մեկնաբանութիւնը կու տայ. «Սեղան մը ունինք մենք, ուրկէ իրաւունք չունին ուտելու անոնք որ խորանին ծառայութիւն կ’ընեն»։ (Եբրայեցիս 13։10) Ան ո՞ր սեղանին կ’ակնարկէր։

Շատ մը Կաթողիկէ մեկնաբաններ կ’ըսեն թէ Եբրայեցիս 13։10–ի մէջ յիշուած սեղանը Սուրբ Հաղորդութեան համար գործածուած խորանն է. այն «խորհուրդ»ը, ըստ որու Քրիստոսի զոհը Պատարագի ընթացքին կը վերանորոգուի։ Սակայն բովանդակութենէն կրնաք նկատել թէ Պօղոսի ակնարկած սեղանը այլաբանական է։ Կարգ մը ուսումնականներ այս համարին մէջ նշուած «սեղան» բառին այլաբանական իմաստ մը կը վերագրեն։ Ժէզուիթ Ճուզէփէ Պոնսիրվընի համար, «ասիկա լիովին ներդաշնակ է [Եբրայեցիներուն ուղղուած] նամակին այլաբանական լեզուին հետ»։ Ան կը նշէ. «Քրիստոնէական լեզուին մէջ, ‘սեղան’ բառը սկիզբը հոգեւոր առումով կը գործածուէր եւ միայն Իրենիոսէ ու մանաւանդ Տերտուղիանոսէ ու Կիպրիանոսէ ետքն է որ անիկա Սուրբ Հաղորդութեան կիրարկուեցաւ, եւ յատկապէս՝ Հաղորդութեան սեղանին»։

Ինչպէս Կաթողիկէ պարբերաթերթ մը կ’ըսէ, խորանի գործածութիւնը տարածուեցաւ «Կոստանդինեան դարաշրջանին . . . մայր եկեղեցիներու շինարարութեամբ»։ Rivista di Archeologia Cristiana (Քրիստոնէական Հնագիտութեան Պարբերաթերթ) նշեց. «Ստոյգ է թէ առաջին երկու դարերուն, կարելի չէ պաշտամունքի հաստատ վայրի մը գոյութիւնը ապացուցանել, բացի՝ անձնական տուներու սենեակներուն մէջ գումարուած կրօնական արարողութիւններէն . . . սենեակներ՝ որոնք արարողութեան աւարտին, անմիջապէս նախկին գործածութեան կը դարձուէին»։

Քրիստոնեայ Աշխարհի Խորանին Գործածութիւնը

«Խորանը», կ’ըսէ La Civiltà Cattolica Կաթողիկէ պարբերաթերթը, «կորիզն է ո՛չ միայն եկեղեցական կառոյցին, այլ նաեւ՝ կենդանի Եկեղեցիին»։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս Քրիստոս խորանի մը վրայ կատարուելիք կրօնական ոչ մէկ արարողութիւն հաստատեց. ո՛չ ալ իր աշակերտներուն պատուիրեց որ խորան մը գործածելով ծէսեր կատարեն։ Մատթէոս 5։23, 24–ի եւ այլ համարներու մէջ Յիսուսի յիշած զոհասեղանը կ’ակնարկէ Հրեաներուն մէջ տիրական եղող կրօնական սովորութիւններուն, սակայն ան ցոյց չի տար որ իր հետեւորդները Աստուած պէտք էր պաշտէին խորանի մը գործածութեամբ։

Ամերիկացի պատմաբան Ճորճ Ֆութ Մուր (1851-1931), գրեց. «Քրիստոնէական պաշտամունքին գլխաւոր երեսակները միշտ նոյնը եղած են, սակայն, ժամանակ մը ետք, երկրորդ դարու կիսուն Յուստինոսի բնութագրած պարզ ծէսերը վեհաշուք կերպով կատարուած պաշտամունքի արարողութիւններու վերածուեցան»։ Կաթողիկէ ծէսերն ու հանրապէս կատարուած կրօնական արարողութիւնները ա՛յնքան շատ ու բարդ են, որ անոնք Կաթողիկէ դպրեվանքերու մէջ ուսումնասիրութեան նիւթ մը կը կազմեն, որ է՝ ծիսաբանութիւն։ Մուր շարունակեց. «Այս հակումը, որ առկայ է բոլոր ծէսերուն մէջ, մեծապէս զարգացաւ Հին Կտակարանի ազդեցութեան ներքեւ, երբ Քրիստոնեայ կղերներ սկսան նախկին կրօնական դրութեան պատկանող քահանաներուն յաջորդները նկատուիլ։ Քահանայապետին շքեղ հանդերձները, քահանաներուն հանդիսաւոր զգեստները, վեհաշուք թափօրները, սաղմոսներ տաղերգող Ղեւտացիներու երգչախումբերը, բուրվառներէն բարձրացող քուլայ քուլայ խունկերը, այս բոլորը կրօնական պաշտամունքի համար Աստուծոյ կողմէ տրուած օրինակ նկատուեցան, ինչ որ եկեղեցիին իրաւասութիւն տուաւ հին հեթանոսական կրօնքներուն շքեղութեան հետ մրցելու»։

Թերեւս զարմանաք իմանալով թէ բազմաթիւ ծէսեր, արարողութիւններ, հանդերձներ եւ զանազան եկեղեցիներու մէջ գործածուող պաշտամունքի այլ իրեր, կը հետեւին ո՛չ թէ Աւետարաններու քրիստոնէական ուսուցումներուն, այլ՝ Հրեաներու եւ հեթանոսներու սովորութեանց ու ծէսերուն։ Enciclopedia Cattolica կ’ըսէ թէ Կաթողիկէութիւնը «խորանի գործածութիւնը ժառանգած է Հրէականութենէ, եւ մասամբ՝ հեթանոսութենէ»։ Հ.Դ. երրորդ դարու ջատագով մը՝ Մինիգիոս Փելիքս, գրեց թէ Քրիստոնեաները ‘ո՛չ տաճարներ, ո՛չ ալ խորաններ’ ունէին։ Religioni e Miti (Կրօնքներ եւ Առասպելներ) խորագրով համայնագիտական բառարանը նոյնպէս կ’ըսէ. «Նախկին Քրիստոնեաները մերժեցին խորանի գործածութիւնը, հրէական ու հեթանոսական պաշտամունքի կերպերէն տարբեր ըլլալու համար»։

Քանի որ Քրիստոնէութիւնը գլխաւորաբար հիմնուած էր սկզբունքներու վրայ, որոնք պիտի ընդունուէին ու կիրարկուէին առօրեայ կեանքի եւ բոլոր երկիրներու մէջ, այլեւս կարիքը չկար երկրային սուրբ քաղաքի մը, կամ խորաններ ունեցող նիւթական տաճարի մը, ո՛չ ալ զատորոշելի զգեստներով մարդկային քահանաներու իւրայատուկ դասի մը։ Յիսուս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը։ . . . Ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ (Յովհաննու 4։21, 23) Բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ կատարուած բարդ արարողութիւններն ու խորաններու գործածութիւնը, ճշմարիտ Աստուածը պաշտելու կերպին մասին Յիսուսի ըսածները կ’անտեսեն։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Նախապէս, Կայէն ու Աբէլ իրենց ընծաները Եհովայի մատուցանելու համար հաւանաբար զոհասեղաններ գործածեցին։—Ծննդոց 4։3, 4