Կրօնական հալածանք՝ ինչո՞ւ
Կրօնական հալածանք՝ ինչո՞ւ
ԿԸ ԽՈՐՀԻ՞Ք թէ մարդիկ պէտք է հալածուին իրենց կրօնքին պատճառաւ։ Հաւանաբար ո՛չ. առնուազն այնքան ատեն որ անոնք ուրիշներու իրաւունքները չեն ոտնակոխեր։ Սակայն, կրօնական հալածանքը երկար ատենէ գոյութիւն ունի եւ տակաւին առկայ է։ Օրինակ, Ի. դարու ընթացքին, Եւրոպայի ու աշխարհի այլ շրջաններու մէջ, Եհովայի Վկաներէն շատեր յաճախ իրենց իրաւունքներէն զրկուեցան եւ իրենց հանդէպ անգութ վերաբերմունք ցուցաբերուեցաւ։
Այդ ժամանակաշրջանին, Եհովայի Վկաները վայրագ, կազմակերպուած եւ երկարատեւ հալածանքի ենթարկուեցան, Եւրոպայի երկու մեծ՝ ամբողջատիրական վարչաձեւերուն ներքեւ։ Անոնց փորձառութիւնը կրօնական հալածանքի մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ Իսկ ի՞նչ կրնանք սորվիլ տառապանքի հանդէպ անոնց հակազդեցութենէն։
«Աշխարհի Մէկ Մասը Չեն»
Եհովայի Վկաները կը ջանան օրինապահ, խաղաղարար եւ բարոյապէս պարկեշտ անհատներ ըլլալ։ Անոնք կառավարութիւններուն չեն հակառակիր, անոնց հետ ճակատումներ չեն ունենար, ո՛չ ալ նահատակուելու համար հալածանք կը հրահրեն։ Այս Քրիստոնեաները քաղաքական գետնի վրայ չէզոք են։ Ասիկա Յիսուսի խօսքերուն հետ ներդաշնակ է. «[Իմ հետեւորդներս] աշխարհէն [«աշխարհի մէկ մասը», ՆԱ] չեն, ինչպէս ես աշխարհէն [«աշխարհի մէկ մասը», ՆԱ] չեմ»։ (Յովհաննու 17։16) Կառավարութիւնները մեծաւ մասամբ Վկաներուն չէզոք կեցուածքին կը գիտակցին։ Սակայն ամբողջատիրական կառավարիչները Քրիստոնեաներուն աշխարհի մէկ մասը չըլլալու Աստուածաշունչի պահանջը չեն յարգեր։
Ասոր պատճառը բացատրուեցաւ Նոյեմբեր 2000–ին՝ Գերմանիոյ Հայտըլպըրկ Համալսարանին մէջ տեղի ունեցող համագումարի մը ընթացքին։ Համագումարին բնաբանն էր՝ «Ճնշում եւ Պարտադրանք. Եհովայի Վկաները Ազգային Ընկերվարական եւ Համայնավար Բռնիշխանութեան Ներքեւ»։ Ամբողջատիրականութիւնը Հետազօտող Հաննա–Արէնթ Հաստատութենէն՝ Տոքթ. Քլէմընս Ֆոլընհալս ըսաւ. «Ամբողջատիրական վարչաձեւերը իրենց գործունէութիւնները չեն սահմանափակեր քաղաքականութեան։ Անոնք անհատի մը ամբողջ էութիւնը կը պահանջեն»։
Ճշմարիտ Քրիստոնեաները չեն կրնար իրենց «ամբողջ էութիւնը» մարդկային կառավարութեան մը յանձնել, քանի որ անոնք միայն Եհովա Աստուծոյ բացարձակ հաւատարմութիւն ուխտած են։ Ամբողջատիրական բռնիշխանութիւններու ներքեւ ապրող Վկաները նկատած են թէ Պետութեան եւ իրենց հաւատքին պահանջած բաները երբեմն զիրար կը հակասեն։ Այսպիսի հակասութեան մը դիմաց, անոնք ի՞նչ ըրած են։ Անցեալին շատ անգամ Եհովայի Վկաները իրենց կեանքին մէջ կիրարկած են Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներուն ըսած սկզբունքը. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 5։29
Հազարաւոր Վկաներ հաւատարմօրէն իրենց հաւատքին կառչած եւ քաղաքական հարցերու մէջ չէզոք մնացած են, ի հեճուկս անգութ հալածանքին։ Անոնք ի՞նչպէս կրցած են տոկալ։ Տոկալու համար ուրկէ՞ զօրութիւն ձեռք ձգած են։ Թող իրենք անձամբ պատասխանեն։ Նաեւ տեսնենք թէ ամէն ոք, Վկայ եւ ոչ–Վկայ, ի՛նչ կրնայ սորվիլ անոնց փորձառութիւններէն։
[Մէջբերում՝ էջ 4]
Գերմանիոյ մէջ Եհովայի Վկաները վայրագ ու երկարատեւ հալածանքի ենթարկուեցան, Ի. դարու երկու ամբողջատիրական վարչաձեւերուն ներքեւ
[Մէջբերում՝ էջ 4]
«Ամբողջատիրական վարչաձեւերը իրենց գործունէութիւնները չեն սահմանափակեր քաղաքականութեան։ Անոնք անհատի մը ամբողջ էութիւնը կը պահանջեն»։—Տոքթ. Քլէմընս Ֆոլընհալս
[Նկար՝ էջ 4]
Գուսըրօ ընտանիքը իր ազատութիւնը կորսնցուց, քանի որ իրենց հաւատքին մէջ զիջումներ չըրին
[Նկար՝ էջ 4]
Եոհաննէս Հարմզ՝ Նացի բանտի մը մէջ մահապատիժի ենթարկուեցաւ իր հաւատալիքներուն համար