Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տէրունական ընթրիքը ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար

Տէրունական ընթրիքը ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար

Տէրունական ընթրիքը ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար

«Ով որ այս հացը ուտէ կամ Տէրոջը գաւաթը խմէ անարժանաբար, պարտական պիտի ըլլայ Տէրոջը մարմնին եւ արիւնին»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 11։27

1. 2003 տարուան համար ծրագրուած ամենակարեւոր դէպքը ի՞նչ է, եւ ի՞նչ է անոր ծագումը։

ԱՊՐԻԼ 16–ին՝ արեւնամուտէն ետք, 2003 տարուան համար ծրագրուած ամենակարեւոր դէպքը տեղի պիտի ունենայ։ Այդ օրը, Եհովայի Վկաները պիտի հաւաքուին Յիսուս Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնելու համար։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Յիսուս հաստատեց այս տօնակատարութիւնը որ կը կոչուի նաեւ Տէրունական Ընթրիք՝ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին, իր առաքեալներուն հետ Պասեքը տօնելէն ետք։ Յիշատակատօնի խորհրդանիշերը՝ անխմոր հացն ու կարմիր գինին՝ Քրիստոսի անմեղ մարմինը եւ իր թափուած արիւնը կը խորհրդանշեն. միակ զոհը որ կրնայ մարդկութիւնը փրկել ժառանգուած մեղքէն ու մահէն։—Հռովմայեցիս 5։12. 6։23

2. Ա. Կորնթացիս 11։27–ի մէջ ի՞նչ ազդարարութիւն արձանագրուած է։

2 Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն մասնակցողները, պէտք է արժանավայել կերպով զայն ընեն։ Պօղոս առաքեալ ասիկա պարզեց, երբ գրեց վաղեմի Կորնթոսի մէջ բնակող Քրիստոնեաներուն, ուր Տէրունական Ընթրիքը պատշաճօրէն չէր տօնակատարուեր։ (Ա. Կորնթացիս 11։20-22) Պօղոս գրեց. «Ով որ այս հացը ուտէ կամ Տէրոջը գաւաթը խմէ անարժանաբար, պարտական պիտի ըլլայ Տէրոջը մարմնին եւ արիւնին»։ (Ա. Կորնթացիս 11։27) Այս խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։

Ոմանք Անարժանաբար կը Տօնէին

3. Կորնթացի Քրիստոնեաներէն շատեր Տէրունական Ընթրիքի տօնակատարութեան ատեն ի՞նչպիսի վերաբերմունք կը ցուցաբերէին։

3 Կորնթացի Քրիստոնեաներէն շատեր Յիշատակատօնին անարժանաբար կը մասնակցէին։ Անոնց մէջ բաժանմունքներ կային, եւ առնուազն ժամանակ մը, ոմանք ընթրիքը իրենց հետ կը բերէին եւ զայն ժողովէն առաջ կամ անոր ընթացքին կ’ուտէին, յաճախ ուտելու ու խմելու մէջ չափը անցընելով։ Անոնք ո՛չ մտքով, ո՛չ ալ հոգեւոր գետնի վրայ արթուն էին։ Ասիկա զիրենք ‘Տէրոջը մարմնին եւ արիւնին պարտական դարձուց’։ Առանց ընթրելու եկողները անօթենալով մտացրիւ կ’ըլլային։ Այո, շատեր անյարգալից կերպով կը մասնակցէին եւ առիթին լրջութեան լիովին չէին գիտակցեր։ Զարմանալի չէ որ անոնք իրենց անձին վրայ դատապարտութիւն բերին։—Ա. Կորնթացիս 11։27-34

4, 5. Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն կանոնաւորաբար մասնակցողները ինչո՞ւ հարկ է որ ինքնաքննութիւն կատարեն։

4 Մինչ ամէն տարի Յիշատակատօնը կը մօտենայ, անհրաժեշտ է որ խորհրդանիշերուն կանոնաւորաբար մասնակցողները ինքնաքննութիւն մը կատարեն։ Այս հաղորդութեան ընթրիքին պատշաճօրէն մասնակցելու համար, անոնք հոգեւորապէս առողջ վիճակի մէջ պէտք է ըլլան։ Յիսուսի զոհագործութեան հանդէպ յարգանքի պակաս կամ արհամարհական վերաբերմունք ցուցաբերող անհատը, ‘Աստուծոյ ժողովուրդին մէջէն կորսուելու’ վտանգին ներքեւ պիտի ըլլայ, ճիշդ այն Իսրայելացիին նման որ խաղաղութեան զոհին կը մասնակցէր՝ անմաքուր վիճակով։—Ղեւտացւոց 7։20. Եբրայեցիս 10։28-31

5 Պօղոս Յիշատակատօնը համեմատեց վաղեմի Իսրայէլի մէջ կատարուած խաղաղութեան կամ հաղորդութեան ճաշին հետ։ Ան Քրիստոսի հաղորդակիցներ ըլլալու համար անոր մասնակցողներուն մասին խօսեցաւ, ապա աւելցուց. «Չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը. չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն»։ (Ա. Կորնթացիս 10։16-21) Եթէ խորհրդանիշերուն սովորաբար մասնակցող անհատ մը լուրջ մեղք մը գործէ, ան պէտք է Եհովայի խոստովանի, նաեւ ժողովքի երէցներէն հոգեւոր օգնութիւն խնդրէ։ (Առակաց 28։13. Յակոբու 5։13-16) Եթէ ան իսկապէս զղջայ եւ զղջումի արժանի գործեր գործէ, անոր մասնակցութիւնը անարժանաբար եղած պիտի չըլլայ։—Ղուկաս 3։8

Ներկայ Գտնուիլ Որպէս Յարգալից Հանդիսատեսներ

6. Տէրունական Ընթրիքին մասնակցելու առանձնաշնորհումը Աստուած որո՞նց վերապահած է։

6 Ներկայիս Քրիստոսի 144,000 եղբայրներու մնացորդին բարիք ընողները պէ՞տք է Տէրունական Ընթրիքին մասնակցին։ (Մատթէոս 25։31-40. Յայտնութիւն 14։1) Ո՛չ։ Աստուած այս առանձնաշնորհումը վերապահած է սուրբ հոգիէն օծուած անհատներուն, որոնք «Քրիստոսին ժառանգակիցներ»ը պիտի ըլլան։ (Հռովմայեցիս 8։14-18. Ա. Յովհաննու 2։20) Ուստի, Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ երկրածաւալ դրախտին մէջ ապրելու յոյսը ունեցողներուն դիրքը ի՞նչ է այս հարցին մէջ։ (Ղուկաս 23։43. Յայտնութիւն 21։3, 4) Քանի որ անոնք երկնային յոյս ունեցող Յիսուսի ժառանգակիցներ չեն, անոնք Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին որպէս յարգալից հանդիսատեսներ։—Հռովմայեցիս 6։3-5

7. Առաջին դարու Քրիստոնեաները ինչո՞ւ գիտէին թէ Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն պէտք էր մասնակցէին։

7 Առաջին դարուն, ճշմարիտ Քրիստոնեաները սուրբ հոգիէն օծուած էին։ Անոնցմէ շատեր կարող էին հոգիին հրաշագործ պարգեւներէն մէկը կամ աւելին գործածել, օրինակ՝ լեզուներ խօսիլ։ Հետեւաբար, այսպիսիներուն համար դժուար չէր գիտնալ թէ հոգիէն օծուած էին եւ Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն պէտք էր մասնակցէին։ Սակայն մեր օրերուն, այս հարցը հետեւեալին նման ներշնչեալ խօսքերու հիման վրայ կրնայ որոշուիլ. «Անոնք որ Աստուծոյ Հոգիովը կ’առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։ Քանզի դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր»։—Հռովմայեցիս 8։14, 15

8. Որո՞նք պատկերացուած են Մատթէոս 13–րդ գլուխին մէջ յիշուած «ցորեն»ով եւ «որոմ»ով։

8 Դարերու ընթացքին, ճշմարիտ օծեալները որպէս «ցորեն» աճեցան «որոմ»ով՝ կամ կեղծ Քրիստոնեաներով՝ լեցուն արտի մը մէջ։ (Մատթէոս 13։24-30, 36-43) 1870–ական թուականներէն ի վեր, «ցորեն»ը հետզհետէ բացայայտ եղաւ, եւ տարիներ ետք, օծեալ Քրիստոնեայ տեսուչներուն ըսուեցաւ. «Երէցները . . . [Յիշատակատօնին համար] հաւաքուողներուն առջեւ հետեւեալ պահանջներն ու պայմանները պէտք է դնեն՝ (1) [Քրիստոսի] արեան հանդէպ հաւատք, եւ (2) Տիրոջ ու իր ծառայութեան նուիրուածութիւն, նոյնիսկ մինչեւ մահ։ Ապա անոնք այս մտայնութիւնը ունեցող եւ այս կերպով նուիրուած բոլոր անհատները պէտք է հրաւիրեն Տիրոջ մահուան տօնակատարութեան մասնակցելու»։—Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ, Զ. Հատոր, Նոր Ստեղծագործութիւն, էջ 473 *

«Ուրիշ Ոչխարներ» Փնտռել

9. «Մեծ բազմութեան» ինքնութիւնը ի՞նչպէս բնորոշուեցաւ 1935–ին, եւ ասիկա ի՞նչպէս ազդեց Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն մասնակցողներէն ոմանց։

9 Ժամանակի ընթացքին, Եհովայի կազմակերպութիւնը Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներէն զատ սկսաւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այլ խումբի մը վրայ։ Այս ուղղութեամբ աչքառու փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ 1930–ական թուականներու կիսուն։ Մինչ այդ, Աստուծոյ ծառաները Յայտնութիւն 7։9–ի «մեծ բազմութիւն»ը կը նկատէին որպէս երկրորդական հոգեւոր դասակարգ մը, որ 144,000 յարուցեալ օծեալներուն պիտի ընկերակցէր երկնքի մէջ. Քրիստոսի հարսին ընկերակցող աղջիկներուն նման։ (Սաղմոս 45։14, 15. Յայտնութիւն 7։4. 21։2, 9) Սակայն, 31 Մայիս 1935–ին, Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի մէջ (Ա.Մ.Ն.), Եհովայի Վկաներու նահանգային համաժողովի մը ընթացքին ներկայացուած դասախօսութեան մը մէջ, Սուրբ Գրքէն բացատրուեցաւ թէ «մեծ բազմութիւն»ը կ’ակնարկէ վերջին ժամանակի ընթացքին ապրող «ուրիշ ոչխարներ»ուն։ (Յովհաննու 10։16) Այդ համաժողովէն ետք, Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն նախապէս մասնակցողներէն ոմանք դադրեցան մասնակցելէ, քանի որ անդրադարձան թէ իրենք երկրային յոյս ունէին ու ո՛չ թէ երկնային։

10. Մերօրեայ «ուրիշ ոչխարներ»ու յոյսը եւ պատասխանատուութիւնները ի՞նչպէս կը նկարագրէք։

10 Մանաւանդ 1935–էն ասդին ուշադրութիւնը կեդրոնացուած է «ուրիշ ոչխարներ» փնտռելու վրայ, որոնք փրկանքին հաւատք կ’ընծայեն, իրենց անձերը Աստուծոյ կը նուիրեն եւ «պզտիկ հօտ»ին թիկունք կը կանգնին Թագաւորութիւնը քարոզելու գործունէութեան մէջ։ (Ղուկաս 12։32) Այս ուրիշ ոչխարները կը յուսան երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ, սակայն մնացեալ բոլոր մարզերուն մէջ անոնք կը նմանին Թագաւորութեան ժառանգորդներու մերօրեայ մնացորդին։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ բնակող օտարականներուն նման, որոնք Եհովան կը պաշտէին ու Օրէնքը կը պահէին, ներկայիս ուրիշ ոչխարները քրիստոնէական պատասխանատուութիւններ կ’ընդունին, ինչպիսին է հոգեւոր Իսրայէլի անդամներու կողքին բարի լուրը քարոզել։ (Գաղատացիս 6։16) Ինչպէս որ օտարական մը չէր կրնար Իսրայէլի թագաւոր կամ քահանայ մը ըլլալ, ուրիշ ոչխարներէն ո՛չ մէկը կրնայ երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխել, ո՛չ ալ՝ որպէս քահանայ ծառայել։—Բ. Օրինաց 17։15

11. Անհատի մը մկրտութեան թուականը ինչո՞ւ կրնայ ազդել իր յոյսին։

11 Հետեւաբար, 1930–ական թուականներուն սկսաւ բացայայտ ըլլալ թէ երկնային դասակարգը ընդհանուր առմամբ ընտրուած էր։ Այժմ, տասնամեակներէ ի վեր, երկրային յոյս ունեցող ուրիշ ոչխարներ կը փնտռուին։ Եթէ օծեալներէն մէկը անհաւատարիմ դառնայ, շատ հաւանական է որ երկար ատեն հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայող ուրիշ ոչխարներէն մէկը կանչուի, 144,000–ի թիւին մէջ թափուր մնացած տեղը լեցնելու համար։

Ինչո՛ւ Ոմանք Սխալ Ենթադրութիւններ կ’Ընեն

12. Ի՞նչ պայմաններու ներքեւ անհատ մը պէտք է դադրի Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն մասնակցելէ, եւ ինչո՛ւ։

12 Օծեալ Քրիստոնեաները բացարձակապէս վստահ են որ իրենք երկնային կոչում ունին։ Սակայն, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ կարգ մը անհատներու մասին, որոնք այս կոչումը չունենալով, ատենէ մը ի վեր Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն մասնակցած են։ Հիմա տեղեակ ըլլալով որ երբեք երկնային յոյսը չեն ունեցած, վստահաբար իրենց խղճմտանքը պիտի մղէ զիրենք որ ա՛լ չմասնակցին։ Աստուած պիտի չհաճէր անհատի մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս երկնային թագաւոր եւ քահանայ ըլլալու կոչումը ունեցող մը, երբ ինք գիտէ թէ իրապէս այսպիսի կոչում մը չունի։ (Հռովմայեցիս 9։16. Յայտնութիւն 20։6) Եհովա Ղեւտացի Կորխը մահով պատժեց, քանի որ ան յաւակնոտութեամբ Ահարոնական քահանայութիւնը կը փնտռէր։ (Ելից 28։1. Թուոց 16։4-11, 31-35) Եթէ Քրիստոնեայ մը անդրադառնայ որ ինք սխալ կերպով Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն մասնակցած է, պէտք է դադրի մասնակցելէ եւ խոնարհաբար աղօթէ Եհովայի թողութիւնը ստանալու համար։—Սաղմոս 19։13

13, 14. Ոմանք ինչո՞ւ կրնան սխալ կերպով ենթադրել թէ երկնային կոչումը ունին։

13 Ինչո՞ւ ոմանք կրնան սխալ կերպով ենթադրել թէ երկնային կոչումը ունին։ Կողակիցի մը մահը կամ այլ ողբերգութիւն մը պատճառ կրնայ ըլլալ որ անոնք երկրային կեանքի հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնը կորսնցնեն։ Կամ՝ թերեւս փափաքին օծեալ Քրիստոնեայ մը ըլլալ դաւանող մտերիմ բարեկամի մը յոյսին մասնակից ըլլալ։ Անշուշտ, Աստուած մէկու մը նշանակում չէ տուած որ այս առանձնաշնորհումին համար անհատներ հաւաքէ։ Ո՛չ ալ Թագաւորութեան ժառանգորդներ կ’օծէ, այս ուղղութեամբ պատգամներ փոխանցող ձայներ լսցնել տալով անոնց։

14 Բոլոր բարի մարդոց երկինք երթալու կրօնական սուտ գաղափարը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ոմանք խորհին թէ իրենք երկնային կոչումը ունին։ Ուստի, զգոյշ պէտք է ըլլանք անցեալի սխալ տեսակէտներով կամ այլ ազդակներով տարուելէ։ Օրինակ, ոմանք կրնան իրենք իրենց հարցնել. ‘Զգացումներուս ազդող դեղեր կը գործածե՞մ։ Արդեօք շատ զգացական ըլլալով սխալ ենթադրութիւններո՞ւ կը յանգիմ’։

15, 16. Ինչո՞ւ ոմանք կրնան սխալ կերպով եզրակացնել թէ իրենք օծեալներ են։

15 Ոմանք կրնան իրենք իրենց հարց տալ. ‘Կը փափաքի՞մ կարկառուն մէկը ըլլալ։ Կը տենչա՞մ հեղինակութիւն ձեռք ձգել հիմա, կամ ապագային, որպէս Քրիստոսի ժառանգակիցներէն մէկը’։ Առաջին դարուն երբ Թագաւորութեան ժառանգորդներ կանչուեցան, անոնք բոլորն ալ ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքեր չունէին։ Իսկ երկնային կոչում ունեցող անհատներ կարկառուն դիրքի մը չեն ձգտիր, ո՛չ ալ օծեալ ըլլալով կը պարծենան։ Անոնք «Քրիստոսին միտքը» ունեցողներէն ակնկալուած խոնարհութիւն կը ցուցաբերեն։—Ա. Կորնթացիս 2։16

16 Ոմանք կրնան եզրակացնել թէ իրենք երկնային կոչում ունին, քանի որ Աստուածաշունչէն բաւական գիտութիւն ձեռք ձգած են։ Սակայն, հոգիէն օծուիլը անպայմանօրէն բացառիկ հասկացողութիւն ունենալ չի նշանակեր, քանի որ Պօղոս կարգ մը օծեալներու սորվեցնելու եւ խրատելու հարկը տեսաւ։ (Ա. Կորնթացիս 3։1-3. Եբրայեցիս 5։11-14) Աստուած իր բոլոր ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարելու համար կարգադրութիւն մը ըրած է։ (Մատթէոս 24։45-47) Ոեւէ անհատ պէտք չէ խորհի թէ օծեալ Քրիստոնեայ մը ըլլալը, երկրային յոյս ունեցողներէն աւելի գերազանց իմաստութիւն կու տայ իրեն։ Հոգիէն օծուիլը՝ հմուտ կերպով սուրբ գրային հարցումներուն պատասխանելով, վկայելով, կամ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած դասախօսութիւններ տալով չէ որ ցոյց կը տրուի։ Երկրային յոյս ունեցող Քրիստոնեաներ ալ այս մարզերուն մէջ որակելի են։

17. Հոգիէն օծուիլը ի՞նչ բանէ եւ որմէ՞ կախեալ է։

17 Եթէ հաւատակից մը երկնային կոչումին մասին հարցումներ հարցնէ, երէց մը կամ այլ հասուն Քրիստոնեայ մը կրնայ այս հարցը իրեն հետ նկատի առնել։ Սակայն, անհատ մը չի կրնար ուրիշի մը տեղ որոշել։ Այս կոչումը իսկապէս ունեցող անհատ մը, պէտք չունի ուրիշներուն հարցնելու թէ այս յոյսը ունի կամ ոչ։ Օծեալները ‘նորէն ծնած են՝ ո՛չ թէ ապականացու սերմէն, հապա՝ անապականացուէն Աստուծոյ կենդանի ու յաւիտենական խօսքովը’։ (Ա. Պետրոս 1։23) Իր հոգիին ու Խօսքին միջոցով, Աստուած կը ցանէ «սերմ»ը, որ անհատը երկնային յոյս ունեցող «նոր ստեղծուած մը» կը դարձնէ։ (Բ. Կորնթացիս 5։17) Իսկ Եհովան է որ կ’ընէ ընտրութիւնը։ Օծուիլը «մարդուն ուզելէն կամ ջանքէն չէ, հապա Աստուծմէ»։ (Հռովմայեցիս 9։16) Ուստի, անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ վստահ ըլլալ որ երկնային կոչում ունի։

Անոնք Ինչո՛ւ Վստահ Են

18. Աստուծոյ հոգին ի՞նչպէս վկայութիւն կու տայ օծեալներու հոգիին հետ։

18 Աստուծոյ հոգիին վկայութիւնը օծեալ Քրիստոնեաները կը համոզէ թէ իրենք երկնային ակնկալութիւններ ունին։ «[Դուք] որդեգրութեան հոգին առիք», գրեց Պօղոս, «որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք»։ (Հռովմայեցիս 8։15-17) Սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ, օծեալներուն ‘հոգին’՝ կամ ամբողջ բանականութիւնը՝ կը մղէ զիրենք որ Եհովայի հոգեւոր որդիներուն մասին Սուրբ Գրութիւններուն ըսածները անձնապէս կիրարկեն։ (Ա. Յովհաննու 3։2) Աստուծոյ հոգին իր որդիները ըլլալու զգացումը կու տայ անոնց եւ անզուգական փափաք մը կը սերմանէ իրենց մէջ։ (Գաղատացիս 4։6, 7) Այո, որպէս կատարեալ մարդիկ, ուրախ ընտանիքով ու բարեկամներով շրջապատուած, երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը սքանչելի բան մըն է, բայց ասիկա իրենց աստուածատուր յոյսը չէ։ Իր հոգիին միջոցով, Աստուած իրենց մէջ երկնային այնպիսի զօրաւոր յոյս մը զետեղած է, որ անոնք ատոր սիրոյն երկրային բոլոր կապերն ու հեռանկարները զոհելու յօժար են։—Բ. Կորնթացիս 5։1-5, 8. Բ. Պետրոս 1։13, 14

19. Նոր ուխտը ի՞նչ դեր կը խաղայ օծեալ Քրիստոնեայի մը կեանքին մէջ։

19 Օծեալ Քրիստոնեաները վստահ են իրենց երկնային յոյսէն՝ նոր ուխտին մէջ պարփակուած ըլլալէն։ Յիսուս Յիշատակատօնը հաստատելու ատեն զայն յիշեց, ըսելով. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի»։ (Ղուկաս 22։20) Նոր ուխտին երկու կողմերն են՝ Եհովան եւ օծեալները։ (Երեմեայ 31։31-34. Եբրայեցիս 12։22-24) Յիսուս միջնորդն է։ Քրիստոսի թափուած արիւնով ի զօրու եղած նոր ուխտը, ո՛չ միայն Հրեաներէն, այլ նաեւ՝ բոլոր ազգերէն ժողովուրդ մը հաւաքեց Եհովայի անուան համար եւ զայն Աբրահամի «սերունդ»ին մէկ մասը դարձուց։ (Գաղատացիս 3։26-29. Գործք 15։14) Այս «յաւիտենական ուխտ»ին շնորհիւ բոլոր հոգեւոր Իսրայելացիները երկնքի մէջ անմահ կեանքի կը յարուցանուին։—Եբրայեցիս 13։20

20. Օծեալները եւ Քրիստոս ո՞ր ուխտին մէջ պարփակուած են։

20 Օծեալները իրենց յոյսէն վստահ են։ Անոնք ուրիշ ուխտի մը մէջ ալ պարփակուած են՝ Թագաւորութեան ուխտը։ Քրիստոսի հետ իրենց ունեցած մասնակցութեան մասին Յիսուս ըսաւ. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց»։ (Ղուկաս 22։28-30) Քրիստոսի եւ իր իշխանակից թագաւորներուն միջեւ եղած այս ուխտը յաւիտեան ի զօրու կը մնայ։—Յայտնութիւն 22։5

Յիշատակատօնի Շրջանը՝ Օրհնաբեր Ժամանակ մը

21. Յիշատակատօնի շրջանէն ի՞նչպէս կրնանք մեծ օգուտ քաղել։

21 Յիշատակատօնի շրջանին օրհնութիւնները շատ են։ Կրնանք այդ ժամանակաշրջանին համար յայտագրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն օգտուիլ։ Ասիկա նաեւ աղօթելու, Յիսուսի երկրային կեանքին ու մահուան մասին խոկալու, եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցելու պատշաճ ժամանակ մըն է։ (Սաղմոս 77։12. Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Տօնակատարութիւնը ինքնին մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի փրկանքի զոհին առնչութեամբ Աստուծոյ ու Քրիստոսի ցուցաբերած սէրը։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16) Այս հայթայթումը մեզի յոյս ու մխիթարութիւն կու տայ, եւ քրիստոսանման ընթացք մը հետապնդելու մեր վճռակամութիւնը պէտք է ամրապնդէ։ (Ելից 34։6. Եբրայեցիս 12։3) Ասկէ զատ, Յիշատակատօնը պէտք է մեզ զօրացնէ, որպէս Աստուծոյ ծառաներ մեր նուիրումը կատարելու եւ իր սիրելի Որդւոյն հաւատարիմ հետեւորդները ըլլալու։

22. Աստուծոյ կողմէ մարդոց տրուած մեծագոյն պարգեւը ի՞նչ է, եւ անոր հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

22 Եհովա ի՜նչ հոյակապ պարգեւներ կու տայ մեզի։ (Յակոբու 1։17) Ունինք իր Խօսքին առաջնորդութիւնը, իր հոգիին օգնութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը։ Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը Յիսուսի զոհագործութիւնն է՝ օծեալներուն եւ բոլոր հաւատք ընծայողներուն մեղքերուն քաւութեան համար։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Արդ, Յիսուսի մահը ձեզի համար ո՞րքան մեծ նշանակութիւն ունի։ 16 Ապրիլ 2003–ի արեւնամուտէն ետք, Տէրունական Ընթրիքի տօնակատարութեան ներկայ գտնուելով, անոր հանդէպ երախտագիտութիւն ցուցաբերողներուն մէջ պիտի ըլլա՞ք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ, բայց ներկայիս՝ սպառած։

Ի՞նչ են ձեր պատասխանները

• Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն որո՞նք պէտք է մասնակցին։

• «Ուրիշ ոչխարներ»ը ինչո՞ւ Տէրունական Ընթրիքին ներկայ կը գտնուին միայն որպէս յարգալից հանդիսատեսներ։

• Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս գիտեն թէ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին պէտք է հացին ու գինիին մասնակցին։

• Յիշատակատօնի շրջանը ի՞նչ ընելու յարմար ժամանակ մըն է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցագիծ/Նկարներ՝ էջ 14]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Յիշատակատօնի ներկաներ

ՄԻԼԻՈՆ

15,597,746

15

14

13,147,201

13

12

11

10

 9

 8

 7

 6

 5

4,925,643

 4

 3

 2

 1

878,303

63,146

1935 1955 1975 1995 2002

[Նկար՝ էջ 14]

Այս տարի Տէրունական Ընթրիքին ներկայ պիտի գտնուի՞ք

[Նկարներ՝ էջ 17]

Յիշատակատօնի շրջանը Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ յաւելեալ բաժին բերելու յարմար ժամանակ մըն է