Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարձրագոյն ատեանը ճշմարիտ պաշտամունքը կը պաշտպանէ «Արարատի երկրին» մէջ

Բարձրագոյն ատեանը ճշմարիտ պաշտամունքը կը պաշտպանէ «Արարատի երկրին» մէջ

Բարձրագոյն ատեանը ճշմարիտ պաշտամունքը կը պաշտպանէ «Արարատի երկրին» մէջ

Երեք զաւկի հայր, ալեխառն մազերով Հայ մը իր ազգի բարձրագոյն ատեանին առջեւ կայնած է։ Իր եւ իր հաւատակիցներէն շատերու ազատութիւնը կշիռքի վրայ է։ Ատեանը մտիկ կ’ընէ, մինչ ան իր հաւատալիքները բացատրելու համար Աստուածաշունչէն մէջբերումներ կ’ընէ։ Որպէսզի հասկնանք թէ այս դատավարութիւնը ի՛նչպէս ճշմարիտ պաշտամունքին համար մեծ յաղթանակ մը եղաւ այդ երկրին մէջ, քննենք անոր նախորդող իրադարձութիւնները։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ կը գտնուի Թուրքիոյ արեւելքը, Կովկասեան մեծ լեռնաշղթային հարաւը։ Անոր բնակչութիւնը աւելի քան երեք միլիոն է։ Անոր մայրաքաղաքէն՝ Երեւանէն՝ կը տեսնուի սքանչելի տեսարան մը. Արարատ Լերան երկու գագաթները, ուր շատերու հաւատացածին համաձայն, երկրածաւալ Ջրհեղեղէն ետք Նոյի տապանը հանգչեցաւ։—Ծննդոց 8։4 *

Եհովայի Վկաները Հայաստանի մէջ իրենց քրիստոնէական գործունէութեան ձեռնարկած են 1975–էն ի վեր։ Հայաստան 1991–ին նախկին Խորհրդային Միութենէն իր անկախութիւնը ձեռք ձգելէ ետք, Կրօնական Հարցերու Պետական Խորհուրդը կազմուեցաւ, կրօնական կազմակերպութիւնները գրանցելու համար։ Սակայն, այս Խորհուրդը կրկին անգամ մերժեց Եհովայի Վկաները գրանցել, գլխաւորաբար քրիստոնէական չէզոքութեան հարցին պատճառաւ։ Հետեւաբար, 1991–էն ի վեր, Հայաստանի մէջ աւելի քան 100 երիտասարդ Վկաներ դատապարտուած եւ մեծ մասամբ բանտարկուած են, զինուորական ծառայութեան շուրջ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց կեցուածքին համար։

Այս Խորհուրդը նաեւ դատախազութենէն խնդրեց քննութեան ենթարկել Լյովա Մարգարեանի կրօնական գործունէութիւնը, որ Քրիստոնեայ երէց եւ տեղական հիւլէական ելեկտրակայանին մէջ աշխատող ժրաջան փաստաբան մըն է։ Ի վերջոյ, Եղբայր Մարգարեան ամբաստանուեցաւ 244–րդ Յօդուածին համաձայն, որ Խրուշչովեան ժամանակներէն մնացած Խորհրդային օրէնսդրութեան մէկ վերապրուկն է, որուն նպատակն էր Եհովայի Վկաներուն եւ այլ կրօնական խումբերու արգելք հանդիսանալ եւ զանոնք բոլորովին արմատախիլ ընել։

Այդ օրէնքը ոճիր կը նկատէ կրօնական խումբ մը կազմակերպելը կամ առաջնորդելը, որ կրօնական հաւատալիքներ քարոզելու պատրուակով ‘անչափահասները կը հրապուրէ չգրանցուած կրօնքի մը ժողովները յաճախելու’, նաեւ ‘անդամները կը դրդէ որ մերժեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները կատարել’։ Դատախազը իր ըսածներուն թիկունք կանգնելու համար, կեդրոնացաւ Մեծամօր քաղաքին մէջ Եղբայր Մարգարեանի վարած ժողովներուն մէջ երախաներու ներկայութեան վրայ։ Դատախազը նաեւ պնդեց թէ Եղբայր Մարգարեան ժողովքի երիտասարդներուն ստիպած է որ զինուորական ծառայութիւնը մերժեն։

Դատավարութիւնը կը Սկսի

Դատավարութիւնը սկսաւ Ուրբաթ՝ 20 Յուլիս 2001–ին, Արմավիրի մարզի ատեանին մէջ, Դատաւոր Մանվել Սիմոնեանի նախագահութեամբ։ Անիկա շարունակուեցաւ մինչեւ Օգոստոս։ Իրենց վկայութիւնը տալու ատեն, մեղադրող կողմի հրաւիրած վկաները ի վերջոյ խոստովանեցան, թէ Եղբայր Մարգարեանին դէմ ուղղուած իրենց գրաւոր յայտարարութիւններուն մէկ մասը Ազգային Անվտանգութեան Նախարարութեան (նախկին՝ ՔՃՊ) գործակալները թելադրած էին, ապա ստիպած էին որ զանոնք ստորագրեն։ Օրինակի համար, կին մը խոստովանեցաւ թէ Անվտանգութեան Նախարարութեան պաշտօնեաներէն մէկը իրեն ցուցմունք տուած էր որ դաւանի թէ «Եհովայի Վկաները մեր կառավարութեան ու մեր կրօնքին դէմ են»։ Այս կինը խոստովանեցաւ թէ անձնապէս ոչ մէկ Եհովայի Վկայ կը ճանչնար, այլ պարզապէս անոնց դէմ ամբաստանութիւններ լսած էր ազգային հեռատեսիլէն։

Երբ կարգը իրեն եկաւ, Եղբայր Մարգարեան վկայեց թէ երախաները իրենց ծնողքին արտօնութեամբ Եհովայի Վկաներու ժողովները կը յաճախեն։ Ան նաեւ բացատրեց թէ զինուորական ծառայութեան երթալը կամ չերթալը անձնական որոշում մըն է։ Մեղադրող կողմի խիստ հարցաքննութիւնները քանի մը օր շարունակուեցան։ Եղբայր Մարգարեան Աստուածաշունչը գործածելով, հանդարտօրէն կը պատասխանէր իր հաւատալիքներուն մասին հարցուած հարցումներուն, մինչ դատախազը իր անձնական Աստուածաշունչով կը ստուգէր սուրբ գրային ակնարկումները։

18 Սեպտեմբեր 2001–ին, դատաւորը Մարգարեանը «անմեղ» յայտարարեց, անոր գործունէութեան մէջ «յանցագործութեան բացակայութեան պատճառով»։ Associated Press–ի մէջ դատավարութեան մասին քօղազերծող հաղորդագրութիւն մը լոյս տեսաւ։ Անոր մէջ կ’ըսուէր. «Այսօր, Հայաստանի մէջ Եհովայի Վկաներու ղեկավար մը անմեղ յայտարարուեցաւ այն ամբաստանութիւններէն, թէ դաւանափոխութեամբ զբաղած է ու երիտասարդները ստիպած է որ զինուորական ծառայութենէն խուսափին։ Երկամսեայ դատավարութենէ մը ետք, Ատեանը ըսաւ թէ ղեկավար Լեւոն [Լյովա] Մարգարեանին դէմ բաւարար ապացոյցներ չկան։ Հաւանական էր որ ան հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուէր։ . . . Թէեւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կրօնքի ազատութիւնը կ’երաշխաւորէ, սակայն կրօնական նոր խումբերու համար գրանցուիլը դժուար է, իսկ օրէնքները կը ծառայեն յօգուտ տիրող Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ»։ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ), 18 Սեպտեմբեր 2001–ի իր մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Թէեւ կայացուած վճիռը լաւ ընդունելութիւն գտաւ ԵԱՀԿ–ի մօտ, սակայն անիկա դժգոհութիւն կը յայտնէ, որ առաջին հերթին այս դատաքննութեան սկիզբ պէտք չէր տրուէր»։

Դատական Հետապնդումը կը Շարունակուի

Այսուհանդերձ, մեղադրող կողմի դատախազները վճիռին դէմ բողոքեցին, իսկ վերաքննութիւնը չորս ամիս եւս տեւեց։ Դատավարութեան սկիզբը, երբ ժամանակը եկաւ որ Եղբայր Մարգարեան իր վկայութիւնը ներկայացնէ, դատաւորներէն մէկը անոր ուղղեց առաջին հարցումը։ Մինչ Եղբայր Մարգարեան սկսաւ պատասխանել, նախագահող դատուհին ընդհատեց զինք եւ սկսաւ անոր հակառակիլ։ Այնուհետեւ, ան թոյլ չտուաւ որ Եղբայր Մարգարեան առնուազն մէկ հարցումի պատասխանը ամբողջացնէ։ Առանց պատճառներ տալու, ան նաեւ պաշտպանող կողմի ուղղած հարցումներուն մեծ մասը արձանագրութենէն դուրս ձգեց։ Դատավարութեան ընթացքին, Վկաներուն հակառակող կրօնական մոլեռանդներ, որոնք մեծ թիւով դահլիճին մէջ հաւաքուած էին, Եղբայր Մարգարեանին հասցէին շարունակ վիրաւորանքներ տեղացուցին։ Նիստէն ետք, դատավարութեան մասին բազմաթիւ սուտ ու խեղաթիւրուած հաղորդագրութիւններ սփռուեցան հեռատեսիլէն, նշելով, զոր օրինակ, թէ Եղբայր Մարգարեան ընդունած էր իր յանցաւոր ըլլալը։

Գրեթէ դատավարութեան կիսուն, երեք դատաւորներէ բաղկացած ատեանին նախագահուհին, ի զարմանք բոլոր ներկաներուն, ներկայացուց Կրօնական Հարցերու Պետական Խորհուրդին կողմէ յղուած նամակ մը, որ դատախազութենէն կը պահանջէր որ Եղբայր Մարգարեանին դէմ միջոցներ ձեռնարկէ։ Այս քայլը ցնցեց դատական նիստին ներկայ գտնուող միջազգային դիտողները, քանի որ Եւրոպական Խորհուրդին անդամակցելու համար իր ներկայացուցած դիմումնագրին մէջ, Հայաստան պարտաւորուած էր «հսկել, որ բոլոր Եկեղեցիները կամ կրօնական համայնքները, մանաւանդ այդպէս կոչուած ‘ոչ–աւանդականները’, կարողանան իրենց դաւանանքը ի գործ դնել առանց խտրականութեան»։

Դատավարութեան յաջորդ շաբաթներուն, մթնոլորտը երթալով լարուեցաւ։ Հակառակորդները շարունակեցին դատարանին ներսն ու դուրսը գտնուող Վկաներուն նեղութիւն տալ ու անոնց վրայ յարձակիլ։ Վկայ կիներէն ոմանք իրենց սրունքներուն վրայ հարուածներ ստացան։ Երբ Վկայ մը յարձակումի ենթարկուեցաւ բայց մերժեց հակադարձել, ետեւէն հարուած մը ստացաւ ողնայարին վրայ, եւ անհրաժեշտ եղաւ զինք հիւանդանոց փոխադրել։

Մինչ այդ, դատին համար նոր նախագահող դատաւոր մը նշանակուեցաւ։ Թէեւ ներկաներէն ոմանք ջանացին պաշտպանող կողմը վախցնել, սակայն այս նոր ատենապետը մթնոլորտը հակակշռի տակ պահեց, նոյնիսկ պատուիրելով որ ոստիկանութիւնը դատարանէն դուրս հանէ կին մը, որ պաշտպանող կողմի հասցէին սպառնալիքներ կը տեղացնէր։

Դէպի Հայաստանի Բարձրագոյն Ատեան

Ի վերջոյ, 7 Մարտ 2002–ին, վերաքննիչ ատեանը պաշտպանեց նախադատ ատեանին կայացուցած վճիռը։ Հետաքրքրական է որ այս վճիռը յայտարարուելէն մէկ օր առաջ, Կրօնական Հարցերու Պետական Խորհուրդը լուծուեցաւ։ Մեղադրող կողմը դարձեալ դատավճռին դէմ բողոքեց, այս անգամ Հայաստանի բարձրագոյն ատեանին՝ Վճռաբեկ Ատեանին։ Այժմ դատախազները խնդրեցին որ Ատեանը դատը վերաքննէ «մեղադրական դատավճիռ կայացնելու համար»։

Վեց դատաւորներէ բաղկացած ատեանը, նախագահ ունենալով Դատաւոր Մհեր Խաչատրեանը, նիստը սկսաւ 19 Ապրիլ 2002, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00–ին։ Իր բացման խօսքերուն մէջ, դատախազներէն մէկը զայրոյթ յայտնեց որ նախորդ երկու ատեանները Եղբայր Մարգարեանը յանցաւոր չէին գտած։ Սակայն այս անգամ դատախազն էր որ ընդհատուեցաւ, եւ չորս դատաւորներու կողմէ շեշտակի հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ։ Դատաւորներէն մէկը յանդիմանեց դատախազը, քանի որ կը ջանար Ատեանը նախապաշարել, Եղբայր Մարգարեանին դէմ իր ներկայացուցած հարցին մէջ պարփակելով Եհովայի Վկաներու քարոզչութեան գործունէութիւնը եւ գրանցուած չըլլալը, որոնցմէ ո՛չ մէկը 244–րդ Յօդուածին համաձայն քրէական յանցագործութիւն կը նկատուի։ Ապա դատաւորը դատախազին արարքները բնութագրեց որպէս «հալածանք՝ քրէական դատի միջոցաւ»։ Ուրիշ դատաւոր մը մէջբերեց Եւրոպական Ատեանի կողմէ ձեռք առնուած զանազան դատեր, որոնց մէջ Եհովայի Վկաները ընդունուած էին որպէս «ճանչցուած կրօնք» եւ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Համաձայնագրին կողմէ պաշտպանութեան արժանի։ Այս միջոցին, դատարանին մէջ քահանայ մը բարձրաձայն աղաղակեց թէ Եհովայի Վկաները ազգը կը պառակտէին։ Ատեանը անոր պատուիրեց լուռ կենալ։

Ապա դատաւորները Լյովա Մարգարեանէն խնդրեցին որ ներկաներուն մէջէն դուրս գայ, ինչ որ այս բարձրագոյն ատեանին կողմէ աննախընթաց քայլ մըն էր։ Եղբայր Մարգարեան հոյակապ վկայութիւն մը տուաւ զանազան հարցերու շուրջ Եհովայի Վկաներու քրիստոնէական կեցուածքին մասին։ (Մարկոս 13։9) Կարճ խորհրդակցութենէ ետք, Ատեանը վերադարձաւ եւ միաձայնութեամբ պաշտպանեց «արդարացման» դատավճիռը։ Եղբայր Մարգարեան շունչ առաւ։ Գրաւոր դատավճռին մէջ, Ատեանը ըսաւ. «[Լյովա Մարգարեանի] այս գործունէութիւնը գոյութիւն ունեցող օրէնքին ներքեւ յանցագործութիւն չի սեպուիր, եւ այս տեսակի ամբաստանութիւն կը հակասէ Հայաստանի Սահմանադրութեան 23–րդ Յօդուածը եւ Եւրոպական Համաձայնագրին 9–րդ Յօդուածը»։

Որոշումին Արդիւնքները

Եթէ այս դատական հետապնդումը իր նպատակին հասնէր, ճամբան պիտի հարթէր որ օրինական քայլեր առնուէին Հայաստանի բոլոր ժողովքներուն մէջ ծառայող Վկայ երէցներուն դէմ։ Բարեբախտաբար, Ատեանին կայացուցած յստակ վճիռը այսպիսի նեղութիւններու արգելք պիտի հանդիսանայ։ Աննպաստ որոշում մը կրնար նաեւ որպէս պատրուակ ծառայել, որ անոնք շարունակեն մերժել Եհովայի Վկաները գրանցել։ Բարեբախտաբար, Ատեանը այս կեղծ պատրուակը մէջտեղէն վերցուց։

Ժամանակը ցոյց պիտի տայ թէ այս երկրին մէջ բնակող աւելի քան 7,000 Եհովայի Վկաներուն օրինական ճանաչում պիտի շնորհուի՞ թէ ոչ։ Մինչ այդ, ճշմարիտ պաշտամունքը տակաւին կենդանի է ու կը բարգաւաճի «Արարատի երկրին» մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ Հայերը իրենց երկիրը ինչո՛ւ կ’առնչեն Արարատ Լերան հետ։ Վաղեմի ժամանակներուն, Հայաստան մեծ թագաւորութիւն մըն էր եւ այդ լեռները իր սահմաններէն ներս էին։ Հետեւաբար, Եսայեայ 37։38–ի մէջ, Աստուածաշունչի Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութիւնը «Արարատի երկիրը» արտայայտութիւնը «Հայաստան» կը թարգմանէ։ Ներկայիս, Արարատ Լեռը Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի, անոր արեւելեան սահմանին մօտ։

[Նկար՝ էջ 14]

Լյովա Մարգարեան՝ դատավարութեան ընթացքին

[Նկար՝ էջ 15]

Եղբայր Մարգարեան եւ իր ընտանիքը