‘Բոլորովին հեզութիւն ցոյց տուէք ամէն մարդու’
‘Բոլորովին հեզութիւն ցոյց տուէք ամէն մարդու’
«Յիշեցո՛ւր անոնց՝ որ . . . ազնիւ [ըլլան], բոլորովին հեզութիւն ցոյց տալով ամէն մարդու»։—ՏԻՏՈՍ 3։1, 2, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով
1. Ինչո՞ւ միշտ դիւրին չէ հեզութիւն ցուցաբերել։
«ԻՆԾԻ նմանեցէ՛ք», գրեց Պօղոս առաքեալ, «ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին»։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Աստուծոյ բոլոր ծառաները ներկայիս ծանր կ’աշխատին որ այս յորդորին համաձայն գործեն։ Ճիշդ է որ ասիկա ընելը դիւրին չէ, քանի որ մեր առաջին մարդկային ծնողքէն անձնասէր ցանկութիւններ ու բնաւորութիւններ ժառանգած ենք, որոնք Քրիստոսի օրինակին հետ ներդաշնակ չեն։ (Հռովմայեցիս 3։23. 7։21-25) Այսուհանդերձ, երբ հարցը հեզութիւն ցուցաբերելու հետ առնչուած է, բոլորս կրնանք յաջողութիւն գտնել եթէ ջանք թափենք։ Սակայն միայն անձնական կամքին ապաւինիլը բաւարար չէ։ Յաւելեալ ի՞նչ բանի կարիքը կայ։
2. Ի՞նչպէս կրնանք «բոլորովին հեզութիւն ցոյց տալ ամէն մարդու»։
2 Աստուածային հեզութիւնը սուրբ հոգիին պտուղներուն մաս կը կազմէ։ Աստուծոյ գործօն ոյժին առաջնորդութեան ո՛րքան աւելի ենթարկուինք, ա՛յնքան աւելի անոր պտուղները բացայայտ պիտի ըլլան։ Եւ միայն այն ատեն է որ պիտի կարենանք ամէն մարդու «բոլորովին հեզութիւն» ցոյց տալ։ (Տիտոս 3։2, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) Նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել եւ մեզի ընկերակցողներուն օգնել որ ‘հանգստութիւն գտնեն’։—Մատթէոս 11։29. Գաղատացիս 5։22, 23
Ընտանիքին Մէջ
3. Ընտանեկան ո՞ր վիճակը աշխարհի հոգին կ’արտացոլացնէ։
3 Ընտանիքը մարզ մըն է, ուր հեզութիւնը կենսական է։ Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կ’ենթադրէ որ ընտանեկան բռնութիւնը կիներու առողջութեան աւելի կը սպառնայ քան՝ երթեւեկի արկածներն ու ջերմախտը միասնաբար։ Օրինակ, Անգլիոյ մայրաքաղաքին՝ Լոնտոնի՝ մէջ, տեղեկագրուած բռնարարքներուն քառորդը ընտանեկան բնոյթ ունի։ Ոստիկանութիւնը յաճախ կը հանդիպի անհատներու, որոնք իրենց զգացումները «պոռալով ու հայհոյելով» կ’արտայայտեն։ Աւելի վատ, կարգ մը ամոլներ թոյլ տուած են որ «դառնութիւն»ը իրենց յարաբերութեան ազդէ։ Այս ամէնը «աշխարհի հոգիին» տխուր արտացոլացումն է, եւ քրիստոնէական ընտանիքներուն մէջ տեղ չունի։—Եփեսացիս 4։31. Ա. Կորնթացիս 2։12
4. Հեզութիւնը ընտանիքին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։
4 Աշխարհային հակումներուն դէմ դնելու համար Աստուծոյ հոգիին կարիքը ունինք։ «Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ»։ (Բ. Կորնթացիս 3։17) Սէրը, ազնուութիւնը, ժուժկալութիւնը եւ երկայնամտութիւնը անկատար ամուսիններու եւ կիներու միութիւնը կ’ամրապնդեն։ (Եփեսացիս 5։33) Հեզութիւնը մթնոլորտը կը մեղմացնէ եւ կը ստեղծէ հաճելի վիճակ մը, որ վէճերով ու կռիւներով պառակտուած բազմաթիւ ընտանիքներ չեն վայելեր։ Թէեւ անհատի մը ըսածը կարեւոր է, սակայն ըսելու կերպն է որ բառերուն ետին եղող հոգին կը հաղորդէ։ Հեզութեամբ արտայայտուած մտահոգութիւններն ու մտատանջութիւնները, լարուածութիւնը կը փարատեն։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր գրեց. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ»։—Առակաց 15։1
5. Հեզութիւնը ի՞նչպէս կրնայ օգնել կրօնապէս բաժնուած տան մէջ։
5 Հեզութիւնը յատկապէս կարեւոր է կրօնապէս բաժնուած տան մէջ։ Ազնիւ արարքներու կողքին, անիկա կրնայ օգնել որ հակառակ կեցողները Եհովայի կողմը շահուին։ Պետրոս Քրիստոնեայ կիները խրատեց. «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը։ Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն մազերու հիւսուածքներով եւ ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, հապա սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է»։—Ա. Պետրոս 3։1-4
6. Հեզութիւն ցուցաբերելը ի՞նչպէս ծնողներուն ու զաւակներուն միջեւ կապերը կը զօրացնէ։
Եփեսացիս 6։4) Երբ ընտանիքին մէջ հեզութիւնը տիրական ըլլայ, ծնողներուն ու զաւակներուն միջեւ սերտ կապերը կ’ամրապնդուին։ Տինը, որ հինգ զաւակներէն մէկն է, իր հօրը մասին մտաբերելով՝ ըսաւ. «Հայրս հեզ էր։ Բնաւ չեմ յիշեր թէ իր հետ վէճ մը ունեցած եմ, նոյնիսկ երբ պատանի էի։ Ան միշտ շատ հեզ էր, նոյնիսկ երբ նեղուած ըլլար։ Երբեմն զիս սենեակս կը ղրկէր որպէս պատիժ կամ կարգ մը առանձնաշնորհումներէ կը զրկէր, բայց երբեք չէինք վիճաբանիր։ Ան հայրէ մը աւելին էր։ Ան նաեւ մեր ընկերն էր, եւ չէինք ուզեր զինք յուսախաբ ընել»։ Հեզութիւնը իրապէս ծնողներուն ու զաւակներուն միջեւ կապերը կը զօրացնէ։
6 Ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ յարաբերութիւնը կրնայ լարուած ըլլալ, մանաւանդ երբ Եհովայի հանդէպ սէր չկայ։ Սակայն քրիստոնէական բոլոր ընտանիքներուն մէջ հեզութիւն ցուցաբերելու կարիքը կայ։ Պօղոս հայրերուն խրատ տուաւ՝ ըսելով. «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Մեր Ծառայութեան Մէջ
7, 8. Դաշտի ծառայութեան մէջ հեզութիւն ցուցաբերելը ինչո՞ւ կենսական է։
7 Դաշտի ծառայութիւնը այլ մարզ մըն է, ուր հեզութիւնը կարեւոր է։ Մինչ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներու հետ կը բաժնենք, իրարմէ տարբեր տրամադրութիւններ ունեցող անհատներու կը հանդիպինք։ Ոմանք մեր բերած յոյսի պատգամին ուրախութեամբ մտիկ կ’ընեն։ Մինչ ուրիշներ, զանազան պատճառներով, կրնան աննպաստ կերպով հակազդել։ Հոս է որ հեզութեան յատկութիւնը մեծապէս մեզի կ’օգնէ, որ մինչեւ երկրի ծայրերը վկաներ ըլլալու մեր յանձնարարութիւնը կատարենք։—Գործք 1։8. Բ. Տիմոթէոս 4։5
8 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Սուրբ պահեցէք ձեր սրտերուն մէջ Տէրը՝ նոյն ինքն Քրիստոսը. պատրա՛ստ եղէք պատասխան տալու ամէն մարդու՝ որ կը հարցնէ ձեր մէջ եղած յոյսին պատճառը. միայն թէ այդ բանը ըրէք հեզութեամբ եւ երկիւղածութեամբ»։ (Ա. Պետրոս 3։15, Երուսաղէմ) Քանի որ Քրիստոսը խորապէս կը յարգենք որպէս մեր Օրինակը, հոգ կը տանինք որ թէ՛ հեզութիւն եւ թէ յարգանք ցուցաբերենք, երբ կոշտութեամբ խօսող անհատներու կը վկայենք։ Այս վարմունքը յաճախ յատկանշական արդիւնքներ կու տայ։
9, 10. Փորձառութիւն մը պատմեցէք, դաշտի ծառայութեան մէջ հեզութեան արժէքը ցոյց տալու համար։
9 Երբ դուռը զարնուեցաւ եւ իր կինը գնաց բանալու, Գիթ իր տեղէն չշարժեցաւ։ Իմանալով որ այցելուն Եհովայի Վկայ մըն էր, Գիթի կինը բարկութեամբ Վկաները ամբաստանեց որպէս երախաներուն հետ անգթութեամբ վարուողներ։ Եղբայրը հանդարտ մնաց։ Ապա հեզութեամբ ըսաւ. «Կը ցաւիմ որ այդպէս կը զգաս։ Թոյլ կու տա՞ս որ քեզի ցոյց տամ թէ Եհովայի Վկաները ի՛նչ կը հաւատան»։ Գիթ խօսակցութեան ականջ կու տար, ապա դրան մօտեցաւ ու եղբօր այցելութեան վերջ դրաւ։
10 Քիչ ետք, այս ամոլը գէշ զգաց որ իրենց այցելուին հանդէպ կոշտ վերաբերմունք ունեցան։ Անոր հեզ վարմունքը իրենց սրտին դպչած էր։ Անոնք անակնկալի եկան, երբ շաբաթ մը ետք եղբայրը վերադարձաւ. Գիթ ու իր կինը անոր թոյլ տուին որ բացատրէ իր հաւատալիքներուն սուրբ գրային հիմը։ Հետագային անոնք դիտել տուին. «Յաջորդ երկու տարիներու ընթացքին, այլ Վկաներու ըսածներուն շատ մտիկ ըրինք»։ Անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեցին, եւ ի վերջոյ երկուքն ալ մկրտուեցան, Եհովայի կատարած իրենց նուիրումը խորհրդանշելով։ Ասիկա որքա՜ն վարձահատոյց էր այն Վկային, որ առաջին անգամ Գիթին ու իր կնոջ այցելեց։ Տարիներ ետք այս Վկան հանդիպեցաւ ամոլին եւ իմացաւ որ այժմ անոնք իր հոգեւոր եղբայրն ու քոյրը եղած էին։ Արդարեւ, հեզութիւնը կը յաջողի։
11. Հեզութիւնը ի՞նչ կերպով կրնայ ճամբան հարթել որ անհատ մը քրիստոնէական ճշմարտութիւնը ընդունի։
11 Հէրոլտի զինուորական փորձառութիւնը պատճառ եղած էր որ դառնանայ եւ Աստուծոյ գոյութեան կասկածի։ Անոր խնդիրները աւելի բարդացան, երբ գինով վարորդի մը պատճառած երթեւեկի արկածը, զինք մնայուն կերպով հաշմանդամ դարձուց։ Երբ Եհովայի Վկաները իր դուռը զարկին, Հէրոլտ անոնցմէ պահանջեց որ անգամ մը եւս իրեն չայցելեն։ Սակայն օր մը, Պիլ անունով Վկայ մը ուզեց այցելել հետաքրքրուած անհատի մը, որ Հէրոլտի տունէն երկու դուռ անդին կը բնակէր։ Սխալմամբ, Պիլ Հէրոլտի դուռը զարկաւ։ Երբ Հէրոլտ անթացուպերուն վրայ յենուելով դուռը բացաւ, Պիլ անմիջապէս ներողութիւն խնդրեց, բացատրելով թէ ինք կ’ուզէր Հէրոլտի դրացիին այցելել։ Հէրոլտ ի՞նչպէս հակազդեց։ Պիլ տեղեակ չէր որ Հէրոլտ հեռատեսիլէն դիտած էր յայտագիր մը, որուն մէջ Վկաներ միասնաբար կ’աշխատէին,
կարճ ժամանակուան մը ընթացքին նոր Թագաւորութեան Սրահ մը կառուցանելու համար։ Ան տպաւորուած էր տեսնելով որ մեծ թիւով անհատներ միասնակամօրէն կ’աշխատին, եւ Վկաներուն հանդէպ իր տեսակէտը փոխած էր։ Պիլի ազնուօրէն ներողութիւն խնդրելէն եւ անոր գրաւիչ հեզութենէն ազդուած, Հէրոլտ որոշեց Վկաներու այցելութիւնները ընդունիլ։ Ան Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց, յառաջդիմեց եւ Եհովայի մկրտուած ծառայ մը եղաւ։Ժողովքին Մէջ
12. Քրիստոնէական ժողովքի անդամները աշխարհային ի՞նչ յատկանիշներէ պէտք է խուսափին։
12 Քրիստոնէական ժողովքը երրորդ մարզ մըն է, ուր հեզութիւնը կենսական է։ Ներկայ ընկերութեան մէջ բախումները սովորական են։ Կեանքը մարմնաւոր տեսանկիւնէ դիտողներուն միջեւ բանավէճերը, վիճաբանութիւններն ու կռիւները բնական բաներ են։ Ատեն–ատեն, աշխարհային այսպիսի յատկանիշներ քրիստոնէական ժողովքէն ներս կը սպրդին ու կռիւներու եւ վիճաբանութիւններու դուռ կը բանան։ Պատասխանատու եղբայրներ կը նեղուին, երբ կը ստիպուին այսպիսի պարագաներ ձեռք առնել։ Այսուհանդերձ, Եհովայի եւ իրենց եղբայրներուն հանդէպ սէրը, զիրենք կը մղէ որ ջանան այսպիսի մոլորեալներու օգնել որ զղջան ու դարձի գան։—Գաղատացիս 5։25, 26
13, 14. ‘Ընդդիմացողները հեզութեամբ խրատելուն’ արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
13 Առաջին դարուն, Պօղոս ու իր ընկերակիցը Տիմոթէոս դժուարութիւններու հանդիպեցան ժողովքի կարգ մը անդամներուն կողմէ։ Պօղոս Տիմոթէոսը ազդարարեց որ զգոյշ ըլլայ այն եղբայրներէն, որոնք «անպատուութեան» համար պատրաստուած անօթներու կը նմանէին։ Պօղոս պատճառաբանեց. «Տէրոջ ծառան պէտք չէ կռուի, հապա՝ ըլլայ հեզահամբոյր բոլորին հանդէպ, սորվեցնելու ընդունակ, անոխակալ, ընդդիմացողները հեզութեամբ կրթող»։ Երբ շարունակենք հեզութեամբ վարուիլ նոյնիսկ երբ գրգռումի ներքեւ ըլլանք, այլախոհները յաճախ կը մղուին իրենց քննադատութիւնները Բ. Տիմոթէոս 2։20, 21, 24, 25, ԱՎ) Նկատեցէք թէ Պօղոս հեզահամբոյր եւ անոխակալ ըլլալը կ’առնչէ հեզութեան հետ։
վերատեսութեան ենթարկելու։ Իր կարգին, ինչպէս Պօղոս շարունակեց գրել, Եհովա թերեւս «ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը գիտնալու համար»։ (14 Պօղոս իր քարոզածը կը կիրարկէր։ Երբ Կորնթոսի ժողովքին «ամենէն երեւելի առաքեալներ»ուն հարցը ձեռք կ’առնէր, ան եղբայրները յորդորեց. «Ես՝ Պօղոսս՝ ձեզի կ’աղաչեմ Քրիստոսին հեզութիւնովն ու քաղցրութիւնովը, որ երես առ երես գտնուած ատենս խոնարհ եմ ձեր մէջ, բայց հեռուէն համարձակ կը խօսիմ»։ (Բ. Կորնթացիս 10։1. 11։5) Պօղոս իրապէս Քրիստոսը ընդօրինակեց։ Նկատեցէք որ ան այս եղբայրներուն կոչ ըրաւ Քրիստոսի «հեզութիւնով»։ Այս կերպով ան խուսափեցաւ հպարտ՝ բռնատիրական կեցուածքէ մը։ Անտարակոյս, իր յորդորը ժողովքին մէջ ընդունակ սիրտ ունեցողներուն հաճելի թուեցաւ։ Ան լարուած յարաբերութիւնները մեղմացուց եւ ժողովքին մէջ խաղաղութիւնն ու միութիւնը վերահաստատելու նպաստեց։ Ասիկա մեր բոլորին կողմէ ընդօրինակուելիք ընթացք մը չէ՞։ Յատկապէս երէցները պէտք է Քրիստոսի ու Պօղոսի գործելակերպը ընդօրինակեն։
15. Խրատ տալու ատեն հեզութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։
15 Ուրիշներու օգնելու պատասխանատուութիւնը սահմանափակուած չէ այն պարագաներուն, երբ ժողովքին խաղաղութիւնն ու միութիւնը վտանգուած են։ Լարուած յարաբերութիւններ չզարգացած, եղբայրներ սիրալիր ուղղութեան կարիքը ունին։ Պօղոս յորդորեց. «Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս»։ (Գաղատացիս 6։1) «Հեզութեան հոգի» մը պահպանելը միշտ դիւրին չէ, մանաւանդ քանի որ բոլոր Քրիստոնեաները, ի ներառեալ նշանակուած տղամարդիկը, մեղաւոր հակումներու ենթակայ են։ Այսուհանդերձ, հեզութիւնն է որ յանցագործին պիտի դիւրացնէ կատարել հարկ եղած սրբագրութիւնը։
16, 17. Ի՞նչ բան կրնայ չէզոքացնել որեւէ վարանում խրատը կիրարկելու։
16 Յունարէն բնագրին մէջ, ‘ուղղութեան բերել’ թարգմանուած բառը կրնայ նաեւ ակնարկել կոտրուած ոսկորները իրենց տեղը դնելուն կամ բերելուն, ինչ որ ցաւ կը պատճառէ։ Կոտրած ոսկորը իր տեղը դնող բժիշկը կը հաւաստիացնէ եւ դրականօրէն կը խօսի այս գործընթացին օգուտներուն մասին։ Անոր հանդարտութիւնը մխիթարական է։ Նախապէս քանի մը խօսք ըսելը կ’օգնէ նեղութեան դժուար հանգրուանը մեղմացնելու։ Նմանապէս, հոգեւոր գետնի վրայ ուղղութեան բերելը կրնայ ցաւ պատճառել։ Բայց հեզութիւնը զայն աւելի ընդունելի պիտի դարձնէ, վերահաստատելով հաճելի յարաբերութիւններ եւ ճամբան հարթելով որ մոլորեալը իր ընթացքը փոխէ։ Նոյնիսկ երբ սկիզբը խրատը մերժուի, օգնութիւն մատուցանողին ցուցաբերած հեզութիւնը կրնայ չէզոքացնել որեւէ վարանում սուրբ գրային ողջամիտ խրատին հետեւելու։—Առակաց 25։15
17 Երբ ուրիշներու կ’օգնենք որ ուղղուին, միշտ վտանգ կայ որ խրատը քննադատութիւն սեպուի։ Գրող մը կէտը այսպէս կը բացատրէ. «Ուրիշները յանդիմանելու ատեն անտեղիօրէն պնդող ըլլալու զօրաւոր հակում կ’ունենանք, ուստի հեզութիւնը անհրաժեշտ է»։ Խոնարհութենէն ծագում առնող հեզութիւնը մշակելը, Քրիստոնեայ խրատատուին պիտի օգնէ որ այս վտանգէն խուսափի։
«Ամէն Մարդու»
18, 19. (ա) Քրիստոնեաները աշխարհիկ հեղինակութիւններու հետ գործառնութիւն ունենալու մէջ հեզութիւն ցուցաբերելը ինչո՞ւ կրնան դժուար գտնել։ (բ) Ի՞նչ բան Քրիստոնեաներուն պիտի օգնէ որ հեղինակաւոր անհատներու հանդէպ հեզութիւն ցուցաբերեն, եւ հաւանական ի՞նչ արդիւնքով։
18 Աշխարհիկ հեղինակութիւններու հետ գործառնութիւն ունենալը մարզ մըն է, ուր հեզութիւն ցուցաբերելը դժուար կը գտնեն շատեր։ Ճիշդ է որ կարգ մը հեղինակաւոր անհատներու վարուելակերպը խստութիւն կամ կարեկցութեան պակաս ցոյց կու տայ։ (Ժողովողի 4։1. 8։9) Սակայն, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզի պիտի օգնէ որ իր գերագոյն հեղինակութիւնը ճանչնանք եւ կառավարական հեղինակութիւններու հանդէպ յարաբերական հպատակութիւն ցուցաբերենք։ (Հռովմայեցիս 13։1, 4. Ա. Տիմոթէոս 2։1, 2) Նոյնիսկ երբ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ փորձեն Եհովան պաշտելու մեր հանրային արտայայտութիւնը սահմանափակել, ուրախութեամբ կը ջանանք մեր գովաբանութեան զոհը մատուցանելու այլ կերպեր գտնել։—Եբրայեցիս 13։15, ԱՎ
19 Ո՛չ մէկ պարագայի թշնամական կեցուածք կ’որդեգրենք։ Կը ջանանք բանաւոր ըլլալ, բայց արդար սկզբունքներու մէջ երբեք զիջումներ չենք ըներ։ Այս կերպով, մեր եղբայրները յաջողած են իրենց ծառայութիւնը շարունակել աշխարհի տարածքին՝ 234 երկիրներու մէջ։ Կը հնազանդինք Պօղոսի խրատին, որ կ’ըսէ՝ ‘հպատակեցէք պետութիւններուն եւ իշխանութիւններուն, անսացէք պետութեան, ու պատրաստ եղէք ամէն բարի գործի. ո՛չ մէկուն հայհոյեցէք, եղէք ո՛չ թէ կռուազան, հապա՝ ազնիւ, բոլորովին հեզութիւն ցոյց տալով ամէն մարդու’։—Տիտոս 3։1, 2, ԱՎ
20. Հեզութիւն ցուցաբերողներուն ի՞նչ վարձատրութիւններ վերապահուած են։
20 Հեզութիւն ցուցաբերող բոլոր անհատներուն առատ օրհնութիւններ վերապահուած են։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։ (Մատթէոս 5։5) Քրիստոսի՝ հոգիէն օծուած եղբայրներուն համար, հեզութիւն պահպանելը կ’երաշխաւորէ իրենց երջանկութիւնը եւ Թագաւորութեան երկրային ծիրին վրայ իշխելու առանձնաշնորհումը։ Իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը կը շարունակէ հեզութիւն ցուցաբերել եւ ակնկալել երկրային Դրախտի մը մէջ ապրիլ։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16. Սաղմոս 37։11) Ապագան ի՜նչ սքանչելի հեռանկարներ վերապահած է։ Արդ, թող որ երբեք չանտեսենք Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն տուած Պօղոսի վերյիշեցումը. «Կ’աղաչեմ ձեզի՝ ես որ Տէրոջը համար կապուած եմ, որ դուք այնպէս քալէք՝ ինչպէս կը վայլէ այն կոչումին որով կանչուեցաք, լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով»։—Եփեսացիս 4։1, 2
Վերաքաղի համար
• Ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ հեզութիւն ցուցաբերելը
• ընտանիքին մէջ,
• դաշտի ծառայութեան մէջ,
• ժողովքին մէջ։
• Հեզերուն ի՞նչ վարձատրութիւններ խոստացուած են։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 29]
Հեզութիւնը յատկապէս կարեւոր է կրօնապէս բաժնուած տան մէջ
[Նկար՝ էջ 29]
Հեզութիւնը ընտանեկան կապերը կը զօրացնէ
[Նկար՝ էջ 31]
Հեզութեամբ եւ խոր յարգանքով պատասխան տուէք
[Նկար՝ էջ 30]
Խրատատուի մը հեզութիւնը կրնայ մոլորեալի մը օգնել