Հեզութիւնը՝ քրիստոնէական կենսական յատկութիւն մը
Հեզութիւնը՝ քրիստոնէական կենսական յատկութիւն մը
«Ձեր վրայ հագէ՛ք . . . հեզութիւնը»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։12
1. Ի՞նչ բան հեզութիւնը աչքառու յատկութիւն մը կը դարձնէ։
ԵՐԲ անհատ մը հեզ կամ հեզահոգի է, անոր ընկերակցութիւնը հաճելի կ’ըլլայ։ Այսուհանդերձ, «անոյշ լեզուն ոսկորներ կը կոտրէ», կ’ըսէ իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր։ (Առակաց 25։15) Հեզութիւնը աչքառու յատկութիւն մըն է՝ հաճելի տրամադրութեան ու զօրութեան խառնուրդ մը։
2, 3. Հեզութեան ու սուրբ հոգիին միջեւ ի՞նչ կապակցութիւն կայ, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
2 Պօղոս առաքեալ հեզութիւնը պարփակեց Գաղատացիս 5։22, 23–ի մէջ իր նշած «հոգիին պտուղ»ներուն մէջ։ 23–րդ համարին մէջ «հեզութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը յաճախ «մեղմութիւն» կամ «քնքշութիւն» թարգմանուած է Աստուածաշունչի այլ թարգմանութեանց մէջ։ Իրողութիւնը այն է թէ բազմաթիւ այլ լեզուներու մէջ այս Յունարէն բառին համազօր բառ մը գտնելը դժուար է, քանի որ բուն բառը կը բնութագրէ, ո՛չ թէ արտաքին քնքշութիւն կամ մեղմութիւն, այլ ներքին հեզութիւն եւ փափկութիւն. ո՛չ թէ անհատի մը վարուելակերպը, այլ անհատի մը մտքի ու սրտի վիճակը։
3 Հեզութեան իմաստն ու արժէքը լիովին գնահատելու համար, սուրբ գրային չորս օրինակներ նկատի առնենք։ (Հռովմայեցիս 15։4) Ասիկա ընելով, ո՛չ միայն պիտի սորվինք այս յատկութեան ինչ ըլլալը, այլ նաեւ՝ թէ ի՛նչպէս կրնանք զայն ձեռք ձգել եւ ցուցաբերել մեր բոլոր գործառնութեանց մէջ։
«Աստուծոյ Առջեւ Խիստ Պատուական»
4. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա հեզութիւնը կ’արժեւորէ։
4 Քանի որ հեզութիւնը Աստուծոյ հոգիին պտուղներուն մաս կը կազմէ, տրամաբանական է որ անիկա սերտօրէն առնչուած ըլլայ Աստուծոյ հոյակապ անձնաւորութեան հետ։ Պետրոս առաքեալ գրեց թէ «հեզ ու հանդարտ հոգին . . . Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է»։ (Ա. Պետրոս 3։4) Արդարեւ, հեզութիւնը աստուածային յատկանիշ մըն է. Եհովա մեծապէս կ’արժեւորէ զայն։ Վստահաբար, ասիկա ինքնին բաւարար պատճառ մըն է որ Աստուծոյ բոլոր ծառաները հեզութիւն մշակեն։ Սակայն, ամենակալ Աստուածը՝ տիեզերքի գերագոյն Հեղինակութիւնը, ի՞նչպէս հեզութիւն կը ցուցաբերէ։
5. Եհովայի հեզութեան շնորհիւ, ի՞նչ հեռանկար ունինք։
5 Առաջին մարդկային զոյգը՝ Ադամն ու Եւան, բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն չուտելու Աստուծոյ յստակ պատուէրին դիտումնաւոր չհնազանդեցան։ (Ծննդոց 2։16, 17) Անհնազանդութեան այդ դիտումնաւոր արարքին հետեւանքը եղաւ մեղք, մահ եւ Աստուծմէ օտարացում, թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց ապագայ սերունդին համար։ (Հռովմայեցիս 5։12) Թէեւ Եհովա այդ դատաստանը ընելու մէջ լիովին արդարացի էր, սակայն ան բրտօրէն չլքեց մարդկային ընտանիքը որպէս ամբողջովին անսրբագրելի եւ անփրկելի։ (Սաղմոս 130։3) Ընդհակառակը, քաղցրութեամբ վարուելով եւ փափաքելով պահանջկոտ կամ խստապահանջ չըլլալ՝ ինչ որ հեզութեան արտայայտութիւն է, Եհովա հայթայթեց միջոց մը, որով մեղաւոր մարդկութիւնը կրնայ իրեն մօտենալ ու իր հաճութիւնը շահիլ։ Այո, իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ փրկանքի զոհի պարգեւին միջոցաւ, Եհովա մեզի կարելի կը դարձնէ որ իր վեհ գահին մօտենանք առանց վախի կամ սարսափի։—Հռովմայեցիս 6։23. Եբրայեցիս 4։14-16. Ա. Յովհաննու 4։9, 10, 18
6. Կայէնի հետ Աստուծոյ գործառնութեանց մէջ ի՞նչպէս հեզութիւնը բացայայտ էր։
6 Յիսուս երկիր գալէն շա՜տ առաջ, Եհովայի հեզութիւնը ցուցաբերուեցաւ, երբ Ադամի որդիները՝ Կայէն ու Աբէլ՝ Աստուծոյ զոհեր մատուցանեցին։ Անոնց սրտի վիճակը հասկնալով, Եհովա Կայէնի զոհը մերժեց, բայց Աբէլի ու անոր ընծային հաճութեամբ «նայեցաւ»։ Հաւատարիմ Աբէլի եւ անոր զոհին հանդէպ Աստուծոյ այս կեցուածքին հակազդեց Կայէն բացասականօրէն։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Կայէն խիստ բարկացաւ ու երեսը կախեց»։ Եհովա ի՞նչպէս վարուեցաւ։ Կայէնի չարամիտ կեցուածքը զինք վիրաւորե՞ց։ Ո՛չ։ Ան հեզութեամբ Կայէնի հարցուց թէ ինչո՛ւ այսքան բարկացած էր։ Եհովա նոյնիսկ Կայէնի բացատրեց թէ ի՛նչ կրնար ընել, որպէսզի ‘ընդունելի ըլլար’։ (Ծննդոց 4։3-7) Արդարեւ, Եհովա հեզութեան մարմնացումն է։—Ելից 34։6
Հեզութիւնը՝ Գրաւիչ ու Թարմացուցիչ
7, 8. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հեզութիւնը գնահատել։ (բ) Մատթէոս 11։27-29–ի խօսքերը Եհովայի ու Յիսուսի մասին ի՞նչ կը յայտնեն։
7 Եհովայի աննման յատկութիւնները գնահատելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու ծառայութիւնը ուսումնասիրել։ (Յովհաննու 1։18. 14։6-9) Իր քարոզչական արշաւին երկրորդ տարին, մինչ Գալիլիոյ մէջ էր, Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ կատարեց Քորազինի, Բեթսայիդայի, Կափառնայումի եւ մօտակայ շրջաններուն մէջ։ Սակայն, մարդոց մեծամասնութիւնը հպարտ ու անտարբեր էր եւ մերժեց հաւատալ։ Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց։ Թէեւ ան հաստատօրէն անոնց յիշեցուց իրենց անհաւատութեան հետեւանքները, բայց խղճաց ամ հա·արեց–ին՝ խոնարհ ու հասարակ մարդոց՝ հոգեւոր խեղճ վիճակին վրայ։—Մատթէոս 9։35, 36. 11։20-24
8 Յիսուսի հետագայ արարքները ցոյց տուին թէ ան լիովին ‘կը ճանչնար Հայրը’ եւ կ’ընդօրինակէր զինք։ Յիսուս այս ջերմ հրաւէրը տուաւ հասարակ ժողովուրդին. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։ Այս խօսքերը որքա՜ն մխիթարութիւն եւ հանգստութիւն տուին այդ ոտնակոխուած ու հարստահարուած անհատներուն։ Անոնք նոյնիսկ մեզի կ’ազդեն ներկայիս։ Եթէ անկեղծօրէն հեզութիւնը մեր վրայ հագուինք, այն ատեն կ’ըլլանք անոնց մէջ, որոնց «Որդին կ’ուզէ յայտնել» իր Հայրը։—Մատթէոս 11։27-29
9. Հեզութեան հետ ո՞ր յատկութիւնը առնչուած է, եւ Յիսուս այս ուղղութեամբ ի՞նչպէս հոյակապ օրինակ մը կը հանդիսանայ։
9 Հեզութեան հետ սերտօրէն առնչուած է խոնարհութիւնը, «սրտով խոնարհ» ըլլալը։ Միւս կողմէ, հպարտութիւնը ամբարտաւանութեան կ’առաջնորդէ եւ յաճախ կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատ մը ուրիշներուն հետ կոշտութեամբ ու բրտութեամբ վարուի։ (Առակաց 16։18, 19) Յիսուս իր երկրային ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան հեզութիւն ցուցաբերեց։ Նոյնիսկ երբ իր մահուընէ վեց օր առաջ Երուսաղէմ մտաւ եւ որպէս Հրեաներու Թագաւոր ողջունուեցաւ, Յիսուս շատ տարբեր էր աշխարհի կառավարիչներէն։ Ան Զաքարիայի արձանագրած Մեսիական մարգարէութիւնը կատարեց. «Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ»։ (Մատթէոս 21։5. Զաքարեայ 9։9) Հաւատարիմ Դանիէլ մարգարէն տեսիլք մը տեսաւ, որուն մէջ Եհովա իր Որդւոյն իշխելու հեղինակութիւն յանձնեց։ Բայց եւ այնպէս, անկէ առաջ ուրիշ մարգարէութեան մը մէջ, ան Յիսուսը նկարագրեց որպէս «մարդոց անարգը»։ Արդարեւ, հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը ձեռք ձեռքի կ’ընթանան։—Դանիէլ 4։17. 7։13, 14
10. Ինչո՞ւ քրիստոնէական հեզութիւնը տկարութիւն չի նշանակեր։
10 Եհովայի ու Յիսուսի ցուցաբերած հաճելի հեզութիւնը մեզի կ’օգնէ որ իրենց մօտենանք։ (Յակոբու 4։8) Անշուշտ, հեզութիւնը տկարութիւն չի նշանակեր։ Ընդհակառակը. Եհովա՝ ամենակալ Աստուածը, սաստիկ զօրութիւն կը ցուցաբերէ։ Ան անարդարութեան դէմ սաստիկ բարկութեամբ կը լեցուի։ (Եսայեայ 30։27. 40։26) Յիսուս նոյնպէս վճռած էր չհամակերպիլ, նոյնիսկ երբ Բանսարկու Սատանայի յարձակումներուն ենթարկուեցաւ։ Ան մերժեց իր օրուան կրօնական առաջնորդներուն առեւտրական ապօրինի սովորութիւններուն հանդուրժել։ (Մատթէոս 4։1-11. 21։12, 13. Յովհաննու 2։ ) Այսուհանդերձ, իր աշակերտներուն թերութիւններուն նկատմամբ հեզ տրամադրութիւն մը պահպանեց եւ համբերութեամբ կրեց անոնց տկարութիւնները։ ( 13-17Մատթէոս 20։20-28) Աստուածաշունչի ուսումնական մը տեղին ըլլալով հեզութիւնը այս կերպով բնութագրեց. «Ազնուութեան ետին պողպատի զօրութիւնը կայ»։ Թող որ այս քրիստոսանման յատկութիւնը՝ հեզութիւնը՝ ցուցաբերենք։
Իր Օրուան Ամենէն Հեզ Մարդը
11, 12. Մովսէսի մանկութիւնը ի մտի ունենալով, ի՞նչ բան անոր հեզութիւնը աչքառու կը դարձնէ։
11 Մեր նկատի առնելիք երրորդ օրինակը Մովսէսն է։ Աստուածաշունչը զինք կը նկարագրէ որպէս ‘շատ հեզ մարդ մը՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի’։ (Թուոց 12։3) Այս նկարագրութիւնը աստուածային ներշնչման ներքեւ գրուեցաւ։ Մովսէսի ուշագրաւ հեզութիւնը զինք ընդունակ դարձուց Եհովայի ուղղութիւններուն հետեւելու։
12 Մովսէս արտասովոր պարագաներու ներքեւ մեծցաւ։ Եհովա հոգ տարաւ որ հաւատարիմ Եբրայեցի ծնողքի մը այս որդին պահպանուի, դաւաճանութեան եւ ոճիրի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին։ Մովսէս իր մանկութիւնը անցուց իր մօր հոգատարութեան ներքեւ, որ իրեն ուշադրութեամբ սորվեցուց ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ մասին։ Հետագային, Մովսէս իր տունէն առնուեցաւ, իր միջավայրէն շա՜տ տարբեր վայրի մը մէջ ապրելու համար։ Նախկին Քրիստոնեայ նահատակ՝ Ստեփանոս ըսաւ. «Մովսէս Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուեցաւ եւ զօրաւոր էր իր խօսքերովը ու գործերովը»։ (Գործք 7։22) Անոր հաւատքը ուշագրաւ դարձաւ, երբ իր եղբայրներուն դէմ Փարաւոնի ծառաներուն ըրած անիրաւութիւնները տեսաւ։ Եգիպտացի մը սպաննելուն համար, որ Եբրայեցի մը կը ծեծէր, Մովսէս ստիպուեցաւ Եգիպտոսէն փախչիլ ու Մադիամի երկիրը երթալ։—Ելից 1։15, 16. 2։1-15. Եբրայեցիս 11։24, 25
13. Մադիամի մէջ Մովսէսի 40 տարուան կեցութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իր վրայ։
13 40 տարեկանին, Մովսէս ստիպուեցաւ անապատին մէջ իր անձին հոգ տանիլ։ Մադիամի մէջ, ան Ռագուէլի եօթը աղջիկներուն հանդիպեցաւ եւ անոնց օգնեց որ իրենց հօրը մեծ հօտին համար հորէն ջուր քաշեն։ Տուն վերադառնալով, այս երիտասարդուհիները հրճուանքով պատմեցին Ռագուէլի թէ «Եգիպտացի մը» զիրենք նեղացնող հովիւներուն ձեռքէն ազատած էր։ Ռագուէլի հրաւէրին վրայ, Մովսէս այդ ընտանիքին հետ բնակեցաւ։ Իր քաշած տառապանքները զինք չդառնացուցին. ո՛չ ալ արգելք հանդիսացան որ ան սորվի իր կենցաղը իր շրջապատին յարմարցնել։ Եհովայի կամքը Ելից 2։16-22. Գործք 7։29, 30
կատարելու իր փափաքը երբեք չանհետացաւ։ Քառասուն երկար տարիներու ընթացքին, երբ Ռագուէլի ոչխարներուն հոգ տարաւ, Սեպփօրայի հետ ամուսնացաւ եւ իր որդիները մեծցուց, Մովսէս մշակեց ու զտեց զինք յատկանշող յատկութիւնը։ Այո, աննպաստ պայմաններու ներքեւ, Մովսէս հեզութիւն սորվեցաւ։—14. Մովսէսի հեզութիւնը ցոյց տուող դէպք մը պատմեցէք, որ տեղի ունեցաւ երբ ան Իսրայէլի առաջնորդն էր։
14 Եհովա զինք Իսրայէլ ազգին առաջնորդ նշանակելէ ետք, Մովսէսի հեզութեան յատկութիւնը տակաւին բացայայտ էր։ Պատանի մը Մովսէսի իմացուց թէ Ելդադ ու Մովդադ բանակին մէջ մարգարէութիւն կ’ընէին, հակառակ անոր որ անոնք ներկայ չէին, երբ Եհովա իր հոգին թափեց 70 ծերերուն վրայ, որոնք որպէս Մովսէսի օգնականներ պիտի ծառայէին։ Յեսու ըսաւ. «Տէ՛ր իմ Մովսէս, արգիլէ՛ զանոնք»։ Մովսէս հեզութեամբ պատասխանեց. «Ինծի՞ համար կը նախանձիս. երանի՜ թէ Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային եւ Տէրը իր Հոգին անոնց վրայ դնէր»։ (Թուոց 11։26-29) Հեզութիւնը օգնեց որ այդ լարուած կացութիւնը մեղմանայ։
15. Մովսէս անկատար ըլլալով հանդերձ, ինչո՞ւ ընդօրինակուելու արժանի է։
15 Առիթով մը կը թուի թէ Մովսէս իր հեզութիւնը կորսնցուց։ Մերիպայի մէջ, Կադէսի մօտ, ան անտեսեց Հրաշագործ Եհովայի փառք տալը։ (Թուոց 20։1, 9-13) Թէեւ Մովսէս անկատար էր, բայց իր անխախտ հաւատքը իրեն թիկունք կանգնեցաւ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, եւ իր աչքառու հեզութիւնը նոյնիսկ այսօր մեր սրտին կը դպչի։—Եբրայեցիս 11։23-28
Խստութիւնը Ընդդէմ Հեզութեան
16, 17. Նաբաղի ու Աբիգիայի պատմութենէն ազդարարական ի՞նչ դաս կը սորվինք։
16 Դաւիթի օրերէն ազդարարական օրինակ մը ունինք, Աստուծոյ մարգարէին՝ Սամուէլի մահէն քիչ ետք։ Անիկա կապ ունի ամոլի մը հետ՝ Նաբաղ եւ իր կինը Աբիգիա։ Անոնք իրարմէ որքա՜ն տարբեր էին։ Մինչ Աբիգիա «ողջամիտ» էր, իր ամուսինը «խստաբարոյ ու չարագործ» էր։ Նաբաղ կոշտութեամբ մերժեց Դաւիթի մարդոց ուտելիք տալ, որոնք Նաբաղի մեծ հօտերը աւազակներէն պահպանած էին։ Արդարացի բարկութեամբ լեցուած, Դաւիթ եւ իր մարդոցմէ խումբ մը իրենց սուրերը իրենց մէջքը կապեցին ու գացին, որպէսզի Նաբաղի դէմ կռուին։—Ա. Թագաւորաց 25։2-13
17 Երբ Աբիգիա իմացաւ ինչ որ տեղի ունեցաւ, ան շուտով պատրաստեց հաց, գինի, միս, չամիչ եւ շարոց թուզ, ու գնաց Դաւիթը դիմաւորելու։ Ան Դաւիթի աղաչեց՝ ըսելով. «Ո՛վ տէր իմ, յանցանքը իմ Ա. Թագաւորաց 25։18, 24, 32, 33) Նաբաղի խստութիւնը ի վերջոյ իր մահուան առաջնորդեց։ Իսկ Աբիգիայի լաւ յատկութիւնները պատճառ եղան որ Դաւիթի կինը ըլլալու ուրախութիւնը վայելէ։ Անոր հեզութիւնը օրինակ կը հանդիսանայ Եհովայի բոլոր ծառաներուն համար ներկայիս։—Ա. Թագաւորաց 25։36-42
վրաս թող ըլլայ. բայց հրաման տուր, որ քու աղախինդ քու առջեւդ խօսի եւ քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ»։ Աբիգիայի հեզ պաղատանքը Դաւիթի սիրտը կակուղցուց։ Աբիգիայի բացատրութիւնը մտիկ ընելէ ետք, Դաւիթ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ այսօր քեզ ղրկեց զիս դիմաւորելու ու քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ»։ (Հեզութեան Հետամուտ Եղէք
18, 19. (ա) Ի՞նչ փոփոխութիւններ բացայայտ կը դառնան, մինչ մեր վրայ հեզութիւնը կը հագնինք։ (բ) Ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ ազդու ինքնաքննութիւն մը ընենք։
18 Արդ, հեզութիւնը անհրաժեշտ յատկութիւն մըն է։ Անիկա ազնիւ վարուելակերպէն աւելի է. անիկա ուրիշները թարմացնող գրաւիչ նկարագրի գիծ մըն է։ Անցեալին, թերեւս կոշտ խօսելակերպ կամ անազնիւ վարուելակերպ մը ունէինք։ Սակայն, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվելէ ետք, փոխուեցանք եւ աւելի հաճելի ու ախորժելի մէկը դարձանք։ Պօղոս այս փոփոխութեան մասին խօսեցաւ, երբ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը»։ (Կողոսացիս 3։12) Աստուածաշունչը այս փոփոխութիւնը կը համեմատէ թէ ի՛նչպէս կատաղի գազաններ՝ գայլ, ինձ, առիւծ, արջ եւ իժ՝ կը փոխուին խաղաղ ընտանի անասուններու՝ գառ, ուլ, հորթ եւ զուարակ։ (Եսայեայ 11։6-9. 65։25) Անձնաւորութեան այսպիսի փոփոխութիւններ ա՛յնքան յատկանշական են, որ դիտողներ կը սքանչանան։ Սակայն մենք այս փոփոխութիւնը Աստուծոյ հոգիին ներգործութեան կը վերագրենք, քանի որ հեզութիւնը անոր ուշագրաւ պտուղներուն մաս կը կազմէ։
19 Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ անգամ մը որ հարկ եղած փոփոխութիւնները ըրինք եւ մեր անձը Եհովայի նուիրեցինք, ա՛լ պէտք չունինք հեզութեան յատկութիւնը մշակելու։ Ո՛չ։ Քանի որ նոյնիսկ նոր հագուստները յարատեւ խնամքի կը կարօտին, զանոնք մաքուր եւ վայելուչ պահելու համար։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ խորասուզուիլը եւ անոր բովանդակած օրինակներուն վրայ խոկալը, մեզի կ’օգնեն որ մեր անձին վրայ նորանոր ու առարկայական ակնարկ մը նետենք։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին հայելին ձեր մասին ի՞նչ կը յայտնէ։—Յակոբու 1։23-25
20. Ի՞նչպէս կրնանք հեզութիւն ցուցաբերելու մէջ յաջողութիւն գտնել։
20 Բնոյթով, մարդիկ տարբեր բնաւորութիւններ ունին։ Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք աւելի դիւրաւ հեզութիւն կը ցուցաբերեն, քան՝ ուրիշներ։ Այսուհանդերձ, բոլոր Քրիստոնեաները Աստուծոյ հոգիին պտուղները պէտք է մշակեն, ի ներառեալ հեզութիւնը։ Պօղոս սիրալիրօրէն Տիմոթէոսը յորդորեց. «Հետամո՛ւտ եղիր արդարութեան, բարեպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) «Հետամո՛ւտ եղիր» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ թէ ջանք կը պահանջուի։ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը այս յորդորը կը թարգմանէ՝ ‘ուշադրութի՛ւն ընծայէ’։ (New Testament in Modern English, by J. B. Phillips) Եթէ ջանաք Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող ընտիր օրինակներուն վրայ խոկալ, անոնք կրնան ձեր մտքին մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուիլ։ Անոնք ձեզ պիտի ձեւաւորեն ու առաջնորդեն։—Յակոբու 1։21
21. (ա) Ինչո՞ւ հեզութեան հետամուտ պէտք է ըլլանք։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
21 Ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքը ցոյց կու տայ թէ ո՛ր տարողութեամբ հեզութիւն կը ցուցաբերենք։ «Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ», կը հարցնէ Յակոբոս աշակերտ։ «Թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով»։ (Յակոբու 3։13) Այս քրիստոնէական յատկութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ցուցաբերել տան, քրիստոնէական ծառայութեան եւ ժողովքին մէջ։ Յաջորդ յօդուածը օգտակար ուղղութիւններ կը ներկայացնէ։
Վերաքաղի համար
• Հեզութեան մասին ի՞նչ սորվեցաք
• Եհովայի,
• Յիսուսի,
• Մովսէսի,
• եւ Աբիգիայի օրինակէն։
• Ինչո՞ւ հեզութեան հետամուտ պէտք է ըլլանք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 22]
Եհովա Աբէլի ընծային ինչո՞ւ հաճութեամբ նայեցաւ
[Նկար՝ էջ 25]
Յիսուս ցոյց տուաւ թէ հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը ձեռք ձեռքի կ’ընթանան
[Նկար՝ էջ 24]
Մովսէս հեզութեան ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ