Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նախկին քրիստոնեաները եւ Մովսիսական օրէնքը

Նախկին քրիստոնեաները եւ Մովսիսական օրէնքը

Նախկին քրիստոնեաները եւ Մովսիսական օրէնքը

«Օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 3։24

1, 2. Մովսիսական Օրէնքը բծախնդրաբար պահող Իսրայելացիները ի՞նչ կարգ մը օգուտներ վայելեցին։

ՀԱՍԱՐԱԿ Դարաշրջանէն Առաջ 1513–ին, Եհովա Իսրայելացիներուն օրէնքներու շարք մը տուաւ։ Ան ժողովուրդին ըսաւ թէ, եթէ իր ձայնին հնազանդէին, զիրենք պիտի օրհնէր եւ անոնք ուրախ ու գոհունակ կեանք մը պիտի վայելէին։—Ելից 19։5, 6

2 Այդ Օրինագիրքը, որ կոչուեցաւ Մովսիսական Օրէնքը կամ պարզապէս ‘Օրէնքը’, «սուրբ եւ արդար ու բարի» էր։ (Հռովմայեցիս 7։12) Անիկա ազնուութեան, պարկեշտութեան, բարոյականութեան եւ դրացիական սիրոյ նման արժանիքներ յառաջ կը մղէր։ (Ելից 23։4, 5. Ղեւտացւոց 19։14. Բ. Օրինաց 15։13-15. 22։10, 22) Օրէնքը նաեւ Հրեաները կը մղէր որ զիրար սիրէին։ (Ղեւտացւոց 19։18) Ասկէ զատ, անոնք Օրէնքին չենթարկուող Հեթանոսներուն հետ պէտք չէր ընկերակցէին, ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն պէտք էր ընէին։ (Բ. Օրինաց 7։3, 4) Հրեաները Հեթանոսներէն բաժնող «պատ»ի մը նման, Մովսիսական Օրէնքը Աստուծոյ ժողովուրդը պահպանեց հեթանոսական գաղափարներով ու սովորութիւններով վարակուելէ։—Եփեսացիս 2։14, 15. Յովհաննու 18։28

3. Քանի որ ոչ ոք կրնար կատարեալ կերպով Օրէնքը պահել, անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։

3 Սակայն, նոյնիսկ ամենէն խղճամիտ Հրեաները չէին կրնար Աստուծոյ Օրէնքը կատարեալ կերպով պահել։ Արդեօք Եհովա անոնցմէ շա՞տ բան կը պահանջէր։ Ո՛չ։ Օրէնքը Իսրայէլի տրուելուն պատճառներէն մէկը՝ «յանցանքը յայտնելու համար» էր։ (Գաղատացիս 3։19) Օրէնքը անկեղծ Հրեաներուն օգնեց գիտակցելու թէ ստիպողական կարիքը ունէին Փրկիչի մը։ Երբ այդ Փրկիչը եկաւ, հաւատարիմ Հրեաներ ուրախացան։ Մեղքի ու մահուան անէծքէն իրենց ազատագրումը մօտ էր։—Յովհաննու 1։29

4. Օրէնքը ի՞նչ առումով ‘Քրիստոսի առաջնորդող դաստիարակ’ մըն էր։

4 Մովսիսական Օրէնքը առժամեայ կարգադրութիւն մըն էր։ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ զայն բնորոշեց որպէս ‘Քրիստոսի առաջնորդող դաստիարակ’ մը։ (Գաղատացիս 3։24) Վաղեմի ժամանակներուն, դաստիարակ մը երախաները դպրոց կը տանէր ու կը բերէր։ Ընդհանրապէս ան ուսուցիչը չէր. ան պարզապէս երախաները ուսուցիչին կը բերէր։ Նոյն կերպով, Մովսիսական Օրէնքը աստուածավախ Հրեաները Քրիստոսին առաջնորդելու համար ծրագրուած էր։ Յիսուս խոստացաւ որ իր հետեւորդներուն հետ պիտի ըլլար ‘ամէն օր, մինչեւ աշխարհիս վերջը’։ (Մատթէոս 28։20) Հետեւաբար, անգամ մը որ քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ, «դաստիարակը»՝ Օրէնքը՝ այլեւս ոչ մէկ նպատակի ծառայեց։ (Հռովմայեցիս 10։4. Գաղատացիս 3։25) Բայց Հրեայ Քրիստոնեաներէն ոմանք անմիջապէս չըմբռնեցին այս կենսական ճշմարտութիւնը։ Որպէս արդիւնք, անոնք շարունակեցին Օրէնքին կարգ մը պահանջները պահել, նոյնիսկ Յիսուսի յարութենէն ետք։ Սակայն, ուրիշներ իրենց մտածելակերպը բարեփոխեցին։ Այսպիսով անոնք մեզի համար հոյակապ օրինակ մը հանդիսացան։ Տեսնենք ի՛նչպէս։

Նոր Հասկացողութիւններ՝ Քրիստոնէական Վարդապետութեան Մէջ

5. Տեսիլքով մը Պետրոս ի՞նչ հրահանգներ ստացաւ, եւ ան ինչո՞ւ անակնկալի եկաւ։

5 Հ.Դ. 36–ին, Քրիստոնեայ Պետրոս առաքեալ արտակարգ տեսիլք մը տեսաւ։ Տեսիլքին մէջ, երկնային ձայն մը իրեն հրամայեց որ Օրէնքին ներքեւ պիղծ նկատուած թռչուններ ու անասուններ մորթէ եւ ուտէ։ Պետրոս անակնկալի եկաւ։ Ան բնաւ «պիղծ կամ անմաքուր բան մը կերած» չէր։ Սակայն ձայնը իրեն ըսաւ. «Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»։ (Գործք 10։9-15) Փոխանակ յամառօրէն Օրէնքին կառչած մնալու, Պետրոս իր տեսակէտը բարեփոխեց։ Ասիկա զինք առաջնորդեց որ Աստուծոյ նպատակներուն մասին ապշեցուցիչ բան մը ըմբռնէ։

6, 7. Ի՞նչ բան Պետրոսի օգնեց եզրակացնելու թէ այժմ կրնար Հեթանոսներուն քարոզել, եւ հաւանաբար ան ուրիշ ի՞նչ եզրակացութիւններու յանգեցաւ։

6 Ահաւասիկ ինչ որ տեղի ունեցաւ։ Երեք տղամարդիկ Պետրոսի իջեւանած տունը եկան, իրմէ խնդրելու որ իրենց հետ երթայ Կոռնելիոս անունով բարեպաշտ ու անթլփատ Հեթանոսի մը տունը։ Պետրոս այս մարդիկը ներս կանչեց եւ զիրենք հիւրասիրեց։ Այդ տեսիլքին իմաստը ըմբռնած ըլլալով, Պետրոս յաջորդ օրը անոնց հետ գնաց Կոռնելիոսի տունը։ Հոն Պետրոս Յիսուս Քրիստոսի մասին լիակատար վկայութիւն մը տուաւ։ Այդ ատեն, Պետրոս ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ Ո՛չ միայն Կոռնելիոս, այլ նաեւ՝ անոր ազգականներն ու սերտ բարեկամները Յիսուսի հաւատք ընծայեցին, եւ «Սուրբ Հոգին իջաւ ամենուն վրայ, որոնք խօսքը կը լսէին»։ Գիտակցելով թէ այս հարցին մէջ Եհովայի մատը կար, Պետրոս անոնց «հրաման ըրաւ, որ Տէրոջը անունովը մկրտուին»։—Գործք 10։17-48

7 Ի՞նչ բան Պետրոսի օգնեց եզրակացնելու որ Մովսիսական Օրէնքին չենթարկուող Հեթանոսներ այժմ կրնային Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալ։ Հոգեւոր խորատեսութիւնը։ Քանի որ Աստուած անթլփատ Հեթանոսներուն հանդէպ իր հաճութիւնը ցոյց տուած էր՝ անոնց վրայ իր հոգին թափելով, Պետրոս ըմբռնեց թէ անոնք մկրտութեան համար ընդունելի էին։ Միեւնոյն ատեն, ակներեւաբար Պետրոս հասկցաւ թէ Աստուած հեթանոսութենէ դարձած Քրիստոնեաներէն չէր ակնկալեր Մովսիսական Օրէնքը պահել, որպէս պայման մը մկրտութեան համար։ Եթէ այդ ժամանակ ապրած ըլլայիք, Պետրոսի նման պիտի յօժարէի՞ք ձեր տեսակէտը բարեփոխելու։

Ոմանք Շարունակեցին «Դաստիարակ»ին Հետեւիլ

8. Երուսաղէմի մէջ բնակող Քրիստոնեաներէն ոմանք, թլփատութեան հանդէպ Պետրոսի տեսակէտէն ի՞նչ տարբեր տեսակէտ մը կը ջատագովէին, եւ ինչո՛ւ։

8 Կոռնելիոսի տունը ձգելէն ետք, Պետրոս Երուսաղէմ գնաց։ Ժողովքին հասած էր այն լուրը թէ անթլփատ Հեթանոսները ‘Աստուծոյ խօսքը ընդունած էին’, իսկ Հրեայ աշակերտներէն ոմանք այս հարցին նկատմամբ նեղացած էին։ (Գործք 11։1-3) Թէեւ ‘թլփատութեան ջատագովները’ կ’ընդունէին թէ Հեթանոսներ կրնային Յիսուսի հետեւորդները ըլլալ, սակայն անոնք կը պնդէին թէ Հրեայ ազգէն չեղողները պէտք էր Օրէնքը պահէին, որպէսզի փրկուէին։ Միւս կողմէ, այն շրջաններուն մէջ ուր բնակչութեան մեծ մասը Հեթանոս էր եւ Հրեայ Քրիստոնեաներուն թիւը քիչ էր, թլփատութիւնը մեծ հարց մը չէր յարուցաներ։ Այս երկու տեսակէտները գոյատեւեցին շուրջ 13 տարի։ (Ա. Կորնթացիս 1։10) Այդ նախկին Քրիստոնեաներուն համար ասիկա ի՜նչ մեծ փորձ մը ըլլալու էր, մանաւանդ հրէական շրջաններու մէջ բնակող հեթանոսութենէ դարձած Քրիստոնեաներուն համար։

9. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր որ թլփատութեան հարցը լուծուէր։

9 Ի վերջոյ հարցը բարձրակէտի մը հասաւ Հ.Դ. 49–ին, երբ Երուսաղէմէն կարգ մը Քրիստոնեաներ Սուրիոյ Անտիոքը եկան, ուր Պօղոս կը քարոզէր։ Անոնք սկսան սորվեցնել թէ Հեթանոս նորադարձները պէտք էր թլփատուէին Օրէնքին համաձայն։ Ուստի անոնց եւ Պօղոսի ու Բառնաբասի միջեւ շատ հակառակութիւն եւ վէճ եղաւ։ Եթէ այս հարցը չլուծուէր, թէ՛ Հրեայ եւ թէ Հեթանոս ենթահող ունեցող Քրիստոնեաներէն ոմանք անպայման պիտի գայթակղէին։ Հետեւաբար, կարգադրութիւններ եղան որ Պօղոս եւ մէկ քանիներ Երուսաղէմ երթան եւ քրիստոնէական կառավարիչ մարմինէն խնդրեն որ այս հարցին համար միանգամ ընդմիշտ լուծում մը գտնէ։—Գործք 15։1, 2, 24

Անկեղծ Տարակարծութիւն մը, Ետքը՝ Միաբանութիւն

10. Կառավարիչ մարմինը ի՞նչ կարգ մը կէտեր նկատի առաւ, Հեթանոսներուն նկատմամբ որոշում մը կայացնելէ առաջ։

10 Գումարուած ժողովին, ակներեւաբար ոմանք թլփատութեան ի նպաստ պատճառաբանեցին, իսկ ուրիշներ՝ անոր դէմ։ Սակայն, զգացումները չտիրապետեցին։ Շատ վիճաբանութիւններէ ետք, Պետրոս ու Պօղոս առաքեալները նկարագրեցին այն նշանները, զորս Եհովա ըրած էր անթլփատներուն մէջ։ Անոնք բացատրեցին թէ Աստուած անթլփատ Հեթանոսներուն վրայ սուրբ հոգին թափած էր։ Իրականութեան մէջ, անոնք հարց տուին՝ ‘Քրիստոնէական ժողովքը իրաւացիօրէն կրնա՞յ մերժել զանոնք, որոնք Աստուած ընդունած է’։ Ապա Յակոբոս աշակերտ Սուրբ Գրութիւններէն հատուած մը կարդաց, բոլոր ներկաներուն օգնելով որ այս հարցին շուրջ Եհովայի կամքը ըմբռնեն։—Գործք 15։4-17

11. Թլփատութեան նկատմամբ որոշում կայացնելու մէջ ո՞ր ազդակը դեր չխաղցաւ, եւ ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա օրհնեց այդ որոշումը։

11 Այժմ, ամբողջ ուշադրութիւնը կառավարիչ մարմինին ուղղուած էր։ Անոնց հրէական ենթահողը, թլփատութեան ի նպաստ կողմնակալ որոշում մը կայացնելու պիտի առաջնորդէ՞ր։ Ո՛չ։ Այս հաւատարիմ տղամարդիկը վճռած էին Սուրբ Գրութիւններուն եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին առաջնորդութեան հետեւիլ։ Բոլոր յարակից վկայութիւնները լսելէ ետք, կառավարիչ մարմինը միաբանութեամբ համաձայնեցաւ որ կարիքը չկար որ հեթանոսութենէ դարձած Քրիստոնեաները թլփատուէին եւ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ գային։ Երբ որոշումը եղբայրներուն հասաւ, անոնք ուրախացան եւ ժողովքներուն թիւը սկսաւ ‘օրէ օր աւելնալ’։ Աստուածպետական յստակ առաջնորդութեան ենթարկուող այդ Քրիստոնեաները օրհնուեցան սուրբ գրային հաստատ պատասխան մը ստանալով։ (Գործք 15։19-23, 28, 29. 16։1-5) Սակայն, տակաւին կարեւոր հարցում մը կար, որ պատասխանի կը կարօտէր։

Ի՞նչ Կրնայ Ըսուիլ Հրեայ Քրիստոնեաներուն Մասին

12. Ո՞ր հարցումին պատասխանը չտրուեցաւ։

12 Կառավարիչ մարմինը բացայայտօրէն նշած էր թէ հեթանոսութենէ դարձած Քրիստոնեաները թլփատուելու կարիքը չունէին։ Սակայն, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Հրեայ Քրիստոնեաներուն մասին։ Կառավարիչ մարմինին որոշումը մասնայատուկ կերպով չպատասխանեց հարցին այս երեսակին։

13. Ինչո՞ւ սխալ էր պնդել թէ Մովսիսական Օրէնքը պահելը փրկութեան համար անհրաժեշտ էր։

13 «Օրէնքին նախանձաւոր» եղող Հրեայ Քրիստոնեաներէն ոմանք շարունակեցին իրենց զաւակները թլփատել եւ Օրէնքին կարգ մը պահանջները պահել։ (Գործք 21։20) Ուրիշներ աւելի անդին գացին, նոյնիսկ պնդելով թէ անհրաժեշտ էր որ Հրեայ Քրիստոնեաներ Օրէնքը պահէին փրկուելու համար։ Այս բանին մէջ անոնք շատ կը սխալէին։ Օրինակ, Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս կրնար մեղքերու թողութեան համար անասնական զոհ մը մատուցանել։ Քրիստոսի զոհագործութիւնը այսպիսի ընծաներ անօգուտ դարձուցած էր։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Օրէնքին այն պահանջին մասին, որ Հրեաները պէտք է խուսափին Հեթանոսներու հետ սերտ ընկերակցութիւն ունենալէ։ Նախանձախնդիր Քրիստոնեայ աւետարանիչներու համար շատ դժուար պիտի ըլլար այս սահմանափակումները յարգել եւ նոյն ատեն Հեթանոսներուն Յիսուսի բոլոր սորվեցուցած բաները ուսուցանելու յանձնարարութիւնը կատարել։ (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 1։8. 10։28) * Ապացոյց չկայ թէ կառավարիչ մարմինը իր գումարած մէկ ժողովին այս հարցը յստակացուց։ Այսուհանդերձ, ժողովքը առանց ուղղութեան չմնաց։

14. Պօղոսի ներշնչեալ նամակները, Օրէնքին նկատմամբ ի՞նչ ուղղութիւն տուին։

14 Ուղղութիւնը տրուեցաւ ո՛չ թէ կառավարիչ մարմինին կողմէ ղրկուած նամակով մը, այլ՝ առաքեալներուն կողմէ գրուած ներշնչեալ նամակներով։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ ապրող Հրեայ ու հեթանոսութենէ դարձած Քրիստոնեաներուն զօրաւոր պատգամ մը ղրկեց։ Անոնց յղած իր նամակին մէջ, ան բացատրեց թէ իսկական Հրեան «ներսէն է եւ իսկական թլփատութիւնը՝ սրտին թլփատութիւնն է հոգիով»։ (Հռովմայեցիս 2։28, 29) Նոյն նամակին մէջ, Պօղոս օրինակ մը գործածեց փաստելու համար թէ Քրիստոնեաները այլեւս Օրէնքին տակ չէին։ Ան պատճառաբանեց թէ կին մը չէր կրնար միեւնոյն ատեն երկու ամուսին ունենալ։ Բայց եթէ իր այրը մեռնէր, ան ազատ կ’ըլլար վերամուսնանալու։ Ապա Պօղոս այս օրինակը կիրարկեց, ցոյց տալով թէ օծեալ Քրիստոնեաները չէին կրնար նոյն ատեն թէ՛ Մովսիսական Օրէնքին եւ թէ Քրիստոսի պատկանիլ։ Անոնք պէտք էր ‘օրէնքին մեռնէին’, որպէսզի կարենային Քրիստոսին միանալ։—Հռովմայեցիս 7։1-5

Կէտը Ըմբռնելու Մէջ Դանդաղ

15, 16. Հրեայ Քրիստոնեաներէն ոմանք ինչո՞ւ Օրէնքին նկատմամբ կէտը չըմբռնեցին, եւ ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ հոգեւորապէս արթուն մնալու կարիքին մասին։

15 Օրէնքին նկատմամբ Պօղոսի պատճառաբանութիւնը անհակաճառելի էր։ Ուստի, ինչո՞ւ կարգ մը Հրեայ Քրիստոնեաներ կէտը չըմբռնեցին։ Պատճառներէն մէկը, քանի որ անոնք հոգեւոր խորատեսութիւն չունէին։ Օրինակ, անոնք հաստատ հոգեւոր սնունդով սնուցանուիլը անտեսած էին։ (Եբրայեցիս 5։11-14) Անոնք նաեւ քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ չէին ըլլար։ (Եբրայեցիս 10։23-25) Այլ պատճառ մը՝ թէ ոմանք ինչո՛ւ կէտը չըմբռնեցին, կրնայ առնչուած ըլլալ Օրէնքին բնոյթին հետ։ Անիկա կեդրոնացած էր տեսանելի, զգալի ու շօշափելի բաներու վրայ, ինչպէս՝ տաճարը եւ քահանայութիւնը։ Բաւարար հոգեւորականութիւն չունեցողի մը համար աւելի դիւրին էր Օրէնքը ընդունիլ, քան՝ անտեսանելի իրականութիւններու վրայ կեդրոնացած Քրիստոնէութեան խորունկ վարդապետութիւնները։—Բ. Կորնթացիս 4։18

16 Տակաւին ուրիշ պատճառ մը՝ թէ դաւանեալ Քրիստոնեաներ ինչո՛ւ կը փափաքէին Օրէնքը պահել, Պօղոս ուրուագծեց Գաղատացիներուն յղած իր նամակին մէջ։ Ան բացատրեց թէ այսպիսիներ կ’ուզէին գլխաւոր կրօնքի մը յարգալից անդամները նկատուիլ։ Փոխանակ համայնքին մէջ նկատելի ըլլալու, անոնք պատրաստ էին գրեթէ ամէն կերպով համակերպելու, որպէսզի համայնքին մէկ մասը դառնան։ Անոնք հետաքրքրուած էին մարդոց հաճութիւնը շահելով, քան՝ Աստուծոյ։—Գաղատացիս 6։12

17. Օրէնքը պահելու նկատմամբ պատշաճ տեսակէտը ե՞րբ լիովին բացայայտ դարձաւ։

17 Պօղոսի եւ ուրիշներու ներշնչեալ գրութիւնները ուշադրութեամբ ուսումնասիրող խորատես Քրիստոնեաները, Օրէնքին նկատմամբ ճշգրիտ եզրակացութիւններու յանգեցան։ Սակայն, Հ.Դ. 70–ին էր որ Մովսիսական Օրէնքին նկատմամբ պատշաճ տեսակէտը բոլոր Հրեայ Քրիստոնեաներուն լիովին բացայայտ դարձաւ։ Ասիկա տեղի ունեցաւ, երբ Աստուած թոյլատրեց որ Երուսաղէմը, անոր տաճարը եւ քահանայութեան վերաբերող արձանագրութիւնները կործանին։ Ասիկա ոեւէ անհատի համար անկարելի դարձուց Օրէնքին բոլոր երեսակները պահելը։

Դասը Կիրարկել՝ Ներկայիս

18, 19. (ա) Հոգեւորապէս առողջ մնալու համար, ի՞նչպիսի կեցուածքներ պէտք է որդեգրենք եւ ի՞նչպիսի կեցուածքներէ պէտք է խուսափինք։ (բ) Պօղոսի օրինակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ պատասխանատու եղբայրներէ մեր ստացած ուղղութեան հետեւելու մասին։ (Տես շրջագիծը էջ 20–ի վրայ։)

18 Անցեալին պատկանող այս դէպքերը նկատի առնելէ ետք, թերեւս հարց տաք. ‘Եթէ այդ ժամանակ ապրած ըլլայի, ի՞նչպէս պիտի ընդառաջէի մինչ Աստուծոյ կամքը աստիճանաբար կը յայտնուէր։ Յամառօրէն պիտի կառչէի՞ աւանդական տեսակէտներու։ Թէ ոչ պիտի համբերէի մինչեւ որ Օրէնքին նկատմամբ պատշաճ հասկացողութիւնը բացորոշ դառնար։ Իսկ երբ բացայայտուէր, ամբողջ սրտով անոր թիկունք պիտի կանգնէի՞’։

19 Անշուշտ, չենք կրնար վստահ ըլլալ թէ ի՛նչպէս պիտի հակազդէինք, եթէ այդ ժամանակ ապրած ըլլայինք։ Սակայն, մենք մեզի կրնանք հարց տալ. ‘Ներկայիս երբ Աստուածաշունչի հասկացողութեան նկատմամբ յստակացումներ կը ներկայացուին, ի՞նչպէս կ’ընդառաջեմ։ (Մատթէոս 24։45) Երբ սուրբ գրային ուղղութիւն կը հայթայթուի, կը ջանա՞մ զայն գործադրել, ո՛չ միայն օրէնքին տառը պահելով, այլ նաեւ՝ օրէնքին հոգին։ (Ա. Կորնթացիս 14։20) Համբերութեամբ Եհովայի կը սպասե՞մ, երբ հարցումներէս ոմանք անպատասխան կը մնան’։ Կենսական է որ ներկայիս մատչելի եղող հոգեւոր սնունդէն լաւագոյնս օգտուինք, որպէսզի «չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք»։ (Եբրայեցիս 2։1, Անթիլիաս) Երբ Եհովա իր Խօսքին, իր հոգիին եւ իր երկրային կազմակերպութեան միջոցաւ ուղղութիւն կը հայթայթէ, թող որ ուշադրութեամբ մտիկ ընենք։ Եթէ ասիկա ընենք, Եհովա մեզ պիտի օրհնէ՝ երջանիկ, գոհունակ ու անվերջ կեանք մը տալով։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Երբ Պետրոս Սուրիոյ Անտիոքը այցելեց, ան հեթանոսութենէ դարձած հաւատակիցներու հետ ջերմ ընկերակցութիւն մը վայելեց։ Սակայն, երբ Երուսաղէմէն Հրեայ Քրիստոնեաներ եկան, Պետրոս «կը քաշուէր եւ ինքզինք կը զատէր, վախնալով թլփատուածներէն»։ Կրնանք երեւակայել թէ այդ Հեթանոս նորադարձները որքա՜ն վիրաւորուած ըլլալու էին, երբ յարգուած առաքեալը մերժեց իրենց հետ ուտել։—Գաղատացիս 2։11-13

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Մովսիսական Օրէնքը ի՞նչ առումով ‘Քրիստոսի առաջնորդող դաստիարակ’ մըն էր։

• Ճշմարտութեան հասկացողութեան մէջ եղած բարեփոխութիւններուն նկատմամբ Պետրոսի եւ ‘թլփատութեան’ ջատագովներուն տարբեր ընդառաջումները ի՞նչպէս կը բացատրէք։

• Ներկայիս ճշմարտութիւնը յայտնելու Եհովայի կերպին մասին ի՞նչ սորվեցաք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 20]

Պօղոս խոնարհաբար փորձ մը կը դիմագրաւէ

Միսիոնարական յաջող շրջապտոյտէ մը ետք, Պօղոս Երուսաղէմ հասաւ՝ Հ.Դ. 56–ին։ Հոն փորձ մը կը սպասէր իրեն։ Ժողովքին լուր հասած էր թէ ան կը սորվեցնէր թէ Օրէնքը մէկ կողմ դրուած էր։ Երէցները կը վախնային որ նորադարձ Հրեայ Քրիստոնեաները կրնային գայթակղիլ Օրէնքի հարցով Պօղոսի համարձակութենէն եւ եզրակացնել թէ Քրիստոնեաները Եհովայի կարգադրութիւններուն հանդէպ յարգանք չունին։ Ժողովքին մէջ չորս Հրեայ Քրիստոնեաներ կային, որոնք ուխտ մը ըրած էին, թերեւս՝ ուխտաւոր ըլլալու ուխտ մը։ Անոնք պէտք էր տաճար երթային, իրենց ուխտին պահանջները ամբողջացնելու համար։

Երէցները Պօղոսէն խնդրեցին որ այս չորսին հետ տաճար երթայ եւ անոնց ծախսերը հոգայ։ Պօղոս առնուազն երկու ներշնչեալ նամակներ գրած էր, որոնց մէջ կը պատճառաբանէր թէ Օրէնքը պահելը պահանջ մը չէր փրկութեան համար։ Սակայն, ան ուրիշներու խղճմտանքին նկատմամբ նկատառու էր։ Ան նախապէս գրած էր. «Օրէնքի տակ եղողներուն հետ օրէնքի տակ եղողի պէս եղայ, . . . որպէս զի օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։20-23) Թէեւ Պօղոս սուրբ գրային կենսական սկզբունքներու մէջ երբեք զիջումներ չէր ըներ, սակայն այս պարագային զգաց թէ կրնար երէցներու թելադրութիւնը ընդունիլ։ (Գործք 21։15-26) Ասիկա ընելը սխալ չէր։ Ուխտերու կարգադրութեան նկատմամբ սուրբ գրային չեղող ո՛չ մէկ բան կար, իսկ տաճարը մաքուր պաշտամունքի համար գործածուած էր եւ ո՛չ թէ՝ կռապաշտութեան համար։ Ուստի, գայթակղութեան պատճառ չըլլալու համար, Պօղոս իրմէ խնդրուածը կատարեց։ (Ա. Կորնթացիս 8։13) Անկասկած ասիկա Պօղոսէն բաւական խոնարհութիւն կը պահանջէր, եւ այս իրողութիւնը իրեն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’աւելցնէ։

[Նկար՝ էջ 18, 19]

Տարիներ շարունակ, Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին նկատմամբ հակասական տեսակէտներ ունէին