Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ջանացէք ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել

Ջանացէք ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել

Ջանացէք ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել

«Աստուած մարդուն նման չի նայիր»։—Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 16։7

1, 2. Եղիաբի նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ի՞նչպէս տարբեր էր Սամուէլի տեսակէտէն, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

ՀԱՍԱՐԱԿ Դարաշրջանէ Առաջ ԺԱ. դարուն, Եհովա Սամուէլ մարգարէն գաղտնի առաքելութեամբ մը ղրկեց։ Ան մարգարէին պատուիրեց որ Յեսսէ անունով մարդու մը տունը երթայ եւ անոր որդիներէն մէկը օծէ որպէս Իսրայէլի ապագայ թագաւորը։ Հազիւ թէ Սամուէլ Յեսսէի անդրանիկ որդին՝ Եղիաբը տեսաւ, վստահ եղաւ որ Աստուծոյ ընտրածը գտած էր։ Սակայն Եհովա ըսաւ. «Անոր երեւոյթին ու հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, քանզի ես զանիկա անարգեցի. որովհետեւ Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ (Ա. Թագաւորաց 16։6, 7) Սամուէլ Եղիաբի չնայեցաւ ինչպէս Եհովա նայեցաւ անոր։ *

2 Մարդոց համար որքա՜ն դիւրին է ուրիշները սխալ կերպով արժեւորել։ Մէկ կողմէ, կրնանք խաբուիլ անհատներէ, որոնք արտաքնապէս գրաւիչ են, բայց ներքնապէս՝ անխիղճ։ Միւս կողմէ, կրնանք խիստ ու անթեք գնահատում մը ընել անկեղծ անհատներու մասին, որոնց նկարագրի գծերը մեզ կը նեղացնեն։

3, 4. (ա) Եթէ երկու Քրիստոնեաներու միջեւ խնդիր մը ծագի, իւրաքանչիւրը ի՞նչ պէտք է վճռէ ընել։ (բ) Եթէ հաւատակիցի մը հետ լուրջ անհամաձայնութիւն մը ունինք, մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։

3 Խնդիրներ կրնան ծագիլ, երբ ուրիշները՝ նոյնիսկ տարիներէ ի վեր մեր ճանչցած անհատները՝ արագօրէն դատենք։ Թերեւս լուրջ վիճաբանութիւն մը ունեցաք Քրիստոնեայի մը հետ, որ ատեն մը ձեր սերտ բարեկամն էր։ Կը փափաքի՞ք այս խրամատը գոցել։ Ի՞նչ բան ձեզի պիտի օգնէ ասիկա ընելու։

4 Ինչո՞ւ ձեր Քրիստոնեայ եղբօր կամ քրոջ մասին դրական կերպով մտածելու համար ժամանակ չտրամադրէք։ Ասիկա ըրէք Յիսուսի խօսքերուն լոյսին տակ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ (Յովհաննու 6։44) Ապա դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Եհովա այս անձը ինչո՞ւ իր Որդւոյն քաշեց։ Անհատը ի՞նչ փափաքելի յատկութիւններ ունի։ Այս յատկութիւնները կ’անտեսէի՞ կամ կը թերագնահատէի՞։ Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ բարեկամներ դառնանք։ Ի՞նչ բան զիս այս անձին քաշեց’։ Սկիզբը, թերեւս լաւ կէտերու մասին մտածելը դժուար գտնէք, մանաւանդ եթէ ատենէ մը ի վեր վիրաւորուած զգացումներ ունիք։ Սակայն, ասիկա կենսական քայլ մըն է, ձեր միջեւ եղած խրամատը գոցելու համար։ Բացատրելու համար թէ ասիկա ի՛նչպէս կ’ըլլայ, փնտռենք դրական յատկութիւններ երկու տղամարդոց մէջ, որոնք երբեմն կը յիշուին իրենց թերացումներուն պատճառաւ։ Անոնք Յովնան մարգարէն եւ Պետրոս առաքեալն են։

Անաչառ Ակնարկ մը Յովնանի Վրայ

5. Յովնան ի՞նչ յանձնարարութիւն ստացաւ, եւ ի՛նչպէս հակազդեց։

5 Յովնան որպէս մարգարէ ծառայեց Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան մէջ, Յովասի որդւոյն Յերոբովամ Բ. Թագաւորի օրերուն։ (Դ. Թագաւորաց 14։23-25) Օր մը, Եհովա Յովնանի պատուիրեց որ Իսրայէլը ձգելով Նինուէ ճամբորդէ, հզօր Ասորական Կայսրութեան մայրաքաղաքը։ Ի՞նչ էր իր նշանակումը։ Անոր բնակիչները ազդարարել, թէ իրենց անուանի քաղաքը պիտի կործանէր։ (Յովնանու 1։1, 2) Փոխանակ Աստուծոյ ուղղութեան հետեւելու, Յովնան փախաւ։ Ան Թարսիս գացող նաւ մը առաւ, որ Նինուէէն շատ հեռու կը գտնուէր։—Յովնանու 1։3

6. Եհովա ինչո՞ւ Յովնանը ընտրեց Նինուէ երթալու համար։

6 Երբ Յովնանի մասին կը մտածէք, ձեր միտքէն ի՞նչ կ’անցնի։ Անոր մասին կը խորհի՞ք որպէս անհնազանդ մարգարէ մը։ Իր վրայ հարեւանցի ակնարկ մը նետելով կարելի է այսպէս եզրակացնել։ Բայց արդեօք Աստուած Յովնանը մարգարէ նշանակեց, քանի որ անհնազա՞նդ էր։ Անշուշտ ոչ։ Յովնան անպայման կարգ մը փափաքելի յատկութիւններ ունէր։ Նկատի առէք որպէս մարգարէ իր ունեցած արձանագրութիւնը։

7. Յովնան Իսրայէլի մէջ ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Եհովայի կը ծառայէր, եւ ասիկա գիտնալը ի՞նչպէս կ’ազդէ իր մասին ձեր ունեցած տեսակէտին։

7 Յովնան հաւատարմօրէն ու տքնաջանօրէն աշխատած էր Իսրայէլի մէջ, որ շատ անընդունակ թաղամաս մըն էր։ Ամովս մարգարէն՝ որ գրեթէ նոյն ժամանակաշրջանին ապրեցաւ, իր օրուան Իսրայելացիները նկարագրեց որպէս նիւթապաշտ հաճոյամոլներ։ * Երկրին մէջ ամբարիշտ արարքներ տեղի կ’ունենային, սակայն Իսրայելացիները բոլորովին անտարբեր էին։ (Ամովսայ 3։13-15. 4։4. 6։4-6) Այսուհանդերձ, ամէն օր Յովնան անոնց քարոզելու իր յանձնարարութիւնը հաւատարմօրէն կատարեց։ Եթէ բարի լուրը ծանուցանող մըն էք, գիտէք թէ ինքնագոհ եւ անտարբեր մարդոց քարոզելը որքա՜ն դժուար է։ Ուստի, Յովնանի տկարութիւններուն գիտակցելով հանդերձ, թող որ չանտեսենք անհաւատ Իսրայելացիներուն քարոզած ատեն իր ցուցաբերած հաւատարմութիւնն ու համբերութիւնը։

8. Նինուէի մէջ Իսրայելացի մարգարէ մը ի՞նչ մարտահրաւէրներ կրնար դիմագրաւել։

8 Նինուէ երթալու նշանակումը աւելի դժուար մարտահրաւէր մըն էր։ Այդ քաղաքը հասնելու համար, Յովնան հետիոտն շուրջ 800 քիլոմեթր պիտի կտրէր. դժուար ճամբորդութիւն մը, որ շուրջ մէկ ամիս պիտի տեւէր։ Հոն հասնելէն ետք, մարգարէն Ասորիներուն պիտի քարոզէր, որոնք անգութ ըլլալու համբաւը ունէին։ Անոնց պատերազմներուն յաճախ մաս կը կազմէր սատիստական տանջանքը։ Անոնք նոյնիսկ կը պարծենային իրենց բարբարոսութեամբ։ Զարմանալի չէ որ Նինուէ «արիւններու քաղաք» կոչուած էր։—Նաւումայ 3։1, 7

9. Երբ սոսկալի փոթորիկ մը նաւաստիներուն կեանքին սպառնաց, Յովնան ի՞նչ յատկութիւններ ցուցաբերեց։

9 Եհովայի հրամանին հնազանդելու վարանելով, Յովնան նաւ մը ելլելով իր նշանակումէն շատ հեռու տեղ մը գնաց։ Այսուհանդերձ, Եհովա իր մարգարէին հանդէպ իր վստահութիւնը չկորսնցուց, ո՛չ ալ կարգադրեց որ ուրիշ մը զայն փոխարինէր։ Ընդհակառակը, Եհովա գործի անցաւ Յովնանի օգնելու որ իր նշանակումին լրջութեան գիտակցէր։ Աստուած ծովուն մէջ սոսկալի փոթորիկ մը պատճառեց։ Ալիքները սկսան Յովնանը փոխադրող նաւը տարուբերել։ Յովնանի պատճառաւ անմեղ մարդիկ մեռնելու վրայ էին։ (Յովնանու 1։4) Յովնան ի՞նչ պիտի ընէր։ Չուզելով պատճառ ըլլալ որ նաւաստիները իրենց կեանքը կորսնցնեն, Յովնան անոնց ըսաւ. «Զիս վերցուցէ՛ք ու ծովը նետեցէ՛ք ու ծովը պիտի դադարի»։ (Յովնանու 1։12) Երբ նաւաստիները ի վերջոյ Յովնանը ծովը նետեցին, ան որեւէ հիմ չունէր խորհելու թէ Եհովա զինք պիտի ազատէր ծովէն։ (Յովնանու 1։15) Սակայն, Յովնան պատրաստ էր շատ սուղ գին մը վճարելու, որպէսզի նաւաստիները չմեռնէին։ Այս դէպքին մէջ Յովնանի քաջութիւնը, խոնարհութիւնն ու սէրը չե՞նք տեսներ։

10. Եհովա Յովնանի վերստին նշանակում տալէ ետք, ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

10 Վերջապէս, Եհովա Յովնանը ազատեց։ Յովնանի այս վերջին արարքները զինք անորակելի դարձուցի՞ն, որ անգամ մը եւս որպէս Եհովայի ներկայացուցիչը ծառայէ։ Ո՛չ, Եհովա ողորմածօրէն ու սիրալիրօրէն վերստին յանձնարարութիւն տուաւ մարգարէին որ Նինուէի ժողովուրդին քարոզէ։ Երբ Նինուէ հասաւ, Յովնան խիզախօրէն անոր բնակիչներուն տեղեկացուց թէ իրենց մեծ չարութիւնը Աստուծոյ ուշադրութեան արժանացած էր եւ թէ իրենց քաղաքը 40 օր ետք պիտի կործանէր։ (Յովնանու 1։2. 3։4) Յովնանի ուղղակի պատգամը լսելէ ետք, Նինուէի ժողովուրդը զղջաց եւ իրենց քաղաքը կործանումէ խնայուեցաւ։

11. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Յովնան արժէքաւոր դաս մը սորվեցաւ։

11 Յովնան տակաւին շիտակ տեսակէտը չունէր։ Գործնական օրինակի մը միջոցաւ, Եհովա համբերութեամբ Յովնանի օգնեց որ գիտնայ թէ Ինք մակերեսէն անդին կը տեսնէ. Ինք սիրտը կը քննէ։ (Յովնանու 4։5-11) Յովնանի գրած պարկեշտ պատմութիւնը կ’ապացուցանէ թէ ան արժէքաւոր դաս մը սորվեցաւ։ Իր անհաճելի թերացումները տեղեկագրելու իր յօժարակամութիւնը, յաւելեալ ապացոյց մըն է թէ ան խոնարհ էր։ Յանցանք մը խոստովանիլը քաջութիւն կը պահանջէ։

12. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Յիսուս մարդոց հանդէպ Եհովայի տեսակէտը կը բաժնէ։ (բ) Մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ ի՞նչ տեսակէտ ունենանք անոնց հանդէպ, որոնց բարի լուրը կը քարոզենք։ (Տես շրջագիծը էջ 10–ի վրայ։)

12 Դարեր ետք, Յիսուս Քրիստոս Յովնանի հետ առնչուած դէպքի մը դրական ակնարկութիւն ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր»։ (Մատթէոս 12։40) Յովնան յարուցանուելէ ետք պիտի իմանայ թէ Յիսուս գերեզմանին մէջ Իր անցուցած օրերը համեմատեց մարգարէին կեանքին այս անգործունեայ ժամանակաշրջանին հետ։ Ուրախ չե՞նք որ կը ծառայենք Աստուծոյ մը, որ իր ծառաները չի մերժեր երբ անոնք սխալներ գործեն։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։13, 14) Արդարեւ, այս «հող»ը՝ ներկայ անկատար մարդիկը ներառեալ՝ Աստուծոյ սուրբ հոգիին աջակցութեամբ շատ բան կրնայ իրագործել։

Պետրոսի Հանդէպ Հաւասարակշռուած Տեսակէտ մը

13. Պետրոսի ո՞ր նկարագրի գծերը կրնան մեր միտքը գալ, բայց Յիսուս ինչո՞ւ զինք որպէս առաքեալ ընտրեց։

13 Այժմ հակիրճօրէն նկատի առնենք երկրորդ օրինակ մը, Պետրոս առաքեալի օրինակը։ Եթէ ձեզմէ խնդրուէր որ Պետրոսը նկարագրէիք, անմիջապէս պիտի մտածէի՞ք ասոնց նման յատկանիշներու մասին, ինչպէս՝ առաջ նետուող, յանդուգն, նոյնիսկ յաւակնոտ։ Արդարեւ, Պետրոս երբեմն այսպիսի նկարագրի գծեր ցուցաբերեց։ Բայց արդեօք Յիսուս Պետրոսը պիտի ընտրէ՞ր որպէս իր 12 առաքեալներէն մէկը, եթէ ան իրապէս առաջ նետուող, յանդուգն կամ յաւակնոտ անհատ մը ըլլար։ (Ղուկաս 6։12-14) Անշուշտ ոչ։ Յիսուս այս թերութիւնները անտեսեց եւ Պետրոսի դրական յատկութիւնները տեսաւ։

14. (ա) Ի՞նչ բան կրնայ բացատրել Պետրոսի երեւութական համարձակութիւնը։ (բ) Ինչո՞ւ երախտապարտ պէտք է ըլլանք որ Պետրոս յաճախ հարցումներ հարցուց։

14 Երբեմն Պետրոս միւս բոլոր առաքեալներուն համար որպէս խօսնակ ծառայեց։ Ոմանք ասիկա կրնան նկատել որպէս ապացոյց որ ան համեստութիւն չունէր։ Բայց պարագան իրապէս այդպէ՞ս էր։ Կ’ըսուի թէ Պետրոս թերեւս տարիքով միւս առաքեալներէն՝ նոյնիսկ Յիսուսէն՝ մեծ էր։ Եթէ ասիկա շիտակ է, կրնայ լուսաբանել թէ Պետրոս ինչո՛ւ յաճախ առաջին խօսողը կ’ըլլար։ (Մատթէոս 16։22) Սակայն, նկատի առնուելիք ուրիշ ազդակ մըն ալ կայ։ Պետրոս հոգեւոր տղամարդ մըն էր։ Իր գիտութեան ծարաւը զինք մղեց որ հարցումներ հարցնէ։ Ասիկա մեր օգտին ծառայած է։ Առ ի պատասխան Պետրոսի հարցումներուն, Յիսուս շատ մը թանկագին արտայայտութիւններ ըրաւ, որոնք Աստուածաշունչին մէջ պահպանուած են։ Օրինակ, Պետրոսի մէկ խօսքին ընդառաջելով, Յիսուս ‘հաւատարիմ տնտեսին’ մասին խօսեցաւ։ (Ղուկաս 12։41-44) Նաեւ խորհեցէք Պետրոսի այս հարցումին մասին. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ Յիսուս հետեւեալ ամրապնդիչ խոստումը տայ. «Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ»։—Մատթէոս 15։15. 18։21, 22. 19։27-29

15. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Պետրոս իրապէս հաւատարիմ էր։

15 Պետրոս ուրիշ լաւ յատկութիւն մըն ալ ունէր. ան հաւատարիմ էր։ Երբ Յիսուսի աշակերտներէն շատեր դադրեցան իրեն հետեւելէ, քանի որ իր ուսուցումներէն մէկը չհասկցան, Պետրոսն էր որ 12 առաքեալներուն կողմէ խօսելով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս»։ (Յովհաննու 6։67-69) Այս խօսքերը որքա՜ն Յիսուսի սրտին դպչած ըլլալու էին։ Հետագային, երբ խուժան մը եկաւ Տէրը ձերբակալելու, իր առաքեալներուն մեծամասնութիւնը փախաւ։ Սակայն, Պետրոս հեռուէն ամբոխին հետեւեցաւ եւ ուղղակի քահանայապետին գաւիթը մտաւ։ Քաջութիւնը եւ ո՛չ թէ վախկոտութիւնն էր որ զինք հոն տարաւ։ Մինչ Յիսուս կը հարցաքննուէր, Պետրոս խումբ մը Հրեաներու միացաւ, որոնք վառած կրակի մը քով կը տաքնային։ Քահանայապետին ծառաներէն մէկը զինք ճանչցաւ ու ամբաստանեց որ Յիսուսի հետն էր։ Այո, Պետրոս իր Տէրը ուրացաւ, բայց չմոռնանք որ Յիսուսի հանդէպ իր հաւատարմութիւնն ու հոգածութիւնն էր որ զինք այդ վտանգաւոր կացութեան մէջ դրաւ. կացութիւն մը՝ որ առաքեալներուն մեծամասնութիւնը չհամարձակեցաւ դիմագրաւել։—Յովհաննու 18։15-27

16. Ի՞նչ գործնական պատճառի մը համար նկատի առինք Յովնանի ու Պետրոսի դրական յատկութիւնները։

16 Պետրոսի դրական յատկութիւնները գերազանցեցին իր թերացումները։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ Յովնանի մասին։ Ճիշդ ինչպէս որ Յովնանի ու Պետրոսի հանդէպ աւելի դրական տեսակէտ մը զարգացուցինք, նոյնպէս մեր անձերը պէտք է մարզենք, աւելի դրական կերպով մեր այժմու հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը արժեւորելու համար։ Ասիկա ընելը անոնց հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունենալու պիտի նպաստէ։ Ինչո՞ւ ասիկա ընելու իսկական կարիք մը կայ։

Դասը Կիրարկել՝ Ներկայիս

17, 18. (ա) Ինչո՞ւ կարելի է որ Քրիստոնեաներու միջեւ անհամաձայնութիւններ ծագին։ (բ) Աստուածաշունչի ո՞ր խրատը մեզի կրնայ օգնել որ մեր հաւատակիցներուն հետ եղած խնդիրները լուծենք։

17 Տնտեսական ամէն մակարդակի պատկանող, ինչպէս նաեւ կրթական ու ցեղային ամէն ենթահողէ տղամարդիկ, կիներ եւ երախաներ միութեամբ Եհովայի կը ծառայեն ներկայիս։ (Յայտնութիւն 7։9, 10) Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, անձնաւորութիւններու ի՜նչ այլազանութիւն մը կը գտնենք։ Քանի որ սերտ ընկերակցութեամբ Աստուծոյ կը ծառայենք, անպայման անհամաձայնութիւններ երբեմն պիտի ծագին։—Հռովմայեցիս 12։10. Փիլիպպեցիս 2։3

18 Թէեւ մեր եղբայրներուն թերութիւնները կը նկատենք, բայց անոնց վրայ չենք կեդրոնանար։ Կը ջանանք Եհովան ընդօրինակել, որուն մասին սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ»։ (Սաղմոս 130։3) Փոխանակ կեդրոնանալու նկարագրի այն գծերուն վրայ, որոնք կրնան մեզ իրարմէ բաժնել, ‘հետամուտ կ’ըլլանք խաղաղութեան եւ շինութեան՝ իրարու հանդէպ’։ (Հռովմայեցիս 14։19, Երուսաղէմ) Կը ջանանք անհատները դիտել Եհովայի տեսանկիւնէն, թերութիւնները անտեսելով եւ անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանալով։ Ասիկա ընելը մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք իրարու ‘հանդուրժել’։—Կողոսացիս 3։13, Երուսաղէմ

19. Ուրուագծեցէք կարգ մը գործնական քայլեր, զորս Քրիստոնեայ մը կրնայ առնել լուրջ թիւրիմացութիւններ լուծելու համար։

19 Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ թիւրիմացութիւններ ծագին, որոնք կը շարունակեն սրտացաւ պատճառել։ (Սաղմոս 4։4) Այսպիսի բան մը պատահա՞ծ է ձեր ու հաւատակիցի մը միջեւ։ Ինչո՞ւ չփորձէք հարցը լուծել։ (Ծննդոց 32։13-15) Նախ, Եհովայի աղօթեցէք, իր առաջնորդութիւնը խնդրելով։ Ապա, անհատին լաւ յատկութիւնները ի մտի ունենալով, անոր մօտեցէք «իմաստութեան հեզութիւնով»։ (Յակոբու 3։13) Անոր ըսէք թէ կ’ուզէք խաղաղութիւն հաստատել։ Մտաբերեցէք այս ներշնչեալ խրատը. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ (Յակոբու 1։19) ‘Բարկանալու մէջ ծանր ըլլալու’ խրատը ենթադրել կու տայ թէ դիմացի անհատը կրնայ ընել կամ ըսել բան մը, որ ձեզ կը բարկացնէ։ Եթէ ասիկա պատահի, Եհովայէ օգնութիւն խնդրեցէք որ ինքնազսպում գործադրէք։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Թոյլ տուէք որ ձեր եղբայրը իր ըսելիքը ըսէ, եւ ուշի–ուշով իրեն մտիկ ըրէք։ Մի՛ միջամտէք, նոյնիսկ եթէ անոր բոլոր ըսածներուն հետ չէք համաձայնիր։ Անոր տեսակէտը կրնայ սխալ ըլլալ, սակայն ի վերջոյ ատիկա իր տեսակէտն է։ Փորձեցէք խնդիրը դիտել անոր տեսանկիւնէն։ Ասիկա թերեւս նշանակէ որ դուք ձեզ դիտէք ձեր եղբօր տեսանկիւնէն։—Առակաց 18։17

20. Երբ թիւրիմացութիւններ ձեռք կ’առնէք, ի՞նչ յաւելեալ քայլեր հաւանաբար կրնան հաշտութիւն յառաջ բերել։

20 Երբ ձեր կարգը գայ խօսելու, քաղցրալեզու եղէք։ (Կողոսացիս 4։6) Ձեր եղբօր ըսէք թէ իր ո՛ր բաները կը հաւնիք։ Թիւրիմացութեան մէջ ձեր ունեցած բաժինին համար ներողութիւն խնդրեցէք։ Եթէ ձեր խոնարհ ջանքերը հաշտութիւն յառաջ բերեն, Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցէք։ Եթէ ոչ, շարունակեցէք Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրել, մինչ կը ջանաք խաղաղութիւն ընելու յաւելեալ առիթներ փնտռել։—Հռովմայեցիս 12։18

21. Այս քննարկումը ի՞նչպէս օգնեց ձեզի որ ուրիշները դիտէք ինչպէս Եհովա կը դիտէ զանոնք։

21 Եհովա իր բոլոր ծառաները կը սիրէ։ Ան կը հաճի մեզ գործածել իր ծառայութեան մէջ, հակառակ մեր անկատարութիւններուն։ Մինչ ուրիշներու նկատմամբ իր տեսակէտին մասին աւելի կը սորվինք, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը պիտի աճի։ Եթէ Քրիստոնեայ հաւատակիցի մը հանդէպ մեր սէրը պաղած է, կարելի է զայն վերարծարծել։ Մեծապէս պիտի օրհնուինք եթէ վճռակամօրէն ջանանք ուրիշները դրական տեսանկիւնէ մը դիտել. այո, զիրենք Եհովայի տեսանկիւնէն դիտենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Հետագային բացայայտ դարձաւ որ վայելուչ Եղիաբ Իսրայէլի թագաւորը ըլլալու յարմար յատկութիւնները չունէր։ Երբ հսկայ Փղշտացի Գողիաթը Իսրայելացիներուն ասպարէզ կարդաց, Եղիաբ եւ Իսրայէլի միւս բոլոր տղամարդիկը վախցան անոր դէմ ելլելու։—Ա. Թագաւորաց 17։11, 28-30

^ պարբ. 7 Յերոբովամ Բ. Թագաւորի կարգ մը կարեւոր նուաճումներն ու նախկին հողամասի վերագրաւումը, եւ որպէս արդիւնք՝ հաւաքուած տուրքերը, փաստօրէն աւելցուցին հիւսիսային թագաւորութեան հարստութիւնը։—Բ. Թագաւորաց 8։6. Դ. Թագաւորաց 14։23-28. Բ. Մնացորդաց 8։3, 4. Ամովսայ 6։2

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Եհովա ի՞նչ աչքով կը դիտէ իր հաւատարիմ ծառաներուն թերացումները։

• Յովնանի ու Պետրոսի ո՞ր դրական յատկութիւնները կրնաք թուել։

• Ձեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն հանդէպ ի՞նչպիսի տեսակէտ մը վճռած էք պահպանել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 10]

Խորհեցէք թէ Աստուած ի՛նչպէս կը նկատէ ուրիշները

Մինչ Յովնանի մասին Աստուածաշունչի արձանագրութեան վրայ կը խոկաք, կարիքը կը տեսնէ՞ք նոր տեսանկիւնէ մը դիտելու այն անհատները, որոնց կանոնաւորաբար բարի լուրը կը քարոզէք։ Թերեւս անոնք Իսրայելացիներուն նման ինքնագոհ կամ անտարբեր կը թուին ըլլալ, կամ՝ Աստուծոյ պատգամին կը հակառակին։ Այսուհանդերձ, Եհովա Աստուած ի՞նչպէս կը նկատէ զանոնք։ Նոյնիսկ կարգ մը անհատներ որ իրերու այս դրութեան մէջ կարկառուն են, կրնան օր մը Եհովան փնտռել, ճիշդ ինչպէս որ Նինուէի թագաւորը զղջաց Յովնանի քարոզչութեան շնորհիւ։—Յովնանու 3։6, 7

[Նկար՝ էջ 11]

Ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն կը դիտէ՞ք

[Նկար՝ էջ 8, 9]

Յիսուս Յովնանի փորձառութենէն դրական բան մը քաղեց ու անոր մասին խօսեցաւ