Հարց կու տա՞ք թէ «ո՞ւր է Եհովան»
Հարց կու տա՞ք թէ «ո՞ւր է Եհովան»
«Ինծմէ հեռացան . . . ու չըսին թէ ‘Ո՞ւր է Եհովան’»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 2։5, 6, ՆԱ
1. Ինչո՞ւ ոմանք հարց կու տան թէ «Ո՞ւր է Աստուած»։
«Ո՞ՒՐ է Աստուած»։ Բազմաթիւ անհատներ հարցուցած են այս հարցումը։ Ոմանք պարզապէս կը փորձէին հասկնալ Ստեղծիչին մասին հիմնական իրողութիւն մը, թէ ան ո՞ւր կը բնակի։ Ուրիշներ այդ հարցումը հարցուցած են համատարած աղէտէ մը ետք, կամ երբ անձամբ մեծ նեղութիւն մը ունեցած են եւ չեն կրցած հասկնալ թէ Աստուած ինչո՛ւ չէ միջամտած։ Մինչ ուրիշներ բոլորովին անտարբեր են այս հարցին շուրջ, քանի որ Աստուծոյ գոյութեան գաղափարն իսկ կը մերժեն։—Սաղմոս 10։4
2. Աստուած փնտռելու մէջ որո՞նք յաջողութիւն կը գտնեն։
2 Անշուշտ կան շատեր, որոնք կ’ընդունին այն բազմաթիւ ապացոյցները թէ Աստուած մը գոյութիւն ունի։ (Սաղմոս 19։1. 104։24) Ասոնցմէ ոմանք կը գոհանան պարզապէս որոշ կրօնքի մը հետեւելով։ Սակայն, ճշմարտութեան հանդէպ խոր սէրը միլիոնաւոր անհատներ մղած է բոլոր երկիրներու մէջ, որ ճշմարիտ Աստուածը փնտռեն։ Անոնց ջանքերը ի դերեւ չեն ելած, քանի որ ան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։—Գործք 17։26-28
3. (ա) Աստուած ո՞ւր կը բնակի։ (բ) «Ո՞ւր է Եհովան» սուրբ գրային հարցումին նշանակութիւնը ի՞նչ է։
3 Երբ անհատ մը իրապէս գտնէ Եհովան, ան կը գիտակցի թէ «Աստուած հոգի է», մարդոց աչքերուն անտեսանելի։ (Յովհաննու 4։24) Յիսուս ճշմարիտ Աստուծոյ ակնարկեց որպէս ‘իմ երկնաւոր Հայրս’։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Թէ մեր երկնաւոր Հօր բնակած ծիրը, հոգեւոր առումով վեհ է, ինչպէս որ բառացի երկինքը երկրէն բարձր է։ (Մատթէոս 12։50. Եսայեայ 63։15) Թէեւ չենք կրնար մեր աչքերով Աստուած տեսնել, սակայն ան կարելի կը դարձնէ որ զինք ճանչնանք եւ իր նպատակներուն մասին շատ բան սորվինք։ (Ելից 33։20. 34։6, 7) Ան կեանքի իմաստը փնտռող անկեղծ անհատներուն հարցումներուն կը պատասխանէ։ Մեր կեանքին ազդող հարցերուն շուրջ, ան վստահելի հիմ մը կը հայթայթէ, որով կրնանք գիտնալ իր տեսակէտը, այսինքն՝ թէ ան ի՛նչպէս կը դիտէ այսպիսի հարցեր եւ թէ մեր փափաքները իր նպատակներուն հետ ներդաշնակ են կամ ոչ։ Ան կ’ուզէ որ այսպիսի հարցերու շուրջ հարցումներ հարցնենք եւ լրջօրէն ջանանք պատասխաններ գտնել։ Երեմիա մարգարէին միջոցաւ, Եհովա վաղեմի Իսրայէլ ազգը յանդիմանեց, քանի որ ասիկա չըրին։ Անոնք Աստուծոյ անունը գիտէին, բայց չհարցուցին՝ «Ո՞ւր է Եհովան»։ (Երեմեայ 2։6, ՆԱ) Եհովայի նպատակը իրենց գլխաւոր հետաքրքրութիւնը չէր։ Անոնք իր առաջնորդութիւնը չէին փնտռեր։ Երբ մեծ կամ պզտիկ որոշումներու առջեւ գտնուիք, հարց կու տա՞ք՝ «Ո՞ւր է Եհովան»։
Աստուած Փնտռող Անհատներ
4. Եհովայի հարցնելու Դաւիթի օրինակէն ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։
4 Երբ տակաւին պատանի մըն էր, Յեսսէի որդին Դաւիթ Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատք մշակեց։ Ան գիտէր թէ Եհովան ‘կենդանի Աստուածն’ էր։ Դաւիթ անձամբ Եհովայի պաշտպանութիւնը վայելած էր։ ‘Աստուծոյ անուան’ հանդէպ հաւատքէ ու սէրէ մղուած, Դաւիթ շատ լաւ սպառազինուած Փղշտացի հսկայ Գողիաթը սպաննեց։ (Ա. Թագաւորաց 17։26, 34-51) Սակայն, Դաւիթի յաջողութիւնը զինք ինքնավստահ չդարձուց։ Ան չտրամաբանեց որ այլեւս ի՛նչ որ ընէր, Եհովա զինք պիտի օրհնէր։ Յաջորդ տարիներուն, կրկին անգամ ան Եհովայի հարցուց, երբ որոշումներու դիմաց գտնուեցաւ։ (Ա. Թագաւորաց 23։2. 30։8. Բ. Թագաւորաց 2։1. 5։19) Ան շարունակեց աղօթել. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի, քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։ Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր»։ (Սաղմոս 25։4, 5) Մեզի համար հետեւելիք ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։
5, 6. Յովսափատ ի՞նչպէս Եհովան փնտռեց իր կեանքի զանազան հանգրուաններու ընթացքին։
Բ. Մնացորդաց 20։1-3) Ասիկա առաջին անգամը չէր որ Յովսափատ Եհովան կը փնտռէր։ Այս թագաւորը մերժած էր Բահաղի պաշտամունքը, որուն մէջ մխրճուած էր հաւատուրաց Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը, եւ ընտրած էր Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալել։ (Բ. Մնացորդաց 17։3, 4) Ուստի, երբ Յովսափատ տագնապի մը առջեւ գտնուեցաւ, ան ի՞նչպէս ‘Եհովան փնտռեց’։
5 Դաւիթի արքայական շառաւիղէն եղող հինգերորդ թագաւորին՝ Յովսափատի օրերուն, երեք ազգերու միացած բանակները Յուդայի դէմ պատերազմելու ելան։ Այս ազգային մեծ վտանգը դիմագրաւելով, Յովսափատ «Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ»։ (6 Այս ճակատագրական ժամանակին Երուսաղէմի մէջ մատուցած իր հանրային աղօթքին մէջ, Յովսափատ նշեց թէ ինք Եհովայի ամենակալ զօրութիւնը մտաբերած էր։ Ան խորապէս մտածած էր Եհովայի նպատակին մասին, որ յայտնուած էր օտար ազգերը դուրս վռնտելով եւ Իսրայէլի որոշ հողամաս մը տալով որպէս ժառանգութիւն։ Թագաւորը նշեց թէ Եհովայի օգնութեան կարիքը ունէր։ (Բ. Մնացորդաց 20։6-12) Այդ առթիւ Եհովա թոյլ տուա՞ւ որ զինք գտնեն։ Արդարեւ այո։ Ղեւտացի Յազիէլի միջոցաւ, Եհովա մասնայատուկ ուղղութիւններ հայթայթեց, եւ յաջորդ օրը Իր ժողովուրդին յաղթանակ տուաւ։ (Բ. Մնացորդաց 20։14-28) Ի՞նչպէս կրնաք վստահ ըլլալ թէ Եհովա ձեզի ալ թոյլ պիտի տայ որ զինք գտնէք, երբ առաջնորդութեան համար իրեն դիմէք։
7. Աստուած որո՞նց աղօթքները կը լսէ։
7 Եհովա անաչառ է։ Ան ամէն ազգէ մարդիկ կը հրաւիրէ որ աղօթքով զինք փնտռեն։ (Սաղմոս 65։2. Գործք 10։34, 35) Ան իրեն խնդրանքներ մատուցանող անհատներուն սրտին մէջի եղածը գիտէ։ Ան կը վստահեցնէ մեզ թէ արդարներուն աղօթքները կը լսէ։ (Առակաց 15։29) Ան թոյլ կու տայ որ ոմանք զինք գտնեն, որոնք նախապէս իրեն հանդէպ հետաքրքրութիւն չէին ցուցաբերած, բայց այժմ խոնարհութեամբ իր առաջնորդութիւնը կը փնտռեն։ (Եսայեայ 65։1) Ան նոյնիսկ կը լսէ անոնց աղօթքները, որոնք իր օրէնքը չեն պահած, բայց հիմա խոնարհաբար կը զղջան։ (Սաղմոս 32։5, 6. Գործք 3։19, 20) Սակայն, երբ անհատի մը սիրտը Աստուծոյ հնազանդ չէ, այդ անհատին աղօթքները ունայն են։ (Մարկոս 7։6, 7) Նկատի առէք կարգ մը օրինակներ։
Անոնք Խնդրեցին, Բայց Չստացան
8. Ի՞նչ բան Սաւուղ Թագաւորին աղօթքները Եհովայի անընդունելի դարձուց։
8 Սամուէլ մարգարէն Սաւուղ Թագաւորին ըսելէ ետք թէ Աստուած զինք մերժած է իր անհնազանդութեան պատճառաւ, Սաւուղ Եհովայի երկրպագութիւն ըրաւ։ (Ա. Թագաւորաց 15։30, 31) Սակայն ասիկա միայն ձեւակերպութիւն մըն էր։ Սաւուղ կը փափաքէր ո՛չ թէ Աստուծոյ հնազանդիլ, այլ՝ ժողովուրդին առջեւ պատուուիլ։ Հետագային, երբ Փղշտացիները Իսրայէլի դէմ պատերազմ կը մղէին, Սաւուղ Եհովայի հարցնելու ձեւական քայլեր առաւ։ Բայց երբ պատասխան մը չստացաւ, ան ոգեհարցի մը դիմեց, թէեւ գիտէր թէ Եհովա կը դատապարտէր ասիկա։ (Բ. Օրինաց 18։10-12. Ա. Թագաւորաց 28։6, 7) Հարցը ամփոփելով, Ա. Մնացորդաց 10։14–ը Սաւուղի մասին կ’ըսէ. «Տէրոջը չհարցուց»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սաւուղի աղօթքները հաւատքի վրայ հիմնուած չէին. հետեւաբար, որպէս թէ ան երբեք աղօթած չըլլար։
9. Եհովայի ուղղութիւնը խնդրելու մէջ Սեդեկիան ո՞ւր սխալեցաւ։
9 Նոյնպէս, մինչ Յուդայի թագաւորութեան վախճանը կը մօտենար, ոմանք ա՛լ աւելի աղօթքներ մատուցանեցին եւ Եհովայի մարգարէներուն դիմեցին։ Սակայն, ժողովուրդը մէկ կողմէ կը դաւանէր Եհովան պաշտել, միւս կողմէ կռապաշտութեան կը հետեւէր։ (Սոփոնեայ 1։4-6) Թէեւ անոնք Աստուծոյ հարցնելու ձեւական քայլեր առին, սակայն իրենց սրտերը չպատրաստեցին որ իր կամքին ենթարկուին։ Սեդեկիա Թագաւորը Երեմիայի աղերսեց որ Եհովայի հարցնէ ի նպաստ իրեն։ Եհովա արդէն իսկ թագաւորին ըսած էր թէ ի՛նչ պէտք էր ընէր։ Սակայն, հաւատք չունենալով եւ մարդու վախին տեղի տալով, թագաւորը Եհովայի ձայնին չհնազանդեցաւ, իսկ Եհովա անոր տարբեր պատասխան մը չտուաւ, որ թագաւորը կը նախընտրէր։—Երեմեայ 21։1-12. 38։14-19
10. Եհովայի ուղղութիւնը խնդրելու մէջ Յօհանան ո՞ւր սխալեցաւ, եւ իր սխալէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։
10 Երուսաղէմի կործանումէն եւ բաբելոնական բանակը Հրեայ գերիներով մեկնելէ ետք, Յօհանան Երեմեայ 41։16–43։7) Այս դէպքերէն կրնա՞ք դասեր քաղել, որպէսզի երբ Եհովայի երեսը փնտռէք, ան թոյլ տայ որ զինք գտնէք։
պատրաստուեցաւ Յուդայի մէջ մնացած Հրեաներու պզտիկ խումբը Եգիպտոս տանելու։ Անոնք ծրագիրներ դրին, բայց մեկնելէ առաջ Երեմիայէ խնդրեցին որ իրենց համար աղօթէ եւ Եհովայի ուղղութիւնը խնդրէ։ Սակայն երբ իրենց ուզած պատասխանը չառին, անոնք ըրին ի՛նչ որ ծրագրած էին։ («Քննեցէք»
11. Եփեսացիս 5։10–ն ինչո՞ւ պէտք է կիրարկենք։
11 Ճշմարիտ պաշտամունքը՝ մեր նուիրումը ջուրի մէջ մկրտուելով խորհրդանշելէ, ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուելէ, եւ հանրային ծառայութեան մասնակցելէ աւելին կը պարփակէ։ Մեր ամբողջ ապրելակերպը պարփակուած է։ Ամէն օր ճնշումներու կ’ենթարկուինք, ոմանք՝ խորամանկ իսկ ուրիշներ՝ աւելի բացայայտ, որոնք կրնան մեզ աստուածպաշտութեան հետ ներդաշնակ եղող ճամբէն շեղեցնել։ Ի՞նչպէս պիտի հակազդենք։ Եփեսոսի մէջ գտնուող հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին»։ (Եփեսացիս 5։10) Ասիկա ընելուն իմաստութիւնը ցոյց տրուած է Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած բազմաթիւ պարագաներով։
12. Եհովայի ինչո՞ւ տհաճեցաւ, երբ Դաւիթ կարգադրեց որ ուխտին տապանակը Երուսաղէմ փոխադրուի։
12 Ուխտին տապանակը Իսրայէլ վերադառնալէ եւ երկար տարիներ Կարիաթարիմի մէջ մնալէ ետք, Դաւիթ Թագաւոր փափաքեցաւ զայն Երուսաղէմ փոխադրել։ Ան ժողովուրդին իշխաններուն խորհուրդը առաւ եւ ըսաւ թէ Տապանակը պիտի փոխադրուէր ‘եթէ անոնց հաճոյ կ’երեւնար ու այս բանը Եհովայի ընդունելի էր’։ Բայց ան այս հարցին շուրջ Եհովայի կամքէն վստահ ըլլալու համար բաւարար փնտռտուք չըրաւ։ Եթէ ասիկա ընէր, Տապանակը երբեք կառքի մը վրայ պիտի չբեռցուէր։ Կահաթացի Ղեւտացիներ զայն իրենց ուսերուն վրայ պիտի վերցնէին, ինչպէս որ Աստուած յստակօրէն պատուիրած էր։ Թէեւ Դաւիթ յաճախ Եհովայի կը հարցնէր, բայց այս առթիւ ան ասիկա պատշաճօրէն չըրաւ։ Հետեւանքը աղիտալի էր։ Հետագային, Դաւիթ ընդունեց. «Տէրը՝ մեր Աստուածը մեզ զարկաւ, քանի որ զայն կանոնին համաձայն չփնտռեցինք»։—Ա. Մնացորդաց 13։1-3. 15։11-13, ԱՎ. Թուոց 4։4-6, 15. 7։1-9
13. Տապանակը յաջողութեամբ փոխադրելու ժամանակ, երգուած երգի մը մէջ ի՞նչ վերյիշեցում կար։
13 Վերջապէս երբ Տապանակը Ղեւտացիներուն միջոցաւ Աբդեդօմի տունէն Երուսաղէմ փոխադրուեցաւ, Դաւիթի յօրինած մէկ երգը երգուեցաւ։ Անոր մէջ հետեւեալ սրտագին վերյիշեցումը կար. «Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք, ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՛ք։ Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները, անոր նշաններն ու բերնին դատաստանները»։—Ա. Մնացորդաց 16։11, 12
14. Ի՞նչպէս կրնանք Սողոմոնի լաւ օրինակէն եւ հետագային իր գործած սխալներէն օգտուիլ։
14 Իր մահէն առաջ, Դաւիթ իր որդւոյն՝ Սողոմոնի խրատեց, ըսելով. «Եթէ [Եհովան] փնտռես՝ պիտի գտնես»։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Երբ գահը բարձրացաւ, Սողոմոն Գաբաւոն գնաց, ուր վկայութեան խորանը կը գտնուէր, եւ Եհովայի զոհեր մատուցանեց։ Հոն Եհովա Սողոմոնի ըսաւ. «Խնդրէ՛, քեզի ի՞նչ տամ»։ Սողոմոնի խնդրանքին ընդառաջելով, Եհովա անոր առատօրէն իմաստութիւն ու գիտութիւն տուաւ Իսրայէլը դատելու համար, եւ ասոնց կողքին՝ հարստութիւն ու փառք ալ տուաւ։ (Բ. Մնացորդաց 1։3-12) Եհովայի կողմէ Դաւիթի հայթայթուած յատակագիծը գործածելով, Սողոմոն շքեղ տաճար մը շինեց։ Սակայն իր ամուսնական մարզէն ներս, Սողոմոն Եհովան չփնտռեց։ Սողոմոն Եհովայի երկրպագուներ չեղող կիներու հետ ամուսնացաւ։ Իր ծերութեան տարիներուն, անոնք իր սիրտը Եհովայէն հեռացուցին։ (Գ. Թագաւորաց 11։1-10) Որքա՛ն ալ կարկառուն, իմաստուն կամ գիտուն թուինք ըլլալ, կարեւոր է որ շարունակենք «քննել թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին»։
15. Երբ Եթովպիացի Զարա Յուդայի դէմ եկաւ, Ասա ինչո՞ւ կրնար վստահութեամբ աղօթել որ Եհովա պիտի ազատագրէր Յուդան։
15 Ասոր կարիքը դարձեալ կը շեշտէ Ասա Թագաւորին արձանագրութիւնը, որ Սողոմոնի մէկ թոռնորդին էր։ Ասա թագաւոր ըլլալէն տասնըմէկ տարի ետք, Եթովպիացի Զարա մէկ միլիոն զինուորներով Յուդայի դէմ եկաւ։ Եհովա պիտի ազատէ՞ր Յուդան։ Աւելի քան 500 տարի առաջ, Եհովա յստակօրէն ըսած էր թէ իր ժողովուրդը ի՛նչ կրնար ակնկալել եթէ իրեն մտիկ ընէր եւ իր պատուիրանները պահէր եւ ի՛նչ կրնար ակնկալել եթէ ասոնք չընէր։ (Բ. Օրինաց 28։1, 7, 15, 25) Իր իշխանութեան սկիզբը, Ասա Յուդայէն վերցուցած էր սուտ կրօնքի մէջ գործածուած զոհասեղաններն ու արձանները։ Ան ժողովուրդը յորդորած էր որ ‘Եհովան փնտռեն’։ Ասա այս քայլերը առաւ աղէտ մը դիմագրաւելէ առաջ։ Ուստի Եհովայի հանդէպ հաւատք ունենալով, Ասա կրնար աղօթել որ Աստուած իրենց ի նպաստ գործի լծուէր։ Արդի՞ւնքը։ Յուդայի մեծ յաղթանակ մը տրուեցաւ։—Բ. Մնացորդաց 14։2-12
16, 17. (ա) Թէեւ Ասա յաղթանակ տարած էր, բայց Եհովա իրեն ի՞նչ վերյիշեցում տուաւ։ (բ) Երբ Ասա անխոհեմօրէն վարուեցաւ, իրեն ի՞նչ օգնութիւն մատուցուեցաւ, բայց ան ի՞նչպէս հակազդեց։ (գ) Ասայի ընթացքը նկատի առնելով ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։
16 Այսուհանդերձ, երբ Ասա յաղթական վերադարձաւ, Եհովա Ազարիան ղրկեց թագաւորը դիմաւորելու եւ անոր ըսելու. «Ո՛վ Ասա ու բոլոր Յուդա ու Բենիամին, ինծի մտիկ ըրէք. Տէրը ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք ու եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու»։ (Բ. Մնացորդաց 15։2) Վերանորոգուած նախանձախնդրութեամբ, Ասա ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղեց։ Բայց 24 տարի ետք, երբ դարձեալ պատերազմ մը դիմագրաւեց, Ասա Եհովան չփնտռեց։ Ան Աստուծոյ Խօսքին չդիմեց եւ չմտաբերեց ինչ որ Եհովա ըրաւ, երբ Եթովպիացիներու բանակը Յուդա ներխուժեց։ Անխոհեմօրէն ան Սուրիոյ հետ դաշինք կնքեց։—Բ. Մնացորդաց 16։1-6
17 Ասոր համար, Եհովա Անանի տեսանողը ղրկեց որ Ասան յանդիմանէ։ Նոյնիսկ այդ պահուն, երբ հարցին շուրջ Եհովայի տեսակէտը բացատրուեցաւ, Ասա կրնար օգտուիլ։ Բայց ան սրդողեցաւ, եւ Անանին բանտը նետեց։ (Բ. Մնացորդաց 16։7-10) Որքա՜ն ցաւալի։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Աստուած կը փնտռենք, բայց ետքը կը մերժե՞նք խրատ ընդունիլ։ Երբ հետաքրքրուած ու հոգածու երէց մը Աստուածաշունչը գործածելով մեզ խրատէ, քանի որ սկսած ենք աշխարհային բաներու անձնատուր ըլլալ, գնահատութիւն կը ցուցաբերե՞նք մեզի տրուած այդ սիրալիր օգնութեան համար, որ գիտնանք թէ «ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին»։
Մի՛ Մոռնաք Հարցնել
18. Ի՞նչպէս կրնանք Եղիուսի կողմէ Յոբի ուղղուած խօսքերէն օգտուիլ։
18 Ճնշումի ներքեւ, նոյնիսկ Եհովայի ծառայութեան մէջ լաւ արձանագրութիւն մը շինած անհատ մը կրնայ թերանալ։ Երբ Յոբ զզուելի հիւանդութեամբ մը զարնուեցաւ, իր զաւակներն ու նիւթական ստացուածքները կորսնցուց, եւ իր ընկերակիցներուն կողմէ սուտ կերպով ամբաստանուեցաւ, անոր բոլոր մտածումները իր Յոբայ 35։10) Յոբ պէտք ունէր իր ուշադրութիւնը Եհովայի վրայ կեդրոնացնելու եւ նկատի առնելու թէ Ան կացութիւնը ի՛նչ աչքով կը դիտէր։ Յոբ խոնարհութեամբ ընդունեց այդ վերյիշեցումը, եւ իր օրինակը կրնայ մեզի օգնել որ նոյնը ընենք։
անձին վրայ կեդրոնացան։ Եղիուս անոր վերյիշեցուց. «Մէ՛կը չ’ըսեր թէ ‘Զիս ստեղծող Աստուածը ո՞ւր է’»։ (19. Իսրայելացիները յաճախ ի՞նչ բան չըրին։
19 Իսրայելացիները իրենց ազգին հետ Աստուծոյ գործառնութիւններուն արձանագրութենէն տեղեակ էին։ Բայց շատ յաճախ, անոնք զայն չմտաբերեցին, երբ իրենց կեանքին մէջ մասնայատուկ պարագաներ ձեռք կ’առնէին։ (Երեմեայ 2։5, 6, 8) Երբ որոշումներու առջեւ գտնուեցաւ, անոնք իրենց անձնական հաճոյքին ետեւէն գացին, փոխանակ հարցնելու՝ «Ո՞ւր է Եհովան»։—Եսայեայ 5։11, 12
Շարունակեցէք Հարցնել՝ «Ո՞ւր Է Եհովան»
20, 21. (ա) Ներկայիս որո՞նք Եղիսէի հոգին ցուցաբերած են, Եհովայի ուղղութիւնը փնտռելով։ (բ) Հաւատքի անոնց օրինակը ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել եւ անկէ օգտուիլ։
20 Երբ Եղիայի հանրային ծառայութիւնը վերջ գտաւ, անոր ծառան՝ Եղիսէ, անոր վրայէն ինկած պաշտօնական վերարկուն առաւ, Յորդանան Գետը գնաց, ջուրերուն զարկաւ եւ հարցուց. «Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա»։ (Դ. Թագաւորաց 2։14) Եհովա պատասխանեց, ցոյց տալով թէ այժմ իր հոգին Եղիսէի վրայ էր։ Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
21 Նման բան մը տեղի ունեցաւ արդի ժամանակներուն։ Քարոզչութեան գործին մէջ առաջնորդութիւն առնող օծեալ Քրիստոնեաներ մահացան։ Այն ատեն վերատեսչութիւն ստանձնողները Սուրբ Գրութիւնները քննեցին եւ ուղղութեան համար Եհովայի աղօթեցին։ Անոնք միշտ հարցուցին՝ «Ո՞ւր է Եհովան»։ Որպէս արդիւնք, Եհովա շարունակեց իր ժողովուրդը առաջնորդել եւ անոնց գործունէութիւնը ուռճացնել։ Անոնց հաւատքը կ’ընդօրինակե՞նք։ (Եբրայեցիս 13։7) Եթէ այո, Եհովայի կազմակերպութեան մօտիկ պիտի մնանք, անոր տուած ուղղութեան պիտի ընդառաջենք, եւ լիովին պիտի մասնակցինք այն գործին, զոր կը կատարէ Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ։—Զաքարեայ 8։23
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Ի՞նչ նպատակով պէտք է հարց տանք թէ «Ո՞ւր է Եհովան»։
• Ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք «Ո՞ւր է Եհովան» հարցումին պատասխանը գտնել։
• Ինչո՞ւ Աստուծոյ ուղղութիւնը հայցող կարգ մը աղօթքներ անպատասխան կը մնան։
• Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ պէտք է «քննենք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին»։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 19]
Յովսափատ Թագաւոր ի՞նչպէս Եհովան փնտռեց
[Նկար՝ էջ 20]
Սաւուղ ինչո՞ւ ոգեհարցի մը դիմեց
[Նկարներ՝ էջ 21]
Աղօթեցէք, ուսումնասիրեցէք եւ խոկացէք, վստահ ըլլալու համար թէ ‘ո՛ւր է Եհովան’