Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Մաքուր խղճմտանք ունեցէք»

«Մաքուր խղճմտանք ունեցէք»

«Մաքուր խղճմտանք ունեցէք»

ՅԱՃԱԽ լսուած խրատ մըն է՝ «Թող խիղճդ քեզ առաջնորդէ»։ Բայց որպէսզի մեր խիղճը վստահելի առաջնորդ մը ըլլայ, զինք պատշաճօրէն պէտք է մարզենք շիտակն ու սխալը զանազանելու համար, եւ անոր առաջնորդութեան պէտք է զգայուն ըլլանք։

Նկատի առէք Զաքէոսի փորձառութիւնը, որ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած է։ Երիքովի մէջ ապրող Զաքէոսը մաքսապետ ու հարուստ էր։ Իր խոստովանութեան համաձայն, ան զրպարտութեամբ հարստութիւն դիզած էր. անկասկած ուրիշներու վնաս հասցնելով։ Զաքէոսի խղճմտանքը զինք կը տանջէ՞ր իր անիրաւ արարքներուն պատճառաւ։ Եթէ այո, բացայայտ է որ ան կ’անտեսէր զայն։—Ղուկաս 19։1-7

Սակայն, պարագայ մը ծագեցաւ, որ պատճառ եղաւ որ Զաքէոս իր ընթացքը քննութեան ենթարկէ։ Յիսուս Երիքով եկաւ։ Կարճահասակ Զաքէոս ուզեց զինք տեսնել, բայց բազմութեան պատճառաւ չկրցաւ։ Ուստի յառաջ վազեց ու ծառի մը վրայ ելաւ, որպէսզի զինք աւելի լաւ տեսնէ։ Զաքէոսի բուռն հետաքրքրութենէն տպաւորուած, Յիսուս անոր ըսաւ թէ իրեն պիտի այցելէր իր տան մէջ։ Զաքէոս ուրախութեամբ հիւրասիրեց իր համբաւաւոր հիւրը։

Յիսուսի ընկերակցելով, Զաքէոս ինչ որ տեսաւ ու լսեց, իր սրտին դպաւ եւ զինք մղեց որ իր ապրելակերպը փոխէ։ Ան ծանուցանեց. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր»։—Ղուկաս 19։8

Զաքէոսի խղճմտանքը ցուցմունք ստացաւ, իսկ ինք անոր մտիկ ըրաւ ու ընդառաջեց։ Լաւ արդիւնքները հեռահաս էին։ Երեւակայեցէք թէ Զաքէոս ի՛նչպէս զգաց երբ Յիսուս իրեն ըսաւ. «Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ»։—Ղուկաս 19։9

Ի՜նչ քաջալերական օրինակ մը։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ նախապէս ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր հետապնդած ընթացքը, կրնա՛նք փոխուիլ։ Զաքէոսի նման, կրնանք Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն հնազանդիլ, եւ շիտակն ու սխալը զանազանելու մեր ըմբռնողութիւնը մշակել։ Այն ատեն, ինչպէս Պետրոս առաքեալ յորդորեց, կրնանք ‘մաքուր խղճմտանք ունենալ’։ Կրնանք մեր մարզուած խղճին մտիկ ընել եւ շիտակը ընել։—Ա. Պետրոս 3։16