Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞ւր կարելի է իսկական մխիթարութիւն գտնել

Ո՞ւր կարելի է իսկական մխիթարութիւն գտնել

Ո՞ւր կարելի է իսկական մխիթարութիւն գտնել

«Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ . . . մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1։3, 4

1. Ի՞նչ պայմաններ պատճառ կ’ըլլան որ մարդիկ մխիթարութեան մեծ կարիք ունենան։

ՀԱՇՄ դարձնող հիւանդութիւնը կրնայ անհատի մը այն զգացումը տալ թէ իր կեանքը փճացած է։ Երկրաշարժները, փոթորիկները եւ սովը, մարդիկը անօգնական վիճակի մէջ կը ձգեն։ Պատերազմը կրնայ ընտանիքի անդամներուն կեանքը խլել, տուներ կործանել, կամ՝ սեփականատէրերը ստիպել որ իրենց ստացուածքները լքեն։ Անարդարութիւնը մարդոց այն զգացումը կրնայ տալ թէ չկայ տեղ մը, որուն կրնան դիմել հանգստանալու համար։ Այսպիսի վայերէ վնասուած անհատներ մխիթարութեան մեծ կարիք ունին։ Անիկա ո՞ւր կարելի է գտնել։

2. Եհովայի հայթայթած մխիթարութիւնը ինչո՞ւ անզուգական է։

2 Կարգ մը անհատներ ու կազմակերպութիւններ կը ջանան մխիթարութիւն հայթայթել։ Ազնիւ խօսքերը գնահատելի են։ Նիւթական շտապ օգնութիւնը կրնայ կարճատեւ կարիքները լեցնել։ Բայց միայն Եհովա՝ ճշմարիտ Աստուածը՝ կրնայ բոլոր վնասները խափանել եւ հարկ եղած օգնութիւնը հայթայթել, այնպէս որ այսպիսի աղէտներ անգամ մը եւս չկրկնուին։ Իր մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք»։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Եհովա ի՞նչպէս մեզ կը մխիթարէ։

Խնդիրներուն Բուն Պատճառը Ձեռք Առնել

3. Աստուծոյ հայթայթած մխիթարութիւնը ի՞նչպէս մարդկութեան խնդիրներուն բուն պատճառը ձեռք կ’առնէ։

3 Ամբողջ մարդկային ընտանիքը անկատարութիւն ժառանգած է Ադամի մեղքին հետեւանքով, եւ ասիկա անհամար խնդիրներու դուռ բացած է, որոնք ի վերջոյ մահուան կ’առաջնորդեն։ (Հռովմայեցիս 5։12) Բանսարկու Սատանան «այս աշխարհին իշխանը» ըլլալով, կացութիւնը բարդացած է։ (Յովհաննու 12։31. Ա. Յովհաննու 5։19) Եհովա մարդկութեան դիմագրաւած ապերջանիկ կացութեան հանդէպ իր վիշտը արտայայտելէն աւելին ըրաւ։ Ան իր միածին որդին որպէս փրկանք ղրկեց ազատագրութիւն հայթայթելու համար, եւ մեզի ըսաւ թէ կրնանք Ադամական մեղքին ազդեցութիւններէն ազատուիլ, եթէ Իր Որդւոյն հաւատք ընծայենք։ (Յովհաննու 3։16. Ա. Յովհաննու 4։10) Աստուած նաեւ նախագուշակեց թէ Յիսուս Քրիստոս, որուն ամէն իշխանութիւն տրուած է երկնքի ու երկրի մէջ, Սատանան ու իր իրերու ամբարիշտ դրութիւնը պիտի կործանէ։—Մատթէոս 28։18. Ա. Յովհաննու 3։8. Յայտնութիւն 6։2. 20։9, 10

4. (ա) Իր խոստումներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը ամրապնդելու համար, Եհովա ի՞նչ հայթայթած է։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ ըմբռնենք թէ ազատագրութիւնը ե՛րբ պիտի գայ։

4 Իր խոստումներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը ամրապնդելու համար, Աստուած բազմաթիւ ապացոյցներ արձանագրել տուած է, թէ ի՛նչ որ կը նախագուշակէ անպայման կը կատարուի։ (Յեսուայ 23։14) Ան Աստուածաշունչին մէջ արձանագրել տուած է թէ ի՛նչ ըրած է իր ծառաները ազատագրելու համար մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած անել կացութիւններէ։ (Ելից 14։4-31. Դ. Թագաւորաց 18։13–19։37) Իսկ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, Եհովա ցոյց տուաւ թէ իր նպատակը կը պարփակէ մարդոց «բոլոր հիւանդութիւնները» բուժել, նոյնիսկ՝ մեռելները յարուցանել։ (Մատթէոս 9։35. 11։3-6) Այս բոլորը ե՞րբ տեղի պիտի ունենան։ Առ ի պատասխան, Աստուածաշունչը կը պարունակէ նկարագրութիւն մը այս հին դրութեան վերջին օրերուն մասին, որոնք կը կանխեն Աստուծոյ նոր երկինքն ու նոր երկիրը։ Յիսուսի նկարագրութիւնը կը յարմարի մեր ապրած ժամանակներուն։—Մատթէոս 24։3-14. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

Մխիթարութիւն՝ Նեղութեան Մէջ Եղող Ժողովուրդի մը

5. Վաղեմի Իսրայէլը մխիթարելու ատեն, Եհովա անոնց ուշադրութիւնը ի՞նչ բանի դարձուց։

5 Վաղեմի Իսրայէլի հետ Եհովայի գործառնութիւններէն կը տեղեկանանք թէ ան նեղութեան ատեն ի՛նչպէս անոնց մխիթարութիւն հայթայթեց։ Ան անոնց յիշեցուց իր ի՛նչպիսի Աստուած մը ըլլալը։ Ասիկա իր խոստումներուն հանդէպ անոնց վստահութիւնը ամրապնդեց։ Եհովա իր մարգարէները մղեց որ վառ հակադրութիւններ գործածեն, իր՝ ճշմարիտ ու կենդանի Աստուծոյ՝ եւ կուռքերուն միջեւ տարբերութիւնը ցոյց տալու համար, որոնք ո՛չ իրենք իրենց ո՛չ ալ իրենց երկրպագուներուն կրնան օգնել։ (Եսայեայ 41։10. 46։1. Երեմեայ 10։2-15) Երբ Եսայիի կ’ըսէր՝ «Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք, իմ ժողովուրդս», Եհովա իր մարգարէն մղեց որ Իր ստեղծագործութենէն օրինակներ եւ նկարագրութիւններ գործածէ, Եհովայի՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ մեծութիւնը շեշտելու համար։—Եսայեայ 40։1-31

6. Երբեմն Եհովա ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ազատագրութիւնը ե՛րբ տեղի պիտի ունենար։

6 Երբեմն Եհովա մխիթարութիւն մատուցանեց ժամանակ սահմանելով, մօտ կամ հեռաւոր ապագային, թէ իր ժողովուրդը ե՛րբ պիտի ազատագրուէր։ Մինչ Եգիպտոսի լուծէն ազատագրումը կը մօտենար, ան հարստահարուած Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Փարաւոնին վրայ ու Եգիպտոսին վրայ հարուած մըն ալ պիտի բերեմ, անկէ յետոյ ձեզ ասկէ պիտի արձակէ»։ (Ելից 11։1) Երբ Յովսափատ Թագաւորի օրերուն երեք դաշնակից ազգեր Յուդա ներխուժեցին, Եհովա անոնց ըսաւ թէ Ինք «վաղը» իրենց ի նպաստ պիտի միջամտէր։ (Բ. Մնացորդաց 20։1-4, 14-17) Միւս կողմէ, Բաբելոնի լուծէն իրենց ազատագրումը Եսայի արձանագրեց շուրջ 200 տարի առաջ, իսկ Երեմիայի միջոցաւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ հայթայթուեցան, ազատագրութիւնը տեղի ունենալէն գրեթէ հարիւր տարի առաջ։ Երբ ազատագրութեան ժամանակը մօտեցաւ, Աստուծոյ ծառաներուն համար այդ մարգարէութիւնները որքա՜ն քաջալերական էին։—Եսայեայ 44։26–45։3. Երեմեայ 25։11-14

7. Ազատագրութեան խոստումներուն մէջ յաճախ ի՞նչ պարփակուած էր, եւ ասիկա ի՞նչպէս ազդեց Իսրայէլի մէջ գտնուող հաւատարիմ անհատներուն։

7 Յիշատակութեան արժանի է որ Աստուծոյ ժողովուրդը մխիթարող խոստումները, յաճախ Մեսիայի մասին տեղեկութիւններ կը բովանդակէին։ (Եսայեայ 53։1-12) Սերունդէ սերունդ, ասոնք հաւատարիմ անհատներու յոյս կը ներշնչէին, երբ անոնք բազմաթիւ փորձութիւններ կը դիմագրաւէին։ Ղուկաս 2։25–ի մէջ կը կարդանք. «Այն ատեն Երուսաղէմի մէջ մարդ մը կար, որուն անունը Սիմէօն էր. անիկա արդար ու աստուածավախ էր։ Իսրայէլի մխիթարութեանը [իրականութեան մէջ՝ Մեսիայի գալուստին] կը սպասէր ու Սուրբ Հոգին անոր վրայ էր»։ Սիմէօն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած Մեսիական յոյսը գիտէր, եւ անոր կատարման ակնկալութիւնը իր կեանքին ազդած էր։ Ան չէր հասկցած թէ այս բոլորը ի՛նչպէս պիտի կատարուէին, եւ ողջ չմնաց տեսնելու համար նախագուշակուած փրկութեան իրականանալը, բայց ուրախացաւ երբ բնորոշեց Զայն, որ Աստուծոյ ‘փրկութեան միջոցը’ պիտի ըլլար։—Ղուկաս 2։30

Քրիստոսի Միջոցաւ Հայթայթուած Մխիթարութիւն

8. Յիսուսի տուած օգնութիւնը ի՞նչպէս տարբեր էր այն օգնութենէն, որ շատեր կը խորհէին թէ անոր կարիքը ունէին։

8 Երբ Յիսուս Քրիստոս իր երկրային ծառայութիւնը կը կատարէր, ան միշտ չհայթայթեց այն օգնութիւնը, որ մարդիկ կը խորհէին թէ անոր կարիքը ունէին։ Ոմանք կը տենչային Մեսիայի մը, որ զիրենք Հռովմէացիներու ատելի լուծէն պիտի ազատագրէր։ Սակայն Յիսուս յեղափոխութիւն չքաջալերեց. ան ըսաւ անոնց որ ‘զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տան’։ (Մատթէոս 22։21) Աստուծոյ նպատակը՝ մարդիկը քաղաքական վարչաձեւի մը լուծէն ազատելէն շատ աւելին կը պարփակէր։ Մարդիկ ուզեցին Յիսուսը թագաւոր ընել, բայց ան ըսաւ թէ «իր կեանքը շատերու համար փրկանք» պիտի տար։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 6։15) Տակաւին ժամանակը չէր եկած որ ան թագաւոր ըլլար, իսկ իշխելու հեղինակութիւնը Եհովան պիտի տար իրեն եւ ո՛չ թէ դժգոհ ամբոխը։

9. (ա) Յիսուսի ծանուցանած մխիթարութեան պատգամը ի՞նչ էր։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ իր պատգամը՝ մարդոց դիմագրաւած պարագաներուն հետ կապ ունէր։ (գ) Յիսուսի ծառայութիւնը ի՞նչ բանի համար հիմ դրաւ։

9 Յիսուսի բերած մխիթարութիւնը պարփակուած էր «Աստուծոյ թագաւորութեան բարի լուր»ին մէջ։ Այս էր այն պատգամը, որ Յիսուս կը ծանուցանէր ո՛ւր որ երթար։ (Ղուկաս 4։44) Ան այս պատգամին ու մարդոց առօրեայ խնդիրներուն միջեւ եղած կապը շեշտեց, ցոյց տալով ինչ որ ինք որպէս Մեսիական Կառավարիչ պիտի ընէր մարդկութեան ի նպաստ։ Ան տառապող անհատներուն ապրելու նորոգուած պատճառ մը տուաւ, տեսողութիւնն ու խօսելու կարողութիւնը վերադարձնելով (Մատթէոս 12։22. Մարկոս 10։51, 52), կաղերը բժշկելով (Մարկոս 2։3-12), իր ազգակիցները զզուելի հիւանդութիւններէ բուժելով (Ղուկաս 5։12, 13), եւ անոնց այլ լուրջ հիւանդութիւնները առողջացնելով։ (Մարկոս 5։25-29) Ան վշտահար ընտանիքի անդամներուն մեծ հանգստութիւն շնորհեց, անոնց զաւակները յարուցանելով։ (Ղուկաս 7։11-15. 8։49-56) Ան վտանգաւոր փոթորիկներ հակակշռի տակ առնելու եւ մեծ ամբոխներ կերակրելու իր կարողութիւնը ցուցաբերեց։ (Մարկոս 4։37-41. 8։2-9) Ասկէ զատ, Յիսուս անոնց կենցաղական սկզբունքներ սորվեցուց, որոնք կրնային իրենց օգնել խնդիրները ազդուօրէն ձեռք առնելու, եւ սրտերը պիտի լեցնէին Մեսիայի արդար իշխանութեան յոյսով։ Արդ, մինչ Յիսուս իր ծառայութիւնը կը կատարէր, ան ո՛չ միայն հաւատքով իրեն մտիկ ընողները մխիթարեց, այլ նաեւ՝ հիմ դրաւ մարդիկը քաջալերելու համար գալիք հազարաւոր տարիներու ընթացքին։

10. Յիսուսի զոհագործութեան շնորհիւ, ի՞նչ բան կարելի դարձաւ։

10 Յիսուս իր մարդկային կեանքը զոհելէն եւ երկնային կեանքի յարուցանուելէն աւելի քան 60 տարի ետք, Յովհաննէս առաքեալ ներշնչումով գրեց. «Որդեակներս, այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէս զի մեղք չգործէք եւ եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։ Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ»։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Յիսուսի կատարեալ զոհագործութեան օգուտներուն շնորհիւ, մենք մեծապէս կը մխիթարուինք։ Գիտենք թէ կրնանք մեղքերու թողութիւն, մաքուր խղճմտանք, Աստուծոյ հետ ընդունելի յարաբերութիւն եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենալ։—Յովհաննու 14։6. Հռովմայեցիս 6։23. Եբրայեցիս 9։24-28. Ա. Պետրոս 3։21

Սուրբ Հոգին Որպէս Մխիթարիչ

11. Իր մահէն առաջ, Յիսուս մխիթարութեան ի՞նչ յաւելեալ հայթայթում մը խոստացաւ։

11 Իր զոհաբերական մահէն առաջ, իր առաքեալներուն հետ անցուցած վերջին գիշերը, Յիսուս խօսեցաւ ուրիշ հայթայթումի մը մասին, որ իր երկնաւոր Հայրը ըրած էր զիրենք մխիթարելու համար։ Յիսուս ըսաւ. «Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ [Յունարէն՝ բա·րագլէ·թոս] մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. Ճշմարտութեան Հոգին»։ Յիսուս զիրենք վստահեցուց. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ . . . ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։ (Յովհաննու 14։16, 17, 26) Սուրբ հոգին ի՞նչպէս զիրենք մխիթարեց։

12. Յիսուսի աշակերտներուն յիշողութեան նպաստող սուրբ հոգիին դերը, ի՞նչպէս օգնած է շատերը մխիթարելու։

12 Յիսուս իր առաքեալներուն ընդարձակ ուսուցում մատակարարեց։ Անկասկած անոնք բնաւ պիտի չմոռնային այդ փորձառութիւնը, սակայն պիտի վերյիշէի՞ն անոր բոլոր ըսածները։ Իրենց անկատար յիշողութեան պատճառաւ կարեւոր ուսուցումներ պիտի կորսուէի՞ն։ Յիսուս զանոնք վստահեցուց թէ սուրբ հոգին ‘իրենց միտքը պիտի բերէր ինչ որ իրենց ըսած էր’։ Հետեւաբար, Յիսուսի մահէն շուրջ ութը տարի ետք, Մատթէոս կրցաւ առաջին Աւետարանը գրել, որուն մէջ արձանագրեց Յիսուսի սրտապնդիչ Լերան Քարոզը, Թագաւորութեան հետ առնչուած իր բազմաթիւ առակները, եւ իր ներկայութեան նշանին մասին իր մանրամասն քննարկութիւնը։ Աւելի քան 50 տարի ետք, Յովհաննէս առաքեալ կրցաւ վստահելի արձանագրութիւն մը գրել, որ շատ մանրամասնութիւններ հայթայթեց Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին քանի մը օրերուն մասին։ Այս ներշնչեալ արձանագրութիւնները որքա՜ն քաջալերական եղած են մինչեւ օրս։

13. Սուրբ հոգին նախկին Քրիստոնեաներուն համար ի՞նչպէս որպէս ուսուցիչ ծառայեց։

13 Սուրբ հոգին պարզապէս բառերը աշակերտներուն միտքը բերելէն աւելին ըրաւ. ան իրենց սորվեցուց եւ ուղղեց որ Աստուծոյ նպատակին մասին աւելի լման հասկացողութիւն ձեռք ձգեն։ Երբ Յիսուս տակաւին իր աշակերտներուն հետ էր, անոնց որոշ բաներ ըսաւ, որ այդ ատեն յստակօրէն չհասկցան։ Սակայն հետագային, սուրբ հոգիէն մղուած, Յովհաննէս, Պետրոս, Յակոբոս, Յուդա եւ Պօղոս, Աստուծոյ նպատակին հետ առնչուած յաւելեալ զարգացումներու մասին բացատրութիւններ գրեցին։ Այսպիսով սուրբ հոգին որպէս ուսուցիչ ծառայեց, աշակերտներուն արժէքաւոր երաշխիք տալով թէ իրենք Աստուծմէ առաջնորդուած էին։

14. Սուրբ հոգին ի՞նչ կերպերով Եհովայի ժողովուրդին օգնեց։

14 Հոգիին հրաշալի պարգեւները նաեւ օգնեցին բացայայտ դարձնելու թէ Աստուծոյ հաճութիւնը մարմնաւոր Իսրայէլէն հեռացած էր ու քրիստոնէական ժողովքին վրայ էր։ (Եբրայեցիս 2։4) Անհատներու կեանքին մէջ հոգիին պտուղներն ալ կարեւոր ազդակ մըն էին բնորոշելու համար, թէ որո՛նք իրապէս Յիսուսի աշակերտներն էին։ (Յովհաննու 13։35. Գաղատացիս 5։22-24) Հոգին նաեւ այդ ժողովքին անդամները զօրացուց, որ խիզախ ու անվախ վկաներ ըլլան։—Գործք 4։31

Օգնութիւն՝ Չափազանց Ճնշումի Ներքեւ

15. (ա) Անցեալին ու ներկայիս, Քրիստոնեաները ի՞նչ ճնշումներ դիմագրաւած են։ (բ) Քաջալերութիւն տուողները ինչո՞ւ երբեմն զայն ստանալու կարիքը կ’ունենան։

15 Եհովայի նուիրուած եւ հաւատարիմ եղող բոլոր անհատները որոշ հալածանքի կ’ենթարկուին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Սակայն, շատ մը Քրիստոնեաներ չափազանց խիստ ճնշումի ներքեւ եկած են։ Արդի ժամանակներուն, ոմանք խուժանային յարձակումներու ենթարկուած են, եւ կեդրոնացման ճամբարներ, բանտեր ու տաժանակրութեան ճամբարներ նետուած են, անմարդկային պայմաններու ներքեւ։ Կառավարութիւններ իրե՛նք հալածած են, կամ թոյլ տուած որ անօրէն մարդիկ վայրագ արարքներ գործեն ու անպատիժ մնան։ Ասկէ զատ, Քրիստոնեաներ առողջապահական կամ ընտանեկան լուրջ խնդիրներ դիմագրաւած են։ Ճնշումի կրնայ ենթարկուիլ նաեւ հասուն Քրիստոնեայ մը, որ իր հաւատակիցներէն շատերուն կ’օգնէ դժուար կացութիւններու հետ գլուխ ելլելու։ Այսպիսի պարագաներու մէջ, քաջալերութիւն տուողը նաեւ կարիքը կ’ունենայ զայն ստանալու։

16. Երբ Դաւիթ մեծ ճնշումի տակ էր, ան ի՞նչպէս օգնութիւն ստացաւ։

16 Երբ Սաւուղ Թագաւոր Դաւիթը կը հալածէր զինք սպաննելու համար, Դաւիթ Աստուծոյ դիմեց որպէս իր Օգնականը. «Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս», աղաչեց ան։ «Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ»։ (Սաղմոս 54։2, 4. 57։1) Դաւիթ օգնութիւն ստացա՞ւ։ Այո՛։ Այդ ժամանակաշրջանին, Եհովա Գադ մարգարէն եւ Աբիաթար քահանան գործածեց, Դաւիթի ուղղութիւն տալու համար, իսկ Սաւուղի որդին Յովնաթանը գործածեց, երիտասարդ Դաւիթը զօրացնելու համար։ (Ա. Թագաւորաց 22։1, 5. 23։9-13, 16-18) Եհովա նաեւ թոյլատրեց որ Փղշտացիները երկրին վրայ յարձակում գործեն, որպէսզի Սաւուղ Դաւիթը հալածելէն ետ դառնայ։—Ա. Թագաւորաց 23։27, 28

17. Սաստիկ ճնշումի ներքեւ, Յիսուս օգնութեան համար ո՞ւր դիմեց։

17 Յիսուս Քրիստոս սաստիկ ճնշումի ներքեւ էր, երբ իր երկրային կեանքին վախճանը կը մօտենար։ Ան լիովին կը գիտակցէր թէ իր ընթացքը ի՛նչպէս կրնար ազդել իր երկնաւոր Հօրը անուան, եւ թէ ի՛նչ կրնար նշանակել բոլոր մարդկութեան ապագային համար։ Ան ջերմեռանդօրէն աղօթեց, նոյնիսկ «սաստիկ նեղութեան» մատնուելով։ Աստուած հոգ տարաւ որ Յիսուս հարկ եղած օգնութիւնը ստանայ այդ դժուար ժամանակին ընթացքին։—Ղուկաս 22։41-44

18. Աստուած ի՞նչ մխիթարութիւն հայթայթեց նախկին Քրիստոնեաներուն, որոնք բրտօրէն հալածուեցան։

18 Առաջին դարու ժողովքին հաստատուելէն ետք Քրիստոնեաներուն հալածանքը ա՛յնքան կատաղի էր, որ առաքեալներէն զատ բոլորը ցիրուցան եղան Երուսաղէմէն դուրս։ Տղամարդիկ ու կիներ իրենց տուներէն դուրս կը քաշկռտուէին։ Աստուած ի՞նչ մխիթարութիւն հայթայթեց անոնց։ Իր Խօսքը երաշխիք տուաւ թէ անոնք ունէին «լաւագոյն եւ մնայուն ստացուածքներ», երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ ստոյգ ժառանգութիւն մը։ (Եբրայեցիս 10։34. Եփեսացիս 1։18-20) Մինչ շարունակեցին քարոզել, անոնք ապացոյցներ տեսան թէ Աստուծոյ հոգին իրենց հետ էր, եւ իրենց փորձառութիւնները ուրախանալու յաւելեալ պատճառ մըն էին։—Մատթէոս 5։11, 12. Գործք 8։1-40

19. Թէեւ Պօղոս բրտօրէն հալածուեցաւ, բայց Աստուծոյ տուած մխիթարութեան նկատմամբ ի՞նչպէս զգաց։

19 Ժամանակ մը ետք, Սօղոս (Պօղոս), որ վայրագ հալածիչ մըն էր, հալածանքի թիրախ դարձաւ, քանի որ Քրիստոնէութիւնը ընդունեց։ Կիպրոս կղզիին վրայ մոգ մը կար, որ փորձեց Պօղոսի ծառայութեան արգելք հանդիսանալ, խաբեբայութեան ու խեղաթիւրութեան դիմելով։ Գաղատիոյ մէջ, Պօղոս քարկոծուեցաւ եւ զինք դուրս քաշեցին՝ կարծելով թէ մեռած է։ (Գործք 13։8-10. 14։18) Մակեդոնիոյ մէջ, ան ձողերով ծեծուեցաւ։ (Գործք 16։22, 23) Եփեսոսի մէջ խուժանային յարձակումէ մը ետք, ան գրեց. «Մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։ Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք»։ (Բ. Կորնթացիս 1։8, 9) Սակայն, այդ նոյն նամակին մէջ, Պօղոս այս յօդուածին 2–րդ պարբերութեան մէջ մէջբերուած մխիթարական խօսքերը գրեց։—Բ. Կորնթացիս 1։3, 4

20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

20 Ի՞նչպէս կրնաք բաժին բերել այսպիսի մխիթարութիւն տալու մէջ։ Ներկայիս շատեր անոր կարիքը ունին երբ վշտաբեկ են՝ կա՛մ աղէտի մը պատճառաւ որ հազարաւորներ կը հարուածէ, եւ կամ նեղութեան մը պատճառաւ որ միայն զիրենք կը տառապեցնէ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ այս պարագաներուն ի՛նչպէս կրնանք մխիթարութիւն տալ։

Կը յիշէ՞ք

• Աստուծմէ եկած մխիթարութիւնը ինչո՞ւ մեծագոյն արժէքը ունի։

• Քրիստոսի միջոցաւ ի՞նչ մխիթարութիւն հայթայթուած է։

• Սուրբ հոգին ի՞նչպէս մխիթարիչ մը եղաւ։

• Իր ծառաները սաստիկ ճնշումի ներքեւ գտնուած ատեն Աստուծոյ հայթայթած մխիթարութեան մասին օրինակներ տուէք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 23]

Աստուածաշունչը մեզի ցոյց կու տայ թէ Եհովա իր ժողովուրդը ազատագրելով մխիթարութիւն բերաւ

[Նկարներ՝ էջ 24]

Յիսուս մխիթարութիւն հայթայթեց՝ սորվեցնելով, բուժելով եւ մեռելները յարուցանելով

[Նկար՝ էջ 26]

Յիսուս վերէն օգնութիւն ստացաւ